Jump to content

Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

կառավրութիւնը պատրաստուած է Ղայա–դիպիի ներքև, Ղարաչամ գտնուած հայ փախստականներուն դէմ երթալու համար։ Զառայի, Անդրէասի և Խոյլասարի ձևաւորները հաւաքուած էին այդ նպատակով։ Քէօշէիւրտցիներուն խորհուրդ տուինք, որ իրենց տեղը փոխեն, իսկ մենք մեր խումբերով գացինք այն տեղ, ուր խուզարկութիւն պիտի ըլլար. մեր հասնելիք վայրին քառորդ ժամու ճամբայ մնացեր էր։ Ըսի.

— Տղերք, մենք պէտք է այստեղ մնանք։

Տղերքը զարմացան, թէ ինչո՞ւ։

— Պէտք է հոս սպասենք, որ թշնամին անոնց վրայ յարձակի, այն ատեն մենք ալ թշնամիին ետևէն կը զարնենք, ու համով բան կըլլայ։

Համաձայնեցանք և մնացինք։ Արեգակը բաւական բարձրացած էր, երբ հրացանաձգութիւն լսեցինք․ կարծեցինք, որ թշնամին արդէն իսկ եկած է, վազեցինք դէպի այդ կողմը, անտառէն դուրս ելած էին և բացաստանի մը մէջ էինք․ չէր կարելի այդպէս սպասել, ստիպուած՝ գացինք դէպի փախստականները, բայց երբ հարցուցինք, թէ ի՞նչ հրացանաձգութիւն է, ըսին թէ՝ հարսանիք ունին։ Արսէնը, Օհաննէսը և Յովնանի եղբօր տղան կը պսակուէին։ Իրենց վիճակը նկարագրել աւելորդ է. մացառներով խրճիթներ շինած էին, գրեթէ զուրկ էին ամեն յարմարութենէ, վտանգը կախուած իրենց գլխուն, անոնք կարծես դարձեալ իրենց սովորական վիճակին մէջ էին, այնքան բարձր էր իրենց հոգեկան տրամադրութիւնը։ Մեր սպաննած թիւրք զինուորներուն վրայէն թալանուած զարդեղէններն առած էինք, այդ զարդեղէնները նուիրեցինք նորահարսերուն։ Քահանայ չի կար. տիրացուն, գիւղին վարժապետը և գիւղին հասակաւորները կը կատարէին պսակի արարողութիւնը Մինչև իրիկուն մնացինք իրենց հետ. չորս ոչխար մորթած էին հարսանիքին համար․ միասին կերանք և մաղթանքներ ըրինք։

Մինչ այդ, ոստիկանները գացեր, նեղեր էին Ձ․․․ գիւղի յոյները և հարցուցեր էին, թէ ո՞ւր են փախստականները։ Քահանային կինը կը պատասխանէ.

— Ի՞նչ եկեր, մեզ կը նեղէք, ահա ձեր դիմացը լերան գագաթին են փախստականները, դուք զանոնք կը տեսնէք, մե՞զ կը հարցընէք. անոնք այնքան հանգիստ են իրենց տեղը, որ հարսնիք ունին, հրացանաձգութիւն կընեն և քէյֆի մէջ են։

Իրիկունը պահակները լուր բերին, որ 11 փախստական թիւրք զինուորներ կերթան դարվար։ Զէնք ունեցող թէ չունեցող բոլոր հարսնևորները մերիններուն հետ վազեցին, բերին 11 զինուորները, թևերնին կապեցին և սպաննեցին։ Թէև այդ կերպ վարուելու համաձայն չէի, բայց