աշխոյժ և դիւրաշարժ, պառաւն ալ մեզ ընկերացաւ, անձրևը միշտ կը շարունակէր տեղալ, ամփոփուեցանք տան մէջ, ուր եկան նաև գիւղացի երիտասարդներ, ասոնք կը բողոքէին քահանային և նրա եղբօրը՝ քէհեային դէմ, թէ ինչպէս թոյլ տուին, որ յոյն աղջիկներ և հարսեր տատուին ոստիկաններու կողմէ, որոնք այդ կիները պահեր էին մէրքէզը, իրենց քէյֆին համար։
Երեկոյին ժամը 12-ին մեր բոլոր տղաքը հաւաքաբար ղրկեցինք քահանային տունը սպառնալիքի ձևով. քահանան անմիջապէս եկաւ, մեր ոտքերը ինկաւ, մինչ իրեն կը յիշեցունէինք իր քրիստոնէական և մարդկային պարտաւորութիւնները։ Անձրևին պատճառաւ հետևեալ օրն ալ մնացինք, և այդ միջոցին եկաւ քահանային եղբայրը՝ գիւղին տանուտէրը. հարցաքննեցինք զինքը իրեն վերագրուած յանցանքներու մասին. մեղմացուցիչ պարագաներ կային, թէև անպիտան մարդ մըն էր, բայց սպաննելու արժանի չէր. զինքը խիստ կերպով կշտամբելէ ետքը ճամբեցինք։
Մեկնելէ առաջ զիս դուրս կանչեցին, և յոյն կին մը ըսաւ, թէ իր ամուսնոյն հետ երկու հայեր կան, կուզեն զիս տեսնել։ Անմիջապէս մեկնեցայ, գացի մօտակայ անտառը, ուր կեցեր էին երեքը միասին։ Երկու հայերը զինուած էին գրեթէ անգործածելի զէնքերով. հագուստերնին պատառոտուած, դէմքերնին կնճռոտ, անոնք չափազանց տխուր էին. մէկը յաղթանդամ էր, շէկ, կապոյտ աչքերով, միւսը՝ միջահասակ, թխադէմ, սուր նայուածքով։ Հարցուցի, թէ ո՞ւր տեղացի են. ըսին, որ Հերեքի շրջանէն են։ Կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքները և ընկերները․ առաջարկեցինք, որ մեզի ընկերանան. ուրախութեամբ ընդունեցին։ Այդ տեսակ ժամանակները ազգակցական կապերը քաղցր են. ամեն վայրկկեան կըսպասէինք, որ ցախի մը ներքևէն, քարի մը տակէն հայ մը ելլէր, իրարու դէրտ պատմէինք։ Այդ երկու հայերուն հետ գիւղ վերադարձանք, ուրկէ ամբողջ խմբով ճամբայ ելանք, իբր առաջնորդ ունենալով այն մարդիկը, որ քահանան գտած էր մեզ համար։
- * *
Անձրևը մեր անբաժան ընկերն էր ու կը դժուարացնէր մեր ճամփորդութիւնը. թէև նախապէս ըսին, թէ երկու ժամուան ճամբայ ունինք ընելիք, բայց մինչև առաւօտ քալեցինք և տակաւին չէինք հասած։ Անցանք թիւրք գիւղերէ, որոնք ամենքն ալ աւերակներու կը նմանէին, թշուառութիւնը միահեծան կը տիրէր ամբողջ երկրին մէջ և ոչ միայն