Jump to content

Կեղծ հանճարներ/Թ․

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Թ․

Քիչ մը ետքը երբ Տաճատ մեկնեցաւ Բարսեղին սենեակէն, խառն եւ հակասական զգացումներով լեցուն էր հոգին․ ջղային եւ սրտնեղ կտրած՝ երկու անգամ անցաւ Պուլըվառ Սէն-Միշէլէն, գրեթէ կոպտութեամբ արմուկներովը հրելով մարդիկը որ իր ամէն մէկ քայլին արգելք կ՚ըլլային․ իրեն կը թուէր թէ նոյնքան հեշտ պիտի ըլլար ինքզինքին ճամբայ բանալը իր ասպարէզին մէջ ու այդ պատրանքը իրեն տեսակ մը արբեցութիւն պատճառեց․ յետոյ ֆիզիքապէս յոգնեցաւ եւ մեծ ախորժակ մը զգաց․ անմիջապէս առանց խորհելու մտաւ թավէրնը եւ աղուոր ընթրիք մը ըրաւ․ կարծես այդպէսով գործնականապէս հեգնել կ՚ուզէր Բարսեղին խորհուրդները եւ ժպտել անոնց վրայ․ ներքին գոհունակութիւն մը եւ քաջութիւն մը կ՚զգար իբր թէ յաղթանակ մը տարած ըլլար․ իր աչքին իր Եսը կը բարձրանար ալ աւելի եւ իրեն կը թուէր թէ աշխարհ իրեն էր․ ճշմարտապէս երկու հարիւր ֆրանքի ապահովութիւնն էր որ իրեն այս պատրանքները կուտար, բայց եթէ ներքնապէս կ՚զգար ճշմարտութիւնը, անիկա կը վանէր մտքէն եւ կը կառչէր իր պատրանքներուն վարդագոյն մշուշին։ Հետզհետէ աւելի տաք արիւն մը արագօրէն կը սուրար երակներուն մէջ, տենդային բան մը կար իր շարժումներուն եւ մանաւանդ իր աչքերուն մէջ որ երբեմն սեւեռելով կէտի մը վրայ կը փայլատակէին ակնոցներուն ետեւէն․ նոյն իսկ միջոց մը զգաց որ մատները կը դողային պատառաքաղին եւ դանակին վրայ․ բազուկներուն վրայ երակները ցցուած եւ կապտորակ կ՚երեւէին եւ իրենց զարկը գրեթէ նշմարելի կը դառնար․ մէկ երկու հոգիներ իր մօտէն անցած ատեն ուշադրութեամբ նայեցան իրեն։

— Ի՞նչ ունիմ Ասուած իմ, խորհեցաւ ինքնին ու մէկէն ախորժակը անհետացաւ, կոկորդը կը սեղմուէր․ կզակը կարկամած մնաց եւ ձեռքը ճակտին տարաւ մեքենաբար․ գլուխը կրակի պէս տաք էր։ Գրեթէ տաժանքով քանի մը կաթիլ ջրախառն գինի խմեց եւ գլուխը աթոռին յենակին կռթնցուցած պահ մը հանգչեցաւ․ բայց գրեթէ անմիջապէս իր մտահոգութեան յաջորդեց յիմարական ուրախութիւն մը․ աչքերը խոնաւցան փղձկումէն, կուրծքը ուռեցաւ հպարտութեամբ եւ ինքնիրեն մրմնջեց․

— Ա՜հ, երկունքի տառապանքները, Աստուած իմ։

Իրաւամբ այդ միջոցին կարծես միտքը լուսաւորուած էր անօրինակ ճառագայթով մը․ գաղափարներ զգայնութիւններ եւ տպաւորութիւններ կը խուժէին նախ քաոսական վիճակի մը մէջ, յետոյ յստակ եւ մեկին ապրած կեանքի էջեր, հեռաւորութեան եւ կամ անցեալին գաղափարովը իտէալացած, գիւղանկարներ, սիլուէթներ, եղելութիւններ եւ նոյն իսկ տարտամ եւ հեռաւոր շարժումներ որոնք իրեն գերագրգռուած մտքին մէջ մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէին եւ ասոնք ամենքը լուսաւորուած էին իր Եսէն որ արեւի պէս կեանք կուտար անոնց, մէկիկ մէկիկ, մաղուելով, բազմապատկուելով եւ խոշորնալով իր տպաւորութիւններուն, իր հոգիին զգայնութիւններուն զօրութիւնովը։ Ինչ որ ինք տեսած էր եւ ինչ բան ամենէն չնչիններն ալ — որ իր ուշադրութիւնը գրաւած էին նոյն իսկ անգիտակցաբար, նուիրական կը դառնային իրեն համար եւ չէր ուզեր անոնցմէ ալ մէկը կորսնցնել․ այդ ժամուն իրեն կը թուէր թէ ոչ ոք իրեն պէս նայած էր արտաքին աշխարհին վրայ եւ իր կրած տպաւորութիւնները իր հանճարին ամենակարողութեամբը բոլորովին ինքնատիպ, անօրինակ եւ նոյն իսկ գերմարդկային կը թուէին։

Յղացումի այս արբեցութեան մէջ խորին վիշտ մը կը գալարէր իր հոգին․ նիւթականապէս անկարելի էր այդ միջոցին իր մտքէն անցածները անմիջապէս արձանագրել թուղթին վրայ․ ամենքն ա՜լ․ ամենքն ա՜լ…։

Բոլոր կեղծ հանճարներուն պէս իր պատրանքը կատարեալ եղաւ․ բնաւ մտքէն չանցուց թէ իր ուղեղի տենդէն յառաջ եկած երեւոյթական եւ վաղանցիկ կարողութիւն մըն էր զգացածը, գրեթէ տագնապ մը որուն բուլերը սակայն պիտի կառչէին այլ եւս իր մտքին եւ իրեն սեւեռեալ գաղափարը պիտի ըլլային։

Առանց ժամանակ կորսնցնելու կանչեց կարսօնը եւ սեղանի սպասները վերցնել տալով թուղթ եւ գրիչ ուզեց․ այն գիշերուան թավէրնի յաճախորդները զարմանքով տեսան այս եզական երիտասարդը որ առանց շուրջը նայելու, գրեթէ վերացած կը գրէր անընդհատ։

Բայց վերջապէս իր ուղեղին տենդը մարեցաւ եւ յանկարծ պարապ զգաց ինքզինքը․ թեթեւ սարսուռ մը ողնայարին վրայէն սողոսկելով կ՚անցնէր եւ զինքը կը ցնցէր երբեմն․ հապճեպով թուղթերը հաւաքեց, խնամքով դրաւ կարմիր մարօքէնէ թղթապանակին մէջ եւ մեկնեցաւ։

Դուրսի օդը աստիճան մը աւելի կազդուրեց զինքը, բայց այտերուն վրայ դեռ հիւանդագին կարմրութիւն մը կար եւ իր անդամներուն մէջ տեսակ մը անախորժ ծանրութիւն կ՚զգար իբր թէ թմրած ըլլային։

Սորպոն փողոցին անկիւնը հանդիպեցաւ Սուրէն Սահակեանին, որ իրեն սովորական շարժումովը երկու սրունգներուն վրայ թեթեւ մը տատանելով, իր յուսահատած աչքերը դարձուց իր վրայ, այնպիսի սեւեռումով մը որոնց մէջ չէր կարելի հասկնալ ցա՞ւ թէ հեգնութիւն կար։ Տաճատին բոլոր խօսքերուն նախ պատասխանեց՝ Վերլէնէն կցկտուր տողեր արտասանելով որոնց իմաստը կը գերագրգռէր զինքը իր անպայման հիացումովը մեծ բանաստեղծին համար։

Բայց վերջապէս Տաճատին երեւոյթէն շահագրգռուած՝ երբ անիկա սրտնեղած հեռանալու վրայ էր, թեւէն բռնեց եւ կեցուց։

— Ի՞նչ ունիս այսպէս նոր բան մը…։

Իր կարգին Տաճատ չպատասխանեց Սուրէնին, աչքերը մելամաղձոտութեամբ լեցուն դարձեալ սեւեռեցան՝ Տաճատին աչքերուն մէջ։

— Եկու Միւլլէր երթանք, թերեւս կարենանք զուարճանալ։

Հեռուէն Մանուկը տեսան որ դժուարութեամբ կը քալէր մայթին վրայէն, մեռելի պէս տժգոյն։

— Այս տղան օր օրի գրեթէ աչքերնուս առջեւը կը հատնի կոր։

— Աւելի կարեւոր բան մը չունի ընելիք այս աշխարհիս վրայ, պատասխանեց Տաճատ բռնազբօսիկ ձայնով մը։

Այս չարութիւնը կեղծ էր, բայց Չարըքեան իբրեւ մեծ եւ տարօրինակ մարդ՝ երբեմն հարկ կ՚զգար ինքզինքը անսիրտ ցուցնելու։

Երբ սրճարանէն ներս մտան, Սուրէնին դէմքը ճառագայթեցաւ դիւային ուրախութիւնով մը․ իր սեւ պեխերուն տակէն շրթունքը հեգնութեան ծալքը առին աւելի որոշ կերպով, բայց Տաճատ ի զուր շուրջը նայեցաւ, ծխախոտի ամպերուն մէջէն բան մը չնշմարեց եւ չհասկցաւ թէ ի՞նչ էր Սուրէնին ուրախութեան պատճառը։

— Հոս նստինք տղա՛ս, ըսաւ Տաճատին առանձին սեղան մը ցուցնելով։

— Ինչո՞ւ, ըսաւ Տաճատ զարմանքով։

Նոյն միջոցին Գաբրիէլ Պալըքճեան ծխախոտի ամպերուն մէջէն դուրս ելնելով, իբր թէ թատրոնի վրայ ըլլար, երկու թեւերը բացաւ եւ դէպի Տաճատը եկաւ։

— Ա՜հ եղբայրս, որչա՜փ ատենէ զիրար չենք տեսած, ես այնքան զբաղած էի, բայց ընկերնե՜րս… ա՜հ, ուսանողութեան ընկերները նուիրական են…։

Արդէն սկսած էր խօսիլ մէկու մը պէս որ ուսանողութեան շրջանը աւարտած է եւ իր յաջողութեան մէջ չմոռնար նախկին ընկերները։

Սուրէն կը խնդար երկու կողերուն վրայ տատանելով, բայց Տաճատ դէպի ետ կ՚ընկրկէր սրտնեղած եւ մանաւանդ վախնալով երկու կարկառած թեւերուն փայփայանքէն։

— Եղբայրս, եղբայրներս, յաջողութիւնը զիս չգինովցուց…։

Ճշմարտութիւնը այն է որ Պալըքճեանի թատերական ներկայացումը ծիծաղելի եւ մանաւանդ ամօթալի անկում մը եղած էր։ Ծանօթ թատերական քննադատ մը սկիզբէն մեկնած էր, զայրացած այդպիսի ներկայացումի մը զինքը հրաւիրել համարձակելնուն եւ թերթերէն ոմանք կրկնած էին այս ձախորդ պարագան։ Բայց Պալըքճեան, կարծես թէ իր անձին վրայ չըլլար խնդիրը, այնպիսի յանդգնութիւնով մը իր յաջողութեան վրայ կը խօսէր որ կը շուարեցնէր ստուգիւ իր խօսակիցը։

Աւելի ուշ Պօլսոյ թերթերը գովեստով խօսել էին իր վրայ եւ Բարիզեան թղթակիցներ այնպիսի մեծարանքներ շռայլեր էին իր հանճարին համար որ Պալըքճեան զանոնք պաշտօնապէս թարգմանել տուած էր եւ իբր վաւերաթուղթեր կը մտադրէր ծառայեցնել նոր դիմումներու։

Սուրէն եւ Տաճատ վերջապէս ստիպուեցան սուրճերնուն գաւաթները առնելով հեռանալ Պալըքճեանէն, ազատելու համար իր սնոտի շատախօսութիւններէն։

— Ի՞նչ զարմանալի թիփ է, ըսաւ Տաճատ իր բռնազբօսիկ ժպիտովը։

— Աւելի զարմանալիները կան, ըսաւ Սուրէն իրենցմէ քիչ մը հեռու խումբ մը ցուցնելով։ Կարճահասակ, վտիտ սրունքներով, խոշոր գլխով երիտասարդ մը նոյն միջոցին ոտքի վրայ, անընդհատ կը խօսէր․ սրճարանին աղմուկին մէջ իր ձայնին շեշտը միօրինակ, առանց ելեւէջի․ կեղծ եւ ջղագրգիռ բան մը ունէր․ իր բոլոր խօսքերը չէին լսուեր, բայց կցկտուր բառերէն կը հասկցուէր թէ իր անձին վրայ կը խօսէր, որովհետեւ յաճախ բեմասացի ընտանի եւ վարժ շարժումով մը ձեռքը կուրծքին կը տանէր, այնպիսի համոզումով մը որ անկարելի էր տարակուսիլ։

— Ո՞վ է, ըսաւ Տաճատ հետաքրքրուած։

— Ես ըրին, իր բուն անունով Հրանդ Մարտիկեան։

— Ա՜հ, Հրանդ Մարտիկեանը, ըսաւ Տաճատ աւելի կարմրելով եւ աւելի ուշադրութեամբ սկսաւ մտիկ ընել։

— Ե՜ս, առաջին անգամ այդ բանին գաղափարը տուի, կը գոռար միօրինակ ձայնը որ թեթեւ մը ճաթած մետաղի շեշտ մը ունէր։ Խիտ եւ գռուզ մոխրագոյն մազեր կը ծածկէին իր գլուխը, որ այտերուն վրայ կուգար կը միանար մօրուքին սկզբնաւորութեան հետ, նոյնպէս մոխրագոյն եւ սրածայր։ Միջոց մը դէպի Տաճատին դարձաւ եւ իրենց աչքերը հանդիպեցան իրարու։ Տաճատին մտքին մէջ տպաւորուեցան անոր դեղին, խելացի աչքերը որ միակ գեղեցկութիւնը կը կազմէին անոր վատուժ անձին․ ճակատը գմբեթաձեւ եւ դէպ առաջ ցցուած՝ նմանութիւններ ունէր Տաճատին ճակտին հետ․ մանաւանդ երբեմն, լոյսի եւ դիրքի մասնաւոր պայմաններով՝ կարծես երկուքը մէկ կաղապարի մէջ թափուած էին։

Հրանդ Մարտիկեան սկիզբները մեծապէս օժտուած գրագէտ մը եղած էր, որուն շունչը յանկարծ կտրեր էր եւ ինքզինքը տուած էր քննադատութեան․ եթէ Պօլիս գտնուէր․ տեղական մտաւորական պայմանները զինքը պիտի մղէին ուսուցչութեան մէջ ապաւինելու․ առ այժմ, արդէն էապէս վարժապետ էր, բառին բուն նշանակութեամբ եւ իր վարելու բնազդները կը գոհացնէր քննադատութեան մէջ․ գործունեայ, կորովի, աշխատասէր, իր բոլոր ջանքերը կը վատնուէին պարապին մէջ․ իր մէրաքն էր կարծել թէ ամէն դրական բան մեր համայնքին մէջ ինքը ըրած էր, ինքը սկսած էր․ եթէ հեռաւոր տեղ մը դրական ձեռնարկ մը ըլլար, կը գոհանար ըսելով թէ ինքը գաղափարը տուած էր․ իսկ իրմէ առաջ եղած բաներուն առ հասարակ չէր հաւներ․ ասոր համար հայ ուսանողութեան մէջ զինքը Ես ըրի կը կոչէին․ ինքը այնքան գինովցած էր իր Եսով որ չէր անդրադառնար թէ նոյն իսկ իր քիթին տակ զինքը կը ծաղրէին․ իր եսամոլութիւնը զարմանալի հակադարձութիւն մը յառաջ բերած էր որ զինքը մօտէն չճանչցող մը կրնար սխալեցնել։ Չափազանց կը տանջուէր երբ մտածէր թէ իրմէ եւ իր անձէն անկախ ձեւով մտաւորական գործունէութիւն մը կարելի է մեր մէջ, ասոր համար է թերեւս որ իր հովանաւորութիւնը կ՚ուզէր տարածել ամբողջ հայ ուսանողութեան վրայ․ անոնց անձնական գործերուն կը խառնուէր, խորհուրդներ կուտար, դիմումներու կը մղէր եւ կը յաջողէր վերջապէս ամենուն գործերը իր ձեռքին մէջ ունենալու․ ասիկա իրեն մեծ գոհացում մը կը պատճառէր եւ դիւրին է երեւակայել թէ ի՛նչ քէն կը պահէր անոնց որ նեղը եղած ատեն իր մօտ չէին գար․ իր համեստ եւ խճողուած սենեակը ժամադրավայրը եղած էր ձախորդութեան մէջ գտնուող, անճարակ, անկարող, քննութենէ մերժուող ուսանողներու։ Գէշը այն է որ իր վրայ յուսացնել տալէն վերջը յաճախ մեծ բան մը չէր կրնար ընել եւ շատեր յուսախաբ, իր թշնամին կը դառնային․ իր չար, յուզմունքի եւ զգացումի անկարող հոգիին միակ հրայրքն էր ասիկա․ իր բոլոր կարողութիւնները եւ ընդունակութիւնները վատնուած էին այսպէսով․ ամէն օր ահագին թուող նամակներ ունէր գրելիք աշխարհիս ամէն կողմը գտնուող հայ մտաւորականութեան հետ․ բնականաբար հեռուէն զինքը նպաստաւոր կերպով կը դատէին եւ ասիկա աստիճան մը կ՚ամոքէր իր մօտը գտնուող ապերախտներուն անտարբերութիւնը կամ հեգնութիւնները։

Հրանդ Մարտիկեան իր դէմքին երեք քառորդը դարձնելով դէպի Տաճատին կողմը – նպաստաւոր դիրք, որուն արժէքը շատ լաւ գիտէր – ձայնը ուռեցուց, հպարտ եւ վիրաւորուած երեւոյթ մը առաւ, յօնքերը թեթեւ մը պռստեց եւ շարունակեց վայրկեան մը եւս խօսիլ, բայց վերջապէս ձայնը մարեցաւ։ Տաճատ նշմարեց որ յուզուած եւ դառնացած երեւոյթ ունէր եւ իր սեղանակիցներուն հետ փսփսալով իրարու վրայ ումպ ումպ զովացուցիչ ըմպելի կը խմէր։

— Կարծես թէ բանի մը վշտացած է, դիտեց Տաճատ։

Սուրէն նրբօրէն ժպտելով պատասխանեց․

— Իմ ներկայութիւնս է որ զինքը անհանգիստ կ՚ընէ, ատենէ մը ի վեր թշնամացած է հետս։

Տարիներ առաջ Սուրէն՝ Հրանդին աշակերտը եղած էր եւ աւելի սերտ բարեկամ դարձած էին, գրեթէ ազգականի պէս ապրելով օտարութեան մէջ․ բայց Սուրէն իր մտքին սրատեսութիւնովը անմիջապէս ընդնշմարած էր իր վարպետի տկարութիւնները անոր խաբուսիկ երեւոյթներուն ներքեւ։ Հրանդին անկարողութիւնը ճշմարիտ զգացումներու, որ իր գրական արուեստը անկատար կը դարձնէր եւ իր բոլոր յղացումները վիժել կուտար, շատոնց է որ ծանօթ էր իրեն․ ինքը իր մտերմութեան եւ հասկացողութեան եւ մանաւանդ խարդախ բնաւորութեան շնորհիւ դիտած, լրտեսած եւ ըմբռնած էր ճշմարիտ թիփը Հրանդին մէջ որուն գլխաւոր թերութիւնն էր չափազանց եսասիրութիւն․ այնպիսի անողոք եսասիրութիւն մը որ կը չորցնէր իր հոգիին բոլոր փթթումները եւ կարող էր զինքը բացարձակ ամլութեան դատապարտելու եթէ հպարտութիւնը միեւնոյն ատեն մեծ կորով մը չներշնչէր իրեն եւ չհակազդէր իր բնական տրամադրութիւններուն․ բայց ասիկա էապէս արժէք մը չէր տուած իրեն եթէ ոչ արտադրելու, ֆրազներ կազմելու մեծ դիւրութիւն մը որ մէկ ցայտումով կը ժայթքէր իր ուղեղէն․ քննադատութիւնը յարմարագոյն ասպարէզն էր այս մտքին որովետեւ ստեղծելու հարկը չկայ հոն․ քննադատը ուրիշին արտադրութեան շնորհիւ է որ գոյութիւն ունի որ յաճախ անկարողութեան կատաղութիւնը կուտայ, այս է պատճառը թերեւս շատ մը քննադատներու բուռն ոճին։

Այլ սակայն պէտք չէ կարծել թէ Հրանդ Մարտիկեան համակերպած էր քննադատի ամուլ դերին․ ընդհակառակը կը կառչէր հեղինակի յաւակնութիւններուն, միշտ կը խօսէր ընելիք գործերուն վրայ, մեծ դիւրութեամբ կը պարզէր գրական ծրագիրներ․ այս կարգի մտքերուն յատկանշական է նաեւ սքանչելի ծրագիրներ յղանալու յատկութիւնը։ Սուրէն Սահակեան կ՚ըսէր թէ այդ ծրագիրները իրենց գեղեցկութեան եւ կատարելութեան պատճառաւ իսկ անգործադրելի են։ Թերեւս քննելիք կէտ մը կայ այս պարագային մէջ․ միտքեր կան որ իրենց ստեղծելու ձիրքը կը վատնեն, կը շռայլեն այսպէս անգիտակցաբար եւ գործադրելու միջոցին պարապ կ՚զգան ինքզինքնին․ թերեւս նաեւ անկարելիին ձգտումն է որ ամլութեան կը դատապարտէ իրենց մտադրութիւնները․ ինչ որ ալ ըլլայ՝ Հրանդ Մարտիկեան երկայն ատեն մեծ բանաստեղծի պատրանքը ներշնչած էր երբեմն ամենէն դժուարահաճներուն եւ թերեւս նոյն իսկ ժամանակաւոր բայց իրական կարողութիւն մըն էր ասիկա, որուն յիշատակը ալ աւելի կը դառնացնէր զինքը․ ներքնապէս երբեմն գիտակցութիւնը ունենալու էր իր այսօրուան անկարողութեան զոր յաճախ կը յայտնէր գրեթէ տղայական եւ միամիտ բարկութիւններով։

Իրիկուն մը Թէաթրը Անդուանէն վերադարձին, զգետնուած Իբսէնի Ուրուականները հոյակապ խաղէն, իր հիացած ընկերներուն ըսած էր սա բառերը որ վերջին ծայր յատկանշական են․

— Իբսէ՜ն… պա՛հ, կը կարծէ՞ք որ այդքան ալ տարօրինակ բան է, վերջապէ՜ս… եթէ ես ժամանակ ունենայի… եւ իր բոլոր առաւելութիւնները… պահ մը իր ըսած խօսքերէն շուարած լուռ մնացեր էր, բայց տարտամ շարժում մը ընելով աւելցուցած էր համոզումով․ – բայց ես այնքան բան ունիմ ընելիք, այնքան զբաղումներ, այնքան գործեր որոնք ամիսներէ ի վեր պէտք էր կատարուէին եւ չեն կատարուած։

Եւ այդ բաները, այդ զբաղումները, այդ գործերը ուրիշ բան չէին բայց եթէ թղթակցութիւններ հեռաւոր եւ տարտամ անձնաւորութիւններու հետ, առանց դրամի մնացած ուսանողներու համար դիմումներ, որոնք իրեն ձեռքը կը նայէին եւ վերջապէս ուրիշներու կատարած գործերուն վրայ թեր ու դէմ կարծիքներ։