Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

այնպիսի մարդիկ, որոնց տասնեակ տարիներէ ի վեր հաց վերցուցած էին։

Գիշերը իջայ դէպի մեծ ճամբան. մարդ մը պառկած էր հոգեվարք վիճակի մԼջ. հազիւ թէ խօսեցաւ.

— Մաղարացի եմ. զինուոր էի, ծանր հիւանդ ըլլալով, արձակուրդ առի, եկայ։ Հինգ ժամ առաջ մեր գիւղացիները տարեր են։

Չէր կրնար հեկեկալ, բայց արցունքը կը հոսէր երեսն ի վար։ Ուզեցի մեզ մօտ տանիլ զինքը։

— Չեմ կրնար գալ, զիս հանգիստ թողուցէք, ըսաւ։

Անունը Առաքել Եարտըմեան էր։ Քիչ մը սպասեցի քովը, կը մտածէի՝ ի՞նչ ընեմ։

— Առաքել, ղո՜ւրպան, քեզ հետերնիս պիտի տանինք: Լեզուն բռնուած էր, չի կրցաւ պատասխանել. վերջի պահուն «տղա՜քս, տղա՜քս», կըմկմաց, աչքերը փակեց և հոգին աւանդեց։ Շուրջը բոլորուեցանք և ամենքս ալ հեկեկալով՝ լաց եղանք։ Սիրտներս ճնշուած էր և ամեն մէկերնիս տէրտով էինք։ Մարդուն մահը առիթ եղաւ, որ մեր սիրտը լեցուած վիշտը փլի, ու լացինք, լացինք հեկեկալով։

Թաղեցինք մեռելը ու հեռացանք լուռ ու մունջ։

Յունիս 20-ին նստած էինք մացառներուն մէջ Թէճէրի հիւսիսային կողմը գտնուող հին ամրոցներու մէջ։ Թնդանօթի թնդիւներ լսեցինք։ Տղաքը ուրախացան, կարծելով, թէ ռուսները մօտեցած են. բայց դիտեցի, որ հարուածներուն պատասխան չի կար։

— Այս կռիւի թնդիւն չէ, ըսի, ես կը վախնամ, որ քաղաքին ժողովուրդը կը կոտորեն։ Յետոյ իմացանք, որ Վարշաւայի գրաւումը կը տօնէին:

Այդ միջոցին կանցնէին քաղաքէն տեղահան եղած ժողովուրդին կարաւանները։ Մարդիկ ղրկեցինք, որ կերպով մը հաղորդակցութեան մէջ մտնան անոնց հետ և մեզ լուր բերեն, գացին ու վերադարձան ու այդ թշուառ և տեղահան եղած ժողովուրդէն մեզ բերին քաջալերական խօսքեր։

— Բնաւ հոգ մի՛ ընէք մեզի համար, ըսեր էինք անոնք, սիրտերնիդ ամուր պահեցէ՛ք։ Ամերիկացիները մեզ համար դիմումներ կընեն, երկու շաբաթէն ետ կը դառնանք։

Չէ կարելի բացատրել, թե ի՜նչպէս կը թալլէին այդ խեղճերը և կը չարչարէին։ 10 տարեկանէ վեր գտնուող տղա մարդիկը բաժանած էին և տարած ուրիշ ուղղութեամբ։ Քարտաշլարի գլուխը սպաննած էին յայտնի վաճառական Պաքալեանը և իր որդին՝ 800 ոսկի իրենցմէ կորզելէ ետքը։ Մենք մեր աչքերովը կը տեսնէինք գրեթէ խմբական սպանութիւներ