երկինք, մութ, քամի… կարծես շրջապատուած էինք խուլ սպառնալիքներով… բայց յանկարծ ոգևորուեցայ, զգացի, որ կը յաղթենք ամեն բանի:
— Տղերք, ըսի, անպատճառ կը հասնենք, ամբողջ Հայաստանի սուգը և դժբախտութիւնը կը տանենք, անպայման կը հասնենք…
Աւելի լաւ էր մինչև լուսնալը մնալ նոյն տեղին վրայ. տղաքը ծովի ջուր խմելէ հիւանդացած էին, և իրենց ֆիզիքական տկարութիւնը կազդէր իրենց բարոյական կորովին վրայ։ Մութ գիշերին մէջ հեռուէն տեսանք ռուսական նաւ մը, մոմ վառեցինք, տղաքը կը պոռային, բայց մեր տուած նշանները չի նշմարուեցան։
Վերջապէս սկսաւ լուսնալ, բայց թանձր մառախուղ մը պատած էր մեզ. ոչինչ կերևար. այն ատեն մռայլ յուսահատութիւն մը ճնշեց ամենքը. այլևս կըսէին ու կը պնդէին.
— Ելլենք ցամաք, Թիւրքիա ըլլայ, ինչ կուզէ ըլլայ…
Ռէիզը մեզ կը խաբէր, կըսէր, թէ ռուսները գրաւած են Ռիզան, Թիւրքիոյ ծովափը ապահով է, դիւրին է… Այս խօսքերը զարկ կու տային մեր տղոց թուլութեան, և այնքան բարոյական լքումը կատրեալ էր, որ հաւտալով, թէ չի հաւտալով կը պնդէին, որ ցամաք ելլենք։
Այն ատեն տեսնելով մեզ սպառնացող վտանգը, ամրապնդուեցայ իմ կորովիս մէջ, յորդորեցի զիրենք ու վճռականօրէն ըսի.
— Եթէ նոյնիսկ մէկ ամիս մնանք այս տեղին վրայ, բացի ռուսական ցամաքէն ոևէ տեղ մեր նաւը չենք քշեր։
Կը յուսայինք առաւօտեան արեգակին վրայ, որ վերջապէս պիտի ցրուէր մառախուղը, բայց այն առաւօտ արեգակն ալ չերևցա: Եթե գոնէ մէկ կողմնացոյց ունենայինք… բայց չի կար, չի կար… ու երկինքէն ալ յոյսերնիս կտրեցինք։
Այն ատեն Հաճին ինձի մօտեցաւ և ըսաւ.
— Ռէիզը ձեզ կը դաւադրէ. զիս կը խրատէ, որ ճամբորդութիւնը ձգձգենք, մինչև որ թիւրքերը վրայ հասնեն… սոսկալի աղուտ մըն է անիկա։
— Դուն կրնա՞ս ղեկավարել, հարցուցի։
— Ո՛չ։
— Գոնէ ուղղութիւնը կրնա՞ս գիտնալ:
— Ո՛չ, բայց Ռէիզն ալ կըսէր, թէ ուղղութիւնը կորսնցուցած է։
Կէրթայինք անվերջ, մառախուղը լեռներու պէս կը բարձրանար մեր շուրջը, կը յառաջանայինք և ամեն րոպէ կը կարծէինք, թէ ցամաքի թանձրութիւն մը կը նշմարենք. կը տեսնենք անմիջապէս, որ խաբուած ենք ու մառախուղի թանձրութիւն մըն էր մեր նշմարածը՝ այս