Էջ:The First Love.djvu/84

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Դ.

Անհաւասիկ Տիգրանին իր քրոջը գրած մէկ նամակն ալ՝ որ լաւագոյն վերջաբանը պիտի ըլլայ այս սիրային իրավէպին.

Սիրեցեալ Քո՛յրս,

Ինչ ուրախութեամբ լափեցի նամակդ, որքան շնորհակալ եմ քեզ միշտ երկարօրէն և շատ շատ գրկելու աշխատութեանդ համար: Կ’զգաս անշուշտ թէ այս կեանքին տաղտակը որքան կը ճնշէ վրաս, և ատոր համար այրող կարօտներս սիրազեղ էջերովդ մեղմել կը փորձես:

Կարօտնե՜րս, ո՜հ որքան շատ են, որքա՜ն խորունկ, բանաստեղծին սա տողերը կը յարմարին ինծի ալ.

Հոգւոյս խորը կարօտներ կան
Որք կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն
Մոմին ճերմակ մարմինն աղւոր:

Քու և անոր կարօտը մանաւանդ, պաշտելի քո՛յրս, ալ անտանելի կը դառնայ, մէկերնիդ եթէ քովս ունենայի…: Է՛հ: Բայց այսպէս երկուքնիդ ալ հեռու, ինչպէ՜ս ապրիլ: Կեանքը տաղտուկ մը կը թուի հիմա ինծի ծայրէ ի ծայր:

Անկէ լուր կ’ուզես ինձմէ, ի՞նչ կրնամ ըսել քեզի, ես ալ Իզմիրէն ուզեր էի: «Ամերիկա գացած է, կըգրեն ինծի, գիտեմ ատիկա տարիէ մը