Էջ:The First Love.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ի վեր, ամէն վայրկեան գիտակցութիւնը, տխուր գիտակցութիւնը ունիմ թէ ովկէան մը կը բաժնէ զիս անկէ: Իր հասցէն ուզեցի անցեալները, չկրցան գտնել:

Ի՞նչ պիտի ընէի, ոչի՛նչ, ի՞նչ կրնամ գրել իրեն: Սակայն պէտք ունէի, աշխարհացոյց մը պիտի բանայի ու հոն գոնէ աչքովս պիտի լափէի այն հսկայ միջոցը որ զիս անկէ կը բաժնէ: Զինքը պարունակող երջանիկ քաղաքը ցոյց տուող սեւ բիծերը պիտի դնէի հոն, անզգայ թղթին վրայ, աչքերս ատոր պիտի սեւեռէի միշտ և ամէն օր, ամէն անգամ որ սենեակս մանէի, անոր պիտի ուղղէի մատս «հո՜ն է» ըսելով ինքնիրենս: Բայց ատիկա ալ շատ է կ’երեւի թէ ինծի համար: Իր մէկ լուսանկարը ուզեցի ունենալ, զրկեր էին, բայց յուսախաբ եղայ: Ի՞նչ, արդէն կարելի՞ բան է որ իր աչքերուն արտայայտութիւնը թղթի մը վրայ ցոլացուի: Գրասեղանիս մէկ անկիւնը նետեցի զայն, առանց անգամ մըն ալ նայելու: Ես հոգիիս խորը ունիմ իր կենդանի պատկերը:

Քու վերադարձիդ վրայ չես խօսիր դարձեալ, կը գուշակեմ թէ յետաձգուած է ու զիս տխրեցնել չուզելուդ համար լռութիւնը կը պահես այդ մասին, բարի քո՛յրս:

Շաբաթ մըն է հոս, Հալքի եմ, վերը եղեւիններուն անտառին մօտ պզտիկ սենեակ մը վարձեցի, գիշերները պատուհանէս ծովին մրմունջը կը լսեմ, հեռուէն:

Այս կղզին կը սիրեմ, որովհետեւ ամբողջ քեզմով լեցուն է: Երէկ առաւօտ, կանուխ՝ շրջանը ըրի կղզիին: Արսէնիօսին առջեւը քայլերս