չենք ընդուներ։ Նոյնպէս յայտնեցինք, թէ երկու հոգի չենք, այլ 17։ Գիւղը աղքատ էր և չէին կրնար այդքան հոգի կերակրել:
Երեկոյին մեզ առաջնորդեցին գիւղի մօտի գոմը։ Սաստիկ կանձրևէր և մենք կանցնէինք պոստաններէ, գրեթէ ցեխերու մէջ թաւալելով: Թրիանտաֆիլը ճարպիկ էր. անմիջապէս գնաց շրջակայքը հետախուզելու և մօտակայ պոստաններէն բանջարեղէն և այլն բերելով, կերակուր պատրաստեցինք։ Միևնոյն ժամանակ մեր առաջնորդը և Ղարաօղլանը ղրկեցինք տանուտէրին թաղը, որպէսզի մեզի հաց և այլն պատուիրեն։ Ղարաօղլանը բաւականին հաց ճարած, ուրախ դէմքով վերադարձաւ և ինձ ըսաւ.
— Աղա, քեզ կուզեն,
Վասիլին հետ գացինք գիւղին սահմանին վրայ գտնուող տուն մը, ուրկէ 70 տարեկանը անց պառաւ մը դուրս գալով հրաւիրեց մեզ իր բնակարանը։ Անիկա շատ փախստականներ կերակրած էր և կը շարունակէր կերակրել, թէև աղքատ էր. եգիպտացորենի արտերու մէջ կաշխատէր և իբր օրավարձ եգիպտացորեն կը ստանար։ Իր ամուսինը եղած էր քաջ աւազակ մը, որ ուրիշ աւազակի մը հետ կնոջ մը մասին վէճ ունենալով, սպաննուած էր։ Իր որդին, հօրը օրինակին հետևելով, թողուցած, գացած էր, այնպէս որ պառաւը մենակ մնացած էր. իր անունն էր Սիւրմէլի գըզը Մարիա. կը վախնար մահէ և կուզէր, որ զինքը տակաւին գեղեցիկ և երիտասարդ համարեն։ Իր անձնուրացութիւնը ամեն կարգի փախստականներու նկատմամբ տարօրինակ էր, կարծես օրէնքի դէմ գտնուող ամեն մէկ անձի մէջ իր ամուսնոյն մէկ կերպարանքը կը տեսնէր։
Պառաւը սկսաւ խօսիլ անցուդարձերուն մասին և անէծքը թափել կղերին դէմ, որ ժողովուրդի այս սոսկալի օրերուն իր պարտականութեան գիտակցութիւնը չունէր (իրենց գեղին քահանան մասնաւորապէս անարժան մարդ էր): Այդ միջոցին ներս մտաւ 20—25 տարեկան հարս մը, աշխուժով և ուրախ դէմքով մեզ իր տունը հրաւիրեց։ Ես չուզեցի պառաւին քովէն հեռանալ, այնպէս որ Վասիլը մենակ հետևեցաւ հարսին։ Հանկարծ Վասիլին կեցած տանը առաջ եկաւ ձիաւոր մը, որ գեղին աղան էր՝ թիւրք պէյերէն մէկը. Վասիլը տան ետևի պատուհանէն թռաւ, եկաւ ինձ մօտ, իսկ պէյը մնաց այդ տանը, ուր ոչ մէկ տղամարդ կար. մենք գիշերը անցուցինք պառաւին խրճիթը, իսկ տղաքը մնացին անտառի մէջ գտնուող գոմը: Անձրևը կը տեղար 24 ժամէ ի վեր։ Միւս առաւօտ, երբ թիւրք պէյը մեկնեցաւ, հարսը եկաւ, մեզ հրաւիրեց իր տունը։ Ամեն ինչ պատրաստ էր մեզ լաւ ընդունելու համար, անիկա ճարպիկ էր,