ԿՈԻՊԵՌՆԱԹՕՌԻՆ ՀԱՑԸ
«Աղա՛, մէկ քապիկ եա մեկ կըռօշ տո՛ւր,
Տունիս մէչ չի կայ մէկ տիրէմ ալուր»,
Կասէր մուրացկան ախքատը լալէն։
-Ախպա՛ր, ձեռքերըս յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։
«Աղա՛, աղքատաց մեր ընկերութեան
Տու՛ր իրեք մանէթ ու կըրվէ անթամ)),
Կասէր պատւաւոր մարթ, կօլօխ տալէն։
-Շատ տըւի, ասաց մեր աղան, լալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։
«Աղա՛, ա՛ռ տոմսակ, տո՛ւր տասը մանէթ,
Թիֆլիզէն պերել տո՛ւր հայի կազէթ»,
Այսպէս Սիւլիւկր կասէր խընթրելէն։
-Ախպա՛ր, ձեռքեր յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։
«Վեց մանէթ, ասին, տո՛ւր մէկ պարոնին,
Ու կըրվէ անթամ մեր հայ թատրօնին»։
Պարոնը ասաց համարեա լալէն.
— Ախպա՛ր, ձեռքերըս յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։
|
|
Օրթին կիրք չունի, չի՛ սովրիլ համպար,
Տէֆթէր ալ չունի կըրելու համար,
Պապային «մանէթ տո՛ւր», կասէ լալէն։
-Շաշխը՜ն, ծեռքերըս յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։
էրուսաղէմէն էկավ նըւիրակ,
Ու կասէր. «մարթայ հինկ մանէթ պիտ տաք,
Վօր մեր սուրփ ժամը չի կորցնունք լալէն»։
-Հա՛յր սուրփ, ծեռքերըս յօքնեցաւ տալկն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տանք,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթանք։
-Կիտի՞ք, աղաներ, ի՛նչ նօր խապէր կա,
Մինիսթռը, կասին, Նախչըւան պիտ գայ,
Կըվախնամ՝ ատկից մէկ խաթէ չի լար...
-Ատ ի՞նչ հօրրս ցաւն է մեզի համար,
Ճէպէրէս մարթայ հիսուն կըհանինք,
Մինիսթռին հետն ալ ա ղէկ քէֆ կանինք։
Ճէմէ՞րտ իմ, թե սքուփ մարթիկ չիմացան,
Ու թապիէթէս տայմա խափվեցան.
Մարթու կռօշ չիմ տալ` տուն հազար կանչէ,
Ամա իմ քէֆիս` հազարն ալ պան չէ՛...
Սո՞ւտ էր ասածը մեր խեղճ Սիւլիւկին.
«Ճօկ պան է աղա, ճօկ պան է զէնկին»։
|
|
|
|