Էջ:The First Love.djvu/86

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ինքնաբերաբար դէպ ի վար տարին զիս, և գացի արեւին ծագիլը դիտելու քու սիրական տեղէդ, յիշեցի թէ դպրոցէն վերադարձիս հոն պատմած եմ քեզի անոր հանդէպ ունեցած սէրտ, պաշտումս, հիմա շատ աւելի տխուր է սակայն, քանի որ դուն ալ քովս չես:

Երազ մը պատմեմ քեզի, հիմա կեանքիս էն անուշ բաները անոնք են, ― երազները:

Երէկ իրիկուն, ճաշէն յետոյ, օդը սոսկալի տաք էր: Սենեակիս մէջ, առանց լոյս վառելու, ընկողմանած էի բազմոցին վրայ, պատուհանին դէմ. քիչ յետոյ, թեթեւ ու գաղջ հով մը սկսաւ ճակատս շոյել մեղմիկ, և ապագայ երազներու խաբեպատիր հոսանք մը առաւ տարաւ զիս: Աչքերս փակ երազեցի արթուն: Շքեղ անուրջ, շոգեմակոյկի մը մէջ էինք, ան, դուն ու ես առանձին ծովուն վրայ, բաց ծովուն վրայ. ովկէանին վրայ, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, այնքան հեռուն՝ որ մարդկային որևէ ստուեր չկարենար թափանցել՝ խանգարելու համար մեր առանձնութիւնը ու երջանկութիւնը: Փոքրիկ, բայց տոկուն ու զարդարուն շոգեմակոյկի մը որ ոչ մեքենավարի պէտք ունէր և ոչ ալ նաւաստիի:

Ալիքներ, փրփրոտ ամեհի ալիքներ կը զարնուէին անոր, և սակայն ան, կը պատռէր զանոնք, կը ճեղքէր, անոնց փրփուրներուն վրայէն ոստոստելով, կը սուրար կ'երթար, ճերմակ կարապի մը պէս, փրփուրոտ ակօս մը ձգած իր ետեւէն, անդունդները ծաղրելով, ովկէանին կատաղութիւնը արհամարհելով: Ետեւը, պատուոյ տեղը, փոքրիկ բարձրաւանդակի մը վրայ նստած էիք դուք