խոր տպաւորութիւն թողուց իմ վրաս, զգացի, որ ճշմարտապէս ցաւակից են մեզ, և ասիկա տեսակ մը քաջալերութիւն և մխիթարութին էր մեզ համար։
Այդ տեղէն մեկնեցանք ծերունիի մը առաջնորդութեամբ, որ հիւանդներուն պատճառաւ վարձեցինք, որպէսզի առանց մոլորուելու տեղ հասնինք։ Ծերունիին աչքերը լաւ չէին տեսներ ու ճամբան կորցնել տուաւ, ձորերու մէջ ինկանք, ժայռերէ գլտորեցանք և հազար ու մէկ նեղութիւններու մատնուեցանք։ Երբ լուսացաւ, տեսանք, որ մեր երթալիք ճամբէն տակաւին շատ հեռու ենք։ Թիւրք գիւղերէն դուրս ելած էին հօտաղները և հովիւները ու մեզ կը տեսնէին, թէև անոնք ամենքը միացած մեզի դէմ ոչինչ կրնային ընել, բայց մենք կը վախնայինք, որ կը ճանչնան մեր ով ըլլալը և կիմանան, թէ դէպի ո՞ր ուղղութիւն կը յառաջանանք, անոնք առհասարակ այնպէս սարսափած էին, որ ոչ ոք կը համարձակէր ձայն հանել։ Հասանք գիւղ մը, որ առաջնորդը ըսաւ.
— Կարծեմ հոս պէտք է կենանք։
Դարձեալ սխալած էր, և թիւրք գիւղ մը մտած էինք, առաջ անցանք և ձախ կողմը ուրիշ գիւղ մը տեսանք, խումբը թողուցինք հոն, մօտիկ անտառի մը մէջ, և ես ու Վասիլը յառաջացանք, ճամբան հանդիպեցանք մօտ 16 տարեկան ոտաբոբիկ աղջկան մը, որ էշ մը կը քշէր. մօտեցանք և հարցուցինք․
— Անունդ ի՞նչ է։
— Մարիա։
Հասկցանք, որ յոյն է, և Վասիլը խօսեցաւ աղջկան հետ. բայց անիկա յունախօս չէր, թէև հասկցաւ, թէ յունարէն կը խօսէինք և մեզ ցոյց տուաւ մեր փնտռած գիւղը, ուր գացինք անմիջապէս։
Գիւղը փայտաշէն էր. կը գտնուէր երեք բլուրի վրայ և անտառուտ ըլլալուն ապահով էր. յոյն գիւղացիք մեզ ակամայ ընդունեցին, կարծելով, թէ թիւրք ենք։ Անոնց առաջարկեցինք, որ մեզ առաջնորդ մը տան. երիտասարդ մը մօտեցաւ մեզ, հասկցաւ թէ քրիստոնեայ ենք և ըսաւ.
— Հարկ չի կայ շտապելու, ձեզ կրնամ ամիսներով պահել առանց մարդու գիտցնելու. միայն մէկ խնդիրք ունիմ. պէտք է սպաննէք գիւղին տանուտէրը, որ լրտես է և բոլոր քրիստոնեայ փախստականները կառավարութեան կը յանձնէ։
Խոստացաւ նաև մեզ 30 ոսկի տալ։ Ըսինք, որ եթէ հաստատենք, որ ճշմարտապէս տանուտէրը լրտես է, մենք կը մաքրենք, դրամ ալ