դեպի մեր տունը և դէպի ինձ տարօրինակ հոգեկան վիճակ մը առաջ բերաւ իմ մէջս. բարիին ու չարին զգացումը կորսնցուցի. կը զգայի միայն, որ սիրտս կը գալարուէր պայթելու աստիճան։
Երկրորդ օրը այդ անիծեալ ճամբէն անցաւ գիւղի երկրորդ մասը, երրորդ օրը՝ մնացեալ մասը, որուն մէջ էին նաև այն վատերը, որոնք կարծեր էին, թէ ուրիշին տունը աւերելով, իրենցը պիտի փրկուի։ Երբ ժողովուրդը կանցնէր մաղարացիներու առաջքէն, շատերը անիծեր էին զիս ու ըսեր էին.
— Օճախը մարի, մեր օճախը քանդեց, մէկ մարդու համար քարուքանդ եղաւ այսքան դարաւոր մեր շէն գիւղը։
Այդ խօսքերուն վրայ ընկերներս տպաւորուեցան. վարանումը և կասկածը զիրենք կը տանջէր։
— Մեր պատճառով եղաւ այս բոլորը, կըսէին։
Ես իմ մտքի յստակութիւնը գտած էի և ըմբռնած էի, որ ընդհանուր հայկական հալածանքներու ծրագիր մըն էր, որ կը գործադրէին, և ոչ թէ առանձնապէս իմ պատճառովս մեր գիւղին տրուած պատիժ մը։
— Երանի՜ թէ միայն մեր գիւղը, միայն մեր տունը ըլլար, ըսի. բայց ես կը վախնամ, որ այդ չարիքը ամեն կողմ պիտի տարածուի։
Յունիսի 15֊ին Մաղարան տեղահան ըրին. գիշերով գիւղէն սուրհանդակներ եկան և ըսին.
— Մեզ հրամայուած է առաւօտուն ճամբայ ելնել, ի՞նչ խորհուրդ կուտաք։
— Ի՞նչքան զէնք ունիք, ի՞նչքան մարդ ունիք, կը կամենա՞ք դիմադրելու։
Մարդիկը նախապէս ձերբակալուած, զէնքերը գրաւուած էին. գիւղը մնացեր էին միայն պատանիներ, անոնք ալ փախստական վիճակի մէջ։ Մենք 15 հոգի էինք այդ միջոցին, որոնցմէ 2-ը ղրկած էինք տեղեկութիւններ բերելու մեր գիւղին տեղահանութեան պատճառներուն վրայ։ Անորոշ դրութեան մէջ մնացինք և չի վստահեցանք վճռական գործի մը դիմելու։
Առաւօտուն կանուխ Մաղարայի կարաւանը ճամբայ ելաւ։ Մենք հեռադիտակով կը դիտէինք. ետ կը բերէին խումբ֊խումբ հայեր ոստիկաններով շրջապատուած, և կը տանէին դէպի քաղաք. ետքը իմացանք, որ կառաջնորդէին դէպի ձորերը և հոն կը սպանէին։
Մաղարայի փախստականները երեկոյին եկան մեզ մօտ. իրենց հետ էր Հայրապետը՝ ճարպիկ, աշխոյժ, եռանդուն տղայ մը. քիչ ետքը եկաւ իր եղբայրը և պատմեց, թէ ինչպէս հայրը սպաննած էին