Ասիմ ծեզի՝ տուք ի՛նչ արիք»
Ծեղ մոտիկցան տէնքսըզ մարթիկ.
Կօղ ու հարփան այն ֆէլանին
Կինի-ռախի տըվիք քիթին`
Սուտ խապէրներ փըռել տվիք.
Տահա՛ ասիմ՝ տուք ի՞նչ արիք։
Ասիմ ծեզի՝ տուք ի՛նչ արիք.
Մեզ վնասել շատ ջանացիք,
Գիշերն էկաք ու մեր դըռան
Քըսեցիք տուք ծութ ու խաթռան,
Վօր այդպէս մեզ խայտառակիք։
Տահա՛ ասիմ՝ տուք ի՞նչ արիք։
Ասիմ ծեզի՝ տուք ի՛նչ արիք,
(Չարութեան մէչ շատ հմուտ իք).
Պացիք անպէտք մէկ վարժարան,
Մեր դրպրոցին իբր ախոեան.
Բայց ծեր միտքը չէր պան շինել,
Այլ էղածը հիմքէն քանդել.
Հաստն ու պարակ ունի մէկ կին-
Այսպէս խափիլ իք միշտ ազգին,
Ինչ է ուսում` այդ տուք չկիտիք։
Տահա՛ ասիմ՝ տուք ինչ արիք։
Ասիմ ծեզի՝ տուք ի՛նչ արիք
Վերչին հնարն ալ տուք կօրծ տըրիք,-
Կրեցիք մէկ կանկատի թուխթ,
Քալցնել տըւիք տուն ու խանութ.
Մեզի կորցնել շատ ուզացիք.
Տահա՛ ասի՜մ տուք ի՞նչ արիք։
Ծեր արածը տուք ալ կիտիք,
Պան չի մընաց, վօր չանէիք.
Վօ՞ր մէկն ասիմ՝ հէսապ չունի...
Էրնէ՜կ մէկ օր անկաճն ինկնի
Վեհափառին, վօր վարժատան
Էք եվ էիք անհաշտ տուշման,
Գուցե վօր նա խիստ տատաստան
Պանայ ծեր չար կլխու վըրան,
Գուցե պատժէն ակնածէիք,
Ու չար կօրծքէ տուք վաղ գայիք...
Բայց մեր Վեհը հեռու է, ա՜խ,
Իսկ ծեր հօքին շատ է խարդախ,
Մինչեվ խօրթը հասնի տեղը՝
«Կմեռնի էշը, կամ էշի տէրը»։
Այս պանըս տուք խիստ լալ կիտիք,
Ու մարթոցմէ հէչ վախ չունիք.
Չունքի հօքի չիք հավատալ,
Երկիւղ չունիք աստուծմէ ալ,
Շինտը ասէք, ի՞նչ պիտ անինք,
Վօր ծեր ծեռքէն մեզ ազատինք։