Jump to content

Մրգավաճառ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ՄՐԳԱՎԱՃԱՌ

Արթնացիր տիկին քունէդ
Մրգավաճառը եկաւ,
Ու թօմպուլիկ զաւակներուդ
Անուշ ու թարմ միրգ բերաւ։
Աժան աժան տամ պիտի
Որ տակառս շուտ պարպուի։

Զմիւռէն բերել տուի
Խոշոր հատիկով նուռը,
Թէ՛ անուշ եւ թէ՛ թթու՝
Որն որ կ՚ուզես զայն ա՛ռ դու.
Չ՚առնես նէ ալ մէյ մը տե՛ս,
Երթամ նէ՝ չեմ դառնար ես։

Եաֆայէն նոր ղրկեցին
Գլխուս չափ բօրթուգալներ,
Երբ մէկ կատը կեղուեցի՝
Բերնիս ջուրերը կը վազէր։
Եթե կ՚ուզես հատ մը ա՛ռ,
Բայց բոլորէն վար չեմ տար։

Անմահական հոտ բուրէ
Խնձորըն Ամասիայի,
Որ աղէկ մեղք կ՚ըլլայ
Անուշիկ հին գինիի։
Թէ գինի չես գործածեր՝
Մաղմադի մէջ եփէ, կե՛ր։

Հապա այս մեծ սերկեւիլ,
Որոյ նման տեղ մը չկայ,
Թէ ինծի չես հաւատար՝
Ելի՛, մեյվախօշ գնա՛.
Չես երթար նէ՝ ասկէց ա՛ռ,
Խաթըր խութըր խած ու կե՛ր։

Մոռցայ կարագի նման տանձս
Որ կ՚արժէ բոլոր գանձըս,
Հատ մը ա՛ռ կե՛ր ու փորձէ
Թէ ակռաներդ կարծր է.
Չ՚առնես նէ ալ մէյ մը տե՛ս,
Երթամ նէ՝ չեմ դառնար ես։

Հոգիս բերանս եկաւ
Մինչեւ գտայ այս նուշ,

Կոտրէ, կե՛ր, չաթըր չութըր,
Երակներդ կաթ լեցո՛ւր.
Չ՚առնես նէ ալ մէյ մը տե՛ս,
Երթամ նէ՝ չեմ դառնար ես։

Դեռ ո՞ր մէկ միրգերս գովեմ,
Թուխ ու կաղի՞նս թէ չամիչս,
Թէ Պրուսիայի շագանա՞կս,
Կամ Շահէն բերած արմաւս.
Ամէնքն ալ անուշ ու թարմ,
Ուտես նէ՝ դու կառնես համ։

Թէ քու ուած միրգերդ
Սակառիս մէջ չունիմ ես,
Այսօրէն ապըսպրէ,
Վաղն առտու բերեմ քեզ։
Ամենքն ալ անուշ ու թարմ,
Ուտես նէ՝ դու կառնես համ։

Տե՛ս, կշառքս ալ ինձ նման
Մազի չափ ծուռ մուռ չունի,
Մանաւանդ ատրամներըս
Որ ցորեն մը պակաս չունի.

Աժան աժան տամ պիտի
Որ տակառս շուտ պարպուի։

Իսկ թէ առնելու միտք չունիս,
Մեղք եմ, մի՛ վար դներ զիս.
Կանուխկէկ երթամ գործիս,
Հաց ճարեմ իմ մայրիկիս.
Զի թէ պարապ տուն դառնամ,
Հէմ ծեծ՝ հէմ դուրսը կը մնամ։

Ա. Ռ.