Jump to content

Կեղծ հանճարներ/Ժ․

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Ժ․

րանդ Մարտիկեանին մօտ կեցած էր արդէն առաջին երիտասարդութիւնը անցուցած մարդ մը, որ զինքը հիացումով մտիկ ընելու երեւոյթը ունէր եւ որ սակայն երբեմն կը դառնար եւ քովը նստող երիտասարդին կը նայէր հեգնօրէն ժպտելով։ Անտօն Եարաեան՝ իրենց դէմ ոտքի կեցած ծամածռութիւններ կ՚ընէր, երբեմն երկու ձեռքերով երեսները կը գոցէր, ուսերն ալ աւելի կը ցցէր եւ բառեր կը մրմնջէր, կցկտուր, անգութ երկբայական բառեր, զորս չէիր հասկնար թէ որո՞ւ եւ ի՞նչ բանի ուղղուած էին, իրեն ուշադրութիւն չէին ըներ որովհետեւ ամենքն ալ զինքը խենթի տեղ դրած էին եւ ինքը գոհ էր ու կը խնդար, երբեմն չարագուշակ խնդուածքով մը, ապաստանած իր կե՞ղծ թէ իրական խենթութեան մէջ, մինչ միւս ընկերները չէին համարձակեր իսկ յայտնի կերպով ժպտիլ ու լուրջ եւ խոհական երեւոյթ մը առած մտիկ ընել կը ձեւացնէին Հրանդը։ Նոյն միջոցին սրճարանին դուռը բացուեցաւ. Սուրէն պատահմամբ այն կողմը դարձած ըլլալով՝ զսպանակէ մղուածի պէս ոտքի ելաւ յանկարծ.

— Շատ բանի կը տոկամ, տղա՛ս, ըսաւ Տաճատին ուղղուելով, բոլոր ես ըրիներու արհամարհական եւ սպաննիչ նայուածքներուն, սուտ խենթերուն եւ նոյն իսկ հանճարեղներուն… բայց ասո՞ր… կը խոստովանիմ թէ անկարող եմ։

— Ո՞վ է, ըսաւ Տաճատ հետաքրքրուած։

— Ա՜հ, չե՞ս ճանչնար Վահէն։

— Վահէ՛ Սապահեա՞նը։

— Այո՛, բարեկամս, մեծ Արիականը։ Եւ որովհետեւ Տաճատ շուարած մնաց այս վերջին որակումէն, Սուրէն հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ։

Վահէ Սապահեան քառասուն տարեկանի մօտ, միջահասակ, թուխ, համակրելի դէմքով անձ մըն էր եւ օժտուած իրական եւ մեծ երաժշտական տաղանդով մը. իր սքանչելի ձայնը խօսեցնել կուտար նոյն իսկ ֆրանսական մամուլը, ամէն անգամ որ նուագահանդէս մը տար, բայց ինքը չէր բաւականանար ատով եւ եթէ զինքը գովէին միայն ձայնին համար՝ խորապէս կը վիրաւորուէր. իր յաւակնութիւնները կը ձգտէին հաւասարապէս գրականութեան, իմաստասիրական, լեզուաբանական եւ ցեղաբանական գիտութեանց եւյլն։ Այս վերջի ատենները Տրէյֆիւսի խնդրէն՝ երբ ամբողջ ֆրանսական մամուլը սեմական եւ հակասեմական երկու մասերու բաժնուած էր, ուժգնօրէն ազդուած էր եւ զարմանալի միտքի սեւեռում մը ունէր, անմիջապէս որ բերանը բանար կը խօսէր սեմական եւ արիական ցեղերուն վրայ, հաստատելով պնդելով թէ ինքը զուտ արիական մըն է։ Չափազանց շատախօս, առանց դադարի կը խօսէր ժամերով ու բառերը խօսքերը այլ եւս թոյլ, լորցունքոտ, թափթփելով կ՚իյնային կարծես շրթունքէն. ու իր ամբողջ անձը ստացած էր արդէն այդ իյնող, թափթփուող նկարագիրը. մազերը երկայն ձգուած եւ ողորկ կ՚իյնային աչքերուն մէջ, քունքերուն վրայ, պեխերը բերնին անկիւններէն ի վար կը կախուէին թոյլ երկայն ծայրերով։ Երկայն թեւերը դէպի առաջ՝ հասակի թեթեւ կորութեան մը պատճառաւ, վար դարձած օձիքին մէջէն թոյլ եւ երկայն փողկապը, եւ նոյն իսկ րէտէնկոթին վրայ շինուած ուղղահայեաց ծալքերը իրեն կուտային այդ ծածանող, անկայուն, ձգձգուող նկարագիրը որ սքանչելիօրէն կը ներդաշնակուէր իր խօսուածքին հետ։ Վարի շրթունքն ալ թոյլ կախուած էր եւ բերնին անկիւնները ճերմկած էին թուքէն, այնքան շատ գրեթէ անընդհատ կը խօսէր. միայն իր սեւ եւ երազուն աչքերուն մէջ, ակնոցներուն ետեւ ծածկուած, կար ճշմարիտ արուեստագէտի հանդարտ ցոյլքը, մեղմ եւ գրաւիչ նայուածքով որոնք կարճատեսի յատուկ տեսակ մը հաճելի տարտամութիւնը ունէին։

Միակ բան մը, բացառաբար Վահէին մոռցնել կուտար իրեն հալածանքը սեմականներու դէմ. իր իբր թէ յաջողութիւնները աշխարհիկ կեանքի մէջ եւ այն բարձր շնորհները որ կը վայելէր բարձրաստիճան եւ տիտղոսաւոր տիկիններու կողմէ. նորահաս եւ երիտասարդ ուսանողներ կը հաւատային եւ հիացումով ու ցանկութեամբ կը նայէին իրեն, բայց ընդհանրապէս իր մեծխօսիկութիւնները գաղտնիք մը չէին ու չարաչար կը ծաղրէին զինքը. շատեր նոյն իսկ այդ ծիծաղելի թերութիւններով զինուած կ՚ուզէին ստուեր ձգել իր ճշմարիտ արուեստագէտի կարողութիւններուն վրայ։

— Ի՜նչ հպարտ եւ երջանիկ զգալու է ինքզինքը, ըսաւ Տաճատ Սուրէնին, իր յաջողութիւններուն համար։

— Աւելի հպարտ կ՚զգայ ինքզինքը արիական ըլլալուն համար։

Վահէ դէպի իրենց կ՚ուղղուէր, բայց տեսնելով որ Տաճատ եւ Սուրէն ոտքի ելան, բարեւեց եւ անցաւ. յետոյ տեսաւ Հրանդ Մարտիկեանին խումբը եւ անմիջապէս հոն ուղղուեցաւ։ Նոյն միջոցին լսելի եղաւ Անտօն Եարաեանի ձայնը որ կը գոչէր մատովը Վահէն ցուցնելով.

— Կ՚սպառնա՜յ կոր…

Արդարեւ Վահէ կը յառաջանար շրթունքները թեթեւ մը շարժելով եւ այնքան մտազբաղ կը թուէր որ գլուխը վեր չէր առներ եւ ամբողջովին լեցուն կը թուէր ունայն խօսքերով։

Անդին դրանը մօտ Սուրէն եւ Տաճատ իրարմէ բաժնուեցան։

— Կը փափաքէի Մարտիկեանի ներկայանալ, ըսաւ Տաճատ, չեմ գիտեր ինչպէս ընել։

— Ուղղակի իր մօտ գնա՛, ըսաւ Սուրէն, զիրար շուտով կը ճանչնաք։

Սուրէն չէր սխալած. երբ Տաճատ Հրանդին մօտ եկաւ՝ զիրար գտան ու ճանչցան. կարծես հին բարեկամներ ըլլային։ Հրանդ լսած էր Անտօնէն Տաճատին ծրագիրները, յոյսերը, իրեն սիրտ տուաւ եւ խոստացաւ ձեռք տալ, զինքը մղել դէպի յաջողութիւն։

— Գրածներնիդ բերէք անգամ մը կարդամ եւ յետոյ ձեզի հարկ եղած խորհուրդները կուտամ, ըսաւ պաշտպանող ձայնով մը։

Աւելի երկայն չը կրցան խօսիլ գրաւուած Վահէին շատախօսութենէն. մինչեւ կէս գիշեր տեւեց այսպէս, շատերը յուսահատած եւ ջլատուած մեկնած էին արդէն, ուրիշներ կը յօրանջէին եւ ոմանք առանձին կը խօսէին. երիտասարդ ուսանող մը նոյն իսկ փորձեց երգել ծածկելու համար այդ յոգնեցուցիչ եւ միօրինակ ձայնը։ Տաճատ եւ Հրանդ միայն ստիպուեցան մտիկ ընել զայն, որովհետեւ Վահէ ուղղակի իրենց ուղղուելով կը խօսէր. կէս գիշերին հազիւ թէ կրցին ազատիլ ու մեկնելէ առաջ Տաճատ եւ Հրանդ ժամադրութիւն տուին հետեւեալ օրուան համար։

Այդ օրէն արդէն Հրանդ իր պաշտպանութեան տակ առած էր Տաճատը. իրենց երկրորդ տեսակցութեան՝ ուշադրութեամբ կարդալէ ետքը երիտասարդ հեղինակին առաջին էջերը, վերապահած էր իր կարծիքը յայտնել թէեւ, բայց ընդհանուր տպաւորութիւնը լաւ եղած էր, իրաւ էր թէ խիստ դժուար էր առաջին անգամէն բան մը ըսել Տաճատին գրուածքին վրայ. անիկա փալփլող, շլացուցիչ բան մը ունէր այն գաղափարներու կուտակումին իսկ պատճառաւ որոնք զիրար կը հրէին, իրարու կը բաղխէին եւ ընթերցողին ուշադրութիւնը կը ցրուէին, կը յոգնեցնէին ու այդ ընդհանուր մտքին ջլատման մէջ գեղեցիկ բառեր, երբեմն պատկերներ կը յամառէին, կը մնային եւ կ՚ազատէին առաջին տպաւորութիւնը։

Անիկա նկարագրութիւնն էր անտառի մը, մթին, վայրենի անտառի մը որուն մէջ Տաճատ կը ցուցադրէր իր հոգւոյն, իր Եսին զգայնութիւնները իր ամենէն նրբին մանրամասնութիւններուն մէջ, եւ անտառը կը տեսնար նման իր հոգեկան վիճակին մթին, տատանող, մրմնջող, երբեմն արեւի բարակ ճառագայթ մը կը մխրճուէր հոն եւ կը լուսաւորէր զայն, բայց անիկա ինչքան դիւրաբեկ էր, հազիւ թէ ցոլք մը, վաղանցիկ եւ խուսափուկ, ու դարձեալ այլազան զգայնութիւններ, գաղափարներ, յաճախ սովորական եւ անկարեւոր, մեծ համեմատութիւններ առած կը խռնուէին, կը կապկպուէին, անքակտելի հանգոյցի մը պէս։

Երբեմն ալ, եւ այս էր բուն յատկանշական դրոշմը իր գործին, հեղինակը կը ցայտէր գաղափարներու կապակցութեան օրէնքով իր նիւթէն դուրս, երբեմն պահ մը կը վերադառնար երկչոտութեամբ իր նախնական գաղափարին շուրջ, բայց կարծես զայն ճակատելէ ու սեւեռելէ վախնալով, յանկարծ կը հեռանար, կը թափառէր ու դեդեւելով, խարխափելով հետզհետէ կը մոլորէր իր մտքին անել ուղիներուն մէջ։

Այդ հատուածներուն Հրանդ րոպէ մը վազն ի վազ կը հետեւէր հեղինակին մտքի ընթացքին, բայց շուտով յուսահատած կանգ կ՚առնէր ակամայ յարգանքի եւ տարտամ հիացումի զգայնութիւն մը ունենալով այն խաբուսիկ զօրութենէն որ ամէն անծանօթ եւ չհասկցուած բաները կը ներշնչեն։

Նոյն միջոցին Տաճատ չափազանց կը տանջուէր. սիրտը կը դողար որ Հրանդ հարկ եղած ուշադրութիւնը չդներ այլ եւ այլ կէտերու վրայ. անոր դէմքին պարզած իր աչքերը ակնոցներուն տակէն կը փայլատակէին, կ՚սպասէին որսալու համար հիացումի արտայայտութիւնը որուն ջերմապէս կը հաւատար թէ իրաւունք ունի։

Երբեմն ջղային ցնցում մը կ՚ունենար երբ հետզհետէ Հրանդ թուղթերը սեղանին վրայ կը դնէր եւ կ՚անդրադառնար որ կարեւոր նկատած մէկ հատուածը աննշմարելի անցած էր. նոյն իսկ վայրկեան մը հոգւոյն խորէն դառնութիւնն ունեցաւ խորհելու որ Հրանդին համար ալ իր հանճարը, իր Եսը անհասկնալի պիտի մնար ու տխրօրէն ժպտեցաւ, բայց անմիջապէս գրեթէ այս զգայնութիւնը, չհասկցուողի, զոհի զգայնութիւնը, ինչպէս միշտ, տեսակ մը հեշտանք պատճառեց։

Տաճատ կանացի բան մը ունէր իր խառնուածքին մէջ որ իր մտքին մասնաւոր փափկութիւն մը կուտար երբեմն. տրամադրութեանց եւ որոշողութեան տկարութիւն, սեւեռեալ ուշադրութեան պակասութիւն եւ ասոնց փոխարէն միայն իրերէն եւ դէպքերէն արագ եւ հարեւանցի տպաւորութիւն մը կրելու բնազդային յանդգնութիւնը, ինչ որ յաճախ թափանցողութեան պատրանքը կուտայ, այդ տպաւորութիւնը արդիւնքը ըլլալով մանրամասնութեանց, որոնք պիտի խուսափէին սովորական մտքի մը ուշադրութենէն… նաեւ բոլոր նկարագրի, կանացի տկարութիւնները որոնց գլխաւորն էր ինքզինքը չի հասկցուած եւ զոհ կարծելու հաճոյքը. ինչ որ սակայն կիներու համար հաճախ ներքին պատրուակ մըն է արդարացնելու իրենց կատուազգիի նենգաւոր պչրանքները եւ խարդախութիւնները, Տաճատին համար զուտ հոգեկան հիւանդագին հեշտանք մըն էր, ու այդ ներքին համոզումին մէջ թէ ինքը ուրիշներուն տգիտութեան եւ անհասկացողութեան զոհուած մըն է, կը գտնար տենդագին եւ վաղանցիկ ուժ մը որ իրեն երբեմն յիմար խանդավառութիւններ եւ համարձակութիւններ կը ներշնչէր, որովհետեւ այդ համոզման հետեւանքով էր գլխաւորաբար որ ինքզինքը իր միջավայրէն եւ ժամանակամիջոցէն դուրս եւ վեր կը գտնար, առանձնացած եւ մենաւորիկ իր գերազանցութեան մէջ։

Այդ անզսպելի զգացումէն դրդուելով էր որ երբ դեռ Հրանդ չէր աւարտած ձեռքի թուղթերը, ոտքի ելաւ յուզմունքէ դողդղալով բայց կոպտութեամբ ձեռքէն յափշտակեց զանոնք եւ իր խղդուկ ձայնովը որ յուզմունքը գրեթէ անլսելի կը դարձնէր ըսաւ.

— Աւելի լաւ է… ես կարդամ եւ դուք մտիկ ըրէք։

Հրանդ առանց բան մը հասկնալու ձգեց որ ուզածը ընէ. ինքն ալ իր կարգին ազդեցութեանը տակ էր այդ եզական տղուն. այդ կոպտութիւնը, անոր ձայնը որ եղերական բան մը ունէր, խռպոտ եւ խղդուկ, աչքերուն փայլատակումը, որոնց նայուածքը տենդահար մէկու մը անհանգստող սեւեռումը ունէին եւ կարծես չէին նայեր, մանաւանդ հասակը եւ յաղթանդամ երեւոյթը՝ տպաւորութիւն ըրին իր պզտիկ մարդու բնազդային երկչոտութեանը վրայ։ Երբ Տաճատ սկսաւ կարդալ, Հրանդին միտքը շփոթուած էր ու խառնակ, բայց դարձեալ նկարագրութեան ճշմարիտ գեղեցկութիւնը հրապուրեց զինքը ու սանձեց պահ մը իր ցրուած ուշադրութիւնը։ Կարծես կը տեսնար մռայլ անտառը որ կը տատանէր փոթորիկին տակ եւ ծառերուն գագաթները մրրկուած ծովի մը պէս կը կոհակուէին, կը ծածանէին, կը շառաչէին, յետոյ ահաւասիկ կը մրմնջէին անոնք իրենց սօսաւիւնը խորութիւններու մէջ, պուրակներուն մէջ ու հողը դղրդուած փոթորիկէն՝ ապագայ ծիլերուն ուռճացումը կ՚երկնէր. զգայնոտութեան հազուագիւտ նրբութիւն մը կար այդ նկարագրութեան մէջ. գոյնի, ձայնի, բուրմունքներու զգայնութիւնը տալով ու բոլոր անտառը շարժելով, ապրեցնելով իր ստուերոտ եւ հսկայ կենսականութեամբը։

Բայց յանկարծ պատկերէ պատկեր, գաղափարէ գաղափար հեղինակը կը մոլորէր եւ իր մտածումները անժամանակ, ճղճիմ եւ տարտամ իրենց ընծայուած կարեւորութիւնով միտքը կը մոլորեցնէին, կը հեռացնէին, կը ցրուէին։ Բայց Տաճատ ատոնցէ է որ կը կառչէր մասնաւորապէս, անոնք իր Եսն, իր ինքնութիւնն էին. դուրսի աշխարհը իբրեւ շրջանակ պիտի ծառայէր իր հոգեկան վրդովմունքներուն. անոնք չէ՞ մի որ կարեւորութիւն կ՚ստանային իր իսկ կրած զգայնութիւններուն շնորհիւ եւ անոնց ինքն չէ՞ր որ մասնաւոր դրոշմ մը կուտար։

Ու պէտք էր տեսնալ զինքը երբ կը կարդար այն տողերը որոնք իր հոգին կ՚արտայայտէին. վերջապէս յուզմունքին սաստկութենէն ձայնը մարեցաւ բոլորովին. ձեռքը ճակտին տարաւ, ակնոցները հանեց եւ հապճեպով թաշկինակը աչքերուն տարաւ. ո՛չ այնքան հապճեպով սակայն որ Հրանդ չի տեսնար անոր աչքերը արցունքներով ողողուած։ Տաճատ փղձկուած էր իրեն իսկ մեծութեանը գաղափարէն։ Հրանդ շուարեցաւ այս յուզմունքին առաջքը, պահ մը մտքէն անցաւ որ արդեօք հիւա՞նդ էր, ու բան մը ըրած ըլլալու համար մրմնջեց.

— Հանդարտէ՛, եղբա՛յր, յուզուելու ի՞նչ կայ։