Jump to content

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց/ԺԱ-Ի

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԺԱ. Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Սահակդուխտ

[խմբագրել]

21 Յուլիսի 736.

ՀՐՈՏԻՑ ամիսն է, արեւն` առիւծ աստեղատան մէջ արդարեւ հրեղէն ճառագայթներովը` իբրեւ առիւծային թաթերով կու լլկէ կու տոչորէ զերկիր: Հայկայ հրաճօճակ աստղն այլ (Շնիկն) սկսած է բարձրանալ, ամեն տեղ տաք, ամեն բան կրակ: Ո՞ւր են այն Հայոց ձիւնեղէն սառնապատ լերինքն, անոր բեւեռային կերպարանքն` հիմա յայրեցեալ գօտի փոխուեր է: Երկու հակադէմ կլիմայք կ՚երեւին մեր երկրին մէջ. սաստիկ ցրտութիւն եւ սաստիկ տաքութիւն: Ի՞նչպէս բնակելու է ասանկ երկրի վրայ: … Մեր հարքն, եւ մեր եղբարքն անգամ, շատ տեղ գետնի վրայ չէին բնակեր ուրիշ աշխարհաց բնակչաց նման, գոնէ տարւոյն երկու ծայրայեղ յեղանակաց ատեն, այլ անկէ վար կամ անկէ վեր. այսինքն ձմեռն` երկրին երեսաց տակ, կէս գետնափոր տանց մէջ, նման իմն հողաթմբիր կենդանեաց. իսկ ամառն` այլ աւելի վայելչապէս, երկրիս սովորական երեսէն վեր, օդասահման կենդանեաց եւ թռչնոց հետ. կամ լերանց եւ սարից վրայ, կամ ծառոց եւ ձեռակերտ բարձրաւանդակաց վրայ, ձողերու ցիցերու վրայ հաստատելով դարպասներ եւ ննջարաններ: Ասոնք են հովք եւ հովանոցք եւ հովոց տեղիքն Հայոց. որ Թորգոմայ օրերէն ի վեր մինչեւ ցայսօր սիրելի եւ բաղձալի են ի Հայաստան եւ Հայաստանի եզերքը բնակող ազգաց. եւ ինչ որ այսօր Ռուսաց եւ Օսմանեանց իշխանաւորքն եւ զօրապետք կ՚ընեն երկրին բնիկ ժողովրդեան հետ` անոր բարձրաւանդակաց վրայ ամառնանալով, զնոյն 4000 տարի առաջ այլ Բաբելոնի եւ Նինուէի թագաւորք եւ իշխանք, մեր թագաւորաց, իշխանաց եւ ռամկաց հետ: … Ո՞րչափ այլադէմ, այլախօս, այլակամ ժողովուրդք, զօրք եւ տեարք ամառնացան բնակեցան հոն ի հովս Հայոց, եւ անցան գնացին, շատերն անդարձ, իսկ երկիր դարձեալ նոյնպէս իր ամարանոցը կու պատրաստէ. նոյնպէս կու բուսնին ծառք եւ ծաղկունք, նոյնպէս կու գան ծիծռունք եւ կռունկք. նոյն հովք եւ նոյն հովանիք Հայոց. եւ նոյն, … այո, ըսենք կիսամաղձիկ կրիւք, եւ նոյն սերունդք բնիկ նախնեաց, դեռ եւս վկայք երթեւեկի այլազգեաց, եւ վայելողք հովոյն եւ զովոյն:

Օրհնեա՜լ ըլլան հովքն Հայոց, հովք հայրենեաց, զոր ի մխիթար եւ ի մոռացումն երկայն ձմերան` պարգեւեց մեզ դրախտին տնկողն, Արարչապետն. օրհնեա՜լ հովն եւ զովն` որ ի ցած ձորերէ եւ դաշտերէ վեր կանչելով ժողվելով զՀայաստանեայս` երկրին այն կոնաձեւ կամ տափաձեւ բարձանց վրայ, իբրեւ ի վերայ սեղանոյ բնութեան, բնաբար այլ կ՚ազդէին անոնց` արարչագործ մեծութիւնը, վսեմութիւնը, գեղեցկութիւնը, զանազանութիւնը: Կ՚առողջանային կ՚ուժովնային կու զուարթանային միտք եւ մարմին. թագաւորն կու հպարտանար, եւ ոչ անիրաւէր, որ Աստուած իր իշխանութեան տակ ձգեր է այն հովասուն սահմանները, եւ անոնց աշխոյժ ծնունդքը, զինուոր եւ ազատազունք հոն կու զօրացընէին, թեթեւցընէին, ճկուն եւ տոկուն կ՚ընէին իրենց կտրիճ անձինքը, սարէ սար` այծեմանց եւ ցռուց ետեւէ ընկնելով յորս. հովիւք` հոն կու ծաւալէին երկրին եւ երկրագործութեան կենդանի հարստութիւնը եւ օգնութիւնը. արուեստաւորք եւ ռամիկք` օրական եւ ամսական աշխատութիւնները հոն կու հանգչեցընէին, բանասէրք եւ հոգեսէրք անգամ, պաշտօնեայք Տրի, եւ Քրիստոսի, պարապողք ուսմանց եւ կրօնից, հոն այն հովերուն մէջ գոնէ ժամ ժամ զովանալով, աւելի յստակ մտօք եւ պայծառ տեսութեամբ կ՚ելլէին բարձրագոյն տեղուանք, ի կաճառս հռետորաց, ի պարս բանաստեղծից, յերամս հրեշտակաց. եւ իրենց հոգեշունչ Օրհնութիւնները եւ Համբարձինները երգելով` կ՚իջնէին, եկեղեցւոյն Շարականը եւ Մանրուսմունքը` նոր նոր եղանակով հարստացընելու. եւ ամառնային հովանոցներու ազդած երկնախառն հոգին եւ շունչն` զարմանալի այլակերպութեամբ ինչուան խորագոյն ձմերան խորանիստ տաճարաց մէջ հնչեցընելու, եւ ձայներնին հասցընելու յետ հազար տարիներու` մինչեւ մեզի այլ: Օրհնեալ ուրեմն միանգամ այլ ըսենք, այն երկնաշունչ Հովքն Հայոց, որ այսպէս հոգեւորեցին մեր հարքը, եւ անոնց յարդարեալ շնչովն` զմեզ այլ կու հոգեւորեն այսօր: …

Ե'կ, Հայկակ, ելնենք այսօր մենք այլ այն բարձրանազ տեղերուն, հայրենեաց դարերուն, Հայոց հովերուն, Սիւնեաց զովերուն վրայ. այն տեղուանքը` ուր Բաբիկ` ազատեալ ի պանդխտութենէ Պարսից` ուրախութեամբ որսի կ՚ելնէր. «Խնդալով ի վերայ սովորական թատերացն եւ խնջոյից խրախարանացն, ի լերինս որսասուն եւ բազմաջոլիր վայրացն, ի լերինս Սիւնեաց»:

Այս խաղէն խնտումէն եւ որսէն աւելի պիտի ախորժիս անշուշտ, երբ քիչ մը յօգ­նութիւն առնելով, եւ աչքերդ բնութեան բարձրագլուխ եւ խորածոց գեղեց­կու­թեան վրայ պտըտցընելով` թողուս միտքդ վեր վար ժուռ գալու, եւ յանկարծ լսես վերը յիշեալ պաշտօնէից մէկուն ձայնը, որ իր աշտիճանին յարմար եւ իր բնա­տուր շնորհաց համեմատ` բարձրագոյն մտածութեանց մէջ թըռչտելով վերա­նալով, Սիւնեաց Սիոնի լեռնէն կու սլանայ Երուսաղէմի Սիոնը, անկէց այլ ան­դին, հեռու, խոր կ՚իջնէ մինչեւ յափունս Կարմիր Ծովուն. հոն կու պտըտի մեծ նա­խամարգարէին հետ, կու դիտէ ծովակըտուր գաւազանին հրաշքը, կու լսէ ա­նոր հրաշալի Օրհնեսցուքը. եւ իր բարձր հանճարոյն վրայ վստահացեալ` աւելի վե­հագոյն անձին (Քրիստոսի) շնորհօք, կու փորձէ աւելի հոգիացընել հայացընել այն հրաշալի օրհներգը. եւ սլանալով իր հայկական հովոց վրայ` կու սկսի նուագել.

«Յաղթական քեզ օրհնութիւնք, Տէր. որ ըզխորոց ծովուն հերձեր զջուրն. զի ի նմա զբռնաւորին ջաղխեցեր զգլուխ. եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո` վերածեր ի կեանս:

Կամաւոր մահուամբ ի քէն, Տէր, արձակեցեր զհոգի զօրութեան, ի մէջ մահու զմահ աւերեալ վանեցեր եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո վերածեր ի կեանս:

Նայեցարուք ի բարբառ մարգարէին եւ ի պատգամս կենդանիս. որ քարոզեաց մեզ զցօղն կենաց ի յերւնից:

Զիջումն քո, Քրիստոս, գուշակեաց մեզ մարգարէն. եւ զկամաւոր չարչարանս խաչին գոչէր ասելով. Տարածեաց զթեւս իւր, ընկալաւ զնա, եւ բարձեալ բերէ ի փրկութիւն աշխարհի:

Ծափս հարէք ամենայն հեթանոսք եւ օրհնեցէք զԱստուած. զի հուրն Աստուած բանն մարմնացաւ ի Կուսէ, աւերեաց զդժոխս եւ զզօրութիւն մահու ելոյծ:

Ընկալեալք զբաժակն ուրախութեան յայգւոյն անմահութեան` սրբոց առաքելոցն, որք ընդհանուր ընթերցան ընդ տիեզերս, լուսաւորեցին, հրաւիրելով զերկնից յարքայութիւն:

Յաւուր վրիժուց հատուցման ամպարշտաց` վերածիցես զմեզ ընդ հոգեցինացն դասս, ի տեղի անկելոց հրեշտակաց, բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ աստուածածնին:

Լուայ զսքանչելի տնօրէնութեան քո զլուր, քանզի յերկնից խոնարհեալ մարմնացար ի սուրբ կուսէն եւ խաչեցար ընդ աւազակսն, եւ զարհուրեալ հիացայ ընդ քո ընդ անհաս մարդասիրութիւնդ:

Զիշխանաբար զյարութիւնդ գուշակեաց մեզ մարգարէն. ասէ, Ելեր դու ի կառս քո, հեծելութիւնդ քո, Քրիստոս, փրկութիւն եղեւ յելանելդ քո:

Երեւեցար ի փրկել զարարածս ի մահուանէ, եւ դժոխք հիացեալ սասանեցաւ ի յահէ ամենազօր փառաց քոց»:

Ո՞ւր եմք, Հայկակ. յՈլիմպո՜ս Հոմերոսի, թէ ի Պառնաս Պինդարու. - բարձրագոյն քան զնոսա. հաւասար Սինայի, ի Սիովն Սիւնեաց: Այս աշխարհիս գաւառաց վեհագոյնն` Վայոց կամ Եղեգեաց ձոր` յափշտակեց զմեզ իր բարձրադիր հովոցաց վրայ, որոց միջէն կարկաջէ փրփրայ սփռուի, կ՚իջնէ բազմավտակ գետն Աբբայ, արեւելքէ յարեւմուտք, Հայաստանի մեծ դայեկին ծոցը, յԵրասխ. գրեթէ գաւառին մէջտեղուանքն Աբբայի աջ (հիւսիսային) կողմը եւ քիչ հեռու ի գետափանցն` է Մոզն կամ Մոզան աւան կամ քաղաքագիւղ, որ եւ մինչեւ հիմա Մոզ անուամբ ծանօթ է. անոր քովէն կ՚իջնէ Աւագական կամ Աւագակն աղբիւրն զովաջուր` յԱբբա. այս երկու տեղեաց միջոցն եւ մօտերն են օդագնաց բարձրաւանդակք, հովոցք Մոզան. եւ ահա այն հովոցներու վրայ հանգչողաց մէկն է հեղինակ այս սրբազան եւ վսեմական օրհներգութեանս. եւ ինքն իսկ սրբազան եւ վսեմ անձն, բոլոր Սիւնեաց երկայնաշար քահանայապետաց մէջ (որք Լուսաւորչի օրէն մինչեւ ի մեր օրերը յաջորդած են 90 կամ 100 թուով) ամենէն հռչակաւորն իմաստութեամբ եւ թերեւս բոլոր մեր բանասիրաց եւ բանահիւսից մէջ ամենէն վսեմախօսն, վասն որոյ եւ կոչուած Քերթող եւ Իմաստասէր, ինքն նախագահ եպիսկոպոսն Սիւնեաց ՍՏԵՓԱՆՈՍ: Որ եւ այսօր (21 յուլիսի, յամի Տեառն 736) ցորեկուան տաքութեան հետ` հոգւոյ եւ մտաց տաքութեամբք այլ նեղեալ` կու գայ իբրեւ մարդ սոսկական զովութիւն փընտռելու ի բնութենէ եւ ի միայնութենէ: Եթէ յանդգնինք մենք այլ միայնաբար դիտելու զնա, ահա կու տեսնեմք` որ իբրեւ տեղեակ այս տեղերուս` անսովոր եւ անմարդաձայն ճամբով մը կու գայ, Աւագ աղբեր ընթացքը կու բռնէ, անոր հովանաւոր ափանցը ընթացիւք. քալուածքն երագ, հաստատ եւ իբր սպառնալից. նոյնը կարծել տան դէմքն այլ, որոյ սեւաթել շրջանակին վրայ հազիւ քիչ մը արծաթագոյն խառնուածք կ՚երեւնայ. բարձրակամար յոնքն քիչ մը իրար մօտեցեր են լայնաբոլոր ճակտին կեդրոնին տակ. երեսքն չոր կարմրութեամբ մը կու վառին. բայց քանի կու յառաջէ` դէմքն կու թուլանան, հանդարտութիւնն կ՚աւելնայ. կարծես թէ ոտքին տակ ցատքըտող մորեխաց, գլխուն վրայ կախուած ճպռանց աղաչական ճռճռմանց ողողմելով, եւ կանաչ հովանւոյն պատառուածոց միջէն երեւցած կտոր կտոր երկնից կապոյտներէն խրատուած` կընճռուած ճակատը պարզելով, խարշափուն տերեւոց մէջէն սուլուլիկ հովերու շնչմամբքն սրտաբացուելով, եւ ջրոյն մանրաքրքիջ կարկաջանօք հրաւիրուած, քալուածքը կու ծանրացընէ, կու դադրի. կու նայի ծառոց եւ ալեաց վրայ. կու ձայնէ իր փոքրաւորաց եւ սպասաւորաց յառաջ գալ, եւ հոն իր վրանը կանգնել եւ հեռանալ. եւ երբ զինքը իր ցանկալի առանձնութեան մէջ կու գտնէ, վերարկուն վար դնելով, կ՚երթայ աղբիւրին յստակ հոսանաց տակ տաքութիւնը բժշկելու. կու զովանայ, կու ջնջուի, եւ աղբերափանց մօտ յարմար լայնամիջոց ուռենի ծառ մը տեսնելով` կ՚առնու իր փայտաշէն հանգստանոցը, ամառուան հովոցի անկողինը, կու հաստատէ այն կանաչ-վարագոյր հովանեաց տակ, եւ զԱստուած օրհնելով` անոր բնաբուն բնազարդ տաճարին մէջ, հանգիստն ի քուն կու փոխուի, մտածութիւնքն յերազ եւ ի տեսիլս: … Արդեօք կու տեսնէ՞ր քիչ մը վերջը ըլլալիլքն այլ. երազական տեսիլքներէն բացայայտ ճշմարտութեան մը, մտնել ու մնալն առանց արթըննալու: … Ո՜վ սխրալի եւ սոսկալի դիպուած, եւ գրեթէ աննման այսպիսի աննման մարդու մը համար:

Բայց յառաջ քան զդիպուածն` քիչ մ՚այլ ճանչցի'ր, Հայկակ, այս վսեմամիտ մարդուս կեանքը եւ գործքը: Վսեմ մտացն յարմար կամ թէ առիթ իսկ այնպիսի մտաց` վսեմական ծագումն ունէր. Հայոց մայրաքաղաքին (ուր կու նստէր կաթողիկոսն եւ Արաբացի ոստիկանն աշխարհատեսուչ), աւագերեցն Սահակ` որ յետ կաթողիկոսին նախապատիւ կրնայ ըսուիլ Դունայ եկեղեցեաց պաշտօնէից մէջ, ընծայեց աշխարհիս զՍտեփաննոս, իբրեւ Զաքարիա մը Աստուծոյ սրբագոյն սեղանոյն խունկ ածելու ատեն` իրմէ արժանաւոր քահանայացաւ զաւակ մը մաղթելով եւ ընդունելով, անոր Յովհաննէսին նման` զսա, որ արդարեւ անոր պէս այլ վախճան մ՚ունեցաւ: Աւագերեց հայրն` յայտնի է որ իր որդին առաջին տարիներէն սկսաւ վարժեցընել եւ կրթել ուսմանց եւ եկեղեցական պաշտամանց. որոց աւելի յարմար եւ վեհագոյն վարժարան մ՚այլ չէր կրնար գտնել քան զնոյն իսկ Հայոց կաթողիկոսարանը, ուր եկեղեցւոյ ուխտին համար մասնաւոր ուսումնարան մ՚ունէին մեր հայրապետքն. որոց աթոռը կու նստէր այն ատեն Տէր Սահակ, ազնուական, միանգամայն եւ բանավարժ բանաստեղծ անձն, որպէս վկայեն իր գրչէն մնացեալ քանի մը ճառք եւ շարականք. անշուշտ ճանչցաւ հանճարաւոր կաթողիկոսն իր հանճարեղ համբակը, եւ յանձնեց մասնաւոր խնամոց վարժապետաց:

Ասոնցմէ աւելի ուսումնասէր գտուելով աշակերտն, երբ պատանեկութեան տարիքն հասաւ` չգոհանալով այն տեղ սովրածէն կամ սովրեցնողներէն, աւելի ճարտար անձ կու փնտռէր: Այն ատեններն (ի վերջ Է դարու) մեծ համբաւ հաներ էր Սեւանայ ծովուն հարաւակողմը նոր հաստատուած վանք մը, որ իր վանականաց հագած ոչխարեղէն մորթոյն անուամբ` Մաքենեաց կամ Մաքենոց կոչեցաւ. որոյ առաջնորդն Սողոմոն` Հարանց հայր անուանեալ, թէ ճգնողական վարուք եւ թէ իմաստութեամբն ամենուն ծանօթ եւ հռչակեալ էր, մանաւանդ երբ ի սկիզբն Ը դարու հրատարակեց Տօնական գիրքը, հաւաքումն վարուց սրբոց եւ ճառից վասն տօնից: Այս սուրբ եւ գիտուն անձին քով այլ առաքինութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ վարժելով` ինչ որ կրնար մէկն հոն սովրիլ, սկսաւ անկէ այլ բարձրագոյն տեղ խնդրել. գնաց երկու դարէ ի վեր պանծալի եւ Հայաստանի մէջ ամենէն հռչակաւոր ուսումնարանը, Սիւնեաց վարդապետարանն. որ ըստ պատմըչին «գլուխ էր ամենայն գիտնոց Հայոց, եւ պայծառացեալ դպրոցքն որ ի նմա. քանզի որպէս Աթենացիքն ՚ի մէջ Հոռոմոց եւ Յունաց ճոխացեալ էին եւ մայր իմաստից կոչեցեալ… այսպէս եւ սոքա ի տանս Թորգոմայ, յաշխարհիս Հայոց»: Եպիսկոպոսն Սիւնեաց Մովսէս ճանչցաւ մէկէն իր մեծարելի հիւրը, սիրով ընդունեցաւ, եւ հրամեց անոր սուր եւ անյագ միտքը վարժեցընել, ինչչափ որ իր ամենէն գիտուն վարդապետքն կրնային, որոց քիչ ատենէն հաւասարեցաւ եւ գերազանցեց, եւ սուրբ աստիճաններն այլ առնըլով` անցաւ ի կարգ վարդապետացն, թէ եւ դեռ նորահաս երիտասարդ էր տարւոք, եւ հրամանաւ եպիսկոպոսին սկսաւ վարդապետել, եւ դաս տալ այն անուանի վարժարանին մէջ, որոյ արժանաւոր վարդապետքն քէրդող եւ հռէտոր կ՚ըսուէին: Կ՚երեւի թէ այս ժամանակ ոչ միայն «բերանով մեկնէր զաստուածային գիրս աշակերտելոցն ի վարժարանին» այլ եւ գրով աւանդեց սուրբ գրոց մեծ մասին մեկնութիւնը, համառօտ բայց իմաստալից եւ քաջադատ, որոցմէ մնացեալք եւ յիշեալք են Մեկնութիւն գրոց Ծննդոց, Առակաց, Յովբայ, Դանիելի, Եզեկիելի, զորից Աւետարանաց, Յակովբայ թղթոյն, եւ զատ ի Ս. Գրոց`` նաեւ եկեղեցական գրեանց, ինչպէս Ժամագրոց, եկեղեցական խորհրդոց եւ տօնից, որոց համար շինեց եւ երգեց զանազան ոճով եւ ձեւով եղանակաւոր երգեր, որք կ՚ըսուին Կցուրդք, Ստողոգիք, Մեծ պահոց եւ Յինանց միջոց երգելու համար, եւ շարականներ, որոց մէջ ծանօթագոյնք եւ իր գրուածոց գլուխ գորոծց համարեալ են Աւագ օրհնութիւնք Յարութեան, որ եւ մեր հայերէն դպրութեան գեղեցկագոյն բերոց մէկն են, ասոնցմէ էր մեր վերը լսածնիս այլ «Յաղթական քեզ օրհնութիւնք»: Այս մեկնութեանց մէկ մասն այլ գրեց ի Դուին ի կաթողիկոսարանին, երկրորդ անգամ հոն բնական ատեն, յետ մահուան Մովսիսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի. որ նախ քան զվախճանեալն` եպիսկոպոսարանին հոգաբարձութիւնը իրեն յանձնեց, ինչուան որ նոր եպիսկոպոս դրուի. եւ երբ Սիւնեցիք ընտրեցին զԱնանիա, Ստեփանոս տարաւ զնա առ կաթուղիկոսն (Եղիա) եւ ձեռնադրել տալով յուղարկեց իր աթոռը ի Սիւնիս. իսկ ինքն մնաց կաթուղիկոսին քով:

Այն ատենները ի Դուին էր Հայոց իշխանապետն եւ սպապետն Սմբատ ասպետ Բիւրատեան, որ երբեմն Յունաց դուռը կեցած եւ պատուած, կրօնական եւ արտաքին ուսմանց այլ հետամուտ եւ տեղեակ էր. ասոր հետ Ստեփանոս վէճ ունեցաւ Յունաց եւ Հայոց դաւանութեանց տարբերութեան վրայ, եւ իշխանն յաղթող ելաւ. հմտութեամբ` Յունաց Ս. Հարց վարդապետութիւնը հարազատօրէն մէջ բերելով, միանգամայն փիլիսոփայական պատճառաբանութեամբ քննելով: Իմացաւ Ստեփաննոս որ իմաստասիրական տրամաբանութեանց համար բաւական չէր ինչուան այն ատեն սովրածն ի Հայս, եւ պէտք էր աղբիւրներէն քննել սուրբ վարդապետաց գրուածքը: Եւ որովհետեւ Սմբատայ հետ աւրուած էր` գաղտուկ եւ ծպտեալ ելաւ ի Դըւնայ եւ գնայ ի Կ. Պօլիս. եւ փնտռելով գտաւ հոն վարպետ Յոյն իմաստասէր մը որ եւ ճգնաւորի պէս կ՚ապրէր ի միայնութեան. անոր աշակերտեցաւ թէ լեզուն սովրելու եւ թէ փիլիսոփայութիւն. յունարենէն զատ լատիներէն այլ սովրեցաւ որ արեւմտեան եկեղեցւոյ Հայոց վարդապետութեանն այլ տեղեկանայ: Իսկ Սմբատ դժուարելով անոր գաղտուկ երթալուն, իմացաւ ուր ըլլալն, եւ նախանձայուզութեամբ իմացուց կայսեր, Ստեփաննոսի ով եւ ինչ կարծեաց տէր ըլլալը: Կայսրն այլ, կ՚ըսէ պատմիչն, հրաման տուաւ քննելու զՍտեփաննոս. իսկ սա իր վարպետէն խրատուած` ըսաւ, թէ ես ուրիշի հետ բան չունիմ, այլ պանդուխտ եմ, եկած եմ ապրուստս հոգալու եւ իմ բարուցս աշխատելու: Այս խօսքով ոչ միայն ազատութիւն գտաւ, այլ եւ համարձակութիւն առաւ քաղաքը գալու եւ Յունաց եկեղեցիները եւ ուսումնարանները մտնելու. մանաւանդ Ս. Սոփիայ գրատունը, ուսկի ուզած գրքերը կ՚առնուր, կարդար, կ՚օրինակէր, թարգմանէր: Յետոյ Աթէնք այլ գնաց, հոն այլ հին իմաստասիրաց թողած համբաւոյն մնացորդը քաղելու, եւ նոր գրքեր քննելու: Եւ երբ դարձաւ` աւելի ծանօթացաւ Յունաց մեծերուն, պատրիարքարանին եւ արքունեաց: Հոս էր այն ատեն Դաւիթ հայազգի իշխանազն, որ հիւպատոսութեան եւ թագաւորական սեղանակցութեան պատիւն ունէր, եւ յունարէն լեզուն կատարեալ գիտէր: Ասոր օգնութեամբը կամ աչքէ անցնելովն` թարգմանեց Ստեփաննոս զանազան Ս. Հարց գրուածներ. նախ Դիոնէսիոսի արիսպագացւոյն խրթնաբան խորիմաց գրքերը, որոյ մթին բանիցն այլ լուծմունք կամ մեկնութիւն գրեց համառօտ. այս գործս ի գլուխ հանեց յամի Տեառն 712. մէկ երկու տարի ետեւ թարգմանեց Ս. Կիւրղի Պարապմանց ըսուած գիրքն եւ անոր զանազան թղթերն եւ ճառերն. - միւս տարին, 716, Ղեւտական գրոց մեկնութիւն մը թարգմանեց. յաջորդ տարին, 717, Ս. Գրիգորի Նիւսացւոյ Յաղագս բնութեան եւ կազմութեան մարդոյն անուանեալ գրքերը. եւ հաւանօրէն ուրիշ գրքեր այլ: Դաւթի ձեռքով համարձակութիւն առած` կայսերական գրատունն այլ քննեց, եւ գտաւ ոսկետուփ մատեան մը նախնի Ս. Հարց գործոց, զոր արդէն ընդունէին Հայք. որով կայսրն այլ հաճելով այս բանիս` յանձնարարական գրով կամ օգնականութեամբ խաւրեց զՍտեփաննոս ի Հռոմ, ըստ խնդրոյ նորա, որ այն տեղի հռչակաւոր մատենադարանն այլ քննէ. հոն գտաւ Ստեփաննոս լատիներենէ զատ` Յունաց Ս. Հարց գործոց ընտիր եւ հին օրինակներ, ինչպէս Ս. Աթանասի, Ս. Եպիփանու, եւ Ս. Կիւրզի Գանձուց գրքերն. եւ հաւանօրէն ինչ որ մինչեւ այն ատեն հայերէն թարգմանուած չէր` ինքն թարգմանեց: Ասոնցմէ դուրս թարգմանեց Ս. Մէթոդի ըսուած տեսիլքն կամ գուշակութիւնքն, որ ուրիշի շինած անվաւեր գրուածք են. Իլիոնի առման պատմութիւն մը համառոտ, յորում Իլիոնի առումն 1194 տարի Քրիստոսէ առաջ կ՚ըսուի: Ուրիշ շատ գրքեր այլ, կամ բնագիր կամ թարգմանած` հետն առած, չուզեց ի Հռոմայ նորէն դառնալ ի Կ. Պոլիս, ուր արդէն 15 տարի կեցեր էր. այլ նաւեց յԱսիա եւ դարձաւ ի հայրենիսն ի Հայս:

Իր հեռաւորութեան 15 կամ 20 տարուան միջոց` մեր աշխարհքն շատ փոփոխութիւններ տեսեր մանաւանդ թէ կրեր էր Արաբացւոց ոստիկաններէն, Հայոց իշխանքն նուազեր էին, Եղիա կաթուղիկոսն շատոնց վախճաներ էր, եւ ըստ ոմանց նաեւ իր յաջորդն` մեծանունն Յովհաննէս Օձնեցի, եւ Դաւիթ Արամօնեցին էր կաթողիկոս, որ եւ մեծ պատուով ընդունեցաւ զՍտեփաննոս եւ իր բերած գրքերը, որոնցմէ զատ ունէր նաեւ նամակ մ՚այլ կնքեալ, Կոստանդնուպօլսոյ պատրիարքէն Ս. Գերմանոսէն. որոյ ծանօթ ըլլալով ի Կոստանդնուպօլիս եւ շատ հեղ հաւատոյ վրայ խօսելով, եւ յորդորուելով եւս պատրիարքէն` Յունաց հետ հաղորդուելու, Ստեփաննոս կու զգուշանար, իր կաթողիկոսին հաւանութիւնը չառած: Անոր համար Ս. Գերմանոս գրեց այն հոգելից թուղթը, «Քրիստոս է խաղաղութիւն մեր», զոր եւ ինքն Ստեփաննոս թարգմանեց եւ տուաւ կաթողիկոսին, եւ անոր հրամանաւն այլ, կ՚ըսեն, գրեց պատասխանը, «ԶՔրիստոսի խաղաղութիւնն առ բերելով»: Սակայն այս պատասխանը, հիմա մեր ձեռք եղած օրինակներուն նայելով` հեռի է ի խաղաղութենէ Քրիստոսի եւ ի հոգւոյն Գերմանոսի եւ յիմաստութենէն Ստեփաննոսի, թէ եւ շատք ի նախնեաց մերոց յանուն Ստեփաննոսի յիշեն, այլ եղան եւ երկբայողք եւ օտար ձեռքի խառնուրդ ցուցընողք. զոր զգոն քննող մը կրնայ ստուգել թէ այն երկու թղթերը կարդալով, թէ Ստեփաննոսի ուրիշ գրուածները, եւ թէ մանաւանդ անոր հանճարը եւ Յունաց հետ այնքան կենակցութիւնը: Ոչ միայն կաթողիկոսն Հայոց` այլ եւ իշխանք ճանչցան եւ պատուեցին զՍտեփաննոս, մանաւանդ Սիւնեցիք, որոց քով վարդապետ եւ ուսուցիչ եղեր էր, եւ որովհետեւ իրենց եպիսկոպոսն Յովհան` յաջորդն Անանիայի, արդէն վախճանած, Բարդէն եւ Քուրդոյ իշխանք Սիւնեաց խնդրեցին ի կաթողիկոսէն որ ձեռնադրէ զՍտեփաննոս իրենց եպիսկոպոս: Կաթողիկոսն ոչ միայն եպիսկոպոս ձեռնադրեց զնա, այլ եւ ի պատիւ արժանեաց նորա անուանեց մետրապօլիտ. եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռը որ մինչեւ այն ատեն եօթներորդ կու սեպուէր ի կարգի եպիսկոպոսաց, բարձրացուց յերրորդ կարգ, եւ Սիւնեաց աշխարհին ուրիշ եպիսկոպոսներուն նախագահ գրաւ զնա:

Մէկ տարի մը միայն կատարեց Ստեփաննոս իր պաշտոնը արժանապէս, թէ հովուական այցելութեամբք եւ թէ քարոզելով, եւ գրելով` զատ յառաջին գրածներէն` զանազան խնդրոց վրայ ճառեր, որոնցմէ հասին մեզի քանի մը հատ, քանի մը մեկնութիւնք այլ եկեղեցւոյ խորհրդոց եւ ծիսից, եւ մեկնութիւն մը հին քերականին, զոր հաւանօրէն ի Կոստանդնուպօլիս գրած է: Սրբազան երգոց մէկ մասն այլ թուի թէ երգեց այս միջոցիս, (որ ըստ ոմանց ոչ մէկ տարի` այլ ութ տարի քշեց, բայց կ՚երեւի թէ առաջին տարիներն Սիւնեաց աթոռոյն անտէրութեան ժամանակն են):

Ո՞րքան ազնիւ եւ ցանկալի երգեր եւ այլ գրուածներ եւ թարգմանութիւններ փափաքելի եւ յուսալի էր այսպիսի բանիրուն վսեմական անձէ մը, որ յետ ոսկեգիր թարգմանչաց Ե դարուն` առաջին թարգմանիչ կրնայ ըսուիլ. մինչեւ ոմանք նոյն իսկ թարգմանչաց մէջ կու խառնեն զինքը, կամ իր գործքերը կ՚ընծայեն թարգմանչաց ժամանակակից Ստեփաննոսի մը` որ չէ եղած:

Դառնանք հիմա ի Մոզն աւան, ուր շատ անգամ եկած էր Ստեփաննոս այցելութեան, այս տեղս նոյն ատեն շինութեամբ ու հարստութեամբ նշանաւոր եղած կ՚երեւի, քաղքի մը պէս. եւ թերեւս հարուստ քաղքի շնորհօք եւ անշնորհութեամբք ոչ աննշան: Եղծ ու մեղծ բարուց պժգալի օրինակ եւ ցուցանք մը կու յիշէ պատմութիւնն, եւ անով այլ մեր պատմութիւնը կու լռեցընէ. ցուցանք մը` Մեդէայ, Յեզաբելի, Հերովդիադայ տեսակէն. անպարկեշտ լկտի եւ յանդուգն կին մը, հերատուկ մը, որ թերեւս շատ ցածազգի տնէ այլ չըլլալով, աւելի համարձակութեամբ կու լրբէր իր գլխէ հանած երիտասարդին հետ, եւ գայթակղութիւնն կու հրատարակուէր: Ասոր համար արթուն եպիսկոպոսն երեք անգամ եկեր խրատեր էր այդ անզգամ զգայունը, որ չէր խրատուած. իսկ այսօր չորրորդ անգամ յանդիմանելով, եւ անոր լրբութիւնը տեսնելով` հոգեւոր իշխանութեամբն բանադրեց, Աստուծոյ արդար դատաստանին եւ մարդկան արհամարհանացը թողուց զանիկայ. եւ այն բարկութեան տաքութիւնն էր` որ ցորեկուան տօթուն հետ խառնուած կու ստիպէր կու տանէր զինքը քիչ մը զովութիւն եւ հանգիստ փնտռելու, նախ Աւագական ալեաց եւ վերջը ճօճաճիւղ հովոցին վրայ: Որչափ որ սրտադողն եւ նեղութիւնն սաստիկ էր եղած, այնքան այլ հանգիստն խոր եւ խաղաղ եղաւ. եւ ո՞ գիտէ, կիսարթուն միտքն ի՞նչ մեղեդեաց եւ խորհրդածութեանց հետ էր, կամ հոգին` տեսլեամբ` ո՞րքան հեռացեր էր այս աշխարհքէս, երբ յանկարծ իրօք այլ բոլորովին հեռացաւ վերացաւ ասկէց. եւ երանի՜ թէ երեսին խաղապատած զովագին հովուն բաբախմամբ եւ ոչ դահճէ աւելի դժնդակ հարուածով մը` կտրէր շունչն: Սոսկումն եւ զզուանք կու բերէ լսելն, թող թէ պատմելն, այնպիսի անարգ եւ եղեռնաւոր վրէժխնդրութիւն մը, մանաւանդ այնպիսի արարածէ մը` որ կին կ՚ըսուի, որ բարութեամբն կակուղ հրեշտակ մը կու դառնայ, չարութեամբն խոտոր սատան: Յանցաւոր եւ անիրաւ կինն այն` ոխով լցուած ընդդէմ եպիսկոպոսին, ուզեց նոյն օրը դիւական դրդմամբ սարսափելի յիշատակ մը թողուլ աշխարհիս մէջ, եւ իմանալով անոր ուր տեղ հանգչիլը, պարտաւորեց հոմանին` իր անարգ սիրոյն վրայ. մահու զէնքը ձեռքը դրաւ, հանեց զնա ի ծառն. յայտնի է ինչ բանի համար: Մարդն թերեւս ոչ այնքան ճարպիկութեամբ որչափ վախելով դողով կամաց կամաց վեր ելլելով, երբ տեսաւ Ստեփաննոսի վսեմափայլ դէմքը` հրաշալի հանգստեան մը մէջ, որոյ ըստ պատմչին «իբր զբոց ցոլանայր շունչն ի վեր, եւ ճախր առեալ դառնայր անդրէն. եւ հրեշտակ մի կացեալ ի սնարսն` հովանի ունէր նմա թեւօքն», սարսափած, թուլցած, հազիւ կրցաւ շիտակ վար իջնել, եւ տեսածը պատմել կնոջը: Իսկ այն այլանդակ այլափոխ սիրտն` այլ աւելի կատղած` նորէն ստիպեց, կանացի եւ դիւացի շողոքով բողոքով, սիրով ու սաստով` որ ուրիշ բան չմտածէ, միայն սպաննէ': Երկրորդ անգամ այլ ելաւ թշուառ ու վատ մարդն, բայց եւ առաջինէն աւելի սոսկացած սահմռկած` ահաւոր բաներ տեսնելով` ծառէն վար ընկաւ քան թէ իջաւ: Այն ատենհերատուկ ջատուկն որ իր առջի բնութենէն բոլորովին դուրս ելած էր, վատ եւ անարի կանչելով մարդուն, թեւերը սոթտելով, առաւ սուրը, եւ այն խաբող սատանային հետ սողոսկելով ծառն ի վեր` հասաւ հրաշունչ հրէշի մը պէս անվնաս եւ անզբաղ որսոյն վրայ. եւ այն վսեմ տաճարաձեւ գլուխը վերցնող սեան (վզին) իջուց անիծեալ հարուածը… այնքան շուտ եւ շիտակ, մինչեւ քնացողն` ցնցմամբ արթնցաւ յաւիտենականութեան մէջ. եւ անկէց տեսնելով իր Մոզան հովտաց եւ հովոց մէջ թողած մարմնոյն արիւնթաթաւ կերպարանքը` կանչեց հոգւով. «Տէր, քո է վրէժխնդրութիւն եւ արդար իրաւունք», ինչպէս որ տեսիլքով յայտնուեցաւ այս` Նու կամ Նոյ անուամբ սրբակեաց ճգնաւորի մը, որ այն տեղի մօտ Սիոն լերան վանաց մէջ կ՚աղօթէր…

Այն օրուան հովն` իբրեւ փախչելով եւ ամաչելով` իջաւ բարձրաւանդաւ հանգստարաններէն, երեկոյեան հովանիներուն հետ խառնուելով, որուն զովութիւնը զգալով եպիսկոպոսին սպասաւորքն` եկան վրանը վերցընելու… Փուչ զարմանք, սոսկումն առաւ զիրենք` երբ փայտեղէն մահճէն դեռ կաթկըթած արիւնը տեսան, եւ աստուածակերպ տէրերնին` աւազակի մը պէս սրախողխող… Չերկընցնենք, մեռածէն աւելի իրենք մահացեալ` վերուցին մեծահոգի անձին մարմինը, եւ հանեցին Սիոնի վանքը, ուր լալով եւ ողբով եկան Նու եւ իր միանձունքը, բայց մօտի Արկաղան գեղին բնակիչքն այլ լսելով` իրենց գեղջաւագին հետ եկան եւ աղաչելով պաշտօնէից` իրենց գեղը իջեցընել տուին մարմինը, եւ հանգուցին հոն Ս. Քրիստափորի նուիրեալ մատրան մը մէջ առ ժամանակ մի: Սակայն պժգալի գոյժն գեղէ գեղ, քաղաքէ քաղաք տարածեցաւ, անոր հետ Նոյ ճըգնաւորի տեսիլքն այլ` որ սոսկալի պատուհաս մը կու սպառնայր բոլոր այն սահմաններուն: Չուշացաւ պատիժն, ըստ պատմչին` ահաւոր ժաժ եւ սասանութիւն եղաւ քառասուն որ բոլոր գաւառին մէջ. շատ լեռներ փլան եւ գետիններ բարձրացան, շատ աղբիւրներ ցամքեցան եւ ցամաք տեղուանք աղբիւրացան.ծուխն ու փոշին ամպի պէս կու տարածուէր, եւ բոլոր բնութիւն ի սուգ երեւէր, տասն հազար հոգիէ աւելի համրուեցան շէնքէրու տաւ եւ գետնին պառտառուածոց մէջ մնացող մեռնողքն, անծանօթներէն զատ: Այս կէս բնական եւ կէս բանական պատուհասին հետ` բնակչաց վախն եւ յետնոց աւանդութիւնն խառնուելով` ըսին, թէ ժաժին եւ մշուշին ատեն ողբոց ձայներ այլ լսուէին, իբր թէ Վա՜յ ձոր վա՜յ կանչելով, եւ անկէ` Եղեգեաց ձորն ըսուեցաւ Վայոց ձոր, սակայն այս անունս անկէ հարիւրաւոր տարի առաջ այլ կու լսուէր:

Քառասուն օրէն ետեւ դադրեցաւ ժաժն ու մըշուշն, եւ ամեն կողմէ եկան, երկրին աւերմունքը թողլով` նախ անոր հոգեւոր տիրոջ արժանաւոր հանգիստ մը տալու, եւ եպիսկոպոսաց, քահանայից, վանականաց եւ ժողովրդեան բազմութիւնը բաւական չսեպելով, զկաթողիկոսն այլ կանչեցին, եւ յետ բազմօրեայ գիշեր ցորեկ աղօթից եւ պաշտամանց` աշխարհահանդէս յուղարկաւորութեամբ վերուցին մարմինը յԱրկազան գիւղէն, եւ Արբայ գետոյն դիմացի կողմը անցընելով հանեցին բարձրաւանդակ տեղ մը` լերան ստորոտին վրայ, կանաչաբոլոր միայնութեան մը, այսինքն անտառի մը մէջ, ուր շատ հին ատենէ ի վեր, եւ յառաջ իսկ քան զԼուսաւորչի ժամանակն, առաքելոց քարոզութեանը հետեւող հին քրիստոնեայք Սիւնեցիք եկեղեցի մը շիներ էին Բ. դարուն մէջ, ի պատիւ Ս. Ստեփաննոսի. որոյ քով բոլորեցին հոգեսէր անձինք իրենց միայնանոցը, եւ խստակրօն ճգնութեամբ կ՚ապրէին, գիշեր ցորեկ աղօթելով. եւ կերակրի համար ոչ միայն մսեղենէ եւ կթեղինէ հրաժարելով` այլ եւ ամենայն տաք բանէ, եւ բանիկն անգամ թողլով, անոր համար կոչուեցան Թանահատք, եւ տեղն` Թանահտի վանք. ահա հոս բերին հանգուցին Սիւնեաց իմաստասէր մետրապօլտին մարմինը. վրան պզտիկ մատուռ մը կանգնեցին, զոր յետ շատ ժամանակի, յամին 1278-9 քակելով` մեծ ու քարակոփ գմբեթաւոր եկեղեցի մը շինեցին, եւ հիման տակ թաղեցին մարմինը իր տապանաւն: Այս եկեղեցին ինչուան հիմա կանգուն կեցած է. եւ հիւսիսային կողմը որմնակից ունի փոքրիկ քարաշէն մատուռ մը. տեղւոյն բնակիչք կարծեն թէ հոն ըլլայ Ստեփաննոսի գերեզմանն. բայց պատմութիւնն դեռ եկեղեցւոյն հիման տակ կու ճանչէ այն եկեղեցազարդ գլուխը:

Իսկ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կորաւ այնպիսի գլխոյ դահիճն, հայ Հերովդիադայն, արդեօք ժաժին ատեն պատառուած գետնին անդնդոց մէ՞ջ ընկղմեցաւ, թէ տարերքներէն աւելի տրտմած ու սրտմըտած մարդկանց արդար վրիժուք պատառ պատառ կտրատեցաւ … Ստեփաննոս Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեանը յանձներ էր իր սպանիչը, եւ իր նախանուն նախօրինակ նախավկային հետ` ըսեր էր, «Տէր, մի' համարիր զայդ զմա ի մեղս»: - Ժողովուրդն վախցաւ Աստուծոյ դատաստանը յափշտակերէն, բնութիւնն պատկառեց իր արարչին կամքէն. իսկ այն որ Աստուած է գթութեանց` կակղացուց խստացեալ այլանդակեալ սիրտը. եւ այն սեղեխ հերատուկ Հերովդիդադայն` դարձուց յապաշխարող մը: Ճանչցաւ կինն` իր կարծածէն վեր ըրած չարիքը. եւ ինքզինքը դատապարտելով` զգեստները պատռտելով քարերով կու ծեծէր կուրծքը. եւ այն անպարտ արեան տեղ` իր յիմարած արիւնը թափելով, ինքն իր սոսկալի չարիքը եւ խայտառակութիւնը կու պատմէր, կ՚ողբար, կու բողոքէր իրաւունք եւ պատիժ կ՚ուզէր. եւ տեսնելով որ իրեն մեծագոյն պատիժ է մարդկանցմէ այլ պատիժ չգտնելն, գնաց Թանաահտայ վանքը արեւմտեան կողմէն պատող ձորակի մը դիմաց, եւ հոն գետինը փորելով` մտաւ ինչուան ի կուրծքը կենդանի գերեզմանի մը մէջ` եւ իբրեւ անյոյս մեռեալ մը` ամառ ձմեռ, գիշեր ցորեկ կ՚ողբար կու լար, թողութիւն կու խնդրէր մեղացը. մինչեւ ամենուն գութն այլ շարժեցաւ, եւ աղօթք հրամայուեցաւ անոր համար. թողութեան ձայնն ելաւ ի գերեզմանէ սպանելոյն, «Թողեալ լիցին քեզ մեղք, ո'վ կին դու». զոր եւ սուրբ պատարագի ժամ ամենքն լսեցին, եւ թողութիւն աւետեցին կնոջն: Բայց նա թէ եւ շնորհակալեցաւ Աստուծոյ, բայց դեռ զինքն անարժան սեպելով ուրիշ կերպ ապրելու, ուզեց եւ մնաց միշտ նոյն կենդանաթաղ գբին մէջ. եւ հոն հանդարտ արտսունքով կնքեց ապաշխարող կեանքը. հոն այլ թաղուեցաւ, իր զոհած բարեխօսին դիմաց. որ կու թուի դեռ իր վսեմական ձայնը կամ հառաչանքը լսեցընել այն հին եւ սրբազան թաքնութեան եւ միայնութեան խորէն:

Այլ ո՞ւր է իրեն արժանաւոր խօսնակ մ՚այլ, որ իր ցաւալի մահը ողբերգէր մեզի: Ո՞ւր էր այն մովսիսանման Օրհնեսցուք երգողին հոգեկցորդ քոյրն, Մարիամ, որ նոյն եւ նման երգերը կրկնէր: - Նախանձելի՜ բաղդ, կրնամ ըսել թէ եւ անակնունելի, եւ պանծալի փառք հայրենեաց մերոց. մեր օրհներգու դիտապետն, Ստեփաննոս, ունէր իր մարեմանման թմբկուհին, մեր եկեղեցւոյ սրբազան սիբիլլայն, յիսուսասէր Սափփովն, հարազատ քոյրն, ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏ, որ արեան հետ անոր հոգւոյն նրբութեան եւ ախորժակաց այլ ժառանգակից էր: Սահակադուխտ այլ հմուտ երաժիշտ եւ երգահան էր, եւ հրեշտականման եղանակաւոր. փափուկ եւ սպիտակ հասակը կուսութեամբ եւ հաւատաւորի պարկեշտ ձեւովը պսակած, արդարեւ մենասէր յաւերժահարսին նման, թողուց հեռացաւ յաշխարհէ, միայն իր ընտանեաց սեփական տուրքը` հոգեխօս քնարն առաւ հետը. եւ մէկ հատիկ արժանաւոր միայնութեան տեղ ընտրեց հոն, ուր իրմէ 400 տարի առաջ, Հայոց օրիորդաց պարագլուխն, նրբասիրտն նրբազգածն, նազելեաց նախատիպն, մելամաղձիկն եւ մենասէր, թագապսակ սրբապսակն ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ, իր հսկայ թագաւոր եղբօր (Տրդատայ) ձեռքով կանգներ էր իր սքանչելի օդասրահ Հովանոցը, Գառնոյ ձորոյն սիւնասար պասալդեայ բնաշէն բլրոց վրայ, որք խորանդունդ վհերու եւ բազմածոց ձորակներու վրայ նային. եւ մեր դարուս հմուտ բնաքնիններն այլ սքանչացուցին: Այն Գառնոյ ձորակին ծածուկ ծոցերուն մէջ` գտաւ այրասիրտն, մանաւանդ թէ հրեշտակասիրտն Սահակդուխտ, անզբաղ քարայր մը, եւ հոն անցուց կեանքը, հիանալի բնութեան տեսարանաց մէջ` հիանալի երգովք օրհնելով բնութեան Տէրը: Բայց այն աննման քնարին եւ մեղրաշունչ բերանոյն ձայներն` շատ զօրաւոր էին իր միայնութեան դէմ կռուելու. - երգ եւ լռութիւն չեն կրնար միաբանիլ. - այրէ այր, քարէ քար համբաւն հնչեց, կարծուեցաւ թէ Հայոց եկեղեցւոյն երգահան հոգին, մարեմգոյն մուսայն` մարմնացեալ իջեր է Տրդատայ եւ Խոսրովիդխտոյ սիրական սորերուն մէջ. աշխարհիկ ու եկեղեցականք կու գային, ոչ լսելու եւ զմայլելու միայն, այլ եւ աշակերտելու եւ սովրելու նոր եղանակներ: Հարկ եղաւ որ մեր մուսայն այլ իր աստուածաշնորհ պաշտօնը կատարէ. եւ առանց իր կուսական ու նուիրական շնորհաց նուազութիւն մը բերելու, մենարանին դրան առջեւ վարագոյր մը ձգելով, ինքն ետեւը նստած` կ՚երգէր եւ կու սովրեցընէր: Շատ բարակ եւ բազմաեղանակ երգեր շինեց, զոր մեր երաժիշտքն Մանրուսմունք կ՚անուանեն, եւ առանձնաբար Կցուրդք եւ Մեղեդիք, որոց գոնէ մէկ մասն անշուշտ գտուի այսօր այլ այգ Մանր_ուսմունք եւ Կցուրդք գրոց մէջ, թէ եւ մենք չգիտեմք թէ ո՞ր է յատուկ իրեն, ո՞րն իր երբօրն եւ ո՞րն օտարաց, միայն հաւանիմք թէ շատն առջի երկուքին են, քեռն եւ եղբօրն, Ստեփաննոսի եւ Սահակդխտոյ, այն երգոց մէկն այլ, ինչպէս կ՚իմացընէ մեզի պատմիչն, Սահակդխտոյ անունը կու յայտնէր, տնագլուխ գրերովն, եւ կու սկսէր Սրբուհի Մարիամ: Ժամանակն, ո՜հ, այն ժանեւոր ժամանակն, մեզի չհասուց այն կցուրդն այլ. բայց անշուշտ չկրցաւ այլ բոլորովին անհետ աննշան ընել, եւ թողուց առաջին տունը, զոր եւ շատ հեղ հիմայ ըստ յարմարութեան վայելուչ իմաստիցն` երգեմք առաջի Սրբութեան Սրբութեանց:

«Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի, եւ տապանակ կտակարանաց,
Որ զ՚ի վերուստ զհացն կենաց` պարգեւեցեր քաղցեալ բնութեանս
Առ նա միշտ բարեխօսեա վասն քաւութեան մեղաց մերոց»:

Իր քերդող եղբօրը եղերական վախճանին ատեն` արդեօք ո՞ղջ էր քեդողուհի քոյրն, եւ լսելով սրտահար սրտաբեկ գոյժը` քարայրին անկիւնէն սոսկալով առաջ եկաւ, եւ անդարման ցաւուն յետին մխիթարանք առնըլով իր հոգեխօս բամբիռը, վերջին անգամ անոր ամենէն քաղցր եւ ամենէն ողբական ձայները իր սրտին փափկագոյն զգացմանց հետ` հանե՞ց հնչե՞ց, եւ իբրեւ այլօրինակ Դեբովրա` փոխանաւ օրհնելու այն այլանման տիրասպան Յայէլին ձեռքերը, նզովե՞ց հերատուկ չարազէն կնոջ աջը, եւ իբրեւ մայրն Սիսարայ զրկուած իր սիրելւոյն այցելութենէն, փոխանակ բարձր ձողերու եւ գաւազաններու վրայ կանգուն գիտելու` գետնամած տեսնելով անոր եպիսկոպոսական եւ արքայական վառերը եւ դրոշները, որք եւ արիւնովը, թաթաւած` կու յիշեցընէին նոր եւ կսկծալի կերպով մը «զկապուտ երանգոցն գունագոյն նկարուց, նաօտ պէսպէս նկարուց, այն էր պարանոցին նորա կապուտ», եւ հառաչե՞ց իբրեւ հարազատ քոյր անեղբայր, բայց Սահակդխտոյ եւ Ստեփաննոսի արժանավայել հառաչանօք, եւ ապա իր երկայն սեաւ վարագուրովն` քնարն այլ դէմքն այլ պատելով, ծածկուեցա՞ւ բոլորովին մարդկանց տեսութենէն ի խորս քարայրին…: Պատմութիւնն լռէ:

ԺԲ. Տօնք Նաւասարդի

[խմբագրել]

23 Օգոստոսի.

ՀԱՅՈՑ սրբազան տարեգլխին` բնութիւնն ծաղկափթիթ ծիծաղով կու կենդանացընէ զմարդիկ. իսկ քաղաքական տարեգլխին, որ է Նաւասարդն (օգոստոս), կէս խամրած բնութիւնն ինքնին կենդանանայ մարդկան հաստատած տօներով եւ հանդէսներով: Տարւոյն տաքագոյն ամիսն` Հայոց բարեկենդանն էր, կաղանդ էր, կրօնական, զինուորական եւ աշխարհախումբ հանդէսներով` բարձրատափք, լեռնահովիտք եւ հովոցք Հայոց` գարնանման գեղեցկանային: Բազմաթիւք ի դասս ժողովրդեան` հողագործք` մեծ աշխատութիւն մը չունենալով այս եղանակիս, կրնան ցորեկուան տաքը անցընել` իրենց եւ բնութեան խնամած հովանեաց ներքեւ, ուր կու դիմեն ի քաղաքաց այլ արուեստաւորք, զօրականք եւ ազատազունք: Եթէ դու այլ, Հայկակ, բաղդ ունիս ատոնց մասնակից ըլլալու, բարով գոհով վայելես. ապա թէ ինծի պէս զրկուած ես բնութեան դալար առագաստներէն, հովերէն զովերէն, հովտէն եւ սարէն, դիտէ զանոնք քու մենարանէդ: Նայէ, ի՜նչ գոհ եւ հանդարտ ոմանք նստած պզտի ձեռագործի մը կու պարապին, քան թէ կ՚աշխատին, ոմանք կու խաղան, կու խօսին. մէկն խոտերու վրայ երկընցեր` քուն կ՚ըլլայ, մէկ այլն ջրերուն եզերքը կու զովանայ. ուրիշ մը` քիչ մը փիլիսոփայ կամ մելամաղձիկ` առանձին շքի մը տակ կամ առուի մը գլուխը նստած` կու կարդայ կու մտածէ. հոս տղայք կու ցատքըտեն, կու գլորին, կու պառկին. հոն ամբողջ ընտանիք մը առանց սփռոցի սեղանի մը վրայ ճաշէ. այս կողմը երկու բարեկամք` երբեմն ծանր երբեմն թեթեւ խօսին. այն կողմը` երկու սիրելիք իրենց կարծած ամենակարեւոր բանին վրայ կու խօսին, եւ ի հարկէ անանկ ձայնով մը` որ մենք չի լսենք: Հոն բանակած է այրարատեան աստուածահրաւէր գունդն այլ, ազգային աշխարհապահ զինուորքն, 120, 000ի չափ ժողոված ըստ աշխարհաց եւ նախարարութեանց Հայոց, իրենց իշխանաց եւ Հայոց թագաւորին հետ, կատարելու Նաւասարդի տօները. տօնք աստուծոց պահապանաց, յիշատակք քաջաց նախնեաց, մրցանք կարճաց, խաղք եւ վայելք հասարակաց. զոր 3000 տարւոյ չափ կատարեցին` մեր ըստ աշխարհի երջանիկ նախնիքն, թնդացին դոփեցին Բագրեւանդայ տափերու եւ բլուրներու վրայ, մինչեւ ծածկեցան անոնց տակ: Իսկ երբ Հայկայ եւ Վահագնի օրերուն խորհրդակատ քրմապետաց տեղ` փոխանակեցին խաչապսակ քահանայապետք, մեհենաց վրայ եկեղեցիներ կանգնեցին. բայց անոնց չորս դին եւ դուրսը նոյնպէս մնաց. բնութիւնն իր կերպարանքը չփոխեց, ազգն իր հանդէսները չփոխեց. այլ տօները սրբեց, եւ փոխանակ դից` նուիրեց ճշմարտին Աստուծոյ եւ նահատակաց նորա: Գրեթէ անկարելի էր` որ Ս. Գրիգոր զՀայս ի հեթանոսութենէն դարձընելով ի քրիստոնէութիւն, այն հին մեծահանդէս աշխարհաժողով զբօսանաց օրերը` անհանդէս անյիշատակ թողու. ուրեմն թէ ինքն եւ թէ իր հետեւողքն` անոնց իւրաքանչիւրին տեղ` կերպով մը նման եւ յարմարագոյն սուրբ տօներ եւ եկեղեցւոյ յիշատակներ կանգնեցին: Ինչուան որ քրիստոնէութիւնն աղէկ մը ամրնալով, եւ ժամանակի երկարութեամբ հին սովորութիւնքն խափանելով, կրցան յետագայ առաջնորդ` այն եկեղեցական տօնից օրերն այլ պատշաճապէս փոփոխել, շատն այլ դարձեալ նոյն առաջին հեթանոսութեան տօնից օրաթուին թողուլ:

Նաւասարդի նախընթաց` տարւոյն վերջի հինգ օրերուն սկիզբը` (որք աւելեաց կ՚ըսուին) նուիրեալ էր Վարդածղի Վարդամատն ԱՍՏՂԻԿ դիցուհւոյն, որոյ փոխան առաջին հայրապետն Հայոց կարգեց զՎԱՐԴԱՎԱՌ. որ է տօն Պայծառակերպութեան Քրիստոսի, զոր քան զամենայն ազգ` պայծառապէս տօնեն Հայք մինչեւ ցայսօր: Իսկ նաւասարդին առաջին օրն (11 օգոստոս. ) որ է քաղաքական տարեգլուխն Հայոց, ազգին ամենէն մեծ, պանծալի, սրբազան օրն էր, եւ հանդէսքն շատ օրեր կու տեւէին, պէսպէս յիշատակներով, որք միով անուամբ Ամանորեայ կ՚ըսուէին, իբրեւ սրբազանեալք յատուկ Աստուծոյ մը. քաղաքօրէն այլ համաշխարհական կամ աշխարհաժողով կ՚անուանէին. վասն զի ուրիշ տօներէ աւելի կատարուէին բազմութեամբ մարդկան, որք յամեն գաւառաց կու գային ժողովէին Բագրեւանդայ բարձրաւանդակաց վրայ. թագաւորն իր այրարատեան չորս բիւր գընդովն, նախարարք ութ բիւր գումարտակօք, 600 գաւառատեարք եւ 400 գահակալ իշխանք, բազմութիւն կրօնական աւագ պաշտօնէից, ամենքն իրենց սեպուհներով, պաշտօնէիւք, ճորտերով. որով միայն քաղաքական, զինուորական եւ կրօնական ազգային հանդիսացեալք իրենց մարդիկներով, քանի մը բիւր կ՚ըլլային զատ ի հասարակ զօրականէն: Իսկ բազմութիւն ազնուաց եւ ռամկաց` միլիոնաւոր պիտի ըլլային:

Ի՞նչ էր այ Հայոց համաշխարհական տօնից պատճառն. - քեզի անծանօթ չէ Հայկակ, որ նախ` հին նաւասարդն կամ հարեմուտն էր. որոյ սկիզբն եւ անունն անգամ մթութեան ամպոց մէջ ծածկուած է, որք ինչուան Նոյի տապանակիր գագաթը եւ դարը կու բարձրանան: Նաւասարդն որ հին հնդիկ եւ զանդիկ լեզուաւ նաւա-սարտու ստուգաբանի, այսինքն Նոր-տարի, նոյն հին ազգին աւանդութեամբ, յիշեցընէ ջրհեղեղի յիշատակն այլ. Սարատա որ եւ Սարասջադի` մեծի Պրահմայ աստուածոյն դուստր եւ կին կու ճանաչի, եւ ջրոց դիցուհի, ոստիկան աղբերականց եւ գետոց: Երկրորդ, Նաւասարդի օրերը` կ՚ըլլային պէսպէս ջրախաղք, իբրեւ տոնք ջրոց կամ յիշատակ ջրհեղեղին եւ փրկութեան մարդկան տապանաւն ի լերինս Արարատայ: Իսկ մերազնեայք հիմա վարդավառին օրը կու կատարեն ջրոյ հանդէսն այլ, որպէս յայտնի է ամենուն: - Երրորդ, տօր էր յիշեալ Ամանորայ ամենաբեր դից, զոր բերոց եւ առատութեան խնամակալ չաստուած մը կարծեմք, եւ կամ չաստուածահայրն Արամազդ եւ Անահիտ տիկինն. վասն զի ասոնց տօնն այլ (մասնաւորապէս առաջնոյն) այսօր կատարուէր: Այս չաստուածներէն զատ ուրիշ դից մեհեանք այլ կային Բագրեւանդայ մայրաքաղաքին կամ գլխաւոր բնակութեան տեղ, որ կ՚ըսուէր Բագաւան, այսինքն չաստուածոց քաղաք կամ չէնք, իւրաքանչիւր դից սեղանք կամ մատրունքն այլ բագին կ՚ըսուէին. եւ այս բագնեաց բազմութենէն ոչ միայն աւանն, այլ թուի թէ եւ գաւառն ողջոյն իր անունն առած` Բագրեւանդ է, իբրեւ բագարանաց բագարան, այսինքն բուն աստուածաբան:

Դից հետ դիւցազունք եւ դիցանուէր կամ սրբազան անձինք այլ հոն իրենց արժանեաց համեմատ բագին ունէին, ինչպէս որ կու վայելէր այլ` նաւասարդի տօները ամենախումբ համաշխարհական ընելու համար: Այս դիցանուէր եւ պաշտելի անձանց մէկն էր Մաժան մեծ քրմապետն, բարեբաստ թագաւորին Բ. Արտաշէսի բազմաթիւ որդւոց մէկն, զոր ոմանք յեղբարցն սպանին, ոմանք այլ մեծարեցին, ասոնցմէ էր Տիգրան Գ. որ երբ թագաւորութեան հասաւ (յետ իր Արտաւազդ եւ Տիրան եղբարցն), Մաժանայ գերեզմանին վրայ դիցավայել բագին մը շինեց, քովն այլ հիւրանոց կամ իջեվան, ուր ձրի բնակին անցորդ ուխտաւորք, եւ վայելեն Մաժանայ նուիրած զոհերէն: Տիգրանայ որդին Վաղարշ` ա'յլ աւելի պատուեց քրմապետ հօրեղբօր յիշատակը, եւ նաւասարդի ամանորայ տօները այլ աւելի աշխարհախումբ հանդիսիւ կատարել կու տար. որով հին տօնից վրայ չորրորդ մ՚այլ աւելցաւ: …

Բայց մինչդեռ ՏԻգրան եւ Վաղարշ այսպէս եղբայրասպան Մաժանայ վրէժը խնդրէին, սպանողն (եւ ինքն իսկ սպանեալ) Արտաւազդ` յետ մահուն անգամ կու մրմռար կու սպառնար նորէն վրէժ խնդրելու եւ աշխարհախումբ տօնը համաշխարհական սուգ դարձընելու, եւ տարւոյն հետ բոլոր աշխարհս այլ վերջացընել տակն ու վրայ ընել: Արտաւազդ` անդրանիկն Արտաշիսի եւ Սաթինկան` տղայութենէն ի վեր բոլոր կեանքը խենթուկ մենթուկ անցուց մոլութեամբ եւ յանդգնութեամբ, մինչեւ ժողովուրդն իրեն Շիդար կանչէր. անանկ որ հայրն գրեթէ սրտացաւէ մեռաւ, եւ մեռնելու ատեն, (առասպելք մեռնելէն ետեւ կ՚ըսեն) անիծեց զնա, որ երբ որսի ելնէ «յազատն ի վեր ի Մասիս», Քաջերն (գէշ ոգիներ) բռնեն զինքն եւ տանին լեռան վերին կողմը մութ վհի մը մէջ պահեն. եւ այնպէս այլ եղաւ կ՚ըսեն. վասն զի թագաւորելէն քիչ վերջը որսի ելնելով Մասեաց վրայ` Գինոյ գետակին աղբերց քով` ձիով հանդերձ ընկաւ Մասեաց վհին մէջ, եւ Քաջերն երկաթի շղթայիւք կապեցին զնա. բայց իր երկու որսի շներն քովէն չզատուելով` անդադար երկաթները կու կրծեն կու մաշեցընեն. անանկ որ տարւոյն վերջի օրը մազի բարակութեան եւ կոտրելու կու հասնի. բայց նաւասարդին օրը դարբինք իրենց սալը եւ ամենայն արուեստաւորք իրենց գործիքը կու զարնեն. այն ձայնէն երկաթները նորէն կու հաստընան, Արտաւազդ իր շղթայից մէջ գերի կու մնայ, աշխարհս այլ անոր աւերմունքներէն ազատ: Ահա այս այլ հինգերորդ յիշատակ մ՚է նաւասարդի. զոր յիշելով եւ յետ 300 տարւոյ` սնակարծիք ոմանք ի քրիստոնէից, ոչ միայն նաւասարդին օրը, այլ եւ ամեն կիւրակի օրեր` սալերնին գործիքնին կու զարնէին, որ զօրանան շղթայք շփացած Շիդարին, եւ չելնէ զաշխարհք

Այս ամեն յիշատակներէ վերագոյն եւ հնագոյն եւ տօնելի յիշատակ այս օրուանս էր, վեցերորդ, մեր շատ հեղ յիշեալ ՀԱՅԿՆ, մեր ազգին նախահայրն, եւ իրմով ազգերնուս ձեւանալն, մեծ յաղթութեամբն ազատելով ի Բելայ բռնութենէն: Թերեւս յիշես, Հայկակ, որ թէ ազգային աւանդութիւն, թէ Քաղդէացւոց հին պատմութիւն, թէ մեր տօմարական տարեհաշիւք եւ թէ աստղաբաշխականք անգամ միաբան ցուցընեն, այս մեծ եւ ամենապանծ տօնիս սկզբնաւորութիւնը ի 11 օգոստոսի. 2491 տարի առաջ քան զթուականն Քրիստոսի: Չկայ ազգ մը որ այսչափ ստոյգ հին եւ այսչափ պանծալի յիշատակ մ՚ունենայ. վասն որոյ կրնամք անուանել զսա բուն Օր հայկական եւ Տօն ազգային. որ այնքան երկար ժամանակէ վար իջնելով` բարձր լերան գլխէն իջած ձեան հիւսին նման, եւ վերոյիշեալ յետին յիշատակները վրան առնելով` այլ աւելի մեծցեր է: Հայկայ մեծ քաջութեան եւ անուան համար էր` որ իր յաջորդքն` նաւասարդի օրերուն իրենց ազգին ոյժը ներկայացընող կտրիճ զօրաց աշխարհագումար հանդէսներ կ՚ընէին. եւ այն մեծ անձին անունը մեր սուրբ Հարք եւ թարգմանիչք իրենց հեթանոս հարց պատուագրութեանց հետեւելով` աւելի սրբացուցին եւ անմոռանալի ըրին, երկնից համաստեղութեանց եւ աստուածաշունչ գրոց մէջ դրոշմելով, ուր որ ուրիշ ազգք Որիոն դիւցազնը եւ աստղը կու յիշեն: Քանի որ ազգային ինքնագլխութիւն կար` այս եւ ասոր հետ միացեալ յիշատակք կրկնուէին եւ հնչէին քրիստոնէութեան դար ու կէս տիրած ատենն, ո'րչափ որ քրիստոնէութիւնը կրնար յիշել. եւ որպէս զի բուն սրբազան կամ եկեղեցական տօն մը դառնայ այն օրը, հայրն մեր Լուսաւորիչ գրեթէ ամեն տօներէ առաջ այս օրս նուիրեց Ս. Կարապետին Յովհաննու եւ Աթենոգինեայ եպիսկոպոս վկային, որոց նշխարքը բերաւ ի Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ. եւ նախ ի Տարօն գաւառ գալով ու անոր կռատունները ջնջելով, Աստուծոյ յայտնութեամբ` անոնց տեղ շինեց բերած սրբոց մատուռներ, եւկեղեցիներ եւ վանքեր, որոց մէջ ամենէն նշանաւորն է Մշու սուլտան ըսուած Ս. Կարապետն: Տարօնոյ երկիրն` սահմանակից Բագրեւանդայ` ուսկից կ՚ընդունի զԱրածանի գետն, անոր պէս այլ մեհենազարդ կրօնական երկիր մ՚էր, եւ տեղի հանդիսից. ինքն այլ ունէր իր Բագաւանն` Յաշտիշատ կամ Յաշտից տեղիք անուանեալ, որ է ըսել զոհերու տեղ, իր շատ մեհենաց եւ բագնաց համար: Լուսաւորիչ այնքան սուտ եւ վնասակար հանդէսներ խափանելու համար` պատուիրեց թագաւորական հրամանաւ, որ այնուհետեւ նաւասարդի հեթանոսական յիշատակաց տեղ` նոյն տարեմըտին օրը` կատարուի այս երկու սրբոց յիշատակն քաղաքական հանդիսից մէջ` առաջինին պէս: Անոր համար դարձեալ Բագրեւանդայ ծայրը` մօտ Ծաղկէոյ եւ Նպատ լերանց, մօտ եւ Արածանւոյ աղբիւրներուն` ուր մկրտեց զՏրդատ եւ զբիւրաւորս Հայոց, Լուսաւորիչ` մեծ տաճար մ՚այլ շինեց յանուն Ս. Յովհաննու, որ եւ կոչի Բագրեւանդայ Ս. Յովհաննէս. որ եւ յետ 300 եւ աւելի տարիներու նորէն շինելով գործակցութեամբ Հերակլ կայսեր, մինչեւ ցայսօր կ՚ամբառնայ մեծագոյն նշանակ հին եւ նոր Նաւասարդաց: Երբ Հայոց ինքնիշխանութիւնն այլ վերցուեցաւ, քաղաքական ազգային հանդէսօք այլ դադրեցան, որով այս սրբոց տօնքն այլ ուրիշ շարժական տօնից կարգը մտան: Բայց Նաւասարդն, այսինքն Հայոց քաղաքական տարեմուտն, 44 դարէ վեր միշտ դառնալով` Հայկայ աստեղ բարձրանալուն օրերը` անխափան կու յիշեցընէ մեր ազգային եւ հայկական օրը, զոր եւ արժան է մեզի` որ վիճեկի այլ ըլլանք` անոր յարմար յիշել, տօնել եւ հանդիսանցընել անմոռաց, որչափ որ ազգի եւ Հայ անուն եւ լեզու պահեմք:

Տարեգլխէն երկու շաբաթ ետեւ, նաւասարդի 15-ին, հին Հայագիրն մեծ աշխարհախումբ, տօն մ՚այլ կու նշանակէ, Հայաստանի ամենէն սիրելի եւ ամենէն մեծ խնամակալ պահապանին, որ էր դիցուհին ԱՆԱՀԻՏ, մեծապէս պատուեալ եւ պաշտեալ ի Հայոց քան յայլ ազգաց, մինչեւ ոսկիէ արձաններ կանգներ էին անոր յԵրիզա աւան` ընդ մէջ Մեծ եւ Փոքր Հայոց, ուր շրջակայ ժողովուրդք այլ յուխտ գային, ուր եւ մեծազօրն Տրդատ ազատելով զհայրենիսն ի Սասանեանց բռնութենէն` համաշխարհական տոն եւ շնորհակալութիւն մատոյց, եւ իր հրովարտակաց եւ խօսից մէջ կ՚ըսէր. «Մեծի Անահտայ տիկնոջ, որ է փառք ագիս մերոյ եւ կեցուցիչ, զոր եւ թագաւորք ամենայն պատուեն, մանաւանդ թագաւորն Յունաց, որ է մայր ամենայն զգաստութեանց, բարերար ամենայն մարդկան բնութեան, եւ ծնունդ եւ մեծին արին Արամազդայ… Մեծն Անահիտ որով կեայ եւ կենդանութիւն կրէ երկրիս Հայոց… Խնամակալութիւն յԱնահիտ տիկնոջէ» (հասցէ ձեզ Հայոց): Այս տեղս էր մեծ եւ բուն մեհենեացն Հայոց թագաւորացն, ուր կու պատուէր Հայաստանի Տիկինն, նաեւ յօտար ազգաց, կարծուելով ի Լատինաց Տիանա, (որ եւ աջ կողմէն կարդալուվ Անաիտ կարդացուի). ի Յունաց` Արտեմիս, եւ Պարսից եւ մերձաւոր ազգաց մէջ այլ նոյն Անահիտ անուամբ ճանաչուէր, բայց ամենէն աւելի Յունաց պարծանք Աթենաս դիցուհւոյ նման ճանաչուէր. ինչպէս Տրդատայ գովութիւնն յայտնէ, եւ Պղատոն փիլիսոփայն այլ յայս կարծիս էր. սակայն անոնց Արտեմեայ, Բարբելացւոց Միւլիտտեայ, Փիւնիկեցւոց Աստարտայ, Լուսնի, Աստղկան, Հերայի եւ այլոց դից այլ զուգական կու սեպուէր. միով բանիւ ամենայն աստուածական հաճոյ յատկութիւն ճանաչէին Հայք յԱնահիտ տիկինն, եւ անոր համար ծապաշտօն պատուէին: Յայն պաշտօն կու հրաւիրէր Տրդատ եւ զԳրիգոր, որ քիչ ատենէն զինքը պիտի հրաւիրէր ի մեծագոյն եւ ի սրբազան պաշտօն, ինչպէս որ յետոյ անոր հաւանութեամբն` իջուցանելով զԱնահիտ ի տիկնութենէ Հայոց` տեղը բարձրացուց զմիայն արժանին ի պաշտօն յետ Աստուծոյ, զՍ. Կոյսն Աստուածածին, արդարեւ երկնից եւ երկրի տիկին, եւ մեծահանդէս տոն մը կարգեց ի նոյն 15 նաւասարդի (25 օգոստոս), զոր հին տօմարք Աւետման տօն կու գրեն, եւ այլք` առանց որոշ յիշատակի` միայն եկեղեցւոյ եւ Աստուածածնի տօն, որ յետ ժամանակաց փոփոխելով կամ խափանելով, մոռացութեամբ քաղաքական եւ անահտական հանդիսից, նոյն Աստուածամօր վերափոխման տօնին հետ խառնուեցաւ, զոր Հայք տօնեն (ի կիւրակէին ի կէս օգոստոսի, իսկ այլք ի 15 օգոստոսի, որ է 5 նաւասարդի):

Այս տօնիս նախընթաց օրը, որպէս յայտ է ամենուն, հիմա Շողակաթ տօնը տօնեմք, որ է Էջմիածնայ մայր եկեղեցւոյն նաւակատիքը, եւ Եկեղեցւոյ եւ Աստուածածնի յիշատակ մը, զոր նոյնպէս սահմանեց Ս. Լուսաւորիչն, եւ հաստատեց ի 4 նաւասարդի (14 օգոստ) որ կամ իր տեսլեան օրն էր. եւ կամ հաւանօրէն` ուրիշ հին հեթանոսական տօնի մը օր, որոյ խափանիչ գրուեցաւ Շողակաթն, ինչպէս Վարդավառն այլ Աստղկան տօնին, եւ անոր պէս այլ գեղեցկութեան, վայելչութեան եւ պաճուճանաց յիշատակ մը, կամ դիցուհւոյ տօն մը գուշակել կու տայ անունն:

Թուի թէ ուրիշ տօն մ՚այլ կամ թափորի պէս հանդէս մը կար անկէ քանի մը օր ետեւ, նաւասարդի եօթին (17 օգոստ), ընդ մէջ Ամանորայ եւ Անահտի տօնից, որուն պատճառն անծանօթ է մեզի, բայց տեղը հաստատուած է ՏՕՆ ՊԱՏԿԵՐԻ ՏԻՐԱՄՕՐՆ:

Ի՜նչ զարմանալի փոփոխութիւն եւ աննման յարմարութիւն, Աստղկան եւ Անահտայ ոսկէծղի ոսկէձոյլ ոսկիամայր անդրեաց տեղ, փայտեայ խոշոր անշուք պատկեր մը, բայց կերպարանածը անոնցմէ շատ եւ շատ մեծ, աստուածային իսկուհւոյ մը, ոչ քեռ եւ դստերկամ կնոջ դից, այլ Մօր Աստուծոյ, եւ անամուսին մօր, որ է ըսել կին եւ կոյս, միով բառիւ Կուսամայր, հրաշալի բան, բոլոր հեթանոսաց իմաստութենէ վեր. որք Աստղկայ եւ Անահտայ նման մենասէր կոյսերը` դրին դարձուցին ի կարգ անպարկեշտ կանանց, քրիստոնեայն` կուսի մը գերագոյն շնորհք իր յաւէրժ կուսութիւնը ճանչնալով` հաւատաց զնա մայր Աստուծոյ, եւ միոյ միայնոյ Աստուծոյ, որով եւ միայն Տիրուհի երկնից եւ երկրի:

Այս տօնս հնագոյն է քան զԳրիգոր Լուսաւորիչ, եւ ըստ բարեպաշտ եւ ընդունելի աւանդութեան` հաստատեալ ի Բարդուղիմեայ: Այս Առաքեալս որ զրկեցաւ ի տեսութենէ Տիրամօրն անոր ննջմանը ատեն, բաղդաւոր եղաւ անոր սկզբնակերտ պատկերը ժառանգելու, եւ բաղդաւոր ըրաւ զՀայս անոնց ժառանգեցընելով: Այս պատկերը քանդակեր եւ նկարեր էր Յովհաննէս աւետարանիչ, եւ Տիրամայրն դնելով ի վերայ երեսացն օրհներ եւ թողեր էր յիշատակ առաքելոցն եւ աշակերտաց եւ ամենայն հաւատացելոց, առալեալք` վասն մխիթարելոյ զԲարդուղիմէոս` անոր պարգեւեցին, եւ նա իբրեւ տէրունական նշան մը հետը կու տանէր` ուր որ քարոզութեան կ՚երթար յարեւելս, ի Հնդկաց մինչեւ ի Հայս, եւ անով սուտ աստուածները կու վերցընէր, ճշմարտութիւնը կու հաստատէր, անով արեւու նուիրական աշխարհին մէջ (Խորասան) զարեւ խաւարեցընելով` անոր բագնին սպասաւոր մոգերը` աշակերտաց ի պաշտօն Արեգականն արդարութեան, եւ հետը բերաւ ի Հայս, կարգեց առաջնորդ նորընծայ հաւատացելոց: Մեր աշխարհին հարաւային արեւելեան կողմերը պտըտելով, եկաւ այն բարձր եւ անծանօթ Տօրոսի կողմերը, որք Աղթամարայ ծովուն պարատափը, կ՚անջրպետեն ի բարձր հովտէն հովտէն Տիգրիսի, որոց վրայ ձմեռան դիզած բարդ բարդ ձիւներն ի գարնան բազմավտակ հեղեղաջուր դառնալով, սաստիկ դնդնչմամբ կու թափին թատերաձեւ լեռնապատ խորաձորի մը մէջ, եւ կ՚երթան խառնուելու արեւելեան Տիգրիսի ծոցը, որ այն կողմէն կու բղխէ: Վախն ի բռնութիւնն աւելի ահեղ տեսարան մը կ՚ընծայէին այդ դժուարակոխ ահաւորատես կոհակացեալ լերանց, քարաշէն ամպագիտակ բերդերով, որոց մէջ անուանի էին երկուքն, Կանգուար կամ Ագռաւաքար եւ Դարբնաց-քար: Բնութեան եւ բռնութեան ահեղութեան վրայ` աւելցուց կռապաշտութիւնն իր պատկառանքը եւ արհաւիրքը, յիշեալ գագաթանց մէկուն վրայ կանգնած էր տիկինն Հայոց` Անահիտ, բայց ոչ ինչպէս յԵրզնկայ ծաղկանց եւ մարմանդից մէջ խաղով ծիծաղով նազելով, այլ իբրեւ տեղւոյն դժուարութենէն, ամառուան կայծակներէն, ձմեռուան սառամանիքներէն, եւ ապառաժից ժանտութենէն` խոժոռած դժնէհայեաց դշխոյ մը կ՚երեւար, որոյ շանթերը կայծակները կու ցատքեցընէին խաբեալ քուրմք, քարայրի մը մէջ քաշուած , ստէպ ստէպ մեծամեծ կռաններով սալեր սարեր արնելով թնդացընելով եւ կայծ հանելով: Որչափ որ ահաւոր եւ դժոխելանելի էր այս տեղս` այնքան այլյաճախելի ուխտատեղի մը եղած ժողովրդեան. որք աւելի սոսկմամբ քան սիրով կու քշուէին կու գային հոս, իրեից ցաւերուն կամ իղձերուն համար ճար ու ճարակ գտնելու, խաբեբայ քուրմք այլ կու տային անոնց աղտեղի դեղեր եւ ծրարներ, այլանդակ կռոց արձաններու ձեռքէ: Ահա այս տեղս եկաւ Ս. առաքեալն Բարդուղիմէոս Խորասանէն դարձած ատեն. եւ իր բերած Տիրամօր պատկերն բաւական եղաւ ամեն բան դադրեցընելու, դարբնաձայն թընդմունքն լռեցին, կայծերն մարեցան, կուռքն կործանեցան, Անահիտ անյայտ եղաւ. իսկ անոնց պաշտօնեայքն սրամտած` կ՚ուզէին քարկոծել զառաքեալն եւ իրեն հետ եկող հաւատացեալքը, իսկ նա պզտիկ խաչով մը ամենուն յաղթեց, առաւ ու տնկեց զայն Անահտայ տեղ, եւ ամենքը փախան, չիք եղան եւ անկէ ետեւ խաչին կ՚երկրպագէին, մինչեւ յետ 250 տարւոյ եկաւ Ս. Լուսաւորիչն, յարգութեամբ առաւ այն խաչը իբրեւ յիշատակ առաքելական, եւ հետը կու տանէր, ինչուան որ առանձնացաւ ի Սեպուհ, յետոյ դարձեալ այս կողմերս բերին զայն եւ կանգնեցին ի վերայ գերեզմանի ահեղազօր թագաւորին Տըրդատայ, մարմինը հոս փոխադրելով ի Թորդանայ:

Այն ափափայ լեռներուն վրայ ելնել յաղօթս եւ յուխտ` չարաչար աշխատանք եւ պաշտօն է, անոր համար Ս. առաքեալն իր հրաշագործ Տիրամոր պատկերը պահեց այն լերանց ձեւացուցած խորաձորին մէջ, ապահով ու ծածուկ խորշ մը, որոյ մօտէն կ՚անցնի լերանց հոսանքէն ձեւացած Տիգրիս գետն, այն քարէ դարերուն մէջ իր ձեռօք փոքրիկ եկեղեցեակ մը շինեց, ու հոն դրաւ հրաշալի Պատկերը, քովն այլ քանի մը խրճիթ շինել տուաւ, եւ բոլորը մէկէն անուանեց ՀՈԳԵԱՑ ՎԱՆՔ. ուր բնակեցուց նորընծայ կուսանք, զորս ի Գողթն գաւառէ բերած էր հետը, եւ անոնց յանձնեց Տիրամօր պատկերը եւ մատուռը. նորահաւատ քրիստոնէից այլ հովիւ քահանաներ ձեռնադրեց, որք աւելի գաղտուկ կ՚երեւէին քան թէ կուսանքն: Ասոնց առաջնորդ էր Մարիամ քոյրն Յուսկան կամ Յուսհատայ, զոր առաջին մայրապետ կրնամք անուանել , որ եւ յետ շատ տարիներու ուզելով բոլորովին առանձնացեալ ապրիլ, թողուց Հոգեաց վանքը, եւ գետոյն դիմացի կողմն անցնելով, քարայրի մը մէջ խցիկ մը շինեց, հոն ճգնեցաւ, հոն մեռաւ եւ թաղեցաւ: Իսկ իրեն տեղ մայրապետ գրաւ զԱննա, Որմզդատայ կամ Մազդատայ եւ Մաքովտրի քոյրը, որ նոյնպէս քանի մը տարի հոգալով կուսաստանը եւ վանքը, յետոյ առանձնեցաւ ուրիշ կողմ մը, Դարբնաքարի ձորոյն այն գին, եւ ինքն այլ հոն իր խըրճիթին մէջ վախճանեցաւ, իրեն յաջորդ թողլով իր քոյրը Մարթա, որուն ուրիշներն այլ յաջորդեցին, եւ միշտ հաւատացեալք, թէ եւ սակաւաթիւ, մնացին հոն, ինչուան Հայոց անշխարհօրէն հաւատալն ի Քրիստոս: Ուսկից քանի մը տարի առաջ` Հռիփսիմեան կուսանք այլ եկան հոս ուխտի, եւ մխիթարուեցան իրենց պէս գաղտուկ կեցող հաւատարիմներէն: Այսպէս անկոխ անտես քարերու սորերու մէջ ճշմարտութիւնը կու պահէին փափուկ կուսանք, մինչդեռ կայսերք եւ հսկայ թագաւորք կու հալածէին իրենց տիրած տեղերէն: Վախնալով որ հոս այլ չհասնի հալածանքն` Հռիփսիմեանք ստիպեցան թողուլ զգուշաւոր խաղաղութեան մէջ իրենցմէ առաջ եկած Տիրամօր պաշտօնեաները, եւ գնացին դէպ ի կողմն Վանայ: Իսկ երբ Լուսաւորիչն սկսաւ քրիստոնէութիւնը համարձակ տարածել, Հոգեաց վանքն այլ հռչակեցաւ, լուսաւորեցաւ, հրաշքներով պայծառացաւ. որոնց անձամբ ականատես վկայ ըլլալով սուրբ Հայրն մեր, ընդարձակեց վանքը եւ շինեց Ս. Սիոն եկեղեցին, բայց առաքելոյն ձեռակերտ Տիրամօր տաճարիկը անարատ թողուց, նոյն ձեւով եւ մեծութեամբ, եւ նոյնպէս այլ մնաց գրեթէ ինչուան վերջը, բայց տեղն ի Լուսաւորչէ նորոգեալ` երթալով անուանի եղաւ, ուր յետ կուսանաց արք կրօնաւորեցան, եւ Հայոց անուանի վանորէից եւ ուխտատեղեաց եւ եպիսկոպոսարանաց մէկն եղաւ. վանաց երէցն ու եպիսկոպոսն կոչուեցաւ Աստուածածնի Պատկերին առաջնորդ, որ նոյն է ընդ Հոգեաց վանաց. եւ երբեմն նոյն իսկ Անձեւացեաց եպիսկոպոսական աթոռն, որոյ առաջին ի պատմութեան յիշատակեալ եպիսկոպոսն է Աբիսողոմ ի Դ. դարու, մեծին Ներսիսի օրերը:

Այս սուրբ Ներսէս հայրապետս այլ եկաւ հոս ուխտի եւ հետը բորոտներ բերելով` բժշկեց Տիրամոր շնորհքովը, եւ հիւանդանոց մ՚այլ շինեց ուրիշներու համար. որով երրորդ անգամ մեծ հաստատութիւն առաւ սուրբ Պատկերին տօնն. զոր եւ յետագայ Հարք եւ եպիսկոպոսք հանդիսիւ կատարէին այսօրս (7 նաւասարդ, 27 օգոստ) իբրեւ ի յիշատակի վերափոխման կուսին, որպէս թուի ի նոյն ինքն յառաքելոյն Բարթուղիմեայ գրուած, եւ հաստատուած ի Ս. Լուսաւորչէն: Ինչուան ի վերջին դարս յուխտ եւ ի պատուի մնաց հոգեաց վանքն, եւ Պատկեր Տիրամօրն, որք հիմա նոր հետազոտութեան եւ լուսափայլութեան կարօտ են, քրիստոնէութեան հնագոյն եւ առաջին ուխտատեղեաց, կուսաստանաց եւ վանաց մէկն ըլլալով:

Այս տեղերս այսպէս ստորագրէ ականատես քերդող ոմն` Ներսէս Մոկացի, մեզմէ երկու եւ կէս դար առաջ:

Նըշխար փայտին որ շնորհեցաւ

Բարդուղիմեայ վիճակեցաւ:

……………………………………………………

Եկեալ յերկիրն Անձեւացեաց`

Առ ի համբաւ քարի միոջ,

Յոր էր աղուէսն ամրացեալ յորջ,

Ընդ Անահտայ բնակէր տիկնոջ

Մարդախոշոշ կըռանգոչ.

Քանզի փայլակն ի վայր անկեալ`

Ի դարբընաց քըրայս արկեալ

Ի դարբընաց քըրայս արկեալ

Զգեղն որ կազմէր ախտիւ խառնեալ

Յուռութուլունս մակարդացեալ.

Որպէս ի ճառըն պատմական

Ուսուցանէ մեզ միաբան,

Եւ զվիշապին հին մեքենայն

Կիպրիանոս այր սրբազան,

Զի հին վիշապն անդըր բունէր

Եւ կըռանին համաձայնէր,

Բախմամբ թնդման ահ արկանէր,

Զնոսա յուշոյ միշտ խափանէր:

Իսկ արք տեղւոյն զերդ խելագար

Անդ խռնէին դեգերաբար,

Թարախածոր առեալ ծըրար

Եւ կոչէին Դարբընաքար,

Յոր վայր հասեալ առաքելոյն

Փութով խափան առնէր գործոյն,

Դարբընաքար բախման թնդոյն,

Որ գործոնեայքն էին նիւթոյն,

Եւ զդիցամայրըն խորտակեաց

Ըզբռնութիւն քակեալ դիւաց,

Քարանձաւէն յայն հալածեաց

Եւ սրբութեան տեղիք գործեաց,

Իսկ չնր զինուորք գունդ առնէին

Ընդ հիւսիսի բարձու լերինն,

Վիրգս ի վիմաց յայն հոսէին

Ընդ այն եւ ճիշտ արձակէին,

Բարդուղիմոս զայն տեսանէ

Բարձրաւանդակ լեառն ելանէ

Խաչ մի փոքրիկ անդ օծանէ

Քարիւ մի զքաջքն արտահանէ,

Զոր եւ յետոյ սուրբըն Գրիգոր

Զարձանն առեալ` պահէր ընդ իւր,

Մինչ Տրդատայ մահուանն աւուր

Երեսին եդ պըսակաւոր:

Կանգնէ եւ անդ կրկին նըշան,

Յըստորոտով լերինըն յայն,

Կարկառակոյտ մի սուզական

Ձեռնադըրեալ ի մեծ արձան,

Եւ է տեղին յոյժ լեռնափակ

Պատեալ վիմօք երկնադիտակ,

Իսկ մէջ ծոցոյն հարթայատակ

Հոսանահերձ վըհաքատակ.

Զի Տիգրիսին մեծի կայլակ`

Որ յԱգենայ քառորդ վըտակ,

Ցասմամբ խաղայ միշտ համարձակ,

Ընդ գոգ հովտին արագարագ.

Մերձ կանգնաւոր մեծ ամրոցին

Որ ագռաւուց քար կոչէին,

Ուստի լերանցըն ջուրք հոսին

Եւ գետանան ՚ստ գարնան մասին,

Գայ զառիվայր առապարին

Անցեալ ընդ հիմըն տաճարին,

Ընդ արքային շիրմով պարին,

Ապա ի մի խառնեալ յարին:

Հիմն արկանէ անդ հաւատոյ`

Ընդ խորանին կառուցելոյ.

Շինեալ յանուն Կուսին հոգւոյ

Եւ պատկերին որ անդ սրբոյ:

Անդ առաքեալ Բարդուղիմին

Կառուցանէ իւրով ձեռին

Փոքըր ձեւով զեկեղեցին

Եւ անուանէ Աստուածածին.

Զտեղին Հոգւոց-վանք անուանէ,

Եւ ի քըւեր կայանս յանձնէ.

Խրճիթ փոքրիկ նոցա շինէ

Եւ ի դերբուկսըն բաժանէ.

Կացուցանէ զքոյրն Յուսհատայ

Մայրպետ կրօնից գըլուխ նոցա,

Զքոյրն Աւրմըզդայ եւ Մաքովտրայ

Եւ զայլ կանայսըն յետ նոցա: …

……………………………………………………….

Բագրեւանդայ բլուրներէն բարձրաձայն հնչած նաւասարդի երգերն` հոս այս Անձեւացեաց քարայրից մէջ ցածնալով կու ծածկուին: Ու՜ր էր թէ դարձեալ այս անձաւներէն արթննալով ելնէին հնչէին ի բարձրաւանդակ Բագրեւանդ, յիշատակօք Հայկայ եւ Տրդատայ, Բարդուղիմեայ եւ Գրիգորի, ամենայն անվնաս յիշատակօքն Նաւասարդայ:


ԺԳ. Ս. Սահակ Պարթեւ

[խմբագրել]

28 Նաւասարդի. - 7 Սեպտեմբերի

ԿԷՍ դարէ աւելի էր որ Հայաստան յերկու վիճակ բաժնուած` երկու ինքնակալ տէրութեանց վերատեսչութեան տակ, Պարսից եւ Յունաց, անոնց երկար եւ աշխարհախռով կռիւները գրեթէ բոլորովին դադրեցուցեր էր: Բայց Յազկերտ Բ` հազիւ թագաւորած Պարսից, յամի 439, անպատճառ պատերազմ հրատարակեց ընդդէմ կայսերաց. հրաման տուաւ իր յառաջապահ սահմանակալ գունդերուն, որ մէկն Ասորեստանէն երթայ Մծբնայ վրայ, մէկ այլն յԱտրպատականէն մտնէ ի Հայաստան, Յունաց հայկական բաժինը խլելու: Այս գունդս` Երասխայ հովիտը եւ Վանայ պարատափը անջրպետող միջոցէն փութալով` կ՚ելնէ. Ծաղկոտան վայելչութիւնները կոխկռտելով կու փճացնէ, տօնահանդէս Բագրեւանդայ բարձրատափին վրայ կու բանակի. եւ առանց ակնածութեան եւ գթոյ` կու գայ նոյն իսկ անոր շինագլուխ տօնագլուխ տեղւոյն` Բագաւանին քով` իր զօրապետաց վրանները կու զարնէ: Ո՜րքան այլափոխուած էր Բագաւան այն առջի զուարթածաղիկ պայծառութենէն, զոր երբեմն տեսար, Հայկակ. եւ սակայն շատ ատեն չէր անցած այս երկու կերպարանաց մէջ. հազիւ տասն տարի էր` որ Այրարատայ թագաւորին բանակն չէր կանգներ ի Շահապիվան, եւ ոչ իրդրօշներն ու վաշտերն կռուէին ի Բագաւան: Բագաւան թէ եւ դեռ իր հեթանոսական անունը պահէր, բայց գրեթէ դար ու կէս առաջ Լուսաւորչի աջով օծուած էր, Տրդատայ եւ իր աշխարհախումբ բանակին հոն մկրտուած ատեն. եւ Տարօնոյ դիցաւանին հետ` նուիրեալ էր Ս. Յովհաննու Մկրտչի. որոյ անունը առնըլով իր սրբեալ ճակատուն վրայ թագաւորն Տրդատ, իր յիշատակն այլ խառնեց Մկրտիչին հետ. անոր համար շատոնք կարծեն թէ յանուն Յովհաննու – Տրդատայ թագաւորի` Ս. Յովհաննէս կոչուի մինչեւ ցայժմ Բագրեւանդայ Իւչ-գիլիսէ անուանեալ տաճարն եւ վանքն. եւ ի միացեալ յիշատակ Տրդատայ, Լուսաւորչի եւ Յովհաննու Մկրտչի` Հայոց ամենէն սրբազան ուխտատեղեաց մէկն է եղած, եւ հիմա մեր աշխարհքին սրբազան տաճարաց ամենէն վսեմագոյնն է ահեղակերպ մեծութեամբն եւ հնութեամբն. գեղեցիկ ծնունդ ճարտարապետութեան մեր Իսրայէլ վարդապետին եւ առատաձեռնութեան Հերակլի կայսեր. որոյ շինութեանն աւարտը եւ նաւակատիքը Հայադիրն նշանակէ ի 28 նաւասարդի (որ է 7 սեպտեմբերի) 639 ամին: Այսօրուան քեզի յիշելիքս այլ, Հայկակ, զարմանադէպ զուգութեամբ` նոյն օրաթուին նշանած է եւ նոյն դարաթուին, այսինքն յեօթն սեպտեմբերի յամին 439, ճիշդ 200 տարի առաջ: Այս ատեն Բագաւանի Ս. Յովհաննէս կայսերակուռ կերպարանքը չունէր, սակայն անշուք շինուած մ՚այլ չէր, Գրիգորի եւ Տրդատայ դաստակերտ ըլլալով. վասն այսորիկ ոչ միայն պաշտօնասէր ժողովուրդք, այլ եւ ժողովրդապետք եւ հայրապետք գային պատուելու զտեղին յիշատակաց:

Եւ ահա հիմ` այլ Յազկերտի վարազացեալ զօրաց արշաւանաց ատեն, հոն Բագաւանայ խաղաղաւէտ խորաններու քով քաշուած կու նստէր, եւ երկայն գիշերուան լուսապահող լապտերի մը պէս` որ դանդաղ առաւօտուն մօտ պսպղալով կու մարմրի, այնպէս կու հսկէր մօտ ի գերեզման իննսնամեայ ծերունի մը. բայց աստուածափայլ աստուածապատիւ ծերունի մը, որոյ նման` ամենայն բարեմասնութեամբքն եւ ծայրացեալ հասակաւն, ոչ յառաջ եւ ոչ յետոյ չերեւցաւ ի Հայաստան: Սա է թոռն թոռնորդւոյ սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ, մեծ կաթուղիկոսն Հայաստանեայց Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ:

Ամեն կենսագիրքն վկայեն թէ ծնած եւ մեռած է մի եւ նոյն ամսաթուի մէջ նաւասարդի 30ին. վախճանած տարին յայտնի նշանակեալ ըլլալով, եւ շաբաթուան օրն ալ (հինգշաբթի), կ՚իմանամք որ այդ նաւասարդն շարժական ամսովն է, որոյ 30նէր անշարժ նաւասարդի 28, յամին 439, եւ 7 սեպտեմբերի. իսկ իր ծնած տարին` ըստ շարժական տարւոյ նաւասարդի 30ն քսան կամ 21 օր այլ ետք էր, որով Ս. Սահակայ ծնած օրն կ՚ըլլայ սեպտեմբերի 27, համարելով թէ ծնած տարին է Քրիստոսի 352-55 թուոց մէջ: Յայսմաւուրաց մէկն կ՚ըսէ Սահակայ համար, Կեցեալ ամս ԾԶ (56), որ ուղղագրելով ՁԶ, մեզի կ՚ընծայէ կենաց տարիքը 86, եւ ծնած տարին 354. իր աշակերտքն վկայեն թէ հասաւ «ի յերկար ծերութիւն». սակայն անտեղի է պատմչաց ոմանց ըսածն` թէ 110 կամ 120 տարի ապրած ըլլայ Ս. Սահակ. վասն զի այդ թուով` ծնունդն կ՚ելնէ յ319 կամ 329 թիւն Քրիստոսի, յաւուրս Ս. Լուսաւորչի: Բաւական է Ս. Սահակայ 86-90 տարուան կենաց` դեռ սովորականէ երկայն` շրջան մ՚այլ. որ եւ երկարութենէն աւելի նշանաւոր եղաւ իրեն պատահած դէպքերով եւ անձինքներով, որով ոչ միայն ազգային պատմութեան այլ եւ ընդհանուր նոյնաժամանակ պատմութեան մէջ լաւ նշանելի է. ազգայնոց մէջ` թէ' քաղաքական թէ' եկեղեցական եւ թէ' ուսումնական տեսութեամբք, իսկ օտարաց առջեւ` աւելի եկեղեցական մերձաւորութեամբն: Սահակայ երկայն կեանքն եւ երկայն կաթուղիկոսութիւնն (51 տարի), սնունդն եւ զարգացումն ի Կեսարիա եւ ի Կոստանդնուպօլիս, զինքը մերձաւոր եւ ծանօթ եւ շաղկապ ըրին այն մեծամեծ Անձանց` որք Եկեղեցւոյ մէջ վհագոյն յեղանակ մը բոլորեն, անոր ամենէն գերապանծ հայրապետքն ըլլալով: Այս յեղանակս` «այն ատենն է, կ՚ըսէ Վիլմէն, որ եկեղեցին ընկերական օրինօք այլ հիմնեալ հաստատեցաւ եւ հասարակային տէրութիւն մը դարձաւ. այն ատենն է, որ ի պերճախօսութեան եւ ի դպրութեան` յառաջ բերաւ այն վսեմ եւ պայծառ հանճարները, որոց ոչ երբեք նման գտուեցան հաւասարորդք` բայց եթէ Գաղղիոյ ԺԷ. դարու սրբազան քարոզիչքն: Ո՜րչափ մեծամեծ մարդիկ, ո՜րքան գերագոյն ճարտասանք ելան Ս. Աթանասէն մինչ ի Ս. Օգոստինոսի միջոցն. ի՜նչ հրաշազօր մտաւորական շարժմունք բոլոր հռոմէական աշխարհին մէջ. ի՜նչ տաղանդներ` խորհրդական մրցմանց մէջ հանդիսացեալ. ինչպիսի՜ ոյժ մարդկան` հաւատոց վրայ բանեցուցած. ի՜նչ կերպարանափոխութիւն բովանդակ ընկերութեան, որ եղաւ ձայնիւ այն կրօնից` որ գետնադամբաններէն կու վերանայ ի գահոյս Կեսարուց, որ ուզածին պէս ի գործ ածէ` իր մարտիրոսաց արեամբ մաշեցուցած սուրը: … Մտաց եւ արիութեան ամենէն ամօթալի ցածութեան իջած ատենն է, երբ ներքինք կառավարէին զինքնակալութիւն, եւ բարբարոսք վրդովէին, այն ատենն է որ Աթանաս մը, Բարսեղ մը, Գր. Նազիանզացի մը, Ոսկեբերան մը, Ամբրոսիոս մը, Օգոստինոս մը` կու լսեցընեն ամենէն մաքուր բարոյականը եւ ամենէն գերագոյն պերճախօսութիւնը: Միայն ասոնց հանճարն կանգուն մնաց ինքնակալութեան ընկնալու ատեն, կործանմանց եւ փլատակաց մէջ ասոնք` հիմնարկուք կ՚երեւին. եւ յիրաւի, վասն զի ճարտարապետք էին այն մեր կրօնական շինուածոյն` որ պիտի փոխանորդէր հռոմէական ինքնակալութիւնը»: Մեր Հայոց ազգին այլ հին թագաւորութիւնն եւ ինքնատիրութիւնն վերնալու ատեն Ս. Սահակ չէ՞ր որ զազգն եւ զեկեղեցին կանգուն պահեց` մինչեւ ցայժմ. (թերեւս աւելի քան) հաւասար այդ յոյն եւ լատին սուրբ Հարց. որոց ոմանց կենաց վերջին կայծերը տեսաւ իր նորավառ աչօքն, սմանց պայծառագոյն օրերուն հասաւ, ոմանց կենակից եւ աթոռակից եղաւ, շատերուն` եւ նաեւ իրմէ վերջ սկսողներուն` շրջանին լմընցընելը տեսաւ, եւ հազիւ զոմանս թողուց դեռ իրենց պայծառ աթոռին վրայ: Ասոնցմէ ոմանց, եւ անոնց 150 ընկեր հայրապետաց Ա. Կոստանդնուպօլսոյ եւ Բ. տիեզերական ժողովոյն, (յամին 381), հաւանօրէն ականատես եղաւ, իր կաթողիկոսութենէն ութ կամ ինն տարի առաջ, երբ թերեւս սուրբ կարգ այլ առած չէր, բայց իբրեւ որդի եւ թոռնորդի սուրբ քահանայապետաց եւ վկայից` ծանօթ էր ի դրան կայսերաց: Քահանայապետութենէն առջի կեանքը, 35 տարի, աւելի Հայաստանէ դուրս քան ներսը անցուցած կ՚երեւի: Բոլոր մեր նախնի լուսաւորչազարմ հայրապետք` Յունաց մէջ կրթութիւն առած են, մանաւանդ Ս. Ներսէս, որ նախ ի Կեսարիա եւ յետոյ ի Կ. Պօլիս վարժեցաւ յուսմունս. եւ ըստ պատմչաց ոմանց, առաջին քաղաքին մէջ իր պատանեկութեան ատեն Վարդան Մամիկոնեան նախարարին Սանդուխտ դուստրը կին առաւ, ըստ այլոց (որ աւելի հաւանելի է) Կոստանդնուպօլսոյ մէջ Ասպիոն անուամբ ազնիւ (Յոյն) իշխանազին դուստրը, որ եւ յետ երեք տարւոյ վախճանելով` թողուց զՆերսէս այրի պատանի մը. բայց անոր հասակին եւ մեծ սրտին մխիթարանք, եւ յաւիտենական մխիթարանք մըն այլ` միածին որդեակ մը, զմեծն ՍԱՀԱԿ: Թերեւս աշխարհքիս մէջ չէ եղած քան զասոնք` վեհագոյն հայր մը վեհագունի որդւոյ: Աստուած` միայն մեր եկեղեցւոյ շնորհեց 140 տարւոյ չափ` Ղեւտացւոց նման` քահանայապետական պայազատութիւն, որք վեց ազգ զիրար յաջորդեցին:

Սահակ ի Կոստանդնուպօլիս եւ ի Կեսարիա վարժեցաւ իր ցեղին եւ աշտիճանին յարմար ուսմանց. յունարէն իբր մայրենական լեզու գիտէր, եւ ուսմամբ այլ այնքան հմուտ էր անոր քերականական արուեստին` որ նոյն իսկ բնիկ Յունաց վարդապետներէն շատը կու գերազանցէր. ասորերէն այլ գիտէր անշուշտ չափաւորապէս. պարսկերէնն այլ` իբրեւ տիրող լեզու ի Հայս. իսկ իր եւ մեր բնիկ հայերէն լեզուին` թագաւորն կրնայ ըսուիլ, կամ առաջին հայկաբան. վկայ` հայերէն աստուածաշունչ գիրքն, որ իր ոսկի գրչէն եւ մեղր լեզուէն առած է իր մեծագոյն ողորկութիւնը, քան զոր քաղցր եւ կակուղ հայախօսութիւն չկայ ազգերնում մէջ. եւ թերեւս ըստ այսմ մասին` քան այլովքն` արժանապէս գերազանց դասուի քան զամենայն թարգմանութիւնս Ս. Գրոց: Իր աստուածաշնորհ հայրն` Մեծն Ներսէս, լաւ գիտենալով եւ թերեւս տեսնելով այլ իւր անարժան հօրը, Աթանագինէի, եւ հօրեղբօրը (Պապայ) անվայել վարքը, եւ խանգարեալ արքունեաց հրապոյրքը, չեմ տարակուսիր որ թողեր էր իր դեռաբոյս ծնունդը զգոյշ տեղ եւ զգոյշ վարժապետաց ձեռք. որոց մէջ մնալն աւելի ընտրեց Իսահակ այլ_քան հօրը ահեղ եւ տխուր մահուընէն ետեւ` փութալ անոր գահը ելնել հազիւ 20 ամեայ հասակաւն, ինչպէս Ս. Գրիգորիս իր պապուն հօրեղբայրն (15 ամեայ), կամ նոյն իսկ իր հայրն Ներսէս, որ չէր աւելի քան զ՚25ամեայ նորահաս երիտասարդ մը` գահը ելած ատեն, եւ ոչ աւելի քան զ՚35ամեայ ի գերեզման իջած ատեն:

Ս. Սահակ այլ կանուխ կարգուեցաւ, Լուսաւորչի աթոռոյն ժառանգ մը աւելցընելու համար. բայց Աստուած սահմաներ էր իրմով դադրեցընել այն յաջորդութիւնը. եւ հրաշալի երկայն տեսիլքով մը յայտնեց անոր` մինչ դեռ սարկաւագ էր, եւ Վաղարշապատայ մայր եկեղեցւոյն (Էջմիածնի մէջ) հսկումն կ՚ընէր աւագ հինգշաբթի գիշեր մը, իր ազգին եկեղեցւոյն հանդիպելիքն ուխտապահ եւ ուխտազանց հաւատացելոց գործովք: Միայն դստրիկ մ՚ունեցաւ Ս. Սահակ, զոր անուանեց իր անուամբն Սահականոյշ, եւ տուաւ ի կնութիւն Համազասպայ Մամիկոնէից տեառն. ի Համազասպայ ծնան երեք սահակավայել կորիւնք, Կարմիրն Վարդան, Համազասպեան եւ Հմայեակ, որոց առաջինը իրեն որդեգրեց իբրեւ հարազատ ժառանգ, բայց Վարդան այլ իր սուրբ պապուն պէս արու զաւակ չունեցաւ` իր Դստրիկ կնոջէն, այլ երկու աղջիկ, Վարդանոյշ եւ Շուշանիկ կոչուած, զորս զգուեց Մեծն Իսահակ իր պապական ծնգաց վրայ, եւ սեպեց իրեն պայազատ, թողլով անոնց այլ իր սեփական հայրենի ժառանգութենէն. հաւանօրէն իր թոռանց թոռունքն այլ տեսաւ Ս. Սահակ, գոնէ Ս. Շուշանկան շառաւիղքը, (որ` ափսո՜ս, դժնկի մը հետ զուգեցաւ, Վազգենի Վրաց բդեշխին, սակայն այնով այլ աւելի ինքն զարմանալի եւ տօնելի եղաւ): Վարդանայ մէկայլ եղբարց ցեղն արու զաւակօք յաջորդեց ինչուան ԺԳ դար (թերեւս անկէ ետեւ այլ), եւ Ս. Սահակայ արեամբը Պահլաւունի ըսուեցաւ. արեան հետ արդիւնքն այլ ժառանգեց արժանապէս, եւ ԺԱ-ԺԲ դարերու մէջ շատ արժանաւոր անձինք ընծայեց աշխարհի եւ եկեղեցւոյ, եւ այսպէս կատարեցաւ իր տեսլեան մէջ հրեշտակին խոստումն, թէ վերջի ատենները իր ցեղէն նորէն քահանայապետներ պիտի ելնէին, եւ էին Գրիգորեանքն եւ Ներսիսեանք, յետ կիսոյ ԺԱ դարու մինչեւ ի սկիզբն ԺԳ. դարուն:

Ս. Սահակայ վարքն չորս նշանափայլ երեւոյթ կ՚ընծայեն նըատմամբ իր անձին եւ ազգային պատմութեան. - Ա. ուսումնական պայծառութիւն կամ հայերէն դպրութիւն, որ իր գործակցութեամբն զարգացաւ: - Բ. Եկեղեցական կարդաց վայելչութիւն, որոց նոյնպէս հիմնադիր կրնայ ըսուիլ, յետ Ս. Լուսաւորչին. - Գ. քաղաքական տեսչութիւն, որոյ մասնակից եղաւ հաւասար իր հօրն, եւ աւելի քան զբազումս յօտար հայրապետաց. - Դ. անձնական առաքինութիւնք, կամ նուիրական կեանք: Ասոնցմով կ՚երեւի սուրբն Սահակ աշխարհքիս մէջ փայլած հոգւոց մէկն. խորին տեսութեամբ, հարուստ հանճարով, տաք սրտով, գործունեայ կամօք, վսեմ զգացմամբք: Այս չորս գլխաւոր գիտելեաց վրայ կ՚ուզեմ դարձընել աչքդ: Հայկակ, թէ եւ համառօտ տեսութեամբ, քան պատմական դադարմամբ: Որչափ որ Ս. Սահակայ ժամանակն փառաւոր եւ պայծառ էր ըստ եկեղեցական կարգի, այնչափ այլ անշուք եւ անշնորհք մեր բնիկ աշխարհին քաղաքական վիճակն. իր երախայութեան տարիները, նոր յաթոռ նստեր էր Տիրան թագաւոր, սկիզբն ազգերնուս կործանման, իր անքրիստոնեայ վատ եւ թոյլ վարուք. որոյ դէմն ջանալով Ս. Յուսիկ` պապահայր Սահակայ` զոհ եղաւ. Տիրանայ յաջորդն Արշակ` չարագոյն քան զհայրն, վեհագոյն քան զՅուսիկ քահանայապետ ունեցաւ` անոր թոռը, զՍ. Ներսէս, որ ժրութեամբ ջանաց այնպիսի մոլի անձին իշխանութեան ատեն` թէ զաշխարհքն թէ զեկեղեցին չէն պահել. նոյնպէս անկէ այլ մոլի որդւոյն ատեն, Պապայ, որոյ անօրէնութեանն ինքնայլ զոհ եղաւ: Իրմէ վերջ 15 տարւոյ չափ Հայաստանի քաղաքական շփոթութեանց միջոց, Պապայ, Վարազդատայ, Արշակայ եւ Վաղարշակայ եւ Խոսրովու թագաւորութեանց ատեն` չորս կաթուղիկոսք նստան օտար ցեղէ, ասոնց վերջնոյն ատեն Խոսրով Գ. յաջողեցաւ ազգին յերկու բաժնուած նախարարները միաբանելով` հանդարտեցընել զՀայաստան, եւ յամին 389 նստուց յաթոռ մեծին Ներսիսի` անոր արժանաժառանգ որդին, զմեծն Իսահակ, որ այն ատեն իր հօրը վախճանած տարիքն ըլլալով եւ անոր ձրիւքն եւ շնորհօք զարդարեալ եւ յաւելեալ, կերպով մ՚այլ անոր քահանայապետութիւնը նորոգեց եւ յառաջ վարեց ամբողջ կէս դար: Խոսրով քան զայս մեծ շնորհք չէր կրնար ընել իր ազգին, եւ այնքան մեծ եղաւ եւ գովելի շնորհքն, որչափ որ անով իր անձնական շահուն վնաս բերաւ, վասն զի այնպիսի կաթուղիկոս մը իր աթոռոյն հեղինակութենէն զատ, թագաւորաց ազգական այլ ըլլալով` ազգին վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենար, այս բանս վախ բերաւ Պարսից թագաւորին, եւ որովհետեւ Խոսրով առանց իրեն իմացընելու` այնպիսի նշանաւոր անձն մը Հայոց սրբազան գահուն վրայ բարձրացուցեր էր, Պարսիկն զերկուքն այլ պարտաւոր սեպեց. եւ զի Խոսրով ուրիշ ինքնագլուխ գործեր այլ կ՚ընէր, եւ ինչուան անկէ գլուխ քաշելու եւ Յունաց հնազանդելու կու սպառնար, խաւրեց իր Արտաշիր որդին` որ զԽոսրով վերցընէ ի թագաւորութենէ, զՍ. Սահակ այլ ի հայրապետութենէ: Խոսրով խաբուելով եւ ստիպուելով` Արաաշրի ձեռքն ընկաւ, եւ տեղը գրուեցաւ իր եղբայրն Վռամշապուհ (390), որ քան զեղբայրն զգուշաւոր եւ վախկոտ գտուելով` ինքնագլուխ բան չէր ըներ. անոր համար չհաւանեցաւ Ս. Սահակայ խնդրոյն այլ, որ դստերը (Սահականայ) աղաչանօք` խնդրեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեանք սպարապետ դնել Հայոց, փոխանակ նոր վախճանածին (Սահակայ ասպետի): Այս բանս երկրորդ պատճառ մ՚եղաւ Ս. Սահակայ` անձամբ երթալուն առ թագաւորն Պարսից եւ միտքը շինելու: Գնաց ի Տիզբոն, տեսաւ արքայից արքայն, հաճելի եւ պատկառելի եղաւ անոր. խնդիրքները ընդունեցաւ զՀամազասպ ոչ միայն սպարապետ կարգեց, այլ եւ Հայոց նախարարաց մէջ բարձրացուց պատուով ինչուան ի հինգերորդ գահն. ուրիշ յանցաւոր սեպուած նախարարաց այլ ներումն առաւ, եւ անոնց պատուոյ կարգերը նորոգելով` դարձաւ առ Վռամշապուհ, եւ անոր ձեռքով այլ հաստատել տալով Հայոց Գահնամակը, իր սուրբ հօրը նման նորէն նորոգիչ եղաւ քաղաքական դասակարգութեանց. եւ եւս առաւել աշխարհքին խաղաղութեան եւ շինութեան: Բայց քաղաքական խնամքը թողլով առ խոհեմ թագաւորն Վռամշապուհ, ինքն սկսաւ մեծ հոգով եւ ջանքով իրեն վայլածը հաստատել եւ աճեցընել, եկեղեցական բարեկարգութիւնքը, որ շատ տարիներէ վեր խանգարեր էին շատ տեղ, եւ անարժան սովորութիւնք տիրեր էին: Ուղղութեան համար բաւական գիտութիւն եւ հմտութիւն, կամք եւ ոյժ ունէր. բայց ուղղութիւնը հաստատուն եւ մնայուն ընելու համար` կարեւոր հնարք մ՚այլ կար` որ կու պակ­սէր իր հօրը, եւ Յուսկան եւ Լուսաւորչի անգամ. այսինքն է ազգային լեզուի դպրութիւնն, որ ի վաղուց խափանեալ էր, բնիկ հայերէն գիրն խա­փա­նուե­լուն համար. եւ անով` օտար լեզուներ (յոյն, ասորի եւ պարսիկ) սովրիլ ստիպէին թէ աշխարհականք եւ թէ եկեղեցականք, իրենց արտաքին եւ սուրբ պաշտամանց մէջ վարելու. եւ ամէնքն այլ հաւասար լեզուաց յաջողութիւն չունենալով` ի հարկէ կրթութեան եւ կրօնից մեծ պակասութիւն կ՚ըլլար: Պէտք էր հայերէն գիր հնարել: Այս հնարքը Աստուած մեր քահանայապետին մովսիսանման գաւազանին չտուաւ, այլ իրեն ահարոնանման աջակցին, Ս. Մեսրովպայ:

Այս անձը դու լաւ կու ճանաչես, Հայկակ, որ յամենայնի լծակից եւ գործակից եղաւ մեծին Սահակայ, գրեթէ եւ կենակից. (անկէ հինգ ամիս ետեւ յաշխարհքէ ելաւ եւ անկէ այլ քիչ մը առաջ յաշխարհ եկած կ՚երեւի). նախ Ս. Ներսիսի փոքրաւոր էր, եւ անոր վսեմական մահուն ատեն ըսածները մտիկ ընելով` աւանդեց յետնոց. յետոյ Հայոց թագաւորին արքունիքը մտաւ քարտուղարութեամբ, լաւ թարգմանիչ եւ գրիչ ըլլալով. քանի մը տարիէն` արքունիքը թողուց, առանձնացաւ յաստուած խոհութիւն եւ ի ճգնութիւն. եւ հոգին ու միտքը աստուածային շնորհօք լուսաւորելով, ելաւ (յամին 396) քարոզելու եւ վարդապետելու զանազան կողմեր, առաւել ի Սիւնիս: Այս վարդապետութեան ատեն աւելի քան զաւելի ճանչցաւ ազգային գրոց եւ դըպրութեան հարկաւորութիւնը, որոյ համար եկաւ խորհրդակցելու ընդ սրբոյն Սահակայ, եւ տեսաւ որ արդէն կաթուղիկոսն այլ նոյն մտածութեամբ եպիսկոպոսաց ժողովոյ մէջ է (403) բայց ուրիշ եկեղեցական հոգեր վրան առած ըլլալով` յանձնեց Մեսրովպայ մասնաւոր խնամքով այս բանիս ետեւէն ըլլալ. եւ ինքն անձամբ առ թագաւորն երթալով զնա այլ յորդորեց յայս ջանս: Բարեսէր թագաւորն այլ եթէ գանձով եւ եթէ քաղաքական ծանօթութեամբք օգնութիւն ըրաւ, մանաւանդ որ ինքն այլ պէտք ունէր լաւ քարտուղարաց, Ս. Մեսրովպայ յարքունեաց երթալէն ետեւ` յարմար մը չէր գտած:

Չերկնցընենք այս պատմութիւնս. Ասորի Դանիէլ եպիսկոպոսի մը քով հին հայերէն գրեր կային, անոր խաւրեց զՍ. Մեսրովպ (404), որ առաւ բերաւ ի Հայս, եւ երկու տարի աշխատելով, դպրոցաց մէջ սորվեցնելու տղայոց, ճանչցաւ որ անբաւական են այն Դանիելեան նշանագիրքն. եւ յետ ուրիշ շատ հնարից եւ ուղեւորութեանց, ինչուան ի Սամոս երթալով` հոն աւելի աղօթքով եւ Աստուծոյ յայտնութեամբ` քան մարդկային հնարիւք` գտաւ եւ յարմարցուց իր եւ մեր փափագելին (յամի 406), եւ ճարտար յոյն գրչի մը ձեռօք մտցընելով ի ձեւ, (որ մեսրովպեան տառք կամ երկաթագիր կ՚ըսուին հիմա), իբր փորձի համար ձեռք արկաւ թարգմանելու եւ գրելու հայերէն Սողոմոնի Առակաց գիրքը: Այս եղաւ սկիզբն թարգմանութեան Ս. Գրոց, հեռու եւ անծանօթ կղզւոյ մը մէջ, այն տարին` յորում Պաղեստինոյ առանձնութեան մէջ Ս. Հերոնիմոս դադրեցուց իր գրիչը` սուրբ գրոց լատիներէն (վուլկադա թարգմանութենէն:… Հոս քեզի թողում ազգիդ եւ նախնեացդ արդար եւ համաշխարհական խնդութեան եւ հանդիսից մասնակից ըլլալ. կ՚ուզես Ս. Մեսրովպայ հետ փութա ի հայրենիքդ, իբրեւ ի Սինա լեռնէն իջնելով աստուածագին պատգամներով կ՚ուզես թագաւորին եւ կաթուղիկոսին եւ բոլոր մեծաց եւ փոքունց հետ անոր դիմացն ելիր, օրհնել, համբուրել եւ ընդունել այն անտես մտացդ հետ խօսող եւ լուսաւորող գծիկները. եւ մի առ մի նկատէ', տե'ս դպրոցաց կանգնումը, աշակերտաց ժողովումը, փոյթ եւ ջանքն, իբրեւ երկայն ծոմաջանութենէ ետեւ պահոց պնակները կոտրող եւ զատիկ ընողք` յոյն եւ ասորի պնակիտները թողլով` հայերէն այբուբենը գրող ու սովրող մեծ ու պզտիկները. անոնց մէջէն` Սողոմոնի 60 զօրաւորաց պէս` բոլոր աշխարհքէն ջոկած 60 ամենընտիր աշակերտքը, որք իբրեւ ուշիմագոյնք, փափկաձայնք, երկարոգիք, կու ղրկուին յԱղեքսանդրի, յԱթէնս, ի Կոստանդնուպօլիս, յԵդեսիա, եւ յայլ ուսմամբ անուանի քաղաքս, լաւ սովրելու յոյն եւ ասորի լեզու, եւ թարգմանելու սուրբ եւ պիտանի գրքեր:

Այս գիւտս եւ յեղափոխութիւնս այսպէս երգէ հին գանձասաց մը, (Գէորգ).

«Ո՜վ անվեհեր փութոյն պնդութեան` ի գիւտ հանճարոյ սրբոց թարգ­ման­չացն. խոհին ստեղծանել տառս գծագրաց, նշանակ խօսից հայկական լեզուիս. ո­րով վաղ անցեալքն յիշատակին, եւ մեկնեալքն` դէմ յանդիման խօսին: Յայս հոգ զարթուցեալ սքանչելին Սահակ, զարմն վեցերորդ սրբոյն Գրիգորի. զսոյն առ նովաւ եւ զոյգ ընդ նմին աստուածաբնակ հայրն սուրբ Մեսրովպ. որ եւ զըղձալի պարգեւս տառիցն ընկալաւ յԱստուծոյ ի մեծ գթութեանցն: - Լե'ր Քրիս­տոս, պահ­պանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց թարգմանչացն, աղաչեմք»: է …

«Գրաւորական տառից առլըրմամբ մեծապէս խընդայր տէրն սուրբ Սահակ. իսկոյն ձեռնարկէր ի թարգմանութիւն մարգարէականն աստուածախօսութեանց, ժողովեալ մանկունս ի վարժ դպրութեան, աճեցուցանէր զուսումն իմաստից, ջամբելով զկաթն նշանագրացն` առնէր վարդապետս եւ եւ պատմաբանողս, զի յաջորդք հարանցն վարդապետաց` լիցին աշակերտքն պայծառագոյնք: Լեր Քրիստոս, եւն»:

«Եւ եւս ի զօրագոյն զօրութիւն գնալով գրաւորականին վարժից կրթութիւն, պարզ գրագիտութիւնն զարգանալով ի քերթողականն արուեստ յառաջիւր. որոց առաջին մեզ հայր քերթողաց պայծառն Մովսէս այն Խորենացին, նախնին աշակերտ սրբոյն Մեսրովպայ ի քերս բայից հզօր քան զնա. համազոր նմին` Յովսէփ Պաղնացի, նորուն վարժակից Եզնակ Կողբացի. Անյաղթն Դաւիթ եւ սուրբն Կորիւն, եւ միահամուռ դաս քերականացն. որք աստուածեղէն վարդապետութեամբ փարթամացուցին զՀայաստանեայս: Լե'ր Քրիստոս, պահապանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց Թարգմանչացն»:

Պարագլուխ թարգմանչաց եւ մատենագրաց ինքնին Ս. Սահակ` քահանա­յա­պե­տի արժանաւոր կարգերը հոգալով, յառաջ քան զայլս Ձեռնադրութեանց կարգը դրեց. ինչուան իր ատեն գործածուած Ս. Լուսաւորչի յունարէնէն առածը փոխելով եւ ընդարձակելով, եւ յամին 410 նաւասարդի տօներուն, տարւոյն սկիզբը հրատարակեց զայն հանդիսապէս. գուցէ ձեռագրերով բազմութիւն եկեղեցւոյ սպասաւորաց, քահանայից, եւ թերեւս եպիսկոպոսաց այլ: Նոյն կամ յաջորդ տարին` թագաւորէն եւ բոլոր եպիսկոպոսաց ուխտէն խնդրուելով` յանձն առաւ գլուխ կենալու Աստուածաշունչ գրոց թարգմանութեանը. եւ ընդ Ս. Մեսրովպայ` բոլոր եկեղեցական պաշտամանց եւ ծիսից, այսինքն Մաշտոց ըսուած գրոց, մասն մի թարգմանելով ի զանազան հարց, եւ մասն մի նոր շարադրելով, եւ մասամբ Ս. Լուսաւորչի գրուածները փոխելով ի հայ: Ընդհանուր թարգմանութեանց սկիզբն սեպուի 411-2 տարին, եւ վերջն 426. այս 14 տարուան միջոց Մաշտոց, եւ Աստուածաշունչ գիրք հայերէն գրուեցան եւ կանոնեցան, հաւանօրէն` գրագրութեամբ քաջին Մովսիսի Խորենացւոյ որ Ս. Մեսրովպայ քեռորդին էր, եւ Ս. Սահակայ Գրիչն: Թարգմանութեան երկրորդ տարին Ս. Սահակ յԷջմիածին ըլլալով, (ուր եւ կ՚երեւի թէ այն ատեն նորոգեց Ս. Հռիփսիմեայ լուսաւորչաշէն մատուռը, եւ այն հրաշագեղ կուսին տապանին վրայ դրաւ իր հայրապետական կնիքն այլ Լուսաւորչի կնքոյն քով), հոն հրատարակեց ննջեցելոց Աշխարհաթաղի կարգը. իսկ Քահանայաթաղը եւ Հոգեհանգիստը` զոր Ղազարիկ թարգմանիչն բերած էր` (Ս. Եփրեմայ շինածը ասորերէն ի հայ փոխելով եւ աւելցընելով), հրատարակեց տասն տարի ետեւ: Ուրիշ կանոններէն միայն Սէրմնօրհեաց թուականն յայտնի է, յամին 423-4 հրատարակուած. մնացեալքն այլ այս միջոցիս ոմանք ի Ս. Սահակայ եւ շատն այլ ի Ս. Մեսրովպայ կարգաւորեցան, անոր համար իր մականուամբն Մաշտոց ըսուեցաւ գիրքն, կամ թէ ինքն Մաշտոց ըսուեցաւ գրոց պատճառաւն, որ կ՚ըսուի եւս Օրհնութիւնաբեր: Մեր Տօնացոյցն այլ ըստ հայ եւ հոռոմ ամսոց ինքն Ս. Սահակ նախ կարգաւորեց, եւ ինչուան հիմագտուի իր գրածն այլ, յետոյ փոփոխածներէն զատ: Թարգմանութեանց գլուխ գործոց եղաւ նախայիշեալ Աստուածաշունչ գիրքն, որ եւ սուրբ Սահակայ անթիւ յիշատակաց եւ պարծանաց պարծանքն է հիմա մեր մէջ. զոր նախ ի Հաաստան գտուած ասորերենէն թարգմանեց, վերջը յունարէն Եօթանասնից թարգմանութենէն սրբագրեց, կամ նորէն թարգմանեց. եւ այլ վերջը` Եփեսոսի ժողովէն ետեւ` երբ թարգմանիչք բերին աւելի ընտիր եւ ստոյգ Եօթանասնից օրինակ մը, անոր համեմատեց` եւ փոփոխեց առաջին թարգմանածը. եւ վերջապէս վերջին ձեռք դնելու եւ ըստ կարելւոյն կատարելագործելու համար, աշակերտներէն քաջագոյնները (յորս Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ, Եղիշէ, եւ այլք), խաւրեց յԱղեքսանդրիա, որպէս զի տիրաբար հմտանան յոյն լեզուին, եւ ամենեւին անտարակոյս եւ հաւատարիմ ըլլայ թարգմանութիւնն. բայց աշակերտաց անյագ ուսումնասիրութիւնն եւ ընթերցմունքն զիրենք ուշացուցին Աղեքսանդրիոյ հարուստ գրատանց, եւ Ս. Կիւրղի վարդապետարանին մէջ. եւ երբ դարձան ի Հայս` զիրենք զրկող մեծ վարդապետքն վախճանած էին:

Ս. Սահակայ հեղինակօրէն շարագրածոց մէջ`մաշտոցի քանի մը կանոններէն զատ, գլխաւորքն են Աւագ շաբաթու շարականք (բաց ի քանի մը օրհնութիւններէ), սկսեալ ի Ղազարու յարութեան ազնիւ վսեմ երգոյն, «Այսօր գոլով ի Բեթանիա` քո ամենազօր հրամանաւդ ձայնեցեր Ղազարու, եւ դողացաւ մահ. դժոխք պարտեցաւ, ապականութիւն լուծաւ. կենդանարար Քրիստոս, կեցո զմեզ». մինչեւ ի վսեմախաղաղ յետին նուագն Քրիստոսի թաղման. «Որ արարիչդ ես արարածոց, հանգուցեալդ ի քերովբէս, վիմով կնքեցար յերկրի»: Այս հազասլաց խորամուխ լեզուին եւ բանից` յարմարցուց երաժշտական եղանակներն այլ. վասն զի այս զմայլելի արուեստին այլ քաջահմուտ էր: Ժամագրոց աղօթից այլ մէկ մասին հեղինակն է Ս. Սահակ, մընացելոց` իր աշակերտքն եւ յաջորդքն Գիւտ եւ Յոհան, եւ այլք յետոյ: Պատարագամատոյց մ՚այլ ունի հիմակուան գործածուածէն աւելի ճոխաբան եւ ճշդարան: Ասոնք թէ' իր մատենագրական հանճարոյն աներկբայ հաւաստիք են, եւ թէ' իր եկեղեցական կարգաց եւ հոգեսիրութեան խնամոցն, որոց համար` (բաց յայսպիսի պաշտամանց կամ սրբազան գրոց) շատ անգամ ժողովներ ըրաւ եպիսկոպոսաց, եւ արժանաւոր քահանայապետութեան կանոններ, խըրատներ, կոնդակներ հրատարակեց. յորոց մնան հիմա վեց կամ եօթն խոհական եւ յստակախօս բանք. Ա. առ Եպիսկոպոսունս, Բ. առ Քորեպիսկոպոսունս, Գ. առ Քահանայս եւ Վանականս. Դ. վասն եկեղեցւոյ եւ վանաց, եւ տրից կամ նուիրեց ժողովրդեան ի վանս. Ե. վասն տնտեսութեան եպիսկոպոսաց եկեղեցական նուիրաց. Զ. դարձեալ վասն նուիրաց եկեղեցւոյ, թէ որպէս բաժնելու է եկեղեցւոյ սպասաւորաց: Այս խրատներս Ս. Գրիգորի դրած կանոններէն առնելով ընդարձակած է, ինչպէս ինքնին կու վկայէ, եւ իր կաթուղիկոսութեան առաջին տարիներն հրատարակեց յունարէն, եւ յետ գիւտի գրոյն` հայերէն, անոնց հետ ուրիշ կարճ կանոններ այլ, որ յանուն Ս. Լուսաւորչին պահուին ցարդ ի կանոնագիրս մեր: Ս. Սահակայ ամենայն գրուածոց լեզուն սքանչելի յստակութիւն, մաքրութիւն եւ ողորմութիւն մ՚ունի հանդերձ վսեմութեամբ, զոր իր հոգեկիր եւ արիւնաժառանգ Ս. Շնորհալիէն զատ` թերեւս ուրիշ մը չկրցաւ ստանալ նոյն աստիճանի:

Այս աստուածատուր եւ ամենահարկաւոր եկեղեցական եւ ուսումնական շնորհքները պատրաստելէն ետեւ, իր բոլոր ազգին եւ վիճակին մէջ ծառայելու այլ ջանաց մեծն Իսահակ. Պարսից բաժնին մէջ անաշխատ ընդունելի ըրաւ, բայց Յունաց բաժնին մէջ դժուարութիւն կրեց: Երկու տէրութեանց մէջ կռուոյ պատճառ չըլլալու համար, քիչ մ՚այլ իրարատեցութեամբ` յունաբաժինը խորշէին ի Պարսկահայոց. մինչեւ ոչ հայերէն դպրութիւնը ընդունեցան, եւ ոչ Ս. Սահակայ օրհնութիւնը. այլ ի Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսէն կ՚առնուին ձեռագրութիւնն այլ: Ս. Սահակ փորձ մը ետեւ` առ ժամանակ մը լռեց. մանաւանդ որ այն տարիներն Կոստանդնուպօլսոյ աթոռոյն յաջորդութեան մէջ այլ շփոթութիւն կար. մինչեւ որ շատ տարիէ ետեւ (420) ստիպուելով Յունաց բաժինը երթալ, եւ նորէն հոն իրեն արժանի պատիւ չգտնելով, թուղթ գրեց առ կայսրն Թէոդոս Փոքր եւ առ հայրապետն Ատտիկոս, նուիրակ խաւրելով իր փոխանորդը, զՍ. Մեսրովպ, եւ իր թոռը` Վարդան. կայսրն եւ հայրապետն նախ մեղադրեցին Ս. Սահակայ` աւելի Պարսից եւ Ասորւոց կողմ կենալը, եւ հայերէն գրոց գիւտին համար Ս. Ոսկեբերանին խորհուրդ չհարցնելն. (չյիշեցի՞ն` որ այն ատեն իրենք զՈսկեբերան կու հալածէին ի սառնամանիս հիւսիսային Փոքր Ասիոյ). վերջապէս հաւանեցան որ Ս. Սահակ հովուէ յունաբաժին Հայերն այլ, եւ հոն այլ դպրոցներ բացուին հայերէն դպրութեան. Ս. Մեսրովպայ այլ յունական վարդապետութեան աշտիճան եւ պատիւ տալով յետ դարձուցին: Այսպէս զբոլոր Հայաստան աշակերտեցին Սահակ եւ Մեսրովպ. եւ խնամքնին տարածեցին անկէ դուրս այլ իրենց դրակից եւ մասամբ թեմակից ազգաց վրայ, Վրաց եւ Աղուանից, որոց լեզուին գրերն այլ հնարեց Ս. Մեսրովպ, եւ սուրբ գրքերը թարգմանել տալ սկսաւ:

Յոնաց բաժնին մէջ եղած ատեն` Ս. Սահակ իմացաւ որ հոն իր վիճակելոց մէջ չար եւ այլանդակ աղանդ մը կայ, զոր Բորբորիտոն կ՚անուանեն պատմիչք մեր, եւ ոչ այնքան մտաց չարափառութիւն, որքան բարուց անբարութիւն կու ցուցանեն. խստիւ ետեւէ ընկաւ այս աղտեղութիւնը վերցընելու. եւ երբ հարկ եղաւ իրեն նորէն դառնալ ի Պարսից բաժինն (421), յանձնեց սուրբ Մեսրովպայ` որ անաչառ քննէ դատէ, եւ անհաւանները պատժէ, անուղղաները` ճակատնին խարանով այլ նշանելով` հալածէ: Այս բանս թէ' այն աղանդին սաստիկ աղետութիւն կու ցուցընէ եւ թէ' Ս. Սահակայ արիութիւնն. որ յայլսն քաղցր եւ հեզ, զիջող եւ համբերող, ուր որ Աստուծոյ իրաւանց վրէժխնդրութիւնն յանձնած էր իրեն` հոն արդար եւ անաչառ էր. զնոյն արթնութիւն ցըցուց յետոյ նեստորականաց եւ ուրիշ աղանդաւորաց դէմ. զնոյն` իր կանոնական գրոց մէջ այլ կու սպառնար. եւ զնոյն խրատ գրէր շատ տարի ետեւ առ Ս. Պրողկ` աշակերտ եւ աթոռաժառանգ Ոսկեբերանի, տրտմախառն յիշատակաւ իր ազգին վիճակին, որ անտէր ըլլալով այն ատեն` կու դժուարացընէր կաթուղիկոսութեան տիրաբար իշխանութիւնն այլ. իսկ դուք կ՚ըսէր «թագաւորս ունիք` որ զհոգ Աստուծոյ յանձին բարձեալ բերեն, եւ … կարող են ըզփուշն ի միջոյ սրբել. (վասն այնորիկ պարտ եւ պատշաճ է ձեզ որ ի մեծամեծ իշխանութիւնդ վայելէք` նախանձել զնախանձն Աստուծոյ եւ ի գլուխ վարել զայնպիսի նախանձու վրիժուց հատուցմունս, եւ ոգւով եւ մարմնով ջանալ` զի բարձցին ի միջոյ եկեղեցւոյ Քրիստոսի` անուանարկ անօրէն ամբարշտութեան գայթակղութիւնք»: Այս թուղթս սուրբ հայրապետն մեր մահուընէն քիչ տարի առաջ գրած է, երբ ինքն կաթուղիկոսի քաղաքական կամ իշխանական տիրութենէն հրաժարած` միայն աստուածային տիրական իշխանութիւնը անհրաժեշտ կու վարէր, անդադար վարդապետութեամբ եւ հովուութեամբ: Այս ցաւալի եւ սխրալի դէպքը պէտք է յիշեմք: Ս. Սահակայ քաղաքագիտութիւնը եւ քաջ ազգասիրութիւնն այլ լաւ ճանաչելու համար:

Գրեթէ գրոց թարգմանութեան սկիզբն եւ քահանաօրհնէքի հրատարակման տարին (412) վախճանեցաւ բարեացապարտ թագաւորն մեր Վռամշապուհ, որ Տրդատայ մահուընէն ետեւ` կէս դարու մէջ եղած չըլլալու չարիքն եւ շփոյթքը` մոռացուցեր էր իր 21 տարի խաղաղ եւ խոհեմ կառավարութեամբն. իր մահն նորոգեց հին վէրքերը, որք` աւա՜ղ, անբժշկելի մնացին: Վռամշապուհ` իրեն ժառանգ տասը տարեկան աղեկ մը թողուց, Արտաշէս անուամբ. աշխարհը մէկէն վերվար չըլլալու համար` փութացաւ զգաստ հովուապետն Ս. Սահակ, (որ եւ յետ թագաւորին ազգապետ ճանաչուէր), գնաց առ Յազկերտ Ա. եւ կերպով մը իր պատճառաւ զրկուած Հայոց առաջին թագաւորին փոխարէն ընելով, խնդրեց որ նորէն թագաւորեցընէ Վռամշապհոյ եղբայրը, Խոսրովը, որ Անյուշ բերդին մէջ արգելուած եւ ծերացած` մահուընէ զատ ազատութեան յոյս, եւ թերեւս փափագ այլ չունէր: Ս. Սահակայ շնորհքն միայն կրցաւ Պարսից անփոփոխելի օրէնքը փոխել, եւ ինչուան ի մահ եւ ի բանտ դատապարտեալը` հանել ի բանտէ, եւ հաւանեցընել զնա այլ` նորէն իր երիտասարդ գլխին կրած թագը` դնելու հիմա կորացել եւ ալեւորեալ գլխին վրայ. որ եւ տարիէ մը աւելի չկրցաւ վերցընել զայն. սակայն գոնէ փառօք մեռաւ, եւ Ս. Սահակայ օրհնութեամբը իջաւ քնանալու իր ազգակից թագաւորաց հետ հասարակաց քունը: Ս. Սահակայ փափագն կատարեցաւ անոր թագաւորութեամբն, այլ կիսակատար մնաց` կարճ թագաւորութեամբն. յետ որոյ քանի մը տարի պարապ մնաց աթոռն, Արտաշիսի տղայութեանն համար. եւ թէպէտ հասաւ նա յարբունս, բայց Յազկերտ իր որդին Շապուհը թագաւորեցուց Հայոց, որ եւ յետ չորս տարի անարգանօք թագաւորութեան` հօրը հիւանդութինը լսելով փութացաւ ի Պարսկաստան անոր յաջորդելու, բայց մէկտեղ ի գերեզման մտաւ, իրեններէն սպաննուելով, եւ թագաւորեց Պարսից Վռամ Բ: Սա մէկէն Յունաց դէմ պատերազմ բացաւ (420), մեր աշխարհքն այլ նոէն ոտնակոխ եղաւ. եւ ահա այս շփոթութեանս համար էր որ Ս. Սահակ անցաւ ի բաժին Յունաց, եւ որովհետեւ Շապհոյ թագաւորութեան ատեն մեռեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեան` սպարապետն Հայոց, անոր որդին եւ իր թոռը` Վարդանը` զրկեց ընդ Ս. Մեսրովպայ առ կայսրն Թէոդոս, եւ ստրատելատ պատուանուամբ հօրը տեղ իշխանութեան հասուց: Անոր հետ Թէոդոս կայսր պատուէր զրկեց առ Անատոլ` իր արեւելից կողմնակալ զօրավարն, որ յապահովութիւն յունաբաժին Հաոց ամուր քաղաք մը շինէ, եւ շինեցաւ Կարնոյ քաղաքն (422): Այսպէս Յունաց կայսրն եւ անոր իշխանութեան տակ եղած արեւմտեան Հայաստանը շահելով եւ յանձնելով ի վարդապետութիւն Ս. Մեսրովպայ, Ս. Սահակ ճարտար քաղաքագիտութեամբ` արեւելեան այլ չթողուց Պարսից թագաւորին վրէժխնդրութեանը, այլ զասպետն Սահակ եւ (յետոյ) զթոռն իւր Վարդան (երբ դարձաւ սա ի Յունաց) ղրկեց ի դուռն թագաւորին` հաշտութիւն խնդրելու. որովհետեւ Շապհոյ երթալէն ետեւ` Հայք գլուխ քաշեր եւ վռնտեր էին զՊարսիկ պաշտօնեայս, ասոնց պատգամաւորութիւնը բաւական չըլլալով, (ըստ ոմանց) ինքնին Ս. Սահակ` երբ արեւմտեան Հայոց եկեղեցական բաները կարգի դրաւ, երկու փոքր թոռներուն հետ (Համազասպայ եւ Հմայեկայ) գնաց ի դուռն Վռամայ (422), եւ իր բնաձիր եւ աստուածատուր շնորհօքն` ոչ միայն թափեց թագաւորին զէնքերը, այլ եւ Վռամշապհոյ որդին Արտաշէսը թագաւորեցընել տուաւ եւ բերաւ կանգնեց իր հօրը աթոռը: Երկու տէրութեանց մէջ եւ այնպիսի վտանգաւոր եւ խառնակ ժամանակ մը` այսպիսի խորագէտ եւ անխարդախ խաղ մը խաղալ եւ յաջորդել` միայն սուրբն Սահակ կարող էր: Ո՜րքան անոր երախտագէտ եւ անձնատուր պէտք էր ըլլալ Հայաստան` իր թագաւորաւն եւ իշխանօքն եւ ամենայն ուխտիւ եկեղեցւոյն եւ ռամկաց: Լուսաւորչէ սկսեալ իր յաջորդ հայրապետքն` շատ հեղ այսպիսի բարիք եւ տիրութիւն ըրին իրենց որդիացեալ ազգին, բայց այն օրհնեալ եւ օրհնելի ազգին որդիքն` շատ պակաս եւ պարտական գտուեցան առ բարերարսն: Այսպէս ալ հիմա, նախ թագաւորն` անարժան որդի զգօն Վռամշապհոյ, Պապայ եւ Արշակայ ճամբաները երթալով` զզուեցուց նախարարները, արհամարհեց անոնց երեսդարձութիւնը, անսաստեց Ս. Սահակայ խրատուցը, միայն իր ծաղկեալ եւ հուժկու երիտասարդութեանը լսելով:

Նախարարք եւ իշխանք վեց տարիէ աւելի (423-428) չկրցան համբերել անկէց իրենց եւ իրենց կանանց հասած անարգութեանը, եւ միաբանեցան մերժելու զԱրտաշէս ի ձեռն Վռամայ Պարսից թագաւորի, եւ անոր դռնէն կողմնակալ կամ հարկաժողով մը դնել տալով` իւրաքանչիւր իրենց տէրութիւնը եւ ազատութիւնը խաղաղութեամբ վարելու, առ այս կու յորդորէին զՍ. կաթուղիկոսն այլ: Թերեւս մըտածութիւննին բոլորովին անիրաւ չէր. իրենց առջի կրածները յիշելով յանկարգ թագաւորաց, այլ դեռ շատ հեռու էր յուղիղ եւ ի խոր տեսութենէ. մանաւանդ որ եղածէն աւելի սեւ կ՚ուզէին ցուցընել զԱրտաշէս, եւ յիրաւի իրմէ սեւ ու աղտեղի թագաւորի մը մատնել իրենց զեղխ` բայց քրիստոնեայ թագաւորը. ինչպէս որ շատ պայծառ եւ գեղեցիկ խօսքերով բացատրեց այս բանը Ս. Սահակ, եւ երկար ջանաց հանդարտեցընելու զնախարարս: Բայց անոնց համբերութիւնն հատեր էր. եւ չուզելով ետ կենալ իրենց բռնած ճամբէն, չէին այլ կրնար ուրիշ անտեղի եւ վատ գործ մըն այլ չաւելցընել. այսինքն, իրենց աշխարհական տիրոջ` թագաւորին հետ` դադարեցընել նաեւ հոգեւոր տիրոջ կաթուղիկոսին իշխանութիւնն այլ. վասն զի եթէ նա չմիաբանէր հետերնին` խօսքերնին առաջ չէր երթար. ապա պէտք էր զնա այլ յանցաւոր ցուցընել Պարսից թագաւորին դիմաց: Ահա հոս էր մեծագոյն փոսն, որոյ վրայէն չկրցան ցատքել, ընկան մէջը, եւ ձգեցին իրենց տեարքը եւ բոլոր աշխարհքնին: Ելան գնացին Պարսից դուռը. Վռամ յօժարութեամբ լսեց անոնց ամբաստանութեանց եւ զրպարտութեանց. եւ քիչ մը վերջը կանչեց ի դուռն զթագաւորն եւ զկաթուղիկոս. թագաւորն արդարացուց զինքը. կաթուղիկոսն այլ ցուցընելով թէ թագաւորին անքրիստոնեայ գործքերը` իր (Սահակայ) ատենին մէջ դատելի է եւ ոչ Պարսից ատենին մէջ դատապարտելի, անոր իրաւունքը պաշտպանեց. եւ հոս այլ երեւցաւ Ս. Սահակայ մինակ մեծութիւնն` բոլոր բազմութեան իշխանաց պզտիկութեանը քով: Արտաշէս ներքին խղճովը, նախարարք իրենց արտաքին խղճովը, Վռամ իր անփոյթ խճղովը` մթնցած միգամած կորացած էին. միայն Ս. Սահակ սպիտակ եւ պայծառ սիւնացեալ ամպոյ պէս հոն կու բարձրանար: Պարսից թագաւորն առանձինն այլ յորդորելով զՍ. հայրապետն, եւ չկարենալով անոր բերնէն ամբաստանութիւն մը լսել, բաւական սեպեց նախարարաց ըսածը, եւ յանիրաւի դատապարտեց զԱրտաշէս, զրկելով յաթոռոյ եւ յազատութենէ. նոյնպէս այլ ըրաւ կաթուղիկոսին. դարձեալ նախարարաց լսելով, (որք ամօթով կ՚ըսեմ) ամբաստանեցին զնա իբր Յունաց կուսակից, եւ փաստ բերին անոր գրած նամակները առ կայսրն եւ առ Անատոլ, եւ զՎարդան ղրկելն առ նոսա: Ս. Սահակ այլ արգիլուեցաւ ի Պարսս, երեք չորս տարի: Հայոց թագաւորին տեղ Պարսիկ մարզպան մը ղրկուեցաւ ի Հայս. իսկ այն սուրբ եւ մեծ կաթուղիկոսին տեղ ո՞վ. - չարալեզու երէց, չերէց մը, Արծկեցի Սուրմակն. որ ի վարձ մատնութեան այնպիսի աստուածարեալ եւ պատկառելի անձի մը, անոր աթոռը ժառանգեց: Հայոց քահանայապետ անուանուեցաւ, գոնէ կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը բանեցընելու, որովհետեւ ինքն եւ ոչ եպիսկոպոս էր: Եկաւ ի Հայս, իր սեւ երեսօք Ս. Սահակայ պայծառութեանը մէջ բիծ երեւելու համար. բայց եւ ոչ տարի մը դիմանալով` նոյն իսկ իր գործակից եւ բանակից նախարարներէն վռնտուեցաւ. որք եւ ուրիշ կաթուղիկոս մ՚ուզեցին ի Վռամայ. նա այլ Բրքիշու կամ Բարդիսո անուամբ Ասորի մը խաւրեց, որ եկաւ տանտիկիններով լեցուց Հայոց հայրապետանոցը, զոր Ս. Սահակ իմաստուն վարդապետօք եւ թարգմանչօք եւ խարազնազգեաց ճգնաւորօք զարդարեր էր: Այն ատեն շատ լաւ իմացուեցաւ անոր արժէքը, եւ ոչ միայն աշխարհին մէջ, այլ եւ կայսեր քով եւ Եփեսոսի 200 հայրապետաց մէջ` հարցուեցաւ բնտռուեցաւ Հայոց սուրբ հայրապետին վերադաս գահը. հայրասէր թարգմանիչքն մեր որ հոն գտնուեցան` ցուցին հեռուէն Տիզբոնի բանտը: Այս անկարծելի յանդիմանութիւնս ի սիւնհոդոսի աշխարհագումար հայրապետաց, արդարեւ ծանր` այլ արժանի էր մեր կարճամիտ կամ կարճատես իշխանաց. որք աչքերնին աղէկ մը շփելով` յետ երեք տարւոյ մերժեցին զԲրքիշու այլ. եւ ոմանք լռելեայն` ոմանք յայտնի` Ս. Մեսրովպայ եւ բոլոր եկեղեցւոյ ուխտին հետ մէկտեղ` նորէն զՍ. Սահակ խնդրեցին յետ դարձընել. միայն ոմանք Պարսից թագաւորին կամացը թողուցին զո'վ որ ուզէ խաւրելու. յունաբաժին Հայք այլ ուրիշ մ՚առաջարկեցին. Վռամ թէ իր ուզածը եւ թէ անոնց ուզածը միաբանելու հնարք մը սեպեց` Շմուէլ (Սամուէլ) անուամբ ասորի մը խաւրել փոխանակ Բրքիշոյ, կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը վարելու, եւ մարզպանին օգնական ըլլալու. Ս. Սահակն այլ արձակեց, որ Շմուէլի ընտրածները ձեռնադրէ յեպիսկոպոսութիւն, եւ հոգեւորապէս հովուէ իր ժողովուրդը. եւ այսպէս յերկու բաժներով կաթուղիկոսութեան իշխանութիւնը, եւ արտաքին հոգաբարձութիւնը վերցընելով ի Ս. Սահակայ, անոր վիճակեալ ռոճիկն այլ պակսեցուց. այսինքն կաթուղիկոսին տրուած կալուածքներուն մեծ մասն առաւ, եւ քիչ գեղ ու ագարակ թողուց անոր. արձակելու ատենն այլ երդումն պահանջեց ի Ս. Սահակայ` որ հաւատարիմ կենայ իրեն, եւ չմիտի Յունաց կողմը. ապա թէ ոչ` բոլոր ազգին վրայ չարիք կու հասցընէ: Այն ատեն Ս. Սահակ` որ կ՚իմանար իր հարկաւորութիւնը ազգին համար, բայց չէր այլ կրնար յանձնառու երեւիլ Վռամայ ամեն հրամայածին, իր արժէքը անգամ մ՚այլ ցըցուց. եւ յոտք կանգնելով բոլոր արքունի հանդիսին մէջ, երկար ատենաբանութեամբ մէկիկ յառաջ բերաւ իր 40 տարիէ աւելի հաւատարիմ ծառայութիւն եւ երախտիքն առ դուռն եւ ի Դրանէն անվարձ եւ աներախտ մնալն, Պարսից սուտ խոստմունքը եւ խարդախութիւնը, եւ անիրաւ դատաստանները, եւ իր քրիստոնեայ հաւատոց անհրաժարելի պարտքը` հաւատակցաց հետ (Յունաց եւ այլոց) հաղորդութիւն ընելու: Եւ այնքան տիրաբար ճարտասանութեամբ, այլ հանդարտ եւ վսեմ կերպով խօսեցաւ այն վսեմափայլ ութսնամեայ ալեւորն, մինչեւ թագաւորն եւ իշխանքն եւ մոգերն պապանծած իրար կու նայէին, եւ չկրցաւ մէկն պատասխան տալ. այլ յետոյ ինքնին թագաւորն հրամեց իր մեծերուն, որ շատ գանձ ստակ տան մեր կաթուղիկոսին, այնպէս գեղեցիկ եւ անվախ համարձակ խօսելուն համար. որոյ համբաւն յետոյ մեր աշխարհն այլ հասանելով` այլ աւելի սիրելի ըրաւ իր ծերունի ամենաշնորհ հայրապետը: Իսկ ինքն` ստակը մերժելով` տուողներուն աղաչեց որ անոր տեղ թագաւորէն խնդրեն` ինչ որ ինքն երբեմն յԱրտաշրէ խնդրեր էր. այսինքն, նախարարաց իշխանութեան գահնամակը անփոփոխ հաստատել, եւ մասնաւորապէս Արշակունեաց խնամի եղող նախարարաց կալուածքները յետ դարձնել իրենց: Վռամ հոս այլ յաղթուեցաւ յԻսահակայ, ամեն խնդրածները կատարեց, եւ անոր թոռը, Ս. Վարդանը` հաստատեց ի պատիւ Մամիկոնէից տիրութեան եւ զօրավարութեան Հայոց: Այսպէս յետ երեք կամ չորս տարի արգելանաց դարձաւ Ս. Սահակ ի Հայս, եւ իր հին փառաւոր աթոռը Վաղարշապատը թողլով, նկատմամբ անարժան Շմուէլին, բայց յանձնելով զայն ի հոգաբարձութիւն իր հոգեկցին` Ս. Մեսրովպայ, ինքն ընտրեց իրեն կայանք` Հայոց մկրտարանը, Բագրեւանդայ Ս. Յովհաննու ուխտատեղին. եւ երբեմն այլ անոր մօտ վիճակները պտըտելով, հարազատ հովուի պէս կու խնամէր իր հեռացող եւ երբեմն մոլորեալ հօտը. եւ առաջուան պէս անխնայ քարոզէր եւ վարդապետէր:

Այս ատեն մխիթարութեամբ ընդունեցաւ սուրբն Սահակ զԱղան` Արծրունեաց հոգեսէր իշխանն ի կրօնաւորական կեանս, ինչպէս 40 տարի առաջ այլ խնդրեր էր, բայց Ս. հայրապետն` Պարսից թագաւորէն ակն ածելով չէր յանձն առած այն ատեն, Ս. Սահակայ արգելանաց ատեն Եփեսոսի ժողովն կատարուեր էր (431). որոյ վեց կանոնները եւ ոմանց ի Հարց ժողովոյն առանձին թղթերը առ Ս. Սահակ բերին ի Կոստանդնուպօլիս եղած թարգմանիչք մեր` Ղեւոնդ եւ Կորիւն, Եյնիկ եւ Յովսէփ, ուրիշ սուրբ հարց գործքերով, եւ գտան զՍ. Սահակ եւ զՄեսրովպ յԱշտիշատ Տարօնոյ. զորս ընդունելով Ս. Սահակ`ժողովրդական ատենաբանութիւն մը ըրաւ իր հաւատարիմ եպիսկոպոսաց առջեւ, եւ հաւանութեամբ նոցա եւ Ս. Մեսրովպայ` պատասխան գրեց հայրապետաց. եւ սկսան նոր բերած գրքերը թարգմանել եւ սուրբ գրոց թարգմանութիւնը ուղղագրել: Բայց Եփեսոսի ժողովին վճիռը չդադրեցուց ի Յոյնս` Նեստորի եւ իր հետեւողաց վէճերը, այլ աւելի զայրացաւ եւ ընդարձակուեցաւ: Ուղղափառ եւ այլափառ իրարու դէմ գրէին, եւ օտարաց խաւրէին գրածնին, յորոց շատք չկարենալով ընտրել զուղիղն եւ զծուռն` շփոթէին. աւելի շփոթցընողն էր Նեստորի վարժապետին Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ գրուածքն, որ Արիոսի եւ Մակեդոնի եւ ուրիշ հերձուածոց դէմ գրուած ըլլալով ուղղափառ կ՚երեւէր, բայց երեւոյթին տակ ծածկած էր նեստորական թոյնն. սակայն ի սկզբան շատոնք իբրեւ ուղիղ ընդունեցան. ինչպէս եւ Կիւրայ եպիսկոպոսն Թէոդորետոս իմաստուն պատմիչն. որք ի Հայս այլ խաւրեց այն գրոց օրինակները, եւ որպէս երեւի` ոմանք ի մերոցս այլ ընկալան, եւ բարեկամն Թէոդորետեայ` մեր Եւլալ եպիսկոպոսն Մարդաղւոյ (զոր յետոյ յիշէ Եղիշէ ի ժողովի Արտաշատու) թարգմանեց զայն գրեանքն ի հայ: Այս բանիս կասկածելով նախ Ս. Սահակայ մերձաւոր աթոռակիցքն Ակակ Մելտենոյ եպիսկոպոսն, եւ երանելին Րաբուլաս` Եդեսիոյ եպիսկոպոսն, գրով իմաց տուին առ ծերունի հայրապետն մեր (յամի 434-5), որ եւ մէկէն քննել տուաւ ու գտաւ. եւ Թէոդորոսի գրուածոց հետ` Րաբուլայի եւ Ակակայ նամակն այլ խաւրեց առ ծանօթն իւր Ս. Պրոկլ Կոստանդնուպօլսոյ հայրապետն, ձեռամբ Ղեւոնդի երիցու եւ Աբբայ կամ Աբելի, որպէս զի նա երկու կողմէն գրուածներն այլ քննէ եւ իր դատաստանը իմացընէ: Պրոկղ ուրախութեամբ ընդունելով Ս. Սահակայ ղրկած նուիրակութիւնը, եւ անոր ծայրազարդ հասակին, եւ թերեւս հին ծանօթութեան եւ դիպուածոց համեմատ, ինքն որ դեռ նոր նստեր էր յաթոռ (434) գորովելով եւ պատկառանօք, իբրեւ իր վարդապետին (Ոսկեբերանի) ընկերակիցը տեսնելով` կու գրէր այս նշանական խօսքերով սկսելով. «Երանի՜ որ հանապազորդ լինիցին ի քաղցրահայեաց տեսիլ աստուածագեղ երեսացդ, եւ զի՞ ասեմ հանապազ, այլ գոնեայ յաւուրս կամ յամիսս կամ ի տարեկանս: Ասասցէ եւ իմ անձն: Ո՞ առնէր զիս արժանի հասանել անկանել յոտս աւետարանիչս…: Եւ ուստի՞ ինձ այդ լինիցի, բայց եթէ յաղօթից սրբոյդ, զոր մեծ պատարագաւ միշտ ի վերայ արժանաց եւ անարժանաց` ամենասուրբն Աստուծոյ հատուցանես»: Իսկ խնդրոյն վրայօք երկայն բացատրութիւն մը գրեց. բայց նախ քան զրկելն ի Հայս, խաւրեց առ անուանին Յովհաննէս Անտիոքայ հայրապետն, որ ինքն այլ իր հաւանութիւնը եւ ստորագրութիւնը տայ, նա այլ իր եպիսկոպոսաց ժողովով ստորագրեց եւ գովութեամբ դարձուց. նուիրակն տարաւ թուղթը նաեւ առ մեծն Կիւրեղ Աղեքսանդրի հայրապետն. նա այլ հաւանեցաւ եւ առանձինն այլ գրեց թէ առ Ս. Պրոկլ եւ թէ առ Ս. Սահակ ընդդէմ Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ. այսպէս Պրոկլ երկու պատրիարքաց վկայութեամբ այլ հաստատելով գրածը` անկէ ետեւ զրկեց ի Հայս` (436), բայց իր նուիրակն Բասիլ` իր կողմանէ այլ բաներ աւելցուց ընդդէմ Թէոդորի, իր հայրապետին գրածը բաւական չհամարելով: Այս թղթոյն այլ միաբան պատասխան գրեց Ս. Սահակ ընդ Մաշտոցի, եւ ապահովցուց որ Թէոդորի սերմունքը չկան Հայոց մէջ. «Եւ որ Դիոդորեայ (Դէոդորեայ (Թէոդորի) Մամուեստացւոց աշակերտեալք իցեն, առ ժամանակս` ի շնորհացն Աստուծոյ` այնպիսի ինչ չեւ է յայտնեալ, ապա թէ իցէ ծածկեալ ի ժանգոյ աղտեղութեան, ի հարկէ ջան լիցի մեզ խլել զխաչն եւ զգայթակղութիւնն զայն ի միջոյ ի բաց կորուսանել. զի միաբանութիւն` որպէս ի ձերում միջի փառաբանի, եւ զմեզ ի նմին հաւասարութեան փառաւորութիւն առ Աստուած հասուցանել արժանի արասցէ»: Այս թուղթսդրած է Ս. Սահակ հազիւ երկու կամ երեք տարի յառաջ քան իր մահը. այն միջոցին հանդիպեցաւ եւ մահ Շմուէլի, որ ագահութեամբն աւելի քան զԲըրքիչոյ զզուելի եղած էր ամենուն, բաց ի Սուրմակայ, Հաւատարիմ նախարարք եւ եպիսկոպոսունք ազատելով այն անուանեալ քաղաքացի ասորի կաթուղիկոսէն, Ս. Սահակայ ոտքն ընկան, եւ լալով ներումն խնդրէին եւ օրերով կ՚աղաչէին որ իր հօրը Ս. Ներսիսին պէս անյիշաչարութեամբ յանձն առնու նորէն իրեն կատարեալ կաթուղիկոսութիւնը. բայց ամենայն ջանք եւ աղաչանք անօգուտ եղան. Ս. Սահակ ոչ յիշաչարութեամբ մերժեց, այլ արդէն լաւագոյն հանդերձեալ կենաց պատրաստութեան մէջ ըլլալով այն ծանրացեալ հասակի, միանգամայն եւ հին տեսիլքն միշտ աչացն առջեւ ըլլալով, յիսուն վաթսուն տարի զայն լռութեամբ պահելէն ետեւ, պատմեց իրեն աղաչողաց, թէ' իր ցեղէն քահանայապետութեանը դադրիլն եւ թէ իր եկեղեցւոյն հանդերձեալ հալածանքը եւ վտանգը: Զոր լսելով ամենքն զարհուրեցան, ապշեցան, ափ ի բերան եղան, եւ ակամայ իրաւունք տուին այն մեծ սրտակտուր անձին` որ կ՚ըսէր. «Երթայք յինէն ի բաց, եւ թոյլ տուք ինձ ողբալ զընդհանուր կորուստ աշխարհիս Հայոց. զոր տեսանեմ աչօք մտացս` ի զօրութենէ վերին ցուցակութեան. մի բռնադատէք մխիթարել զիս ի վերայ բեկման ժողովրդեան իմոյ»: Ելան կորակոր, ի բաց գնացին լուռմուռ, եւ անկէ ետեւ ոչ ոք համարձակեցաւ այն խնդրոյն վրայ բան մը խօսիլ` այն վսեմ ցաւով կնքուած սրտին հետ. որուն բռնի հնչած հառաչանքն այլ` հիմա շատ ազդու կու գար նախարարաց ակընջին, քան անկէ տասն տարի առաջ երկայն յորդորանքն` զիրենք կրկին տիրամատնութենէ յետ կեցընելու համար: Իր լուսաւորչական գահը իշխանական փառօք դառնալէն աւելի` մխիթարութիւն եղաւ իրեն կենաց վերջընթեր տարին` (438), իր մեծ աթոռակցին: Ս. Ոսկեբերանի մարմնոյն դարձն ի Կոստանդնուպօլիս, որուն մահը, աքսորանքը, եւ եպիսկոպոս նստիլն տեսեր էր Ս. Սահակ իր կաթուղիկոսական աթոռէն: Իսկ հիմա այն աթոռոյն աստիճանաց վրայ նստած` եւ նկատելով ի գերեզմանն, «յայնմհետէ ամփոփեալ զինքն յամենայն աշխարհածուփ զբօսանաց, աղօթից միայն պարապէր եւ վարդապետութեան»:

Հոս պէտք է յիշել Ս. Սահակայ վարուց սրբագոյն նրբագոյն կերպարանքն այլ, աստուածային համակամութիւնն, կամ ներքին կենակցութիւնն ընդ Աստուծոյ. յորում այնքան գերազանց էր քան իր սուրբ նախնիքն անգամ, մինչեւ անաչառ պատմիչն համարձակ վկայէ թէ, «Սա ամենայն առաքինութեանց հարցն նմանեալ, աղօթիցն մասամբ առաւելեաց: Քանզի ստացաւ աշակերտս 60, արք կրօնաւորք, խարազնազգեստք, երկաթապատք, բոկագնացք, որ յար ընդ նմա շրջէին. որովք` մշտնջենաւոր պաշտամամբ կատարէր զկանոնն, որպէս զայն` որ յանապատսն են. եւ հոգայր զաշխարհս, որպէս զայն` որ յաշխարհի են»: Այս երկու աննման հարկաւոր հոգերը բոլոր կենացը մէջ այնպէս մէջ այնպէս միացուցեր էր Ս. Սահակ, որ երկու անձ կարծուէր մի եւ նոյն կերպարանօք, մէկն յաշխարհի եւ յարքունիս` զընկերս եւ զազգ հոգալով, միւսն յանապատի եւ յառանձնութեան` իր հոգին եւ զԱստուած մտածելով: Այսպէս կ՚ընէր կաթուղիկոսութենէն առաջ, այսպէս կաթողիկոսութեան ատեն, եւ այսպէս իր կենաց վերջերն այլ. եւ թէ եւ հիմա բոլորովին առանձնանալ փափագէր, այլ «Բազումք յեպիսկոպոսաց եւ յայլոց պատուական քահանայից` ոչ երբէք ժուժէին տեւել եւ մեկուսանալ ի մշտաբուղխ աղբերէ վարդապետութեան սրբոյն, ուր ուրեք եւ դիպէր, ի յոստանի եւ կամ ի հովս»:

Յետին անգամ ի հով ելեր էր յամարան 439 տարւոյ, երբ յետ մահուն Վռամայ` անոր յաջորդ որդւոյն` Յազկերտի` զօրքն եկան ի Բագուան, ինչպէս տեսանք ի սկզբան պատմութեանս. եւ ահա այս անժամ ու անպատշաճ շփոթութենէն պէտք էր հեռացնել այն ի մահ եւ յանմահութիւն հասունացեալ հայրապետը, որ արդէն յետին հիւանդութեամբ մօտ էր իջնելու յանկողնէն ի գերեզման: Հայրասէր հաւատարիմ ձեռասունքն` աւելի գրկօք քան պատգարակօք` վերուցին ժամանակին հայրապետաց նահապետը, եւ Լուսաւորչի յետին պայազատը. տարին քանի մը ժամ հեռու` Ալաշկերտի Բլուր կամ Բլրոցաց ըսուած գիւղը. որ ապահով եւ ճամբէ հեռու տեղ մ՚էր, (զոր դժբաղդութեամբ ես շատ փնտռեր եւ չեմ տեսած): Հոն հիւանդութիւնն ծանրանալով, իմաց տրուեցաւ ծանօթիցը. հաւանօրէն պատերազմի պատճառաւ սուրբ Վարդան հեռացեր էր, բայց իր կինն Դստրիկ` եւ մէկ այլ եղբարքն եւ մերձաւորք` եկան իրենց պապուն եւ ամենայն Հայոց հօրն քով. իր համանուն համահոգի Իսահակ նահապետին նման` կռթնելով մահուան բարձին, աշխարհական եւ հոգեկան կտակներն ըրաւ. բաժնեց անոնց իրմէ կողոպտուած ստացուածոց մնացորդը. բայց առատապէս տուաւ իր անկողոպտելի ստացուածքը, այսինքն «ամբարձեալ զձեռս իւր օրհնեաց զնոսա օրհնութեամբ բազմաւ. եւ պատուիրեաց նոցա պահել զվարդապետութիւն պատուիրանի սրբոյն Գրիգորի, զոց ուսոյց եւ աւանդեաց ճշմարտութեամբ ամենայն աշխարհիս Հայոց»: Զնոյն պատուէր եւ օրհնութիւն տալով իր հաւատարիմ ձեռնասուն հոգեսուն աշակերտացն, ապա բոլորովինամփոփեց զինքն յինքեան. եւ թերեւս իբրեւ յետին բարով մնաս ըսելով աշխարհիս` անցուց անգամ մ՚այլ մտքէն ընդարձակ նկարի մը պէս` իննսնամեայ կենաց բազմակերպ տեսարանները փոփոխութիւնները, քսանէն աւելի թագաւորաց յաջորդութիւնները` զոր տեսեր էր երեք տէրութեանց մէջ, Հայոց, Յունաց եւ Պարսից, որոց շատին հետ տեսութիւն եւ զրոյց այլ ունեցեր էր. - իր աշխարհին կերպ կերպ եւ շատը ողբալի դիպուածները: (Տիրանայ կուրութենէն ինչուան Արտաշիսի աքսորը). - եւս առաւել եկեղեցւոյն անցքը, իր մեծ պապուն` Յուսկան` բրածեծ մահուրընէն մինչեւ ի մահ իր անարժան աթոռակցին` Շըմուէլի. ուսկից փոխելով յիշատակը` անցուց առջեւէն երկայն սուրը չար մը իր հովուակից հայրապետաց` զորս դար եւ կէս ժամանակ սնուցեր եւ իրեն ծանուցեր էր. եւ որոց ետեւէն ահա կ՚երթար ինքն այլ, յետ շատերէն երկար` (կէս դար հովուութեան եւ բազմաթիւ վաստակաց եւ վշտաց) առ հովուապետն եւ վարձահատոյցն ամենեցուն, Քրիստոս. որոյ յանձնելով զազգն եւ զեկեղեցին, զերախտաւորս եւ զապերախտս, եւ ապա իր ի մանկութենէ առ նա փափագած եւ կարօտած հոգին, փոխեցաւ «խաղաղական հանգըստիւ» ի կենաց աշխարհիս` ի կեանս արքայութեան երկնից, յեօթն սեպտեմբերի 439 տարւոյն, յօր հինգշաբթի, յերկրորդ կամ յերրորդ ժամուն «Ի պաշտաման անուշահոտ իւղոյն». մեծն ան անձն. «Որ մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող. պատուեաց զպատկերն, պատկառեաց ի կոչնականէն, փոխանորդեաց զկեանսն. եւ այսքան կենցաղավարեաց` իբր զի ոչ պակասութեան իրիք մասն ի ծերութենէն եղանիլ, եւ ոչ յախտից առընդունել»: …

Հանգի՜ստ, ո'վ Մեծ, քու սրբասնեալ մարմնոյդ յերկրի, եւ փա՜ռք պայծառ հոգւոյդ` յերկինս: Բայց ի՞նչ ըսեմք քու հաւատարմացդ, քու անմխիթար սրբոցդ, քու կարօտեալ աշակերտացդ, որք յետ երկար ժամանակաց եւ աշխարհէ աշխարհ պանդըխտութեանց` կու դիմէին յԱղեքսանդրիոյ եւ ի Բիւզանդիոյ, յԱթենայ եւ ի Հռովմայ` քու եւ քու հոգեկիցդ (Մեսրովպայ) ամենընկալ հայրագորով գրկացդ, յուսալով հարսանեաց պարովք եւ առագաստի երգովք դիմաց ելնել, եւ ութ կամ տասն տարուան մտաւոր աշխատանաց պտուղն ընծայել: Իսկ հիմա՞, «Ու՞ր է քաղցր աչացն հանդարտութիւն առ ուղիղս, եւ ահաւորութիւն` առ թիւրս, ու՞ր զուարթ շրթանցն ժպտումն առ բարի աշակերտացըն հանդիպումն, ու՞ր խնդամիտ սիրտն` ընդունող արբանեկաց, ու՞ր երկայն ճանապարհաց յոյս հեշտացուցիչ, աշխատութեանցն հանգուցող: - Կորեաւ ժողովօղն, թռեաւ նաւահանգիստն, ելիք օգնականն, լռեաց ձայնն յորդորեցուցիչ»: Այս խօսքերս եթէ նախ Խորենացւո մը գրչէն լսած ես, Հայկակ, գիտցիր որ կրքերն` շատերուն են, իմս այլ են, որ այն ատեն եւ անկէ ետեւ եղածներն այլ նկատելով, աւելի անոր նման «Հառաչումն յիս ի ներքո ընթանայ եւ արտօսր, եւ կամեցուցանէ բարբառել բան տխրական եւ սգաւոր», քան թէ փափագ գայ Ս. Սահակայ վրայ «հրաշափառագունիւ անցանել բանիւ ըստ արժանի սուրբ հօրն դրուատից»:

Սակայն դարձեալ նոյն անուասիրտ աշակերտին եւ պատմիչին հետ «այլում տեղւոյ եւ ժամանակի զայսոսիկ թողցուք» եւ երթանք մեք այլ հեռուէն` ընկերելու այն լուրջ յուղարկաւորաց հետ, որոց աշխարհական պարագլուխն է մեծին Վարդանայ կինն, սեւասքողեալ սիբիլլայի պէս, իսկ եկեղեցականաց` Երեմիա երէցն, սարկաւագապետ Սրբոյն, հանդերձ բազմութեամբ աշակերտացն եւ խարազնազգեաց միաբանից, քահանայից, ազատ եւ ռամիկ մարդկան աշխարհախումբ հանդիսի, որք լեռնէ լեռ ձորէ ձոր անցնելով, եւ Արածանւոյ հառաչաձայն կարկաջանաց քարավազ ճամբան բռնելով` կ՚իջնեն ի Տարօն գաւառ, եւ կու դադրին անոր հիւսիսակողմը պարսպող լերանց ստորոտը` սարատափի մը վրայ, ուր է հանգուցելոյն սեփական կալուածն, եւ բուն հին զոհից տեղն` Յաշտիշատ գեղն. հոն այն աստուածանման հոգւոյն անարատ պահարանը` պարկեշտ մարմինը` կ՚ամփոփեն պատուական տապանի մէջ, որոյ վրայ յետոյ կու շինեն այնպիսւոյն արժանաւոր Եկեղեցի մեծապայծառ եւ վկայարան սրբոյն, պատուական եւ մեծագին սպասուք». անոր այլ բոլորտիքը «հիմնացուցեալ կանգնեցին ի տեղւոջն վանս բազմութեան պաշտօնէիցն, կարգեալ դարմանս անպակաս պտղոց ի հանգիստ առաւելեալ եղբայրութեանն». ուր ժողովեցան իր ճգնազգեցիկ աշակերտներէն ոմանք. ոմանք այլ ուրիշ տեղեր ցրուած վանքեր հաստատեցին: Իսկ հաւատարիմ երախտագէտ սիրելիք սրբոյն` Աշտիաշատայ եկեղեցին եւ վանքն այլ բաւական չսեպելով, «Ժողովս տարեւորականս աշխարհայորդոր բազմութեամբ հաստատեցին ի տեղւոջն, որ ըստ ժամանակի` բազմամբոխ ժողովրդոք` կամաւոր յօժարութեամբ ազատք եւ քահանայք գաւառին, այլ եւ կարի յոյժ հեռաւոր տեղեաց դիմեալք յօր կարգադրութեան նորա տօնեն, որ եւ բազում օգնութիւնս առողջութեան ըստ իւրաքանչիւր ախտից շահին ի նշխարաց սրբոյն, եւ ուրախալից սրտիւ դառնան»:

Երջանիկ հայրապետ եւ յայսմ մասին, որ Վարդանայ պէս թոռն ունեցաւ, եւ Մամիկոնէից նման բարեպաշտ եւ տաքսիրտ ազգականներ, որք կրցան ուրիշ նախարարաց ապերախտութեան փոխարէն` մեծագործ սուրբ յիշատակարան մը հոյակապ տաճար մը կանգնել, իրենց նահապետին նշխարաց վրայ. այնքան արժանապէս մեծ ու փառահեղ էր այս տաճարս, որ երբ լման 200 տարի ետեւ (639) մոլէնախանձ Հագարացիք առաջին անգամ մատն ի Հայաստան, հասարակ եկեղեցեաց խնայելով` ամենէն աչքի զարնողները փլուցին, որոց մէջ չորս հատն յանուանէ յիշատակի, եւ առաջինն է սա: Յայտնի է որ յետոյ դարձեալ շինեցաւ վայելչապես, բայց զայն այլ քակեց, կ՚ըսեն, գաղտնասիրտն Լէնկթիմուր, եւ անոր քարերով Արածանւոյ Սուլուխ գիւղին քով կամուրջ կապեց, բայց մինչեւ հիմա կու տեսնուին աւերակք հին եկեղեցւոյն, նշանք մամիկոնեան մեծագործութեան, որոց մէջ փոքրիկ, պարզ, ու կէս գետնաթաղ չէն մտաուռ մը` 14 դարէ վեր կու ծածկէ զգերեզման մեծին Սահակայ: Անոր դիմաց գրուած է պատշաճապէս` իր յետին հոգէկիր եւ արենակիր շառաւիղն, շուշանագեղ եւ Շուշան-անուն թոռնեայն, Վարդենի` դուստրն Վարդանայ մեծի: Անոնց տօնին` յիշատակին մինչեւ ցայսօր յուխտ երթան խոնարհ տեղացիք, կարծեմ թէ եւ Քուրդք անգամ, փոխանակ փոխանակ այնքան հեռաւոր եւ մերձաւոր ազգայնոց, որոց պարտ եւ պատշաճ էր ոչ միայն նորէն կանգնել վայելուչ եկեղեցին, այլ եթէ աւելի առատութիւն եւ ազատամտութիւն բանեցընէին, բլրաչափ բուրգ մ՚այլ բարձրացնել ի յիշատակ աննման հայրապետին մերոյ եւ ամենայն հայրապետաց արժանաւոր օրինակին, փափագելի էր այն բրգան չորս երեսաց վրայ կռել գրել իրանշան քանդակներով` իր վարուց չորս սքանչելի կերպարանքը, առաջնոյն վրայ գրել ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԵՑՈՅՑ, դրուագելով երկու անգամ իր ազգի թագաւոր կանգնելը, եւ երկու անգամ անոր ազնուականութեան գահնամակը նորոգելը, մէկ մը` Պարսից դուռը, մէկ մը նախարարաց ժողովին մէջ իրաւաբանելն, եւ այլն. - երկրորդ երեսին վրայ գրել ՈՒՍՈՒՄՆԱՏՈՒՐ ԲԱՆԱՍԷՐ, եւ շարել իր շարականները, թարգմանութիւնները, նախադասելով աստուածաշունչը, Ս. Մեսրովպայ ձեռք տալը, դպրոցաց բացումը ընդ բոլոր Հայաստան, Վրաստան, Աղուանստան, եւ թարգմանչաց առաքումը յԱսորիս, յԵգիպտոս, ի Յունաստան եւ յԻտալիա. - երրորդին վրայ գրել ԵԿԵՂԵՑԱԶԱՐԴ ՀԱՅՐԱՊԵՏ, եւ դրուագել իր գումարած ժողովքները, դրած կանոնները, գրած եւ հաստատած եկեղեցական գրքերը, Հայրապետաց հետ թղթակցութիւնը, հերձուածները հալածելը. - չորրորդին վրայ գրել ԵՐԿՆԱԿԵՆՑԱՂ ՍՐԲԱՍՈՒՆ, նշանակելով իր նուիրական, ճգնազդեցիկ կեանքը, եւ կենաց յետին ժամը: Իսկ քառակուսի բրգան ծայրն ալ քիչ մը տաշելով` անկել ի գագաթը երկնասլաց սպիտակ սրտաձեւ սափոր մը ոսկի բոցով եւ ոսկի գծով նշանուած, զոր փափաքէի Հայկակ, որ` թէ ոչ այնքան մեծ, գոնէ այնքան մեծ, գոնէ այնքան փայլուն ըլլար` մինչեւ ուր որ ըլլայինք` կարենայինք տեսնել զայն եւ կարդալ հոն ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ:

ԺԴ. Հոգեփայլ սայլք հայոց

[խմբագրել]

ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Նոյեմբերի.

ՓՉԵՑ իջաւ պարցին ձիւնապսակ սարերէն. արջառ ոչխար թողլով դալար արօտները դռնափակ գոմերու մէջ խռկուած մայեն, հինգամսեայ ձմերան ձանձրոյթը սկսելով: Զբօսասէրք եւ բնասէրք այլ փութան ի չէն ի քաղաք. վասն զի նոյեմբեր իր խոնաւ ոտքերովն կոխեց զծառ ու զծաղիկ տերեւներն իսպառ թէթափեցան, պտղատու պարտէզն չոր ձողերով ցցուած պատնէշ մը դարձաւ, կամ մրրկէ փախած մերկ անառագաստ նաւախումբ. պտղուկ պախրցի մ՚այլ, պաղուկ հով մ՚այլ, ու ահա կու մեռնի կ՚անցնի դալարութիւն մեր կլիմայից. ահա ճերմակ պատանքն այլ կու սկսին տեղ տեղ փռուիլ, ձիւնն լեռներուն գագաթէն վար կ՚իջնէ, կու սկսի յերեւան գալ դաշտաց. քիչ ատենէն զամենքը կու ծածկէ եւ միայն ինքն կ՚երեւի… Լմնցաւ այս տարուան բնական կամ բուսաբանական հանդէսն եւ կեանքն այլ, գոցենք գետնահայեաց պատուհանիս, բանանք վերնադիտակ պատուհանները, ըզբօսնուլ զմայլիլ երկնից հովտին լուսածղի ծաղկներովը, զոր տարւոյն բուսարձակ յեղանակաց կայտառութիւնն շատ հեղ արհարմարհել կամ անտես ընել կու տար մեզի: Նայէ, Հայկակ, գլխէդ ի վեր, պարզ է գիշերս, տես աստղալից երկինքը, եկ դառնանք հոն, հոն է մեր ձմեռային տեսարանն: Ծառ, ծաղիկ, պտուղ, խաղող, ամենքն այլ կարծես մարդուս մանկութիւն, աշխոյժ, թեթեւ մտածութիւն, զուարթ երկրաւոր կեանքն մը կ՚ազդեն, իսկ երկնից աստղազարդ երեւոյթն` ախորժ ծերութիւն, ծանրութիւն մը, խոր մտածութիւն եւ անմահութիւն մը: Ո՜հ, ո՞րքան պիտի ընդարձակէր եւ բարձրանար մտքերնիս, եթէ կարենայինք` ինչպէս անկարանք բոյսերը` այսպէս այլ այդ երկնահովտին ամեն մէկ լուսասերմ ծնունդները ճանչնալ, իւրաքանչիւրին կազմուածքը եւ իրարմէ տարբերութիւնը, իրենց ճամբան եւ նպատակը, եւ «զամենեսին զնոսա յանուանէ կոչել»: … Թերեւս որ մը գտուին եւ յայսմ մասին մեզմէ աւելի բաղդաւորք, եւ երկինք` պատմէ անոնց մեզմէ պահած Աստւծոյ գործքերը, եւ Հաստատութեան ներդաշնակաւոր ձայնն` լուսոյ հետ դարէ դար վար իջնելով` աւելի մօտ հասնի մեր որդւոց եւ թոռանց: Իսկ մեք քանի որ մեր խոնարհ վիճակին եւ գիտութեան չափով` իբրեւ անապատակեաց թափառիկք կիսագլոր սայլերով կու դեգերինք, գռեհկօրէն մեր շարժուն բնակութեան անուամբ` երկնից ամէնէն նշանաւոր համաստեղութիւնն այլ կ՚անուանեմք Սայլ. զոր աստեղաբաշխք այլ` ոչ աւելի ազնիւ կոչմամբ անուանեն Արջ. եւ ինչպէս որ քեզ ծանօթ է` ոչ մէկ, այլ երկու Սայլ եւ երկու Արջ համաստեղութիւն նշմարեն, Մեծ եւ Փոքր: Ահաւադիկ առաջինն` բեւեռէն բաժնուած երեսն այնդին դարձուցեր է, երկրորդին ծայրն նոյն իսկ բեւեռին մէջն է խրեր. այսինքն իր եօթն աստեղաց առաջինն` որ է քեզւոյն ծայրն` ինքնին բեւեռային աստղն է: Մեր նախնիք այլ ըստ հնագոյն եւ նոր ազգաց` զասոնք Սայլ կամ Սայլաթափք կ՚անուանեն, բայց ինչպէս որ նոյն հին ազգեր ուրիշ անուններ այլ կու տային այդ համաստեղութեան, նախնի Հայք այլ կոչէին Բազմոյթ, Ալաւունք, Վերկի (թերեւս վեցն որոշագոյն տեսնելով` եօթներորդ նուազագոյն), Բազմաստեղք, Գուպարք, եւ այլն: Եւ ինչպէս ամեն ազգ մէկմէկ ազգային աւանդութեամբք կամ կարծեօք, այսպէս մերն այլ այդպիսեօք անուաներ է զայդ եւ ուրիշ աստեղաց բոյլք, որպէս Հայկն, Վահագն, Յարդգող կամ Ծիրածան կամ Հեծանոց: Եթէ ազգային հին դպրութիւնն եւ վիպասանութիւնք յայտնուէին` այս երկնից աստղային դպրութիւնն այլ` հայ գրելով եւ անուններով պիտի կարդայինք, կամ թէ սուրբ ազգային ոգին կանգնէր արիաբար եւ գիտնաբար եւ հրամմէր, անշուշտ դօքա հայկական դիւցային կամ սրբազան անուամբք պիտի ճանաչուէին, հին հայկական պայազատութիւնն` իր քաջազունքը, դպրութիւնն` իր իմաստասէրքը, եւ եկեղեցին` իր սուրբերը պիտի յիշէր եւ անուանէր` զանոնք տեսնելով: …

Մենք հիմա շատանանք այդ երկնագնաց գուպարեալ Սայլին եօթնաստեղեան կազմուածքին նայելով զուգել անոր այսօրուան Հայագիր յիշատակն, որ է Որդւոց եւ Թոռանց Լուսաւորչին. եւ առանց հեղինակութիւն բանեցընելու, կամ օրէնք հրամմելու` դիտենք այսօր եօթն աստեղաց մէջ կամ հետ` զԳրիգոր ի ծայր քեղւոյն, եւ վարը իւր որդիքն Առիստակէս եւ Վրթանէս, եւ չորս անիւները` Գրիգորիս, աղօտագոյնը, իբրեւ հեռու աշխարհի (Աղուանից) հիւր ղրկուած, եւ Յուսիկ իր եղբայրն, Ներսէս` թոռն Յուսկան, եւ վերջին անիւ հիւսիսային բեւեռին ուղղաձիգ նայոց` Սահակ որդի Ներսիսի: Եւ թէ դու սրատես ըլլալով, Հայկակ, սիրես Փոքր Սայլին վերածել այս ցանկալի անուններս` որ մեր ստոյգ երկնագնաց եկեղեցւոյն հոգէկիր կառն են անոր ծայրի աստղն` որ է հիւսիսային բեւեռն երկնից` կ՚ըլլայ մեծն Գրիգոր, մէկայլքն այլ մի ըստ միոջէ:

Մեր սրբազան Հայադիրն` Գրիգորի, Ներսիսի, եւ Սահակայ մասնաւոր տօնական յիշատակաց օրեր նուիրելով` այսօր մնացեալ չորից յիշատակը կարգէ. անոնցմէ այլ վերջնոյն, (Գրիգորիսի) սուրբ նշխարաց գիւտին պատճառաւ զատ օր մը նուիրէ. որով օրս սեփական կու մնայ երիցն, Առիստակիսի, Վրթանիսի եւ Յուսկան, եւ ասոր մահուն ընկերակցի մը, Դանիելի ծերոյ. որք ի հարկէ այլ եւ այլ որ կատարեցին իրենց երկնաւոր կենաց յաղթական շրջանը, այլ ո'ր եւ է մոռացութեամբ կամ խորհրդով` բոլորն միատեղ մէկ օրուան հասաւ մեզի: Ասոնց համար երգէ քաջ գանձասացն Մովսէս. «Մշտապայծառ լուսոյն աշտանակք գովելիք եւ բարձրաստեղունք, քահանայապետք գահաւորեալք, շառաւեղեալք ի հօրէն լուսոյ, ճշմարտութեան ճշմաիտ քարոզ, եւ պարծանք պարծանաց մերոյս գրոհի. սիւնք տաճարի տեառն բարձրաբերձ գոլով եւ հաստահեղոյս. սուրբ Առիստակէս, վեհդ Վրթանէս, քաջափառ Յուսիկ եւ համբակ Գրիգորիս. հանդերձ սրբազնեալդ Դանիելիւ այլասեռիւ եւ համափառիւ, անմարմնաբար ի մարմնի կառուցեալք` որպէս հրանիւթք եւ իմանալիք: Այսօր ժողովեալ մանկունք Սիոնի տօնէն ցնծութեամբ զոր յիշատակի ձերոյ հանդիսի: Ահա բուրեսցի այս երգ առաջի քո, ամենասուրբ Երրորդութիւն»:

Այս սքանչելի եօթնաստեղեան հայրապետաց գուպարքն` մեր եկեղեցւյ ամենէն նշանական երեւութից մէկն է, քաղաքական պատմութեան մէջ այլ ոչ աննշան, որովհետեւ ազգին հին հեթանոսական օրինօք` քահանայապետքն թագաւորի պէս մեծափառ գլուխ մ՚էին, թագաւորաց յաջորդութեան մէջ եղած պարապ ժամանակին այլ թագաւորահօր կամ խնամակալի տեղ մը կու բռնէին: Ասոնց լուսափայլութիւնն մեր եկեղեցւոյն հորիզոնին եւ գահուն վրայ իբրեւ դար ու կէս քշած է. այն վսեմ, բեղմնաւոր եւ բազմայեղանակ դարուկէսն (Դ. ն եւ Ե. ին կէսն) որ քրիստոնէութեան փառաւորագոյն յեղանակն է, իր գերագոյն վարդապետաց եւ հզօրագոյն եւ ընտիր թագաւորաց փայլմամբ. թագաւորաց նկատմամբ` այս յեղանակիս մեր պատմութիւնն շատ անփառունակ է, բայց մէկ Տրդատ թագաւոր մը կ՚ընծայէ` որ կրնայ Յունաց Կոստանդիանոսի եւ Թէոդոսի հետ նախադասութեամբ մրցիլ (եթէ օրինաւոր է այսպիսի մրցումն). իսկ հայրապետաց նկատմամբ` մեր հայկական եօթներեակն չի նուազիր Յոյն եւ Լատին ժամանակակից պանծալի հարց քով, թէ ոչ գրականութեամբ, այլ հովուական եւ ազգախնամ երկամբք որ առաջին պարտք է հայրապետին: Մեր եկեղեցաշարժ Սայլին առաջին եւ վերջին աստեղքն միայն, Գրիգոր եւ Սահակ` ծանօթք են գրաւոր վաստակովք այլ. միւսոց սակաւ ինչ յիշատակ կայ, այլ քրտամբք եւ արեամբ մի քան զմի գերագոյնք, եւ առաքինական գործովք զանազանեալք:

Երեք հայրապետաց (որոց մասնաւոր յիշատակն տրուած է այսօր), զառաջինն միայն հետազօտենք այս գիշեր, որ եւ ի կարգի հոգէփայլ Սայլին անմիջապէս յետ Լուսաւորչին գայ, այսինքն է ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ կամ ՌՍՏԱԿԷՍ. երկրորդ որդի Գրիգորի` տարւոօք, բայց աստիճանաւ յառաջացեալ քան զանդրանիկն Վրթանէս, որովհետեւ սա ամուսնացեալ էր, ինքն կուսակրօն, եւ վասն այնորիկ ընտրեցաւ ի հօրէն յաջորդ իւր: Եօթանց մէջ սա եւ Գրիգորիս միայն կուսակենցաղ եղան, հրեշտակային միայնութիւն սիրելով, քան Լուսաւորչի ցեղը աճեցընել, որոյ համար այլք յանձն առին ի սկզբան ագամային լծակցութիւնը: Մինչդեռ Վրթանէս հօրը նման պատանութեան ատեն աշխարհ մտաւ ի Կեսարիա, Առիստակէս գրեթէ ծննդեան ատենէն յաշխարհէ զատուելով` անապատասէր տատրակի նման միշտ միայնութիւն եւ առանձնութիւն սիրեց: Երկու որդւոց ըստ աշխարհի հայր ըլլալն բաւական սեպելով մեծն Գրիգոր, ընդհանուր Հայ ազգին հայրութեան նուիրեց զինքը, երկայն եւ վերջին բարեւ մը տալով իր պարկեշտ լծակցին` Մարիամայ, որ իր սիրոյ վերջին խայրիքը դեռ ծոցին վրայ կրելով` էրկանը հետ բոլոր աշխարհիս այլ մնար բարով ըսաւ, քաշուեցաւ հաւատաւոր կանանց վանք մը, եւ հոն սնուց իր երեխայն, ինչուան որ հասաւ տարիքն` մարց եւ կուսանաց գրկէն ելնելու եւ ճգնազգեաց հարանց որդեգրելու: Հօրմէն զատուած ատեն, անզգայ անծանօթ անձիկ մ՚էր Առիստակէս. իսկ մօրմէն բաժնուելու ատեն` այնքան լաւ եւ խոր գիտէր մայրական սէրը, որքան որ ուրիշ սէր մը չէր գիտեր, բայց դարձեալ ի նոյն առաքինի եւ մեծասիրտ մօրմէն սովրելով հանդերձեալ կենաց գերագոյն սէրը եւ վարձքը, եւ անոր օրինակաւ եւ խրատովն յորդորուած` պզտիկ հասակաւն եւ ուժովն, ըրաւ այն մեծ անցքը` իբրեւ նոր Սամուէլ մը Աննայի ձեռօք. եւ յանձնեցաւ Նիկոմաքոս անուամբ զգօն Յոյն կրօնաւորի մը, որ շատ տարի քովը պահելով` եղաւ անոր հոգւոյ հայր. եւ երբ քրիստոսանուէր կենաց ամենայն հնարքը սովրեցուց եւ բաւական տեսաւ իր հոգէսուն աշակերտը` ցուցուց անոր խորագոյն միայնութեան եւ անապատին մուտքը: Առիստակէս երրորդ անգամ մ՚այլ բաժնուելով եւ մէկ հատիկ ծանօթ եւ հոգեկից անձէն, եւ թեթեւս առաջինէն զօրաւոր` եթէ ոչ նոյնպէս կակուղ ցաւով մը, թողուց զինքն իրեն, եւ թաղեցաւ առանձնութեան մէջ, միայնակեաց աստուածախոհ ճգնաւոր մ՚ըլլալով. այսինքն մինակ ապրող աղօթիւք եւ ընթերցմամբ եւ քիչ մը ձեռաւոր աշխատանօք. բոլոր կեանքը մշտավառ կանթեղի մը պէս Աստուծոյ դիմաց կախելով, գիշեր ու ցորեկ:

Թերեւս աւելի քան քսան երկայն տարիներ անցան այն լռութեան եւ միայնութեան մէջ` մէկ օրուան մէկ գիշերուան պէս, երբ առաւօտ մը իր մոռացեալ խրճըթին դուռն ուժով զարնուեցաւ. եւ երեւցան բազմութիւն անծանօթ եւ օտարադէմ մարդկան, ոսկէփայլ արծաթազրահ զինուորք, ցցունազարդ սաղաւարտաւորք, գետնադղորդ հեծեալք, որք չէ միայն քսան, այլ քառասուն յիսուն տարուան բաներու երազներ պատմեցին. գոնէ իրեն երազ երեւցան այն տարիներուն մէջ հանդիպածներն դուրսը, իր հօրը, Հայոց ազգին եւ անոնց թագաւորին. որք հիմա իրեն հրաւիրակ խաւրելով ազգին ազնուագոյն իշխանները` կու հրաւիրէին, կու ստիպէին, կու քաշէին որ ելնէ գայ ի Հայաստան ի Վաղարշապատ, յարքունիս հսկայ թագաւորին եւ ի գահ քահանայապետութեան Հայոց: - Որչափ այլ նորատեսիլ էր այս երազս եւ դժուարին անկէ արթըննալ, աւելի դժուարին եղաւ Առիստակիսի, մանաւանդ թէ անկարելի` իր միայնութեան տեսիլները շարունակել. աշխարհախառն խժլտուք մը ալիքներու պէս խուժելով` զարկաւ քշեց իր պարկեշտ շեմիկը, եւ հեղեղեց իր ամօթխած խցիկը. շփոթեցաւ անզբաղութիւնն, փախաւ բազմամեայ խլացեալ լռութիւնն. Առիստակէս իբրեւ չորս դին ջուր առած` հազիւ քարի մը վրայ ոտնկռիւ եղած շուար մնաց: … Աւելի քան զլսած բաներն, եւ աւելի քան անտես հօր մը (թէ եւ այնպիսի արժանաւոր աննման հօր մը`) անփորձ սէրն, քաղցր եւ ցանկալի էր իրեն իր միայնութիւնն, որ էր իր բոլոր ստացուածքն, իր տէրութիւնն, իր սէրն. եւ եթէ Աստուծոյ եւ հօր մը կամաց հնազանդութեան պարտքը չճանչնար, ու Կեսարիոյ եկեղեցւոյ գլխաւորներէն չյորդորուէր, չէր կրնար թողուլ իր խշտեակը եւ երթալ Հայոց նորահաստատ քահանայութեան գահագլուխ ըլլալ: Սրբազան հարկին գլուխ ծռեց Առիստակէս, ոչ առանց կծու արտսուքներով բաժնուելու այն տեղէն` որ միայն զինքը կու ճանչնար, եւ զոր միայն կու ճանչնար ինքն. եւ այն քանի մը սրտակից հոգեկից անձինքներէ` զոր իր սրբութիւնն ժողովեր եւ աշակերտեր էր իր ճգնարանին մօտ: …

Շուտով աներեւոյթ եղաւ իրեն ծանօթ սիրելի սահմանն. շատ չափաւոր համառօտ էր իր հորիզոնիկն. կարճ ժամ մը չանցած` նոր հորիզոն եւ նոր աշխարհ մը բացուեցաւ դիմացը, որ անծայր անվերջանալի կու թուէր` որչափ որ յառաջ երթար: Բայց իրեն առաջին տեսիլք եւ ցուցանք եղան զինքը տանող բազմութիւնն, Հայոց արքունի գնդին հսկայակերպ կտրիճներն` անճոռնի ճօճմունքներով, ահագին զրահներով, երկայն տէգերով եւ լայնալիճ աղեղներովն, որոց մէջ` որսորդներէ բռնուած վայրի եղնորթի մը պէս վախնալով կ՚երթար. առանց խօսելու կու նայէր կու նկատէր անոնց շատ արեւէ շատ արիւնէ անցած խանգրած երեսները, հին ու նոր սպեաց նշաններ, առիւծաձեւ ցցուած եւ տարածուած մազեր. - կու տեսնէր անոնց մէջ ամենէն պատուելի եւ նախիշխան եղած ծերունի մը, որուն գմբեթաձեւ գլուխն թէ եւ բոլորովին ալեւորած էր, թէ եւ երկայն տարաձեւ յոնքերն խառնուէին խորացած աչաց թարթիչներուն հետ, թէ եւ կտրիճ թոռներու պապ կ՚երեւցընէր զնա հասակն, բայց դեռ զէնքով ու զրահով ծածկած, իր ամենէն կայտառ զինակրին հաւասար շուտ կու շարժէր, կ՚ելնէր կ՚իջնէր ձիէն, ու ձայնը փողի պէս գնդին մէջ կու տարածէր$ եւ էր Արտաւազդ մանդակունի սպարապետն Հայոց, եւ դաստիարակ թագաւորին Տրդատայ, զոր` յառաջ քան զյիսուն տարի` փախուցեր ազատեր էր Առիստակիսի պապուն ընկերաց ձեռքէն. եւ այսօր անոր թոռը` զինքն Առիստակէս` կու տանէր իր վեհափայլ սանուն (Տրդատայ) մտերիմ ընելու: Երկրորդ պատուելի անձն կ՚երեւէր գնդին մէջ բաւական տարւօք կտրիճ մը, Տաճատ` Աշոց գաւառին տէրն, որ եւ փեսայ էր Արտաւազդայ եւ երբեմն ճանչցող եւ մատնող Գրիգորի` իբրեւ որդւոյ Անակայ` սպանչի հօր թագաւորին, եւ յետոյ նոյնպէս իմաց տուող Տրդատայ որ Գրիգոր երկու որդիք ունի, արժանաւորք պատուելոյ. անոր համար այլ ղրկուեցաւ զանոնք գտնելու տանելու, եւ այսպէս փոխարինելու իր մատնութեանը, որով Լուսաւորիչ տասն եւ երեք տարի յօձուտ վիրապին Արտաշատայ մթնեցաւ: Բոլոր գնդին յառաջադէմ եւ վարիչ կ՚ընթանայր եռանդուն երիտասարդ մը իրեն յարմար կրակոտ երիվարի մը վրայ թռչելով, Դատ` կարապետն Տրդատայ. որ ամենեւին Առիստակիսի կամկարութեանը եւ սրտով եւ աչօք յետ դառնալուն չնայելով` փողէր քշէր երթար, եւ արքունի գունդը յանապատէն փոխադրէր ի Կեսարիա մայրաքաղաք Փ. Հայոց, ուր առաջուց գտեր եւ պատրաստեր էին զՎրթանէս երէց եղբայր Առիստակիսի. որք եւ զարմանօք եւ երկինք նայելով` եղածները մէկմէկու զրուցելով եւ իրարու գիրկ տալով, անկէ ետեւ կամայ ակամայ ճամբայ ընկան փութալ դէպ ի Մեծ Հայք: …

Հասնինք մենք այլ հոն մեր պատմութեան ճամբան կարճեցընելով: Ահա համբաւը լսելով` թագաւորն ինքնին ընդ առաջ կու գայ իբրեւ իրեն եղբօրորդւոց եւ որդւոց Լուսաւորչի, կ՚ուզէ անձամբ տանիլ զանոնք իրենց հօրը: Իսկ հայրն նոցա եւ մեր` որ կամակից էր թագաւորին իր որդիքը կանչելու ի Հայս, ոչ աշխարհական փառաց եւ մարմնաւոր մխիթարութեան համար էր, այլ իր հոգեւոր բեռը վերցընելու օգնական եւ փոխանորդ ունենալու համար, զոր չէր կրնար այնպէս համարձակութեամբ յանձնելու ուրիշի` ինչպէս իր որդւոց. միանգամայն եւ երկայն չարակրութեամբ եւ յօգնութեամբ մաշած` կարծէր թէ շուտով իրեն կենաց վախճանն պիտի հասնի, եւ փափագէր վերջի տարիները միայն իր հոգին մտածելով պատրաստուիլ ի հանդերձեալ կեանս. դարձեալ` անդադար զովութիւն եւ օրհնութիւն եւ պատիւ լսելն` ուր որ երթար, իբրեւ գերմարդկային անձ մը երեւելով, իրեն ծանր կու գար եւ կ՚ուզէր փախչիլ ի մարդկանէ եւ թաքչիլ յԱստուած: Այս մտածութեամբս էր որ հիմա այլ որդւոց գալուն ատեն` ինքն չէր երեւեր, այլ յԵկեղեաց գաւառն էր, ուր այնչափ չարչարանք կրեր էր, եւ իբրեւ թափած արեանը գին` Տրդատ անոր տուեր էր այն գաւառին մեծ մասը, լեռներով դաշտերով եւ շէնքերով, մինչեւ Լուսաւորչի գաւառ ըսուեցաւ երկիրն: Այս գաւառին եւ Դարանաղեաց սահմանամէջ է Սեպուհ սրակատար լեռն, լայնատարած կողերով, այրերով, քիչ տեղ դուր շատ տեղ դժար, անտառոտ մացառոտ տափերով. այս դժուարակոխ եւ ահարկու տեղուանքը` ուր հազիւ հովիւներն կրնային ելնել իրենց հօտից ետեւէն մէկ զարմանալի աղջիկ մը կրցեր էր արիաբար ելնել, եւ երկայն տարիներ պզտիկ քարայրի մը մէջ մինակ ապրիլ վայրենի որոջի մը պէս. իրմէ զարմանալի եւ գեղեցիկ աղջկան մը (Հռիփսիմեայ) ընկեր էր սա, մենասէրն Մանի. զոր յետ շատ տարիներու գտաւ այն խորշերուն մէջ Լուսաւորիչ աչքն. եւ երբ ժամանակին լցուաւ, ամփոփեց անոր պարկեշտ մարմինը իր հովուական վերարկուաւն, եւ թաղելով անոր ներքսագոյն մենարանին մէջ, անկէ ետեւ ուզեց ինքն ժառանգել զայն տեղը, եւ իրեն մենարան եւ աղօթարան ընտրել: Ահա այս կողմերս էր երբ լսեց Տըրդատայ ձայնը, որոյ ձայնին միայն պատասխան կու տար եւ կ՚ելնէր իր ճգնարանէն, եւ առիւծն եւ գառն համաիտ եւ համասէր մէկտեղ կենակցէին:

Այս անգամ թագաւորին հետ տեսաւ իր առաջին կենաց ժառանգքը եւ կենդանի յիշատակքը, իր արիւնը, իր որդիքը, որոնց երիցուն վրայ թերեւս քիչ մը ճանչնար հին նմանութիւն, իսկ կրսերոյն` Առիստակիսի վրայ` գուցէ ուրիշ նմանութիւն չէր գտնէր, բայց եթէ թեթեւ ամպոյ մը պէս հեռացեալ սահեցեալ անձի մը` որ երբեմն իրեն կենաց կցորդ, եւ անոնց մայր եղած էր. (եթէ դեռ այսպիսի մտածութիւն կրնար այն աստուածախոհ անձին միտքն այլ զարնել հեռուանց): Սակայն եթէ արտաքին նմանութիւն եւ ծանօթութիւն դժուար եւ աննշմար էին Գրիգորի եւ Առիստակիսի մէջ, հոգեխառն նմանութիւնք զարմանալի կերպով կ՚երեւէին. - երկուքն այլ անմարմնոց նման, մէկն ճգնաւորի հայր, միւսն ճգնաւորի որդի, երկուքն այլ ճգնողք: Քառասուն տարեկանի մոտ էր Առիստակէս` երբ առաջի անգամ ճանչցաւ իր հայրը զՍ. Լուսաւորիչ Հայոց, ի՞նչ զգացմունք մաքուր սրտին առաջին անգամ համանման մաքուր եւ վեհ սրտի մը եւ գրկաց վրայ բաբախած ատեն… Տեսե՞ր ես, Հայկակ, ճամբան փոխել տուած գետ մը, իր յատակին պէս ձեռագործ յատակ մը կու փորեն երկայն տարիներ աշխատելով, որուն ծայրն հողաթըմբով կամ կապանքով մը միայն զատուած է ի գետոյն. երբոր վերջապէս կու փորուի կու լմըննայ նոր ճամբան, այն կապանքը կու քակեն կամ այն հողաթումբը կու փլցընեն, եւ ահա յանկարծ գետն իր հին ծոցը թողլով` այս նոր բացուածին մէջ` ապակիէ լեռներու պէս թաւալելով կու թափուի, եւ երկայն տարիներով փորած ցամաք ծոցը` վայրկեաններու միջոց կու լեցուի կու ծածկուի անծանօթ հոսանքերով: Այսպէս յորդեց ի սրտէ Գրիգորի հոգէխառն սէրն ի սիրտ եւ ի հոգի Առիստակիսի, ոչ այնքան բնական, որքան գերաբնիկ ներգործութեամբ մը: Անշւշտ հոգին սրտին զարկեր եւ բան մը ազգեր էր Գրիգորի, զոր թերեւս լաւ չէր իմացած այն ատեն, երբ մօրը գիրկը ձգելով զԱռիստակէս երախայ` հեռացաւ անոնցմէ եւ այսօր երկրորդ զարնուածք սրտին իմացուց յայտնապէս, եթէ սա է իր հոգւոյ պայազատն, իր յաջորդ հայրապետն Հայոց: Արդէն իրեն տեղակալ եւ ընդհանուր հոգաբարձու եկեղեցեաց եւ վանօրէից գրեր էր Դանիէլ անուամբ եպիսկոպոս մը, (որ եւ երկարակեաց ըլլալով` նոյն պաշտօնը վարեց Առիստակիսի, Վրթանիսի եւ Յուսկան օրերն այլ, եւ ետքինիս մահուընէն ետեւ` անոր պէս ինքն այլ նահատակեցաւ, վասն այնորիկ եւ այսօր Լուսաւորչի որդւոց եւ թոռանց հետ հաւասարապատիւ կու տօնուի), անկէ զատ ձեռնադրած հարիւրաւոր եպիսկոպոսաց գլուխ եւ նախադաս կարգեր էր յԱլբիանոս Հարքայ եպիսկոպոսն, որ քրմապետի մը որդի էր, իսկ հիմա զԱռիստակէս ի խնդրոյ թագաւորին Տրդատայ եւ մեծամեծաց եւ եպիսկոպոսաց` անուանեց իրեն երեսփոխան եւ յաջորդ, եպիսկոպոսական աստիճան տալով անոր, ինքն այլ անոր վիճակը իրեն առաւ, այսինքն առանձնութիւնն, առաջինէն աւելի հեռանալով յաշխարհէ եւ լեռնակեցիկ ճգնելով, միայն ատեն ատեն իջնելով եւ որդւոյն հետ միաբան ձգելով հոգեւոր արօրը Հայաստանի ընդարձակ եկեղեցական ագարակին մէջ:

Յետ քանի մը տարի այսպէս քաղաքավարելու` Տրդատ ուզեց տեսութեան երթալ Կոստանդիանոս կայսեր իր մեծամեծ նախարարներովն, երբ նա ի Քրիստոս հաւատալով` ազատութիւն հրատարակեց եկեղեցւոյ, Գրիգոր այլ իջաւ իր ճգնարանէն` մէկտեղ երթալու շնորհաւորելու եկեղեցւոյ գլխոյն` եղած «առողջութիւնը, եւ հետն առաւ իր եկեղեցւոյ գլխաւորները զԱռիստակէս եւ զԱլբիանոս` հանդերձ այլովք: Եւ երբ յետ իբր տասն տարւոյ Կոստանդիանոս հրաւէր խաւրեց առ Տրդատ նորէն զԳրիգոր առնուլ եւ գալ ի Նիկիա քաղաք, ուր եկեղեցւոյ գլխաւոր եպիսկոպոսներէն 300 էն աւելի պիտի ժողովէին ի քննութիւն եւ ի դատապարտութիւն Արիոսի վարդապետութեան, Տրդատ աշխարհին քաղաքական վիճակին համար, Գրիգոր այլ խոնարհութեամբ պատուէ փախչելով, յանձն չառին երթալ, այլ իրեց կողմանէ խաւրեցին զԱռիստակէս, ընկերութեամբ ուրիշ քանի մի եպիսկոպոսաց Մեծ եւ Փոքր Հայոց, որոց անուանքն նշանակին ի կանոնական գիրս ժողովոց եկեղեցւոյ: Առիստակէս երթալու ատեն հանդիպեցաւ ի Կեսարիա` ընկերակցելու Ս. Ղեւոնդայ հայրապետին` որ իր հայրը ձեռնադրեր էր, եւ նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ կու մկրտէր իր հօրն անուանակիցը զՍ. Գրիգոր` հայր Գրիգոր Աստուածաբանի, (իրեն նման մենասէր հայրապետի, որ եւ նոյնպէս իր հօրը օգնական եւ յաջորդ եղաւ Նազիանզու եկեղեցւոյն մէջ), այս հանդիսին ներկայ եւ ճամբուն ուղեկից եղան Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետն, եւ Յովհան Պարսից հայրապետ, եւ այլք:

Անցնելով ընդ Կապադովկիա, Գաղատիա, եւ Բիւթանիա` հասաւ այս մեծ եւ փառաւոր եպիսկոպոսաց կարաւանս` յառաջին ժողովարանն եպիսկոպոսաց, ի հաստատութիւն հաւատոյ, ի Նիկիա քաղաք, որ եւ առաջուց հոն ժողոված պատուական առաջորդներովն եւ ժողովրդօք ընդ առաջ ելան արեւելից վեհագոյն հայրապետաց, որոց նմանք չերեւեցան երբէք ժողովոց մէջ: Այս հայրապետաց մէջ, առանց կողմնասիրութեան եւ վիճման, Հայոց հայրապետն էր ամենէն հետաքննելին եւ փափաքելին, քսան եւ չորս տարիէ վեր յարեւելք եւ յարեւմուիք հռչակուած էր Գրիգորի Լուսաւորչի անունն, խոստովանողական նահատակութիւնն, բազմամեայ վիրապ – ընկեցութիւնն, Հայոց հսկայ թագաւորը եւ բոլոր ժողովուրդը ի Քրիստոս հաւատացնելն, եւ հարիւրաւոր եպիսկոպոսաց գահագլուխ ըլլալն. եւ դեռ շատերն չգիտնալով անոր խոնարհաբար հրաժարելն` կարծէին թէ պիտի տեսնեն զնա Կեսարիոյ հայրապետին աջակից, այլ խաբուեցան. ազնուախոհքն` մխիթարուեցան անոր տեղ հայրանման արժանաւոր որդին տեսնելով, իսկ այլախոհք (եթէ ստոյգ է աւանդութիւնն) տհաճելով եւ արհամարհելով: Վասն զի կ՚ըսէ աւանդութիւնն, թէ Ս. Գրիգոր մեծահասակ եւ վայելակերպ էր, իսկ Առիստակէս` փոքրահասակ եւ վատուժ, աղայութենէ վեր անդադար ճգնութեամբն, «Մենաւորութեան լեառնակեցութեան, քաղցի, ծարաւոյ եւ բանջարաճաշակ կենաց, եւ արգելանաց անլուսից, խարազնազգեստ եւ գետնատարած անկողնոց եւ բազում անգամ զհեշտական հանգիստն գիշերաց զհարկ քնոյ` յոտանաւոր տքնութեան ի թարթափ ական վճարելով»: եւ իր անմոռաց մենասէր ճգնազգեցութեան ախորժովն` անզարդ անպաճոյճ հագած, որչափ որ կրնար եպիսկոպոսաց գլխաւոր մը: Զոր տեսնելով, կ՚ըսեն, պճնասէր եւ ամբարհաւաճ Հոռոմոց մանկունքն, որք Նիկիոյ լճին (Ասկանիոս, Իզնիկ կէօլիւ) եզերքն կու սպասէին, քթերնուն տարին, եւ դա ոչ եպիսկոպոսապետի` այլ եզնավար մշակի մը կերպարանք ունի, կ՚ըսէին. եւ չարաճճիկք ոմանք` հոն գետին հերկող եզներն այլ կու ցուցընէին, կամ զինքը փորձել կ՚ուզէին հրէաբար նշանախնդրութեամբ: Այն ատեն, կ՚ըսեն մեր այլ յաղթասէր եւ յունախայթ աւանդարանք: Առիստակէս մաճը բռնելով քշեց եզանց զոյգը, ոչ կարծր հողը կակղելու, այլ կակուղ ջուրը կարծրացընելու, եւ Նիկիոյ լճին մէջ արտավար մը տեղ` իբրեւ ցամաքի վրայ գնալով եւ քայլեցնելով եզները` ալիքները ակօսեց, ճերմակ փրփուրով գիծերը դիզելով, եւ դարձաւ ցամաք. եւ իր ոտից հետքն ինչուան հիմա հիմա կ՚երեւայ լուսափայլութեան նշանով: Դու, Հայկակ, մի' փնտռեր այդ նշանները, ինչուան որ հրաշիցն արժանաւոր եւ ստոյգ պատճառը չի գտնես, սակայն իբրեւ հին աւանդութիւն կարդա' գովասանին գրածը. «Ի վերայ կապուտակ ալեացն լայնատարած լճին լիութեան վեհաւէտ եւ քստմնածածան կորովակի սիգաշարժ թանձրութեամբ ջուրցն օվկիանոյն` սիգաքայլ ոտիւք սրընթացութեամբ սխրացեալ. անվեհեր դիտմամբ յիսուսաբար ի նկատեալ տեղին հասանէր, ոչ պետրոսօրէն երկմտէր, այլ փրկչաբար խիզախէր: Եւ ժողովելոց հարցն բազմութեան` սխրալի հիացումն առնէր. եւ զանդրադարձութիւնն եկաւորութեամբ` ոչ տարակուսանօք ինչ հայթհայթէր, կամ յառաջարկեալ հանդիսէն կասէր. այլ նոյնաձեւ օրինակաւ համարձակապէս ի հաստատուն երկիր ելանէր, որ եւ հետք հետագնացութեանն մինչեւ ցայսօր ժամանակի լուսաշաւիղ երեւմամբ ի վերայ երեսաց ջուրցն տեսանի առ ի յիշատակ սրբոյն սքանչելեաց. եւ ճշմարտապէս ամենայն ուրեք ի տեսողացն ստուգիւ պատմի առաց երկբայութեան որպէս եւ է ճշմարիտ, նա եւ թշնամեաց վկայութեամբ հաստատի հաւաստեաւ, որ զօրաւոր է յամենայնի, այլ եւ տուն Աստուծոյ եւ տաճար ի տեղւոջն հաստատեալ, առ ի վկայութիւն հրաշիցն եւ ի հաւատ տեսողաց»:

Եկեղեցւոյ եւ տիեզերական սուրբ ժողովոյն պատմութիւնն ամենուն ծանօթ է, յետ վճարման գործոցն` Առիստակէս այլ դարձաւ իր աշխարհը, եւ ժողովոյն մէջ եկեղեցական բարեկարգութեան համար սահմանեալ կանոնաց օրինակը եւ հաւատոց դաւանութիւնը կամ հանգանակը բերաւ ներկայացուց իր հօրը եւ Տրդատայ, որք պատկառանօք ընդունելով` նոյնպէս այլ ընդունելի ըրին բոլոր Հայոց. Ս. Գրիգոր իր կողմանէ այլ քանի մը կանոն եւ վարդապետութիւն աւելցուց անոնց հետ եւ անոնցմէ զատ այլ շատ կանոններ եւ վարդապետական ճառեր եւ աղօթքներ գրելով եւ աւանդելով իր արենակիր եւ հոգէկիր յաջորդին, քանի մը տարիէն ետեւ բոլորովին հրաժարեցաւ յաշխարհէ եւ ի տեսութենէ մարդկան, եւ այլ չէր իջներ իր սեպհական լեռնէն` յայց ելնելու իր հոգէծին որդւոցը, հազիւ երբեմն կ՚ընդունէր ի տեսութիւն զՏրդատ եւ զՌստակէս` երբ եկեղեցւոյ հարկաւոր խնդիրներ կամ տարակոյս ունենային:

Այսպէս Առիստակէս յետ տասնուհինգ կամ աւելի տարի առանձին եպիսկոպոսութեան եւ երեսփոխանութեան, յամին 331 միայնակ եւ բուն քահանայապետ ճանչուեցաւ Հայոց, եւ եօթն տարի կեցաւ սրբազան պաշտաման մէջ, ոչ պակաս այլ եւ առաւել եւս քան զհայրն վերագոյն երեւեցուցանէր սա զիւր վարդապետութիւնն առ հարքն, եւ յետ նորա», որպէս վկայէ ականատեսն եւ ականջալուրն Ագաթանգեղոս, եւ միւս պատմիչն ասէ. « Արդարեւ էր սուսեր հոգեւոր ըստ ասացելումն, վասն որոյ թշնամի ամենայն անիրաւաց եւ զազրագործացերեւէր»: Իր եօթնամեայ միայնակ քահանայապետութեան միջոց Առիստակէս ջանաց իր լուսաւորիչ հօրը լոյսը աւելի ծաւալել, կարգերը հաստատել, պակասները աւելցընել, մասնաւորապէս վանքերը շատցուց, եկեղեցեաց մէջ ալ յիշուի Ծոփաց գաւառին մէջ շինած մեծ եւ հոյակապ եկեղեցին: Իսկ գրաւոր յիշատակ հասած չէ մեզի իրմէ, միայն կու յիշուի որ հօրն հետ կանոններ գրաւ եւ վարդապետութիւն եկեղեցւոյ: Ի ներբող իմանալի եւ զգալի եկեղեցւոյ վայելչաբան շարական մ՚ունիմք, «Զորս ըստ պատկերի քում», են. ասոր հեղինակ կարծուող զանազան անձանց մէջ երիցագոյնն է Առիստակէս, թէ եւ ոչ հաւանագոյն, եւ ասի թէ յետ դարձին ի ժողովոյն Նիկիոյ երգած ըլլայ. «Կեցս զորդի ծառայի քո զոր ի Հռովմայ գահիցն վերապատուեցեր, ու եդին զվէմն հաւատոյ հիման սուրբ եկեղեցւոյ»:

Իսկ իր վերագոյն եւ սուսեր հոգեւոր աներկիւղ վարդապետութեան պայծառագոյն վկայութիւն այլ է իր վարդապետութեան եւ կենաց կատարածն: Հայոց հաւատալէն վեր մօտ քառասուն տարի անցեր էր, որչափ որ քրիստոնէութիւն համարձակ ծաւալեալ պաշտուէր, բարուց թուլութիւնն այլ կու սկսէր երես ելնել. մանաւանդ որ մեծն Տրդատ այլ ծերացեր, եւ ինքն այլ իր հոգեւոր հօր Գրիգորի նման ճգնասիրութեան եւ առանձնութեան փափագէր, ասով թուլամիտք եւ թուլահաւատք սկսան համարձակութիւն առնուլ, մանաւանդ ուր որ թագաւորէն շատ հեռու էին: Անոնցմէ է եւ Արքեզայոս Ծոփաց նահանգին նախարարն, սահմանակից Փոքր Հայոց եւ Յունաց բաժնին, եւ ըստ ոմանց` ազգաւ այլ յունախառն, ասոր երկրին մէջ էր Առիստակիսի շինած մեծ եկեղեցին, ուր թերեւս սովորական աթոռն այլ գրած էր, եւ շատ անգամ գալով եւ տեսնելով նախարարին անքրիստոնեայ վարքը` հայրապետաբար կու խրատէր եւ յանդիմանէր, բայց ամպարիշտն ոչ միայն ոչ զգաստացաւ, այլ սխալով եւ մախալով` Հերովդիսի եւ Հերովդիադայ խորհուրդը մտաբերեց, մեր ճշմարտաքարոզ կարապետին գլուխն առնուլ, մենասէր տատրակին մրմունջը լռեցընել, եւ երբ որ մը սուրբ հայրապետն քանի մը աշակերտօք առանձնաբար կու գար` շատ չբանած ճամբէ մը, յանկարծ ծածկուած դարանէն աւազակի պէս դուրս ցատքեց Արքեղայոս իր սպասաւորներովն, եւ որով թռուց սրբոյն աստուածախոհ եւ քաղցրաձայն գլուխը…

Անապատէ յանապատ փչեց շունչը, ի միայնութենէ մարմնոյն յաստուածային միայնութիւն միացաւ մաքուր հոգին, որ աւելի քան զ60 տարի իբրեւ բռնի արգելեալ էր ի պարկեշտ հոգեղէն բնակարանին:

Առաջինն ի յաջորդաց Լուսաւորչի այսպիսի վկայական մահուամբ կնքեց իր մեծ եւ ծանր պաշտօնը. աւելի յայտնի արեան նահատակութեամբ` քան իր ամեն յաջորդքը: Իսկ իր հոգէփայլ բազմակցաց մէջ, իրեն նմանագոյնն կուսութեամբ Ս. Գրիգորիս. մահուամբն այլ կերպով մը նմանակից է, չարաչար արեան հեզութեան սպանմամբ, անոր եղբայրն Յուսիկ` ծեծով անարիւն զոհ եղաւ. Ներսէս նոյնպէս վկայ եւ գոհ, այլ աւելի ծածուկ, թունով մահացեալ, Վրթանէս եւ Սահակ միայն բնական մահուամբ եւ ծերութեամբ մեռան յանկողնի, ի միջի սիրելեաց. իսկ պարագլուխ գուպարիցն` Ս. Լուսաւորիչն, մովսիսանման` առանձինն` հրեշտակաց առջեւ եւ Աստուծոյ:

Աշակերտք Ս. Առիստակիսի տարին անոր միշտ մահացեալ մարմինը եւ թաղեցին ի Թիլն աւանի` գաւառին Լուսաւորչի, որուն սեփական ստացուած տուած էր այն տեղն թագաւորն Տրդատ, որ ի հարկէ լսելով այս մեծ գոյժը, եկա՞ւ սպանելոյն եղբօր` Վրթանիսի հետ` յետին պաշտօնը կատարելու, տրտմութեամբ եւ սրտմտութեամբ, յորմէ զարհուրած աջակերպն Արքեղայոս մէկէն փախեր եւ Կիւլիկիոյ մէջ Տօրոսի դժուարակոխ լեռներու մէջ ընկեր էր: Աւանդութիւնն յիշէ թէ եւ ինքն սուրբ հայրն Գրիգոր ազդմամբ հոգւոյն իմանալով` եկաւ լալու իր խոստովանութեան պակասորդը լեցնող վկայամահ որդին, որ եւ հօրը քարոզութեան պակասորդը կու լեցնէր. եւ թերեւս հոգեւոր նախանձով մը դարձաւ իր ճգնարանը, անկէ ետեւ լուսաւոր տեսութեանց մէջ նոր երեւոյթ մ՚այլ ունենալով, զԱռիստակէս արիւնլուայ:

Աշխարաշրջիկ վարդապետ մը մեզմէ երեք դար առաջ, կ՚ըսէ, թէ սուրբ Առիստակէսի կարապետանման գլուխն ի Քորֆու կղզին տեսեր եւ պատուեր է. բայց մեզ անծանօթ ըլլալով ե՞րբ եւ ի՞նչպէս եւ հիմա ո՞ւր ըլլալն, փափագիմք գիւտին. եւ մխիթարիմք աստեղազարդ երկնից բեւեռին նայած ատեննիս` դիտել եւ նկատել Սայլին երկրորդ բարձրակամար այստեղ հետ զԱՌԻՍՏԱԿԷՍ: Եթէ ըստ մենասէր ախորժանացն` գործովք եւ հռչակաւ այլ անծանօթագոյն մնաց այս սուրբս քան զընկերակիցսն, սակայն արդեամբք հաւասար եւ առաւելեալ. վասն զի գրեթէ քան զամենայն յաջորդսն (բաց ի Սահակայ) երկարագոյն միջոց (իբրեւ քառորդ մի դարու) եպիսկոպոսական եւ հայրապետական հոգաբարձութիւն ըրաւ, եւ Լուսաւորչի քահանայապետութեան կէս միջոցը եւ կէս հոգը մէկ տեղ կրեց, անոր սրբազան լուսոյն հետ մօտագոյն խառնելով իր կուսափայլ հոգւոյն ճերմակ ճառագայթները, զոր եւ յետոյ ի ծիրանեգոյն ծարրելով` իր ջերմիկ արեամբն` սլացաւ յառաջ քան զհայրն եւ զայլս ամենեսին, Հայ հայրապետաց գուպարից նախագահ ըլլալու ի դպրութեան յաւիտենից:

ԺԵ. Շուշան-Վարդենի

[խմբագրել]

Դեկտեմբերի 25 (14)

ՏԱՐՒՈՅՆ վերջի օրերն է. եղանակն տխուր ժամանակն խաւարին, թոռմեալ թմբեալ բնութեան վրայ տարածուած համասփիւռ ճերմակէն` լոյս չի ծագեր, մխիթարութիւն չելներ. ձմեռն` միշտ ցուրտ, սառն` միշտ սոսկումն կ՚ազդէ. իսկ այն այսահար սօսափիւնն, այն մոլեգին մրրիկն զօր կու լսես կէս գիշերուն` ճարճատեալ ծառոց կարկամ գրկերէն, եւ քարանձաւաց բքալից բերաններէն, մարդուս` ինչուան ոսկորները կու սարսռեցընէ: Այսպիսի ատեն տաքուկ անկողին մը, վառած թոնրի մը անկիւն, արծարծուն կրակարանի մը եզերք, ի՜նչ քաղցր են, ոչ միայն ծուլից` այլ եւ օրն ի բուն աշխատող բանուորի մը, համեստ բարեկամաց, կամ մենասէր իմաստասիրաց: Քաղցր ըլլայ քեզի այլ, Հայկակ, յառաջ քան մրափի մոռացութեան մէջ ընկնալդ, քանի մը ժամ ճաթռտող խարուկին լուսովը` մեր հայրենեաց հին դիպուածները հետաքննել, եւ այդ մեռած փայտերէն նոր կենդանութիւն հանող կրակիդ պէս` մարած անցքերէ եւ մեռած անձերէ` կենդանի կրքեր արթընցընել: … Երանի՜ անոնց, որ թէ եւ աղքատիկ, թէ եւ ցողունապատ խրճթի մէջ, կամ կիսաթաղ հողէ տանեաց տակ, դեռ խոր խորշիկ մը բուխերիկ մ՚ունին, որոյ մէջ քանի մը տաշեղով տաքութիւն եւ լոյս կու պահեն, եւ անով իրենց նմանեաց երեսը կու տեսնեն, ծխանին ծակէն արձըկած ծուխն` նաեւ գիշերուան եւ քնոյ խորութեան մէջ, կ՚իմացընէ հազիւ հանդիպող կամ մոլորած անցորդի մը` թէ այն մեռելատիպ հողի քարի խռուի եւ ձեան տակ այլ` կենդանութեան կէտ մը, ընտանութեան բոյն մը կայ: … Ո՜հ, ի՞նչ դժնդակ է այն տեղն, ուր ծխան չի ծխեր. ի՞նչ խղճալի անձ, որ այսպիսի եղանակի եւ ժամանակի մէջ` բնութեան ամենայն սաստից եւ արհաւրաց մէջ, սառի եւ սարսուռի մէջ պատած պաշարուած բռնուած ըլլայ. ուր ոչ միայն այդ չարիքն, այլ եւ չարիքներէն ազատելուն ճար ու յոյս այլ չըլլան. - եւ մանաւանդ, մանաւանդ եթէ մէկն բռնի եւ անպարտ դատապարտուած ըլլայ այդպիսի, եւ քան զայդ աւելի զրկմանց, կրից եւ ցաւոց: … Հայկակ, հոս անտարբեր կալ մնալ չըլլար. այս յիշատակիս` ցուրտն եւ սարսուռն ամեն պատճառեցընելով ներս կու մտնեն. կրակդ կ՚անցնի, ծուխդ կու ցնդի, սիրտդ կու սոսկայ…: Ե'լ, ե'լ խրճըթէէդ, մոռցի'ր ձմեռ խաւար. հայրենական հոգւոյ հրեղէն վերարկուն ձգէ վրադ, թող կրակիկդ, եւ հասարակ գիշերուան խօլաշունչ մրրկին մէջ` անկէ սուրա' ե'լ թռի'ր:

Երթանք, մէկ շնչով անցնինք սառնապատ սարեր ու ձորեր. երթա՞նք` ուր որ ցրտին, միայնութեան, ամայութեան, եւ ահեղութեան երեւոյթ կայ, վիշտք եւ կիրք կան: Երթանք, ուր այսօրուան Հայադիր յիշատակն յափշտակէ զմեզ, մեր հայրենեաց հիւսիսագոյն սահմանները, ուր հսկայաձեւ երկայնշար Կովկասու լեռնագօտեաց դիմաց` իբրեւ զուգահեռակ կամ հակապար անոնց, աւելի ցած եւ աւելի կտրտած լեռնագօտի մը կու ձգուի ընդ հաւակողմն. զոր հակակովկաս կամ գուցէ լաւ եւս հայակովկաս կ՚անուանէ աշխարհագիրն. եւ որ շատ հեղ էին Հայոց եւ Վրաց սահմանապարիսպն եղած է. բայց շատ հեղ այլ Հայք անցնելով այդ պարսպէդ` տիրած եւ բնակած են անոր դէպ հիւսիս տարածած գեղեցիկ ձորադաշտերուն. որոց մէջ մեծ գետոյն Կուրի հայաբուխ օժանդակներն զեռալով` քաջաբոյս փորակներ եւ ձորակներ կու ձեւացընեն: Անոնց վրայ կ՚իշխէր թագապատիւ նախարար մի, անուանեալ Բդեաշխ Գուգարաց. վասն զի այս հին եւ մութ նահապետական անուամբ կոչուէր այդ Վրաց եւ Հայոց մէջ տարածուած բազմալեռ բազմաձոր բազմալիճ բազմագետ աշխարհն. որոյ եւ յետին գաւառքն` յարեւելեան կողմն` կոչուէին Կողբոփոր, Ծոբոփոր, Ձորոփոր: Այս երեք փորակաց անմիջապէս յարեւմտից հիւսիսախառն կից` փորակ մ՚այլ կայ, զոր շատ պատմիչ եւ աշխարհագիր թողեր են անծանօթ. այն է Բողնոփոր. եւ սակայն ամենէն աւելի ծանօթ ըլլալու իրաւունք ունէր այս գաւառակս. որովհետեւ ասոր մէջ է, իր հարաւային ծայրը եւ յեզր դաշտին Վրաց, ասոնց հիմկու մայրաքաղաքին` Տփխեաց` դիմաց, իբրեւ կիաւուր ճամբով միայն հեռու` Գուգարաց բդեշխին մայրաքաղաքն` Ցուրտաւ, նոյնպէս գրեթէ բոլորովին մոռացեալ. զոր միայն յիշեցընէ ձորագնաց գետակ մը` Ցուրտագէտ կոչմամբ, եւ խառնուի հարաւային հայակովկաս լեռներէն իջած վտակին հետ, այն որ իր բնիկ գաւառին անունը կու պահէ (Բողնեաց գետ), հիմա Բոլոտուրի կոչուելով: Իսկ այդ բդեշխաց աթոռ հին եւ շէն քաղաքն` հազար տարիէ վեր գիւղացեայ` Գաջէնք կոչի, հնագոյն անուամբ եւ աւանդութեամբ մը. վասն զի այդ տեղը` կ՚ըսեն, շինած է Քաջ կամ Գաջ անուն եղբօրորդին Հայկայ. որոյ անուամբ երբեմն գետն այլ Գաջէնագէտ կոչուի: Այս շէնս կամ քաղաքս` Բողնոփորի հարաւային ցածագոյն ծայրը շինած է. իսկ գաւառին բարձրագոյն լեռնասահման ծայրը, հիմկու մացառախիտ եւ պղնձահատ Լեալվար լերանց ստորոտը, Բոլոտաւրեայ աղբերականց մօտ, ամուր եւ աւելի շէնք մը կայ, որ նոյնպէս Թորգոմայ առաջին թոռանցմէ շինուած կ՚երեւի, քան թէ ի ճենազնեայ Ուռպելեանց, եւ կոչուի ինչուան հիմա ՈՒՓՐԷԹ, թերեւս յանուն Ուփար նահապետի մը կամ Ոփարք ցեղի մը. որոյ հին բնակարան եւ ոստան եղած կրնայ ըլլալ. եւ յետոյ տեղւոյն բարձրութեան եւ դժուարութեանն համար թողուած, բայց պահուած իբրեւ ամուր եւ անմատոյց բերդ, պատսպարան եւ տեղի ապաւինի գաւառին, կամ արգելարան բանտի խստիւ պահելի անձանց:

Մեր քննութեան ատենն այլ, ասկէ իբրեւ 1400 տարի առաջ, այս պահուած քաշուած մթին եւ խոժոռ կերպարանքը կ՚ընծայէր Ուփրէթ. եւս առաւել այս եղանակիս եւ այս պահուս: Գարունն, այն աստուածային երկրասփիւռ ծիծաղն, գարունն եւ ամառն` որ Բողնեաց փորակը ծաղկազուարճ բուսաբուխ վիճակ մը կու դարձընեն` անոր պայծառ ալեաց մատռուակութեամբն, Ուփրեթայ բերդին եզերքն այլ չեն մոռնար հասարակաց երկրի պարգեւէն. ինչուան բանտերու պատերուն վրայ այլ կու բուսնի կու բացուի ուրախութեան եւ անմեղութեան նշանակն, ծաղիկ մը…: Իսկ մարդուս սրտի ծաղիկն` գթութիւնն, ո՜հ, գթութիւն չի բուսնիր, չի բղխեր բռնաւորաց կուրծքէն, որ մտնէ այդ պատերէն ներս. հոն` ուր ոչ միայն ստոյգ արդարութեամբ դատապարտածն, այլ երբեմն (չըսեմք շատ հեղ) նաեւ անպարտն արգելեալ, զուրկ ի լուսոյ եւ ի յուսոյ աշխարհի` տառապի, տուայտի, մեռանի: …

Այս գիշեր, Հայկակ, դու այդ նիւթական անչար բնութեան պարգեւիկն այլ չես գտներ հոս. հոս ամեն բան չորցեր, սառեր անցեր է. եւ եթէ ըստ բաղդիդ` գլուխդ վերեւ թափառած սեւ մրուրներն պատռտելով, բանան քանի մը վայրկեան դալկահար եւ դողդոջուն լուսնի մը երես, ահա տեսածդ ամայի ցուրտ սառած անապատ մ՚է: Լեօք եւ Լեալվար լերանց կոշտ կռնակներուն վրայ քանի մը կանաչ ըսուած մոշայք եւ եղեւնիք կան. այլ այս առհասարակ տարածեալ ձեան տակ կամ մէջ, դողդոջուն ու անփախուստ շուքերու պէս կու ծփան ծառերն. եւ այդ պաղ պախըրցի հովուն թեւերուն տակ` իբրեւ վզէն բռնուած կենդանիք` սուր ու խայթող ձայներ ճիչեր կու հանեն. միայնակ ե՜րգ եւ երաժշտութիւն հիւսիսային հովպետին` այս եղանակիս, այս տեղւոյս: Եթէ յանկարծ ջատուկ պառուի մը վայելու նման սուր ձայն մ՚այլ չի փրթի` դիմացի բերդիդ քարէ պահապանի նման բարձրացեալ աշտարակին գագաթէն. որոյ վերին պատուհանին խորշը քաշուած տափագլուխ լայներես փետափուք բուիճակն` ապակէնման մեծակըլոր աչքերը աջուձախ սահեցընելով, կորուկախ քթովը` ձմերական խոր հանդարտութեան մէջ անգամ անհանդարտ եւ անկուշտ, բանտապանին կամ բռնաւորին նման կարծես կու սրդողի ամեն օտար կենդանեաց, որ չխռովեն իր աւերակաց տէրութիւնը, չարգելուն իր որսերը: Եւ ահա, երբ լուսնին ճառճըռտած ճառագայթներն այլ քաշուին, անհեդեդ բերդն, բարձրահայեաց բուրգն` աներեւոյթ կ՚ըլլան, բուին վայն ու վույն աւելի կու զօրանայ: Արտաքինէն կրնաս գուշակել Ուփրեթայ ներքին երեւոյթն այլ, պատերուն թանձրութիւնը, սրահներուն, սենեկներուն կամ խորշերուն նեղութիւնը, եւ տեղ տեղ բարձրէն բացած ծակերուն պզտիկութիւնը. ուսկից ոչ երբեք սրտաբաց մաքուր օդ մը եւ պայծառ լոյս մը կ՚իջնեն, այլ մրրախառն բան մը, այնչափ` որ կարենայ արգելական մը դեռ շնչել, եւ հառանչանքները անկէց դուրս արձըկել ինչուան ուր որ հասնի. եւ փոխարէն` դրսէն ընդունիլ բուիճակին վայիւնը, հիւսիսին սոսափիւնը, եւ երբեմն հեռաւոր ձորերէն իջած ջրերուն հանդարտընթաց սահանաց կարկաջանքը. - հառաչա՜նք հովու եւ ջրոյ, - ի պատասխան հառաչանաց հրացեալ եւ հալեալ սրտի բանտարկելոյն: …

Կա՞յ արդեօք հիմակ այլ մէկ մը, այսպիսի դժնդակ եղանակի մէջ, այսպիսի դժնդակագոյն տեղ մը արգիլուած. մինչդեռ քաղաքական եւ կրօնական եղանակք` փոխանակ բնութեան` մխիթարեն զմարդիկ, նոր տարւոյ յուսով եւ Քրիստոսի Աստուծոյ ծննդեան տօնից հրաշափառութեամբ: - Քանի մը մղոն ճամբայ, ձորակ մը, ամայի դաշտակ մը, պատ մը միայն` անանց անկոխ արգելք կանգներ է ընդ մէջ աշխարհի կենակցութեան, եւ ընդ մէջ բանտարկելոյն. ամենայն ինչ` ոչ միայն տխուր, այլ եւ անփոփոխ է անոր չորս դին, բաց ի մտքէն. եթէ դեռ զօրաւոր սիրտ մը կարենայ նուաճել զտխրութիւնը, եւ բանեցընել գլխոյն աստուածատուր ազատութիւնը. այն ազատութիւնը, որուն կ՚ուզէ, բայց չիկրնար արգել ըլլալ անգթագոյն բռնաւորն այլ: … Բայց անցնինք այդ լուռ եւ խաւար սրահներէն, խորշերէն, գաղտնարաններէն, ուր վրանիս կու թափին ձանձախարիթի նման սեւցած սարդի ոստայններ, եւ պահապաններէն շուտ արթընցող ճիւղակերպ ջղջիկներ` կաշէկծիկ թեւերով` սատանի ձագերու պէս պատէ պատ կու զարնուին. բաց յայն սենեկէն միայն, ուր անփոյթ` քան անգութ պահապանքն պառկած, փոխանակ անքուն հսկողութեան, խորդալով կու խրտեցընեն իրենց մատնուած դիմացի արգելականը: Եթէ ադ մարդկային գազանաց որպիսութիւնը նայելու ըլլաս, կ՚իմանաս` որ հոս շատ արգելական չկայ, բայց եղողն շատ զգուշութեամբ պահուած է իբրեւ մեծագոյն յանցաւոր եւ անազատելի մահապարտ մը: …

Սիրտ ըրէ, մտի'ր այդ ծակը. խարխափէ շօշափէ' չորս դին. շատ ընդարձակ չէ, քանի մը քայլ է. այլ գիշերուն մթուն չես կրնար բան տեսնել. սակայն հոս թէ միջօրէին բարկ արեւուն այլ գաս` շատ աւելի պիտի չտեսնես. տեսնելու բան այլ չկայ. այդպիսի արգելականի խորշ մը` շատ մերկ եւ պարապ է: Խե՜ղճ. եւ ոչ անկողին մը կայ, այլ պզտիկ խշտիկ մը, որուն վրայ հազի նստել կարելի է եւ ոչ երկայնուկ պառկիլ. ո՜հ, պառկելու ճար այլ չկայ: … Կու լսե՞ս այդ թանձր շղթայից խշրտոցը. անշուշտ ատոնք բանտելոյն ոտքերն կաշկանդած են. ոչ ոտքերն միայն, այլ եւ այլ մարդուն ազատութեան արտաքին զուգակ գործաւորները, ձեռքերն այլ: Այլ աւելի խղճալի եւ պժգալի. մարմինն այլ արձակ չէ. գլուխն այլ ազատ չէ, հաջուխած շան վայել անուր մը` վզէն անցած, ամուր կապանօք պատին պնդած է. եռապատիկ երկաթով կապկպած, կատաղի գազանի մը կամ գազանացեալ վիրագի մը նման, երեք անգամ արգելեալ: - Ստո՞յգ է ուրեմն առասպելն, որ ատենօք այս լերանց դիմաց` Կովկասու Էրպրուզայ բարձրագոյն սարերուն գլուխը կու ցուցընէր զդիւցազն Պռոմիթեւս, որ երկնուց կրակ գողանալուն եւ յերկիր բերելուն համար` չաստուածներէն դատապարտուած կապկըպած լերանց մերկ կողերուն վրայ ձգուած էր: Այդպիսի պատուհասի մը արժանի սեպուած կարծուի այս հակակովկաս լերանց բանտեալն այլ: Ի՜նչ բարկ կրակ է արդեօք ասոր գողցածն. վասն զի յիրաւի իր ձեռքերն այլ այրած, խարած, սպիացած կ՚երեւին. նոյնպէս ոտքերն այլ, եւ ինչ որ մորթ կ՚երեւի վրան. նաեւ երեսներն այլ, եւ ինչուան աչքերն այլ` գրեթէ աչքութենէ ելած. երբեմն բարկ արեւէ, եւ վերջը մթէն խանգարած ուռած ցաւած. կարկատուն դէմքն` վատած դեղնած. չորս դին` զզուելի որդեր ճճիներ կու զեռան: Դիմացը` սեւ ու չոր գարիէ հացի կտոր մը, քովը փառչիկ մը պաղ ջրոյ. այս է իր կենաց սնունդը ամեն Աստուծոյ որ, որչափ այլ ապրի: Վրայի մաշած զգեստն, եթէ զգեստ այլ կրնայ ըսուիլ, իր վիճակին յարմար` տանջելի, մազախառն հիւսուած մը. աւելի խստակրօն ճգնաւորի հագուստի նման, քան սովորական մահապարտի: … Բայց ո՜վ անտանելի ծանօթութիւն … այս ամեն պժգալի բաներն դեռ կու պզտիկնան, ոչինչ կ՚երեւին, կամ թէ կրկին կու մեծնան, կու սաստկանան լեռնանան, մինչեւ յերկինս կու բարձրանան, երբոր հաւատաս, Հայկակ, եթէ այդ չարաչար բանտարկեալ մահապարտդ` սովորական յանցաւորաց սեռէն չէ, այլ կին մարդ է: …

Անշուշտ երկուքին մէկն. կամ դա` պատմութեանց մէջ չլսուած եղեռնաւոր անզգամ, դեղիչ սպանիչ, քաղաքայրեաց, աշխարհակործան կին մը պիտի ըլլայ. կամ ատոր բանտողն ա'յլ աւելի եղեռնաւոր անզգայ գազան բռնաւոր մը: … Կի՞ն մը. ասա՞նկ ատեն, այսպիսի՞ վիճակի մէջ … Անշուշտ սիրտ չես ըներ, Հայկակ, այս պատմութիւնս քուրերուդ պատմելու, կամ սիրտ չեն ըներ անոնք լսելու եւ աչք մը տալու այսպիսի սեռակից անձի մը վրայ. քեզի անգամ ծանր է` քու մօրդ զուգակիրը` թէ եւ յանցաւոր եւ մեծայանց ըլլայ, այդ երկաթներուն մէջ կարկամած տեսնել: Հապա ո՞րքան աւելի զգալի, կսկծալի եւ սոսկալի պիտի երեւի այդ պատկերդ, եթէ դիմացը ուրիշ պատկեր մ՚այլ ըլլար` աշխարհիս (չեմ ըսեր զեղծ ու չփացած, այլ եւ ) օրինաւոր բարեկեցիկ վայելուչ փառաւոր տիկնոջ մը: Պէ՞տք է արդեօք այն պատկերն այլ փնտռել: - Այո. հոս ոչ մարդահաճութիւն եւ ոչ անձնահաճութիւն, այլ բարոյական հարկ եւ պարտք մը կայ զայն այլ տեսնելու. պէտք է վայրկեան մը բանտէն դուրս ելնենք, որ բանտին մէջինը լաւագոյն ճանչնամք:

Շատ հեռու չեմ տանիր զքեզ, Հայկակ, հազիւ ճաշաժամու մը ճամբայ, այս Բողնոյ - փորակէս դուրս չէ, այլ նոյն իսկ անոր շինագլուխն, նախայիշեալն Ցուրտաւ, մայրաքաղաք բդեշխին Գուգարաց: Անշուշտ մէկէն գուշակես թէ դիմացդ ելնելիքն պիտի ըլլայ բդեշխուհին: Յիրաւի, անկէ զատ չէ, եւ գիտնալու ես որ այս տեղի բդեշխուհիս, թագուհիէ շատ պակաս չէ: Հայոց մեծ թագաւորութեան տակ քսանի չափ նախարարներ կային, մէկ մէ՚կ փոքր աշխարհներու ազատօրէն կառավարք, ասոնցմէ չորսն աւելի շատ ազատ եւ գրեթէ անկախք էին. ասոնք էին Բդեշխիքն, որ երբեմն թագաւորք այլ կ՚ըսուին, եւ որոց մէկն հոս Հայաստանի հիւսիսակողման սահմանակալ կամ աշխարհապահն էր` Գուգարաց նախարարն, որ եւ Վրաց բդեշխ կ՚ըսուէր, եւ երբեմն բուն ազատ Վրաց թագաւորէն աւելի զօրաւոր` եւ աւելի ընդարձակ երկիր ունէր, եւ անոր վրայ այլ իշխանութիւն կու բանեցընէր` Հայոց թագաւորին կողմանէ: Արդ յայտ է որ բոլոր հիւսիսային կամ կովկասային ժողովրդոց առջեւ Գուգարաց բդեշխն` մեծազօր մեծափառ իշխան եւ տէր մը ճանաչուէր. խաղաղութեան ատեն 18 կամ 20000 զօրաց հրամանատարն էր. անոր համեմատ առատ եկամուտ այլ ունէր երկրէն. մէկ մը անոր ընդարձակութեան եւ բերքերուն համար, (բաւական տափարակ եւ ցած դաշտեր ունենալովն, եւ աղէկ փայտի անտառներ, ու մանաւանդ պղնձի եւ ուրիշ մետաղաց հանքեր). մէկ մ՚այլ Ալանաց-Դրան ճամբուն հարաւային պահակը` իր իշխանութեան տակն ըլլալով, որ էր սովորական ճամբայ Հայաստանէն եւ արեւմտեան Ասիայէն ի Կովկաս գնացողաց եւ անկէ հոս եկողաց. այս երթեւեկս եւ մանաւանդ վաճառաց ելումուտքն` շատ շահաւոր էր Գուգարաց տիրոջ: Այսպիսի դրութեամբ` հարկ է որ իր դշխոյն այլ հիւսիսային տիկնայց մէջ թագափայլ եւ մեծափառ նազէր: Եւ եթէ ուրիշ դշխոյք միայն այսպիսի բարձր գահու մը վրայ ըլլալովն այլ կրնային փայլել, հիմակուան բդեշխուհին իրմէ առաջիններէն անուանի, աւելի բարձրագոյն պէտք է փայլէր իր անձնական ձրիւքը, որով կայսերաց գահոյքն անգամ կրնար պայծառացընել. վասն զի էր նա թոռնադստրիկ մեծի Պարթեւին եւ սուրբ քահանայապետին Սահակայ, դուստր Մեծին Վարդանայ ՎԱՐԴՈՒՀԻՆ – ՇՈՒՇԱՆ. այս երկու պարագլուխ ծաղկանց անուամբ եւ անոնց շնորհօքը ծանօթացեալ եւ հռչակեալ, ի հօրէն Վարդուհի կամ Վարդանուհի կամ Վարդենի կոչեալ, եւ ի սիրոյ գգուանաց` իր մաքուր եւ պայծառ տեսլեանն համար Շուշանիկ կոչուած, որ եւ իբր սեփականագոյն անուն մնաց վրան: Շուշանկան շուքն եւ շնորհքն` չէր այնքան հարստութիւն, Մեծին Վարդանայ Մամիկոնէից տեառն անուանակիր զաւակ եւ ժառանգ ըլլալն, կամ Գուգարաց բդեշխի դշխոյ ըլլալն. եւ ոչ այնքան մարմնափայլ գեղեցկութիւնն, ոչ իսկ պարթեւական եւ մամիկոնեան արեան ազնիւ սերունդն, որքան ի հօրմէն, մամէն (Սահակադխտոյ) եւ ի մեծ պապէն առած դաստիարակութիւնն, իմաստութիւնն, բարեպաշտութիւնն, միով բանիւ, շնորհքն եւ օրհնութիւնն` որովք արդարեւ աշխարհիս մէջ մեծ անուն եւ զարմանք թողլով` արիական, դիւցային, աստուածանշոյլ կանանց մէկն ճանչցուեցաւ. եւ հարկ էր որ իր երկրաւոր տիկնութեան օրերուն այլ փայլէր եւ ըլլար աստղ եւ պսակ հիւսիսոյ: Էրկանը` Վազգէն բդեշխի` ներկայ չեղած ատեն, տիրաբար կ՚իշխէր եւ հրաման տայր աշխարհին, տանը մէջ` գերզգօն ազնիւ մայ մ՚էր. հասարակաց բարերար եւ դայեակ. եկեղեցւոյ բարեզարդիչ փայլեցուցիչ, արժանաւոր Ս. Սահակէն ժառանգած բարեպաշտութեան, հոգեսիրութեան եւ հայրենասիրութեանն, որով կարգաւորեց եւ մտուց Ցուրտաւայ եկեղեցւոյն մէջ հայերէն ժամակարգութիւն, զատ ի վրացւոյն. (վասն զի Վրացիք այլ շատ կային հոն, թերեւս աւելի քան զՀայս, երկար ատեն Վրաց իշխանութեան տակ ըլլալով երկիրն. անոր համար երկու լեզուով այլ կատարել կու տար պաշտօնը) եւ եպիսկոպոսք հրամանը սիրով ընդունելով` հարիւրաւոր տարի ետքն այլ` իբրեւ աւանդութիւն եւ պատուէր մեծ դշխոյին` անփոփոխ պահէին այս կարգը:

Ահա այսպիսի է բդեշխուհի` զոր կ՚երթամք տեսնելու ի Ցուրտաւ. եւ ի հարկէ այսպիսի ձրից եւ արժանեաց քով` շատ ծաղրելի եւ անգոսնելի պիտի ըլլայ` անոր վսեմափայլ կերպարանացը հիանալ, կամ տիկնութեան թագն ու շղարշը, ոսկին բեհեզն, ծիրանին, գոհար ակունք եւ մարգարիտները դիտել. սաւական ըլլայ առանց մանր քննելու եւ համրելու` հարեւանցի մ՚այլ տեսնել զինքը դշխոյական դարպասին մէջ` հանդիսական հագուստովը, եւ բնական նարմանազուկ շարժուածքովը, կարծես շնորհք, հեզութիւն եւ վսեմութիւն իրար խառնած` զինքը զանգեր ու զարդարեր են. եւ այլ ամենայն փառքերէ վեր ելնելու կու շարժէ մանտրուքայլ ոտքերը, որպէս թէ իր բուն գահոյքն` աստեղաց կամ արեւու մօտ խորանի մէջ կանգնած ըլլայ…

Հիմա կրնամք, Հայկակ, այս Գուգարաց բդեշխուհին, իր տիկնաբար կոխած շեմէն շարժել ու փոխադրել վայրկեան մը Ուփրեթայ զնդանին մէջ, եւ հասկընալ` թէ ի՞նչ է վեհ վսեմ գեղեցիկ բարեկիրթ բարեպաշտ զաւակամայր կին մը, եւ ի՞նչ է այդ մեր նախ տեսած, երեքերկաթեան կապած, մաշած մարած պառաւն, որոյ` կին անգամ ըսել դժար կու գայ: Թերեւս պարտիզափայլ շուշանին եւ ձմեռը անասնոց խար տրուած չոր ծաղկին մէջ` այնքան աննմանութիւն չըլլայ, որքան այս երկու կերպարանաց մէջ. անմօտենալի վիհ մը կ՚երեւի մէջերնին: … Եւ սակայն. - սակայն,, ի՞նչ չիկրնար ընել մարդուս հոգին. այն մեծ եւ անմահ զօրութիւնն, որ բարութեամբ կրնայ բարձրանալ մինչեւ յԱստուած, եւ չարին հետեւելով` ինչուան սատանայի գործակից ըլլալ: Այս երկու հակառակ կերպով` հոս այլ մեզի աննման անմօտենալի անկարծելի երեւցածն` կրնայ ըլլալ. եւ արդէն եղած է, եւ մեր ուզածէն եւ չուզածէն աւելին այլ: - Ուփրեթայ շղթայեալ վշտակիրն` եւ Գուգարաց շնորհաշուք դշխոյն` Շուշանիկ, անբաժանելի մի եւ նոյն անձն է… Մեծին Վարդանայ Մէկհատիկ դուստրն, Վազգենի կինն, Վրաց բդեշխուհին, աննման Շուշանիկն այն է, որ վեց տարիէ վեր այս ահեղ եւ դժնդակ տեղւոյս եւ շղթայից մէջ դատապարտուած է ի տանջանս եւ ի մահ: …

Ո՜վ ափշութիւն, ո՜վ սոսկումն, ի՜նչ փոփոխութիւն, տէր Աստուած: Եւ ի՞նչպէս. ի՞նչու: - Արդեօք այդ մեծահոգի մեծաշնորհ կինն` իր եւ հասարակաց նախամօրը պէս խաբուելով, աստուածային պատուիրանին անհնազանդ` վռնտուեցա՞ւ իր դրախտանման դարպասէն. թէ արդեօք երկնային զօրութեանց պարագլուխ արուսեկին պէս հպարտացեալ` ուզեց Բարձրելոյն աթոռն ելնել, եւ զարնուելով անոր կայծակէն` գլորեցաւ ընկաւ ի խաւար եւ յօտարութիւն… Թէպէտ եւ անհուն կ՚երեւի կերպարանաց փոփոխութիւնն, սակայն այդ մաշած դիմաց վրայ ամբարտաւանութեան եւ մեղաց հետք չեն երեւիր, շատ հեռի են չարութեան շուքերն անգամ` այն հեզութեամբ եւ առաքինի տրտմութեամբ խորացեալ խորշոմեալ երեսներէն. - նուազեալ եւ ցամաքեալ աչքերէն` դեռ գթութիւն եւ ողորմութիւն կու կաթէ. - խարշած շրթանց մէջ դեռ շնորհք կու ժպտին լռիկ. - անթագ անպսակ ճաղատ ճակտին վրայ դեռ անարուեստ զօրութեամբ մը գրուած կ՚երեւի թէ սա դշխոյ է արժանափառ: Նեղ բանտին մէջի մէկ հատիկ գործարանն` աղօթանոց մը, անոր վրայ երկու գրքոյկք` աղօթամատոյց մը եւ Ս. Սահակայ աստուածաշօշափ մատներով գրուած ակետարանիկ մը, եւ այս երկուքին մէջ կանգնած խաչափայտ մը, կու վկայեն, թէ աստուածարեալ հոգի մը կայ այդ պատերէն աւելի` մարմնով բանտուած` անձին մէջ. որուն հանդարտութիւնն, սենեկին խաղաղութիւնն, եւ գրեթէ որդանց մէջ անգամ զգալի անուշահոտութիւն մը, շատ համարձակ կու վկայեն, թէ դա ոչ միայն իր անուան շնորհն պահած է, այլ եւ առաւելած, անպարտ է այդ դատապարտեալդ, անարատ է տառապեալդ, սուրբ է Ուփրեթայ բանտարկեալն, հրեշտակաշնորհ է ՇՈՒՇԱՆԻԿ, եւ անօրինակ երեւոյթ մ՚է մեր տեսածն հոս: …

Ո՞վ է ուրեմն պարտաւորն, ո՞վ այն այլանդակ յանցաւորն, այն ապառաժ բռնաւորն, այն մարդագազանն` որ յայս վիճակ հասուց զսա: - Վազգէ՞ն. - Վրաց բդեշխն, նոյն իսկ կենակիցն, ամուսինն Շուշանկան: … Անշուշտ կամ խելագար կամ դիւահար պիտի ըլլայ` որ այդ գործդ ըրեր է, կամ դժոխական ատելութեամբ մը մխուած` որ զմարդ մոլորցընէ չար քան զխեւ ու զդեւ:

Ափսո՜ս Շուշանկան, երջանիկ ժամանակ մը ծնաւ, իր հօր Վարդանայ ամենայն փառաց մէջ եւ հօրապապուն Սահակայ աստուածապետական գահակալութեան ատենն. սակայն թշուառ դարու դշխոյ եղաւ: Հասակին վիճակին ամենէն պայծառ միջոցին, Հայոց բաղդին փառափայլ արեւն խաւրեցաւ, վերցաւ թագաւորութիւն ցեղին Տրդատայ եւ քահանայապետութիւն Ս. Գրիգորի. Հայաստան տակն ու վրայ եղաւ: Պարսք ջանալով զՀայս կրակապաշտ ընել` երկայն տարիներէ վեր լռած հալածանքը նորէն բորբոքերին: Հայք բանիւ եւ փաստիւ չկարենալով համոզել զամպարիշտն Յազկերտ` աշխարհօրէն պատերազմաւ ուզեցին դէմ կենալ զինուց բռնութեան. մէջերնին երկպառակութիւն ընկաւ, կէսն կաշառուած ի Պարսից եւ մոգութեան հաւանած` արգելք եղան յաջողութեան պատերազմին եւ ազատութեան. Վարդան` հայրն Շուշանկան գլուխ հայրենեաց ուխտապահ մասին` ընկաւ փառօք եւ սրբութեամբ մեծ ճակատամարտին մէջ. իրեն հոգւոյն եւ զօրութեան յաջորդ մը չգտնուեցաւ շուտով: Իշխանաց եւ ցեղապետաց ոմանք փախստեամբ եւ թաքստեամբ ծածկուեցան, ոմանք զէնքով պաշտպանել ջանացին իրենց ամրոցները. շատոնք այլ ի Պարսից ձեռքն ընկած խաբէութեամբ` բանտեցան յօտարութեան. եւ ոչ սակաւք` դժբաղդաբար` սիրով զփառս եւ զվայելս աշխարհի` քան զհանդերձեալ յոյսն, հաւանեցան կամայ կամ ակամայ մոգուցն եւ կրակապաշտից. եւ քրիստոնէութեան փոխանակ` արեւու եւ մոխրի պաշտօնը յանձն առին: Որոցմէ այլ աւելի զզուելով ուխտապահքն, ոչ միայն արք այլ եւ կանայք, փափկասուն տիկնայք, իբրեւ նորէն կնքուելով ի Քրիստոս` հաստատեցին ուխտ դրին մինչեւ իսպառ համբերել, նեղիլ, տառապիլ եւ չուրանալ զսուրբ հաւատս Յիսուսի, չմարել Լուսաւորչին ջահը` պիղծ մոխրախայծ խանձողաց դիմաց:

Այս ետքի երկու դասուց մէկմէկ պարագլուխ կրնան սեպուիլ Գուգարաց բդեշխն եւ իր դշխոյն. Վազգէն վասականման ուրացողաց, աւերողաց, հայրենատեաց, քրիստոսատեաց անարի արանց. Շուշանիկ` Շամունեայ նման մեծահաւատ մեծահոգի հայրենասէր աստուածասէր այրասիրտ կանանց. որք «Մոռացան զկանացի տկարութիւն, եւ եղեն արուք առաքինիք ի հոգեւոր պատերազմին… ոչ միայն յոգիսն մխիթարեալ կային առ աներեւոյթ զօրութիւն յուսոյն յաւիտենից, այլ եւ մարմնոյ նեղութեամբք առաւել եւս բարձին զբեռն ծանրութեան… Ոչ ինչ յիշեցին ամենեւին զանուն փափկութեան մայրենի ազատութեանն, այլ իբրեւ մարդիկ` որ վշտաբերք լեալ իցեն անդստին ի շինական սովորութեանցն տանջելով վարեալ զկեանս աշխարհիս, անդրագոյնք եւս քան զնոսա յանձն առին զհամբերութիւն վշտաց: … Անարիւն ճպռանց նմանեցին, որ երգոյն քաղցրութեամբ առանց կերակրանաց կեան, եւ կենդանի են միայն զօդն ծծելով, զանմարմնոցն բերեն զնմանութիւն»:

Այսպիսիք էին այն ժամանակի ուխտապահքն Տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհին, որպէս ականատես սուրբ պատմիչն նկարագրէ: Այլ ի՞նչ արդեօք պիտի ըսէիր, ի՞նչ մեղրեղէն թէ հրեղէն գրչով պիտի գրէիր, ո՜վ անուշակդ Եղիշէ, եթէ լսէիր, եթէ տեսնէիր` այդ տիկնաց տիկինը, այն քո եւ մեր դիւցազին` Վարդանայ` Վարդենի դստրիկը Շուշանը, այսպէս քան զամէն կին եւ այլ` այդ հալածանաց պարագային մէջ` սաստկապէս տանջեալ եւ հրաշափառապէս հանդիսացեալ:

Եթէ կանացի մարմին մը քան զայդ աւելի կտրուկ տանջանքներ կրած է, գուցէ աւելի երկար ատեն չէ կրած, թերեւս ոչ ոք այլ աւելի եւ՚ պէսպէս զրկանք եւ սրտակտուր կիրք աղեաց գթոյ եւ հոգւոյ վշտաց: Անշուշտ այդ սեռին վեհագոյն մեծուհեաց առաջին դասէն է Շուշանիկ. երբ նկատենք զնա յետ սրբութեամբ տիկնութեան կենաց` ուրացողի մը կին գտուած, թերեւս եւ մայր ուրացող որդւոց: Այս բանս իրեն հազար մահէ դառնագոյն էր. եւ բովանդակ այն միջոց ժամանակն` յոր անարժան դժնիկ այրիկն` Վազգէն` ի դուռն Պարսից էր գացեր, կու հոգա կու հալէր կասկածելով անոր ընելիք չարէն. թէ անոր` եւ թէ իր զաւակաց (իրեք մանչ եւ մէկ դստեր) հոգւոյն վտանգը մտածելով: Անոր համար երբ մէկն իրեն աւետիս տուաւ, թէ տէրդ դարձեր ի Պարսից` ողջ առողջ կու հասնի իր աթոռը, առաջին հարցմունքն եղաւ, թէ հոգին ի՞նչպէս է, ո՞ղջ է … Դժուարասելի, եւ աւելի դժուարալուր պատասխան. աւա՜ղ. Վազգէն հիւանդ, օրհասական, մեռած է հոգւով. զի «Ի դուռն արքունի երթեալ` ուրացաւ զքրիստոնէութիւն, եւ եղեալ ընդ պարսկական օրինօք` ի կամաց եւ ոչ ի հարկէ եւ ի բռնութենէ … վասն լկտի եւ անառակ վարուցն … երկիր պագանէր կրակի, եւ ուխտէր ընդ սատանայի. եւ խնդրէր կին պարսիկ ի թագաւորէն. եւ (նա) հաւատայր նմա, եւ տայր զկնոջ իւրոյ մայր նմա ի կնութեան. եւ յանձն առնէր զկինն առաջին (զՇուշանիկ) եւ զորդիսն` դարձուցանել ի մոգութեան օրէնս»: Այս կայծակնաշար գոյժն երբ իջաւ յականջ Շուշանկան, գլորեցաւ ընկաւ գետին. եւ երբ խելք ու շունչ իրեն դարձաւ, վայով եւ լալով քիչ մը սիրտը պընդելով` ժողովեց զաւկըները, շտապելով տարաւ յեկեղեցին, ընկաւ սուրբ սեղանոյն դիմաց, զարկա ճակատ ի գետին. երբեմն հառաչանօք եւ երբեմն լռութեամբ` անորդի Աննայից պէս գետնամած մնաց, միայն Աստուծոյ բողոքելով, եւ միայն Աստուծով կրնալով դիմանալ: Եկեղեցւոյ պաշտօնեայք ցաւով եւ ահով կու նայէին, եւ աւելի եռանդեամբ իրենց բոլոր օրուան պաշտօնները կատարեցին: Շուշանիկ դեռ տեղէն չէր շարժած. երեկոյն հասաւ, Աստուծոյ տաճարն այլ պիտի փակուէր. Շուշանիկ ելաւ սուրբ յատակէն, բայց չդարձաւ իր ապարանքը, այլ եկեղեցւոյ քով տնակ մը քաշուելով, հոն բոլոր գիշերն այլ Աստուծոյ կու գանգատէր: Իր դրան քահանայն վերջապէս համարձակելով քիչ մը մխիթարութիւն տուաւ, եւ ուրիշներէն այլ ստիպելով` քիչ մը կերակուր առաւ. եւ դարձեալ գիշերուան մնացած մասը կեցաւ յաղօթք: Այդպիսի սրտի հարուածոց` չկայ քան զայս (աղօթք) յարմարագոյն եւ զօրագոյն ճար ու ճարակ: Երկրորդ առաւօտեան պաշտօնն այլ կատարելով յեկեղեցին, դարձեալ սկսաւ դրան քահանային ողբալ իր զաւակաց վտանգը. արդէն իր մէկ հատիկ աղջիկն չափահաս ըլլալով, հարկաւ քիչ օրէն մոխրապաշտ զանդկի մը հարս պիտի երթար. մանչերն այլ ժամանակաւ անպարկեշտ պարսուհեաց փեսայանային:

Ուրիշ մխիթարանք չգտնելով` առաքինօրէն կանչեց. «Հատա՜ւ սպառեցաւ ամենայն յոյս յերկրէ եւ ի մարդկանէ. բայց (ես) ակն կալայց Աստուծոյ ամենակալի որ փրկէ զիս. եւ տայցէ՜ ինձ թեւս որպէս աղաւնոյ զի թռուցեալ թեւօք Հոգւոյն սրբոյ շնորհօք հասանել եւ դադարել յանապատի, ընդունել զօրութիւն ի վերին խնամոցն, սթափել փոքր ինչ ի մրրկեալ սրտնեղութենէս եւ ի վհատութենէս… Եւ ես պատրաստ եմ տալ զանձն բանտից եւ կապանաց եւ ամենայն կտտանաց, որով նեղէ զիս ուրացողն. զի Աստուծով կեցից, եւ մեռայց վասն անուան նորա, եւ ոչ թողից դաւանութիւն հարցն իմոց` լուսաւորչացն Հայոց»: … Այն յԱստուծոյ խնդրած աղաւնոյ թեւերն իջան հասան հոգւոյն, եւ ինչուան Ուփրեթայ բանտն այլ հասուցին, թեթեւութեամբ սրտին. որով նախ ելաւ կանգնեցաւ իբրեւ մեծ թագուհի մը` որ թագաւորի մը չկրցած յաղթութիւնը ըրած ըլլայ:

Այսպէս վսեմութեամբ եւ վստահութեամբ նստած էր, երբ Վազգէնի կողմանէ նուիրակք եկան, արքունեաց եպիսկոպոսն Յովհան եւ բդեշխին եղբայրն` մեծ իշխանն Ջոջիկ: Պահ մը պապանձեցան, կապուեցան, սկսան լալ. եւ հազիւ կրցան կըմկըմալով եւ ամաչելով բդեշխին հրաւէրքը տալ, որ կու կանչէր տիկինը, բայց կ՚իմացընէր այլ որ կ՚ուզէ իրեն պէս քրիստոսուրաց տիկին: Այն ատեն մեծն եւ մեծաց դուստրն եւ թոռնեայն` Վարդանայ եւ Սահակայ, տիրական բերանը բանալով սաստեց եպիսկոպոսին. Անվայե'լ աստիճանիդ` այսպիսի պատգա­մա­բերութիւն, ըսաւ, դու ճշմարտութեան քարոզ, «Դո՞ւ զայդ հրամայես. միաբանե՞լ ընդ առն ամբարշտի եւ ուրացողի զԱստուած. եւ այսպիսեացս լինիս թելադիր եւ մտախաբ: Աւա՜ղ իմոյ թշուառութեանս, որ եւ յորդորիչ ինձ ոչ գտաւ»:

Եպիսկոպոսն պատկառեալ եւ սրտապնդեալ` պատասխանեց. Ճշմարիտ է ըսածդ, բայց եթէ դու անշարժ մնաս` Վազգէն ոչ զքեզ միայն, այլ եւ բոլոր իր իշխանութեան քրիստոնեաները պիտի հալածէ, եկեղեցիները քակէ, բագին կանգնէ. մինչդեռ հիմա կու խոստանայ մեզի` ամենեւին չդիպչիլ անոնց, եւ ոչ զոք ստիպել, եթէ դու հաւանիս երթալու իրեն: Ես եւ տագրդ, Ջոջիկ, եկեր եմք` ոչ յուրացութիւն հրաւիրելու զքեզ, այլ յորդորելու գալ երեւիլ բդեշխին, բան մը ըսել. վասն զի եթէ յետ Աստուծոյ կայ մէկն` որ կարենայ անոր միտքը փոխել եւ սիրտը շարժել` դու ես, տիկին մեր: - «Վազգէնի սրտին տիրել ու շարժել` միայն Աստուծոյ կարելի է, ըսաւ Շուշան. բայց թէ իմ երթալս հարկաւոր կ՚երեւի ձեզի, ահա կ՚երթամ, բայց ի տառապանս եւ ի չարչարանս»: Ըսաւ եւ արիաբար դարձաւ յապարանքը. սակայն չմտաւ իր տիկնութեան փառազարդ սենեկաց մէջ. այլ առանձին տնակի պէս զատուած կողմ մը քաշուեցաւ, եւ երեք օր անքուն անկերակուր, լալու եւ աղօթքի կեցաւ:

Երրորդ իրիկունն Վազգէն պատրաստելու տուաւ մեծահաց ընթրեաց տաճարը. ջահերն վառեցան, ամենքն իրենց բազմականը բռնեցին, միայն Շուշան դշխոյին գահոյքը պարապ էր. բդեշխն խաւրեց զՋոջիկ որ բռնադատէ բերէ զբդեշխուհին. յետ երկար աղաչանաց հազիւ հաւանեցաւ Շուշան. իբրեւ նոր Յուդիթ մը, այլ Յիսուսի հեզութեամբն եւ մեծագոյն վսեմութեամբ զինուած` երթալու նոր Հողոփեռնեայ ընթրիքը. չընտրեց անոր պէս իր պերճագոյն զարդերը, եւ ոչ իսկ անոնցմէ շատ փայլուն բնական գեղեցկութիւնը երեւցընել ուզեց. այլ չափաւոր ձեւով մը պարտկած, միայն ծածուկ զարդ մը, չքնաղ լանջապանակ մը, անգին կնիք մը դրաւ ծոցը, որ էր իր սուրբ հօրպապուն ձեռագիր աւետարանիկն, եւ այնպէս մտաւ ի տաճարն: … Սխրացան սարսեցան պահ մը ամեն տեսողք չուզելով անգամ, մինչեւ ջանացին իրենք զիրենք զսպել, եւ խօսքով ու կերակրով այլայլութիւննին ծածկել. իսկ Շուշան` իբրեւ երկնաճաշակ յաւերժահարսն, իր բարձր գահոյից վրայ բազմած, անխօս եւ անկերակուր կեցաւ, եւ ոչ իսկ Յուդթայ պէս իր նաժշտաց մախաղէն փոխինդ մը ծամելով. այլ իբրեւ զԵսթեր լուռ լեզուաւ եւ մեծաբարբառ երեսներով` երբեմն կու մարէր երբեմն կու վառէր, աւելի ակնախտիզ քան զամենայն ջահափայլութիւն տաճարին: - Նոր տեսակ աննման ընթրիք մ՚եղաւ այն օր. Վազգէն սրտէն վագրի պէս կու մռնչէր, ինք զինք կ՚ուտէր եւ չէր կրնար ճիկ հանել: Շուշան իր դշխոյն` դիմացն բազմած` լռութեամբ անդադար յանդիմանութեան տեղատարափ մը կու թափէր անոր եւ համախոհից վրայ. մինչեւ փութացան ընթրիքը չերկընցնել ելնել, եւ ամենքը իրենց տեղը քաշուեցան: Նոյնպէս ըրաւ եւ Շուշանիկ:

Իսկ քաջն Վազգէն` այն կըլլած թունահամ պատառները չմարսած, շրթունքը խածնելով, եւ թողլով իր Պարսկաստանէն բերած չամբուշ բամբբշիկն այլ, կու փնտռէր զՇուշան` անոր որսկապանաց մէջ, ոչ իբրեւ այն օրերը` որ իր բարեյիշատակ հայրն Աշուշա բդեշխ` մտերիմ բարեկամն Վարդանայ` փեսայացոյց զինքը թագաւորական փառօք Մամիկոնէից օրիորդին. եւ ոչ իբրեւ փքացեալ հսկայ մը` արեգնափայլ առագաստ մտնելով, այլ իբրեւ լախտաւոր անճօռնի Հերակլէս, կամ կոպիտ գրաստավար մը, հաստ բրով մը հանդիպեցաւ հերաշտակափայլ հարսին, երբ ծառայից ձեռքով` գտնել եւ բռնի բերել տուաւ զնա. եւ փոխանակ տարաշխարհիկ պարգեւաց, փոխանակ պարսկային ծոցէն բերած բստոյ եւ մարգարտոյ, անհնարին ծեծուփետ թափեց վրան, անխնայ եւ անխտիր, քարշանք մազերու եւ պարկեշտ զգեստուցն, բռնցի աքացի հարուածք… (ամօթ, զզուանք մարդկութեան). մինչեւ յետին ծառայքն անգամ ղպնելով եւ ցաւելով` վազեցին առ Ջոջիկ, որ փութացաւ եկաւ ջանաց գոցել այդ խայտառակ տեսարանը, ազատել զանմեղ աղաւնին դաժան վարուժանին ձեռքէն: Բայց ճար չեղաւ, գազանացեալ մարդն` իր եղբայրն այլ սկսաւ աքացել քշել, եւ իբրեւ փայտահար յանտառի կ՚իջեցընէր հարուածները իր ոտքը ընկած անձին վրայ, հայհոյելով զնա եւ անոր հայրը, զհաւատքն այլ, զԱստուած այլ, մինչեւ ինքն յօգնելով եւ չուզելով մէկ հարուածով մ՚այլ ձեռքին տակ սպաննել իր առաջին կենակիցը, հրամայեց որ քարշեն տանին ձգեն ուսկից որ բերին:

Երկրորդ առտուն ինքնին գնաց հոն, տեսնելու իր երեկուան թափած կարկուտին արգասիքը: - Շնորհագեղն Շուշան ջախջախեալ էր, կզակները կոտրտած, աշուըները արիւնալից, այլ ոչ բոլորվին միջաբեկ, դեռ ողջ էր: Հրամեց Վազգէն որ հոն պահեն զնա զգուշութեամբ, եւ չթողուն որ քովը մարդ երթայ. ուրիշ բան այլ չտան իրեն` բայց միայն գարէհաց եւ ջուր, ինչուան որ մեռնի: … Իրմէ վերջը եկաւ հաւատարիմ դրաներէցն, իր աստուածահրաման պարտքն ընելու, չվախելով բռնաւոէն, ուսկից պահապանքն անգամ գանելով` թող տուին քահանային. որ երբ մտաւ եւ այնպէս արիւնլուայ գետին փռուած տրորած տեսաւ տիկինը, պաշտօնը մոռացաւ, սկսաւ տղու պէս լալ. մինչեւ ինքն քաջասիրտ խոստովանողն Քրիստոսի սկսաւ` փոխանակ ընդունելու` տալ մխիթարութիւն. «Մի' լար, ասէր, ի վերայ իմ. զի առանց հանդիսի եւ չարչարանաց` ոչ արդարանայ առաջի Աստուծոյ ամենայն մարդ. եւ ոչ շնորհք փրկչին` լքանէ թողու զոք առանց ողորմութեան որք յուսանն ի նա»: Ապա քահանայն այլ զնա մխիթարելով` աղաչեց որ քիչ մը ուտելու բան առնու. Շուշանիկ հազիւ կրցաւ բերանը բան դնել. անչափ ուժէ ընկած էր:

Քանի մը ամիս այսպէս անցաւ, վասն զի Վազգէն քաղաքէն հեռացեր էր, ուր նորէն դարձաւ աճապարանօք, լսելով որ երկրին վրայ թշնամի կու գայ. ապահովութեան համար տղաքը Վրաստանի կամ Կովկասու ամուր կողմերը ղրկել ուզեց. Կուր գետէն անցնելու ատեն տղոց մէկն դիպուածով կամ դաւաճանութեամբ ընկաւ կորաւ, եւ մեծ սուգ պատճառեց բոլոր երկրին. միայն Շուշան էր` որ մօր պէս ցաւեցաւ, այլ քրիստոնէի պէս ուրախացաւ` որ տղայն ժամանակաւոր մահուամբ յաւիտենական մահուանէ ազատեցաւ, սուրբ հաւատքը չուրացած մեռաւ: Իսկ հայրն Վազգէն հեթանոսօրէն անյուսաբար կ՚ողբար չարաչար. մինչեւ իր իշխաններէն զատ` Վրաց թագաւորն եւ Պարսից կողմանէ դրուած մարզպանն այլ եկան զինքը մխիթարելու: Իսկ ազգամն խորամանկութիւն բանեցընելով` այն ատեն հեռացուց զՇուշան ի պալատէն, եւ հրամմեց որ երթայ եպիսկոպոսին ապարանքը` եկեղեցւոյն մօտ: Մեծ ուրախութիւն եւ բաղդ սեպեց զայս Շուշանիկ, եւ արդէն էրկընէն ազատած սեպելով զինքը` իր աշխարհաձեւ զգեստն այլ փոխեց հոն, եւ հաւատաւորի խոշոր զգեստն հագաւ եւ օրհնեցաւ. կրկին նուիրական կենօք մեծ զուարթութեամբ անդադար աղօթից եւ բարեգործութեան կու հետեւէր, ամենայն տեսողաց սիրելի եւ զարմանալի եւ գրեթէ պաշտելի ըլլալով: Այս լուրս կրկին բորբոքեց Վազգէնի սիրտը դիւաշունչ կատաղութեամբ. եւ երբ մեծամեծ հիւրերն քովէն գացին` յետ կանչեց զՇուշան, եւ պատուէր խաւրեց` որ թողու այդ ձեւը եւ կերպը, եւ դառնայ գայ հնազանդի իրեն ու տիկնութիւնը վայելէ: Իսկ մեծահոգի նահատակն բացէ ի բաց մերժեց ամպարշտին հրաւէրքը. եւ այսուհետեւ մեր մէջ կապ չկայ ըսաւ, վասն զի դու թողեր զՔրիստոս, իսկ ես ա'յլ աւելի կապուեցայ անոր հետ: Այս պատգամին հետ ղրկեց դարձուցին Վազգէնի իր տիկնութեան նշանները, զարդերը, եւ ինչ որ անկէ ունեցեր էր. եւ գիտնալով անոր կատղիլը` պատգամը վերջացուց ըսել տալով. թէ ինչ որ կ՚ուզես ըրէ, «Ես պատրաստ եմ մեռանել, քան թէ անցանել դաւանութեամբն հարցն իմոց»:

Այս արդար նախատանաց այլ չհամբերելով անարդար մարդակերպն, դարձեալ իր դիւցազնական լախտն ու բիրն առած` բազմութեամբ ծառայիցն վազեց խենթի պէս….: Երկինք կայծակները բըռնեցին, երբ առանց սարսափելու մտաւ յեկեղեցին, լսելով որ հոն է Շուշան եւ անկից չիհեռանար. չպատկառելով ոչ յԱստուծոյ եւ ոչ ի մարդանէ` սկսաւ սրբազան տաճարին մէջ այլ ծեծուփետ քաշել աղօթող տիկնոջը, սոսկացան գանեցան տեսողք, գոյն առին գոյն տուին, բայց չհամարձակեցան բան մ՚ընել. միայն Աստուծոյ պաշտօնեայն, քահանայ մը` համարձակեցաւ յանդիմանելու. ի՞նչ սրտով, ի՞նչ իրաւամբ, ըսաւ, այդպէս չարաչար կու տանջես տիկինը: Անօրէն մոլին վերուց բիրը` իջուց սաստիկ կոփ մը քահանային վրայ այլ…: Երկինք դարձեալ համբերեցին… իսկ ժողովուրդն այս երկու սրբապիղծ յանդգնութիւնները տեսնելով, սկսաւ լալ եւ յերկին բողոքել: Վազգէն` անմեղ գառանց փարախի մէջ սոված գայլոյ պէս ընկած, որու որ պատահէր` զարնելով հրելով, փութացաւ իր ծառայից օգնութեամբ քարշել զՇուշան, հանել յեկեղեցւոյն, եւ նոյնպէս գետնաքարշ ընդ քար եւ ընդ տիղմ զգեստաբզիկ արիւնլուայ ձգել յապարանքը. ուր մնացած ուժն այլ թափեց խեղճին վրայ` ծեծելով եւ զգեստները պատռտելով առաջինէն աւելի. եւ այնպէս կիսամեռ թողուց: Ջոջիկ այլ հոն չէր որ ջանար ազատել հարսը:

Յետ քանի մ՚անգամ այսպիսի պժգալի հանդիսից` Վազգէն հարկադրած ըլլալով իր երկրէն դուրս Հոնաց կողմը երթալու` վերջին դիւական եւ անլուր վրէժն այլ թափեց Շուշանկան վրայ. անձամբ բերելով զնա յՈւփրէթ` եւ այն երեքերկաթեան շղթաները անցընել տալով` ոտից, ձեռաց եւ վզին, անլուր լրբութեամբ իր կնիքն այլ անոնց վրայ զարկաւ, որ չհամարձակի մարդ մօտենալ եւ քակել. եւ այս յետին պատիւն ընելով իր ամուսնոյն` վերջին բարեւն այլ տուաւ հայհոյելով անոր նախնիքը եւ սուրբ կրօնքը: - Իսկ երանուհին այսպիսի կտտանաց մէջ այլ իր վսեմական սրտովն նախ գոհացաւ զԱստուծոյ, եւ ապա ուրախ եմ ըսաւ` Վազգէնի, որ զիս Աստուծոյ սիրոյն համար այսպիսի կապանաց արժանաւորեցիր, որով քիչ ատենէն յաւիտենական ազատութեան պիտի հասնիմ. բայց քեզ վա՞յ եւ ափսոս` որ ասոր հակառակ կապանք եւ հատուցմունք պիտի ընդունիս Աստուծոյ արդար դատաստանէն: - Այն արդար եւ ահաւոր դատաստանին վճիռն էր Շուշանկան բերնէն ելածն, որ եւ այնպէս ազդու` այլ անօգուտ` զարկաւ Վազգէնի սրտին, որ չկարաց այս անգամ պատասխան տալ. եւ յուդայեան յուսահատութեամբ մը հեռացաւ:

Երբոր վիշապին հետը ծածկուեցաւ, երեք օրէն հաւատարիմ դրաներէնց` որ ձագակորոյս թռչնոյ պէս ծառէ ծառ դարէ դար կու դիտէր իր խնամոց կարօտը, մտաւ բանտը. այս անգամ ուրիշ բան չկար ըսելու, բայց ընկնալով պագնել տիկնոջն կարծր կապանքները եւ համարձակ երանի տալ անոր: Իսկ առաքինի եւ աննման դուստրն Վարդանայ, միայն մէկ երանութիւն մ՚ունիմ, կ՚ըսէր, որ է այս երկաթներս, որ զիս կու սրբեն այնպիսի մարդու կենակից ըլլալէս, եւ անոր զաւակ ընծայելէս, ասոնք ըլլան վկայ առաջի երկնից եւ երկրի` որ իմ յօժար կամօքս թողուցի ինչ որ աշխարհս ինծի կրնար տալ, եւ հանդերձելոց համար յանձն առի այս ցաւերս, որով յուսամ Աստուծոյ ողորմութեան եւ իր սրբոցը հասնիլ:

Այսպէս կեցաւ, այսպէս համբերեց Շուշան երկայն տարիներ Ուփրեթայ բանտին մէջ. միայն յետ շատ աղաչանաց Ջոջկայ` հազիւ զիջաւ Վազգէն անոր վզին երկաթը վերցընել տալու, որով կրնար սուրբն քիչ մը հանգչեցընել գլուխը կաշիէ բարձի մը վրայ. բայց զայն այլ խնայելով կ՚ընէր. վասն զի ինքն այլ սկսաւ անգթանալ իր վրայ. իբրեւ թէ արտաքին ցաւն եւ կապն բաւական չըլլային. քունն այլ կու կարճեցընէ, որ աւելի ժամանակ ունենայ աղօթելու. գարէհացիկն եւ ջուրն այլ շատ կու սեպեր, եւ ամբողջ շաբաթներ ծոմ կ՚անցնէր, միայն շաբաթ եւ կիրակի օր քիչ մը բան ծամելով յետ սուրբ հաղորդութեան, զոր հաւատարիմ դրաներէցն անխափան կու բերէր. եւ կամաց կամաց ուրիշներն այլ համարձակելով սկսան գալ, աղօթք խրատ եւ օրհնութիւն ուզելու, ոմանք այլ առողջութիւն խնդրելու, եւ գտան այլ ուզածնին:

Սրբութեան, ճգնութեան ու հրաշից համբաւն սկսաւ տարածուիլ չորս դին. լսեց ինչուան Ճորայ պահակէն` իջականջ Վազգէնն այլ. եւ յետ չորս տարւոյ դառնալով իր երկիրը, առաջին հոգն եղաւ իր բանտարկեալը քննելն. եւ իմանալով որ մարդ մտած է ներս, պահապանաց մահուան ծեծ մը տալ տոաւ, եւ հրամեց առաջինէն աւելի խստութիւն ընել ու չարչարել զսուրբը: Բայց այնչափ երկար ատենուան փորձով աղէկ գիտնալով որ չարչարանք օգուտ մը չունին, ուզեց կախարդութեամբ ուզածին հասնիլ, նման Սաւուղայ. եւ տարի մը ջատուկ վհուկ կնկան ձեռքով աշխատելով` չիկրցաւ բան մը շահիլ: Ամենէն զօրաւոր հնարքն եւ վրէժն` որ յիրաւի Շուշանկայ սիրտը վեր ի վայր պիտի ընէր, ամենէն ետքը թողուց. - տղաքները ուրացընել, իրեն պէս կրակապաշտ ընել: Այս դառն գոյժս` ուսկից միայն այնքան ատեն կու դողար մայրն աղէգութ եւ բարեպաշտ, իր վեց տարուան երկաթներէն աւելի կտրուկ եղաւ` կիսամաշ կեանքը բոլորովին մաշեցընելու: Այնուհետեւ աշխարհիս վրայ սրտի կէտ մը չունէր, եւ ոչ յանկարծական յոյս մը. վշտօք եւ ցաւօք շատ առաւել քան իր ընկերներից առաքինի համբերող կանայքը, անոնց` գոնէ ուշ բայց վերջապէս հասնող մխիթարութիւնն այլ չունեցաւ, յիրաւի ողբաց անոնց համար սրտառուչ վիպասանն, թէ Բազում ձմերաց հալեցան սառնամանիք, եհաս գարուն եւ եկին նորեկ ծիծռունք, տեսին եւ խնդացին կենցաղասէր մարդիկ, եւ նոքա ոչ երբէք կարացին տեսանելզանձկալիսն իւրեանց». - սակայն յետ երկար շրջանաց` վերջ ունեցան այն բազում ձմերունքն այլ. եւ երբ յետ իբր տասներեք տարեաց անգամ մ՚այլ եհաս գարուն եւ եկին նորեկ ծիծռունքըն, ընդ կենցաղասէր մարդկան` խնդացին եւ ճխացին համբերող տիկնայքն այլ. վասն զի վերջապէս տեսան «զանձկալիսն իւրեանց… զցանկալի գեղ երեսաց նոցա»: Այլ, ա'հ, միայն Շուշանկան չհասաւ գարուն. չեկաւ ծիծառն, չերեւցաւ անձկալին. եւ ոչ «ծաղիկք գարնանայինք յիշատակեցին զպսակասէր ամուսին»: Շուշանիկ վեց եօթն տարի ոչ կանաչ գետնին ծոցէն ծլած ծաղիկ մը տեսաւ, եւ ոչ ծաղկի տեսութեամբ այլ կրնար անոնց պէս ցանկալի յիշատակ մը արթընցընել, իր ծաղիկն էր փուշ վշտաց, յիշատակն` ուրացող մը Աստուծոյ եւ ամուսնոյ: Անոնց` տուն տեղն դարձեալ նորոգեցաւ, մաքրեցան փոշոտեալ եւ ծխոտեալ սրահակք եւ որսկապանք նորեկ հարսանցն, վերցուեցան սարդի ոստայնք առագաստաց նոցա, կանգնեցան բարձրագահք տաճարացն, եւ ուղղեցան սպասք երախանաց նոցա դարձեալ դալարացան բուրաստանք ծաղկոցաց նոցա եւ որթք գինեբերք ծաղկեալ ետուն զհոտս իւրեանց, եւ սիրելիք հանդիպեցան իրարու ընդ ուռենեաւ եւ ընդ նռնենեաւ: Իսկ Շուշանայ, ցորեկ, գիշեր, ամառ եւ ձմեռ միակերպ խաւար մը, կսկիծ մը, տխրութիւն մ՚էր հալումաշ յիշատակներ, որոց երկընցած աներեւոյթ թելը` միայն մահն պիտի կտրէր: Եւ արդէն մոտեցեր էր մահուան ցուրտ մկրատն` այն մարգարտաշար ոսկէօղ սուրբ կենաց կապին…:

Չարչարանաց եօթներորդ տարին խոնարհեցաւ շնորհակաթ Շուշանկան գլուխն. լուսածարաւ աչքերուն դիմաց բոլորովին գոցուեցաւ աշխարհիս վարագոյրն, հանդերձեալ լոյսն սկսաւ զհոգին հրաւիրել…:

Հռչակեցաւ մահաբեր հիւանդութիւնն. ամէն լսող երանի կու տար անոր` որ կարենար տեսնելու այն հրաշալի նահատակը, բայց ամենքն չունեցան այս բաղդը. իշխանք եւ ազնուականք Վրաց եւ մերձաւոր Հայոց` փութացան յետին յարգանք մը մատուցանել իրենց ըստ աշխարհի դժբաղդ դշխոյին, ամենէն առաջ հասաւ բարեսէրն Ջոջիկ` իր կնոջ հետ մէկտեղ. ընկաւ նախ երկրպագեց Շուշանկայ աղօթանոցին վրայի խաչափայտին, ապա սուրբ տիկնոջ ոտքը ինկաւ, զարկաւ գլուխը գետնի, լացաւ շատ. օրհնութիւն եւ մեղացը թողութիւն խնդրեց, եւ հազար կտոր եղած սրտով հեկեկանօք բանտի պատերը թնդացընելով յետ դարձաւ: Եկաւ Սամուէլ եպիսկոպոսապետն Վրաց Մծխիթայ մայրաքաղաքէն, հանդերձ Ցուրտաւայ դրան Յովհան եպիսկոպոսով եւ քահանայիւք, որք շատ անգամ եկեր եւ մխիթարեր էին զսուրբը. եւս առաւել այն հաւատարիմ դշխոյին դրաներէց քահանայն որ ստուգիւ անոր մեծ եւ սուրբ սրտին խորագոյն կրիցը հաղորդ էր, եւ յԱստուծոյ եւ իր աղախինէն` շատ երկնաւոր վարձուց արժանի է, ի փոխարէն այն զովարար մխիթարական բաժակաց` զոր բանիւ աւետարանին ընծայեց իր տիկնոջ եւ հոգեւոր դստեր: Անոնց ամենուն այլ` տիկինն սրտառուչ շնորհակալեցաւ, իբրեւ իրեն ծնողաց եւ դայեկայ, շնորհակալ եղաւ եւ իր յետին այցելութեան եկող մեծաց եւ մեծուհեաց եւ հասարակ ժողովրդեան. աղօթեց եւ աղօթք խնդրեց, օրհնեց եւ օրհնուեցաւ: …

Ամեն մարդկային օրէնք կատարեցան, մնա՞ց արդեօք ժառանգութեան խնդիրն. - յայտնի է որ սուրբն իր խաչէն եւ աւետարանէն զատ կտակելու բան չունէր. բայց մերձակայք եւ ժողովուրդն` նախանձելի եւ ագահելի բաներ կու տեսնէին, ամենքն մէկմէկէ աւելի կանչէին. Երկաթներէդ կտորիկ մը ինծի, շղթաներէդ օղակ մը, խշտեկէդ յիշատակ մը ինծի հանէ, սու՜րբ տիկին: … Իսկ սուրբն, արդարեւ սուրբ, խոնարհ եւ հեզ, պատասխանեց մարմըրած ձայնովը. Ես արժանի չեմ այդպիսի խնդիրներու. «Բայց կամք Աստուծոյ եղիցին, արարէք որպէս եւ կամիք». եւ յետին հրաժարական` ամենուն առհասարակ օրհնութիւն տալով ըսաւ. «Ամենալին Քրիստոս լի արասցէ զձեզ հոգեւոր օրհնութեամբ»: Ապա բազմութիւնը հեռացընելով, ինքն այլ իր մէկ հատիկ մնացած երկրիս վրայի բաղձանքը կտակեց եպիսկոպոսապետին եւ անոր ուխտին, սակայն դեռ զայն այլ սքանչելի խոնարհութեամբ մը` յանձնելով անոնց կամաց. «Եթէ արժանի կու սեպէք զիս խնդրոյս, տարէք մարմինս թաղեցէք այն տեղ` ուր որ նախ առաջին զիս քարշեցին»: Այս միայն եղաւ կտակ եւ փափագ Ս. Շուշանկան, հոն թողուլ մարմինը` ուր որ զտիկնութիւն, զփառք, զաշխարհ եւ զվայելս կորոյս այն մարմինն, եւ քարշանք, հարուածք, չարչարանք եւ վիշտք սկսան` վասն հաւատոց եւ սիրոյն Աստուծոյ, եւ հոգեւոր տիկնութեան հանդէսք պատրաստուեցան: Վարդանածին դշխոյն ինչուան ի մահ իր հայրենի մեծասիրութիւնը պահեր էր, հոգւոյն ամենայն վեհագոյն շնորհաց հետ: Յետ այսորիկ ամփոփելով զինքն յինքեան` արձակեց վերջին ձայն մը գոհութեան առ Աստուած, որ արժանի ըրաւ զինքն այդ չարչարակիր նահատակութեան, եւ աղաչելով ընդունել իր կարօտած հարց եւ սրբոց քով, խաչակնքելով աւանդեց հեզաբար զհոգին, որոյ նման հզօր եւ պայծառ` շատ քիչ ճանաչուած է յաշխարհի` տկարասեառ բնութեան մը մէջ:

Բարեպաշտօն կանայք մեծ պատուով լուացին մաքրեցին պարկեշտ եւ մաշած մարմինը, աւելի տաք արտսուքներով քան անուշահոտ ջրերով, յետոյ երկու եպիսկոպոսունքն եւ քահանայք այլ խնկով եւ իւղերով զսպեցին, եւ բազմութեամբ ժողովրդոց, համարձակ պաշտօնով, իբրեւ նորէն Գուգարաց դշխոյն դարձընելով ի գահն, ի բարձրագոյն գահ, հանգուցին Ցուրտաւայ կաթուղիկէին մէջ, երեկոյն եւ գիշերի պաշտօնը կատարեցին, երկրորդ օրն` հանգստեան պատարագ իբրեւ սրբոց տօնահանդէս: Ապա վերցընելով սրբահոտ մարմինը` տարին գրին իր փափագած տեղը, հոն` «ուստի զառաջինն քարշեցին». եւ ուստի կու յուսար սուրբն յետ դադրելու բոլոր կենցաղոյս ձմերուան, ի բանալ քրիստոսանորոգ գարնան նորոյ երկրի, պայծառ ծաղիկ յարութեան վերաբուսնիլ վերաթռչիլ ընդ առաջ երկնաւոր թագաւորին, եւ գրկել խառնիլ անբաժանապէս իր նախափառաւորեալ հոգւոյն հետ:

Այն ընտրեալ եւ սրբեալ տեղն եղաւ ժողովատեղի բարեպաշտ անձանց. Հայոց եւ Վրաց անուանի ուխտատեղեաց մէկն, ուր եւ յետ 500 ամաց` մեր պատմըչաց մէկն այլ, Սեբաստիոյ եպիսկոպոս, վկայէ, թէ «դեռ եւս կան տեղիք չարչարանաց նահատակութեան նորա, եւ հանգստարան սուրբ եւ պատուական նշխարաց նորա, զոր մեր բազում անգամ երթեալ եւ համբուրեալ (է) զսրբութեան տեղին»: …

Եթէ դու այլ բաղդ ունենաս, Հայկակ, որ մը համբոյր տայլ այն սրբութեան տեղեաց, մի' մոռանար անգամ մ՚այլ Բողնեաց գետն ի վեր երթալով` հազարամեայ աւերակաց մէջ փնտռել Ուփրեթայ բուիճաբոյն բերդին մամռապատ մնացորդները. նորոգէ մտօքդ, ոչ այնքան զնիւթական շէնքը, որքան անոր մէջ հանդիսացեալ զարմանուհին. - տես անգամ մ՚այլ` այն անուամբ, բնութեամբ, սրբութեամբ, Շուշանուվարդը. - տես զանիկ մէկ մ՚իր փառաց արքունեաց գահուց մէջ, մէկ մ՚այլ երեքերկաթեան կապանաց, որդանց եւ ճճեաց մէջ, անլոյս, անկրակ, անմխիթար թողած, յաղբիւս ընկած մարգարտի պէս, - համրէ' անոր վեցամեայ վշտաց, մանաւանդ թէ ըստ հին պատմըչին ազդման` զիւրաքանչիւր «զտարեաց կամ զամսոց կամ զշաբաթուց կամ զաւուրց եւ կամ զժամուց չարչարանս». -նկատէ այն մեծագոհի ծովատարած սրտին անդադար թաւալած աղէկտուր ալիքները. - եւ ապա դարձիր նայէ վըրադ: …

Ո՜վ տժգոհ կենցաղասէր մարդիկ. ո՜վ անհամբեր դիւրախնդիր տիկնայք. ո՜վ փոքրոգի լծաբարձք Քրիստոսի. որք այդչափ գանգատիք ձեր կենաց եւ կրից վրայ. գնացէ'ք ի բերդն Ուփրեթայ եւ տեսէք զՇՈՒՇԱՆՆ – ՎԱՐԴԵՆԻ:

ԺԶ. Աշոտ Ա. եւ Հայաստան հազար տարի առաջ

[խմբագրել]

Մայիս 27.

ՀԱՅԱԳԻՐ օրացուցակն այսօր Թ դարուն քանի մը անձանց սրբազան յիշատակին մէջ` վեհագոյն կու նշանակէ զ՚ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ: Հազարամեան դար մը մեզմէ առաջ` նշանաւոր կէտ մ՚է մեր հայրենեաց պատմութեան մէջ, մեծ յեղափոխութեան մը միջոց, որ երկայն եւ ծանր տարիներ քշեց, բայց յաջող վախճան եւ արգասիք ունեցաւ. յայտ է թէ ոչ բաղդով, հապա ջանքով աշխատութեամբ, չափով ու թուով, այսինքն խելքով, իմաստութեամբ, առաքինութեամբ. 450 տարիէ վեր քաղաքական միութենէ ճեղքած քայքայած ազգ մը, եւ Հայու պէս ազգ, որ իրեք աշխարհակալ զօրաւոր տէրութեանց, Պարսից, Յունաց եւ Արաբաց, հազարումէկ փորձանքներէն անցեր էր տաշուելով ու մաշուելով, եւ դեռ կու տքար, մանաւանդ այդ ետքի ազգին ճիրանաց տակ. այդպիսի ազգի մը` կերպով մը դարձեալ մէկ քաղաքական ազգային գլխու մը միանալու, եւ այն գլխոյն վրայ այլ արքունի փառափայլ թագ մը գնելու, եւ յետ այնքան անյոյս դարուց` Հայոց արքայ ըլլալու, կամ ծածուկ աստուածային հրաշք մը պէտք էր, կամ յայտնի ԱՇՈՏ մը` այն ծածուկ հրաշքը իր բազկաց, մտաց եւ սրտին մէջ ամփոփած, զոր եւ ըստ ժամանակին յերեւան կու հանէր: Յիրաւի սա բազմաց անկարելին` նաեւ անկարծելին` ի գլուխ տարաւ, հաստատեց, 30 տարի աշխատելով, ոչ այնքան սրով եւ աղեղամբ, (թէ եւ նոյն տարիներուն մէջ ինքն էր Հայ հայրենեաց առաջին զինակիրն եւ անձնապահն այլ), որքան խոհեմ մտքովն, եւ թերեւս անկէ այլ աւելի` զգայուն եւ առատ սրտովն, որոց դէմ չկրցան կենալ ոչ արաբական բռնութիւնն, ոչ բիւզանդական նրբութիւն, եւ ոչ ազգային նախանձ եւ ինքնակամութիւն. ամենքն այլ հաճեցան հաւանեցան սիրեցին զԱշոտ: Ամիրապետն Բաղտատայ` անոր յանձնեց բոլոր Ատրպատականի, Միջագետաց եւ Կովկաս լերանց միջոց եղած երկրի վերակացութիւնը, եւ խաղաղութեան պատասխանատու ըլլալը. կայսրն Կ. Պօլսոյ` ի մէջ ամենայն թագաւորաց եւ իշխանաց ժամանակին` որոց հետ վերաբերութիւն ունէր, ըստ մեծութեան` յետ խալիփայից` զԱշոտ կու ճանչնար մեծապատիւ ազգիշխան, եւ ըստ սիրոյ` առաջին Որդի կոչելով զնա իր թղթոց մէջ. իսկ ազգային իշխանք` նաեւ անկախք` զնա ճանաչէին նախիշխան եւ միայն թագաւոր:

Ազգի մը նոր գլխապետ ըլլալ կամ ազգ մը կանգնել յինքնիշխանութիւն` մեծ յաջողութիւն կամ մեծ ճարտարութիւն կու պահանջէ. եւ ի հարկէ այս ձիրքերս ունէին որոնք որ այսպիսի գործ կատարեցին. այսպէս եւ մեր Աշոտն: Բայց իրեն նման դժուար պարագայից մէջ ըլլալով եւ այնքան խոհեմութեամբ, զգաստութեամբ եւ ազնուաբարոյութեամբ վարուող` շատ քիչ կու գտնուին ազգայարոյց եւ ազգակցոյց ըսուած անձանց մէջ այլ: Թողլով օտար ազգաց պատմութիւնները, մեր պատմութեան մէջ այլ Աշոտէն առաջ եւ վերջը քանի մը անգամ գիտենք` Հայոց ինքնագլխութիւննին կորուսանելը եւ նորէն ձեռք բերելը, ի ձեռն քաջ եւ հայրենասէր եւ երբեմն եւ փառասէր անձանց. քիչ շատ ծանօթ են Հայկն, Արամա, Պարոյր, Տիգրան, Զահրատ, Վաղարշակ, Տրդատ, եւ յետ Աշոտոյ` Գագիկ, Ռուբէն, Լեւոն. թողունք աւելի անծանօթները, որ ի զանազան ժամանակ եւ տեղի տիրագլուխ թագաւորութիւն կանգնեցին: Ազգին պատմութիւնը գիտցողն գիտէ նաեւ ասոնց ինչ կերպով այդ տիրագլխութեան հասնիլը. ոմանց` բաղդով (ինչպէս Վաղարշակ, ոմանց քիչ մը բռնութեամբ այլ, ինչպէս Ռուբէն, ոմանց լոկ փառասիրութեամբ` ինչպէս Գագիկ Արծրունի. ոմն խորագիտութեամբ, ինչպէս Լեւոն, եւ գրեթէ ամենքն քաջութեամբ եւ պատերազմօք. այլ միայն Աշոտոյ թագաւորութիւնն ասոնցմէ տարբեր եւ աւելի փառաւոր կ՚երեւի. մէկ մը որ` ուրիշներուն թագաւորութիւնն կամ տիրապետութիւնն, եթէ բռնութեամբ եւ բաղդով այլ չէր, գոնէ կէս պատրաստուած էր առաջիններուն ջանքով, իսկ Աշոտոյ պատրաստողն` գրեթէ իր արդիւնքն էր. մէկ մ՚այլ որ ուրիշներն թագաւորութեան փափագեցան, ջանացին, իրենց ազգին վրայ կանգնեցան: Աշոտ գրեթէ առանց փառքը դիտելու` հասաւ իշխանութեան, միայն ինքն ընտրուեցաւ եւ կանգնեցաւ ազգային հաճութեամբ, եւ ոչ ազգին ռամկին, կամ իրեն հպատակացը հաճութեամբ, ինչպէս ուրիշներէն շատն, հապա իրեն նման ցեղապետաց եւ աշխարհատեարց հաւանութեամբ: Այս բանս կու ցուցընէ ընտրուածին մեծ կատարելութիւնն, ընտրողաց այլ մեծ առաքինութիւն, որ դժբաղդաբար սակաւագիւտ եղած է այնպիսի ազգի մը մէջ, որուն բնական երկրին ձեւ նու գիրքն, ձորերն, լեռներն ու գետերն անգամ` զատութիւն եւ իրարմէ անկախութիւն մը կ՚ազդէին բնակչացը: Հոս անկարելի է ենթադրել մեր հազարամեայ իշխանաց եւ նախարարաց վրայ այնպիսի առաքինութիւն առանց ենթադրելու Աշոտոյ մեծագոյն կատարելութիւնը, եւ յիրաւի ով որ մեր վերակարգեալ ազգայարոյց տիրապետաց վարքը ուշի ուշով քննէ, կարծեմ չիկրնար գտնել առաքինի մը իբրեւ զԱշոտ, միայն Վաղարշակ կրնայ այս պատուիս արժանի սեպուիլ, բայց իր օտար ծագումը, եւ բաղդով թագաւոր ըլլալն (թողուինք դիցապաշտութիւնն այլ), մեզի այնչափ սիրելի չեն ընծայեր զինքը, որչափ երախտաւոր մեր հին հարանց պատմութիւնը գտնել եւ պահել տալուն համար: Երջանի՜կ նա, մանաւանդ թէ մենք, որ գտուեցաւ այն ատեն իր եւ մեր բաղդին յարմար` Աբաս Կատինա մը, որ մեր Հայկազանց պատմութեան պատճառաւ` զինքն այլ անմահացուց, ինչպէս որ իրմէ ետքը անոր գրուածքը առաջին կարդացող եւ նորոգողն Ագաթանգեղոս այլ անմահացուց իր ժամանակի ազգակեցոյց Տրդատը, իսկ անոր վերջին կարդացող եւ հայերէն հաւաքողն` Մովսէս Խորենացին` երբ Վաղարշակայ թագին եւ ցեղին ընկնալը եւ վերջանալը լալոտ աչօք տեսաւ, զո՞վ կրնար անմահացընել… - զԲագրատունին Սահակ, զնախահայրն Աշոտոյ. «Անմահ ի յիշատակ թողուլ քեզ զայդ (Պատմութիւն Հայոց) եւ որ զկնի քոգալոց են ազգք»: Մար Աբաս, Ագաթանգեղոս, Մովսէս, իրեք աննման անձանց համար գրելով, թերեւս անոնցմէ աւելի զիրենք, իրենցմէ այլ աւելի անմահացուցին զազգս Հայոց…»:

Բայց զԱշոտ ո՞վ անմահացընէ: Չունէ՞ր, չգտա՞ւ ինքն այլ Աբաս մը, Մովսէս մը, որ իր թէ քաջութիւնները թէ լաւութիւնները մեզի ճառէին: - Ունէր, այո', եւ յայսմ եւս` ըստ մասին` բաղդաւոր քան զառաջինսն եղաւ, վասն զի գտաւ ոչ միայն ազգային` այլ եւ ազգական մը, թոռնակից մը, զԲագրատունին Շապուհ, որ բոլոր իրենց ցեղին պատմութիւնը գրեց ի պատճառս իր համշիրակին. դժբաղդ մենք եմք, որ դեռ այս Բագրատունեաց պատմութիւնը չեմք տեսած, եւ ԺԳ դարէ վերջ կարդացող այլ չեմք գիտեր, թէ եւ անյոյս չեմք օր մը յերեւան ելնելուն: Այդ փափագելի գրուածդ անշուշտ ոչ Աբասա եւ Մովսէսի գրուածոց չափ հետաքննական պիտի ըլլայ, եւ ոչ Ագաթանգեղոսին պէս վայելչաբան, որովհետեւ ժամանակակից անուանի պատմիչ մ՚այլ պերճաբանն Յովհաննէս կաթուղիկոս, կ՚ըսէ անոր համար. «Ոչ կարացեալ ըստ քերթողական հրահանգացն համառօտաբար ընձեռել, սակայն ըստ իւրում ժամանակի ընտանի գոլով նորա զրոյցացն ամենայնի, գեղջուկ բանիւ բաւական քեզ տայ պատճառս տեղեկութեան»: Սակայն մեր հոս փնտռացը` չէ քերթողութիւն, այլ պատմութիւն, տեղեկութիւն ընտրեալ անձին` որոյ վարքը «ի մանկութենէ մինչեւ յերեւոյթս երիտասարդութեան… զզօրութիւնս եւ զքաջութիւնս եւ զպատերազմունս, եւ զհրամանս ի յայլս, եւ զայլոց եւս ի նա, … յայտապատում արարեալ է (եւ) զզրոյցս պայազատութեան Աշոտոյ, … զիշխանական պատմութեան եւ զթագաւորացն զհանգամանացն զկարգս», եւ այլն, մանրամասն գրեր էր Շապուհ. վասն այնորիկ կաթուղիկոսն անոր կու խաւրէ փափագողը, եւ ինքն միայն թագաւորութենէ վերջի դիպուածները համառօտիւ կու յիշէ: Եւ որովհետեւ անկէ զատ ուրիշէ մ՚այլ գրուած չունիմք, ըսել է որ այս արժանաւոր անձին կատարեալ պատմութիւնն անծանօթ է մեզի. բայց որչափ այլ որ ցաւալի է այս` այնչափ այլ ցնծալի` որ մնացած քիչ տեղեկութիւնքն այլ աւելի զօրաւոր վկայ կ՚ըլլան անոր մեծութեանը: Եթէ Շապհոյ գրածն` թէ իրեն եւ թէ Աշոտոյ պարծանք կրնար սեպուիլ` աննախանձաբար ազգակցին պատմութիւն ըլլալուն համար, թերեւս ուրիշ կողմէ` իբր ազգակից` կողմնասէր կամ շողոքորթ կարծուէր. բայց կաթողիկոսն որ իր ժամանակին դէպքերը` թէ վայելչաբար եւ թէ անկողմնասիրութեամբ գրած է, որչափ այլ զգուշացեր է Շապհոյ պատմածը չկրկնելու համար` Աշոտոյ վրայ խօսելու ատեն, չէ այլ կրցած համարմունքը, զարմանքը, ըսենք թէ եւ սէրն այլ` զսպել ու չըսել. «Ինձ աստանօր ոչ արդեօք այլ ինչ է բանս սիրելի` քան թէ դեգերիլ ի բանս գովեստից, որ վասն Աշոտոյ իշխանին իշխանաց են հետեւմունք: Վասն զի ի տիս հասեալ միջակութեան, քաջահասակ էր նա եւ անձնեայ եւ թիկնաւէտ եւ զուարթերես եւ մրայօն, նկարէն իմն եւ նիշ յաչս ունելով, որպէս զյակինտ կարմիր ի մէջ մարգարտի ծագեալ, եւ վայելչացեալ գեղեցկութեանն ալեօք. մեծ իմաստ եւ քաղցրաբան, եւ առ կերակուրս խրախճանաց ոչ խանդացեալ նորա ընդ լաւագոյնսն եւ ոչ արհամարհեալ զնուաստագոյնսն. այլ հասարակաց ի վերայ տարածէր զգեստ խնամոց իւրոց, եւ լծակօք իմն կշռէր, նախ զիւր եւ ապա զամենեցուն կենցաղս. միանգամայն իսկ ասել, եթէ որ ինչ մարդկութեանս էր պիտանի ոչ ինչ կասեցուցանէր»:

Ուրիշ ժամանակակից պատմիչ մ՚այլ (Թովմաս) որ այնչափ Բագրատունեաց կողմնակից չէր, Արծրունեաց տունէն ըլլալով, եւ որուն դիւցազն էր Գագիկ, չիկրնար չըսել Աշոտոյ համար աւելի մեծաբանութեամբ, թէ «բարձրագոյն եւ հանճարեղագոյն էր քան զբնաւ Հայաստանեայցս, եւ զընդհանուր կացեալս ի ներքոյ երկնից». որ է, ըստ մտաց հեղինակին, քան զամենայն Հայ եւ քան զամենայն մարդ (ժամանակակից) աւելի խելացի եւ մեծահարկի:

Անուանին Փոտ պատրիարքն Յունաց կոչէր զԱշոտ` «Քաջայայտդ բարեպաշտութեամբ, հզօրագոյն ճոխութեամբ, բարձրագոյնդ ի հոմասեռս»: Յիշեալ պատմիչներէն քիչ ետքն եկող խոհական պատմիչն Ասողիկ` կ՚ըսէ վասն Աշոտոյ, յետ յիշելոյ իր յաղթութիւնները. «Էր այր քաղցր եւ հեղ, եւ անարատ եւ անբամբաս կեանս կեցեալ, եւ ոչ անօրինեալ արտաքոյ օրինաց բնութեանն, եւ հաճոյ էր Աստուծոյ յամենայն վարս անբիծ»: Թողունք յետագայ պատմչաց եւ ամենայն զինքը յիշողաց միաբան գովութիւնը եւ յարգութիւնը, որոց նման քիչերուն տուած են իրմէ առաջ կամ ետեւ, կամ թէ եւ ոչ մէկուն, վասն զի դժար է նմանը գտնել բոլոր բարեմասնութիւնքը մէկտեղ բերելով, վայելչութիւն, քաջութիւն, հանճար, կրօնասիրութիւն, աշխարհաշինութիւն, սիրտ շահել, ազգը պատուել եւ փառաւոր ընել, հին քաղաքական կարգերը նորոգել, եկեղեցեաց պայծառութեան եւ ուսման զարգացման օգնական ըլլալ, ցանկալի խաղաղութեամբ, զոր վայելցուց թէ ազգին եւ թէ սահմանակցացն, յետ այնքան դարերու անհանգստութեանց, խռովութեանց եւ կասկածանաց, եւ ազգային ինքնագլխութեան հետ` Հայոց մտաւոր, գրական եւ արուեստական ոգին այլ նորէն կանգնել: Ինչ որ ըստ այս մասանց` իրեք դարերու մէջ (Ժ. ԺԱ. ԺԲ) շինութիւնք եւ բարգաւաճանք եղան, նախ Մեծ եւ ապա Փոքր Հայոց մէջ, ամենքն այլ պարտական են Աշոտոյ Ա. որ իրաւամբք Մեծ ըսուեցաւ. եւ ոչ միայն թագաւորութեամբն այլ արդեամբք եւ արժանեօք` իր ամենայն անուանակցաց մէջ Առաջին: Վերոյիշեալ հեղինակաց վկայութիւնքն եւ պատմութեանց դէպքն (զոր յետոյ տեսնենք), ամիրապետաց եւ կայսերաց պատուագրութիւնքն, սահմանակից ազգաց եւ պետութեանց պատկառանքն, ազգային նախարարաց եւ իշխանաց մեծարանք եւ հպատակութիւնն` տարակոյս չեն թողուր որ ասկէ առջի հազարամեայ դարէդարձին` Հայաստանեայց մէջ նա էր ամենէն երեւելի անձն, կամ բարձրագոյնն ի հոմասէռս, ըստ Փոտայ եւ Թովմայի:

Իսկ իմ այս բանս յիշելս եւ կրկնելս առ քեզ, Հայկակ, ոչ այնքան ժամանակի կարգին բերելէն է, որքան այսպիսի արժանաւոր անձի մը բաւականապէս ճանչուած չըլլալն. Տիգրանք, Տրդատք, Վահանք, Վարդանք` բռնած են մեր ազգասիրաց միտքը. արժանապէ՜ս. բայց Աշոտոյ այլ տալու է իր տեղն, անոնց կարգին վրայ. ես հոն կը դնեմ. դու եթէ գտնես իրեն մեկենասը` զՇապուհ պատմիչ, կրնաս թերեւս նոր կարգի դասաւորութիւն ընել: Առ այժմ մնացեալ պատմչաց յիշատակներէն հաւաքեմ Աշոտոյ կեանքը. զոր լաւագոյն եւս ճանչնալու համար` պէտք է նախ ճանչնալ անոր ցեղը, զԲագրատունիս, մանաւանդ Հայոց անիշխանութեան ատեն. մէկ մ՚այլ պէտք է ճանչնալ այն ատենի (Թ. դարու) Հայաստանի եւ անոր մերձաւոր ազգաց քաղաքական վիճակը, եւս առաւել երկու աշխարհակալ իշխանութեանց, Յունաց եւ Արաբացւոց, որոց բաղդն կամ կամքն կու շարժէին զՀայս եւ բոլոր Ասիոյ արեւմտեան մասը:

Բագրատունեաց ցեղին ծագման վրայ երկու գրութիւն եղած է. մէկն բուն ի Հայկայ եւ յԱրմենակայ զաւակաց կու համարի զայն. բայց ըստ Խորենացւոյ` այս բանս ըսուած է «անհաւաստի մարդոց, ըստ յօժարութեան եւ ոչ ըստ ճշմար­տու­թեան». մէկն այլ իր ըսածն, զոր Վիրք եւ Յոյնք` հաստատեն. որ է` ի Հրէից ծագումն, եւ ըստ Վրաց` բուն թագաւորական Յուդայի եւ Դաւթի ցեղէն. որոց նահապետն կամ նախահայրն ի Հայաստան եկաւ Շամբա կամ Սափատիա անուամբ իշխանն, զոր Հրաչէ հայկազն թագաւորն մեր նիզակակից Նաբու­քո­դո­նո­սորի` 600 տարի Քրիստոսէ առաջ` բերաւ յԵրուսաղեմէ իբրեւ գերի. բայց ազա­տա­բար եւ իշխանաբար բնակեցուց Հայաստանի արեւմտեան հիւսիսային կող­մե­րը. գլխաւոր տեղ տալով անոր` Սպեր գաւառը. ուսկից ոմանք դէպ ի հիւսիս` Եգերաց եւ Վրաց կողմերը սփռեցան, ոմանք դէպ յարեւմուտս եւ հարաւ, Փոքր, Բարձր ու Դ Հայոց կողմերը, թերեւս ինչուան է Կապպադովկիա, ուր Բագատեան գաւառ յիշուի. վասն զի առաջ այս ցեղին սովորական եղած Բագրատ անունն այլ Բագատիա էր, ինչպէս որ Սմբատն այլ Շամբատ կամ Սափատիա: Իսկ այս նոր անուններն առին` երբ Քրիստոսի գալստենէն քիչ տարի առաջ բռնա­դա­տուե­ցան յԱրշամայ թագաւորէ Հայոց, եւ շատերն ուրացան հրէական կրօնքը. իսկ ո­մանք հաւատարիմ մնացին, ինչպէս իրենց հայրերն այլ` բովանդակ Հայկազանց իշ­խանութեան տակ, որք աւելի ուղղահաւատ եւ ներողամիտ էին քան զԱրշակունիս:

Ասոնց թագաւորութեան սկիզբը` իբր 150 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուականն, երբ Վաղարշակ մտաւ թագաւորելու ի Հայս, հրէական տոհմին ազգապետն` Բագարատ` առաջին եղաւ ողջունելու զնա թագաւոր, եւ շատ ընծաներէն զատ` իր մէկ ազնիւ աղջիկն այլ ընծայեց ի կնութիւն նորընտիր թագաւորին Հայոց. թագաւորն այլ այս բանիս փոխարէն` զաներն ընտրեց իրեն Թագադիր, եւ երկրորդ թագաւորութեան. միանգամայն եւ Ասպէտ, այսինքն Հայոց ձիաւոր զօրաց գլուխ, որ ըսել է գրեթէ բոլոր բանակի սպարապետ, եւ առանձինն արեւմտեան զօրագնդին (11 կամ 21, 000 զօրաց) գլուխ: Այսպէս մէկ գործով, հրէական աչալրջութեամբ եւ շողոքորթութեամբ` Հայոց հին եւ նոր տոհմից մէջ առաջնութիւնը առաւ Բագրատունին, ամենէն ազնիւ եւ մեծիշխան սեպուեցաւ: Այս պատիւս եւ իշխանութիւնս ժառանգական մնաց իր տոհմին մէջ ինչուան ետքը. թէ եւ քիչ մը ժամանակ` ոմանք յազգապետացն զրկուեցան, (մեր թագաւորաց անհաւանութեամբն, կամ, ստիպելովն կուռք պաշտել). բայց այն իրենց ազգին ճկուն բարքն եւ յօժարամտութիւնն ի ծառայել, միշտ իրենց տէրանց սիրտը կու շահէր. եւ կ՚երեւի թէ Հայկազանց ժամանակ այլ մեծ պատիւ ունէին, եւ հաւանօրէն նոյնպէս արեւմտից կողմնապետ էին: Մեծին Տրդատայ եւ իր թոռանց գահակարգութեանց մէջ այլ` յետ Հայկազանց եւ Պարթեւաց թագաւորական տոհմից` առաջին գահն էր Բագրատունեաց կամ Ասպետաց. նոյնպէս գրուած էր Արշակունեաց թագաւորութենէն վերջն այլ Պարսից գահնամակին մէջ. միայն այս ատեն Սիւնին առաջին դրուեցաւ ի պատճառս մարզպանութեան Վասակայ: Արշակունեաց վերջին թագաւորաց հետ խնամութիւն այլ ընելով Բագրատունիք` այլ աւելի ազնիւ եւ նախապատիւ եղան:

Պատուոյն հետ Բագրատունեաց սահմաններն այլ ընդարձակեցան. եւ այն հալածող Արշամայ ատեն իսկ բնակեցան ոմանք յԱյրարատ թագաւորական նահանգին մէջ, ուր եւ առաջին դարուն ետքերն Արտաշէս Ա իր խնամակալ բազմարդիւն սպարապետին Այրաքաջ Սմբատայ` տուաւ Կոգովիտ գաւառքը, Այրարատ լերանց ստորոտը, ուր շինեց նա զԲագարան աւանն. յետոյ շինեցաւ Դարոյնք բերդաւանն, եւ եղաւ իշխանանիստ եւ գերեզմանատուն Բագրատունեաց, զոր իբրեւ տուն եւ քնարան նախնեաց` պատուէին ազգապետքն ինչուան ի Ժ դար Քրիստոսի, եւ դեռ ոմանք հոն թաղուէին: - Ը դարուն վերջերը` մեր մեծ Աշոտոյ պապն` Արշարունեաց երկիրը` կամ Երասխաձորը` գնեց ի Կամսարականաց, Շիրակայ հետ, որ քիչ ատենէն իրենց ցեղին թագաւորաբնակ տեղն եղաւ: Տարօնոյ երկրին այլ կ՚իշխէին Բագրատունիք նոյն ատեն, բայց ինչ կերպով զանիկայ ի Մամիկոնէից առնուլն` մեզի յայտնի չէ: Անկէ այլ հեռու, Մոկաց երկրին իշխանն այլ` Բագրատունի էր այս ժամանակներս (Թ դարու մէջ). ըսել է որ Հայաստանի միջին ազնուագոյն այրարատեան թագաւորական երկիրները` եւ մասամբ հարաւային Հայք այլ քիչ քիչ Բագրատունեաց ձեռքն անցան: Բայց այսչափ միայն չէ. հապա մնացեալ արեւելեան երկու մեծ աշխարհաց կամ ցեղից, այսինքն Արծրունեաց եւ Սիւնեաց հետ այլ խնամենալով` կերպով մը անոնց վրայ այլ նախերիցութիւն ունէին Բագրատունիք, գոնէ մեր Աշոտն, որ այն երկու մեծապատիւ ցեղից ազգապետաց տներ եւ հայագիր էր: Իսկ հիւսիսային Հայոց եւ սահմանակցաց, գրեթէ ծայրէ ծայր Սեւ ծովուն եզերքէն ինչուան Կազբից ծովուն եզերքը` հայ ու վրալեզու մեծ իշխանք եւ թագաւորք` ի Բագրատունեաց էին Թ – ԺԲ դարուց մէջ. սկսեալ ի Համշէնու ու Սպերու երկրէն, (որ Բագրատունեաց բնագաւառն էր ի Հայս), Տայոց տէրն` որ կիւրապաղատ կ՚ըսուէր յունական պատուով, Կղարջաց եւ Գուգարաց տեարքն, Ափխազաց կամ Եգերաց թագաւորն, Վրաց թագաւորն, Կախեթոյ թագաւորն, Ձորոյ գետոյ եւ Աղուանից ըսուած թագաւորք, եւ թագաւորքն Հայոց: Վրալեզու Բագրատունի իշխանաց սկիզբն եղաւ յ՚Ը դարու, ի Հայոց հոն անցնելով ոմանց, թէ եւ Վիրք չեն ուզեր ընդունիլ զայս, եւ կ՚աւանդեն թէ Երուսաղեմէն եկած է իրենց ցեղապետն Զ դարուն վերջերը: Իսկ արեւմտեան կողմերը` Սպերէն անդին Փոքր Հայոց մէջ այլ Աշխարհերգու (Ագշէհրօա) սահմաններուն` այս ատեններս կը տիրէր Բագրատունի մը, Գրիգոր Իշխանիկ անուն, որ Յունաց ձեռքէն ուրիշ տեղեր այլ առաւ: Այս դարերուս եւ կողմերուս պատմութիւնը քննողին` յիրաւի մեծ զարմանք պիտի բերեն այսպիսի դէպք. եւ գրեթէ ուրիշ տեղ մ՚այլ տեսնուած չէ մէկ իշխանական տոհմի մը` այսպէս լռիկ մեղմիկ այսքան ընդարձակ եւ զանազան աշխարհաց իշխանութիւններ ձեռք բերելն` առանց բռնակալութեան. եւ կու ստիպուի հաւատալ մարգարէութեան Խորենացւոյ, ինչպէս ինքն այլ կու հաւտար Աստուծոյ առ Աբրահամ ըսածին. «Եւ Բագրատունւոյդ ասեմ, յիշելով զբան իւր (Աստուծոյ), եթէ թագաւորք ազգաց ի քէն ելցեն, եւ թագաւորէք ի Դուին»:

Դառնալով նորէն իրենց իշխանական պայազատութեան, Արշակունեաց տէրութեան վերջերը` ըստ հին սովորութեան` իրենցմէ էր սպարապետն Հայոց. որ երբ մեռաւ, Ս. Սահակ հայրապետն` իր դստեր խնդրանօք` անոր որդին իր թոռը Մամիկոնեան իշխանը (զՄեծն Վարդան) դրաւ. բայց յետ նահատակութեան նորա` իր յաջորդն Վահան եւ ուխտապահ նախարարք` Բագրատունեաց գլխաւորին` Սահակայ ասպետի տուին Հայոց ազգապետութիւնը, որ այն ատեն կ՚ըսուէր Մարզպան: Անկէ ետեւ դար (Զ դար), դար Պարսից եւ Յունաց հակառակութեան, Բագրատունիք գրեթէ չեն յիշուիր պատմութեան մէջ, այլ աւելի Մամիկոնեանք եւ ուրիշ ցեղերէ նախիշխանք. բայց նոյն դարուն վերջը Սմբատ Բազմայաղթ` նորէն կու կանգնէ ցեղին անունը եւ փառքը, գրեթէ թագաւորական պատիւ գտնելով Պասից արքային շնորհքով, վասն քաջութեանց իւրոց, եւ Վրկանայ մարզպան կ՚ըլլայ, Հայոց մէջ այլ իբրեւ նախիշխան. որուն նոյն պատուով յաջորդեցին` որդին Վարազտիրոց, եւ թոռն Սմբատ, մինչեւ ի կէս Է դարու, յորում Սրաբացիք վերուցին Պարսից Սասանեաց թագաւորութիւնը, եւ մտան ի Հայաստան: Հոս այլ Բագրատունեաց ազգապետն եւ Հայոց նախիշխանն Սմբատ` իր նախնեաց քաղաքագիտութիւնը բանեցընելով` կամովի հնազանդեցաւ Արաբաց անդիմակաց իշխանութեան, եւ մնաց իր պատուին մէջ. այս քաղաքագիտութիւնս բանեցուցին իր յաջորդքն այլ, մեծաւ մասամբ, ինչուան մեր Աշոտն այլ, եւ այնպէս յաջողեցան զՀայաստան ի խաղաղութեան պահել եւ զիրենք յիշխանութեան, հաճութեամբ թէ ազգին եւ թէ ամիրապետաց, իսկ երբ մէկ կամ մէկայլ կողմէն տհաճութիւն եղաւ` Հայաստան գրեթէ միշտ վնասուեցաւ: Մէկ խօսքով եւ տեսութեամբ, յետ վերցուելու Հայոց ինքնագլխութեան` Արշակունեաց թագովը, ազգային բաղդն կամ վարչութիւնն սահմանուաթ կ՚երեւի ի ձեռս Բագրատունեաց մինչեւ ց՚ԺԲ դար, կամ 800 տարուան միջոց, յորում իբրեւ դար մի միայն Մամիկոնեանք փայլեցան:

Վերոյիշեալ բազմայաղթ Սմբատէն սկսեալ (Զ դարուն վերջէն) ինչուան ի Մեծն մեր Աշոտ ի կէս Թ դարու, 260 տարի, գրեթէ անընդհատ կը յիշուին Բագրատունեաց գլխաւորքն իբրեւ տասն ազգ, Հայոց իշխանապետի եւ սպարապետի պատուով. յԱշոտոյ Մեծէն այլ սկսեալ` 200 տարի` այլ աւելի պատուով` իբրեւ նախիշխան եւ թագաւոր Հայոց կու տեւէ պայազատութիւնն, անկէ այլ ետեւ դարձեալ 200 տարւոյ չափ` ցեղին պայազատութիւնն կու մնայ փոքր թագաւորութեանց մէջ (ց՚կէս ԺԳ դարու): Իսկ Վրաց եւ Իմէրէթի մէջ ինչուան այս դարուս սկիզբն կար Բագրատունի թագաւորութիւն, եւ ինչուան այս օրս թագաւորական սերունդք եւ իշխանազունք Բագրատունիք, որ Ռուսաց կայսրութեան մէջ` արքայազանց եւ զօրապետաց պատիւ եւ իշխանութիւն ունին հիմա այլ եւ Եւրոպայի, գուցէ բոլոր աշխարհիս ազնուական տոհմից մէջ ամենէն հնագոյնն եւ ազնուագոյնն է Բագրատունեաց ցեղն` 2, 500 տարուան հնութեամբ (կամ 3, 000 ըստ Վրաց, հանելով մինչ ի Դաւիթ մարգարէ):

Հայոց աշխարհին եւ ազգին ճակատագիր մ՚եղած է իր մէջ բաժանեալ ըլլալն քաղաքական վարչութեամբ, յետ վերցուելու ինքնագլխութեանն (Արշակունեաց), կէսն Յունաց եւ կէսն Պարսից ձեռք ընկնալով. որոց յաջորդ կամ ժառանգ եղան ինչուան անցեալ դարուն վերջն` Օսմանեանք եւ նոր Պարսք` յետ Արաբացւոց. իսկ այս դարուս` հիւսիսային հզօր ազգ մ՚այլ (Ռուս) այն երկուքին բաժնէն մեծ մեծ մասեր առնելով` երրորդապետ եղաւ Հայոց. հանդերձ Վրաց աշխարհին տիրանալովն, որուն միացած էր մեր աշխարհին մէկ մասն այլ: Յունաց բաժինն` նախ արեւմտեան Հայք, քիչ մ՚այլ հիւսիսային եւ հարաւային գաւառներն էին, Կարին, Բասեն, Երզընկա, Չմշկածագ, Խարբերդ, Արզնի, Նփրկերտ, Ամդայ կողմերն, եւ բոլոր Փոքր Հայք, եւ Եփրատայ աջ կամ արեւմտեան կողմն եղած աշխարհները. որք ատեն ատեն կերպ կերպ բաժնուեցան քաղաքական կամ աշխարհագրական օրինօք, եւ Յոյն կամ Հայ իշխանաց յանձնուեցան. իսկ Մեծ Հայոց մասին վրայ սովորաբար տեղացի իշխաններ կու դրուէին, մէկ գլխաւորի մը երաշխաւորութեան տակ, որ զանազան պատուոյ անուն եւ աստիճան կ՚ունենար, ինչպէս` կոմս, ստրատելատ, պատրիկ, կիւրապալատ, պրոտոսպաթար, նոպիլիսսիմուս, ապիհիւպատ, եւ այլն: Զորաւոր կայսերաց ժամանակ` ինչպէս էին Յուստինիանոս, Մօրիկ, Հերակլ, եւ այլն, բաւական հանգիստ եւ հնազանդ էին արեւմտեայ Հայք, եւ կայսերութեան մեծամեծ պաշտամանց եւ արքունեաց մէջ յառաջադէմ. իսկ տկար եւ մոլի կայսերաց ատեն` շատ հեղ տժգոհ եւ ապստամբ, եւ երբ Արաբացիք տիրեցին արեւելեայց, երբեմն ուզեցին ասոնց` քան Յունաց ներքեւ մնալ, թերեւս ազգին միութեանն այլ փափագելով, յորում ըստ կրօնից այլ զանազանութիւն մտեր էր. յունակողմանք կաթողիկոսին իշխանութենէն ելնելով, քիչ անգամ նաեւ առանձին կաթողիկոս այլ ունենալով, բայց աւելի` առանձին եպիսկոպոսներ` իբրեւ ի թեմի Յունաց պատրիարքաց կու սեպուէին: Քիչ մը մերայոց կամօքն, քիչ մը Յունաց թուլութեամբ: Արաբաց բռնութիւնն` Է եւ Ը դարուց մէջ գրեթէ բոլոր Մեծ Հայոց տիրեց, եւ ոչ միայն Դունայ մէջ նստաւ ոստիկան, իբրեւ վերակացու եւ հարկահան Հայոց, այլ եւ Էրզիռումի, Կամախի, Խարբերդու, եւ հարաւային Հայոց կողմերը զանազան ամիրաներ եւ հարկահաններ գրուեցան. ինչպէս յԱրզն, Նփրկերտ, Մանազկերտ, Խլաթ, Նախիջեւան, Պարտու, եւ այլն. որոնց հետ երբեմն Յոյնք կու պատերազմէին, քիչ հեղ եւ յաղթէին: Իսկ այս ժամանակիս, Աշոտոյ երիտասարդութեան ատեն` Թէոփիլոս կայսրն բաւական զօրացաւ եւ շատ տեղ առաւ Արաբացւոց ձեռքէն, բայց վերջապէս հաշտութիւն ընելով յետ քաշուեցաւ. իր յաջորդ Միքէլին ատեն (842-867) Մեծ Հայք գրեթէ բոլոր Յունաց ձեռքէն ելնելով` կամ Արաբացի ամիրայից կամ բնիկ իշխանաց կեռք մնացին, ինչուան որ Վասիլ Մակեդոնացի կամ Արշակունի թագաւորեց 20 տարի (867-886) եւ բաւական զօրութեամբ եւ փառքով կայսերութիւնը կանգնեց:

Այս անձը հարկաւոր է քիչ մ՚աւելի ճանչնալ թէ Աշոտոյ ժամանակակից ըլլալուն, թէ հայազգի ըլլալուն եւ թէ գործոցն համար: Այս ատեն Յունաց եւ Հայոց մէջ քանի մը տեսութեամբք իրարու նման երկու իշխանապետ եւ երկու հայրապետ եղան, եւ իրարու հետ գործակցութիւն այլ ունեցան, Վասիլ եւ Աշոտ (857-886), Փոտ եւ Զաքարիա (854-875): Վասիլ` ըստ ոմանց մեր պատմչաց` Տրաօնոյ կողմերէն էր, բայց հաւանօրէն էր ի Մակեդոնիոյ, եւ ի հօրէ կամ ի մօրէ Արշակունի Հայերէն, զոր կայսերքն Յունաց այն կողմերը բնակեցուցեր էին: Յոյնք շատ զարմանալի բաներ կու պատմեն ասոր ծնընդեան, տղայութեան, ուժին եւ քաջութեանց վրայ, եւ կայսր ըլլալու գուշակութեանց, ստոյգն այս է` որ աղէկ կրթուած, կտրիճ, զգոն եւ բարեպաշտ մարդ էր, եւ խելքով ու քաջութեամբ յառաջացաւ, ինչուան յարքունիս. բայց անզգամ եւ մոլի կայսեր մը պաշտօնեայ ըլլալով` ստիպուեցաւ երբեմն անոր կամաց եւ գործոցն այլ հետեւիլ, որ իր համբաւոյն մեծ աղտ է. զոր եւ աւելցուց` զկայսրը սպաննելով եւ քանի մը ուրիշ սպանութեամբք այլ: Բայց յետոյ արդարասէր կառավարութեամբ, յաղթութեամբք, շինութեամբք, գեղեցիկ օրինօք եւ գրաւոր խրատուք այլ` նշանաւոր կայսերաց մէկն եղաւ: Գլխաւոր գործոց մէկն այլ է` Փոքր Հայոց մէջ բռնացած Պօլիկեան կամ Մանիքեցի աղանդաւորները ջնջելն, հետերնին անձամբ պատերազմելով եւ ուրիշ զօրավարօք, որովհետեւ թշնամիքն այլ զէնք կու գործածէին: Մէկ նշանաւոր դէպքն այլ եղաւ Փոտայ հետ յարաբերութիւնն: Այս անձին ծանօթութիւնն այլ հարկաւոր է մեզի. Վասլի նախորդ Գինով Միքայէլին ատեն, իր քեռին Վարդ` ուզածին պէս կու կառավարէր զնա եւ տէրութիւնը, հանդերձ անկարգութեամբք եւ զեղխութեամբ. որոյ համար յանդիմանուելով ի Մ. Իգնատիոս հայրապետէն Կ. Պօլսի` ոխացաւ, եւ աթոռէն ձգելով` աքսորել տուաւ. անկէ աւելի անակնկալ կերպով` տեղը դրաւ իր խնամիներէն մէկը, որ տէրութեան դիւանապետն էր, եւ ժամանակն ամենահմուտ անձն եւ ճարտար գրիչն կու սեպէր. զոր եւ աշխարհական վիճակէն` չորս օրուան մէջ բարձրացուց ի գահ պատրիարքութեան Կ. Պօլսոյ, յամին 857. այս էր Փոտ: Ասոր նման եւ ասկէ շուտ` երկու տարի առաջ այլ ի Հայս, Զաքարիա` իր արժանեաց եւ գիտութեան համար` մի եւ նոյն օրուան մէջ յաշխարհական վիճակէն բարձրացաւ ինչուան ի ձեռնադրութիւն կաթուղիկոսութեան Հայոց. որ եւ Յովհաննէս իմաստասիրէն ետեւ (728) առաջին մատենագիր եւ ժողովարար հայրապետն է: Այս երկու զուգակցաց մէջ` որչափ որ Աշոտ վեհագոյն կ՚երեւի քան զՎասիլ անարատ քաղաքավարութեամբը, այնպէս Զաքարիա քան զՓոտ. ետինքս գիտութեամբն անհամեմատ վերագոյն էր քան զմեր հայրապետն, իսկ խորամանկութեան գործովքն անհամեմատ վար քան զաթոռն` յոր նստաւ բռնութեամբ: Շատ զարմանալի է` որ Փոտ ջանաց Հայոց եւ Յունաց եկեղեցւոյն միութիւնը հաստատել ուղղափառապէս, յետոյ իր եկեղեցին զատեց ընդհանրական եկեղեցւոյ միութենէն: Յայտնի են բազմաց իր գործքերն, զոր չկրցաւ առաջ տանիլ Վասլի ատեն, որ ի թագաւորելն` վռնտեց զնա յաթոռոյ եւ դարձուց զՍ. Իգնատիոս. բայց երբ սա վախճանեցաւ (878), Փոտ խորամանկութեամբ շահեցաւ զսիրտ Վասլի. որ թերեւս իր սպանութեամբ ի կայսրութիւն ելնելուն վրայ միշտ վախնալով, կ՚ուզէր եւել քան զեւել համոզել ժողովուրդն իր օրինաւոր ըլլալուն, մանաւանդ իբրեւ Արշակունի ցեղին սերունդ: Այս տկար կողմը գիտնալով Փոտ` քովէն պատմութիւն մը հնարեց, հին յունարէն ձեռագրի մը մէջ գրեց հին ձեւով հին մագաղաթի վրայ, գուշակելով ի նմա թէ Արշակունեաց ցեղէն թագաւոր մը պիտի գայ այս ատեն, այս անուն, եւ այս բաներս պիտի ընէ, զոր արդէն ըրած էր Վասիլ, գիրքն այլ անոր գրատան մէջ մտուց` իր մէկ համախոհին ձեռքով, որ եւ հաւատացուց կայսեր, թէ զայն կարդալու եւ մեկնելու համար` Փոտէն յարմար մարդ չկայ: Դարձաւ Փոտ յաքսորանքէն կարդաց իր մարգարէութիւնը, ինքն իրեն մեկնիչ ըլլալով. իմացուց որ այն գրուածը բոլորովին յարմար էր Վասլի, ինքն էր գուշակեալ Արշակունին` Հայոց թագաւորաց ցեղէն, որք պայազատելու ատեն` թագը կ՚առնուին Բագրատունեաց նահապետէն. Վասիլ այլ գոհութեամբ կատարեց այս բանս, ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք. եւ Փոտ նորէն նստաւ յաթոռ հայրապետութեան, ինչուան որ մեռաւ Վասիլ. բայց որդին` Լեւոն Իմաստասէր` մէկէն ձգեց զՓոտ յաթոռոյն, եւ աքսորեց Հայոց վանք մը, ուր եւ մեռաւ (891):

Յունաց կայսրութեան եւ Հայոց յարաբերութեան վիճակը իմանալնէս ետեւ, դառնանք Արաբացւոց ամիրապետութեան, որք քաղաքականօրէն աւելի առընչութիւն ունեցան ընդ Հայոց. եւ իրենց դենպետին (Մահմէտի) մահուընէն քիչ տարի ետեւ` մտան ի Հայս. ուր Պարսից բռնութիւնն տկարանալէն ետեւ` կայսերք աւելի ջանային տարածել իշխանութիւննին, հանդերձ եկեղեցական վարդապետութեամբք: Այս բանիս տհաճելով ժամանակին քանի մի գլխաւոր եւ զօրաւոր Հայ իշխանք, երբ յանկարծ նոր եւ զօրաւոր թշնամի մ՚այլ տեսան (զԱրաբացիս), նախ մէկ մը զէնքերնին ասոնց վրայ փորձեցին, բայց յետ անօգուտ քաջութեանց եւ յետ կշռելու թշնամւոյն ոյժը` յանձն առին հնազանդելու. ընդունեցան անոնց ոստիկանը, եւ իրենց մէջէն իշխանապետ կամ հոգաբարձու մը. այսպէս ըրաւ Սմբատ Բագրատունին այլ` թոռն Սմբատայ Բազմայաղթի: Յոյնք շատ ջանացին բայց չկարցան վռնտել զԱրաբացիս եւ նուաճել զՀայս. մերոնք ինչուան Է դարուն վերջը բաւական հանդարտ մնացին ոստիկանաց իշխանութեան տակ. բայց Ը դարուն սկիզբն` անզգամ եւ ագահ հրամանատարք սկսան չարաչար նեղել զՀայս, ասոնք այլ զայրացեալ` ջարդ մը տուին Արաբացւոց (ի Վարդանակերտ), որ մեր պատմութեան մէջ նշանաւոր դէպք եւ թուական մ՚եղաւ, ինչպէս որ Արաբացիք այլ քիչ մ՚ետքը (705) խորամանկութեամբ աւելի մեծ վնաս հասուցին Հայոց, գլխաւոր իշխանները այրելով Նախջեւանի եւ Խրամայ եկեղեցեաց մէջ, ուր ժողովեր էին` իբր դաշինք դնելու պատճառաւ, եւ այս տարին այլ Արաբացւոց պատմութեան մէջ անուանի եղաւ Կրակի տարի ըսուելով. ապած իշխաններէն եւ անոնց զաւակներէն շատն ալ բռնեցին` ամիրապետին խաւրեցին. եւ տասն տարի նեղելէն ետեւ թէ զանոնք թէ մեր աշխարհը, գերեալները դարձուցին եւ դիւրութիւն ըրին, քառասուն տարւոյ չափ, Յունաց եւ Հոնաց հետ պատերազմի զբաղելով: Այս ատեն բագրատունիք նորէն սկսան պայծառանալ եւ Աշոտ պատրիկ իշխանապետ եղաւ (733). դժբաղդաբար Մամիկոնեան իշխանք նախանձելով ջանացան անոր տեղ անցնիլ, եւ վերջապէս անարգ կերպով եւ պժգալի գործով մը զրկեցին զԱշոտ (749): Ամիրապետն լսելով Հայոց խլրտումը խաւրեց զեղբայրը` Աբդլլա (750), որ հանդարտեցուց եւ դրաւ իշխանապետ զՍահակ (753) հօրեղբայրն Աշոտոյ, որուն յաջորդեց որդին Աշոտ. իսկ անոր հօրեղբօրորդւոյն` Աշոտ պատրկին` յաջորդեց իր որդին Սմբատ` իբրեւ սպարապետ Հայոց: Քանի մը տարի հանդարտութենէ վերջը` շուտ շուտ ոստիկաններ փոխուելով ի Հայս, ամենքն այլ կու ջանային անկէ բան մը փրցընել, աւարով դառնալ, կեղեքէին կողոպտէին. բնականապէս Հայք այլ նեղեալ յուսահատեալ` ոմանք փախչիլ մտածեցին, ոմանք այլ բռնութեամբ բռնութիւնը վանել. ասանկ մեծ գործոյ համար դիւրին էր տարաձայնիլ եւ երկու բաժնուիլ. ինչուան Աշոտ իշխանապետն եւ Սմբատ սպարապետն իրարմէ զատուեցան կարծեօք. Սմբատ ապստամբողաց կողը բռնեց, Աշոտ ձեռքը քաշեց եւ առանց մատնելու հայրենիքը` հաւատարմութիւն պահեց անոնց` ուսկից իշխանապետ դրուած էր: Այս գործս ինչպէս առաջ գնաց եւ ինչ վերջ ունեցաւ, դու պէտք է յիշես, Հայկակ. Բագրեւանդայ բլրոց վրայ ժուռ գալուդ` պատմեր եմ քեզի: Այս գեղեցիկ ծաղկաւէտ հովտաց արեամբ ներկելէն ետեւ, նորէն ոստիկան եղաւ Եէզիտ Իպն – Իւսէիտ, որ քսաներկու տարի առաջ Աբդլլայի հրամանաւ`զՍահակ իշխանապետ դրեր էր, եւ երկրորդ անգամ խաղաղացուց զՀայս. Բագրեւանդայ կռուոյն մէջ ընկած Սմբատայ տեղ` անոր որդին Աշոտ Մսակերը կարգելով սպարապետ. որ օրինաւոր իշխանութեան հպատակ, բայց անօրէն զրկողաց գլխահար էր. եւ քանի մը Արաբացի բռնաւոր զօրավարներ ու զօրագունդեր ջարդեց. որք իր երկար իշխանութեան ատեն` (776-819) Հայաստանի զանազան կողմերը շատ աւար ու աւեր կ՚ընէին. ասոնցմէ էին երկու Խազմ կամ Խուզիմա, հայր եւ որդի, մէկն նահատակիչ հարազատ Արծրունի եղբարց` Ս. Սահակայ եւ Համազասպայ` (յամին 785), միւսն նահատակիչ Ս. Սահակայ եւ Յովսեփայ (յամին 801): Նոյն ատեններն Ջահապ անուն ամիրայ մ՚այլ` Արծրունեաց ուրացող Մեհրուժան իշխանին փեսայացեալ` ի Դուին բռնացեր, եւ Արշարունեաց գաւառին մէկ մասին այլ տիրէր, (որ Բագրատունեաց սեպհական էր, ) աւելի այլ առաջ գալ կ՚ուզէր. Աշոտ` իր Շապուհ եղբօրը օգնութեամբ վռնտեց անոր զօրքօ, եւ տիրեց ուրիշ կողմերէն զատ` Շիրակայ գաւառին այլ, ուր Անի բերդը ամրացուց եւ ընտանիքը հոն դրաւ, որ յետոյ իր ցեղին թագաւորանիստ քաղաք եղաւ: Քանի մը տարի վերջը նորէն Ջահապեանք ելան 5000 զօրոք յարձըկելու ի Տարօն, ուր միւս Բագրատունի Աշոտն կ՚իշխէր. Աշոտ Մսակեր 500 մարդով վրանին հասաւ` 3000ը ջարդեց, մնացեալը ցրուեց. եղբայրն այլ Դըւնայ վրայ յարձակեցաւ, եւ քաղաքն առին: Ասոնց վրէժն ուզեց առնուլ Հօլ ոստիկանն, որուն 4000 զօրաց դէմ ելաւ Սմբատ Տարօնոյ իշխանն (որդի Աշոտոյ իշխանապետին) 500 մարդով, օգնութեամբ Սիւնեաց իշխանին. բայց երկուքն այլ մեռան պատերազմին մէջ (819-20): Նոյն ատեն Սեւադա Ջահապեանն այլ Աշոտ Մսակերի եւ Շապհոյ հետ կը կռուէր. այս պատերազմիս մէջ ընկաւ քաջն Շապուհ. իսկ եղբայրն` սպարապետն` յետ երկու տարւոյ խաղաղութեամբ կեանքը կնքեց, եւ տեղն անցաւ (820) Սմբատ Ապլ - Աբաս Խոստովանող, հայր մեր Աշոտ թագաւորին, որ Սեւադայի հետ հաշտութիւն ըրաւ, եւ հաստատեցաւ իր սպաապետութեան պատուոյն մէջ:

Այս ատեններս ամիրապետաց տիրապետութիւնն սկսեր էր տկարանալ, պատճառաւ իրենց զեղծմանց, եւ անկիրթ Թուրքերը ընտրելու իրենց պաշտօնեայ եւ պահապան. կամաց կամաց զօրաւոր իշխանք սկսան գլուխ քաշել: Ոստիկանաց բռնութիւնն այլ տկարացաւ ի Հայս. Մուդասսէմ ամիրապետն վախնալով որ Հայք բոլորովին չմիաբանին Յունաց հետ, Հօլէն սպանուած Սմբատ իշխանապետին որդին` Բագաատը` իր հօրը տեղ դրաւ տէր Տարօնոյ եւ իշխանաց Հայոց (839). զոր եւ իր յաջորդ խալիփայն (Վաթէք –Պիլլահ) հաստատեց նոյն պատուոյն մէջ (843): Այսպէս ասոր իշխանապետութեան եւ Սմբատայ սպարապետութեան ատեն երեսուն տարւոյ չափ, մինչեւ ցկէս Թ դարու, բաւական վրայ եկան Հայոց իշխանք եւ սկսան ակնածելի ըլլալ ամիրապետաց. ոք թոյլ տուին անոնց, ինչուան որ մէկ կողմէն Յունաց հետ հաշտութիւն ըրին (840), մէկ այլ կողմէն իրենց տեղ` դրդեցին Փոքր Հայոց Պօլիկեանները Յունաց դէմ, որ քսան եւ հինգ տարի աշխատցուցին Լեւոնի եւ Վասլի զօրավարները եւ զնոյն ինքն Վասիլ (848 – 873), եւ ամիրապետն ապահովցուցին այլ կողմանէ:

Այսպէս քիչ մը դրսէն խաղաղեալ, ամիրապետք ուժերնին մարելու ատեն` վերջին եւ ահեղ փորձ մ՚ըրին Հայոց նոր ածարծած ոյժն այլ բոլորովին մարելու. յիրաւի մեծ խաւար հասաւ Հայոց, բայց այս վտանգէն ելաւ առաջինէն պայծառ լոյս մը:

Վերը յիշեցինք որ խալիփայից վարչութեան շփոթութեան եւ անկարգութեան պատճառն այլ էին իրենց նորընտիր Թուրք օգնականները. ասոնք Թաթարստանի կողմերը պատերազմի մէջ բռնուած կտրիճներ էին, զոր խալիփայք իրենց թիկնապահ ըրին, վրանին վստահանալով, եւ ոչ միայն զինուորութեան` այլ եւ արքունեաց մէջ վերակացութեան եւ պաշտօններուն հասուցին յաջողները: Ասոնք այնքան համարձակեցան, մինչեւ երբ Վաթէք խալիփայն մեռաւ (847), իրենք նստուցին յաջորդ անոր եղբայրը Մոդավվէքէլ-Ճեաֆար (զոր մեր պատմիչք Ջափր կոչեն), իրարու արժանի ընտրողքն եւ ընտրեալըն. մէկն անօրէն անգութ բռնութեամբն, մէկալոնք անոր յարմար գործիք, այնչափ այլ յարմար, որ յետ 15 տարւոյ` անոր որդւոյն հետ միաբանած` սպաննեցին զնա: Ճեաֆար անգթութեամբն` խալիփայից Ներոնն ըսուեցաւ, արքունեաց մէջ, վերոյիշեալ պահապաններէն զատ, չորքոտանի վայրենի գազաններ այլ ազատ թողուցեր էր` որ յանկարծ իր պաշտօնէից դիմաց կ՚ելնէին, եւ կամ լեղապատառ կամ մարմնապատ կ՚ընէին, բայց տեսնելով որ անոնք կ՚ուշանան, որ մը բոլոր մեծամեծները մէկ տեղ ժողովեց, եւ իր թիկնապահաց գլուխ կենալով ` զամենքն այլ թրէ անցուց: Այսպէս իր մերձաւորները պատռող մը հեռաւոր հպատակաց վրայ ի՞նչ գութ կրնար ունենալ: - Առիթն եւ դէպքն լաւ կ՚իմացնեն, եւ հարկ է աղետալի պատկեր մ՚այլ տեսնենք մեր աշխարհին մէջ, որ մեր Աշոտոյ պատկերը լաւ մը լուսաւորէ, թէ եւ նոյն իսկ այն սեւանըկար պատկերն այլ իր լուսափայլ կողմերն ունի:

Ջափը ամիրապետութեան աթոռը նստելէն քիչ ետքը (848) Հայաստանի ոստիկան խաւրեց զԱպուսէթ-Մուհամմէտ-Էլ–Քուֆի ըսուածն, երբ Բագարատ իշխանապետ էր ի Տարոն, որ եւ խորագիտութեամբ կանխելով քան զԱպուսէթ` անոր առջեւ խաւրեց իր մեծամեծներէն մէկ քանին ծանր եւ ազնիւ ընծաներով, եւ յորդորեց որ չաշխատի առաջ գալու, եթէ միտքն հարկերը ժողովել էր, ինչպէս որ կ՚իմացընէր. նա այլ դիտելով եւ իմանալով որ Բագրատայ քով բաւական ոյժ եւ օգնական կայ (Արծրունեաց հետ դաշնակցութեամբն), գոհութիւն ցըցուց եւ հարկերը առնըլով հանդերձ ընծայիւք առ խալիփայն` յետ դարձաւ, եւ յաջորդ տարուան հարկապահանջութիւնը յանձնեց Արզն (Խարզան) նահանգին կուսակալին որ կ՚ըսուէր Մուսէ-Իպն-Զորահաս: Ինքն դարձաւ առ Ջափր, եւ բերանով ամբաստանելէն զատ` իրաւ կամ սուտ թղթեր այլ տուաւ, այն կողմերու ամիրաներէն գրուած` ընդդէմ Բագարատայ եւ Աշոտոյ Արծրունեաց նահապետի: Ոչ միայն Ջափրայ հաճոյ էր այս ամբաստանութիւնս, այլ եւ Մուսէին, որ արդէն Բագրատայ թշնամի էր սահմանակցութեամբն, եւ հիմայ Հայոց հարկապահանջ ըլլալով` սկսաւ խրոխտալ, հարկը ժողովելու անուամբ, բայց իրոք վրէժ առնըլու: Ձմեռ ատեն (849) յանկարծ բազմութեամբ զօրաց մտաւ ի Տարոն, եւ Բագրատայ ձմերոց քաղաքը (Մուշ) պաշարեց. Բագրատ շուտով աղաչաւոր դեսպան խաւրեց Աշոտոյ Արծրունեաց նահապետին, որ իր տոհմայնոց եւ ազատազգի պաշտօնէից ձայն տալով` վաթսուն եւ աւելի իշխան ժողովեցան, գնացին ի Տարոն, երբ Բագրատ ստիպուած էր Մուսէի դէմ մինակ ելնելու, յարմար ատենին հասնելով` զարկին ցրուեցին զօրքերը, բանակը կողոպտեցին: Մուսէ ամօթով տեղը դառնալով նոր ամբաստանութիւն գրեց խալիփային. այնպէս այլ Արծրունեաց երկիրը գնացող հարկահանք, որ իրենց անիրաւութեան համար վռնտուած էին յԱշոտոյ եւ պատերազմելով յաղթուած (849-50): Այսչափ լուրեր բաւականէն շատ էին Ջափրի` չարաչար պատժելու զՀայս, եւ պատժողն այլ ի հարկէ կու վայլէր որ ըլլար Ապուսէթ, որ ինքնին այնչափ կու փափագրէր վրէժխնդրութեան` որ արտորնօք Հայաստան վազելու ատեն` ճաթեցաւ Ասորւոց կողմերը, եւ տեղը դրուեցաւ (851) իր որդին Եուսուֆ: Ամիրապետն` ասոր կտրիճ ձիաւոր զօրաց գունդ մը տուաւ, եւ խոստացաւ այլ` որ եթէ նուաճէ զՀայս` ժառանգութեամբ իր ցեղին թողու անոր ոստիկանութիւնը: Եուսուֆ մեծ պատրաստութեամբ եւ յուսով կոխեց նախ Աշոտոյ երկիրը, եւ անոր մօրն աղաչանօք` միայն պատանդներ առնելով` ելաւ անկէ եւ եկաւ ի Խլաթ. հոն կանչեց գրով զԲագրատ իշխանապետն` խոստանալով զինքը իրեն տեղ վերակացու դնելու, վասն զի այս երկրին ցուրտը` ինծի շատ վնաս կ՚ընէ կ՚ըսէր, եւ չեմ կրնար հոս ուշանալ: Բագրատ խաբուելով եկաւ իր մեծերով եւ եկեղեցականօք, ամենքն այլ ընկան յորոգայթ եւ յերկաթի կապանս, եւ զրկուեցան առ ամիրապետն, իսկ Եուսուֆ փութացաւ տիրեց Տարօնոյ, բոլոր երկիը տակնուվրայ ըրաւ, եւ ժողովըրդեան կէսը փախուց, կէսն գերի ըրաւ որ տանի յԱսորեստան, առ ժամն պահելով ի Մուշ` ուր ձմեռը կ՚անցունէր, սպասելով գարնան` որ Տարօնոյ հարաւակողմի լեռնայնոց վրայ յարձկի, որք են Սասունցիք եւ Խութեցիք: Բայց անոնք իրմէ շուտ չարժեցան, եւ նիզակնին ցցած լեռներէն վար թափեցան, պաշարեցին, առին Մուշ քաղաքը, թշնամիները ջարդեցին, գերիները արձկեցին, Արծրունեաց պատարագները, յետ դարձուցին, աւարը թալնեցին, հպարտացեալ Եուսուֆն այլ գտան` որ վախէն փախած եւ Բագարատայ շինած Մշոյ Ս. Փրկիչ հոյակապ եկեղեցւոյն գմբէթին պատին մէջ պահուըտած էր. հոն սպաննեց զնա նիզակաւոր մը:

Երբ այս անակնկալ լուրն հասաւ Ջափրի, այլ Հայաստանի բոլորովին ջնջման վճիռը տուաւ, ամէն դիէ կտրիճ պատերազմողներ կանչեց, մասնաւորապէս Արաբացի եւ Պարսիկ վարպետ աղեղնաւորներ եւ հեծեալներ, եւ մեծ զօրագունդ կազմելով յանձնեց իր գլխաւոր պաշտօնէից մէկուն, որ քաջութեամբ, խորագիտութեամբ եւ խստասրտութեամբ անուանի էր, եւ այլ աւելի հռչակեցաւ ի Հայաստան. խալիփային սիրելի պահապանաց ցեղէն էր սա, եւ կոչուէր Բուզա-էշ-Շարապի կամ Գարա-Բուղա, Էլ-Քէպիր (այսինքն Սեւ-ցուլ, Մեծ կամ գոռոզ): Իրեք չորս տարի կեցաւ ի Հայս (852-5), բայց իրմէ առաջիններուն շատ երկար տարիներու մէջ չըկրցածը` ի գլուխ տարաւ: Նխիջեւանի եւ Խրամի օրերը կերպով մը նորոգեց. նպատակն էր Հայոց ամեն իշխանաւոր, զօրաւոր անձինքը կամ սպաննել կամ գերի տանիլ, կամ հւատքէն ուրացընել. եւ ինչպէս կ՚ըսէ մեր ժամանակագրաց մէկն համառօտիւ, «Կալեալ զամենայն իշխանս եւ ազատս Հայոց` եսպան, զկէսն մարմնով եւ զկէսն հոգւով». բայց մենք կըրնանք աւելցընել թէ ոմանք հոգւով այլ մարմնով այլ ապրեցան. եւ շատ դիւրագին եւ թեթեւ չըրին Բուղայի արիւնոտ ու սեւ յաղթանակը. որ` բաց ի գերեաց, 30, 000 մարդ ջարդեց կ՚ըսեն ի Հայս, (զատ ի Վրաց), իսկ իրեններէն` այլ աւելի ջարդուեցան: Թէ մարմնաւոր քաջութեամբ եւ թէ հոգեւոր նահատակութեամբ, շատ նշանաւոր եւ անմահանալի յիշատակներ թողին Հայք այս պարագայիս. զոր ի գիր անցուցեր էր Շապուհ պատմիչն, մէկ մասն այլ կու պատմեն Յովհան կաթուղիկոս եւ Թոմա արծրունի. որոց գլխաւոր դէպքերը միայն համառօտիւ յիշեմ, որ լաւ իմացուի Հայաստանի վիճակը Աշոտոյ ատեն: Բուղա` Բաղէշ կողմերէն մտաւ ի Հայս, եւ գնաց ի Խլաթ, որ շատոնց ամիրայից աթոռ էր եղած. նախ գունդ մը խաւրեց Խութեցոց վրայ, զոր շատ դժուարութեամբ հազիւ կրցան նուաճել. մեծ գունդ մ՚այլ տուաւ Ժիրաք անուն զօրավարին եւ ղրկեց Արծրունեաց վրայ. սա ինչուան որ հասաւ ի Վան` ճամբուն վրայ կրցածը աւրեց, թալնեց. իրենններէն այլ շատ մարդ կորուս: Աշոտ Արծրունին իր ազատները ժողովեց` Նկան ըսուած ամուր քարաբերդը քաշուեցաւ (ի Թոռնաւան գաւառի Երասխայ մօտ). զոր եկան պաշարեցին Ժիրաք եւ Բուղա` բոլոր իրենց գնդերովն, (որք աւելցեր էին Հայաստանի մէջ եղած ամիրայից զօրօքն այլ, եւ ամենայն պատերազմական ու պաշարման գործիք եւ նիւթ ունէին). պաշարեալքն զարհուրած Աշոտէն գաղտուկ թուղթ խաւրեցին առ Բուղա. նա այլ պահանջեց որ զԱշոտ իրեն տան եւ իրենք ապահով մնան: Աշոտ իմանալով իշխանաց վատութիւնը եւ չկարենալով վախերնին փարատել, կամայ ակամայ գնաց առ Բուղա, որ պատուով ընդունեցաւ զնա առ ժամն. ինչպէս անկէ առաջ ընդուներ էր Մոկաց տէրը, Սմբատ Բագրատունի մը. սա ամենէն առաջ ինքնակամ իրեն գալուն համար` բռնաւորին սիրտը շահեցաւ, եւ Ժիրայք բռնած գերիները յետ դարձուց. իսկ Աշոտ եւ անոր որդին Գրիգոր Դերենիկ, եւ ուրիշ գլխաւոր իշխաններ, հանդերձ տիկնամբք` իբրեւ գերի կամ պատանդ խաւրուեցան առ ամիրապետն. նոյնպէս անոր Գուրգէն եղբայրն այլ, որ Բուղայի խաւրած 15, 000 զօրքը ջարդելէն ետեւ` ինքնին եկաւ առ Բուղա. իր մայրն այլ Հռիփսիմէ տիկինն` կամաւ որդւոցը ետեւէն գնաց ի Պաղտատ:

Երբ հասան ասոնք եւ ուրիշներ այլ` առաջին բանտելոց քով, ամիրապետն զամենաքն այլ կանչեց իր ատեանը, եւ ամենայն զարհուրելի կերպարանօք եւ խօսքերովն յանդիմանեց, սպառնացաւ, մահապարտ վճռեց. միայն ազատութեան ճար` մսլիմանութիւնը ցուցընելով: Յազկերտի ատեն Վարդանանց դիպուածն հոս այլ նորոգեցաւ. եւ թէպէտ Արծրունեաց եպիսկոպոսն Յովհաննէս, որ կապելոց մէջ էր, իր կարգին յարմար պատասխան տուաւ, քրիստոնէից կրօնքը եւ պատիւը պաշտպանեց. բայց խալիփայն բարկութեամբ ատեանէն ելնելով իմացուց կապելոց` որ իր օրէնքին դէմ էր անոնց հետ վիճաբանիլ, կու մնայ որ կամ հաւատքնին ուրանան կամ սպաննուին: Արդէն Բագարատ իշխանապետն ուրացեր էր, ըսելով` թէ բռնութեամբ եւ ակամայ ուրանալն մեղք չէ. ուրիշ շատեր այլ դժբաղդաբար իրեն հետեւեցան. իսկ Յովհաննէս եպիսկոպոսն, Գրիգոր Արծրունի իշխան մը եւ Գրիգոր քահանայ մը, հաստատուն մնալով` երկաթակապ բանտեցան, ուր չորս տարիէն մեռաւ իշխանն վկայական անուամբ:

Իսկ Բուղա ի Դուին ձմերելով` հոն նահատակեց եօթն կտրիճները, որք իրենց գլխաւորին անուամբ (Ատոմ Անձեւացի) կու կոչուին, եւ նաեւ Վարդանանց ժամանակակից նոյնանուն վկաներէն զանազանելով` Երկրորդ Ատովմեանք: Այն ձմեռ չորս կողմ եղող իշխաններ` Հայ եւ Վրացի` իրենց երկրին ամրագոյն տեղուանքը քաշուեցան, ոմանք այլ եկան անձնատուր եղան, որոց մէջ գլխաւորն էր Սպարապետն Սմբատ, որ եւ ազատութիւն գտաւ իր տեղը բնակելու, եւ երբ պէտք ըլլայ բանակը գալու եւ առաջնորդելու: Գարնան (853) գնաց Բուղա Տփխիս քաղաքին վրայ, առաւ այրեց 50, 000 հոգւով: Վրաց կողմէն անցաւ Կովկասի կողմերն այլ նուաճելու, եւ եկաւ նախ Ծանարաց վրայ` որ Ալանաց եւ Վրաց մէջ տեղ բնակէին. զօրաց բազմութեանը վրայ վստահացած` սկսաւ կռուիլ. ինն ամիս` նստաւ այն տեղուանքը, տասն եւ ինն անգամ պատերազմաւ սաստկապէս, շատ մարդ կորուս, ամօթով յետ դարձաւ, մտաւ Հայ - Աղուանից երկիրը, ուր Եսայի կամ Ապու – Մուսէ Երիցու – Որդի անուամբ կտրիճ մը Արցախայ լեռնային կողմերուն կ՚իշխէ. եւ Ծանարաց քաջութենէն սիրտ առած` իրենները ժողովեց Քթիշ լերուն վրայ, եւ պատրաստեցաւ ընդդէմ Բուղայի: Բուղա հոս այլ նախ յարձակմունքով սկսաւ, յաղթուեցաւ. ապա սկսաւ լեռը կրցած կողմէն պաշարել, եւ իր զօրաց համար ապաւինութեան բերդակներ շինեց, ամիրապետին այլ լուր խաւրեց, տեղւոյն դժարութիւնը եւ կտրիճ իշխանին յամառութիւնը իմացընելով, թէ ի՞նչ ընէ, թողո՞ւ եթէ սպասէ: Խալիփայէն` կռուելու հրաման եւ նոր զօրք եկաւ, բոլոր բանակով նորէն յարձակեցաւ, եւ նորէն վռնտուեցաւ: Տարւոյ մը չափ հոն ուշացաւ Բուղա, քսանեւութ անգամ յարձակումն ըրաւ, ամեն անգամ այլ յաղթուեցաւ: Դարձեալ պէտք եղաւ պատգամով խաղաղութեան հրաւիրել. Ապու – Մուսէ յանձն չառաւ Բուղայի հետ խօսիլ, ինչուան որ խալիփայէն ուղղակի իրեն թուղթ չգայ. երկու կողմէն այլ դեսպան խաւրեցին ի Պաղտատ. խալիփայն թողութեան գիր գրեց Մուսէի, եղածները չեղած սեպելով, եւ պատուիրեց որ անկասկած գայ իրեն, Բուղայի այլ պատուիրեց որ պատուով ընդունի զնա: Եւ այնպէս եղաւ:

Բուղա այս կողմերս եղած ատեն` նահատակեց զՄուկաթ, Վանանդեցին, Սողոմոն Սեւորդին, Կահա եւ Յովնան Խութեցին` որ իր լեռնցոց առաջնորդն էր Բուղայի զօրաց դէմ, եւ հիմա հոս իր հայրենեաց նման լեռներու եւ լեռնորդայց դիմաց` գերագոյն քաջութեամբ պսակուեցաւ: Բոլոր այս կողմերս եւ ի Դուին եւ ի Վասպուրական նահատակելոց թիւն` աւելի էր քան զ250. զոր ամենքը մէկէն տօնել հրամմեց կաթուղիկոսն, Յովհաննէս Ե, մեհեկանի ամսուն քսան եւ հնգին, (որ եւ երեք մարտի):

Ապու – Մուսէի հետ պատերազմելու ատեն` Բուղա ուրիշ ազատ իշխանաց այլ պատգամ խաւրեր էր որ գան իրեն հնազանդին. ոմանք հաւանեցան, ոմանք մատնութեամբ ձեռք ընկան. ոմանք այլ երբ տեսան Ապու – Մուսէի յանձնառութիւնը, յոյսերնին կտրեցին պատերազմով դէմ կենալու կամ փախչելով ազատելու: Այս կամայ կամ ակամայ նուաճեալ իշխանաց գլխաւորքն էին` Սիւնեաց երեք մեծ իշխաններն, Գրիգոր, Փիլիպպէ եւ Վասակ. Խաչենոյ տէրն Ատրներսեհ, Գարդմանայ տէրն Կտրիճ Սեւորդեաց տէրն Ստեփաննոս Կոն (որ եւ խոստովանութեամբ մեռաւ ի Պաղտատ իր որդւոյն հետ), Գրիգոր Մամիկոնէից տէրն, Սահլ Շաքէոյ տէրն, (Պապէք ապստամբը բռնողն). գրեթէ չմնաց ուրիշ ազատ գլխաւոր իշխան մը: Այսպէս Բուղա աւելի խորամանկութեամբ քան քաջութեամբ իր կամացն հասնելով` գնաց ի Պարտաւ ձմերելու, բոլոր բռնած իշխանները մէկ տեղ ժողովելով: Սուտ խոստմունքներով եւ պատուով քիչ մը ատեն խաբխըբեց. գիշեր մ՚այլ յանկարծ իրենց հանգըստեան եւ քնոյն ատեն` շղթաներով կապուած գտան զիրենք. երկրորդ օրը ճամբայ դրուեցան դէպ ի Պաղտատ, Սմբատ սպարապետն այլ անոնց հետ, որուն մեծ մեծ յոյսեր կու տար Բուղա: Ինքն այլ բռնած որսերը քշելով գնաց իր արժանաւոր ամիրապետէն վարձքն առնուլ. տեղը թողլով Իբրահիմ անուամբ կուսակալ մը: Իսկ Հայոց իշխաններէն` միայն Գուրգէն Ապուպէլճի որդի ըսուած Վասպուրականի գլխաւոր ազատներէն մէկն` Բուղայի հաւանութեամբ այն նահանգին տէր դրուեցաւ, զոր արդէն` քաջութեամբ` անոր թողած զօրքերու ձեռքէն առեր էր. իսկ Հայոց միջնաշխարհին մէջ թողուց Սմբատ սպարապետին որդին` մերն ԱՇՈՏ:

Բագրատունի թագաւորաց մէջ միայն մեր Աշոտոյ կենաց չափն կու յիշուի, եօթանասունումէկ տարի. վախճանած տարին այլ նշանակուած ըլլալով` ծնած կու հանդիպի Քրիստոսի 820 թըւականին. այն տարին` յորում սպանուեցաւ Լեւոն Հայկազն կայսրն ի Կ. Պօլիս, յորում ի Հայս Սմբատ իշխանաց իշխանն եւ Սահակ Սիւնեաց նախարարն Հօլայ հետ պատերազմելով` ընկան կռուին մէջ, յորում (կամ տարի մը ետեւ) մեռաւ մեր Աշոտոյ պապն` Աշոտն Մսակեր. որոյ ժառանգն Սմբատ Խոստովանող` հօրը մահուանէն քիչ առաջ` առեր էր ի կնութիւն Տարօնոյ տիրոջ եւ Հայոց իշխանապետ եւ իր անուանակից Սմբատայ դուստրը, յորմէ ծնեալքն են, (մեր գիտցածներն) չորս մանչ եւ երկու աղջիկ, նախ մերս Աշոտ, յետոյ Աբաս, Շապուհ, Մուշեղ. Ա … կին Գուրգենայ իշխանի Գուգարաց, Ա … տիկին Վրաց: Սմբատը իր հօր եռանդուն կտրճութենէն աւելի խաղաղասէր աշխարհաշինութիւնը ժառանգեց. անոր համար հօրը թշնամւոյն` Ջահապետն Սեւադայի հետ հաշտութիւն ըրաւ եւ թողուց որ նստի հանգիստ ի Դուին, ինքն այլ անկէ ճանչցուեցաւ սպարապետ Հայոց, ինչպէս իր մանկահասակ անեձագն այլ` Բագարատ` տէր Տարօնոյ եւ նախիշխան Հայոց Սպարապետ եւ իշխանապետ` խնամիք եւ բարեկամք էին, բայց Բագարատ ոչ Սմբատայ խոհեմութիւնն ունէր եւ ոչ բարեպաշտութիւնն, եւ շատ տարին վերջը (840) մէջերնին տհաճութիւն մը ծագեցաւ Բագարատայ յանդուգն գործով մը. առ որ չարալեզու մարդիկ ամբաստանեցին այն ատենուան կաթողիկոսը` Տէր Յովհաննէս Ե. վրան անարժան բաներ ըսելով. որոց առանց քննութեան հաւատալով Բագարատ` հրամմեց որ իրեն կաթողիկոսութեան պատիւ չտան. սա այլ թողուց աթոռը եւ վանք մը քաշուեցաւ: Սմբատ եւ Սիւնեաց տէրն Սահակ` այս բանիս դժուարած` յետ դարձուցին զկաթողիկոսը եւ պատուով նստուցին աթոռը. Բագարատ իբր արհամարհուած` կու սպասէր յարմար առթով իր իշխանութիւնը ցուցընել. բայց ուրիշ փորձանքներ հանդիպեցան իրեն, Ապուսէթի ոստիկանութեան ատեն, ինչպէս առաջ յիշեցինք: - Սմբատայ սպարապետութեան ատեն, որ եւ Աշոտոյ կենաց կէսն է (821-855), իր խոհեմութեամբն Հայաստան ի խաղաղութեան վայելեց, գոնէ այն տեղուանքն` ուր կու հասնէր իր առաջնորդութիւնն, կամ Դունայ ոստիկանին իշխանութիւնն. վասն զի Հայոց սահմանակիցք` Աղուանք, Ատըրպատական եւ Միջագետք` ուրիշ ոստիկաններ եւ ամիրաներ ունէին, որ այն կողմերը կու նեղէին. ասոնցմէ էր Սեւադա մ՚այլ: Աւառանշան? ըսուած, որ Պարտաւէն (Աղուանից մայրաքաղաքէն) ելաւ զօրքով` ասպատակեց Սիւնեաց երկիրը, եւ հին իշխանանիստ Շաղատ աւանին տիրեց. Վասակ Սիւնեաց տէրն` բռնաւորին դէմ աւելի բռնագոյն մը գտաւ, զՊապէք մոլորեցուցիչ ապստամբն ի խալիֆայից, զոր պատմիչք մեր կոչեն Բաբ կամ Բաբան. առանց հետեւանքը մտածելու կանչեց, եւ անոր օգնութեամբ վռնտեց զՍեւադա. ինքն այլ քիչ ատենէն մեռաւ, երբ այն վտանգաւոր օգնականն դեռ իր երկիրն էր. որ եւ Վասակայ աղջիկը կին առաւ եւ աներոջ իշխանութիւնը սկսաւ նուաճել. Սիւնեաց Բաղք գաւառին կտրիճներն ոտք ելան, բայց բաւական չեղան դէմ կենալու այն բռնաւորին, որ քսան տարի ամիրապետաց տէրութիւնը սասանեցուց, եւ իրեն ետեւ ընկնողներէն 150, 000 մարդ ջարդեց. հոս այլ շատ կոտորածներ ընելով` տիրեց բուն Սիւնեաց տէրութեան. անկէ անցաւ (827) Սեւանայ ծովուն եզերքը իշխող Հայկազն Սիւնեաց երկիրը, հոս այլ 15, 500 մարդ կոտրեց, եւ տասն տարի այլ այս կողմերը եւ հարաւային Հայոց ամուր տեղուանքը ընկնալով` խալիփային խաւրած շատ զօրավարները ջարդով յետ դարձուց: Մեծ վարձք խոստացուած էր զինքը սպաննողին կամ բռնողին. որ տրուեցաւ քաջ Հայ-Աղուան երիտասարդ իշխանի մը, Սահլի Սմբատեան, որ նախ իր հայրենեաց` Աղուանից, այսինքն Արցախ եւ Ուտի նահանգաց Հայոց` ասպատակները ջնջեց, յետոյ ամիրապետին խաւրած Աւֆշին զօրավարին յորդորմամբ` Բաբանայ ետեւէն ընկաւ, վերջապէս բռնեց (837) այն զարհուրելի բռնաւորը, եւ առաւ վարձք 660, 000 ֆրանգի չափ: Այս այն կտրիճն է` զոր յետ իբր քսան տարւոյ ուրիշ մեծամեծ իշխանաց հետ Բուդա խաւրեց առ ամիրապետն ի Բաբելոն, ինչպէս քիչ մ՚առաջ յիշեցի:

Այս պատրազմերուս մէջ Սմբատ սպարապետն եւ իր որդին Աշոտ այլ մասն ունէ՞ին: - Մեր հիմայ ունեցած պատմիչքն չեն յիշեր, բայց այսչափ կ՚իմացընեն` որ Սմբատ ոչ միայն քաղաքական վարչութեան եւ շինութեան կրթեց իր անդրանիկը, այլ եւ սպարապետութեան, բանակաց առաջնորդելու, եւ հօրը յաջորդելէն առաջ այլ շատ քաջութիւններ ըրած ըլլալը` եւ զանոնք իր համշիրակին (Շապհոյ) ի գիր անցընելը` կու յիշէ ժամանակակիցն եւ ականատես Յովհաննէս կաթողիկոս. եւ հարկ է թէ գոնէ Բուղայի գալէն առաջ տասը տարին այնպիսի գործովք անցուցած ըլլայ թէ ի Հայս եւ թէ Կովկասու կողմերը. իսկ խաղաղութեան ատենն այլ շինութեանց պարապելով` ի հինն Երազգաւորս` որ եւ Շիրակաւան (Պաշ-Շէօրէկէլ). պալատէն զատ` Սմբատ մեծ եւ փառահեղ եկեղեցի մ՚այլ շինեց (838): Ամենափըրկիչ անուն, բարձրաբերձ գմբեթաւ, որ հիմայ կործանած է, բայց եկեղեցին իր չորս անսիւն կամարաց վրայ բարձրացեալ կեցած է, թէպէտ եւ այն այլ Սմբատէն երկու դար ետեւ նորոգեալ:

Յետ երեսուն տարւոյ Սմբատայ սպարապետութեան եւ Աշոտոյ կենաց` հասաւ Հայոց մեծ ալէկոծութեան եւ վտանգի պարագայն, զոր առաջ յիշեցինք, Բագրատայ եւ Ապուսէթի դիպուածովք, որոց համար եկաւ Բուղա ի Հայս: Նախատես եւ նախահոգ սպարապետն իր իշխանակցաց պնդագլխութիւնը տեսնելով եւ չկարենալով զամենքը համոզել, ջանաց մնացածը եւ կրցածը ապահովել. եւ դեռ Սեւ զօրավարն (Բուղա) իր աշխարհէն չշարժած` Սմբատ իմանալով եղած պատրաստութիւնը, թէ անոր եւ թէ ամիրապետին` թղթով եւ ընծաներով իմացուց որ ինքն ապըստամբաց կողմը չէ, այլ օրինաւոր իշխանութեան հաւատարիմ. եւ այսպէս առաջին յաղթութիւն մ՚ըրաւ բռնաւորին դէմ, եւ Հայաստանի միջնաշխարհը ապահովցուց. զոր եւ ա'յլ աւելի հաստատեց` երբ Բուղա Ատտիղասայ պէս սպառնալեօք ելեր կու գար մեր աշխարհը: Այս անգամ Հայոց պահապան հրեշտակն` 30 ամեայ կայտառ եւ հզօր երիտասարդի մը կերպարանօք ելաւ անոր դիմաց, աչքը շլացուց, սիրտը շարժեց, խոստմունք առաւ որ հլու եղողին վնաս չհասցընէ, եւ այնպէս թողուց որ մտնէ ի Հայս: Այս հրեշտակս էր ինքն ԱՇՈՏ, հասակին եւ վայելչութեան եւ զինուորութեան ամենէն փայլուն եւ ծաղկած ատեն, անշուշտ Բուղա իրեն բաղդ այլ սեպեց որ այդպիսի անձ մը եւ անոր նման եղբարք եւ հայր` իրեն դիմակաց պիտի չըլլան: Աշոտոյ քաղաքական եւ ամենայն յիշատակեալ գործոց մէջ այս առաջին դիպուածն է. դիպուած բարեգուշակ, թէ եւ ինքն դեռ չէր տեսներ` այդ գործոյն եւ ատոր նմանեաց համար` նոյն գացած ճամբէն թագաւորական թագի մը ճամբայ ելնելն, որ հասաւ իր ճակտին` յետ 35 տարւոյ: Երրորդ անգամ ապահովեց Սմբատ հայրենիքը յետ իր հրեշտակին (իր որդւոյն) ինքնին ելնելով ընդ առաջ Բուղայի, երբ սա նուաճելով զհարաւային Հայս` մտաւ ի միջնաշխարհն եւ կու գար ի մայրաքաղաքն Դուին. «Սպարապետն Հայոց` իբրեւ գիտաց, կ՚ըսէ պատմիչն Թովմաս, թէ ոչինչ օգուտ բերէ արտաքոյ հրամանաց նորա լինել, փութացաւ եկն առ նա, եւ ընկալեալ ի նմանէ` բնակեաց ինքն եւ իւրքն` հանդերձ իւրաքանչիւր կալուածովք, առանց կասկածանաց»: Եւ միւս պատմիչն (Յովհ. կաթ. )» զմահ ի կեանս խառնեալ` սակս աշխարհին իւրոյ փրկութեան, գնայ ընդ առաջ նորա բազում ընծայիւք եւ պատարագօք. եւ առընկալեալ ի նմանէ պատուասիրաբար … բազում իմաստութեամբ զսաղապ եւ զսնոտի միտս նորա յինքն հանգուցեալ վստահէ»: Բուղա ըստ խոստմանն հանգիստ թողուց զՍմբատ. բայց միայն տեղեկութիւն կ՚առնուր անկէ իր երթալու տեղերուն եւ անձանց վրայօք. եւ երբեմն հետը կու տանէր զնա, թէ ոչ պատերազմելու` գոնէ թշնամիները յորդորելու եւ հնազանդութիւն, կամ գործը շուտով վերջացընելու համար: Սմբատ այս դժուար եւ փափուկ առթին մէջ ըրաւ որչափ որ պարտք հայրենեաց եւ պարտք հպատակութեան միաբան պատուիրեն. եւ հաւանօրէն իր հեռացած ատեն` տեղը` թողած էր զԱշոտ. որ չյիշուիր այս ատեն ուրիշ տեղ, ինչպէս յիշուին իր հայրն եւ եղբայրն` Աղուանից պատերազմին ատեն: Հոս նորէն հարկաւոր կու սեպեմ դառնալ այն պատերազմին եւ յիշել ախորժելի դիպուած մ՚այլ: Երբ Բուղա չարաչար զարնուած յԱպումուսէէ` յուսահատեալ փակուեր էր վրանին մէջ, եւ տասն օր քովը մարդ չէր մօտեցըներ, միայն Սմբատ սպարապետն համարձակեցաւ ներս մտնելու եւ բռնաւոր ձեռքէն բռնելու, յիշեցընելով անոր որ պատերազմի մէջ յաղթուիլն չէ ամօթ, այլ վհատիլն: Բուղա թէ' անկէ թէ ամիրապետէն նոր հասած պատուէրքով եւ զօրքերովն քաջալերուած` ըրաւ այն մեծ յարձակմունքը Քթիշ լերան վրայ, թէ եւ չյաջողեցաւ: Այս միջոցիս կու յիշուի Աշոտոյ եղբայրն Մուշեղ, որ մօտ բլրի մը վրայ կեցած կու դիտէր այն ահաւոր պատերազմը. եւ երբ յանկարծ լսեց հազարաւոր փողոց եւ եղջերաց շռնչելն. եւ բազմաբիւր զօրաց արաբացի կոկորդաց աղխազուր աղաղակն, իբր 250, 000 սպսռազէն մարդկան եւ երիվարաց փայլմունքն, վազքն, վեր վար շարժիլն, երկու կողմանէ յուսադրաբար կամ յուսահատաբար կանչուըռտելն, վարէն վեր մեքենայով նետուած նետեր, տէգեր, գունտեր, պարսեր, վերէն վար սահած թափած քարեր, նետեր, նիզակներ եւ այն գրեթէ չբացատրելի խառնուրդը, զարնուածքը, անամպ երկնքի մը տակ սաստկաձայն որոտմունքը, եւ աննման հեղեղի մը եռալ զեռալը, խելքն գլխէն թռաւ, սոսկումն եւ յափշտակութիւն զինքն վերացուցին, կ՚ըսէ պատմիչն, մինչեւ յահաւոր հանդէս գալստեանն Քրիստոսի ի դատել զաշխարհ ի վախճան ժամանակի. եւ քանի որ միտքն այն յափշտակութեան եւ եռանդեան մէջ էր` աստուածարեալ մարգարէի կամ ներշնչեալ բանաստեղծի պէս` (ինչպէս որ արդէն վարժ էր բանահիւսութեան), սկսաւ յանպատրաստից ստեղծել երգել ոտանաւոր չափով հինգ տուն սրտառուչ երգ կամ շարական մը, որ կու սկսէր,

Անզազրելի ական սրտի նայեցող անձն իմ.

զոր, գիտեմ դու այլ Հայկակ, աւելի ախորժակով ուզես կարդալ, քան այն պատերազմին շշուկը լսել. - ո՜հ, ի՞նչ ըսեմ, թերեւս այս երգս այլ մեր կորուսեալ Շապուհ պատմչին հետ գտուի. հիմայ ուզեմք չուզեմք պէտք է գոհանալ այս մէկ տողով, այս փշրանքով, ինչպէս որ մեր ուրիշ շատ հին ցանկացեալ այլ հազիւ մէկ տողիկն մէկ փշրիկն ունիմք` մնացորդք ժամանակաց խառնակութեան, հնութեան կամ անհոգութեան: … Բայց դու անցողաբար զայս այլ նշանէ', որ գրականութիւնն այս ատեն այս Բագրատունի տոհմին մէջ ծաղկած է եղեր եւ պահուած, հաւասար զինաշարժութեան:

Այն պատերազմին եւ Բուղայի գործոց վերջը ու դարձը` առաջ յիշեցի. հարկ է հիմայ ճամբել զնա` որ դառնամք յԱշոտ. բայց ցաւալի հարկ մ՚այլ կայ. պէտք է որ այն ճամբուն վրայ տեսնեմք նաեւ զհայրն Աշոտոյ, զհայրն Հայոց, զմեծոգին Սմբատ. որոյ մեծ արդիւնքն այլ յառաջ յիշեցի. ինքզինք զոհելով` հայրենիքը մեծ սպառնալիքէ եւ կոտորածէ ազատելն, այնպիսի ժանտ, եւ ըստ անուանն (Գարա-Բուղա), կատղած սեւ, ցլու մը եղջիւրներէ, որ եւ պատուէր տուաւ սպարապետին` որ տունը հոգայ, տեղն իր որդին Աշոտը դնէ իբրեւ տեղակալ, եւ գայ իրեն, որ երթան ամիրապետին` արժանաւոր վարձքն առնուլ: Սմբատ թերեւս կու գուշակէր ինչ վարձք ինչ վերջ ունենալը, բայց գոհ էր իր ըրած երախտեացն առ հայրենիս. գոհ էր իր տեղ իր ամենեւին նմանն եւ սիրելին թողլուն, քաղաքական կողմանէ հոգ չունէր` Աշոտոյ պէս խոհեմ եւ կտրիճ կորիւն մը դնելով իրեն փոխանորդ, ուզեց յապահովել հոգեւորն այլ, զոր միշտ կու մտածէր յԱստուծոյ եւ իր հայրերէն ժառանգած բարեպաշտութեամբը, զոր եւ ժառանգեցուց իր զաւակացն, ոչ պակաս քան զքաջութիւն եւ զփառս: Արդ որովհետեւ նոյն ատեն կաթուղիկոսն վախճանած էր եւ աթոռը պարապ մնացած աշխարհին շփոթութեան պատճառաւ, Սմբատ այն նեղ ժամանակին կարելւոյն չափ եկեղեցականները ժողովեց իր իշխանանիստ քաղաքաւանը, յԵրազգաւորս, եւ ատենին յարմար անձ մը չգտնելով անոնց մէջ` ընտրել տուաւ արժանաւոր աշխարհական կամ դեռ կարգ չառած անձ մը, որ էր Զաքարիա, Կոտայից գաւառին Ձագ գեղէն, որ է մօտ Երեւան քաղաքի, եւ հիմա Երանոս այլ կ՚ըսուի: Ինչուան այս ատեն պատմութիւնն բան չի յիշեր այս անձին վրայ, բայց գործն կու վկայէ որ ոչ միայն սրբութիւն վարուց ունէր, այլ եւ շնորհք տեսչութեան այն բարձր աստիճանին համար` յոր ամբարձաւ, նոյն օրը ձեռնադրուելով ի կիսասարկաւագութենէ մինչեւ ի կաթուղիկոսութիւն, եւ նստաւ յաթոռ Ս. Լուսաւորչին (854), իսկ գիտութեան այլ վկայ են իր գրուածքն` մեծ տօնից եւ աւագ շաբաթուան աւուրց վրայ, 15 ճառ, որչափ որ ինծի ծանօթ է. որոց մէջ բաց ի վարդապետական մեկնութեանց, ազգային աւանդութիւնք եւ տոմարական տեղեկութիւնք այլ կան: Սմբատ` աշխարհին հետ զինքն այլ յանձնեց նորընտիր հայրապետին աղօթից, եւ անշուշտ շատ սրտառուչեղաւ հրաժարականն` երբ մէկ կողմէն կաթուղիկոսն իր գաւազանն առած, մէկայլ կողմէն Աշոտ` հօրը սպարապետութեան սուրը առած, չուաբեր էին այս շուտ եւ անկարծական փոփոխութեանց վրայ, մինչդեռ նոյն անշփոթ շուտութեամբ զգաստ սպարապետն աւանդելով երկուքին այլ ինչ որ իրեն ամենէն ցանկալի էին ի հայրենիս, եւ ողջունելով զանոնք, վերջի՜ն ողջոյն, փութացաւ երթալու առ Բուղա, առ Ջափր, ի Բաբելոն եւ ի բանտ, եւ ոչ եւս դառնալու ի հայրենիս:

Ոչ միայն ցաւալի այլ եւ շատ զգուշալի եւ դժուարին էր Աշոտոյ վիճակն, Բուդա բոլորովին ազատ թողեր էր զնա, բայց Հայոց ոստիկան մ՚այլ եւ իբրեւ լրտես մը գրեր էր զԻպրահիմ, որուն հետ վարուելու թէ եւ բաւական խոհեմութիւն ունէր Աշոտ, բայց Պաղտատի լուրերն զինքը կու խռովէին, իշխանաց բանտարկութիւնն, իր հօրն այլ անոնց հետ, եւ հաւատքի ուրացութեան վախն: Իր մէկ սխալ կամ յանդուգն քայլն` կրնար հօրը կենաց վնաս հասցընել, մանաւանդ երբ ուրիշ իշխանք ուրացութեամբ յետ դարձան (857-8), եւ ոմանք հոն նահատակուեցան, եւ մնաց ի բանտի միայն Սմբատ, որուն գրեթէ ինքնիշխանութեան պատիւ խոստացած էր Բուղա խալիփային կողմանէ, իսկ սա` անոր հաւատարմութեան փոխարէն` Աստուծոյ` անհաւատարիմ ըլլալ կու պահանջէր ի Սմբատայ. եւ զի նա ճշմարիտ մեծահաւատ եւ մեծոգի էր, ոչ բռնաւորն կրնար յաղթել, ոչ Սմբատայ կապանքը կու քակուէին: Աշոտ որչափ ջանք եւ աղաչանք ըրաւ առ Ջափր, յայտնի չէ, բայց այնչափ հաւատարմութիւն ցըցուց, որ ոչ իրեն եւ ոչ հօրը վրայ կրցան կասկած ու մեղադրութիւն մ՚ընել. թէպէտ ինչպէս հօրն, այսպէս այլ իրեն երբեմն ծանր ծանր եւ անախորժ հարկեր կու դնէր այս հաւատարմութիւնս. եւ շատ հեղ ծանրութիւն տուողքն այլ` իր համազգիքն կ՚ըլլային, ապստամբութեամբ եւ անհնազանդութեամբ, պէտք էր կամ նուաճել զանոնք, կամ անոնց պէս ապստամբ եւ յանցաւոր երեւիլ, եւ անկէց այլ աւելի` մոռացող կարծուիլ հօրը կապանաց եւ բանտի: Այսպիսի առիթ մ՚եղաւ Գրիգոր Մամիկոնէից տէրն, որ ուրիշ գլխաւոր իշխանաց հետ գերուած եւ բանտարկուած էր ի Բաբելոն, բայց յաջողութիւն մը գտնելով` փախաւ անկէ եւ թշնամեաց միջէն անցնելով` եկաւ իր երկիրը, ի Բագրեւանդ, եւ անկէ այլ ամուր տեղ մը գտնելու պատրաստուած ատեն` յետ եօթն աւուրց մեռաւ: Ետեւէն ընկնող արաբացի ոստիկանն պատուիրեր էր Աշոտոյ` որ ուր այլ ըլլայ` երթայ բռնէ` զԳրիգոր. Աշոտ լսելով անոր մահը` գլուխը հանել տուաւ եւ գրկեց բռնաւորին, ըսելով որ փախչելու ատեն բռնուած է: Ոստիկանն ուրախացաւ, խալիփայն ի վարձ հաւատարմութեան Աշոտոյ իրեն պարգեւեց Գրիգորի երկիրը (Բագրեւանդ), եւ իբր 30, 000 ֆրանգ այլ վրան:

Ասոր նման դիպուած մ՚այլ եղաւ Արծրունեաց իշխանաց հակառակութեան պատճառաւ. ուր (ինչպէս առաջ յիշեցի) Գուրգէն իշխանն ազատօրէն կու տիրէր, բայց երբ դարձաւ միւս Գուրգէն եղբայրն Աշոտոյ` բուն տիրոջ Արծրունեաց, եւ ասոր որդին Գրիգոր Դերենիկ (858), մէջերնին շփոթութիւն ծագեցաւ, զոր եւ չաւելցընելու համար` առաջին Գուրգէնն թողուց իր երկիրը եւ Յունաց կողմը անցնիլ ուզեց. եկաւ ինչուան յԷրզիռում, որոյ արաբացին քաղաքապետքն Բշրի եւ Զըքերի` բռնեցին զնա եւ Աշոտոյ խաւրեցին. Աշոտ շատ դժարացաւ` այնպիսի կտրիճ եւ զգօն մարդ մը անարգ վրէժխնդրութեան մատնելու. բայց քանի որ հօրը կապանքն կու յիշէր` իր սիրտն աւելի կու կապկըպէր: Իրեն յանձնուածին կապն այլ չկրցաւ քակել, այլ յանձնեց Թիֆլիզի քաղաքապետին, որ այլազգի էր, նա փորձեց եւ չկրցաւ հաւանեցընել զԳուրգէն յուրացութիւն, ապա կապ կապի վրայ աւելցընելով` գրկեց զնա ի Բաբելոն, ուր նոյնպէս հաստատ մնալով իր հաւատոց վրայ` գրուեցաւ ի բանտ. բայց մէկ կամ երկու տարի վերջը յաջողութեամբ պրծաւ, դարձաւ իր երկիրը: Արծրունեաց պայազատն (որդին Աշոտոյ) Դերենիկ` որ դեռ 14 կամ 15 ամեայ պատանի մ՚էր, եւ իբրեւ հօրը տեղակալ կու նստէր խալիփային հրամանաւն, երբ իմացաւ Գուրգենի դառնալը` վախնալով որ չըլլայ թէ տիրէ երկրին, աւելի իր հասակակցաց լսելով քան խոհական խնամակալաց` յանկարծ վրան վազեց, բայց վռնտուեցաւ քաջ ու փորձ իշխանէն: Դարձեալ յանկարծակի արձակեցաւ Դերենիկ: Գուրգէն արդեն հիւանդ ըլլալով` ձիէն ընկնալով բռնուեցաւ, եւ բանտեցաւ (ի Հադամակերտ, իշխանանիստ Արծրունեաց), բանտապանն քակեց եւ ազատեց զԳուրգէն, եւ գիշերանց բերաւ մտուց զնա Դերենկայ քնարան սենեակը. Գուրգէն արդէն վրէժխընդրութեան պատճառ կրնար ունենալ, որովհտեեւ Դերենկայ պապն սպաներ էր իր հայրը, սակայն իր սիրտն շատ մեծ էր` այսպէս գողաբար անխոհեմ տղայ մը սպաննելու համար, եւ մանաւանդ ազնուական տղայ մը` թէ եւ թշնամի, ո՜հ, բնութեան խաղաղութեանը մէջ միշտ տղայ միշտ զուարթուն է. Գուրգէն` թէպէտ եւ սուրբ անոր գլխուն վրայ վերուցեր էր, մէկայլ ձեռքն այլ ակրին եւ դանակին վրայ, սակայն չկրցաւ արցունքը բռնել` սիրոյ եւ ատելութեան կռուին մէջ, լալով կանչեց. «Դերենի'կ, որդեակ իմ Դերենիկ, մնա'ս բարով, այսուհետեւ համարձակ տիրէ երկրիս. ես կ՚երթամ ի Յունաստան»: Դերենիկ զարհուրած վեր ընկաւ, երազի պէս եւ երազէ ահաւոր տեսարանը տեսաւ, իր բանտեալը սուսերամերկ գլխուն վրայ կեցած. «Ո՜հ, հա՜յրս, խնայէ ինծի», կանչեց, եւ լեզուն բռնուեցաւ: Գուրգենի բաւական էր եղածն. արիւնէն աւելի էր արտասունքի վրէժն. նոյն արտասունքը չսրբած` փութացաւ ելաւ ծածկուեցաւ տեղ մը, ինչուան որ յարմար առիթ գտնէ փախչելու Յունաց երկիրը, ուր որ շատոնց միտք ունէր երթալ: - Բաւական չէ՞ր այս սրտառուչ, այս թատերական տեսարանս. հա՞րկ էր որ նոր դիպուածներ այլ նոր նոր տեսարաններ աւելցընեն: - Իր պահուըտած տեղն (Երանգանի գեղին) վանաց տէրտիրոջ քովն էր, որ հիւրադաւ տիրասիրութեամբ` մատնեց զնա առ Դերենիկ. եւ սա թերեւս աւելի վախով քան ատելութեամբ` նորէն ամուր տեղ մը պահել տուաւ զԳուրգէն, եւ պատուիրեց այլ նոր նեղութիւն չտան:

Այս ատեններս մերն Աշոտ զբաղած էր իրեն աւելի մօտ Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից իշխանները հանդարտեցընելու եւ ամիրապետին հպատակ պահելու. այս դիպուածիս չկրցաւ հասնիլ յառաջ քան զկաթուղիկոսն Զաքարիա. որ երբ լսեց Գուրգենի մեծասրտութիւնն եւ Դերենկայ փոքրոգութիւնն` քանի մը եպիսկոպոս հետն առած եկաւ աղաչեց մանկահասակ իշխանորդւոյն` որ արձակէ իրեն կենաց խնայողը. պատանին այլ մէկէն հաւանեցաւ, արձակեց զԳուրգէն. մէկտեղ դաշինք դրին, եւ դարձուց անոր հայրենի ժառանգութիւնը, որ էր Մարդաստան գաւառը, Նախիջեւանի մօտերն, եւ սիրով բաժնուեցան: Գուրգէն այլ անկասկած ըլլալով ի Դերենկայ` սկսաւ վախնալ յԱշոտոյ. վասն զի իբրեւ ապստամբ յամիրապետաց մէկ մը բռնուած եւ անոր ձեռքը տըրուած, հիմայ որ նորէն փախչելով բանտէն եկեր էր իր տեղը, ի հարկէ աւելի յանցաւոր կու սեպուէր, եւ աւելի պարտք կար Աշոտոյ` անոր վրայ աչք ունենալու: Ասոր համար Գուրգէն հանգիստ չէր կենար տեղ մը, այլ աւելի Տարօնոյ կողմերը կու պտըտէր, ուր մայրենի ազգականներ ունէր. եւ հոն էր` երբ Աշոտ խաղաղցընելով զվերին Հայս` յանկարծ եկաւ այս կողմերս, Վանայ գաւառը. Դերենիկ վախնալով դիմացն ելաւ. Աշոտ քիչ մ՚աւելի խրատել կամ վախցընել ուզելով, հրամմեց որ արգիլած պահեն զնա Վանայ բերդը, ուր ինքն այլ եկաւ: Գուրգէն հոս այլ առաքինի մեծանձնութիւն մը բանեցուց` իր մերձաւորին վրայ, բայց թերեւս ուրիշ կիրք մ՚այլ ընդդէմ Աշոտոյ. 400 կտրիճ ժողովեց եւ յանկարծակի շտապով եկաւ ոչ հեռու ի Վանայ` Նարեկայ մօտերը Նորգիւղ ըսուած գեղը. եւ դեսպան խաւրեց Աշոտոյ միտքը իմանալու, եւ իմացընելու որ եթէ զԴերենիկ պատժել եւ գերի տանիլ ուզէր` ինքն անոր ազատութեան համար պիտի պատերազմէր, (միտքը դրեր էր գիշերանց Աշոտոյ վրայ ընկնիլ). իսկ եթէ խրատելու համար էր ըրածն, ասոր ապահովագոյն ճամբայ մը կ՚երեւի կ՚ըսէր, եթէ հաճիս, քեզի փեսայացընել զԴերենիկ, որ հաւատարիմ եւ հնազանդ մնայ իբրեւ հօր: Աշոտոյ միտքն այլ այս էր. սիրով հնազանդեցընել զպատանին, որ նոր կարգուած էր, բայց նոր այլ այրի մնացած իր մատղաշ հարսէն: Այս առթով երեք իշխանքն այլ աւելի բարեկամացան: Աշոտ առաւ զԴերենիկ հետը տարաւ ի Բագարան` աւանն Շիրակայ, եւ հոն իր զաւկին պէս պահելով զնա ատեն մը, յետոյ մեծահանդէս հարսանիք ըրաւ, եւ իր սիրուն Սոփի դստրիկը պսակեց անոր հետ (862). ուսկից ծնան երեք անուանի իշխանքն Աշոտ–Սարգիս, Խաչիկ-Գագիկ եւ Գուրգէն. որոցմէ Գագիկ Արծրունեաց առաջին թագաւոր եղաւ եւ իր ցեղին ամենէն մեծագործ եւ հռչակաւոր անձն:

Այս ատեններս Դերենկայ հայրն` Աշոտ տէրն Արծրունեաց այլ դարձաւ, եւ իր իշխանութիւնը ժառանգեց. նոյնպէս իր երկրին խոստովանող եպիսկոպոսն այլ Յովհաննէս, եւ անոր ընկերն Գրիգոր քահանայն, եւ ուրիշ իշխանք այլ դարձան. միայն Արծրունեաց որդեսէր մայրն, տիկին Հռիփսիմէ` Բաբելոնի արգելանաց եւ տաք օդուն չդիմանալով` մեռաւ, եւ հոն օտարութեան մէջ թաղուեցաւ: Նոյնպէս այլ մեր Աշոտոյ հայրն` բազմերախտն Սմբատ, իշխանակցաց դառնալէն ետեւ` ինքն որ ամենուն առաջնորդն էր` ամենէն վերջին եղաւ, եւ ամենէն աւելի նեղութեամբ բանտի մէջ մնաց: Շատ հեղ հրապոյր լսեց, միշտ արհամարհեց, եւ ուրիշներուն աշխարհական երջանկութիւնը տեսնելով անտրտունջ, անկէ ետեւ միայն իրեն անանց երջանկութեանը կը փափագէր, որ եւ չուշացաւ. տասն ամիս նեղութենէ ետեւ` վախճանեցաւ աքսորանաց եւ արգելանաց մէջ, եւ թաղուեցաւ Դանիէլի մարգարէի անուամբ ճանչցուած գերեզմանատեղին. թողլով հայրենեաց պատմութեան մէջ պատուելի անուն մը, եկեղեցւոյ մէջ աւելի պատուելի Խոստովանող անունը եւ յիշատակն ընդ արդարոց, զոր Հայադիր նշանակէ ի 25 մեհեկի (3 մարտի):

Աշոտ երկրի վրայ տխուր բայց յերկինս ուրախ բաղդ գտաւ, ունենալու նախ հայր մը, եւ յետոյ (55 տարի վերջը) որդի մը Խոստովանող կոչուած, եւ երկուքն այլ համանուն Սմբատ. ետքինն իր պապուն միայն համբերութեամբ երկարած խոս­տովանութիւնը` արեամբն այլ կատարեց ու կնքեց. ինքն այլ սրբազան նահա­տա­կաց կարգն անցնելով, (Յայսմաւուրաց) Հայադրին մէջ ահեկի ինն (ապրիլի 15) բռնեց. իսկ ինքն Աշոտ այլ թէ ոչ ատենական խոստովանութեամբ` այլ յայտ­նի բարեպաշտ կենաց եւ մահուանն համար` արժանի սեպուեցաւ հօրը եւ որդ­ւոյն հաւասարելու եկեղեցւոյ մէջ փառօք, որով` քան զնոսագերազանցեց յերկրի:

Սմբատայ ապերախտ կալանապետն Բուղա` իրմէ ապերախտէն պատիժն առաւ. նոյն ինքն Ջափը խալիփայն խաւրեց զնա իբրեւ կուսակալ եւ Խորասան եւ գաղտ պատուէր տուաւ ու սպաննեցին, իսկ ինքն ամենայն չարեաց առիթն այլ, ինչպէս առաջ յիշեցինք, իր որդիէն սպանուեցաւ (861). այս հայրասպանն այլ` (Մոսդանսէր) խղճէն տանջուած քանի մը ամսէ ետեւ մեռաւ, տեղն անցաւ (862) իր հօրեղբօր որդին Մոսդային-Պիլլահ, որ իբրեւ փոխարէն Սմբատայ անպարտ մահուան եւ Աշոտոյ զրկանաց, անուանեց զսա իշխան իշխանաց, ոչ միայն Հայոց, այլ եւ Վրաց եւ Աղուանից, թէ եւ սա արդէն իբրեւ անոնց վերակացու եւ նախիշխան ճանչցուած էր` իր հօրը պանդխտութեան տարիէն սկսեալ, եւ այս տարիս (855) կու նշանակուի ի տարէգիրս սկիյբն իր իշխանու­թեան եւ Բագրատունեաց պայազատութեան որ եւ նշանական հանդիպմամբ (Քրիստոսի ծննդեան ստոյգ տարին հաշուելով) Արշակունեաց թագաւորութեան սկսանելուն հազարամեակն էր, իսկ այն թագաւորութեան վերջանալէն ետեւ ի 428 թուին Քրիստոսի` նոյնպէս 428 տարի էր: Բայց այս պատւոյս հասանելուն բուն առիթն էր Աշոտոյ խոհեմութեամբ եւ աչալրջու­թեամբ կառավարութիւնն. հաւատարմութեամբ` ոստիկանաց եւ ամիրապետին վստահութիւնը շահեր էր, յորդորանօք եւ առատաձեռնութեամբ` ազգային իշխանաց սիրտը. հասարակաց բարին դիտելով` անձնական զրկմունք կամ արհամարհանք բանի տեղ չդնելն` զինքն այլ աւելի սիրելի ըրին. զոր եւ ականատեսն Յովհ. կաթուղիկոս այսպէս կու բացատրէ. «Յորժամ փոխանակ Սմբատայ հօր իւրոյ պայազատէր զսպարապետութիւն Հայոց, գրեթէ ամենեցուն քան զնա նախագունիցն վեհագոյն ճանաչիւր. վասն զի ընկալեալ զմեծարանս` ի բաց արհամարհէր զանարգանս, եւ միշտ ի հրահանգս բարւոյ կրթութեան զինքն վարժէր, եւ բարի ազդումն իւրոյ ոգւոյն տայր. ընդ ամենեսեան սէր սերտ, եւ ոչ ի հակառակութիւնս ինչ կամ ի կռիւս ընդ թշնամիսն մաքառեալ, քան թէ բարեզգեաց բանիւք եւ բաի օճանաւ` զնոսա ածել յուղղութիւն եւ ի կամս իւր. իսկ զպայքարանս սնոտի շահուց վնաս իւր վարկեալ` եւ առատաձեռն առ ամենեսեան գտեալ, յինքն զբազմաց միտս յանգուցանէր սիրալիր սրտիւ. որպէս զի յայսմ սակի ամենեքեան իսկ նմա հաճեալ հաւանեալ էին … եւ ամենեքեան դաշինս ընդ նմա դնէին, որպէս արդարեւ ընդ թագաւորական զարմի»: Խալիփային դռնէն Աշոտոյ իշխանութեան զգեստը տուաւ (862) Ալի–իպն-Եահեա Էլ-Էրմանի կոչուած ոստիկանն, որ բուն Արզնի եւ Նփրկերտոյ կուսակալ էր, եւ կու պատրաստուէր երթալ ընդդէմ Յունաց. ինչպէս գնաց այլ` եւ պատերազմի մէջ մեռաւ:

Իշխանապետութեան հետ Աշոտոյ յանձնեցաւ աւելի ծանր եւ հոգալի պաշտօն մը, որ ինչուան այն ատեն քրիստոնէից չէր տրուած. այս ինքն է Հայաստանի հարկահանութիւնն. հարկերը ժողովել եւ խալիփային դուռը խաւրել, կամ յանձնել ի ձեռս ոստիկանի մը` որ դեռ կու նստէր ի Դուին, իբրեւ երեսփոխան եւ վերադիտող մը ամիրապետին կողմանէ, առանց խառնուելու ներքին կառավարութեան: Ի՞նչ եւ ո՞րչափ էր Հայոց հարկն. մեր պատմիչք որոշակի կ՚ըսեն 60, 000 դահեկան (ոսկի), որ է իբր 750, 000 ֆր. բայց ասիկայ Ա. Սմբատայ` Աշոտոյ որդւոյն ատենին համար է, երբ Վասպուրական եւ ուրիշ մեծ նահանգներ պարտուեր էին իրմէ, եւ իր ամփոփ իշխանութեան տուրքն էր այդ, իսկ անկէ առաջ, Արաբացի պատմիչ մը կու յիշէ որ թէ' Բագրատունեաց իշխանութեան (Շիրակայ, ) թէ Վասպուրականի, թէ Սիւնեաց, եւ թէ արաբացի ամիրայից իշխած երկիրներուն, որ են Կարին, Դուին, Արճէշ, Խլաթ, Խարզան, Պէրզէնտ (?), որ մէկ անուամբ Հայաստան կոչուէին, միագումար հարկն էր իբրեւ 2, 500, 000 ֆրանգ. ասկէ զատ էր Տարօնոյ երկրին հարկն 60, 000 կամ աւելի, Արզնի եւ Մուֆապղնի հարկն` որ Հայաստանի եւ Տարօնոյ հարկէն աւելի էր, Ամդայ հարկն` որ Հայաստանի հարկին կիսուն չափ էր . Եփրատայ կողմերուն հարկն այլ զատ կու յիշուի. եւ բոլորի մէկէն գումարն 10 միլիոն ֆրանգի կու մօտենայ: Արաբացի պատմիչն կամ վիճակագիրն այս եւ ուրիշ յիշեալ աշխարհաց մէջ միայն բուն Հայաստանին համար կ՚ըսէ թէ այս աշխարհս կամ վիճակս արծաթով կու վճարէ հարկը. արծաթ ըսելով զուտ արծա՞թ կ՚իմանայ, թէ ստակ (ոսկի եւ արծաթ). - կարծեմ առաջինն. վասն զի այս ժամանակէն դար մը առաջ Հայաստանի մէջ առատ եւ զուտ արծաթահանք գտնուած էին, խալիփայից տիրած ատեն, հաւանական է որ այն արծաթէն կու տրուէր հարկը, գոնէ ատեն մը: - Հարկին չափը հարկահաաց եւ տնտեսաբանից թողլով, արծաթաքանհն այլ երկրաբանից քննութեանն, դառնանք յիշխանապետն Հայոց:

Աշոտ բարձրագոյն պատուոյ հասնելով` իր առաջին իշխանութիւնը, այսինքն սպարապետութիւնը` տուաւ իրմէ վերջը եղող եղբօրը, որ էր Աբաս, «այր քաջ, անձնեայ եւ թիկնաւէտ, առոյգանձն եւ գեղեցիկ հասակաւ, կորովի եւ յաջողակ ի պատերազմունս. որ եւ աջակցեալ իսկ եղբօր իւրում Աշոտոյ` զամենեսեան հնազանդէր ընդ լծով ծառայութեան. ի բազում կողմանս բազում անգամ արութիւն ցուցեալ, եւ հռչակաւոր եւ հոյակապ ի մէջ բազմաց երեւեալ»: Սպարապետութիւնն ինչպէս արդեամբ` այսպէս եւ պատուով առաջինն էր ի Հայս այն ատեն` յետ նախիշխանին. իսկ երբ իշխանապետն թագաւոր եղաւ` իր եւ սպարապետին մէջ նոր պատիւ կամ աթոռ մ՚եղաւ իշխանաց իշխան. ասկէ զատ եւ վար կարծուի Տէրանց-տէր պատիւ եւ աթոռն. իսկ քիչ ատեն վերջ` ասոնցմէ այլ վեր եւ անմիջապէս թագաւորէն ետեւ դրուեցաւ Երկրորդ - արքայի պատիւն, որ երբեմն թագաւորին ժառանգն կ՚ըլլար, երբեմն մեծ երկրի մը նահապետն. - ուրիշ մեծ պատիւ եւ աթոռ մ՚այլ հաստատեցաւ Մարզպան Հայոց կոչմամբ, որուն իշխանութիւնն կամ պաշտօնն շատ որոշ չի նշանակուիր. (յայտնի է որ Սասանեաց տիրապետութեան ատենի մարզպանաց նման չէր, վասն զի անոք հիմակուան ոստիկանաց պաշտօնը կու վարէին, եւ իբրեւ միանգամայն իշխանապետ եւ հարկահան էին. գուցէ Բագրատունեաց մարզպանն` հարկաժողովն ըլլայ, կամ սահմանապահն): Այս պատիւներէս ոմանք, եւ ուրիշ շատեր այլ, Ա. Սմբատայ ատեն որոշուեցան, եւ ոմանք անկէ ետքը. իսկ իր հօրը Աշոտոյ կարճ թագաւորութեան ատեն` ոմանք միայն, ուսկից անշուշտ իր որդւոցն այլ մասն հաներ էր:

Եւ էին (յիշեալ) որդիքն Աշոտոյ` Սմբատ Ա, իր յաջորդ թագաւորն, Դաւիթ, Սահակ, Շապուհ. իսկ ի դստերացն յիշուին, մէկ մը` կինն Գուարամայ իշխանորդւոյն Վրաց. երկրորդ, նախագրեալն Սոփի` տիկին Արծրունեաց, երրորդ Մարիամ` Սիւնեաց տիկին, կին Վասակայ` որ մականուամբ կամ փաղաքշական կոչմամբ Գաբուռ կ՚ըսուէր. զոր եւ Աշոտ երբ իշխանապետութեան հասաւ` հաւանութեամբ ամիրապետին հաստատեց ի տէրութեան հայրենեացն. կամ որոշ ըսելով Սեւանայ ծովուն բոլորտիքը եղած Գեղամայ գաւառներուն. վասն զի բուն հարաւային Սիւնիք (որոյ գլխաւոր գաւառքն էին Վայոց ձոր եւ Բաղք) զատ եւ աւելի մեծապատիւ իշխան մ՚ունէին, որ եւ բուն Սիւնեաց տէր կամ գահերէց իշխան կ՚ըսուէր. եւ այս ատեն իշխողն այլ Վասակ մ՚էր, Իշխանիկ մականուանեալ. մէկայլքն` Սիսականք կ՚անուանէին իբրեւ սերունդք Սիսակայ եւ թոռանց Հայկայ, եւս եւ Հայկազնիք. Արաբացիք Սիսէճան կոչեն զասոնք, իսկ զբուն Սիւնիս` իրենց գլխաւոր գաւառին Վայոց ձոր անունը ծռելով` Վայզօր կոչեն: Այս ատենուան եւ քանի մը յաջորդ դարուց պատմութիւնը եւ անձինքը որոշելու համար` հարկաւոր է այս զանազանութիւնը գիտնալ, եւ մանաւանդ մականունները որոշել. զոր երանի' թէ պատմիչք այլ միշտ անուանց քով նշանակած ըլլային, վասն զի անուանակից իշխանք շատ կան, ինչպէս այս երկու մեծ Վասակ իշխանքս. որոց մէկն փեսայ Աշոտոյ, միւսն այլ թէ եւ ոչ խնամի, այլ նոյնպէս կու պատուէր եւ կու պատկառէր յիշխանապետէն. «յաւէտ իմաստութեամբ եւ հեզահամբոյր հանդարտութեամբ եւ հաւանութեամբ մեծաւ հնազանդէր Աշոտոյ իշխանին իշխանաց, եւ խրատու նորա զունկն մատուցանէր խնամով, իբրեւ զօրէնս միշտ ի սրտի իւրում պահելով, եւ ի ձեռն այնորիկ յաւէտ իմն ընդարձակագոյն զտուն տէրութեան իւրոյ յարդարէր ի բոլոր բարեմասն լրութիւնս. եւ կայր բազում խաղաղութեամբ ըստ ամենայն հանդիսի «բարեպաշտութեան»: - Իսկ Գաբուռն Վասակ փեսայն Աշոտոյ` կարճօրեայ մեռաւ, չորս կտրիճ թողլով, Գրիգոր – Սուփան` իր յաջորդը, Աշոտ, Սահակ եւ Վասիլ կամ Վասակ. որք միշտ պապերնուն հնազանդ եղան, եւ մօրերնուն վրայ մեծ սէր եւ խնամք ցուցին` Յուսփայ հալածանաց ատեն. բարեպաշտութեամբ եւ շինութեամբ այլ անուանի եղան, ինչպէս իրենց մայրն այլ Մարիամ:

  • Աշոտոյ իշխանապետութեան տարին հեռաւոր աշխարհի մը մէջ այլ իշխանապետ մը անուանեցաւ, եւ նոր տէրութիւն մը կանգնեց, որ հազարամեայ տեւողութեամբ եւ տարածութեամբ հասաւ Աշոտոյ տիրած տեղերուն այլ տիրեց. Րիւրիկ Վարեկացին Շուետի եզերքներէն եկաւ Պալգիկ ծովուն արեւելեան կողմը, ուր դարերէ վեր բնակէին Սլաւեանք. որք նեղեալ ի ֆինեան ազգաց` յօգնութիւն կանչեցին զնա. Րիւրիկ եկաւ այս ատենս (862) Նովկորոտի քով, եւ յետոյ ի նոյն իսկ ի քաղաքն դրաւ իր իշխանապետութեան աթոռը. եւ այսպէս եղաւ սկիզբն յայնածաւալ ու մեծազօր տէրութեան Ռուսաց, որ եւ յետ հազարամեայ կենացն դեռ երիտասարդութեան ուժոյ մէջ կ՚երեւի. մինչդեռ իր ծնած կամ ձեւացած ատեն` Աշոտոյ ազգն արդէն ծերացեալ էր. Րիւրիկայ ժողովուրդն երկրիս ծայրերէն կու մօտենայ ի կենդրոնն, իր հարաւագոյն երկիրն հիմագրեթէ Հայաստանն է. Աշոտոյ ժողովուրդն իր կենդրոնական կողմերէն կու սփռի ինչուան Նովկորոտէն անդին, եւ' իր հիւսիսագոյն գաղթականքն գտնուին ի մայրաքաղաքին Ռուսաց (ի Բեդերպուրկ): …

Իշխանապետութեան առաջին տարին` Աշոտ իր աթոռանիստ Շիրակաւանին քով զօրահանդէս մ՚ըրաւ իրեններովն եւ հանդերձ իրեն հաւան եւ հլու իշխանաց եւ ազնուականաց զօրօք, իսկ անհաւան հիւսիսայնոց (կովկասեանց) դէմ` կու պատրաստուէր յարձակելու: Մինչ դեռ հոս բանակած էր, Կ. Պօլսոյ բռնացեալ պատրիարքին` Փոտայ նուիրակն եկաւ, թուղթ մը տուաւ առ իշխանապետն, եւ ընծայ` մասն ի սուրբ խաչափայտէն Քրիստոսի. զոր մեծ հաճութեամբ եւ հաւատով ընդունեցաւ Աշոտ, իբրեւ պսակ իր բարձրացեալ գլխոյն, յառաջ քան զթագն թագաւորական, եւ միշտ հետը տանէր ուր որ երթար: Այս թղթով յորդորէր Փոտ զԱշոտ` ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ միութիւնը անկասկած հաստատել` չորրորդ տիեզերական ժողովն ընդունելով. որոյ համար Զաքարիայ կաթուղիկոսին այլ առաջուց գրեր էր, եւ ըստ խնդրոյ նորա խաւրեր Նիկիոյ մետրապօլիտը` Վահան կամ Յովհան, իբրեւ իրեն երեսփոխան. որպէս զի բերան ի բերան խօսելով` այս Հայոց եւ Յունաց մէջ հակառակութեան խնդիրը լաւ պարզէ եւ իմացընէ. ինքն այլ իր թղթին մէջ կու յիշէր այն ժողովքին համար եղածներն ի Հայս եւ ի Յոյնս: Իշխանապետն եւ կաթուղիկոսն հրամայեցին ժողովք ընել եկեղեցականաց եւ իշխանաց ի Շիրակաւան. որոց հետ գտնուեցաւ եւ մեծանուն ասորի սարկաւագապետն Նանա, որ երբեմն ի խնդրոյ Բագարատայ իշխանապետի գրեր էր Յովհաննու աւետարանի մեկնութիւն մը` Ս. Հարց ասորերէն գրած կամ թարգմանուած գրքերէն հաւաքելով, եւ յետոյ արաբերէն թարգմանելով. վասն զի անշուշտ այս լեզուն ծանօթ եւ ընտանի էր Բագարատայ, որոյ գերութեան եւ բանտարկութեան ատեն` Նանա այլ բանտեցաւ ի Ջափրայ, եւ յետ խոստովանական համբերութեան եւ նեղութեանց` ազատեցաւ. իսկ իր գիրքն ընկաւ Սմբատայ (սպարապետին) ձեռքը, որ եւ հայերէն թարգմանել տուաւ. յետոյ մերս Աշոտ այս գիրքը թողուց իր բարեպաշտ դստեր Մարեմայ` տիկնոջ Սիւնեաց, որ նորէն թարգմանել կամ հայերէն շարադրութիւնը կոկել տուաւ. որով մեր այս Թ. դարու մատենագրութեանց կարգն անցաւ. եւ թէ' այս բանիւս համար հարկ սեպեցի յիշել հոս, թէ' ատենին եւ ժողովքին անձինքը լաւ ճանչնալու:

Արաբացւոց բռնակալութեան ատեն գրեթէ դար ու կէս միջոց ժամանակի` Հայաստան նշանաւոր եկեղեցական ժողով մը չէր եղած. յետ ժողովոյ Յովհաննու Օձնեցւոյն (722-4) այս առաջինն էր (862), ուր Վահանայ մետրապօլտին խոհական, երկար եւ պարզ մեկնաբանութիւնքն, Աշոտոյ եւ Զաքարիայի ուղղասէր եւ խաղաղասէր ոգիքն` միաբանելով, ժողովն այլ հաւանեցաւ եւ ընդունեցաւ Փոտայ առաջարկութիւնը. որով Հայք աւելի մեծարեցան ի կայսերաց, եւս առաւել իրենց իշխանութեան ներքեւ եղողք: Բայց գտուեցան եւ անհաւատք, ինչպէս Սահակ Մռուտ, որ եւ Ապիկուրէշ մականուանեալ, եպիսկոպոս Տայոց յԱշունք, որ Յունաց ձեռքն էր այն ատեն, անկէ հալածուած եկաւ Աշոտոյ քով, իբրեւ ժողովին պատճառը քննելու համար. եւ անոր հակառակ մտօք թուղթ մը գրեց առ Փոտ, իբրեւ ի դիմաց Աշոտոյ, ինչպէս կ՚ըսեն իրեն համախոհքն, եւ ինչպէս կու կարդան այն ինքնակամ թղթին օրինակաց մէջ, որուն թերեւս միայն սկիզբն Աշոտոյ գրածն կամ գրել տուածն ըլլայ. «Քահանայապետի զգօնացելոյ, պարկեշտի եւ առաքինասիրի որ ի Քրիստոս վարուք, Փոտ վերադիտող մեծ քաղաքիդ Նոր – Հռոմայ պատրիարգ. Աշոտ իշխանաց իշխան Հայոց Մեծաց: Զգիր հանճարեղ խոհականութեանդ ձերոյ, ո'վ աստուածարեալդ, ընթերցայ, եւ յոյժ ուրախութեամբ բարեբանեցի զերկնաւորն զՔրիստոս, զփրկիչն մեր եւ զկեցուցիչ, յաւէտ կենդանութեամբ զսրբութիւնդ ձեր տեսանելով պաշտպանեալ. այլ եւ զնախնականդ առ միմեանս զսիրոյն կապակցութիւնս, զորս ներբողական բանիւ յիշատակեալ էին: Շնորհ բազում ունիմ եւ կալայց Սրբութեանդ», եւ այլն: Աշոտոյ հարազատ նամակ մը կայ առ Փոտ համառօտ, յորում շնորհական կ՚ըլլայ ղրկած խաչափայտին մասին համար, եւ առ կայսրն հաւատարիմ ըլլալուն վրայ, առ որ յորդորեր էր Փոտ, թէ եւ ասոր թղթին մէջ այս նիւթիս վրայօք ուրիշ բան չեմք գտներ բայց այս խօսքս. «Նախ յԱստուծոյ` պահպանական շնորհիւն ամրացեալ ի թշնամեաց, եւ յորոգայթից պահպանեալ պատահմանցն, զկնի եւ յորթոդոսաց` սուրբ թագաւորացն, զերկաքանչիւրսն ժառանգելով, զայժմուս եւ զհանդերձեալսն… Առաքեցաք քաջատոհմութեան եւ մեծանձնութեանդ քո` յիշատակ օրհնութեան ի պաշտպանեալ պատուական խաչէս»:

Իմ գտած Աշոտոյ պատասխանն եւ նամակն այս է. «Յաւէտ հեշտութեամբ ընկալայ, ով պատուական գլուխ եւ հայր սուրբ, զառ ի քէն գրեալսդ. անխախտելի կալ մնալ մեզ ի սպասաւորական հնազանդութեան սուրբ եւ աստուածապարգեւ թագաւորութեանդ, ըստ աստուածային գրութեանցն` որ մեզ աւանդեցաւ. յորմէ ոչ երբէք խոտորեալ, քան եթէ միշտ ի նոյն խոկալով հնազանդութեան եւ սպասաւորութեան խորհուրդս, ցանկ սպասելով ազդեցեալ ինչ ի մեզ հրամանի ինքնակալ թագաւորութեանդ, զորս անսայթաք եւ առանց հեղգալոյ զփոյթ յօժարութեանն արդիւնաւորիմք, խորհրդովեւ երկիւղիւ, վերնական շնորհացն ազդեցութեամբ: Այլ եւ զքոյդ պատուական սիրելութիւնդ` անընդմիջաբար ի խորհուրդս իմ յաւէտաբար կրեմ զսիրոյն կապակցութիւն, ըստ արժանաւոր քոյդ մեծութեան, եւ պարկեշտ եւ նազելի եւ մաքուր վարուց, ըստ որում հայցեմ ի նուիրական եւ մշտահայց յընդունակ քո աղօթս եւ զմեզ յիշատակել, հայցելով յապէնիազն Աստուծոյ, զի եւ ի մեզ կանխեսցէ զառատապարգեւ շնորհացն իւրոց զողորմութիւն: Եւ խաղաղութիւնն Աստուծոյ վերահովանասցի ձերում սրբութեանդ, պահպանելով անվրդով յամենայնի զքոյդ արժանաւոր եւ պարկեշտ գլխաւորութիւնդ: Օրհնութեանս` զոր առաքեալ էք յաստուածընկալ եւ յամենայաղթ նշանէդ, խոնարհ երկրպագութիւն մատուցի, եւ շնորհակալութիւն, յաւէտ միւս եւս վայելչական ողջունիս»:

Այս վերջի խօսքս կ՚իմացընէ որ խաչափայտէն զատ վայելուչ ողջոյն մ՚այլ խաւրեր էր Փոտ, որ թերեւս շնորհաւորութիւն ըլլայ Աշոտոյ իշխանապետութեան համար:

Այսչափ բաւական սեպէ հիմայ, Հայկակ, այս խնդրոյս եւ դիպուածոյս վրայ եւ եթէ աւելի ուզես, հարցուր մեր նոր պատմահոր (Չամչեան), որ եւ կու յիշէ այդ թղթագիր Սահակայ եւ Աշոտոյ անուամբ հարցմունք եւ պատասխանիք, ի հարկէ նոյնպիսի խնդրոց վրայ, բայց շինծու եւ ետքէն կարկըտած: Իսկ ես յիշեմ տաղ մը ի Յարութիւն Քրիստոսի, որոյ սկիզբն է:

Աւետեօք ձայնեալ զուարթնոյն ըզյարութիւն խաչեցելոյն,
Շուրջ պատեալ ըզվիմովն եւ զկափարիչ գերեզմանովն.
Ուր սուրբ կտաւքըն խուճապեալ, եւ վարչամակն աղաղկէր,
Տէր յարեաւ. պատմեն զայս ամենայն տիեզերոց:

Ինչպես կու տեսնես հողագլուխ տառքն կապեն Աշոտ, եւ շարունակելով բոլոր տաղն կապէ, Աշոտ թագաւորաց թագաւոր Սահակե. կրնայ կարծուիլ թէ այս Մռուտ Սահակս երգած ըլլայ Աշոտոյ թագաւորած ատեն եւ շողոքորթութեամբ թագաւորաց թագաւոր անուանած, բայց գուցէ անծանօթ Սահակ մ՚այլ ըլլայ` անոր թոռն ժամանակ` (Բ Աշոտոյ Երկաթի) որ Շահնշահ ըսուեցաւ, այսինքն թագաւորաց թագաւոր, որովհետեւ իր ատեն (30 տարի յետ Մեծին Աշոտոյ) ուրիշ ազգակից եւ սահմանակից թագաւորք այլ բուսան: Փոտ ինչպէս Աշոտոյ` այսպէս Զաքարիայի այլ պատճառ եղաւ թղթակցութեան եւ Յունաց մօտենալու. կաթուղիկոսն ուրիշ եկեղեցական խնդիրներ այլ ըրաւ Վահան մետրապօլտին հետ, եւ նոր ու հին տեղեկութիւններըխառնեց իր գրած ճառերուն մէջ:

Ժողովքին յաջորդ տարին (863) մեծ բնական դիպուած մը պատահեցաւ ի Հայս, որ թէ իշխանապետին եւ թէ քահանայապետին գութը եւ խնամքը շարժեց: Այս դարուս (Թ) գրեթէ բոլոր վերջին կիսուն ստէպ երկրաշարժեր եղան արեւելք, Կ. Պօլսէն սկսեալ ինչուան ի Հնդկաստան, մեծ վնասներով, շատ անգամ այլ հանդիպեցաւ ի Հայաստան, որուն լեռներն եւ հրաբղխի կազմուածքն գետնաժաժի ահեղ թատր կ՚ըլլան, այս միջոցիս մասնաւոր թատր եւ ողբական թատր եղաւ Դուին քաղաքն իր սահմաններով: Այս քաղաքս յետ մահուան մեծին Տրդատայ, ի կէս Դ. դարու, կանգնեցաւ Հայոց հին մայրաքաղաին` Արտաշատայ քով, տափակ բլրի մը վրայ, որ կ՚երեւի թէ մարած հրաբղխի կատսայ մ՚է. 500 տարիէ ի վեր էր որ Հայաստանի առաջին քաղաք կու ճանաչուէր, եւ յետ մեր վերջին Արշակունի թագաւորաց` աթոռ եղաւ Պարսիկ մարզպանաց եւ յետոյ արաբացի ոստիկանաց, եւ այնպէս էր դեռ այս յիշած ատենս այլ, եւ անկէ այլ ետեւ գրեթէ դար մը եւ աւելի այլազգեաց ձեռքն մնաց: Մեծ մայրաքաղաքի մը շատ յատկութիւններ ունէր, բազմամարդութիւն, հարստութիւն, շինութիւն, շռայլութիւն, եւ այլն. անոր համար պատմիչք ժամա­նա­կին` եղած վտանգը քաղաքացւոց մեղաց պատուհաս կու սեպեն, որոց մէջ թէ քրիս­տոնեայք թէ այլազգիք շատւոր էին. եւ յիրաւի զարմանալի է որ այս ատենս, (30 տարուան միջոց) երեք մեծ ժաժ կու յիշեն պատմիչք, երեքն այլ ի Դուին հանդիպած, մէկմէկէ սաստիկ եւ ահեղ, առաջինն եղաւ այս թուիս (863) մեծ պահոց մէջ, եւ շատ չէնք փլան քաղքին ամէն կողմն այլ, հանդերձ մասամբ պարսպաց քաղաքին, եւ որ աւելի կսկծալին է 12, 000 հոգի փլատակաց տակ կորաւ. մնացեալ բազմութիւնն սարսափած տուներէն փախան, եւ ուրիշ ծածք չգտնողք` հրապարակ եւ բաց տեղեր կենային, եղանակն այլ դեռ ձմեռ ըլլալով, եւ սաստիկ ձմեռ, շատերն ցրտէն վնասուեցան, ինչուան ոմանք սառելով կամ ձեռքերնին եւ ոտուընին կորսնցնելով: Աւելի վախ տուողն այլ ժաժին նոր սպառնալիքն էր, վասն զի երեք ամիս ատեն ատեն կ՚երերար գետինն: Ասոր համար Զաքարիա կաթուղիկոս աղօթք հրատարակեց հաւատացելոց, ինքնին աղօ­թա­կանաց գլուխ կենալով, եւ իր բարեպաշտութեան պտուղ սեպուեցաւ սա­սա­նութեան դադրիլն: Բայց չորս հինգ տարի ետեւ (867-8) նորէն ժաժ եղաւ եւ գրեթէ ամբողջ տարի մը քշեց, երբեմն աւելի երբեմն պակաս վնաս ընելով. սակայն բոլոր կորուստն մէկ տեղ բերելով սոսկալի թիւ մը կու նշանակէ պատմիչ մը, 120, 000 ոգի փլատակաց եւ պատառմանց մէջ փճացած, եթէ գրչաց մէջ սխալ չկայ, որ բացարձակ կու գրեն. «Խորասուզեաց յանդունդս իբրեւ երկոտասան բիւր մարդկան, ահա խոտոյ նմանութիւն առի մարդ»: - Բայց ասկէ ահեղ եւ մեծ սեպուած է 25 տարի ետեւ հանդիպածն (893) Աշոտոյ մահուանէն քանի մը տարի վերջը. վասն զի յանկարծակի եւ գիշեր ատեն եղաւ, եւ այնպէս սաստիկ` որ քաղաքին մեծ մասն կործանեցաւ եւ 70, 000 ոգի մէկ ցնցմամբ ընկան անկանգնելի. որ ոչ միայն մարմնաւոր կենաց` այլ եւ հոգւոց մահուան մեծ վախ տուաւ. վասն զի շատերն շփոթելով կարծէին թէ Աստուծոյ նախախնամութիւնն բոլորովին հեռացեր է անոնցմէ, որոնց սիրտը եւ հոգին բժշկելու` միայն հնարաւոր գըտուեցաւ Սեւան կղզւոյ վանահայր մեծ եւ գիտնական ճգնաւորն Մաշտոց, որ այն ատեն ի Հայաստան առաջին անունն էր սրբութեամբ եւ կրօնասիրութեամբ եւ ամենուն ծանօթ, որով եւ յաթոռ կաթուղիկոսութեան հրաւիրեցաւ (897): Թէ ժամանակիս ամենէն նշանաւոր անձանց մէկն ըլլալուն, եւ թէ Աշոտոյ հետ այլ ծանօթութիւն ունենալուն` հարկաւոր եւ ախորժելի է հիմայ թողուլ զԴուին կիսաւեր կիսականգուն, եւ Սեւանայ մեծաւորը նկատել:

Մաշտոց, որոյ մկրտութեան անունն թուի Ստեփանոս, Աշոտէն իբրեւ 14 տարի վերջ յաշխարհ եկած է (833-4) քահանայական ազնիւ ցեղէ մը, յԵղիվարդ գեօղ Այրարատայ, Արայի լերա ստորոտը. ուր առաջին տարիներն անցուց իր հօր` Գրիգոր քահանային խնամոց եւ զգաստութեան տակ. որ եւ այն ատենի բռնաբարոյ ոստիկանաց նեղութենէն զզուած, թողուց հայրենիքը եւ եկաւ Գեղամայ ծովուն հարաւակողմը Սոթք գաւառին մէջ բնակեցաւ, եւ բարեպաշտութեամբ կու կրթէր զաւակները. որոնցմէ զՄաշտոց` երբ չափահաս եղաւ` դրաւ ի կրթութիւն եւ ի կարգ քահանայութեան ի վանքն Մաքենոց, որ Գեղամայ եւ Սոթից գաւառին միջոց ծովուն մօտ` սարատափ տեղ մը շինուած է, եւ հիմայ Գզըլ - գիլիսէ կ՚ըսուի. իսկ այն ատեն այն կողմերուն, եւ թերեւս բոլոր Հայոց վանքերուն մէջ նախապատիւ էր, իր միանձանց խստակրօն վարուք եւ գիտնականութեամբ. որոց պատճառ եղած էր իմաստուն հայրն Սողոմոն, դար մը եւ աւելի առաջ: Այս վանքս որ քանի մը Սողոմոններու մենարան, Ստեփանոս Սիւնեցւոյն վարժարան, Վահանայ Գողթնացւոյն օթեւան եղած էր, Մաշտոց այլ մազարան եղաւ. թէպէտ եւ քիչ առաջ Բաբանայ բռնութեամբ աւրուած էր. եւ միանձունքն ցրուըտած, բայց Աշոտոյ փեսայն` Վասակ` նորէն նորոգել տուեր էր (յամի 851), եւ կրօնաւորքն ժողովեր էին, որոց հիմակուան ատենս առաջնորդն էր Ստեփանոս անուամբ մէկն. որ դաստիարակեց զՄաշտոց, եւ քահանայ ձեռնադրել տուաւ Սիւնեաց եպիսկոպոսին (Դաւթի): Մաշտոց հոգեւոր եւ գրաւոր կրթութեամբ հոն կատարուելով, եւ աւելի առանձնական ձգնական կենաց փափագելով, թողուց արդէն բաւական խստակրօն (Մաքենոցաց) վանքը, եւ Արտաւազդայ - ապարանք ըսուած տեղը անապատասուն ճգնաւորաց մէջ գնաց: Քիչ ատենէն անկէ այլ ելաւ, եւ եկաւ` այն տարին յորում Աշոտ իշխանապետութեան հասաւ (862), ինքն այլ մտաւ ի Սեւան, յամայի եւ միայնակ կղզին Գեղամայ ծովուն. եւ քան զնա զարմանալի տիրութիւն կամ հասարակութիւն մը հաստատեց, որ եւ յետ վերցուելու Աշոտոյ տէրութեան եւ ցեղին, եւ յետ հազար տարւոյ` դեռ ինչուան հիմայ այլ կու դիմանայ: Այս հասարակութիւնս էր խստակրօն ճգնաւորաց միաբանութիւն մը. վանք մը, որ թէ եւ այս հազարամեկիս մէջ միշտ չմնաց առաջին փայլման մէջ, ի սրբութեան եւ ի գիտնականութեան միաբանից, եւ զանազան դիպուածներէ անցաւ, ի վերայ այսր ամենայնի գրեթէ ամենէն հին մնացած եւ բնակած վանքն է մեր աշխարհին մէջ, ի բաց առեալ քանի մը մեծ ուխտատեղի եւ եպիսկոպոսական աթոռներ (ինչպէս յերկիրն Մշոյ):

Լեռներով շրջապատուած եւ ընդարձակ ծովակի մը մէջ մէկ հատիկ կղզի մը, որ իր բնագիր բարձրութեամբն (մեծ ծովուն երեսէն 6000 ոտքէն աւելի վեր ըլլալով) տարւոյն քանի մը ամիսը բոլորովին սառած սպիտակ անապատ կու դառնայ: Ի՜նչ յարմար առանձնութեան եւ մտածութեան տեղ. թերեւս աւելի այլ կ՚ըլլար, եթէ կղզին քիչ մ՚այլ աւելի ծովակին մէջտեղուանքն ըլլար. բայց անոր մէկ ծայրն է ցամաքին մոտ. այնչափ ո բարձր կանչելով` ձայնն կու հասնի եւ կու լսուի. բայց ով որ աղաղակ չիսիրեր, նա եւ ոչ կու լսէ: Մեր աշխարհին ամեն մեծ ծովակներն այլ այսպէս մենացեալկղզեվանքեր ունին, որք հին եւ հեթանոսութեան ատեն այլ չաստուածոց նուիրեալ տեղիք էին, եւ երբեմն նաեւ ամուր եւ ապաստանի տեղ կամ բերդ: Այսպէս էր եւ Սեւան, ուր կ՚աւանդեն, թէ Ս. Լուսաւորիչն կործանելով կռոց մեհեանը, եւ տեղւոյն լռութիւնը տեսնելով` ըսած ըլլայ: Այս է վան, այսինքն վանքի յարմար տեղ, եւ անկէ ելած ըլլայ Սեւան անունն. բայց պէտք է որ անկէ հին ըլլայ այդ անունդ: Մեհենին տեղ Լուսաւորիչ պտի մատուռ մը շինեց, կ՚ըսեն, յանուն Ս. Յարութեան, որոյ եւ կործանած պատերուն մնացորդն կարծուի թէ ինչուան հիմայ կ՚երեւի. իսկ ուրիշ հին շինուածոց մնացորդքն այլ ջրին տակ երբեմն կ՚երեւին. ըսել է որ ջուրն բարձրացեր է. եւ կարծուին մնացորդք այն ամրոցին` ուր Ը դարու մէջ քանի մը հեղ ամրացան Հայք Արաբացւոց ասպատակութեան ատեն, բայց վերջապէս Արաբացիք մտան հոն եւ աւերեցին. թէպէտ եւ անկէ վերջն այլ շատ հեղ նոյնպէս ամրութեան եւ ապաւինի տեղ եղաւ կղզին: Իսկ Մաշտոցի հոն քաշուած ատեն` անշէն եւ երեսէ թողած տեղ մը կ՚երեւի, Սիսական իշխանաց տէրութեան տակ: Իրեն ուզածն այլ այսպիսի ամայի մոռացեալ տեղ մ՚էր, ուր ձմեռուան սառամանեաց եւ գարնան սքանչելի ծաղկազարդութեան մէջ` տասն տարիէ աւելի միայնակ Աստուծոյ հետ կենակցէր: Բայց անկարելի եղաւ մարդկանց ծանօթութենէն եւ մեծարանքէն ազատիլ, շնորհալի վարքն, խօսքն, գիտութիւնն` իր անունը հռչակեցին. այն կողմերուն տիկինն` նախայիշեալն Մարիամ, դուստր մեր Աշոտոյ, ծովուն եզերքը նորաշէն եկեղեցեօք կու զարդարէր, եւ կ՚ըսեն թէ իր վաղամեռ ընկերն` Վասակ` կտակաւ պատուիրեր էր իրեն որ 40 եկեղեցի շինէ իր հոգւոյն յիշատակին, հիմայ բարեպաշտ տիկինն լսելով Մաշտոցի համբաւը եւ Սեւանայ միայնութիւնը, ուզեց երկուքն այլ տեսնել եւ հօն այլ եկեղեցի շինել: Մաշտոց` այն տեղը ճգնաւորանոց սեպելով` չէր հաւանիր որ կին մարդ մտնէ. բայց յետոյ, կ՚ըսեն, տեսիլք տեսնելով եւ Աստուծոյ կամքն իմանալով` թոյլ տուաւ, որ գայ Մարիամ եւ ընտրէ տեղ, ու երկու եկեղեցին շինել տայ, մէկն յանուն ԺԲ Առաքելոց, մէկայլն Ս. Աստուածածնի, երկուքն այլ կանգնած յամի 874 որք յետոյ ատեն ատեն նորոգուելով դեռ նոյն դիրքով եւ մեծութեամբ կանգուն եւ շէն են, եւ Հայաստանի հին եկեղեցեաց մէջ յիշուին: Կղզւոյն արեւելակողմը` քարոտ եւ դժուարին, միանգամայն եւ ցամաքէն ամենէն հեռու տեղը` երկու քարուկիր խցիկներ կան, որ Մաշտոցներ կ՚ըսուին, եւ Մաշտոցի առանձին ճգնարանքն ճանաչուին, ուր թողլով արդ զինքը իր աշակերտօքն քանի մը տարի վերջը նորէն դառնանք բարեւելու Աշոտոյ հետ. հիմայ պէտք է ասոր հետ ըլլալ:

Ժաժին տարին` կամ եղած շփոթութիւնը իրեն օգնական առնելով, կամ իր երկրին աւերածըուրիշ երկրի աւարով լեցընել ուզելով: Ջահապ` Սեւադայի որդին (զոր Աշոտոյ պապուն ատեն յիշեցի) որ Դունայ կողմերուն կ՚իշխէր, յանկարծ զօրքերը ժողովեց, Աշոտոյ բուն տիրութեան եւ ժառանգութեան մէջ մտաւ, Արշարունեաց կամ Երասխաձոր գաւառը. եւ այս գետոյս հարաւային կողմը անցնելով` բանակեցաւ: Աշոտ իր նոր սպարապետին, (որ էր իր երիտասարդ եղբայրն Աբաս) յանձնեց բոլոր իր ձեռքին տակ եղած զօրքը: Աբաս ժողովելով իրեններն այլ, գումարեց 40, 000 կտրիճ եւ շատ արիւն տեսած զօրք, զորոնք պատրաստելով Կաղզուանայ քովերը, Ջահապայ չկարծած ատեն վրան հասաւ, եւ անոր բոլոր բանակը ցիրուցան ըրաւ, ոմանք որի տակ ընկան, ոմանք ջրին մէջ` գետէն անցնելու աճապարելով, քիչերն կրցան փախչիլ, որոնց մէջ Ջահապ այլ 16 մարդով հազիւ կրցաւ ազատիլ եւ ամօթով դառնալ: Իր բանակած եւ յաղթուած տեղն ի յիշատակ 40, 000 զօրացն Հայոց` Քառասունք կոչուեցաւ. Կաղզուանէն քիչ հեռու, բայց Երասխայ մէկայլ (հիւսիսային) կողմը հիմայ կու նշանակուի Քէռս անուն գեղ մը, թուի թէ նոյնն է, անոնն քիչ մը կարճըցած. իսկ գետն` որ այն տեղուանք ընթացքը շատ փոխած է, կ՚երեւի թէ հազար տարուան շարժմամբ քիչ մ՚այլ աւելի դէպ ի հարաւ իջեր է. բայց ուրիշ տեղ մ՚այլ կու նշանակուի դէպ յարեւելք եւ գետեզերքը Քարակուն անուամբ. այս երկուքէն ո՞րն է Աբասայ յաղթութեան տեղն. - երբ յայն կողմերը յայց ելլենք, ջանանք ստուգելու:

Աշոտ այս դիպուածին մէջ ամիրապետէն նկատելու ամենեւին հոգ չունէր, որովհետեւ Ջահապ ոչ ամիրապետին կամօք տիրեր էր, եւ ոչ այլ իրաւունք մ՚ունէր, ուրեմն այս գործով ոչ միայն իր իրաւունքը եւ ազգը պաշտպանեց, այլ եւ ուժը բաւական ցըցուց շրջակայ ամիրայից եւ ազգաց այլ, որք երկար ատեն հանդարտ եւ սմքած կեցան, իրենց այլ դիմացինին այլ չափը ճանաչելով:

Տասն տարւո չափ պատմութիւնն նոր դէպք մը չի յիշեր. յայտնի է որ խաղաղութեան տարիներ էին (863-873), Աշոտոյ քաջութեան եւ խոհեմութեան պտուղ. միանգամայն եւ աշխարհաշինութեան տարիներ. թէ ինքն Աշոտ, թէ եղբարքն եւ թէ փեսայքն` այս միջոցիս շատ շէնքեր շինեցին եւ նորոգեցին: Ժամանակն դարձեալ անոնցմէ շատը ջնջեց, մանաւանդ քաղաքական շինուածները, իսկ եկեղեցեաց մէկ մասն դեռ կեցած է, քիչ կամ շատ խախտած եւ նորոգուած, եւ ասկէ հազար տարի առաջ հայկական ճարտարապետութեան օրինակ մը կրնայ ըլլալ:

Այս խաղաղութեան եւ շինութեան միջոց կաթուղիկոսն այլ իրեն վայելուչ շինութիւններ եւ կարգաւորութիւններն ըրաւ. ինքն այլ քահանայապետական իշ­խա­նութիւնը պայծառացուց եւ պատկառելի ըրաւ այլազգեաց անգամ. այնպէս որ երբ այցելութեան գնաց առ իսէ որդի Շէխեայ (873), (որ ամիրապետէն կողմ­նա­կալ զրկուած էր Ասորւոց կողմերու ինչուան ի Պաղեստին, միանգամայն եւ Հայոց այլ վերատեսուչ), ոստիկանն յետ մեծարանօք ընդունելու զԶաքարիա` երթալու ատեն իր հանդիսի դրոշներէն (ալամ) մէկն ընծայ տուաւ, եւ իշխա­նու­թիւն այլ` որ վրան խաչ կանգնէ եւ միշտ իր առջեւէն տանի ուր որ երթայ հանդիսիւ: Այսպիսի բան գուցէ իրմէ առաջ եղած չէր: Նոյն մարդասիրութիւնը ցըցուց Աշոտոյ այլ, մանաւանդ թէ իբրեւ ընկեր գործակից առաւ զանիկա:

Այս ատեններս Վասպուրականի մէջ նորէն շփոթութիւն ծագեցաւ: Աշոտ տէրն Արծրունեաց` իր որդւոյն Դերենկան ըրածին պէս ուզեց դարձեալ զրկել զԳուրգէն (որոյ վրայ երկար խօսեցայ), անոր Անձաւացեաց երկրէն. թէ ոչ բոլորը` գոնէ զկէսը կ՚ուզէր առնուլ եւ իր որդւոյն տալ. յանկարծ զօրօք կոխեց Գուրգենայ երկիրը, եւ պատգամ խաւրեց որ եթէ չուզեր պատերազմ` թողու երկ­րին կէսը: Գուրգէն անիրաւութեան դէմ իրաւամբ պատասխան տուաւ. Զիս իմ հայրենի երկրէս դուրս հանեցիք, Աստուած ինծի ուրիշ տեղ մը տուաւ, զա՞յս այլ կ՚ուզէք յափշտակել. միթէ միայն դո՞ւք պիտի տիրէք երկրի: Աստուած այս բանիս դատաստանը պիտի տեսնէ: Եւ առանց ատեն կորցընելու` իր եղբօրորդւոյն (Գրիգորի) ձեռքը քանի մը հարիւր կտրիճներու գունդ մը տուաւ. զոր իմանալով Աշոտ` արհամարհեց եւ անհոգ կեցաւ. բայց անոնք գիշերանց ընկան Արծրունեաց բանակին վրայ եւ շփոթելով ցրուեցին, հանդերձ անոնց իշխանաւն. որ այս ամօթալի փախըստեան փոխարէն, կամ վրէժը պահանջելու համար` 5, 000 հեծեալ ժողովեց իր եւ շրջակայ երկիրներէն, մեր իշխանապետին որդին Սահակն այլ գլուխ զօրաց դրաւ, (որ կ՚երեւի թէ իր քրոջ եւ քեռառն քով էր նոյն ատեն). ասոնք ելան գացին պաշարեցին Կանգուար բերդը, ուր ամրացեր էր Գուրգէն, եւ երկու ամիս աշխատելով` բան չկրցան ընել: Սահակ` իր հօրը խաղաղասէր ոգին բանեցուց, թերեւս անկէ պատուէր այլ առնըլով, եւ միջնորդ եղաւ խաղաղութեան, զօրքերը արձակեցին, Գուրգէն եւ Աշոտ արծրունի եկան զիրար տեսնելու, հաշտութեան ուխտ դրին եւ սիրով բաժնուեցան:

Արծրունին այս գործը թողլով` ուրիշի մը ձեռք զարկաւ, որ թէ եւ աւելի իրաւացի` այլ նոյնպէս դժուար եւ անյաջող: Վանայ երկրին հիւսիսակողմն կայ երկրին Ամկոյ, որ Վասպուրականի գաւառ մ՚էր, բայց հարիւր տարիէ աւելի էր որ արաբացի ցեղ մը Ութմանիկ կամ Էօթմէնիկ ըսուած կու տիրէր անոր, եւ այս ատենս անիրաւութեամբ` Աշոտոյ գլխաւոր իշխաններէն մէկը սպաններ էր (Ռոստոմ Վարաժնունի). որոյ արեան վրէժը պահանջելու եւ իր հին հայրենեաց ժառանգութիւնը ամբողջացընելու համար` Աշոտ եւ իր որդին Դերենիկ, (երկուքն այլ տաքգլուխ) եկան պաշարեցին Ամկոյ բերդը, որ ամրութեամբ շատ անուանի եւ անառիկ ճանաչուէր, այնպէս այլ մնաց հիմայ: Հոն բան չկարենալով տեսնել, եկան Արծրունիք Վարագ լերան կողմերը ամրոցներուն տիրելու, քանի մ՚առին, մէկն այլ պաշարեցին, եւ մոտ էին առնելու, երբ յանկարծ մեծազօր թըշնամի մի հասաւ վրանին` 15, 000 սպառազէն ձիաւորք, մեծ կողմնակալն Յիսէ, հանդերձ Մանազկերտի այլազգի իշխանին զօրքերով, զորս յօգնութիւն կանչեր էին Ութմանիկք: Արծրունեաց տէրն եւ որդին իրենց սովորական յանդգնութեամբ` բերդին պաշարումը թողլով, 2, 000 ձիաւորով 12, 000 աց զէմ ելան. խոհեմ իշխան մը` Վահան` ցուցընելով այտնի վտանգը կու խրատէր զԱշոտ որ յետ քաշուի. եւ հազիւ կրցաւ նոյն իսկ Յիսէի իշխանաց մէկուն հետ միաբանած` խօսք հասկըցընել Աշոտոյ եւ յետ դարձընել. Յիսէ եկաւ մտաւ ի Վան ուր Դերենիկ` Աշոտոյ որդին, եւ Գագիկ` Վահանայ որդին, աղաչաւոր եկան առ կողմնակալն, պատանդ տուին, խոստացան հարկերն այլ տալու, եւ խաղաղութեամբ դարձուցին զՅիսէ: - Այս դիպուածէս քիչ վերջը մեռաւ Աշոտ (874) եւ տեղն անցաւ իր գործակից որդին Գր. Դերենիկ` մեծին Աշոտոյ փեսայն:

Իսկ Յիսէ կողմնակալն այս կողմերէն ելնելով գնաց Հայ-Աղուանից երկիրը, ի Պարտաւ մայրաքաղաքն, որ Դոնայ պէս արաբացի ոստիկանի մը աթոռ էր. հոն իբրեւ իրեն փոխանորդ թողցուց Եմէնցի Արաբ մը Մուհամմէտ Էպիւլվէտ անուն, զոր պատմիչք մեր անունեն Եմեմիկ կամ Համանիկ Մահմէդ որդի Ապլվիտայ կամ Ապլվիստոյ: Սա Յիսէի հեռանալէն ետեւ տեղացի իշխանաց հետ միաբանելով` գլուխ քաշեց զինքը հաստատողէն. Յիսէ իմաց տուաւ մեր իշխանապետին, եւ միաբան եկան ապստամբին վրայ ու պաշարեցին Պարտաւ քաղաքը. ժամանակն յարմար չըլլալով յետ դարձան, եւ նորէն եկան. եւ թէպէտ 13 ամիս այն կողմերը կեցան, բայց չկրցան առնուլ քաղաքը: Յիսէ կու փութար իր տեղը եւ իր գործոցը դառնալու. Աշոտ այլ պարզ անոր օգնելու եւ ամիրապետին հաւատարիմ երեւելու համար եկած էր, քան թէ ինքնակամ Պարտաւայ բռնաւորին հետ կռուելու, սակայն այս բանս բաւական առիթ եղաւ իր անոր մէջ թշնամութիւն ձգելու: Արդ երբ Յիսէ բոլորովին հեռացաւ. Եմէնիկն համարձակութիւն գտաւ վրէժը պահանջելու. երես երեսի գալ, զօրքով Աշոտոյ դէմ ելնել չէր համարձակեր. աւելի անաշխատ եւ ստիպողական կերպ մը գտաւ զԱշոտ իր ձեռքին տակ ձգելու, եթէ Աշոտ այլ իրմէ աւելի խորագէտ եւ հնարագէտ չըլլար:

Մուհամմէտ թուղթ թղթի վրայ դեսպան դեսպանի վրայ կու խաւրէր Հայոց իշխանաց` որ զինքն ընդունին իրենց երկրին ոստիկան, շատ դիւրութիւններ խոստանալով. անոնք Աշոտոյ հետ միաբան` իմանալով խորամանկութիւնը` իրմէ առաջ մարդ խաւրեցին առ ամիրապետն, եւ ոստիկան խնդրեցին զԱհմատ Իպն – Խալէտ (Ահմաթ որդի Հալթի, կամ Համադա` ըստ պատմչաց մերոց) որ առաջ այլ քիչ մ՚ատեն Բուղայի երթալէն վերջը ոստիկան եղած էր ի Հայս (856): Ամիրապետն հաւանեցաւ Հայոց խնդրոյն. Ահմատ փութացաւ իր հին աթոռը. եւ երբ Ասորեստանէն մտաւ ի Դատուան (մօտ ի Բաղէշ) որ շատոնց արաբացի իշխողաց աթոռ մ՚եղած էր, բոլոր մերձակայ երկիրներու իշխանքն ընդ առաջ եկան, որոց մէջ էր Գր. Դերենիկ Արծրունեաց տէրն, Աշոտ կիւրապաղատ (որդին Բագարատայ) տէր Տարօնոյ: Մեր իշխանապետն այլ իր կողմանէ խաւրեց իր Շապուհ եղբայրը. ամենքն այլ ընծաներէն զատ, հետերնին զօրք այլ առած էին, որ հանդիսով տանին նստեցընեն զնա ի Դուին: Ասոնց հետ եկեր էր նաեւ Մանազկերտի կողմերուն իշխող արաբացին Էպիւլ – Ֆէրս (Ապլբառ), եւ ուրիշ այլազգի իշխանք: Եմէնիկին կողմանէ այլ մարդ կամ թուղթ կար, որ իր ոխը չմոռանալով գրգռեց բոլոր կրօնակիցները եւ զնոյն ինքն Ահմատ` Հայերը բոլորովին նուաճելու: Նորընտիր ոստիկանն ապերախտութեամբ հաւանեցաւ բանսարկուներուն, եւ գրեց առ Եմէնիկն` որ զօրք պատրաստէ եւ իբրեւ իրեն թշնամի ձեւացած գայ ի Հայաստան, երբ ինքն Հայոց իշխանները ի Դուին ժողովէ` հարկերը պահանջելու համար. եւ այսպէս երկու կողմէն զանոնք մէջ փակելով` ուզածնին ընեն: Զգաստն Աշոտ որ Եմէնիկին ինչ ոգւոյ եւ կրից տէր ըլլալը լաւ գիտէր, եւ այն այլազգեաց հաւատարմութեան չափն այլ, ամեն գլխաւոր ճամբու անցքերու վրայ ծածուկ լրտեսներ դրեր էր. եւ թէպէտ իր թշնամիքն այլ ծածուկ հնարքներ կու բանեցընէին, եւ նամակները չկարծուած բաներու մէջ կարելով կու խաւրէին, բայց իր աչալուրջ լրտեսներէն ամենքն այլ չազատեցան. թուղթ եւ թղթատար բռնուեցան: Աշոտ առանց ձայնձնելու` թղթատարները յարգելան դրաւ, թղթերն այլ քովը պահեց. եւ ոստիկանին քով եղած իշխանաց իմացուց որ զգուշանան. անոնք այլ մէկիկ մէկին զօրքերնին հեռացուցին փախան, իրենց տեղը դարձան: Ահմատայ յուղարկաւոր չգտնուեցաւ` բաց Էպիւլ – Ֆէրսի զօրագնդէն, որոնմով կորագլուխ եկաւ մտաւ ի Դուին: Իշխանապետն այլ ընծաներով գնաց ի պատիւ անոր, միանգամայն եւ ի փորձել. եւ իմացաւ որ Եմէնիկէն աւելի լցուեր է նա ոխով, եւ մեծ մեծ կու բրդէ. առ ժամ մը լռեց Աշոտ իբրեւ չիմանալով միտքը, ինչուան որ ապերախտին սպառնալիքն սկսան աւելի յայտնի ըլլալ: Այն ատեն ինքն այլ անվախ եւ տիրաբար հրամմեց դատել զնա, որ իբրեւ վերակացու էր եկեր Հայոց, եւ խարդախ դաւաճանող կ՚ըլլար:

Հանդիսական օր մը երբ առաւօտուն Ահմատ հանդիսի իջած իշխանական վրանին տակ գոռոզացեալ կեցեր էր մեծամեծոց շնորհակալութիւնը ընդունելու, եւ անհամբեր կու սպասէր Հայոց իշխանաց իշխանին այցելութեանը, յանկարծ տեսաւ որ անոր եղբայրն է ներս մտնողն, Աբաս սպարապետն. եւ յիրաւի սպարապետի յանդգնութեամբ, սպառազինութեամբ, կայտառ եւ ահարկու կերպարանօք. որուն անսովոր եւ զինեալ այցելութեան վրայ զարմացած` բարկանալու ատեն չմնաց. վասն զի իմացուեցաւ որ դուրսն այլ զինուորաց պատրաստութիւն կայ. ականջներն ցցուեցան, լսեց զինուց եւ վահանաց շկահիւնը, ձիոց ոտնաձայնը եւ խրխինջը, վախն առաւ սիրտը, եւ գրեթէ մեքենաբար երկընցուց ձեռքը առ Աբաս` որ թուղթ մը կուտար իրեն: … Ի՞նչ ցուրտ զարմանք, ի՞նչ գունաթափութիւն, ի՞նչ գող եկաւ վրան, երբոր տեսաւ իր իսկ մատնութեան թուղթը` զոր գրեր էր առ Եմէնիկն` ընդդէմ Հայոց: … Աշուըներն մթընցան, դողդըղալով կարծէր թէ Աբաս թուղթը թողլով` թուրը պիտի իջեցընէ չարանիւթ գլխուն վրայ: Բայց սպարապետն անոր ձեռքէն քաշելով, եւ մահուան վախէն վստահացընելով` հանեց վրանէն դուրս, ուր ջորի մը պատրաստուած էր. հեծցուց վրան, եւ ցուցընելով հարաւային ճամբան, Գնա, ըսաւ, գլուխդ քեզի պարգեւ, բայց մէկ մ՚այլ մի' դառնար: Ջորին սկսաւ հալածական տանիլ իր տիրոջ անհաւատարիմը եւ մեր հայրենեաց դաւաճանը, մինչդեռ նա իբրեւ երազէ երազ, ափշութենէ ափշութիւն, վախէ վախ կու տեսնէր` որ իր հետ բերած զօրաց գունդն այլ` զինաթափ եղած ի զօրացն Հայոց` մերկ տկլոր միայն իրենց բերած բաներովը եւ ձիերովը դէպ ի Մանազկերտ ճամբայ կու գրուէին, ուսկից որ եկեր էին: Իսկ զինքը Ահմատ դէպ ի Վասպուրական դարձուցին, ուր աշխոյժն Շապուհ` իշխանապետին որդին` պահապան գնդով մը քշելով նա տարաւ մինչեւ ի սահմանածայրն Հայաստանի, եւ Ասորեստանի անապատը հանելով` դարձաւ առ հայրն: - Ահմատայ գալուն եւ երթալուն տարին որոշ նշանակուած չեն, բայց կ՚երեւին յամս 877-880:

Այս դիպուածէն քիչ մ՚առաջ` մեր այս պատմական թատերէն նշանաւոր անձ մը պակսեցաւ. ի վերջ 875 տարւոյ Զաքարիա կաթուղիկոսն վախճանեցաւ, իր հայրապետութեան քսան երկրորդ տարին, աստիճանին յարմար վարքով եւ փառքով եւ իրեն տեղ ընտրեցաւ ի սկիզբն յաջորդ տարւոյն (876 յանուարի 13ին) Գէորգ Բ. արժանաւոր անձն, ծնընդեամբ ի Գառնի գիւղաքաղաքէ, որ եւ իր երկու նախորդաց չափ (Յովհաննու Ե, եւ Զաքարիայի) 22 տարի քահանայապետեց, եւ անոնց պէս արթնութեամբ աշխատեցաւ թէ եկեղեցւոյն վրայ, եւ թէ աշխարհին քաղաքական հանդարտութեանը, օգնելով Աշոտոյ եւ միջնորդ ըլլալով իշխանաց հաշտութեան: Ժամանակն եւ պաշտօնն իրեն այլ բերին վշտալի եւ սեւ օրեր. ինչպէս, ոմանց իշխանաց եւ եկեղեցականաց հակառակութիւնք_ - Ափշնի ասպատակութիւնն ի Հայս որոյ ձեռք ընկաւ ինքն այլ, - Դունայ ետքին մեծ ժամն, եւ ամենէն առաջ մեծ մահտարաժամ մը(876), զոր յիշող ժամանակագիրն (Ասողիկ) կ՚ըսէ, «մահն ահագին համաշխարհական», եւ ուրիշ տեղեկութիւն չիտար: Բայց ունեցաւ այլ պայծառ եւ ուրախալից օրեր. ինչպէս, նոյն իշխանաց հաւանութիւնն եւ հաշտութիւնն, Աշոտոյ թագաւորութեան հասնիլն, եւ անկէ առաջ Աղուանից կաթուղիկոսաց եւ Սիւնեաց մետրապօլտին հաւանութիւնն եւ հպատակութիւնն իրեն լուսաւորչական աթոռոյն, ուսկից որ պատճառաւ մը բաժնուեր էին, եւ իրարմէ ձեռնադրութիւն կ՚առնուին (Աղուանք եւ Սիւնիք): Հիմակուան հաշտութեանս փառքն մեր իշխանապետին կու վայլէ. վասն զի ինքն եղաւ միջնորդ, հաւանեցուց զիշխանս Աղուանից որ իրենց անձնակամ կաթողիկոսն օրինաւոր ձեռնադրութիւն առնու ի Գէորգայ կաթուղիկոսէ (877). այս առթիւ բարեկարգութեան ժողով մ՚այլ եղաւ, եւ Գէորգ կանոններ դրաւ Հայոց եւ Աղուանից աթոռոց յարաբերութեան վրայօք:

Գէորգայ կաթուղիկոսութենէն քանի մը տարի ետեւ` իր նախորդին բարեկամն Փոտ` դարձաւ աքսորէն եւ յաջորդեց զԻգնատիոս, ինչպէս որ ի սկզբան այլ յիշեցինք, հանդերձ պատճառաւն. որ է Վասիլ կայսեր վրայ ստեղծած հաճոյական գուշակութիւնն. որոյ համար կայսրն, կ՚ըսեն ոմանք, ղրկեց դեսպան մ՚առ Աշոտ` իրմէ թագ խնդրելու: Յոյնք չեն յիշեր այս բանս, զոր եթէ ստոյգ այլ գիտնային` թերեւս իրենց պատիւ չէին կարծեր. մեր ժամանակակից պատմիչք այլ չեն պատմեր, այլ ետքէն եկողք. մեզի շատ անհաւան չերեւիր` ժամանակին եւ անձանց պարագաները դիտելով. մանաւանդ որ պատմիչք կու յիշեն Վասլի զրկած դեսպանը եւ շատ ընծաներն առ Աշոտ. զոր ոմանք կու գրեն` թէ Աշոտոյ թագաւորելէն ետեւ զրկեց հանդերձ թագաւ ի պատիւ նորա. բայց այս յայտնի սխալ է. վասն զի Վասիլ կայսր մեռաւ յօգոստոսի (կամ այլ առաջ) 886 տարւոյն, ապա ուրեմն Վասլի դեսպանն խաւրուած է մինչդեռ Աշոտ ամիրապետէն թագ առած չէր: Կրնանք կարծել` թէ Վասիլ իր կողմանէ կանխած` անոր գլխու զարդ կամ պսակ խաւրած ըլլայ, ուրիշ զարդերու եւ ընծաներու հետ. բայց այս ամեն բանն այլ կ՚իմացընեն` որ հարկաւոր եւ մեծ բան մ՚ունէր Վասիլ Աշոտոյ հետ. եւ յարմար է ըսել. թէ առանց շատ ձայն հանելու` կամ զինքը կամ իրենները հաճեցընելու համա` ուզեց Աշոտէն Արշակունեաց թագը, ինքն այլ անոր խաւրեց բիւզանդական պսակ մը: Ժամանակակից մեծ պատմիչն Յովհ. կաթուղիկոս` որոշակի թագ չի յիշեր, բայց կերպով մը թագաւորակից կ՚անուանէ. «Մեծ կայսրն Յունաց Բարսեղ, ոչ փոքր ինչ պայման խաղաղութեան եւ նուաճութեան եւ սիրոյ հաստատէր ընդ արքային մերոյ Աշոտոյ, որդի սիրելի զնա անուանելով, եւ հաղորդակից կացուցանելով յամենայն թագաւորութիւնս թագաւորութեան իւրոյ: » Այս խօսքերս կու ցուցնեն Վասլի կողմանէ զիջողութիւն մը, որ առանց մեծ պատճառի մը չէր ըլլար, զնոյն հաստատէ եւ ուրիշ ժամանակակից մ՚այլ նոյն իսկ դեսպանին ծանօթ (եւ է պատմիչն գիւտի նշխարաց Ս. Լուսաւորչին ի Կոստանդնուպօլիս), որ դիտմամբ, կամ իբրեւ իր նպատակէն դուրս` չի յիշէր դեսպանութեան պատճառը: Կարդանք այս հեղինակին գրուածին սկիզբը, որ մեր Աշոտոյ պատմութեան այլ շարունակութիւն ըլլայ: «Ի ժամանակին` յորում Հայոց թուականն երեքհարիւր քսան եւ եօթն էր, (878-9) առաքեալ լինի ներքինի ոմն, անուն նորա Նիկոդեմոս, (զոր յետագայ պատմիչք մեր կոչեն Նիկետ), ի Վասլէ կայսերէն Յունաց հրեշտակութեամբ` առ Աշոտ իշխանաց իշխան ի Հայս, հանդերձ պատուոյ ընծայիւք եւ վայլչական պարգեւօք ազգի ազգի` բերեալս ի թագաւորէն. եւ հանդիպեալ լինի իշխանաց իշխանին ի գաւառին Արշարունեաց` ի Զարեհուան գեղջ. եւ կացուցեալ առաջի նորա զընծայսն յայնքանոյ մեծէ արքայէն, պատմէ միանգամայն եւ զհրամայեալսն բանս` հանճարեղս եւ ախորժելիս. զոր ընկալեալ իշխանաց իշխանին զյունական` պարգեւսն` զակնախտիտսն եւ զերեւելիսն, մեծարէր եւ զառաքեալ ներքինին` իբրեւ զմտերիմ սպասաւոր թագաւորին. վասն զի էր այրն այն խոհեմագոյն եւ հանճարեղ եւ հաւատարիմ թագաւորին»: Դեսպանութեան գործը լմընցնելէն ետեւ` Նիկետ պատմեց Աշոտոյ, թէ ատենօք ինքն ի ծառայութեան էր իր անուանակից մեծ իշխան ներքինապետի մը, Միքայէլի կայսերութեան ատեն, որ (կ՚երեւի թէ էր Նիկիտասն Օրիւփառ, այս երկու անուամբս այլ յիշուած ի Յունաց` յիսուն տարիէ աւելի միջոց, (827-881), իբրեւ ծովապետ կայսերաց եւ շատ գործոց մէջ մտած. որ ինչպէս մեր հեղինակն յիշեց), առաջ Միքէլի ծառայութեան մէջ էր, եւ անոր մահուան վրէժը կ՚ուզէր առնուլ ի Վասլէ. բայց Վասիլ ճարտարութեամբ որսաց զնա: Ասիկայ ընդոծին մանչիկ մ՚ունէր Սկլաւոն ազգաւ, որ անբժշկելի հիւանդութիւն մ՚ունեցաւ, կամ դիւահարութիւն. օր մը մեծ իշխանն այն, եւ այս Սկլաւիկ պատանին ու մեր դեսպանն մէկ տեղ գացեր էին աղօթելու ի Ս. Երրորդութեան եկեղեցին (ի Կ. Պօլիս). հոն պատին տակ մարմարիոնէ հին գերեզման մը կար արծաթապատ, զոր գիտէին պահարան սրբոց մարմնոց, բայց որուն ըլլալն չէին գիտեր: Աղօթից ատեն յանկարծ պատանւոյն վրայ այլայլութիւն եկաւ, եւ դիւահարի պէս սկսաւ կանչել. Ո՜վ մեծդ Գրիգոր, ո՜վ Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ, ինչո՞ւ եկեր էք ի Հայոց երկրէն, եւ դոք այլ Սարգիս եւ Բաքոս, զիս հալածելու համար: Այս ըսելով ընկաւ պատանին, փսխեց, ու քիչ ատենէն խելքն վրան գալով` ընկաւ տիրոջն ոտքը եւ ըսաւ. Հոս եղած սրբոց զօրութեամբ ես հիւանդութենէս ազատեցայ: Շուտ մը ձայն տուին քահանայից, որ եկան մաքրեցին գետինը. յետոյ աւագերէցն հրամանաւ կայսեր` գերեզմանին բանալիքն բերաւ, որ շատոնց պաշտօնը չընելուն համար` չկրցաւ հիմայ այլ ընել. իշխանն կոտրեց կղպանքը, բացինք եւ գտանք չորս աման. երեքն արծաթէ արձաններ էին, չորրորդն մարմարէ սնտուկ մը, որոց իւրաքանչիւրին քով դրուած այլ կար. այս մարմարին մէջ էր Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի նշխարքն, որոյ ոսկորներն հսկայի ոսկերաց պէս մեծամեծ էին. արծաթէ արձանաց մէջ այլ վերոյիշեալ սրբոց նշխարքն կային, եւ դեռ ուրիշ նշխարք այլ` որոց անունն նշանակած չէր: Թագուհին Թէոդորա, կայսրն Միքայէլ եւ Փոտ պատրիարքն բազմութեամբ ժողովրդեան եկան յերկրպագութիւն, եւ պատուով դրին նշխարքն ի վայելուչ տեղ: Այս դիպուածս հանդիպեցաւ մեծ պահոց հինգերորդ շաբաթուն եւ նոյն օրը տարեկան տօն հաստատեցին. ինչպէս որ հիմայ Աշոտ այլ լսելով իմացուց Գէորգայ կաթուղիկոսի, եւ հաստատեցին մեծ պահոց հինգերորդ շաբաթ օրը տօնել այս յիշատակը, որ հիմայ Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապն կ՚անուանի: - Աշոտ աղաչեց դեսպանին` որ այս դիպուածը տեղն ի տեղն իրեն գրէ. Նիկետ այլ երբ դարձաւ իր տեղը` նորէն ստուգելով գրեց եւ խաւրեց Աշոտոյ, որ աղէկ հայերէն գրելու համար տուաւ «առ ժամանակին կացեալ վարդապետն Հայոց, զոր յետոյ նշանակեցից զանունն», եւ նա այլ թարգմանեց դեսպանին գրածը, քիչ մը գովեստ աւելցնելով ի պատիւ Ս. Լուսաւորչին. եւ յառաջաբան մ՚այլ: - Իսկ այս ժամանակիս վարդապետն ո՞վ էր. խոստացեալ անունն յետոյ յիշուած չէ. գուցէ մեծանունն Մաշտոց վարդապետ ըլլայ, կամ թէ ինքն իսկ կաթուղիկոսն Գէորգ, վասն զի միայն ասոր անունն յետոյ յիշուած է ի պատմութեանն, եւ թերեւս վարդապետ ըսելով կ՚իմանայ զհայրապետն:

Աշոտ զդեսպանը պատուելէն ետեւ` կայսեր ուզածն այլ խաւրեց անոր ձեռքով, հանդերձ ծանր ծանր ընծաներով, եւ «տասն հազար արծաթ (6-6500? ֆրանգ) ընծայ նորաշէն եկեղեցւոյն», զոր չանուանել յիշող պատմիչն, բայց թուի թէ ըլլայ Ս. Միքայէլ եկեղեցին` Վոսփորի ծովեզերքը. զոր պատրիարքն Իգնատիոս նոր լմընցուցեր էր (878), եւ դեռ չէր օծած, եւ երեք տարի վերջը Փոտ պատրիարքն նաւակատիքն ըրաւ (881): Իսկ Նիկետայ բերած ընծայից մէջ կու յիշուի եւ Խաչափայտի մասն, որ յետոյ Հոռոմայրի սուրբ Նշան ըսուեցաւ, այդ անուամբ վանքը պահուելով, որ է ի սահմանս Լօռի քաղաքի Տաշրաց (կամ Սոմխէթի). ուր կ՚աւանդեն ոմանք, թէ Վասիլ անուամբ յոյն իշխան մը Յովհան Իմաստասիրին ատեն` քարայրի մը մէջ առանձնացաւ ի ճգնութիւն, եւ անոր համար Հոռոմ-այր ըսուեցաւ տեղն. իսկ խաչն` Հայոց սքանչելագործ շատ խաչից մէկն եղաւ, եւ զանազան հրաշքն յիշուին:

Ահմէտ կամ Մուհամմէտ ոստիկանը վռնտելէն ետեւ` Աշոտ անոր թողած խառնակութիւնները սկսաւ շտկել եւ անոր կուսակիրներն այլ զսպել. եւ նախ հիւսիսային ու Վրաց կողմերը գնաց, ուր, գիտնալու է, որ այս Ահմատին նախնիքն ամիրայութեամբ կ՚իշխէին Տփխիսի կողմերը, եւ ատեն մը բոլոր Վրաց կուսակալ էին իր հայրն Խալիլ կամ Խալիտ` յետ երկայն ատեն տիրելու եւ քանի մ՚անգամ հեռանալու կամ հալածուելու` այն կողմերը մեռեր էր պատերազմի մէջ. եւ տեղը տիրացեր էր Սահակ Իպն – Իսմայէլ, զոր սպաննեց Բուղա` երբ առաւ զՏփխիս, ինչպէս ի սկզբան յիշեցի. եւ նորէն իշխանութիւնը տուաւ Խալիտայ որդւոյն` այս յիշեալ Ահմէտին. բայց քիչ ատենէն սա իշխանութենէ փոխուելով` Տփխիսի տիրացաւ Կապլոց կամ Կապլուղ անուն մէկ մը, զոր պատմիչն Վրաց` թէ այս Սահակայ ազգական անուանէ եւ թէ Աշոտոյ, իբր թէ ասոր հօրաքեռորդին ըլլայ: Ահմէտ երկրորդ անգամ ոստիկանութեան ատեն` ջանաց իր հօրը մահուան վրէժը պահանջել, եւ ուզածին պէս ձեռք խառնել Վրաց եւ Գուգարաց իշխանութեանց մէջ, բայց երկար ժամանակ չգտաւ: Իր հալածուելէն ետեւ` Կալոց այլ սկսաւ ինքնիշխանաբար վարիլ եւ հակառակիլ, ոչ միայն Վրաց` այլ եւ մեր իշխանապետին. Աշոտ անոր այլ վրան գնաց (880), եւ օգնութեամբ Գորամայ իր հօրաքեռառն` բռնեց զնա պատերազմի մէջ. Կուր գետոյն եզերքները, եւ խաւրեց Յունաց երկիրը. անշուշտ Վասլի հետ նոր ըրած դաշնադրութեանը վրայ վստահանալով: Տփխիսը յանձնեց հաւանօրէն Դաւթի` եղբօրորդւոյն Գորամայ, եւ ասոր բաժնէն առաւ Աշոցք գաւառը, որ անմիջապէս սահմանակից է գրեթէ մասն էր իր բնիկ երկրին` Շիրակայ: Այս Գորամս քիչ ատենէն թողուց իր իշխանութիւնը եւ կրօնաւորեցաւ. տեղն անցաւ որդին` Նարս կամ Ներսեհ, որ խռովարար իշխանասիրութեամբ սպաննեց զԴաւիթ (881), եւ շատ շփոթութեանց պատճառ եղաւ. որոյ համար յետ ժամանակի դարձեալ պէտք եղաւ Աշոտոյ գալ եւ կարգի դնել այս կողմերս: Այն ատեն այս Վրաց եւ Վրահայոց երկիրները չորս հինգ բաժին էին, իւրաքանչիւր առանձին իշխանաց ձեռք, որք ամենքն այլ իրարու ազգակից էին ի նոյն Բագրատունեաց ցեղէ. գլխաւորն էր Վրաց իշխանն (կամ Քարթլի կուրապալտն), յետոյ Գուգարաց իշխանն, Սամըցխէի (Ախալցիխէի) իշխանն, եւ Արտանուչայ իշխանն. ասոնք ամենքն այլ Սիւնեաց եւ Վասպուրականի իշխանաց նման` Աշոտոյ իշխանապետութիւնը կու ճանչնային, եւ ոստիկան չեղած ատեն` անոր կու յանձնէին իրենց երկրին հարկերը: Ասոնց երկրին արեւմտեան հիւսիսային կողմն էր Ափխազաց կամ Եգերաց թագաւորն, որ անկախ էր, եւ Վրաց տիրել ուզելով` խռովութեան պատճառ կ՚ըլլար:

Աշոտ խաղաղութեամբ դառնալով ի Վրահայոց` Տաշրաց գաւառէն անցաւ եկաւ Գեղամայ ծովուն ծայրը, Սեւան կղզւոյն դիմաց` Բանակատեղ ըսուած տեղը, եւ հոն բանակեցաւ: Յարմար առիթ էր հոս տեսաւորութեան Աշոտոյ եւ Մաշտոցի, այս երկու մեծանշան անձանց, որք համբաւով բոլոր աշխարհին ծանօթք` զիրար այլ ճանչնալ փափագէին: Աշոտ կ՚ուզէր տեսնել այն սրբակրօն եւ գիտուն միայնակեացը, իր դստեր (Մարիամայ) հիւրընկալը, որ առանց իրեն չափ աշխատելու` ընդարձակ երկրի մը մէկ կողմէն մէկայլ կողմը երթալու, կղզւոյ մը մէջ դադարմամբ` թէ երկինք կու վաստըկէր թէ մարդկանց սիրտը: Իսկ Մաշտոց լսելով Աշոտոյ գործքերը միացուցած քաջութիւնը եւ արդարութիւնը, իր նպատակէն եւ իր ջանքէն շատ հեռու չէր դներ իշխանին աշխատանքը. կու փափագէր տեսնել այն աշխատանաց ոյժ եւ փառք տուող խաչը, զոր Վասիլ կայսր ընծայ խաւրեր էր իշխանին, եւ նա միշտ հետը կու տանէր: Տեսութենէն աւելի մեծ փափագմամբ փութացաւ Մաշտոց` ելաւ կղզիէն, եկաւ ի Բանակատեղ. հանդիպեցան իրարու երկու շնորհաւորքն. Աշոտ համբուրեց Մաշտոցի լուսափայլ երեսը եւ աջը. Մաշտոց այլ իշխանին խոնարհելով երկրպագեց անոր բազկաց եւ կրծոց զարդ խաչին. առաւ դրաւ աչքերուն վրայ եւ համբուրելէ չէր դադրեր: Վսեմամիտ իշխանն չէր կրնար զրկել խաչաբարձը իր սիրածէն. կայսերատուր ոսկէկապ եւ մարգարտազարդ խաչը պարգեւեց ճգնաւորին` որ աւելի ուրախութեամբ իրեն համար առօթէ. անոր միաբան վանականաց համար այլ պարգեւեց` իբրեւ կալուածք եկեղեցւոյն` հինգ գեղ, Ցամաքբերդ` որ անմիջապէս ծովեզերքն է եւ թուի մօտ Բանակատեղին, Վարսէր (Ճըռճըռ), Գոմաձոր, Բերդք, Ուռեաց – տափ, որոց երեք առջինքն դեռ նոյն անուամբ ճանաչուին Սեւանայ դիմաց ծովեզերքը: Ասոնցմէ զան այն ծովակէն ելլող ձկանց մէկ մասը` որ արքունեաց կու տրուէր հարկի տեղ` վանքին թողուց. դարձեալ, այգիներ` Երեւանու եւ Գառնոյ կողմերը: Հաւանօրէն Աշոտ այլ մտաւ ի կղզին ի տեսութիւն նորաշէն եկեղեցեաց եւ վանացն եւ իշխանական առատութեամբ ու բարեպաշտութեամբ աւելի շէնցընելով զՍեւան` դարձաւ իր երկիրը:

Իշխանապետն իր խնամոց յանձնուած երկիրներուն հիւսիսակողմը ապահովելէն ետեւ` դարձաւ ի հարաւակողմն, Եմէնիկէն գրգռեալ եւ Ահմէտը գրգռող ամիրաներն այլ նուաճելու. որոց գլխաւորն էր Մէլազկէրտի կամ Ապահունեաց ամիրայն Ապլաբառ Կայսիկ ցեղին: Մեր պատմիչք այսպէս կ՚անուանեն Արաբացի Քայս ցեղ մը եւ ցեղապետ մը, որ Աբրահամայ որդւոյ Իսմայէլի զաւակներէն սերեալ կ՚ըսուի. եւ Մահմէտի ատեն կու յիշուի գիտնական մը այն ցեղէն Ասէմ Իպն – Քայս: Ը դարուն մէջ Արաբացւոց բռնաբարութեան ատեն այս ցեղէն մէկն այլ բռնացաւ Վանայ ծովուն բոլոր հիւսիսակողմը տարածեալ երկրին վրայ. մէկ կողմէն (արեւելքէն) ինչուան Ամկու երկիրը Վանայ մօտերը, մէկայլ կողմէն (արեւմուտքէն) ինչուան մէր Հայկայ նահապետական Հարք գաւառը. քիչ ատենէն իշխանութիւնն յերկու բաժնուեցաւ. արեւելեանն իրեք գլխաւոր քաղաք եւ գաւառ ունէր, Խլաթ, Արճէշ եւ Բերկրի, հանդերձ Ամիւկ ամուր բերդաւն, որ (ետինքս) յետոյ զատ իշխանութիւն մ՚եղաւ. արեւմտեանն այլ իրեք գաւառ, Կորի, Հարք եւ Ապահունիք: Այս ետքինիս արեւմտեան ծայրն եւ Հարքայ սահմանակից հին քաղաքաւան մը կար եւ կայ, Մանազկերտ, հիմայ Մէնազկէրտ, եւ աւելի առաջ Մանաւազկէրտ կոչուած, եւ շինուած յորդւոյն Հայկայ ի Մանաւազայ. որով թերեւս Հայաստանի եւ բոլոր աշխարհիս ամենէն հին մնացեալ քաղաքաշէնն է, գոնէ ամենէն հիներէն մէկն. հոս կու նստէր արեւմտեան երկիրներուն Կայսիկ ամիրայն, եւ կոչուէր տէր Ապահունեաց կամ Մանազկերտոյ, Խլաթայ ու Ամկոյ իշխանէն աւելի զօրաւոր, ու մերձակայ Հայոց այլ պատկառելի: Բայց Աշոտոյ իշխանապետութիւնն անոր վրայ այլ տարածուեցաւ, եւ անկէց այլ հարկ կ՚առնուր, ինչպէս յիշխանացն Հայոց: Այս բանս որչափ այլ ծանր էր Կայսիկն` չէր համարձակէր Աշոտոյ հակառակելու ինչուան որ Եմէնիկն եւ Ահմէտ իրեն յոյս տուին. քիչ մ՚այլ մեր սահմանակից իշխանքն պատճառ եղան զինքն ուռեցընելու, որով հարկը կտրեց յԱշոտոյ: Իշխանապետն այլ եկաւ զօրքով Խլաթայ եւ Բերկրայ տէրն Ապլհէրթ` հպատակեցաւ եւ հաստատեցաւ յիշխանութեանն. իսկ Ապահունեաց տէրն Ապլաբառ` ամրացաւ ի բերդն Մանազկերտոյ. Աշոտ անոր մէկայլ երկիրները նուաճելով` բերդն այլ պաշարեց. եւ մինչդեռ մօտ էր տիրելու` Արծրունեաց երկրին շփոթութիւնները լսելով` փութացաւ հոն դառնալու. հոս խաղաղութեամբ վերջացնելով գործը, հաւանեցուց զանհաւան Կայսիկն` իր չափին մէջ մնալ, եւ թղթով այլ դաշինք դնելով` հաստատեց զայն յիշխանութեանն, եւ հարկերն առնըլով գնաց:

Իսկ Արծրունեաց շփոթութիւնքն շատոնց սկսեր էին, գրեթէ Ահմէտ ոստիկանին եւ Կայսիկն մէկտեղ եղած ատեն. որք երբ զատուեցան, այս ետքինիս խորամանկութեամբ` բանսարկու մարդիկ Արծրունեաց եւ Տարօնոյ իշխանաց մէջ կասկած եւ պաղութիւն ձգեցին, մինչդեռ երկուքն այլ Ապահունեաց երկիրն էին, ամիրայէն հրաւիրուած, որսի պատճառաւ: Նախ Արծրունեաց իշխանն` Դերենիկ` անոր քովէն հեռացաւ, յետոյ Տարօնոյ իշխանն Աշոտ Կուրապաղատ (որդի Բագարատայ), զոր եւ խարդախութեամբ բռնել տուաւ Դերենիկ, եւ իր երկրին մէջ բանտեց Սեւան ըսուած ամուր բերդը, ու իր Հասանիկ քեռորդւոյն պատուիրեց որ արձակ պահէ. եւ Աշոտոյ տեղ դրաւ անոր եղբայրը` Դաւիթ արքայիկ կոչուածը, որ եւ իր քեռայրն էր. Ահմէտի այլ գրեց ու հաստատեց զնա յիշխանութեան Տարօնոյ: - Կուրապաղատն իմացուց իր վտանգը Գէորգայ կաթուղիկոսի` որոյ սիրելի էր. եւ նա անձամբ եկաւ աղաչեց Դերենկայ, բայց սա յանձն չառաւ ազատել զԱշոտ, եւ հոգեւոր տէրն տրտմութեամբ դարձաւ. իսկ մեր իշխանապետն այս ատեններս հիւսիսայնոց հետ զբաղած էր: Կուրապաղատին ճարն հատնելով` սկսաւ ընտանենալ իր բանտապանին, այսինքն Հասանկան, որ դեռ 15 կամ 16 տարուան պատանի մ՚էր, եւ տղու պէս խաբեց. հաւատացուց թէ Դերենիկ քեզի դէմ այլ կու մտածէ եւ զքեզ այլ պիտի բռնէ: Պատանին` իր ամուր բերդին վրայ վստահացած` մտածեց իրեն որսորդը որսալ. հիւանդ ձեւացաւ, եւ աղաչանք խաւրեց Դերենկայ` որ գայ զինքը տեսնէ. սա իբրեւ օրհասական հիւանդի մը քով փութացաւ երթալու, եւ առջի տեսութենէն ետեւ` երբ գիշերը քաշուեցաւ իրեն համար պատրաստուած սենեակը, յանկարծ դուռը վար առին եւ ներս թափեցան ջահաւոր եւ զինաւոր մարդիկ, բռնեցին զինքը եւ ամրոցին ծայրը հանեցին բանտեցին, ու զԱշոտ արձակեցին:

Այս բանս լսեց մեր իշխանապետն երբ Մանազկերտը պաշարած` մօտ էր առնուլ. եւ փութացաւ ուրիշ իշխաններով Սեւանայ բերդին քով` իր փեսայն ազատելու. կաթուղիկոսն այլ եկաւ, եւ երկուքն այլ յորդորելով եւ խրատելով զպատանին Հասանիկ` հաւանեցուցին. արձակեց զքեռին. եւ իրեն ապահովութեան համար` պատանդ թողուցին քովը Դերենկայ երկրորդ տղահասակ որդին` Գագիկը, (յետոյ Արծրունեաց դիւցազն): - Բայց Դերենիկ քիչ ատենէն դրած դաշինքն ոտքի տակ առնըլով բռնեց զՀասանիկ, բանտեց ի Նկան բերդի, եւ անոր Սեւան բերդին այլ տիրեց. սակայն իր աներէն ակն ածելով, քիչ մ՚այլ ուրիշ միտք ունենալով` արձակեց զՀասան:

Քիչ մ՚ատեն հանդարտութիւն եղաւ (885-7) այս կողմերս այլ, ինչպէս ուրիշ ամեն Աշոտոյ իշխանապետութեան տակ եղած տեղերն այլ. ուր` ինչպէս տեսանք, երեսուն տարիէ աւելի էր` որ Աշոտ անդադար անխոնջ տեղէ տեղ վազելով եւ հասնելով` խռովութիւնները կու խաղաղէր, ալիքները կու ցածցընէր, եւ հանդարտաբեր հովու պէս կու փարէր գուրգուրար ամենուն վրայ: Եկաւ ժամանակն` որ իր գրկած գգուած իշխանազունք այլ` իրենց ալէզարդ հայրագիրը մեծարեն արժանաւոր սիրով եւ պատուով. որուն հաւանեցան ուրիշ իր խնամքը վայելող իշխանք այլ. չնախանձեցան եւ այլազգիք: Իսկ հասարակաց հայրն կամ մայրն Հայաստան` հեծկլտած հառաչանքը լռեց, հանգչեցա՜ւ: Սեւ տխրութեան բացած ու մաշած ճամբաներէն իջան ճերմակ ուրախութեան արտսունքներ. բարձրացաւ ձայն գոհութեան առ Աստուած. եւ թերեւս ոչ այնքան Աշոտոյ գլուխը թագաւ փառազարդեալ տեսնելուն, որչափ այն թագը արդեամբք, երախտագիտութեամբ եւ սիրով կապուած եւ դրուած տեսնելուն համար:

Այս երախտագէտ եւ սիրոյ զգացմանց եւ գործոց առաջնորդք եղան, ինչպէս որ կու վայելէր, երկու Գրիգորքն, Սուփան Սիսական` թոռն մեր Աշոտոյ, եւ Դերենիկ Արծրունի` փեսայ Աշոտոյ, իրենց աշխոյժ եւ կայտառ զաւակօքն. որոց միաբանեցան` Վասակ Իշխանիկն` Սիւնեաց տէրն, կաթուղիկոսն Գէորգ, եւ գրեթէ ամեն աշխարհատէր եւ գաւառատէր իշխանք եւ թեմակալ եպիսկոպոսունք, հանդերձ Վրաց եւ Գուգարաց մեծամեծ իշխանօք, որոց շատն խնամի այլ էին իշխանապետին, եւ բոլոր իր ազգակից եւ բարեկամ իշխանաւորք. որք ամենքն այլ Աշոտոյ պարտականք էին մէկ մէկ կամ շատ կերպով, անոր 33 տարուան սպարապետութեան եւ իշխանապետութեան ատեն, մանաւանդ թէ հօրը գործակցութիւնն այլ մէկ տեղ սեպելով` իր 50 ամեայ աշխատանացը, գործոցը, խնամոցը եւ փառացը` պարտական էին: Անոնց հաւասար ազգային զօրագունդն այլ, որ այնքան տարիներ միշտ փառօք եւ քաջ անուամբ հայկական դրօշը կրեր տարեր էր զանազան կողմեր, եւ այլ աւելի բարձրացընելու կու սպասէր: - Թերեւս ասոնցմէ այլ աւելի` ռամիկ ժողովուրդն, խոնարհ եւ տկար սեպուածքն, որք իբրեւ զհայր ճանչնային եւ սիրէին զբարերարն Աշոտ. եւ աւելի համարձակ առ Աստուած աչքերնին վերցուած` իրենց բարերարին բարիք եւ փառք մաղթէին, քան թերեւս իշխանքն`ամիրապետէն խնդրէին, որ այնուհետեւ փոխանակ օտար ոստիկանի` իրենց համազգին իրենց շնորհէ անկախ գլուխ, ուղղակի հարկատու իրեն (ամիրապետին): Աշոտոյ իշխանութեան տակ արդէն ոչ միայն իրենք երջանիկ եղած էին, այլ եւ խալիփայլ գանգատ մը չունէին այնչափ երկար ատեն, մինչդեռ օտար ոստիկանաց տակ անդադար շփոթութիւն կ՚ելլէր, արիւն կ՚ըլլար, երկիրն կ՚աւրուէր, գանձերն կու պակսէին: Ամիրապետն` Մոթամէտ – Պիլլահ` որ 17 տարի իր իշխանութեան ատեն, եւ նոյնչափ այլ իր հինգ նախորդաց ատեն` վկայ էր նախարարաց նուիրակին ըսածներուն, եւ Աշոտոյ հաւատարմութեան եւ արդեանց դէմ կենալու բան չունէր, եւ ոչ ոք այլ կրցաւ նախանձորդ կամ հակառակը ըլլալ. մէկ կողմանէ այլ տեսնելով որ արդէն իր կրօնակիցքն իրմէ կ՚ապստամբին, նոր նոր տէրութիւններ կու կանգնեն, յօժար սրտիւ հաւանեցաւ Հայոց խնդրուածին: Եւ որովհետեւ ասոնք հին ատեն իրենց ազգապետը միշտ թագաւոր կու չանչնային, անուանեց հիմայ անոնց իշխանապետը Աշոտ թագաւոր Հայոց, վրան թողլով Վրաց կողմի վերատեսչութիւնն այլ: Եւ ոչ միայն անունը խաւրեց` այլ եւ թագ եւ ամենայն թագաւորական նշաններ եւ զարդեր, հանդերձ ծանր ծանր արեւելեան ընծաներով եւ ընտիր արաբիկ ձիերով. զորոնք տանել տուաւ Յիսէի` Շէխեայ որդւոյ, Ամդայ կողմնապետին, որ իր կողմանէ տանի տայ եւ թագաւորեցընէ զԱշոտ. գիտելով որ ասոր խոհեմութիւնն շատոնց զՅիսէ բարեկամ էր ըրեր իրեն: Եւ յիրաւի Յիսէ աննախանձ զուարթութեամբ գնաց պատուեց եւ պսակեց իր հին բարեկամ եւ նիզակակիցը. ինքն այլ անկէ պատիւ գտնելով` դարձաւ իր տեղը: - Աշխարհական տիրապետէն թագը ընդունելէն ետեւ` կու մնար որ իր հայրենիքն եւ իր եկեղեցին այլ զինքը պսակեն:

Ո՞ր քաղաք, ո՞ր եկեղեցի էր արդեօք ուր պսակեցաւ Հայոց նոր թագաւորն, Երազաւո՞րք եթէ Դուին. - Կեւերեւի թէ այս յետինս, որ 500 տարիէ վեր Հայաստանի մայրաքաղաք ճանաչուէր, եւ մարզպանաց ու ոստիկանաց աթոռ էր. դեռ հոն էր Հայոց հայրապետանոցն այլ. եւ դեռ կանգուն էր Ս. Գրիգորի հոյակապ կաթուղիկէն (շինեալ Գ. Ներսէս կաթուղիկոսէ), որ յետ վեց եօթն տարւոյ պիտի կործանէր, եւ գուցէ կու սպասէր այս հանդիսիս այլ. որուն համար շատ նեղ եւ շատ պտիկ կու գար, բայց գոնէ բաւական` իշխանազանց եւ եպիսկոպոսաց եւ բազմաթիւ բաղդաւորաց: Այս եկեղեցիս չէր, բայց հաւանօրէն այս տեղս էր, ուր մեր հայրապետաց վսեմագոյնն` մեծն Սահակ` օրհներ օծեր էր Արշակունեան վերջին թագաւորը, զդժբաղդն Արտաշէս. անշուշտ առաջին անգամն էր որ Հայոց սրբազան լեզուաւ եւ գրով թագաւորօրհնէք եղաւ. եւ ափսո՜ս, առաջինն` վերջին այլ եղաւ … Արտաշիսի օծմանէն մինչեւ յԱշոտ գրեթէ 470 տարի անցեր էր. սա կանգնեց անոր կորացեալ գլուխը, եւ Սահակայ թագաւորաշնորհ շունչը` քառասուն կաթուղիկոսաց շրթունքէն սահելով` Գէորգայ բաղեբաղդ բերանը իջաւ, իր քահանայապետութեան ԺԲ տարին. «Կոչեցաւ ապա անդ մեծ հայրապետն Գէորգ, եւ զհոգեւոր օրհնութեանցն գովութիւնս աստուածայինս ի վերայ կատարեալ, փոխանակ օծման սրուակի իւղոյն` պսակէ զնա թագաւոր ի վերայ Ասքանազեան ազին»: Ի՞նչ կարգաւ, ի՞նչ ծիսիւ, ի՞նչ աղօթքով կամ օրհնութեամբ եղաւ այս պսակս. արդեօք Ս. Սահակայ շարադրա՞ծ եւ հին Հայոց ձեւով եւ գոչմամբ էր այս թագօրհնէքս, եթէ Գէորգ կաթուղիկոս նոր շարադրեց, կամ թէ Յունաց կայսերաց ծիսին հետեւեցան. - ասոնք` Հայկակ, քեզ այլ, ինձ այլ փափագելի են ի յայտնութիւն: Մեր յետին Կիւլիկեցի թագաւորաց օծման գեղեցիկ հանդէսն եւ կարգն` հանդերձ օրհնութեամբքն, անծանօթ չէ մեզի. անկէ զատ հանդիպած եմ ուրիշ թագաւոր օրհնէքի մ՚այլ աւելի կարճ եւ անզարդ, որ եւ աւելի հին կ՚երեւի, եւ ոչ անյարմար այս դիպուածիս. կարծեմ քեզի այլ անհաճոյ չըլլար լսելու այս կարգը եւ աղօթքները: Փութա ուրեմն ի Դուին, խառնուէ այն բաղդաւորաց հետ` որ եկեղեցւոյն մէջ տեղ գտան Հայոց թագաւորութեան նորոգութիւնը տեսնելու, եւ անհամբեր աչք ի խորանն կու սպասեն նորընտիր թագաւորին` որ դեռ չերեւիր, այլ գահն դրուած է, եւ չորս դին շարուած Աշոտոյ պայծառ եղբարքն, որդիքն եւ թոռունքն, երեսնիւ չափ, թերեւս եւ իր տիկին դստերքն հանդերձ հեզանազ օրիորդովք, իր ամեն ազգատոհմն եւ խնամիք, եւ ամենայն իշխանք Հայոց եւ շատք ի Վրաց եւ յԱղուանից, նաեւ ամիրայք եւ դրացիք, եւ դասք քահանայութեան` ի հայրապետէն մինչեւ ի դպիրս: Արդէն ճրագունք վառեալք, կանթեղք եւ ջահք փայլատակեն, եւ արծաթ եւ ոսկի բուրվառաց եւ խնկանոցաց անուշահոտ ծուխն թեթեւ ամպերով կու բարձրանայ. մեծ ակնկալութեամբ սրտեր կու թնդան. ծովանման շշնկոց մը կու լսուի, երեկոյեան հովուն խաղաղելուն պէս լռութիւն մը կու տիրէ. դարձեալ մեծ աղաղակ մը կու փրթի … Աշո՜տ … Աշո՜տ. Սո՜ւրբ թագաւոր … կեցցէ՜, Կեցցէ՜, կու հնչէ հազար օրհնեալ բերան, բիւր կորովաշունչ կոկորդ հայկական. եւ խորանին ամպացեալ ծխոց խնկոց ետեւէն, ինչպէս ամպոց վերեւէն Մասեաց գագաթն, կ՚երեւի բարձր վսեմաշարժ զուարթահայեաց արծաթափայլ գլուխ մը … մեծն Աշոտ …: Թող ծափեն դոփեն ծայնեն ցնծան սիրուն կտրիճքն:

«Եւ զգեցուցանեն զթագաւորական զհանդերձսն. ուրոյն զքղամիդն եւ զթագն դնեն ի վերայ սուրբ սեղանոյն արծաթէ սկըտեղբ: Ասելով սաղմոս ի թիւ. Լուր Տէր աղօթից իմոց. եւ Ո յուսայ ի Տէր. Խոստովան եղէց քեզ տէր: Եւ ելանէ հայրապետն եւ կայ առաջի սրբոյ սեղանոյն, կալով զհետ նորա որ պսակելոցն է զնա: Եւ յետ սաղմոսին սարկաւագ քարոզէ ասելով. Խնդրեսցուք հաւատով. եւ եպիսկոպոսն ասէ զաղօթս. Որ թագաւորդ ես թագաւորաց Քրիստոս, եւ տէր տերանց, արարիչ ամենայն արարածոց, փրկիչ աշխարհի, տուր մեզ զխնդրուածս մեր, եւ կատարեա ի բարի զաղօթս մեր` զոր մատուցանեմք քեզ առաջի սրբոյ սեղանոյս. զի հաստատուն եւ անշարժ պահեսցես զուխտս սրբոյ եկեղեցւոյս, տալով զսա (զԱշոտ) մեզ` զոր ընտրեցեր եւ կոչեցեր վերստին ի թագաւորութիւն, ի վերակացութիւն տանս Թորգոմայ, առ ի հովուել խնամով, եւ պահեա ի թշնամեաց. զի զկաթուղիկէ եկեղեցի բարձրացուցեալ եւ պսակեալ փառօք նորոգ պահեսցէ. եւ զեղջիւր հաւատոյս մերոյ անսասանելի եւ անշարժ ուղղութեամբ եւ արդարութեամբ վարեսցէ ընդ երկայն աւուրս. բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ Աստուածածնիդ. զի դու ես փրկութիւն մեր եւ ապաւէն եւ օգնական. եւ քեզ վայելէ փառք իշխանութեամբ»:

«Եւ ապա ասեն կցորդ. Որպէս յետ աստուածասէր թագաւորին, եւ այլն: - Եւ եւս խաղաղութեան. եւ այլն: Եպիսկոպոսն, Օրհնութիւն եւ փառք, եւ այլն: Եւ եպիսկոպոսն առեալ զաջոյն ձեռանէ նորա եւ դարձուցանէ զերեսն թագաւորին առ ժողովուրդն, ի ծունկն անկեալ. եւ ասեն քահանայքն միաբան բարձր ձայնիւ երիցս. Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ` հեղեալ ի վերայ (Աշոտոյ), կոչեն յաթոռ թագաւորութեա տանս Թորգոմայ, օծանել ըստ նմանութեան Կոստանդիանոսի մեծ թագաւորին»: - Եւ ասասցեն Եղիցի եղիցի, ամէն:

«Եւ ապա դարձուցանէ ի սեղանն. եւ այս կանոն կատարի. Սաղմոս կցորդ, Ի. Թագաւոր յուսացաւ ի Տէր: Պօղոսի առաք. ի Տիմոթ. Ա թղթ. ընթերց. (Բ. 1-7). Եւ արդ աղաչեմ, եւ այլն: Յովհան. առաք. յԱ կաթուղ. թղթ. ընթերց. (Բ. 20-27). Եւ դուռ օծութիւն ունիք, եւ այլն: - Այէլուիա, ալէլուիա. Լուիցէ քեզ Տէր յաւուր անձկութեան, եւ այլն: Սուրբ աւետարանս ըստ Ղուկասու (ԺԹ. 12-28). Ասէ Յիսուս, այր ոմն ազնուական, եւ այլն: - Եւ սարկաւագն քարոզէ, Խնդրեսցուք հաւատով: Եւ եպիսկոպոսն ասէ զաղօթս. Տէր Աստուած մեր, որ թագաւորդ ես թագաւորաց, որ ի ձեռն Սամուէլի մարգարէին ընտրեցեր զծառայն քո զԴաւիթ, եւ օծեր զնա թագաւոր ժողովրդեան քում Իսրայէլի. դու եւ այժմ, Տէր, լուր աղաչանաց մերոց անարժանիցս, եւ նայեաց ի սրբոյ բնակութենէդ քումմէ յերկնից ի հաւատարմական ծառայս քո (Աշոտ), զոր ընտրեցեր եւ հաճեցար յարուցանել թագաւոր ի վերայ ազգի քո սրբոյ, զոր փրկեցեր պատուական արեամբ Միածնի Որդւոյ քո. օծանել զսա արժանաւորեա իւղով ցնծութեամբ. զգեցո' սմա զօրութիւն ի բարձանց. դիցես ի վերայ գլխոյ սորա պսակ ի քարէ պատուականէ. շնորհեա սմա զերկայնութիւն աւուրց. տուր աջոյ սորա յաղթանակ փրկութեան. հաստատեա զսա յաթոռ արդարութեան. շրջափակեա զսա զինու սուրբ Հոգւոյդ: Հնազանդեցս սմա զամենայն բարբարոսական ազգս»: Սերմանեա ի սիրտ սորա զերկիւղ քո եւ զլսողութիւն կենակցական: Հաստատեա զսա անբիծ հաւատով. եւ ի վեր երեւեցո' սմա զզօրութիւն քո. պահեա ի պահպանութիւն սրբոյ քո կաթողիկէ առաքելական եկեղեցւոյ` ուղղափառ դաւանութեամբ. զի դատեսցի զժողովուրդս քո արդարութեամբ, եւ զաղքատս քո իրաւամբք. կեցուսցէ զորդիս տնանկաց. եւ ժառանգորդ լիցի արքայութեանդ: Քանզի քո է զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն:

«Ապա առնու եպիսկոպոսն զքղամիդն ի սեղանոյն, եւ զփիլոնն. եւ տացէ քահանայիցն զի արկցեն զնովաւ. եւ ի շուրջ առնուլն նորա զայն` եպիսկոպոսն ասէ. Խաղաղութիւն ամենեցուն. եւ դնէ զաջն ի վերայ գլխոյ թագաւորին եւ ասէ. Քեզ միայնոյ թագաւորիդ յաւիտենից` որ ի վերայ երկրի զթագաւորութիւն սորա հաստատեցեր, որ խոնարհեցոյց զպարանոց իւր ընդ մեզ. եւ արդ մեք ծառայք քո խնդրեմք ի քէն` Աստուած ամենայնի, պահեա զսա ընդ հովանեաւ քով աջովդ, եւ զօրացս զսորա թագաւորութիւն, զհաճոյս քո առնել յամենայն ժամ. ծագեա յաւուրս սորա արդարութիւն, բազում խաղաղութիւն ժողովրդեան. հանդարտութեամբ սորա` խաղաղական ապահովական կենցաղաւ բնակեսցուք ամենայն բարեպաշտութեամբ. զի դու ես թագաւոր խաղաղութեան, Քրիստոս Աստուած մեր. եւ քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն. եւ այլն:

«Ապա առնու հայրապետն զմեռոնն, եւ օծանէ զգագաթն եւ զճակատն, ասելով Օրհնեսցի, օծեցի եւ սրբեսցի թագաւորս այս` յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ: Եւ զայս երիցս ասէ եպիսկոպոսն: Ժողովուրդքն ասեն, ամէն: Եւ ապա ասի. Տէր, կեցո' զթագաւորն եւ լուր մեզ: Ապա առնու եպիսկոպոսն երկոքին ձեռօքն զթագն ի սեղանոյն, եւ պսակէ զնա եւ ասէ. Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի թագս թագաւորս այս, յանուն Հօր, եւ այլն: Եւ ժողովուրդն զնոյն ասեն. Տէր կեցո' զթագաւորն եւ լուր մեզ: Եւ ասէ, Օրհնութիւն եւ փառք. եւ այլն:

«Եւ նոյն ժամայն մտանեն ի ճաշու ժամն, եւ պատարագ մատչի. եւ զթագաւորն տանին ի սեղանն. ի ձախակողմն կանգնեսցի. եւ յետ պատարագին հաղորդեն զթագաւորն. եւ պատարագին գիրքն զթագաւորաց կարդան:

«Բայց թագաւորն զգոյշ կացցէ յամենայն ճանապարհսն Աստուծոյ, երկիւղիւ եւ սրբութեամբ»:

Կըրնա՞նք արդեօք հիմայ սրբազան պատկառանօք, հոս յարմարցընել գերագոյն Երգոց խօսքը եւ փոխանակելով ընդ Սողոմոնի` ըսել. «Ելէ՜ք եւ հայեցարուք, դստերք Այրարատայ, յարքայ Աշոտ, ի պսակն` որով պսակեաց զնա մայր իւր, յաւուր փեսայութեան իւրոյ եւ յաւուր ուրախութեան սրտի իւրոյ»: Կրնա՞նք արդեօք նոյնպէս շարունակել. «Ահագահոյդ Աշոտոյ. վաթսուն հազար սպառազէնք շուրջ զնովաւ ի քաջացն Թորգոմազանց. ամենեքեան սուսերաւորք եւ աղեղնաւորք` հմուտք պատերազմի, այր իւրաքանչիւր սուր յազգեր յարհաւրաց գիշերոյ», եւ կապարճք ի թիկունս վառեալք ի ճառագայթից տուընջեան: Կըրնա՞նք դարձեալ աւելցընել յարմարցըել, մեր պատմըչին խօսքէն խրախոյս առած, թէ եւ «Գահաւորակ արար իւր արքայ Աշոտ ի փայտից Բասենու». եւ այլն. վասն զի ինչպէս յամենայնի վայելուչ եւ բարեկարգ էր Աշոտ, թագաւորութիւնն այլ արժանապէս վայելչացուց մեր նախնի թագաւորաց եւ ազգին պերճասիրութեան համեմատ. «Այնուհետեւ բազում եւ երեւելի կարգս յօրինէր յաշխարհի տէրութեան իւրոյ, կ՚ըսէ Յովհ. կաթուղ., յօրինածս տանց, ազգաց, քաղաքաց, շինից, դաստակերտաց, եւ հարթ հաւասար ընդ իւրաքանչիւրոցն կատարէր կարգս լեռնականաց եւ ջերմահովիտ բարեխառն դաշտականաց, եւ զամենայն տափարակ տեղիս` ագարակս եւ գոմս դնէր, եւ զմարմանդս` յայգիս եւ ի բուրաստանս զարդարէր, եւ զամենայն ինչ զոր ինչ օրէն է թագաւորութեան եւ որ շուրջ զթագաւորութեամբ` ոչ ինչ իմիք կասեցուցանէր, եւ գրեթէ հարստագոյն եւ խոհեմագոյն քան զամենայն թագաւորութիւնս գտանիւր»: Իր փառքէն աւելի ազգին օգուտը փնտռելը` յայտնի էր ամենուն, բայց ազգն զինքը պատուեց, ինքն այլ իր փառքովն զազգը աւելի պատուեց, նուիրելով այս ամեն վայելչութիւն եւ փառքը` ոչ իր անձին հաճոյից եւ փափկութեան, այլ ի պերճութիւն թագաւորին եւ ազգին Հայոց, ասոնք բարձրացուցին զինքն իբրեւ զարեւ ի վերայ հայրենեաց, պէտք էր որ ինքն այլ ճառագայթէ անոնց վրայ զուարթ եւ պայծառ լուսով:

Այս լոյսս, այս փառքս ծագեցաւ յամին 887, գարնանային կամ ամառային եղանակին, յորում այրարատեան հովտաց եւ բլրոց գեղեցկութեան խառնուեցաւ Հայոց համաշխարհական ուրախութեան հանդէսն. որ արդարեւ շատ մեծափայլ եւ պայծառ եղաւ բոլոր նշխանազանց եւ եկեղեցւոյ գլխաւորաց ու բազմախումբ ժողովրդեան ներկայութեամբ եւ պատրաստութեամբք. բայց պայծառութենէն շատ աւելի այլ սրտաշարժ էր: Վասն զի այն ատեն մերազգիք իրենց չորս հինգ հարիւր տարի առաջ նախնիքը եւ անոնց փառաւոր օրերը աւելի լաւ կու ճանչնային` քան մենք մեզմէ առջի չորս հինգ դարերը. անոնք դեռ նախարարաց, ազատաց եւ քաջաց սերունդք եւ տոհմք էին, եւ դեռ իրենց տիրագլուխ նախահարց դաստակերտներուն մէջ բնակէին, անոնց յիշատակները կու տեսնէին, արձանագրութիւնները կարգային, ազգաբանութիւննին գիտէին, անոնց գործածած անօթները եւ զէնքերը դեռ գտուէին իրենց մէջ, դեռ նոյն Հայկազանց եւ Արշակունեաց գետինը կու կոխէին, եւ նոյն օդը ծծէին, - անոնք դեռ հարազատ հայախօսք էին. - թէ եւ բազմավէր բազմասպի` Հայաստանեայց մարմինն դեռ ամբողջ էր. գլուխն չէր երեւէր, բայց երբ սիրտն դեռ կ՚առնուր կու տար, այնպիսի մարմնոյ մը` դժուար չէր գլուխը գտնել կանգնել, որ հինգդարեան հարուածներով կորացեր ուսերէն վար կախուեր էր դէպ ի կուրծքն, եւ երբ ամենայն անդամոց մէջ բարեխառն ջերմութիւնն ծաւալեցաւ ու սիրտն մեծապէս թնդաց, ճառագայթազարդ գլուխն այլ դարձեալ բարձրացաւ, դարձեալ եղաւ Հայաստան հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. Կ. Պօլսոյ ու Բաղտատայ, (այն միայն երկու տիեզերակալ աթոռոց) մէջ` մէկ թագաւորական գահ մ՚այլ կանգնեցաւ. մինչդեռ այնքան մեծ տարածութեան մէջ ամեն գահ կործանած մնացին, եւ այս առաջին կանգնող գահն ու թագն` եղաւ Հայոցն: Անգամ մ՚այլ Հայք իրենց հին հասակակցաց առջեւ յառաջադէմ գտուեցան, անգամ մ՚այլ Կովկասէն ինչուան յԱպառաժն Արաբիա, Պոնտոսէն ինչուան ի ծովն Պարսից` ամենայն հին եւ նոր ժողովուրդք ողջունեցին զԱյրարատ թագակապ` ի Բագրատունին Մեծն Աշոտ:

Ի սկիզբն վարուցս Աշոտոյ ըսի եւ դարձեալ կ՚ըսեմ, շատ քիչ կտրիճ եւ առաքինի մարդ գտուած է` որ այսքան արդեամբք ծանրացեալ եւ հասակաւ հասունացեալ` հրաւիրեալ ըլլայ ի թագաւորութիւն. ոչ մեր ազգին պատմութիւնն, եւ ոչ թերեւս օտարաց յայսմ` Աշոտոյ համեմատ մը գտնեն, եւ եթէ սրբազան զարմանք մը բերէ պսակն այն ի գլուխ 12 տարեկան Սողոմոնի, սրբազան եւ սիրելի սխրանք ըլլայ ինձ եւ քեզ, Հայկակ, թագս այս ոսկի խառնեալ յարծաթ ալիս գրեթէ 70ամեան գլխոյ արքային Աշոտոյ: Կարծեմ ոչ ոք յաննախանձ զգաստից, որ ազգէ այլ ըլլայ, կրնայ ուրանալ մեր Բագրատունւոյն փառքը, եւ մեզի ընկած պարծանքը:

Այս յիշատակիս հետ անգամ մ՚այլ յիշենք այս հայրենեաց հոր երախտագէտ որդւոց մեծագով եւ ազնուախոհ մտածութիւնը, որ անոր բազմամեայ անձնանուէր խնամոց արտաքին ցոյց փոխարինի տալ մտածեցին եւ յաջողեցան` զթագն Հայոց միագլխութեան, եւ թերեւս յետ աւուրց Ս. Տրդատայ` այս առաջին անգամ միասիրտ եւ միաբերան իշխանք զանազան աշխարհաց եւ գաւառաց Հայոց` կանչեցին եւ գրեցին Աստուածազօր կամ Աստուածապահ թագաւոր մեր. եւ նագրեց իր հրովարտակաց եւ պարգեւագրաց տակ ոսկի կնքոյն քով` Աշոտ Բագրատունի թագաւոր Հայոց: Բայց աւելի քան զայս ոսկի կնիքներն եւ պսակներն, աւելի քան Յունաց կայսերէն զրկած թագըն եւ երեքկրկին ոսկէկնիքն, աւելի քան զայն հարուստ ընծաներն` զոր թագաւորն ընդունեցաւ, եւ զոր կրկնապատիկ տուաւ եւ զրկեց մերձաւորաց եւ հեռաւորաց, աւելի քան զիշխանաց եւ ժողովրդոց իրեն ցուցած մեծարանքն եւ հպատակութիւնն, աւելի քան զզօրաց զինաշարժութիւնն, ռամկաց հանդէսն, աւելի քան զպատերազմական, քաղաքական եւ եկեղեցական, փողոց եւ երաժշտութեանց ձայնակցութիւնն. - քան զայս ամենքն աւելի հաճոյական էր տեսնել զԱշոտ յարքունիսն Շիրակաւանի, ի մէջ բազմասերունդ ընտանեացն, եղբարց, որդւոց եւ թոռանց, փեսայից եւ հարսանց, հին Հայկազանց եւ Եբրայեցւոց ջոջգլուխ նահապետի մը պէս, տեսանել զարի արքայն Աշոտ ի գահաւորակի իւրում, որոյ սիւնք արծաթիք, կոնքն ոսկի, ձեզուն ծիրանի եւ մէջ նորա ականակապ, տարածեալ սէրն (բանուածք բազմականին) ի դստերացն Թորգոմայ. - տեսնել այն հայրական եւ որդեական զօրովն ու խանդաղատանքը, կտրիճներուն թափ թափ եւ շուտ շուտ շարժիլը, փափուկներուն հեզլիկ նազելը, եւ այդ կայտառ ու պայծառ թիթեռնանման թոռնիկներուն վեր վեր ցատքտելն, պապուն վիզը պլլըւիլն, ու թեթեւ թաթիկներով` թագին դեռ իրենց անծանօթ ծանրութիւնը կշռելը, եւ մատիկնին մէկ մը անոր զարդերուն մէջ մէկ մը անկէ փայլուն ալեաց մէջ խաղցընելն: Աստուածասէր եւ ընտելասէր տանուտէր նահապետ մը թագաւորական փառօք պերճացեալ, արդարեւ այս է գոհարակապ ոսկի մատանին: Երանի՜… այնպիսի մատնին ի մատն հանգնողի՞ն` թէ պագնողին:

Աշոտ չորս տարւոյ չափ միայն թագով փառաւորեցաւ կամ փառաւորեց զՀայաստան. թերեւս այսչափ կարճ ժամանակն եւ զբազմանց շատութիւնն բաւական չէր նորահաստատ թագաւորութեան եւ նորէն միագլխեալ ազգին ամեն հարկաւոր կարգերը դնելու եւ հաստատելու. սակայն Աշոտ ոչ միայն զկարելին ըրաւ, այլ եւ շատոնց անկարելին այլ: Մնացեալ պատմչաց կարճ յիշատակներն մեզի կ՚իմացընեն, որ բոլոր ժամանակն անցուց, մէկ մը թագաւորավայել կարգօք եւ շինութեամբք, ինչպէս քիչ մ՚առաջ իմացուց մեզի Յովհ. կաթողիկոս, եւ ուրիշ մ՚այլ կ՚ըսէ. «Փափկացեալ եւ յղփացեալ ուրախութեամբ… քաջավայելչագոյնս զթագաւորութեանն կատարելագործեալ զժամանակն». մէկ մ՚այլ` արժանապէս ի շնորհակալութիւն աստուածային խնամոց` որ այս յաջողութիւնը տուաւ իրեն եւ ազգին Հայոց. սրբազան տաճարներ կանգնելով անոր, ինչպէս վկայէ իր վարքը տամառօտողաց մէկն. «Պսակեալ նա յերկուց թագաւորացն` եղեւ ճոխ թագաւոր. եւ արար խաղաղութիւն եւ շինութիւն աշխարհին Հայոց. շինեաց եւ բազում եկեղեցիս փառաւորս»: Որչափ մարդկան առջեւ բարձրացաւ եւ տիրացաւ, այնչափ աւելի զինքը խոնարհեցուց եւ ծառայեցուց Աստուծոյ` զգաստ եւ խոհեմ թագաւորն. որ գիտէր իւրաքանչիւրին իրեն վայլածը տալ, թէ Աստուծոյ, թէ մարդկան եւ թէ իր անձին եւ աստիճանին: - Երրորդ ընելիքն կամ գործն այլ էր` իր հին կամ սովորական զբաղմունքն. այսինքն արթնութեամբ դիտել բոլոր իր իշխանութեան եւ պաշտպանութեան տակ եղած աշխարհաց եւ գաւառաց հանդարտութիւնը, եւ նուրակօք կամ զօրօք կամ անձամբ` կարգի եւ խաղաղութեան բերել խռովեալները եւ գրգռեալները. եւ յայսմ` ոչ թագին նայելով եւ ոչ ծերութեան, իր սպարապետ եղած տարիներուն պէս` ինչուան մահուն տարին այլ անդադար գործելու, շարժելու, տեղէ տեղ փութալու երթալու գալու հետ էր. իբրեւ երիտասարդ նահատակ ամեն վտանգի մէջ յառաջադէմ վազելով եւ միշտ յաղթող կամ փրկող դառնալով: Քառասուն տարի ոչ ոք կրցաւ գլուխ քաշել կամ ազատիլ իր ամենահաս երագութենէն, եւ ոչ ոք վտանգիլ` իրեն ապաւինողներէն. միայն մահն կրցաւ զինքը դադրեցընել, այն այլ դարձեալ ճամբու վրայ հանդիպեցաւ, անոր բարեկարգիչ արշաւանաց մէջ: Որոնք կակուղ բազկաւ երկընցուց թագաւորական գաւազանը, իսկ որոնք դեռ խռովութիւն կամ բռնութիւն սիրէին, իմացուց անոնց որ գաւազանին հետ դեռ զէնք այլ կրնայ վերցընել իր քաջակորով ձեռքն. որոյ համար համառօտ գրութեամբ վկայէ ժամանակակիցն (Թովմաս), թէ մինչեւ ի մահն` «Ձեռն նորա յամենեսին, եւ ամենեցուն ձեռք ի նա»:

Այս ետքի տարիներուս մէջ յիշուած գլխաւոր դիպուածքն եւ գործք Աշոտոյ` եղան մէկ մը հիւսիսային եւ կովկասեան կողմերը, մէկ մ՚այլ իր անհանդարտ Արծրունի փեսային հոգերը. որ վերջապէս իր անխոհեմ շարժմանց զոհ եղաւ: Ճարտարութեամբ մը այս ճշմարտութիւնը կու խոստովանի ծանր եւ զգուշաբան կաթուղիկոս պատմիչն. «Գրիգոր` որ Դերենիկն անուանէ, եւ էր նա այր սէգ եւ զգաստ եւ սօս ի գնացս ոտից, եւ զօրաւոր արդեամբք եւ բանիւ. եւ անօրինէր միշտ յամենայն բարեձեւութիւնս բերիլ: Եւ վասն զի փեսայացեալ էր նա Աշոտոյ…, սակս այնորիկ հայրախնամ կամօք եւ խոհական սիրելութեամբ միշտ խրատ բարեաց նմա մատուցանէր. որոյ եւ յ՚սկզբան անդ ընկալեալ հլու եւ զգօն մտօք` հաւանէր ընդունել, եւ յոտին զբոլոր թշնամիս ի սադրելոյ կացուցանէր, եւ խաղաղութեան եւ շինութեան պարապեալ` յապահովս ի բնակութեան իւրեանց պատրաստէր զհայրենի տէրութիւնն իւր ի բոլոր հինից: Բայց յետոյ ի կամս անձին զինչպիտութեան բերեալ, ոչ անսայր բանի խրատու աներոյ իւրոյ, որպէս յերեկն եւ յեռանդն. եւ չլինէր նմա այն յաջողումն ինչ ի բարութիւնս»:

Ոչ թէ միայն բարւոյ յաջողութեան արգել եղաւ Դերենկայ կամապաշտ զինչպիտութիւնն, այլ եւ չարի պատճառ եւ անդարման չարի: Վերն յիշեցինք իր քեռորդին Հասանիկը բռնելը եւ արձակելը. երկուքն այլ խարդախ ճամբաներ գացին, երբեմն իրարու դէմ, երբեմն իրարու կողմ. այս անգամ այլ (Աշոտոյ թագաւորութենէն քանի մ՚ամիս ետքը) Դերենիկ արձակեց զՀասանիկ, որ անոր ձեռքով ուրիշ մը բռնէ: Այս որսն էր Գագիկ Ապումրուան ըսուածն, որդի Վահանայ, մեծապատիւ արծրունի իշխան մը, որ հետ իր հօրն եւ Դերենկայ եւ անոր հօրն` Բուղայէն բռնուած եւ գերի գացած էր, եւ խնամի էր իր մօրը, որով եւ թագաւորին. հիմայ Դերենիկ ասոր վրայ կասկածելով թէ Աշոտ կուրապաղատին (Տարօնոյ) համախոհ էր, խոստացաւ Հասանկայ` իր Սեւան. բերդը եւ երկիրները յետ դարձընել, եթէ բռնէ եւ իրեն բերէ զԳագիկ. վասն զի սա կասկածելով իրմէ` ամրացեր էր ի Ճահուկ բերդի, Կորդուաց աշխարհին կողմերը: Հասան իբրեւ փախստական ի քեռւոյն` գնաց եւ խաբեց զԳագիկ, եւ հոս այլ իր առաջի հնարքը բանեցընելով, կեղծ հիւանդութիւնը, ապահովցուց իր հիւրընկալը. եւ անոր քնացած ատեն` բռնեց եւ երկաթի շղթաներով բերաւ առ Դերենիկ. սա այլ խաւրեց ի Վան, պահել ի բերդին. իր տիկնոջն այլ յանձնեց, (որ այն ատեն ի Վան էր), զգուշանալ որ չփախչի բանտեալն: Այս բանս ի հարկէ մեր թագաւորին անհաճոյ էր. բայց տհաճութիւնն աւելի գրգռել կու ջանար այն ոխակալ Եմէնիկն, որ նախ զԴերենիկ հրապուրեց ինքն իր գլխուն գործելու եւ աներոջը չհարցնելու, եւ զԱպրիաս Կայսիկն այլ նորէն շարժել ուզեց, նոյնպէս զուրիշներն այլ. յետոյ խորամանկութեամբ մէկ կողմէն առ Աշոտ գրեց Դերենկայ վրայօք` որպէս թէ ապստամբօրէն ուզածը կ՚ընէ եւ կ՚արհամարհէ զթագաւորը, մէկ այլ կողմէն ձայն հանել տուաւ թէ Աշոտ թագաւոր Դերենկայ նեղացեր է եւ կ՚ուզէ բռնել զնա:

Դերենիկ զամենքն այլ արհամարհելով` աշնան վերջերը (887) ելաւ երթալու ի Մառական աւանն, որ Երասխ գետոյ մօտերն է, Վասպուրական աշխարհին հիւսիսային կողմերը, Ճուաշ գաւառին մէջ, եւ հին ատենէն ի վեր` այն աշխարհին տեարց ձմերանոցն էր, խորադիր եւ տաքուկ տեղ մ՚ըլլալով: Շիտակ եւ մեծ ճամբով երթալու համար պէտք էր անցնիլ Հերայ գաւառէն. այս երկիրս որ հիմայ Խոյ կ՚ըսուի եւ Պարսից իշխանութեան տակ է, հին ատեն մեր Պարսկահայոց առաջին գաւառն էր, բայց աշխարհագրական դրիւք աւելի Վասպուրականի մաս կըրնար ըլլալ, եւ այնպէս այլ եղած էր. այս պատմութեան ատեն եւ աւելի առաջ` արաբացի կողմնակալ մը կու տիրէր հոս, բայց Ապահունեաց եւ Խլաթայ իշխանաց պէս` Աշոտոյ իշխանութեան տակ. երկրին մերձաւորութեամբն` կերպով մը Դերենիկ այլ իրաւունք ունէր անոր վրայ: Կողմնակալն` որ Ապլ - փէրս անուանէր` գիտնալով անոր միտքը, միանգամայն վախնալով ի թագաւորէն, երկուքին այլ հպատակութիւն եւ բարեկամութիւն կու ցուցընէր. իսկ հիմայ անշուշտ Եմէնիկէն սիրտ առած` խարդախութեամբ անզգամեցաւ: Իր վրայ այլ կասկածողք կային, եւ իմացուցին Դերենկայ որ զգոյշ կենայ ճամբուն. ոմանք այլ կ՚ըսէին որ թագաւորն պիտի բռնէ զինքը. այս բանէս կրնար ապահով ըլլալ, բայց ոչ նոյնպէս այլազգիէն: Դերենիկ սովորական յանդգնութեամբն յառաջ անցաւ. մտաւ Հերայ (Խոյի) գեղեցիկ դաշտավայրը եւ իջաւ ի գեղն Փեռոտակ, քաղաքին մօտ: Քաղաքապետն իր պատրաստութիւնները տեսնելէն ետեւ` հրաւիրեց զԴերենիկ ի քաղաքն, նա յանձն չառաւ հոն երթալու, բայց միայն ճամբուն վրայ տեսնուելու. եւ երբ ինքն երկրորդ օրն որսի ելեր էր, քովիններն նորէն ազդեցին իրեն որ հեռանայ անկէ. նորէն չլսեց: Մէկ մ՚այլ իմաց տուին որ Ապրիէրս կու գայ զինքը բարեւելու. Դերենիկ տեսաւ անոր թիկնապահ զօրաց գունդն` որ իբրեւ ի պատիւ իրեն դիմաց գային. մտրակեց, եւ «ճեմս առեալ սիգաքայլ երիվարուն` եհաս… միայն եւ առանձինն ի յառուամէջ տեղւոջ». այնպէս տեղ մը որ երկու կողմէն այգիներ էին, մէջէն յորդահաս առու մը կ՚անցնէր, եւ ոչ ոք կու համարձակէր անկէց անցնիլ. միայն Դերենիկ մէկ մ՚այլ մտրակեց զձին եւ ճղքեց ջուրը. ցատքեց այն դին. մէկէն հոն չարուած այլազգի զօրքն երկու բաժնուելով թողուցին որ մէջերնէն անցնի կտրիճն. նա անխոհեմաբար մինակ յառաջեց, Ապլփէրս այլ դիմացն ելաւ, «եւ գիրկս զպարանոցաւն արկեալ` տայ զյուդայեանն համբոյր»: Այն ատեն զօրքն ետեւէն պատեցին զնա. ոմանք ձիուն սանձը քաշեցին, ոմանք վրայի սուրը բռնեցին, ուրիշներն այլ որով եւ նիզակաւ կռնակէն զարկին. վար ձգեցին, ինկնալու ատեն մթնցած աչուըներն ողորմուկ յետ դարձուց` օգնական պաշտպան փնտռելու. բայց իրեններն ջրին այն դին էին, եւ շփոթելով ու վախնալով փախան, միայն Ամատունեաց ցեղին գլխաւոր իշխանն տիրասիրութեամբ բռնուեցաւ: Քաղաքին Հայ վաճառականքն գնեցին Դերենկայ մարմինը, եւ իշխանաց պատուով պատեցին. այն տեղի եպիսկոպոսն Դաւիթ այլ արժանաւոր յուղարկաւորութիւն ըրաւ. եւ թաղեց եկեղեցւոյն մէջ. ինչուան որ յետ ժամանակի` մեռելոյն անդրանիկն եկաւ առաւ հօրը մարմինը եւ տարաւ հանգչեցուց Արծրունեաց հին քնարանը, ի վանքն Խաչի` որ ի Հադամակերտ Աղբակայ: Բոլոր Վասպուրական աշխարհն տասն ամիս սուգ ըրաւ Դերենկայ վրայ, որ իբրեւ 40 ամեայ էր մեռած ատեն, իսկ իւր անդրանիկն` հազիւ տասնամեայ:

Աշոտ թագաւոր, որ այս միջոցիս Կովկասեանց հոգով զբաղած էր` խաւրեց իր ժիր նուիրակ Շապուհ որդին, որ իր համանուն թոռը զԱշոտ զանդրանիկն Դերենկան` ժառանգեցընէ հօրը աթոռոյն, եւ անոր մայրն այլ քաջալերէ, (Սոփի տիկինը) որ էկրանը մահուան վրայ շատ սրտակոտրեր էր. եւ հիմայ եղբայրը տեսնելով եւ զանդրանիկն այլ Արծրունեաց տէր դրուած` քաջալերեցաւ. սկսաւ ոչ միայն մօր պէս` այլ եւ թագուհւոյ պէս խնամեալ որդիքը եւ զաշխարհը. հարցուց հօրը` Ապումրուանին վրայ, եւ պատուէր առաւ որ արձըկէ ու սիրով պատուէ, եւ որդւոցը խնամակալ կարգէ, ինչուան որ չափահաս ըլլան, եւ կարենան ինքնիրեննուն կառավարել: Յաջորդ տարւոյն (888) ետքերը Աշոտ թագաւոր` Վրաց գործերը շտկած ըլլալով, անձամբ եկաւ ի Վասպուրական, դուստրը (Վոփի) եւ թոռնեը մխիթարելու հայրաբար. միանգամայն եւ խնամակալ թագաւորի պէս նորէն հանդիսիւ հաստատեց զԱշոտ թոռը ի տէրութեան Արծրունեաց. անոր երկու եղբարցն այլ պատշաճ պատիւներ եւ իշխանութիւններ տուաւ. նոյնպէս զԱպումրուան այլ հաստատեց անոնց խնամակալութեան եւ պաշտպանութեան մէջ, կառավարութիւնն այլ յանձնելով Սոփի տիկնոջ, եւ ամեն բան կարգի դնելով` դարձաւ իր տեղը:

Կովկասեանց կամ Վրաց շփոթութեան պատճառն` մէկ մ՚էր այն Ներսեհն` զոր նախ յիշեցինք. մէկ մ՚այլ Ափխազաց թագաւորք` որ իրարմէ կու յափըշտակէին թագը: Այսպիսի էր եւ Յովհաննէս թագաւորն, որ զրկելով զԲագարատ` զորդի Դեմետրի թագաւորի, իր որդին Ատրներսեհը թագաւոր դրաւ մահուան ատենը (879). Բագարատ փախաւ ի Կ. Պոլիս, եւ քանի մը տարիէն դառնալով` իր կուսակցաց օգնութեամբ սպաննեց զԱտրներսեհ եւ տեղն անցաւ (887). անոր այրին այլ առաւ ի կնութիւն, որ էր քոյր Ներսեհի. եւ զսա այլ կանչեց ի Յունաստանէ, եւ բաւական զօրք տալով` անոր ուզածին պէս թողուց որ կոխէ Վրաց երկիրը եւ խլէ անոր երիտասարդ իշխողէն, որ էր անուանին Ատրներսեհ (որդի Դաւթի), եւ իր հայրենիքը ժառանգեր էր մեր Աշոտոյ խնամակալութեամբ. մինչդեռ սա այս միջոցիս նոր թագաւորեր եւ քաղաքական կարգադրութեանց զբաղեր էր. Ատրներսեհ իրեն օգնական գտաւ զԼիպարիտ, նախահայր, մեծ եւ անուանի տոհմին Ուռպելեանց, որ Թռեղաց գաւառին կու տիրէր, եւ զԳուրգէն` Տայոց մէկ մասին տիրող կուրապաղատն. մեր թագաւորն այլ օգնական գունդ մը խաւրեց. որովք Ատրներսեհ սիրտ առաւ իր հակառակորդին` Ներսեհի` դէմ ելլելու. Ախալցիխէի կողմերը, Կուր գտեոյն եզերքը հանդիպեցան իրարու, եւ սաստիկ պատերազմ եղաւ. որովհետեւ Ներսեհի եւ Ափխազաց հետ միացեր էին Ալանք կամ Օսք այլ. բայց վերջապէս անոնք յաղթուեցան, Ներսեհ բռնուեցաւ եւ սպանուեցաւ (888) յԱսբինծա աւանի (յարեւելակողմն Ախալցիխէի):

Ասկէ վերջը կ՚երեւի թէ Աշոտ թագաւոր անձամբ եկաւ այս կողմերս եւ օրինաւոր իշխանաց յանձնեց. անկէ մտնելով Կովկասայ լերանց մէջ` նուաճեց Վրաց թշնամիները եւ Ներսեհի նիզակակիցները, զԱլանս եւ ուրիշ լեռնաբնակ ցեղեր. որոց համար կ՚ըսէ կաթուղիկոս պատմիչն. «Ձեռն զհիւսիսական կողմամբն արկեալ, ի ծործորս մեծի լերինն Կովկասու, որ ի հովիտս եւ ի դաշտս երկայնագոգս բնակեալ էին ազգք, ընդ իւրեաւ հնազանդեցուցանէր»: Մեր օրերս անգամ յայտնի է, թէ ո'րչափ ոյժ եւ խելք պէտք էր Կովկասեան այն բնապարիսպ լերանց ազատ որդիքը սանձելու կամ ասպատակութենէ դադրեցնելու:

Աշոտ իր խնամոց յանձնուած երկրին հիւսիսակողման մէջտեղուանքը հանդարտեցընելէն ետեւ` անոր երկու ծայրերն այլ նուաճեց, որ կերպով մը աւելի դժուար էին: Վասն զի արեւելեան կողմը կ՚իշխէին Ուտիացիք, որ են հին Հայոց 15 աշխարհաց մէկն, Աղուանից, Վրաց եւ Կովկասեանց սահմանակից. որոց նման իրենց երկիրն այլ լեռնոտ եւ ամուր ըլլալով, հոս կտրիճ բայց եւ անկիրթ իշխանք իրենց ազատութիւնը պահած էին Հագարացւոց բռնութեան ատեն այլ: Ասոնց մեծ իշխանն էր Ստեփանոս Կոն` որ եկաւ առ Բուղա, եւ նահատակուեցաւ ի Բաբելոն: Այս կողմերուս հին Հայկազանց ժամանակէն տիրողք Սեւուկ նահապետին անուամբ, այս ատեններս այլ Սեւորդիք անուամբ ծանօթ եւ ահարկու էին մերձաւորաց եւ Արաբացւոց, իրենց շինած կտրուկ սրովն: Հիմայ Աշոտ «զելուզակուտ մարդիկ Ուտի գաւառի առհասարակ ընդ ձեռամբ նուաճէր. ի բաց ի նոցանէ հերքելով զաւազակութիւնն մարդադաւութեան, եւ իբրեւ օրինաւորս եւ հլուս զամենեսեան կազմէր, եւ առաջնորդս եւ իշխանս նոցա կացուցանէր»:

Իսկ արեւմտեան սահմանածայրն էր` Ափխազաց երկիրն կամ Եգերաց, որոց թագաւորն` սահմանակից տիրապետաց մէջ ամենէն զօրաւորն էր, ինչպէս առաջ այլ յիշեցի, միանգամայն եւ ինքնագլուխ թագաւոր ճանչցուած. հիմայ Բագարատ Ներսեհի կողմը բռնելով` Հայոց այլ թշնամացեալ էր. բայց նախ անոնց զէնքովը յաղթուելով, յետոյ Աշոտոյ մարդասիրութենէն, խոնարհեցաւ ի հաշտութիւն եւ ի դաշնակցութիւն, որդիաբար մեծարելու իրմէ մեծ թագաւորը. ինչպէս վկայէ եւ վերոյիշեալ պատմիչն մեր. «Այլ եւ զթագաւորն եւս Եգերացւոց ի սէր միաբանութեան ընդ իւր կապակցեալ` այնպէս նմա այցելէր, մինչ զի անընդհատ յորդիութեան սակի գոլով` մտերմամբար պարտավճար միշտ նմա ի ծառայութիւն բերէր»:

Այս դժուարին գործերը յաջողութեամբ լմընցընելէն ետեւ էր որ Աշոտ թագաւոր գնաց ի Վասպուրական, իր թոռանց ժառանգութիւնը եւ իշխանութիւնը կարգի դնելու: Նոյնպիսի կարգաւորութիւն մ՚այլ ըրաւ Սիւնեաց երկրին մէջ. վասն զի գրեթէ նոյն ատեն մեռաւ Վասակ Իշխանիկն` երկրին մեծ իշխանն. Աշոտ` անոր եղբայրը եւ իր անուանակից Աշոտը հաստատեց ի նահապետութիւն Սիւնեաց. եւ երկուքին որդւոց ժառանգութիւններն այլ որոշեց: Այս Աշոտս այլ իր եղբօրը (Վասակայ) պէս հլու եւ հաւատարիմ եղաւ մեր թագաւորին, եւ յետոյ ասոր որդւոյն` Սմբատայ: - Իսկ մէկայլ Սիսական Վասակն` փեսայն թագաւորին` շատոնց մեռեր էր երիտասարդ հասակաւ, եւ այրիացեալ տիկինն Մարիամ երեք կտրիճ որդւովքն` Սեւանայ ծովուն եզերքը կու շէնցընէր վանքերով եւ եկեղե­ցի­ներով, թէ հօրն ատեն եւ թէ իր եղբօրը` Սմբատայ` թագաւորութեան ժամանակ:

Իսկ մեր թագաւորին միւս դուստրն Սոփի` այրին Դերենկան` իրեն պէս երկարակեաց չեղաւ. էրկանն չարաչար եւ ցաւագին մահն անբժշկելի վէրք բացեր էր սրտին մէջ. քսան ամսէն (889) «եւ ինքն Սոփի անհամեմատն ի կանայս` ըստ նմանութեան ամուսնասէր տատրակի հրաժարեալ յամենայն վայելչութեանց կենցաղականացս, խանդակաթ լինելով, ոչ ժուժեալ սրտին նեղութեան … փոխի յաշխարհէս. խաղաղութեամբ ննջեալ ընդ հարս իւր. թողեալ զմանկունսն տղայս եւ անտարակոյս հասակաւ». որք մեծ ցաւով եւ ոգով տարին մարմինք հանգուցին Դերենկայ քով: Շահասէր իշխանք եւ զօրաւորք կու փափագէին խաբել որբացեալ իշխանորդիքն, «այլ ոչ իշխէին յերկիւղէ մեծին Աշոտոյ թագաւորին Հայոց». որ իր կորիւն թոռները առաջուընէ աւելի հայրաբար խնամեց, ինչպէս իր բնիկ իշխանական աշխարհն եւ ուրիշ պաշտպանեալ աշխարհներն այլ շէնցընելով, դեռ տարի ու կէս, մինչեւ իր վախճանն, որ կենացն համեմատ եղաւ արժանաւոր եւ փառաւոր:

Աշոտոյ հին նախահաւան եւ նախօրինակն իշխանութեան, առաջին սուրբ եւ տօնելի թագաւորն Դաւիթ մարգարէ, մարդուս կենաց կարողութեամբ վայելելի սովորական չափն ըսաւ 70 տարի. ինքն այլ նոյն տարին չանցաւ. իր առաջին քրիստոնեայ սրբակաց թագաւորն պայազատն` Աշոտ այլ գրեթէ նոյն շըրջանը բոլորեց եւ կնքեց, 71 տարին. ի վերջ 890 թուականին Քրիստոսի, կամ թերեւս ի 1 փետրուարի 891 ին. վասն զի այս օրուանս կու զուգակցի մարերի 20 ն (յորում անոր յիշատակն դրուած է) ՅԼԹ թուականին Հայոց, յորում մահն նշանակի: - Թէպէտ եւ կենաց վերջին երկու տարիներուն մասնաւոր դիպուած մը չիպատմուիր, բայց` ինչպէս նախ յիշեցինք` Աշոտ անդադար էր հարկաւոր գործոց մէջ, որոց հաղորդ եւ ընկեր էին չորս կտրիճ, չափահաս եւ բարեկիրթ որդիքն: Անդրանիկ Սմբատն, զոր Իշխանաց իշխան անուաներ էր, այն զօրոք Գուգարաց կողմերն էր, դարձեալ Վրահայոց մէջ ծագած շփոթութիւն մը խաղաղցընելու, կամ ապստամբները նուաճելու համար, ինչպէս կ՚ըսէ ժամանակակիցն Յովհ. կաթողիկոս, եւ ուրիշ բան չաւելցըներ. իսկ Վրաց պատմիչն յիշէ, որ նոյն ատեն Գուրգէն կուրապաղատ` մեր թագաւորին քեռայրն` իր Տայոց Քալմախ իշխանանիստը եւ Արտանուշ մեծ քաղաքը թողլով, գնաց բնակելու Շաւշէթի եւ Արտահանու կողմերը, (որ Գուգարաց արեւմտեան գաւառներն են, եւ) որոց վրայ առաջ ուրիշ իշխան կար, եւ շատոնց Վրաց իշխանապետին պաշտպանութեան տակ ընկած էին: Հիմայ այս բանս տհաճութեան եւ կռուի պատճառ եղաւ Ատրներսեհի` Վրաց գլխաւորին եւ Գուրգենի մէջ, ինչուան պատերազմի ելան Արտանուշայ դաշտին մէջ. Գուրգէն յաղթուեցաւ եւ վիրավորեցաւ. եւ վերջը նոյն վիրաց ցաւով մեռաւ (891): Թուի թէ այս կամ ասկէ պատճառած դիպուածի համար էր հոն ղրկուած Սմբատ. մինչդեռ հայրն գուցէ ուրիշ գործ մը շտկելու համար ձմեռ ատեն ճամբայ ելեր էր իր բնաշխարհին մէջ, երբ վրան ծանր հիւանդութիւն եկաւ. եւ չկարենալով աւելի առաջ երթալ կամ յետ դառնալ, դադրեցաւ ի Քարսպառ ըսուած ապառաժոտ բարձրահայեաց սարատափ տեղ մը, որուն աշխարհագրական դիրքն անծանօթ է ինծի, եւ կարծեմ յԱյրարատ գաւառի:

Այն Քարսպառ գահաւանդն եղաւ Աշոտոյ կենաց սպառիչ սահմանաքարն. եւ անոր բարձրութենէն դարձուց աչուըները յետս` իր եօթանասնամեայ կենաց ընթացից վրայ, եւ ի վեր` հանդերձեալ կենաց անսպառութեան վրայ: Մարդոյ, եւ մեծիշխան մարդոյ արժանավայել էր կտած ընթացքն. կըրնար անվախ նայիլ եւ ըսել. «Զընթացսն կատարեցի». հայրենեաց, եկեղեցւոյ եւ ընկերակցաց համար էին իր երկայն աշխատանքներն եւ մրցանքն. կըրնար այլ ըսել. «Զբարւոք պատերազմն պատերազմեցայ», բարեսէր եւ քաջահաւատ հոգին կըրնար յուսալ արդարութեան երկնաւոր պսակին, անկէ` որ հոս տուաւ իրեն երկրաւոր պսակը. զոր հիմայ վար դնելով ընդ մէջ հանդերձեալ կենաց արշալուսոյն եւ մահուան ստուերներուն, հաւատարիմ քրիստոնէի զգաստութեամբ պատրաստեց զհոգին այն մեծ փոփոխութեան: Մինչդեռ որդիքն եւ սիրելիքն իրեն առողջութեան եւ հանգստեան խնամք կու մատակարարէին, ինքն ամենէն քաջահոդ` բերել տուաւ զքահանայապետն Հայոց, եւ միջնորդ կեցուց վերջին անգամ ընդ Աստուած եւ ընդ ինքն` վսեմ գլուխն` անթագ խոնարհեցաւ խորին խոստովանութեամբ մարդկային բնութեան եւ մտաց տկարութեանը, եւ ընդունեցաւ Աստուծոյ օծելոյն ձեռքէն եւ բերանէն զկնիք եւ զաւետիս թողութեան եւ հաշտութեան, ընդունեցաւ մարդացեալ Անմահին եւ երկրպագելի եւ փրկարար մարմին եւ արիւնը, գոհացաւ զԱստուծոյ` որ առաւել քան զթագն եւ զծիրանին` արժանացուց զինքն այս սուրբ եւ աննման խորհրդոց, զոր ոչ ճանչցան եւ ոչ ճանաչեն կարծեցեալ գիտունք աշխարհի եւ փետրագլուխ փիլիսոփոսք:

Որդւոց եւ մերձաւորաց ժառանգութենէն աւելի իր պաշտած հեզ Քրիստոսին ժառանգակիցները հոգաց. - աղքատները եւ կարօտեալները, ոչ միայն դեռ շունչն վրան եղած ատեն բաժնել տուաւ լեցուն գանձեր ոսկւոյ, այլ եւ յանձնեց կաթուղիկոսին շատ ստակ եւ ըռզակ, ոչխարաց եւ նախրաց բազմութիւն, ձի եւ գրաստ, որ առատապէս բաշխէ եկեղեցեաց եւ վանորէից եւ որու որ արժան համարի, եւ ամեն տեղ իր հոգւոյն համար աղօթք եւ պատարագ ըսել տայ: - Հոգւոյն պէտքն լաւ հոգալով, զաւակաց եւ պայազատացն այլ հարկաւոր խրատ եւ պատուէրներ տալով, աւելի սքանչելի օրինակաւն քան վսեմական խօսքովն, իբրեւ ամեն բան թուով եւ կարգով շարելով եւ շարժելով, ինչպէս որ բոլոր կենաց գործերն այլ կարգաւորեր էր, իբրեւ յետին կանոնաւոր եւ սահմանեալ գործ մը` կատարեց անշփոթ զգաստութեմ»ամբ եւ վայելչութեամբ զմեռնիլն այլ … զոր գրեթէ ամենայն պատմիչք խոր զգացմամբ կ՚իմացընեն. «Եւ այսպէս ապա զպիտառոցեալ պէտս արտաքնոցս (ստացուածս`) ի մաքրութիւն նորոգման ներքին մարդոյն անտեսաբար կենսացուցանէր: Յետ որոյ բարւոք ծերութեամբ ըստ բուսոյ բարեազգեաց բարուց` հանգեաւ ի Քրիստոս»: - «Յետ զամենայն ինչ ըստ Աստուծոյ հաստատելոյ` փոխի ի կարգ սուրբ թագաւորաց»: - «Զի էր այր քաղցր եւ հեզ եւ անարատ»: - «Ալեւորեալ վախճանեցաւ աստուածապաշտութեամբ եւ լի հաւատով … եւ փոխեցաւ յանանց թագաւորութիւնն երկնից»: - «Փոխի յաշխարհէս ի բարիոք ծերութեան … քաջավայելչագոյնս զթագաւորութեանն կատարելագործեալ զժամանակն»:

Մեծին Աշոտոյ (որ հիմայ ոմանց առիւծ մը կ՚երեւէր ի քուն ծանրութեան, ոմանց սիրելի եւ ալեւոր հայր մը ընտանեաց մէջ նահապետօրէն վախճանած, ոմանց դեռ թագաւոր ի մտածման հարկաւոր խորհրդոց, եւ ամենայն խոհական ճանչցողաց` արդարակորով եւ մաքրակենցաղ մարդ մը վախճանեալ սրբութեամբ) մեծահանդէս եղաւ եւ յուղարկաւորութիւնն. ինչպէս մեր հին թագաւորաց մէջ յիշուի միայն Տրդատայ եւ Բ Արտաշիսի: Երախտագէտ որդիքն եւ հպատակք` ուզեցին անոր արժանեաց եւ պատւոյն համեմատել նաեւ սգոյ հանդէսն եւ կազմուածքն. «ոսկէհուռ հանդերձիւք եւ ոսկէզօծ վառիւք զդագաղսն զարդարեալ». զոր Քարսպառէն վերուցին տարին ի Բագարան, որ թագաւորանիստ քաղաք էր եղած, միանգամայն եւ յետին հանգստարան ոմանց ի Բագրատունի թագաւորաց, եւ նախ մեր Աշոտոյ, որ հաւանօրէն առաջուց հոն պատրաստեր էր իրեն հանգստեան մատուռն եւ քնարանը: Բոլոր ճամբան այս երկու յիշեալ տեղեաց մէջ` (որուն երկայնութիւնը չեմք գիտեր) հանդիսաբար յուղարկաւորութիւն եղաւ. Գէորգ կաթուղիկոս` եկեղեցական դասականութեամբ եւ պաշտօնէիւք եւ հոգեւոր երգօք` առջեւէն երթալով. «եւ խումբք զորաց զինուք եւ զարդուք, ընտրանօք եւ նշանակօք շուրջ պաշտպանեալք», իսկ դագաղաց ետեւէն եւ անմիջապէս մօտէն` կ՚երթային իբրեւ սգագլուխք` երեք թագաւորորդիքն, Շապուհ, Սահակ եւ Դաւիթ, (վասն զի երէցն Սմբատ չկըրցաւ հասնիլ ի Գուգարաց կողմէն), եւ թագաւորին մերձաւոր ազգականքն եւ բարեկամք եւ պաշտօնեայք, ասոնցմէ վերջը, ըստ հին սովորութեան Հայոց, սգաւոր եւ սգաշարժ կուսանք եւ յացմայրք, երաժիշտք եւ ողբերգակք, թարգմանք եւ վկայք քաղաքական եւ բնական սգոյ ցաւոց ընտանեացն, հայրենեացն եւ բոլոր պաշտպանեալ ազգաց, եւ այլ ետեւանց «բազմութիւն ռամկացն եւ անռամկաց»: Յետին հանդէսներն այլ կատարելով ի Բագարան, «ապա կազմեալ տապան թագաւորական` եդին զնա ի քնարանի հարց իւրոց»: Իսկ յիշատակը` ինչպէս ի սկզբան պատմութեանն ըսի, աստուածընտիր սրբոց հետ խառնեցին յեկեղեցիս Հայաստանեայց, ի պատիւ նորա եւ ի փառս ամենախնամն Աստուծոյ:

Աշոտոյ հանգստարանին եւ յիշատակին մնաք բարով չըսած, թերեւս յետին բաեւ մ՚այլ տալ վայելէ անոնց` որ իր պատմութեան եւ գործոց մէջ ստէպ կամ մեծապէս հանդիսացան. արդէն կենաց օրէնքն` անոնց մէկ մասը յառաջ քան զԱշոտ վերուցեր ծածկեր էր աշխարհքիս տեսարանէն. - Վասիլ կայսրն հինգ տարի առաջ մեռեր էր, եւ որդին Լեւոն իմաստասէր թագակցէր Աշոտոյ. - բազմափորձանք պատրիարքն Փոտ գրեթէ Աշոտոյ հետ կատարեց կեանքը, (891): Աշոտէն ընտրեալ եւ զԱշոտ թագաւոր օրհնող կաթուղիկոսն Գէորգ, անոր անդրանիկ Սմբատն այլ օրհնեց, եւ անոր հետ տառապեցաւ Աֆշին բռնաւոր կուսակալին ասպատակութեանց ատեն, ինչուան կապուեցաւ եւ բանտեցաւ եւ ազատեցաւ միջնորդութեամբ Համամայ` Աղուանից իշխանապետին, որ եւ իբրեւ զատ ազգի գլուխ` յետ Բագրատունեաց` առաջին թագաւոր եղաւ. Գէորգ եօթն տարի յետ Աշոտոյ վախճանեցաւ (897): Տեղը գրեթէ հարկ էր որ դրուի աշխարհածանօթ եւ մեծահռչակ ճգնաւորն Սեւանայ եւ ծանօթն Աշոտոյ` Մաշտոց, որ եւ իր անուանակից եւ գործակից (Ս. Մեսրովպայ – Մաշտոցի) նման` միայն վեց եօթն ամիս Հայոց հայրապետական աթոռը նստելով` մեռաւ նոյն տարին (897). եւ յաջորդ ունեցաւ իր ազգական եւ աշակերտը` Յովհաննէս Պատմիչը, որ մեր այս պատմութեան այլ գլխաւոր աղբերաց մէկն էր:

Իսկ յիշխանաց եւ ի մերձաւորաց Աշոտոյ` իր եղբայրն Սպարապետն Աբաս նախ քիչ մը դժուարացաւ եղբօրորդւոյն հնազանդելու, եւ հակառակեցաւ թէ' անոր եւ թէ Վրաց կուրապաղատին` Ատրներսեհի. յետոյ քիչ մ՚այլ իր կալուածներն ընդարձակելով Վանանդայ եւ Գուգարաց կողմերը` հանդարտեցաւ. եւ ինչպէս կ՚երեւի` քիչ տարիէ վախճանեցաւ: Իսկ Ատրներսեհ Վրաց համար եղաւ ինչ որ Հայոց` իր բարերարն մեծն Աշոտ, ինքն այլ թագաւորական պատւոյ հասաւ, եւ երկայն ատեն իշխելով` իր աշխարհը շէնցուց եւ զօրացուց:

Աշոտոյ թոռներէն, Սիսական իշխանքն` ինչպէս իրեն` նոյնպէս եւ Սմբատայ միշտ հաւատարիմ եւ հլու եղան, եւ ասոր պէս շատ նեղութիւն քաշեցին Աֆշինի եւ մանաւանդ անոր եղբօր Եուսուֆի բռնաբար ասպատակութեանց ատեն. իրենց բարեպաշտ եւ սիրելի մայրը, Մարիամ տիկինը` իրենց աշխարհին խնամակալ եւ պաշտելի անձի պէս հետերնին տանելով տեղէ տեղ բերդէ բերդ, եւ այն տարագիր տեղափոխութեանց մէջ մեռնելէն ետեւ այլ, նոյնպէս մարմինը հետերնին տարին, ինչուան որ բռնաւորն կորաւ, երկիրն խաղաղեցաւ, եւ դարձան, ու Մարեմայ մարմինը հանգչեցուցին անոր ձեռակերտ եկեղեցւոյ մը մէջ: - Արծրունի թոռունքն Աշոտոյ` իրենց հօր (Դերենկան) պէս վառվռուն եւ անհանդարտ եղան. բայց անդրանիկն Աշոտ աւելի հաւատարիմ եղաւ Սմբատայ, եւ երիտասարդ վախճանեցաւ (29 տարուան), յաջորդն` իր եղբայրն Գագիկ` Արծրունեաց աշխարհաշէն եւ փառաւորիչ դիւցազն կու ճանաչուի` բայց իր երկիրը ապահովելու համար` Յուսփայ (Եուսուֆ) հետ առանձին դաշինք դնելով եւ անկէ թագ առնըլով, իր քեռիէն (Սմբատայ) զատուեցաւ, եւ ասով մեղադրելի է: Միայն հոս յիշենք որ Սմբատայ պատերազմին ատեն ընդ Ահմատայ որդւոյ Յիսէի` վատութիւն եւ մատնութիւն ընող ու թագաւորին յաղթուելու պատճառ եղող Գագիկն` սա չէ, այլ Ապումրուանն, որ շատ անգամ յիշուեցաւ պատմութեանս մէջ, եւ որ այս յիշեալ դիպուածէն քիչ վերջը` սպանուեցաւ, որովհետեւ Արծրունեաց իշխանութիւնը կ՚ուզէր ձեռք առնուլ: Աշոտոյ որդիքներէն, Սահակ` իրմէ վերջը չի յիշուիր. Շապուհ` Հայոց սպարապետ եղաւ եւ Տերանց տէր. շատ շինութիւններ ըրաւ իր սիրելի քրոջ` Մարիամայ` երկիրներուն սահմանները. բայց ինքն այլ միւս եղբայրն այլ Դաւիթ` դեռ տարիքնին չառած մեռան եւ շատ սուգ պատճառեցին Սմբատայ:

Սա 24 տարի թագաւորեց` հօրը շատ կատարելութիւններն ունենալով եւ անոր արժանի պայազատ ըլլալով, բայց անոր նահապետական հեղինակութիւնը չէր կըրնար ունենալ իր պաշտպանութեան տակ եղած իշխանաց վրայ, որք Աշոտոյ որդիք սեպուէին, իսկ իրեն` եղբարք հաւասարք, եւ քիչ մ՚իրենք իրենցմէ, քիչ մ՚այլ ի Յուսփայ եւ յօտարաց գրգռեալ` սկսան հեռանալ միութենէն, իւրաքանչիւր իր երկիրը կամ գլուխը հոգալով: Ասով` Սմբատայ ամեն ջանքն չյաջողեցան, եւ վերջապէս յետ շատ առաքինի գործոց եւ աշխատանաց, իր խորամանկ երդմնազանց անգութ թշնամւոյն` Յուսփայ` անձնատուր եղաւ. գերագոյն առաքինութեամբ, իր հպատակները ազատելու համար, եւ անկէց այլ գերագոյն առաքինութեամբ մը մարտիրոսական քստմնելի տանջանաց համբերութեամբ` արեամբ նահատակուեցաւ ի վերայ հայրենեացն եւ սուրբ հաւատոցն (914). եւ իր պապուն նման Խոստովանող, եւ այլ փառաւոր անուամբ եւ իրօք Նահատակ կոչուեցաւ, եւ նշանագրեցաւ ի Յայսմաւուրս եւ ի Հայագիրն` յութ մայիսի:

Այսպիսեաց հայր եւ որդի Մեծն Աշոտ, այսպէս ապրեցաւ, գերազանց քան զանոնք եւ քան զշատս յիշխանաց եւ թագաւորաց` մեծագործութեամբ, քաջութեամբ, բարեպաշտութեամբ, խոհեմութեամբ, միանգամայն եւ յաջողութեամբ եւ փառօք եւ սիրով ժամանակակցացն եւ ապագայից: Այսպէս գիտցաւ յարմարեալ խղճին, պատւոյ, ժամանակին եւ հայրենեաց եւ ընկերաց օգտին: Այսպէս ազգայարոյց եւ ազգակեցոյց անձն եղաւ, արժանի երախտագիտութեան, զարմանաց եւ փառաց` աւելի աւելի քան մինչեւ հիմայ իրեն ընծայուածն, արժանի Հայոց նախաչար անուանց դասակցութեան, արժանի դիւցամեծար դրուատեաց եւ կրկնափայլ անմահութեան:

Ո՜րչափ երջանիկ եւ նախանձելի պիտի գրեմ զքեզ, Հայկակ, եթէ որ մը կամ գիշեր մը, պայծառ արեւ մը կամ տխրախառն լուսին մը լուսանան քեզի ի Բագարան, Ախուրեան գետոյն պղտոր պտուտից եւ անարձագանգ կարկաջանաց քով, այն համասփիւռ ջարդ ու բուրդ քարուցիր աւերակաց վրայ, որոնք միջօրէ ատեն անգամ սեւ ու սուգ կ՚երեւին, մեծ հնոցէ մը խանգրած մխոտած աղիւսներու նման. որոց դիմաց քանի մը ժամ հեռու Անի` թագաւորաց քաղաքն` դեռ պարիսպներով եւ եկեղեցեօքն կիսականգուն կայ. - Բագարան` երբեմն չաստուածոց բնակարան, յետոյ Բագրատունեաց արքայարան եւ քնարան` գետնի հաւասար է. քարերն աւագ ու մոխիր դարձած, մանրած թոռմած, միայն բերդի նշանակ մը կ՚երեւի քիչ մը բարձր, ծեր ու մէջքը կորացեալ պահապանի նման մաշած աշտարակով մը. չորս հինգ եկեղեցեաց պատերու մասունք կան քովերը, մէկ երկու արձանագիր, որոց հնագոյնն իսկ մեր Աշոտի մահուանէն դար մը վերջը փորագրած է. եկեղեցեաց մէկին մէջ գերեզման մը կայ, զոր Ս. Գէորգի նշխարաց հանգստարան կ՚ըսեն մօտաբնակ ժողովուրդն , եւ ուխտի կ՚երթան ու խնդրուածքնին կ՚ընդունին. բայց մէկայլոց քով այլ կան հնացեալ լուռ գերեզմաններ, միակ կանգուն շէնք Բագարանի, որք եւ ծածկեն զմեծագոյնն աւերակաց, զանցեալ ազգս մեր նախահարց: Այն սեւացեալ շիրմաց մէկը կ՚ուզեմ որ համբուրես, վրան գտնելով` եւ չորս դի քարէ քար թուփէ թուփ ալիքէ ալիք հնչեցընելով զանունն ՄԵԾՆ ԱՇՈՏ ԹԱԳԱՒՈՐ:

ԺԷ. Աբգար դպիր. հայ տպագրութիւն

[խմբագրել]

ԵԹԷ մտածութիւնը բերնով բացատրելն, այսինքն խօսիլն, աստուածատուր եւ բնաձիր պարգեւ մը չըլլար մարդուս, անշուշտ զայն հնարող եւ աւանդող մարդն` գերագոյն մարդ պէտք էր սեպուիլ, եւ յամենայն ազգաց եւ ժամանակաց պաշտելի եւ պատուելի ըլլալ: Անկէ ետեւ պատուելի եւ երախտելի համարուելու է զխօսքը մնայուն ընողը` նիւթական կերպով մը, որ է գիրն. եւ իրաւամբ այլ մեծ եւ աստուածական պաշտօն ընծայած են նախնիք իւրաքանչիւր ազգաց` իրենց մէջ գիր եւ դպրութիւն հնարողաց. որպիսի էր կամ կու կարծուի մեր հին նախնեաց մէջ` Տիր` հայրն եւ աստուած դպրութեանց, որ Յունաց եւ Եգիպտացւոց Եռամեծ Հերմեսի հաւասարի եւ համեմատի. իսկ քրիստոնէութեան ատեն մեր նոր գրոց հեղինակն` Ս. Մեսրովպ ամենուն յայտնի է թէ ինչպէս երախտագիտութեամբ եւ փառօք ճանչցուած եւ պաշտուած է յազգէս` յեկեղեցիս եւ յուսումնարանս: - Եւ եթէ յետ այս մեծարդիւն գրագիւտ մարդկան` պատուոյ եւ երախտեաց կարգը` մէկու մը տալու ենք, անշուշտ այն մէկն է` գրութիւնը շուտ եւ շատ ծաւալել հնարողն, որ է Տպագիրն: Այս այլ յայտ է, թէ Եւրոպացիք` յառաջադէմքն ի գրականութեան, ի'նչ պատիւ եւ շնորհակալութիւն կ՚ընծայեն Կուդդէմպէրկի, որ իրենց մէջ համարուի հեղինակ տպագրութեան, թէպէտ եւ Չինք յամենայնի հնապանծք (եւ շատ բանի մէջ իրաւամբ), այս գիւտս այլ իրենց սեփականեն. բայց ընդհանուր աշխարհս չորս դար է` որ այս մեծ պարգեւս կու վայելէ, Սդրազպուրկի գերմանացւոյ մը երկայնամիտ հանճարովը:

Մեր Հայց Կուդդէմպէրկն ո՞վ եղած է, այսինքն առաջին անգամ հայերէն գրեր ձուլող ձեւող եւ գիրք տպող, դեռ ոչ բոլորովին բացայայտ խնդիր մ՚է. զոր արդէն լսած ես`, Հայկակ, եւ գիտես որ ամբողջ հայերէն գիրք տպագրելէն առաջ` քանի մը եւրոպէացի բանասիրաց գրոց մէջ ԺԶ դարուն կիսէն առաջ ալ երեւցած են հայերէն այբուբենք կամ քանի մ՚երես բան, որ միայն նախընծայ անհարթ փորձ մը կրնան սեպուիլ տպագրութեան. իսկ ամբողջ տպագրեալ հայերէն գիրք մը, թուի թէ Կուդդէմպէրկի գիւտէն հազիւ դար մը ետեւ եղած է, թէպէտ եւ դեռ անծանօթ է տպագրութեան տարին եւ տեղն եւ հրատարակողը:

Տեսած եմ գիրք մը, որուն համար թէ եւ չեմ կրնար ըսել բացարձակ առաջին տպագրութիւն, այլ ծանօթ տպագրութեանց նկատմամբ կրնայ ըսուիլ առաջին, կամ ամենէն հին ծանուցեալ տպագիրք, երեք դարէ աւելի հին. որոյ տպագրութեան տեղւոյն եւ անձին չյիշատակուիլն (գոնէ հիմայ գտուած օրինակաց մէջ) գուցէ խորհրդով եւ զգուշութեամբ եղած ըլլայ. որովհետեւ առաջնութեան եւ հնութեան, նաեւ հրատարակման անարժան գիրք մ՚է, եւ ձախ ձեռքի մը չօրհնած ընծայ կրնայ սեպուիլ. գիշերուան ծնունդ քան տուընջեան. եւ եթէ ներելի է մեր հեթանոս հարց կամ Պարսից լեզուովը խօսիլ, խաւարասէր Ահրմէն մ՚է որ կ՚աճապաէ ի դուրս գալ նախ քան զանուշահոտն եւ լուսաւոր Որմիզդ, որպէս զի յափշտակէ մտաց վրայ տիրապետութիւնը. սակայն լոյսն եւ բարին թէ եւ քիչ մը յետոյ գայ` կու յաղթէ չարին եւ խաւարին:

Արդ մեզի ծանօթ եւ հասարակօրէն հռչակեալ առաջին հայերէն լուսաշնորհ եւ լուսածնունդ տպագրութիւնն` եղած է յամի 1565, ամբողջ երեքհարիւրամեան շրջան մ՚առաջ, որով եւ չորրորդ դարագլուխ է այս տարիս, արժանի յիշատակաց եւ տօնելի (գոնէ) վասն տպագրաց ազգիս, ըստ սովորութեան եւրոպեայց, որք չեն զանց առնուր իրենց պատմական, կրօնական եւ ուսումնական երեւելի յիշատակաց դարադարձը տօնախմբել:

Ելլենք ասկէ 300 տարի առաջ, մտնենք մտօք ԺԶ դարուն կէսը, քննենք զերեսս աշխարհի եւ զխորս հայրենեաց մերոց: - Ի՞նչ նորութիւն եւ սկիզբն նորութեանց յԵւրոպիա. ի՞նչ յուզմունք, այլայլութիւնք, յեղափոխութիւնք, վէճք, քննութիւնք, ժողովք, կռիւք, միաբանութիւնք եւ հերձուածք` վասն հաւատոց, նորաղանդ վարդապետութեանց, եւ բողոքարկու պահանջմանց: Պատմագէտ, փիլիսոփայ եւ աստուածագէտ պէտք է ըլլայ չափով մը, այս մեծ` եւ Եւրոպայի համար հանրական կերպարանափոխութիւնը եւ ծովածաւալ ծածանումը նկատելու համար. - տեսարան մը` որ թեարեւս նմանը չէ ունեցած կրթուած եւ զարգացած ազգաց մէջ, որոյ վերջին պատկեր կ՚ըլլայ Եկեղեցւոյ տիեզերական վերջին սիւնհոդոսը (Տրիդենտեան):

Պահ մը դիտելով զայս, դառնանք յարեւելս, ի մայրն արեւելեայ աշխարհաց, ի բուն մեր հայրենիս` ի Հայաստան …: Ի՞նչ խորութիւն խաւարի եւ լռութեան. ի՞նչպէս աննշան եղեր է այն ընդարձակ եւ բազմաբնակ աշխարհն, որ իր սկզբան բոլոր երկրիս վրայ առաջին նշանն էր, եւ երկար եւ կերպակերպ յեղափոխութեամբք գրեթէ բոլոր հին եւ միջին ժամանակաց մէջ պատմաքննութեան մտադրութիւնը կրնար գրաւել, նաեւ իրեն պատերազմաց եւ արեանց ասպարէզ բացուած ատենն. երբ դեռ դիականց եւ աւերակաց մէջ ալ գտուէին եւ փայլէին քիչ կամ շատ կեդանի նշխարք Հայութեան. շունչ մը հայ հոգւոյ, փայլ մը հայ հանճարոյ, գործ մը հայ ձեռին: … Իսկ հիմայ այս (ԺԶ) դարուս մէջ` յետ արիւնակոխ աւերասփիւռ արշաւանաց Լէնկթիմուրի, եւ պատերազմաց Շահռուհի, Ագ եւ Գարա-Գոյունլու տոհմից, յետ տիրապետութեան Շահ Իսմայէլի ի Պարսս, եւ Օսմանեանց զօրանալով յարեւմտից յարեւելս աշխարհակալելու, - հիմայ` թէ եւ քիչ մը հանդարտ էր Հայոց երկիրն ի վրդովմանց կռուոյ եւ հակառակութեան, սակայն ազգին ինքնակացութիւնն գրեթէ իսպառ ջնջած կամ ճնշուած, դանդաղամած անշարժութեան մէջ էր:

Թերեւս Հայութեան հիգագոյն դարն է ԺԵ-ԺԶ դարուց միջոցն. ոչ եկեղեցական յիշատակելի դէպք մը (յետ փոխադրութեան կամ բաժանման կաթողիկոսական աթոռոյ ի Սիս եւ յԷջմիածին), ոչ ազգային քաղաքական երեւոյթ մը, եւ ոչ այլ նշոյլք բանասիրութեան կամ գրականութեան, որ թերեւս քան զայլ նշանս` երկարատեւ եւ յայտնագոյն ցոյց է կենդանութեան մեր ազգին: Այո, մատենագրութեան մասամբ այլ, որչափ որ ծանօթ է ինծի, մեր աղքատագոյն ժամանակն է այս. յետ գեղեցիկ փորձոյ եւ ջանից մեր գրասիրաց ԺԳ դարուն, (որ թերեւս հարստագոյն է քան զամենայն դարս գրականութեան մերոյ, եթէ ոչ եւ ընտրելագոյն որպէս իրմէ առաջինը` ԺԲ), դեռ ԺԴ դարուն մէջ այլ գտուէին հետեւողք նոցա, որոց գրուածքն ցուցընեն հայկական իսկութիւն մը, եւ դեռ ԺԵ դարն ալ մինչեւ ի կէսն ունի քանի մը Գրիգոր եւ Առաքելոյ, Թովմաս մը, Մկրտիչ Նաղաշ մը. Ամիրատոլվաթ մը, որք քիչ շատ ջանացած են առաջին դարուց հայ քերդողութեան, պատմութեան եւ բնագիտութեան մուզայից պարտէզները մշակել կիսահարթ գրչով մը: Իսկ անոնցմէ ետեւ յիշեալ դարուս մէջ` եւ ոչ անոնց հաւասարող մը կ՚երեւի, եւ ոչ հայերէն գրական լեզուի յստակութիւն, եւ ոչ անոր մշակութիւն գրելով ու կարգալով. որոց դիւրութեան հնարքներն այլ նուազեր էին յետ աւերմանց եւ աւարմանց վերոյիշեալ բռնաւորաց:

Գրեթէ նորանշան գործ մը կամ անձ մը պէտք էր այս վնասը զարմանալու եւ մեծագոյն վնասէ պահելու զՀայս. եւ եթէ գտուէր այսպիսի մէկն, կարծեմ անտարակոյս եւ անդանդաղ` մեզի այլ պէտք էր ճանչնալ զնա մեծ եւ յաւերժայիշատակ բարերար մ՚ազգային մէկ մը յայն ընտրեալ անձանց, որոց անուններն արժան է որ Հայկական երախտեաց տաճարին մէջ առաջին տողին վրայ գրուին:

Եղա՞ւ, երեւցա՞ւ արդեօք այսպիսի անձ մը. պարգեւեցա՞ւ Հայաստանի այսպիսի այցելու մը. այնպիսի ճարտարագէտ եւ հանճարահնար մը, ի միջոց ժամանակին` որ յետ վարժապետացն Սիւնեաց վանորէից եւ նախ քան զՄխիթար Սեբաստացին: - Այնքան թանձր է ժամանակին մթութիւնն կամ լռութիւնն, որ այս բանս այլ ընդհատ եւ ընդ աղօտ կ՚երեւի. սակայն հիմայ մեզի այսչափս այլ բաւական է ճանչնալու որ յիրաւի եղած է Հայոց ցանկալի այցելութիւն մը, Տպագրութիւնն, եւ երեւցեր է ասոր համար եռանդուն, հնարագէտ, անձնանուէր բարերար մը, ԱԲԳԱՐ ԴՊԻՐ:

Այս գիւտին կամ բարեաց նախաշարժ սկզբնաւորութիւնն ի՞նչպէս եղած ըլլալն այլ մեզի դեռ յայտնի չէ. բայց խորհրդաւոր եւ ոչ աննշան կերպ մը կ՚երեւի: Ի կէս ԺԶ դարու (յամի 1549) Ստեփաննոս Սալմաստցի կաթողիկոս` կու գայ ի Հռովմ, (մին յառաջին կաթողիկոսաց Էջմիածնի` որ յետ Ս. Լուսաւորչին գայ այս կաթուղիկէ եկեղեցւոյ աթոռը). մեծ մտերմութիւն կու ցուցընէ եւ կու տեսնէ հոն, եւ զնոյն կու հաւաստէ իր ընտրած աթոռակցին` Միքայելի. իբրեւ ժառանգութիւն մը թողլով ասոր` յաջորդութեան հետ` զնոյն մտերմութիւն. զոր եւ սա կ՚ուզէ արծարծել յետ տասն եւ աւելի տարիներու, երբ ժամանակին դիպուածներէն ստիպուած, Վաղարշապատու աթոռը թողեր, եկեր նստեր էր ի Փոքր Ասիա, ի հռչակաւորն Սեբաստիա, հոն, ուր իրմէ 500 տարի առաջ մեծանունն Պետրոս Գետադարձն նստաւ եւ հանգեաւ:

Քաղցր է ինձ այս քաղաքիս յիշատակն, որ հին ատեն Բ Հայոց մայրաքաղաք ըլլալէն. եւ երբեմն (ի ԺԱ դարու) Ոստանի եւ Վանայ տեղ Արծրունի թագաւորաց աթոռ ըլլալէն աւելի մեծ, (թէ եւ ոչ ըստ արժանւոյն հռչակեալ`) յիշատակներ եւ երախտիք ունի առ ազգս, կամ մասնաւոր նախախնամութեան ձիրքեր, զոր յայմար է հարեւանցի յիշել այս առթովս: Քրիստոնէութեան առաջին հալածանաց դարուց մէջ շատ սուրբ նահատակներ ընծայեց Սեբաստիա, որոց անշուշտ մէկ մասն այլ Հայազգի էին. շատ օտար տեղացի առաքինիք այլ` հոս (իբրեւ յիշխանանիստ քաղաք Հռոմայեցւոց) դատուեցան եւ նահատակեցան: - Ո՞վ կրնայ Սեբաստիոյ անուան հետ չը յիշել Քառասուն Մանկունքն, «որք ի Սեբաստիոյ ծովուն զծովածուփ կենցաղոյս լուծին զվտանգ»: Երբ հալածանքն` դեռ ընդհանուր եկեղեցւոյ համար չդադրած` ի Հայս դադրեցաւ, Գր. Լուսաւորչի մը տիեզերական նահատակութեամբ եւ Տրդատայ մը համաշխարհական հաւատովն ի Քրիստոս, մեր առաջին հայրապետն ի Կեսարիոյ սուրբ օծութեամբ դառնալուն աիեն, «մնայր ժամանակս ինչ ի Սեբաստիա, հաւաքել զդասս կրօնաւորացն»: Կրնամք ըսել թէ նորընծայ քրիստոնէահաւատ Հայութեան առաջին դաստիարակաց մեծ մասն` ի Սեբաստիոյ ընծայեցան, եւ չեմ անիրաւիր ըսելու այլ թէ թերեւս անկէ 1500 տարի ետեւ, յետին քաջանշան բարերար եւ նորոգիչ մը հոգեւոր եւ մտաւոր հանճարոյ ազգիս` ի նոյն ի Սեբաստիոյ ծագեցաւ, Մխիթար Աբբայն: Այս Սեբաստիոյ երկու մեծաձիր լուսաւորիչ եւ լուսանորոգ հրեշտակութեանց մէջ, իրաւացի կու համարիմ դասել զհեղինակն հայ տպագրութեան` Աբգար. որ թէ եւ հայրենեօք մերձաւոր մեծ քաղքէ մ՚էր, յԵւդոկիոյ (Թօքադ), այլ ասկէ (ի Սեբաստիոյ) ելաւ ի հրեշտակութիւն, եւ իր յիշատակաց գործը կատարեց: Եթէ Եւդոկիացիք ուզեն վիճիլ այս պարծանաց համար` ես հաճութեամբ հաւանիմ այդպիսի վիճի մը:

Աբգար դպիր իր քաղաքին մէջ առաջուց այլ վկայուած էր խելօքն եւ ճարտարութեամբ, եւ անկէ այլ առաջ ազնուական ծննդեամբն. թէ եւ վաղուց վերցուած էր Հայոց պայազատական ցեղակարգութիւնն, բայց դեռ հիմակուընէ աւելի գտուէին եւ ճանչուէին հին պայազատաց շառաւեղքն: Աբգարու ծնունդն մեզմէ երեք եւ կէս դարու չափ կը յառաջէ. իսկ անկէ վեր մինչեւ ի վերջին թագաժառանգս Կիւլիկեան իշխանազանց` հազիւ դար եւ կէս է. անշուշտ այն ատեն, այսինքն ի կէս ԺԶ դարու դեռ յայտնապէս տեսնուին մեր յետին թագաւորական հարստութեան ցրուեալ եւ ցանեալ շառաւեղքն, ոչ միայն ի Կիւլիկիա, այլ թերեւս այլ աւելի յօտար հայաբնակ քաղաքներ. ասոնցմէ մէկն էր մեր Աբգարն այլ. թէպէտ եւ ո'ր ճըղէ առաջ եկած ըլլալն չէ յայտ: Իր ազնիւ եւ տոհմիկ մարդ ըլլալն` արդէն կու վկայէ Միքայէլ կաթողիկոս իր թղթովն. բայց անկէ աւելին կու գտնեմք իր որդւոյն վրայ եղած յիշատակօքն, որ եւ իրեն ուղեկից եւ գործակից էր. եւ անուամբն իսկ յայտնէր մեծատոհմութիւնը, Սուլթանշահ կոչուելով. զոր եւ Լատինացիք թուի թէ ի նոյն նշանակ կոչեցին Մարգանդոնիոյ (Մարկոս - Անտոնիոս): Գոնէ ասոր մայրն, Աբգարու կինն, պէտք էր թագաւորական շառաւիղէ ըլլալ. վասն զի Մաղաքիա Դպիր ժամանակագիր կ՚ըսէ ասոր համար, «իւր (որդւոյն) թագազարմ Անտոնինոս Սուլթանշահ սարկաւագին»: Եւ յամին 1583 Հռոմայ մէջ գտուող Հայկազունք` նոյն Սուլթանշահին առաջնորդութեամբ, որ իրենց իշխան կամ վերակացու անուանեալ էր ի Պապէն, եւ Յովհ. Տէրզնցի տպագրող երիցուն ձեռնարկութեամբ` առ Դաւիթ պատրիարք Երուսաղէմի գրած թղթերնուն մէջ` կ՚անուանեն զնա` «Մեր Հայոց իշխանն արքաշաւիղն ի Հայկայ (Հայկ) պարոն Սուլտանշահ»… եւ դարձեալ, «արքաազնին պարոն Սուլտանշ (ահ)ին»: - Քիչ տարի վերջը (1600) Տէր Բարթուղիմէոս վարդապետ մը որ հոն ի Հռոմ Հայոց եկեղեցւոյն հովուապետ գրուեր էր, զինքն կ՚անուանէ ի յիշատակարանս` Աբգարայ ազգին, եւ մեր Լեւոն Ե թագաւորին մէկ գտուած պարգեւագրին վաւերականութիւնը վկայելով` կու գրէ ներքեւը. «Ես Տէր Բարդողիմէոս Աբկարացի, այս թագաւորին սերմանէ, հաստատեմ զոր գրեալ է»: - Աւելի որոշ կու գրէ ուրիշ ժամանակագիր մը անցեալ դարուն, նոր անուն մ՚այլ յայտնելով Աբգարու. «Պարոն Սէֆէր Աբգարենց, ի զարմէ թագաւորացն Հայոց, եկեալ ի Հռոմ դեսպան Հայաստանեայց» եւ այլն: Արդ ասոնք կարծեմ բաւական ցուցընեն թէ Կիւլիկիոյ Ռուբինեան թագաւորաց ցեղէն իջած է Աբգարեան տոհմը, ուսկից էր մեր Դպիրն, եւ Սուլթանշահ եւ Տէր Բարդուղիմէոսն. իսկ ի Հայկայ անուանելն զպայազատն` գուցէ ամէն հայ թագաւոր Հայկայ յաջորդ սեպուելովն է: - Եթէ ցեղին ազնուականութիւնն աւելորդ է, կամ մասնաւոր փառք մը չաւելցըներ բարքով աննշան մարդու մը, արդէն գործովը նշանաւոր եղողին` կրնայ նոր եւ աւելի փայլք տալ. ուրեմն թէ ասոր համար հարկ էր մեզի զայս գիտնալ, թէ մեր ազգային պատմութեանց տեղեկութեան համար: Գանք հիմայ Աբգարու ուրիշ առաւելութեանդ վրայ:

Ինքն զինքն Դպիր կ՚անուանէ, որ թէ եկեղեցական կարգի փոքր աստիճաններ ունենալն կրնայ յայտնել, եւ թէ գրոց եւ գրչութեան աշակերտիլն բայց կ՚երեւի թէ աւելի ճարտարութեան արուեստից ետեւէ էր` քան պարզ գրականութեան. սակայն յամենայնի ճարտար ճարպիկ մարդ մը ճանաչուած: Աբգարու յաջողութեանց ինքնին վկայ է Միքայէլ կաթուղիկոս առ Պիոս Դ գրած թղթերովն, որոց մէկն միայն լատիներէն հասած է մեր ձեռքը: Յետ հաստատելու իր նուիրակին պատուաւոր եւ պատուարժան անձն ըլլալը, կ՚իմացընէ նաեւ անոր կերպ կերպ ճարտարութիւններն այլ. եւ նախ հնարագիտութիւնն ի գրել եւ կարդալ ծածուկ եւ խորհրդաբար գրուածներ, ինչպէս էր ինքնին կաթողիկոսին առաջի գրածն այլ եւ ուրիշ գրելիքն այլ, զոր բաց յԱբգարու չէր կրնար ուրիշ մը կարդալ: Դարձեալ կ՚իմացընէ` որ յերկուց ձեռաց այլ հաւասար յաջող էր Աբգար, ինչ որ աջովը կրնար` զնոյն նաեւ ձախովն կարող էր ընելու: Ուրիշ աւելի բարձրագոյն յաջողութեան եւ ճարտարութեան մ՚այլ վկայէ կաթուղիկոսն, որ ինծմէ այլ բարձր կամ անհասկանալի մնայ առ ժամս: Այս թուղթս գրած է Միքայէլ կաթուղիկոս յամին 1563, (ապրիլ) յիշեցընելու եւ ստուգելու համար որ անկէ առաջ նախընթաց տարին (1562 մայիսի 20) երկու երկար գիր գրեր եւ յանձներ էր առ Աբգար, գլուխ դնելով զնա իր պատգամաւորաց առ Ս. Պապն. մէկ թուղթն ընծայական կամ յանձնարարականն էր նոյն Աբգարու համար առ Պապն, որոյ ձեռքով ընծայ կու խաւրէր առ քահանայապետն` օրհնեալ մեռոն անուշահոտ, թանկ խաչ մը եւ նշխարք սրբոց. իսկ միւս թուղթն որ բուն այս դեսպանութեան նպատակն պիտի յայտնէր, դեռ յերեւան չէ ելած: Բայց անտարակոյս է որ մասամբ հաւատոյ դաւանութեան եւ միաբանութեան վրայօք էր, մանաւանդ որ այն տարիները Տրիտենդեան տիեզերական Ժողովը կ՚ըլլար, անհաւանական չէ որ Հայաստան ալ հեռուստ համաձայնած ըլլայ ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ` այս անգամ այլ: Թղթոյն մէկ նպատակն այլ` (որ առ այժմ հոս մեզի աւելի հետաքննելի է) թուի թէ այն գործոյն համար էր, որոյ ձեռք զարկաւ Աբգար, եւ որոյ համար այսօր այլ մեզմէ կու հռչակուի:

Արդ այս թղթերով եւ ընծաներով, հետն առած իր Սուլդանշահ որդին, Աղեքսանդր անուամբ քահանայ մը, եւ թերեւս ուրիշ անձեր այլ, ելաւ Աբգար ի Սեբաստիոյ երթալ ի Հռոմ. ուր շատ ուշ հասաւ, յամին 1564. որ թուի թէ ոչ միայն ճամբու արգելանաց համար ըլլայ, որովհետեւ կաթուղիկոսն լուր եւ պատասխան չառնըլով` վերոյիշեալ գիրն այլ գրեր եւ հասուցեր էր առ Պապն (1563). այլ գուցէ Աբգար լսեր էր Սրբազանին մեծ եւ կարեւոր զբաղանքը, որ ամենայն ջանքով եւ շուտով յառաջ տանելով կ՚ուզէր կնքել Տրիդենտեան յերկարեալ ժողովը, ինչպէս որ յաջողեցաւ այլ ընելու, եւ մեծ գոհութեամբ հանգչելով յաթոռն սուրբ` կ՚ըսէր: Արդ արձակեա Տէր զծառայս քո: Բայց գործ մ՚այլ կայ եղեր իրեն տեսնելու` մեր հարենեաց նկատմամբ. եւ այս էր գործն Աբգարու:

Հասաւ սա ի Հռովմ յամին 1564, եւ մատոյց առ Պիոս Դ բերած թղթերն եւ ընծայք. եւ իմացաւ որ կաթողիկոսն նոր թուղթ այլ գրեր է, յորում դարձեալ կ՚աղաչէ զՍ. Պապն` որ մեծարանօք ընդունի զԱբգար եւ դեսպանօրէն պատուէ զնա. ցուցընել տալով անոր` ինչ որ սրբութեանց եւ արուեստից հրաշալի տեսնելիք կան ի Հռովմ, եւ յետոյ պապական թղթով եւ նուիրակով յետ դարձընէ: Անշուշտ այս խնդիրքս գոհարար կերպով կատարեցան: Պիոս հաճութեամբ ընդունելով Միքայէլի առաջին թուղթը, եւ իբրեւ յաւելուած մթ սեպելով իր եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատանաց եւ փափագին, աւելի երկար եւ պարզ դաւանութիւն մ՚ուզեց զԱբգարայ` Հայոց եկեղեցւոյն վարդապետութեան վրայօք: Աբգար կատարեց Պապին խնդիրը` իր ճանչցածը բացատրելով չափաւորապէս: Այս բանիս համար անկէ ետեւ եղածը թողունք պրպըտել մեր եկեղեցական պատմութեան, որ մութ մնացած է այս տեղ. բայց այսչափս հարկ է ըսել, որ տարւոյ մը չափ Աբգարու մնալովն ի Հռովմ` երկու կողմանէ այլ քննութիւն եւ հաւանութիւն եղած պիտի ըլլայ. որովհետեւ Աբգար ընտանութեամբ խնդիրքներ ըրած եւ առած է ի Պապէն, ինչպէս ինքնին նշան կու տայ իր առաջին ապրած գրոց մէջ. եւ զի իր Գրամիտ որդին, ինչպէս ինքն կ՚անուանէ, հոն թողուց որ սովրի լաւ իտալ եւ լատին լեզու, եւ որ 20 տարի վերջն այլ յիշուի հոն ի Հռովմ. ուր եւ արդէն հոն գտուած Հայոց` վերակացու եւ իշխան դրուեցաւ ի յաջորդաց Պիոսի, ընդունելով ազգին համար սեփական հիւատուն մը, եւ եկեղեցի մը` Ս. Մարիամ Եգիպտացւոյ, փոխանակ հին տան եւ եկեղեցւոյն (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Լուսաւորչի) որ մեզմէ վեց դար այլ առաջ յիշուին ի Հռովմ` մօտ ի մեծն եկեղեցեաց ի Ս. Պետրոս:

Հոգեւորական գործը լմընցընելով, կամ անոր հետ մէկտեղ` սկսաւ Աբգար իր մեծահռչակ ուսումնական գործը, այսինքն է հայերէն տպագրութիւնը: Այս լուսաւոր ծննդեան երկունքն կամ խորհրադածութիւնն` արդեօք Աբգար իր հայրենի երկրէն եւ կաթողիկոսին հաւանութեամբ հե՞տը բերեր էր, թէ ի Հռոմ գալով միտքն արծարծեցաւ, մեզի այտնի ըսած չէ. բայց ինչպէս առաջ այլ ըսի, կ՚երեւի թէ արդէն այս փափագովս եկած էր Աբգար ի Հռովմ. եւ թերեւս կաթողիկոսին մթին խօսքերն` ասոր այլ ակնարկեն: Իսկ այս ամենայայտնի է որ ծանօթ հայ տպագրութեան երկունքն եղաւ ի Հռովմ, ծնունդն ի Վենետիկ: Հայրն իր լուսաւոր կենաց նախնական եւ գլխաւոր օժանդակները` միշտ մեծ եւ հրաշալի կերպով մ՚ընդունած կարծէ եւ պարծի. այսպէս` սուրբ հաւատքը, տումարը եւ գիրը. այսպէս այլ իր տպագրութիւնն նախախնամական եւ սրբազան կերպարանք մը կ՚առնու Աբգարու ձեռքով կաս ճարտարութեամբ. որ յիրաւի արժանի է մտադրութեան անոնց` որ պատմութեան, եւ մանաւանդ մտաւոր պատմութեան մէջ` աստուածային աջը կու տեսնեն նախացուցակ:

Կարդա' մեր առաջին ծանօթ տպագրեալ գրոց (Սաղմոսին) առաջին յիշատակը. «Ի թվականիս Հայոց ՌԺԴ (1565) ամին ես Թոխաթցի Աբգար Դիրս, խնդրեցի զայս նոր գիրս ի Հռոմ ի Պետրոս (Պիոս) փափուն, եւ երետ հրաման շինելու, բարեխաւսութեամբ այս կարտինալացս եւ այս եպիսկոպոսիս. եւ իմ գրայմիտ Սուլտանշա որդւոյս»: Յիշած կարտինալներն են երեք, եւ եպիսկոպոս մը, որոց կերպարանքն եւ անունն ձեւացուցեր է փորագրեալ փոքր պատկերի մը մէջ գրքին մէկ կէս երեսին վրայ, որոյ տակն այլ տպագրած է յիշատակարանը, պատկերին մէջ տեղը բազմեցընելով զՊիոս Դ եռակարգեան խուրովը. ձախ ձեռքը պետրոսեան բանալիքն, աջովն այլ օրհնելով նորընծայ հայ գրերը` զոր Աբգար ի ծունկ իջած ներկայացընէ Պապին. եւ որդին Սուլտանշահ յոտք կեցած` իբրեւ հօրը թարգման` խնդրէ օրհնութիւն եւ հրաման մտցընելու եւ ծաւալելու ի Հայս` այս մտարացութեան կարեւոր հնարքը: Այն կէս թաթաչափ փոքրիկ, խոշորագիծ պատկերին մէջ այնչափ բան եւ իմաստ բովանդակելն` յիրաւի ցուցընէ Աբգարու գովեալ հնարագիտութիւնը եւ մեծըցնող ու փառաւորող ձեռքն ու միտքն: - ինչու՞ չըսենք թէ նաեւ սիրտն ու հոգին:

Պատկերին ցուցած եօթն անձանց մէջ` յետ Աբգարու եւ որդւոյն` մեզի եւ հասարակաց համար նշանաւոր անձն` ի հարկէ հոն բազմեալն եւ գլխաւորն եկեղեցւոյ` Պիոսն է, որ իր կենաց եւ շատոնց բաղձալի ու մեծ ու դժար գործը դեռ նոր վճարած (Տրիդ. ժողովը) եւ իր անմահութեան յիշատակին նախափայլ ճառագայթներովը` մնացած քանի մ՚ամսական կենաց նշոյլը ծածկելու միջոցին մէջ` այս մեր հայերէն տպագրութեան սկզբնաւորութիւնը օրհնելով կամ սրբազանելով` յիրաւի կ՚առնու եւ կու տայ վսեմական կերպ եւ իմաստ մը: - Ոչ պակաս վեհ եւ աւելի սիրելի է հասարակաց` մէկ ուրիշ անձ մ՚այլ` կարտինալական ձեւովն անմիջապէս Պապին քովն կեցած, որ եւ նոյն իսկ սրբազանին քեռորդին էր, դեռ ան ատեն 26 տարուան, բայց արդէն արքեպիսկոպոս Միլանու եւ ծիրանաւոր պալատան Հռոմայ, ազնուականն ծննդեամբ եւ ազնուագոյնն մահուամբ Ս. Կարլոս Պորրոմէոս, որ դեռ սրբութեանը պէս` բազմակերպ մարդասէր բարերարութեամբքն` ծանօթ եւ հռչակեալ է ընդ ամենայն Իտալիա եւ բոլոր բարեպաշտ Եւրոպէ: Այսպիսի անձի մը` մեր հայերէն տպագրութեան իբրեւ պաշտպան կամ կնքահայր գտուիլն, կու յիշեցընէ` ինչպէս ինծի` անշուշտ քեզ այլ: Հայկակ, Խօսնակին եկեղեցւոյ կամ անոր նման անձի մը յիշատակը` մեր հայերէն գրոց կամ թարգմանութեան գիւտին նկատմամբ: - Ի մեծ գրատան Միլանու կայ օրինակ մը մեր տպագրոց անդրանիկն` Աբգարու սաղմոսին, որ եւ մի միայն հոն գտուի (ըստ իմ գիտութեանս). եւ այն օրինակն է` զոր անշուշտ մեր Աբգարն ընծայեր է առ սուրբ Ծիրանւորն, եւ նա այլ թողեր է գրատանը. - եռարատիկ ցանկալի՜ յիշատակ եւ գրքոյկ, որ կրնայ կենդանի արձան մը սեպուիլ այս ըսածներուս աբգարեան նորընծայ տպագրութեան վրայօք, եւ պաշտելի նշխար մը այն գործոյն, զոր ոչ միայն Աբգար` այլ եւ նախախնամութիւնն, (հոս պէտք է զայս խոստովանիլ), արդարեւ կերպով մը սրբազանել ուզեր են:

Աբգար այսչափով գոհ չըլլալով` կ՚ուզէ աւելի փառաւորութիւն մ՚այլ ընծայել իր հայկական տպագրութեան ծագման. ոչ միայն եկեղեցական այլ եւ քաղաքական հովանաւորութիւն մը կու ձգէ վրան. - ժամանակին նշանաւոր եւ յարեւելս ծանօթագոյն եղած տէրութեան մը պաշտպանութեան տակ, Վենետկոյ հասարակապետութեան: Վերոյիշեալ պատկերին դիմաց` նոյն չափով` կու ներկայացընէ ուրիշ մը. հանդիսական դահլիճ մը, Վենետկոյ պաշտպան եւ նշան Ս. Մարկոսեան ոսկեթեւ առիւծն` վերակարգեալ ի վերայ արքունի գահուն, ուր բազմի այն ատենուան դուքսն Հերոնիմոս` իր հանդիսի հանգուստովն. երկու կողմն իրեք իրեք ատենակալ նստին իրենց լայն լօդիկներով պատած, որպէս թէ կարեւոր խնդիր մ՚ընեն նաւախումբ մ՚արձակելու եւ իրենց առիւծագլուխ դրօշները թռցընելու Յոնիականի կամ Ադրիականի կղզւոյ մը վրայ … բայց մեր ճարտարագիւտն Աբգար` անոնց մտադրութիւնը կու դարձընէ իր նորաձոյլ հայկական տառից վրայ: - Կու ներկայանայ գահուն աստիճանաց վրայ, ինքն այլ իր լայն վերարկուաւն, զնոյն խնդիրն ընելով ինչ որ ըրաւ Պապին: Ծերունի եւ մօրուանի ատենակալաց եւ դքսին ծովային աչքերն` սուր սուր կու սեւեռին Աբգարէն աւելի (որոյ ազգն եւ ձեւն շատոնց իրենց ծանօթ են), անոր ցուցած եւ անծանօթ գծած ձեւերուն վրայ, եւ թերեւս կարծեն թէ անոնք նոր մոգական բանալիք մ՚այլ ըլլան իրենց` արեւելքի ճամբաերն աւելի բանալու: Այս պատկերին ներքեւ կու գրէ Աբգար. «Եւ եկեալ ի գեղեցիկ նաւայհանկի(ս)տ մայրայքաղաքն, որ կոչի Վանատիկ, ի թագաւորութեանն Երելեմոն Թուճին: Եւ շինեցաք զայս նոր գիրս, եւ զսա փոքր Մեկնիչս սաղմոսացս»: Հոս այլ տարւոյն թուականն նշանակելով դքսին պատուանդանին վրայ, այսպէս M. D. L. X. V. որ է 1565: - Ասով յայտնի կ՚ընէ Աբգար, որ ի Հռոմ երկնեալ հայկական տառերը ձուլեց ծնաւ ի Վենետիկ. եւ մէկէն ձեռք զարկաւ անոնց նախընծայ զուգաւորութեամբ` բազմացընելու այն գիրքը, որ եւ կ՚ըսուի թէ նախ քան զայլ սուրբ Գիրս հայերէն թարգմանուած է. Սաղմոսը. զոր թերեւս վերնագրացը համար` Մեկնիչ սաղմոսաց կ՚անուանէ:

Յետ այս անդրանիկ տպագրութեան ուրիշ գրոց ծնունդք այլ եղա՞ն ի Վենետիկ. - չեմ գիտեր, հաւանական է որ Աբգար ուրախութեամբ լցուած իր փորձին եւ յաջողութեանը վրայ, իբր յաղթանակաւ եւ աւարաւ նաւեց փութացաւ ի մեծ քաղաքն (Կ. Պօլիս), որ այն ատենէն մինչեւ հիմայ ազգերնուս մեծագոյն բարգաւաճանաց ժողովարանն եւ կեդրոնն եղած է. ուր եւ բոլոր Օսմանեան տէրութեան մէջ ազգը ներկայացընող կու ճանաչուէր` հիմկու պէս` Պատրիարքն Հայոց: Ասոր այլ ներկայացուց Աբգար, յառաջ քան թէ կաթուղիկոսին, իր գիւտը եւ անոր երախայրիքը, եւ շուտով տպագրատուն մը հաստատելով, եւ անշուշտ առաջին տպագրատուն Կոստանդիանու եւ Օսմանեան տիեզերական մայրաքաղաքին մէջ` տպագրեց յամի 1567, գրականութեան առաջին հարկաւոր գիրքը: Քերականութիւն որոյ համար կ՚ըսէ մեր յետին դարուց ժամանակագիրն (Մաղաքիա) այլ մեծաբանութեամբ եւ այլաբանութեամբ. «Ի հայրապետութեանն Հայոց տէր Միքայելի ԻԱ ամի կաթուղիկոսութեանն, ի մայրաքաղաքն Կոստանդնուպոլիս, յերկրորդ ամի թագաւորութեանն Օսմանցւոց սուլթան Սէլիմի, եւ ի չորրորդ ամի պատրիարգութեան տէր Յակոբ րաբունապետի Կոստանդնուպօլսոյ, առ ոտս Յովանէս եպիսկոպոսին, ընդ հովանեաւ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյն Հայոց, եղեւ ստամփայ այսինքն պասմայ գիր. եւ տպեցաւ փոքր քերականութիւն տղայոց, ձեռամբ անարժան կնքագիր դպրի եւ մերս Յոթորին»: Հոս բնիկ անունը լռելով կնքագիր դպիր կ՚անուանէ յԱբգար, գուցէ այսպէս կոչելով մեր հիմայ տպագիր ըսածը. իսկ Յոթոր անուամբ, որ Մովսէս մարգարէին աներոջ անունն է, կ՚ուզէ նշանակել, թէ անոր պէս այլ Աբգար ճամբայ ցըցուց իր ազգին գլխաւորին` զազգը դիւրաւ կառավարելու կամ դատելու: - Բայց հետեւեալ տարին` աւելի պարզ եւ յայտնի կու խօսի տարէգիրն. «ՌԺԷ (1568-9) ի Կոստանդնուպօլիս Նոր ստամբայ գիր սահմանեցին, ի հայրապետութեան տեառն Միքայէլին Էջմիածնի, եւ ի պատրիարգութեան Կոստանդնուպօլսոյ տէր Յակոբին, ընդ հովանեաւ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյն, ձեռամբ Խորվիրապցի Առաքել Աբեղային, արհեստագործութեամբ Աբգար դպրին, եւ իւր Անտոնինոս Սուլթանշա սարկաւագին, որոյ գրովքն տպեալ Տօնացոյցս յառաջ բերին»: Այս տօնացոյցս ես չեմ տեսեր, բայց ձեռքս հասեր են անոր ընկերակից եւ ժամանակակից ուրիշ եկեղեցական գրքեր, մասամբք, այսինքն Ժամագիրք, Պատարագամատոյց, Մաշտոց, որոց սկիզբն եւ վերջն պակսի, բայց գիշերային ժամու վերնագրէն յառաջ երեսի մը սկիզբը յայտնապէս կայ. (ապա) «գրեցաւ Աղաւթ մատուցս թվին, ՌԺԷ ապրիլ. ԻԷ», որ է 1569 ին ապրիլը:

Սաղմոս, Տոնացոյց, Ժամագիրք, Պատարագամատոյց, Մաշտոց, կու պահանջեն զԱւետարանն այլ, որոյ անդրանիկ աբգարեան տպագրութիւն դեռ յայտնուած կամ յիշուած չէ. բայց գրեթէ անտարակոյս կ՚երեւի, լեցընելու եկեղեցական գրոց առաջին դասը: Քերականութիւնն այլ հիմն եւ սկիզբն կ՚ըլլայ մեր նախնեաց խրատական եւ գիտնական գրոց, միանգամայն եւ դպրոցական գրոց, որոց կարգը կամ ծնունդը փնտռել, թէ դժար եւ թէ աւելորդ կու սեպեմ հոս: Բաւական ըլլայ քեզ, Հայկակ, ճանչնալն զԱբգար` ինչպէս հեղինակ հայերէն տպագրութեան, նոյնպէս այլ սկզբնաւոր հրատարակման թէ հոգեւոր թէ մտաւոր գրոց մերոց: Այսչափս այլ` որ թերեւս Աբգարու վաստակոց մէկ փոքր մասն է, շատ ըլլայ մեզի իր մեծ մտածութիւնը, աշխատանքը, ջանքը, փորձը եւ յաջողութիւնը յաղթող եւ փառաւոր ցուցընելու: Եւ եթէ մեր նախ յիշեալ մթին ժամանակաց լռութիւնն կու ծածկէ մեզմէ իր վաստակոց ուրիշ մեծ կամ փոքր մասերն այլ, կամ իր ծովայածուկ եւ նոր կղզի գտնող նաւորդի մը պէս յաղթողակերպ դարձն յետ բազմամեայ պանդխտութեանն` առ կաթուղիկոսն Միքայէլ եւ ի հայրենիս իւր, կամ իր վերջին կենաց դիպուածքը. (որոյ առջինէն` կամ բոլորէն այլ հազիւ վեց կամ եօթն տարւոյ յիշատակ միայն աւանդեր է (գոնէ իմ հիմայ գտածս). - այսչափս, կ՚ըսեմ, առ այժմ բաւական սեպեմք ճանաչելու զԱբգար դպիրն` մեր ազգային բարերարաց եւ մեծագործաց եւ մեծ շնորհակալաց արժանաւորաց` մէկ մը:

Թողունք հիմայ մեր բազմացեալ տպագրողաց եւ տպագրապետաց մտաց եւ սրտին զգացման` հռչակելու զյիշատակ իրենց առաջնորդին, ի Չորրորդ դարամտի տպագրութեան Հայոց. մեր կողմէն փափագելով որ այսպիսի ջանքով, հանդիսաւորութեամբ եւ սրբազնութեամբ մը սկսեալ կամ շնորհեալ արուեստն` առ ազգս մեր, հիմայ յաճախութեամբ գրոց եւ տառից եւ մամլոց` չանարգուի խորթ ծննդեամբք. այսինքն հրատարակութեամբ այնպիսի գրուածոց` որ կրնան քճքճել եւ փճացընել աշխարհքիս հնագոյն ազգի մը պատկառելի նահապետական պատուոյ քօղը, որ եւ ազգիս պանծալի եւ ազնուագոյն մնացեալ շնորհաց մէկն է:

ԺԸ. Խօսնակն եկեղեցւոյ յանապատս Հայոց

[խմբագրել]

27 Յանուարի

ՊԱՅԾԱՌ հոգի, զօրաւոր միտք, եռանդուն սիրտ, անվեհեր կամք, քաջաբան լեզու. - այսպիսի էր Խօսնակն Եկեղեցւոյ, Խօսնակն գերագոյն: Իր ամենէն սրտանց ըսածն, իր առաջին եւ վերջին մրմունջն, իր եր գոց եր գն էր, «Փառք քեզ, Աստուած. «յաղագս ամենայնի փառք քեզ»: - Ասորւոց դաշտաց մէջ բացուեցաւ: Յունաց կայսերական մայրաքաղաքին մէջ, ի վերայ երկթերթի շըրթանց Վոսփորոնի` ընդարձակեցաւ. ի հովիտս եւ յանապատս Հայոց ամփոփեցաւ, բիւրաբարբառն այն ՈՍԿԻ - ԲԵՐԱՆ: Եւ յետ այնքան անթիւ ան գամ կրկնելու զնոյն ձայն, զնոյն եր գ, ան գամ մ՚այլ հնչեց սրտառուչ, եւ լռեց: …

Լռե՜ց այն «հռչակաւոր բարբառն` որ ել ընդ ամենայն աշխարհս: … Քաջաձայն նուագն եկեղեցւոյ` որ յորդորեաց զմանկունս նոր Սիոնի յօրհնութիւն աստուածութեան, գործարան քնարն Հոգւոյն սրբոյ, որ ի սաղմոսելն իւրում հալածեաց լե գէոնն դիւաց: Տասնաղի միաւորեալք զգայարանք շնչոյ եւ մարմնոյ, որ միացեալ միաւորեցաւ սիրով ի յեր գս երկնաւոր թագաւորին: Անթուլանալի լարապնդեալն միաձայնութեամբ` որ հարսնացոյց զեկեղեցի ի միաւորութիւն սուրբ փեսային: … Գործասէր եւ քաղցրագործ մեղուն, որ ի խարըսխէ աշխատութեան իւրոյ` քաղցրացոյց զեկեղեցի սուրբ: … Գերագոյնն եւ գերահրաշ միտքն, որ զանհասանելի իմաստութիւնս հին եւ նոր կտակարանաց` յինքն ամբարեաց: …. Նմանակիցն եւ անուանակիցն պատուականութեանն ոսկւոյ, որ զամենեսեան հարստացոյց ի փարթամութիւնս անապական գանձուցն: … Մեծն այն եւ ոսկէզարդ լեզու … (որ ձ գեաց տարածեաց զբան վարդապետութեան իւրոյ ընդ ամենայն երկիր` իբրեւ զմանանեխ` զառակեալն ի Տեառնէ, եւ եղեւ հանգիստ եւ հովանի ամենայն իմաստնոց, վերացելոց թռուցելոցն յերկրէ: Մի բարբառ շնորհաց Հոգւոյն սրբոյ` վարդապետութեան լեզուի նորա». եւ այլն:

Այսպէս ի գովեստ տիեզերաալուր Խօսնակին նուագէր իր թեւոց տակ մեծցած եւ յետոյ իր բեմին վրայ թառած` սանականն Պրոկլոս: Իբրեւ ձայն Աստուծոյ` ձայնն ժողովրդեան` մեծի եւ փոքու, հեռաւորի եւ մերձաւորի` նաեւ անոր կենդանութեան ատեն սեփականեց իրեն զկոչումն Ոսկիբերան. արժանաւո'ր պատիւ. որ եւ 15 դարերէ կրկնուելով, ոչ թուլցաւ, ոչ տկարացաւ. այլ եւ ինչպէս քան զնախորդս իւր գերազանց սեպուէր նա` այսպէս եւ ի յետնոց անհաւասարելի մնալով` ա'յլ աւելի հաստատեցաւ, նուիրեցաւ, սրբազնացաւ:

Ո՜հ. երբ ճշմարտութեան դիմաց զուր ճարտասանք կան գնին դէմադէմ, ի՞նչ են ասոր քով Կիկերոն ճոռոմաբան եւ թոթով թութակն Դիմոսթենէս, գոնէ իրենց մեզի համար անտարբեր խնդիրներովը: - Ճշմարիտ իմաստասէր մը, (որ միայն քրիստոնեայն կրնայ ըլլալ) չի' կրնար անոնց քով գտնել այ ստոյ գմտաց եւ սրտի ճարակը, զոր առատ եւ անսպառ բղխէ Բերանն ոսկի. ոչ միայն ճարտասանից վեհագոյն ճանչցուած, այլ եւ աշխարհաքարոզգերագոյն քերդողին հետ նմանակցելով մը համարուած Հոմէր բէմական. զոր եւ ես, Հայկակ, սիրեցի կոչել քեզ` Խօսնակ Եկեղեցւոյ, ըստ ամենայն նշանակութեան բառիս: Բայց ոչ ես, եւ ոչ քաջ եւ արդար քննաբանք այսպէս ըսելով ընդ հասարակաց, կ՚ուզեմք նուաստացընել զարժէս եւ զառաւելութիւնս Եկեղեցւոյ ուրիշ սրբազան եւ գերագոյն պերճախօսից եւ հանճարեղ բեմականաց, Գրի գորեանց եւ Բարսեղեանց, Ամբրոսեանց եւ Հերոնիմեանց. որք նրբութեամբ եւ խորութեամբ իմաստից, ծաղկեալ պերճախօսութեամբ, գրեթէ եւ բանաստեղծական նկարագրութեամբք. յաղթական տրամաբանութեամբ եւ բարձր աստուածատեսութեամբ, ոչ ինչ նուազ հիանալի եւ ախորժելի են, եւ բազում մասամբք առաւելեալ իսկ քան զմեր Խօսնակս, նա եւ շատ տեղ աննմանք: Ի վերայ այսր ամենայնի` դարձեալ հասարակաց առջեւ` մերս միայն կու մնայ Ոսկիբերան, քան զամենն աւելի պատուեալ եւ սիրելի, վկայեալ ի հայրենակցացն, յօտարաց եւ ի մերոց նախնեաց` «Աստուածաշարժ հայր, եւ ուսուցիչ հանուրց»: - «Աստուածակազմ լեզու, աղբիւր եկեղեցւոյ եւ արե գակն բանին տիեզերաց վարդապետ Յովհաննէս»: «Անապական բանին քարոզ Բերան-ոսկի, յորմէ աղբիւր կենաց հոսեալ արբուցանելով քառավտակ բղխմամբ զընդհանուր տիեզերս»: Հազիւ քանի մը տարի յետ անոր մահուանն, յաջորդն եւ նախանձորդ Ատտիկոս հայրապետ` գրէր առ մերս Սահակ Պարթեւ. «Աղբիւրն եկեղեցւոյ հայր մեր Ս. Յովհաննէս, որ ոչ միայն տիեզերական մայրաքաղաքիս (Կ. Պօլսի), այլ սովաւ եւ ամենայն քրիստոնեայք եւ ընդհանուր աշխարհ ի նմանէ վարդապետեալ ուսանի. ուստի եւ Ոսկիբերան կոչեցին զնա»: - Անհատնում կ՚ըլլար եթէ ուզէի ամեն այսպիսի մեծագովութիւնները յիշել:

Արդ ի՞նչ է կամ ուսկի՞ց մեր Խօսնակին գերազանցութիւնն. ուսկի՞ց անոր ոսկի լեզուէն թափուածն. ի՞նչ է անոր կախարդիչ կամ աշխարհակալ ճարտարխօսութիւնն. ինչէ՞ն այն իրեն ընծայեալ եւ արժանացեալ եզականութիւնն: - Ինձ կ՚երեւի, թէ նախ` իր բնական, հզոր, վարպետ` միան գամայն եւ անարուեստ ճարտասանութիւնն, ինչպէս կու պահանջեն բնութիւն եւ հռետորութիւն. զարմանալի զօրութիւն եւ անլուծանելի պարզութիւն միաձոյլ, որով գերազանցէ սա քան զամեն վերոյիշեալ սքանչելի պերճախօս Հարս եւ վարդապետս եկեղեցւոյ: Եւ եթէ երեն ինծի քաջ քննարանք` որք ըսին թէ Կիկերոնի զրուցածին վրայ բառ մը կարելի չէ աւելցընել, եւ ոչ Դիմոսթենէն բառ մը վերցընել, առանց աւրելու անոնց զարմանալի բանահիւսութիւնը. կարծեմ թէ իմ Խօսնակս այս երկուքին միջոց ճամբայ մը գտեր է, անանկ բանահիւսութիւն մը մտնէր, որ արժանի է թէ Հերմիսի եւ թէ Քրիստոսի: Վասն որոյ եւ իրաւամբք ասոր վրայ քան ուրիշի` կու զմայլէր եւ կու հառաչէր Լիբանիոս` իր ժամանակին մեծագոյն հռետորն, բարեկամն եւ վարժապետ Բարսեղեանց եւ Գրի գորեանց, եւ յետոյ` սոյն մեր Խօսնակին վարժապետ, եւ կ՚ըսէր թէ իր աթոռին միայն արժանաւոր յաջորդ վարդապետ կու ճանչնար եւ փափագէր զԱնտիոքացին Յովհան. (որ դեռ 18 տարուան էր երբ թողուց այդ հռետոր վարպետը), եթէ քրիստոնեայք յափշտակած չըլլային զնա: - Ի զու՜ր նախանձիս եւ ողբաս, հեթանոս սոփեստէս. Յովհան աշակերտդ` կը ծաղրէ զքեզ քու Յուլիանու Ուրացողի կամ Անտիոքայ Դափնոյն վրայ գրած ու քերած ճառատանացդ վրայ, (իր Ս. Բաբելայ եւ Անտիոքայ շարժման վրայ գրած ճառից մէջ), նա առանց հակառակութեան` քու աթոռէդ այլ քեզմէ այլ վեր բարձրացաւ եւ նստաւ: Ահա կու լսես (եւ երանի՜ թէ լաւ լսէիր) որ ոչ միայն յԱնտիոք եւ յԱթէնս եւ ի Բիւզանդիոն կու հռչակուի, այլ եւ յանկիւնս աշխարհի, առաւել քան զայլ արժանաւոր ճարտասանս, իսկ քան զքեզ` անհուն առաւել: Ափսո՜ս, որ բնութեան քեզի տուած մեծ տուրք մ՚ալ, երկարակեցութիւնդ- ամենէն կարեւոր պէտքի չբերիր, եւ չկարցար խոնարհիլ եւ ըլլալ աշակերտ քու աշակերտիդ, երբ նա յԱնտիոքայ եկեղեցին կու քարոզէր եւ ձայնն զԲիւզանդիոն զուարճացնէր, զաշխարհ զարմացընէր: «Ամենայն տուրք հռետորականք բնականութիւն, փափկութիւն եւ մեծութիւն, միաբանեալք յՈսկիբերան` ըրին զնա մեծագոյն ճարտասանից նախկին եկեղեցւոյ, եւ պայծառագոյն թար գման այն նշանաւոր ժամանակին: Մէկէն կ՚ափշին միտք ի տեսնելն այս մարդուս անբաւ երկասիրութիւնքը, եւ անոր հանճարոյն եռանդը եւ յաջողակութիւնը» (կամ դարձուածքը). կ՚ըսէ ժամանակիս ամենէն երեւելի քննադատն գեղեցիկ դպրութեանց` Վիլմէն:

Ոսկիբերանի երկրորդ առաւելութիւն` որ եւ առաջնոյն կցորդ` կու սեպեմ, ոչ միայն լեզուով տիրանալ ի վերայ ունկնդրաց, այլ ինքն իր լեզուին կատարեալ տիրանալ եւ սանձելը. որ նշան է իր հարուստ եւ զօրաւոր մտաց, որով չիկարօտիր շատոց պէր` պերճախօսութիւն կարծուած բանից զարդե եւ ձեւեր փոխ առնուլ: Իսկ եթէ իր լեզուն ալ զարդեր եւ ձեւեր ունի` այնքան բնական եւ աներեւոյթ են զարդքն, որ տարբեր լեզու մը կ՚երեւի ուրիշ շատ Հարց լեզուին քով. ասոնց ճառից մէջ շատ եւ շուտ կրնանք գտնել բառեր եւ բաներ` առանց որոց ալ կրնար ըլլալ` կ՚ըսենք, իսկ Ոսկիբերանին մէջ` կարծեմ խիստ դժար է փնտռելն ան գամ: Ուրեմն հզօր լեզուն, հզօր եւ հարուստ միտքն միաբանեալ` իրեն անհամեմատ առաւելութիւն կու տան. եթէ անոնց մէկու համար ըսուցեաւ Ոսկիբերան, մէկայլին համար կ՚ախորժէի ըսել ադամանդ միտք, նա եւ սիրտ. - հաստատութիւն եւ պայծառութիւն` սեփական շնորհք են Ոսկիբերանի թէ խօսից թէ' վարուց: Իսկ մտաց հարստութիւն կ՚իմանամ թէ ըստ ուժոյ տրամախոհութեան եւ թէ ըստ գիտութեան եւ հանճարոյ, որով երրորդ առաւելութիւն մը կու ստանայ: Ասոր այլ վկայեն անբաւ գրած կամ խօսած ճառեր եւ գըրքերն, որոց մնացեալ տպագիրքն ան գամ բազմահատորք են քան զշատից ի Հարց, եւ որոց համար մեր եկեղեցական գրոց մէկն (Յայսմաւուրքն) կ՚ըսէ, թէ «Մինչ տանէին զսուրբն` յաքսորս, եդ ձեռն ի վերայ եկեղեցւոյն եւ ասաց. Ո'ղջ մնա, սուրբ եկեղեցի… զի ի պար գեւացն զոր առի ի Տեառնէ` յաւելի ի գանձս քոգիրս 800, եւ ճառս 12, 000 արդ մի մոռանար զաշխատութիւնս իմ»: Ոչ հատորոց թիւն, այլ գրուածոց իմաստն, ազնուութիւնն, պէս-պէս օգուտն են ցանկալի եւ զարմանալի, որոց համար առաւ այն մեծամեծ կոչմունքը զոր վերը յիշեցինք, եւ զոր բովանդակելով` շատք միաբան կ՚ըսեն Աղբիւր եկեղեցւոյ, վասն զի Ս. գրոց մեծագոյն եւ գործածագոյն մասին վրայ մեկնութիւն եւ խրատ գրած է թափանցիկ մտօք, տաք սրտով եւ վարպետ գրչով, որք անդին գանձ սեպուին Եկեղեցւոյ, եւ որոց մէկը միայն` չէր ուզեր փոխել Բարիզի պէս քաղքի մը հետ` միջին դարուց գերագոյն հանճարն աստուածաբանն` Ս. Թովմաս Ա գուինացի: Միշտ անհամեմատ պիտի մնայ մեր Խօսնակն այն լեզուաւն` որ աւելի հասկանալի է ժողովրդեան` գործնական եւ բարոյական խօսքերով, քան տեսական եւ այլաբանական, ինչպէս են շատ ուրիշ հարց, որով եւ ոչ դիւրիմաց եւ ոչ օգտակար բազմութեան մարդկան: «Պարզ եւ յայտնի բանիւ զխորս աստուածային գրոց առ հասարակ ամենեցուն ճառէր, - կ՚ըսէ Պրոկլ. - իբր ոչ եթէ տ գիտանայր իմաստասիրել դժուարաբաց բառիւք, այլ ցանկայր զամենայն հոգիս լսողացն օգտեցուցանել: … Քարոզեացզծածուկ միտս գրոց ի լոյս եւ ի հրապարակս, զոր իբր յունկանէ եւ ի խաւարէ` ի մաքուր միտսն ընկալաւ»:

Չորրորդ պատճառ մ՚այլ Ոսկիբերանին մեծ համբաւոյն` իրմէ վերջը իրեն նմանող մը չունենալն է, եւ գրեթէ վերջին ըլլալն մեծամեծ Հարց եկեղեցւոյ. յորոց միայ Կիւրեղ մ՚եղաւ առ Յոյնս (յԱղեքսանդրիա), եւ մեծն Օ գոստինոս առ Լատինս, որք հմտութեամբ եւ աստուածաբանութեամբ գերադաս են, այլ ոչ եւ լեզուի կամ գրչի դասական ճարտարապետութեամբ: - Իսկ հին գերորդ մեծագոյն պատճառ (թողլով քննել զայլս) մեծութեան Ոսկիբերանի` իր մաքուր բարքն եւ զանազան հանճարն, որովք նշանագոյն է եւ ի դպրութեան Սրբոց եւ ի քաղաքակնութեան: Չի կրնար իր վարքն ընթերցողն եւ դիտողն` չզմայլիլ մեծապէս, նկատելով անոր հոգւոյն անմարելի կրակը` սէրն առ Աստուած, իր կուսական մաքրութիւնն, խոր խոնարհութիւնն եւ բարձր յար գն աստուածային իրաց. որով չէր համարձակեր եկեղեցւոյ պաշտօնեայ իսկ ըլլալ, այլ անապատի մէջ տատրակաց հետ մնչել եւ իր ծիծեռնաձայն լեզուն ծածկել, եւ գրեթէ բռնի յանձն առաւ 37 տարուան (ըստ ոմանց 27 տարուան) սարկաւագըլլալ եւ իբր 40 ամեայ քահանայ, ու յետոյ նոյնպէս ակամայ եւ խաբուելով բերուիլ ու պատրիարք ըլլալ Կ. Պօլսի:

Հոն իր գրեթէ հն գամեայ կարճ հայրապետութեան միջոց (398-404) ըրած եկեղեցւոյ եւ ժողովըրդեան օգտակար բարեկար գութիւնքն, եթէ եւ խիստ շատ են ըստ ժամանակին քիչութեան` աւելի այլ մեծ են ազնուութեամբ: Կ՚ապշին միտք, թէ ե՞րբ ի վերայ այնքան գրուածոց եւ քարոզութեանց` ժամանակ կու գտնէր կար գաւորելու կանոնաւորելու իր կղերը, իր հեռաւոր թեմերն այլ այցելութեամբ քննելու, պայծառացընելու զեկեղեցի եւ զաստուածային պաշտամունս` ջերմեռանդն աղօթիւք, եր գովք եւ ժամասացութեամբք, որոց շատն` ոչ միայն մինչեւ ցարդ հասարակ են առ Յոյնս, այլ եւ մեր եկեղեցւոյ մէջ. - ի՞նչպէս այն տիեզերական մայրաքաղաքին զեղծումեղծ բարուցը հետ կրցաւ կռուիլ. - ի՞նչպէս անմատչելի թագաւորաց եւ թագուհեաց հետ անվախ համարձակ վարեցաւ իբրեւ իր հօտին հասարակ ոչխարաց հետ. - եւ ի՞նչպէս յետնագոյն ռամիկը, գռեհիկը, այրի կնիկը, եւ ըրածը ճանչցող խառնակեցիկն ու մեղաւորն ան գամ կու կան գնէր, սիրէր, մեծարէր, իբրեւ զիշխան եւ զարքայ: - Հմառօտ ըսեմ, ի՞նչպէս, նման իր շատ սիրած, իր զմայլած, իր բացատրած վարդապետին` Պօղոսի առաքելոյ, ընդ ամենայնի ամենայն լինելով, կրնար անոր պէս այլ ըսել` «Նմանողք ինձ եղերուք, որպէս եւ ես Քրիստոսի»: - Ոչ ոք, մանաւանդ անանկ դժուար առթից մէջ, ուր հարկ էր փառասէր, պչրող, նրբամիտ, ամենահնար Յոյն կայսրուհւոյ մը հետ (Եւդոքսեայ) մրցիլ` վասն իրաւանց Աստուծոյ եւ զրկելոց նորա, թոյլ թագաւորի մը (Արկադիոսի) քով խօսք քալցընել, Աղեքսանդրիոյ մեծ եւ զինքն իսկ ձեռնադրող հայրապետին (Թէոփիլոսի) հակառակիլ` արդարութեան եւ մարդասիրութեան վրայօք, - գիտնոց եւ տ գիտաց միջնորդ, ըլլալ, դէմադէմ խռովեալները խաղաղցընել, բարեկամները չվհատեցընել, թշնամիները չվստահացընել, ամենուն չափը զանազանիլ, զամենքն անզանազան սիրել. ըստ պատշաճին տեղը կենալ կամ տեղի տալ, ոչ փառասիրութեամբ գահին փակչիլ, եւ ոչ նուաստութեամբ աթոռէն իջնել. - ոչ այն ամենեւին անարժան եւ անհիմն զրպարտութիւններէն նեղուիլ, եւ ոչ այն աշխարհահռչակ գովեստներէն եւ Ոսկիբերան կանչուելէն` լայնիլ. (ինչպէս ինքնին կ՚ըսէր ան գամ մը յամպիոնէն, «Երեկ զիս երեքտասաներորդ առաքեալ, եւ այսօր Յուդաս յառաջ ընթացաւ»). - ոչ ոք կ՚ըսեմ, ասանկ եւ այլ աւելի բազմակնճիռն առթից եւ հակառակութեանց մէջ գտուեցաւ. եւ ոչ այլ այնքան իմաստութեամբ եւ արիութեամբ, միան գամայն սիրով եւ համբերութեամբ` վարուեացաւ անայլայլակ, անշփոթ, անտխուր եւ անտարակոյս: Գեղեցիկ ուրեմն գովութեամբ մեր գանձասացն կ՚եր գէ ի պատիւ նորա:

«Անկոխ է բազմաց շաւիղ քոց վարուց.
Նուրբ եւ բարձրագոյն քան զելս աղաւնւոյ»:

Այսպիսի բարեկար գութիւններն յիշելով իրեն հոգեկիր մերազգի դիտապետ մ՚այլ: Ս. Ներսէս Լամբրոնացի, կու կանչէ. -«Ո՜վ երանելի եւ քաղցր աստուածազգեացն հոգւոյ. այսպիսի վայելէր մեզ քահանայապետ` չարչարակից, զգածեալ տկարութեամբ ժողովրդեան»: - Ոչ ոք լաւագոյն քան զնա կրցաւ, կ՚ըսէ վերոյիշեալ փռանկ քննաբանն. կատարել զպաշտօն բանին` զոր աւետարանն մըտուց: Հին աշխարհքին վրայ պատուաստած նոր ընկերութեան` գեղեցկագոյն հանճարն է Սա. Սա է գերագոյն քրիստոնէացեալ Յոյնն»:

Բայց ով դժբաղդութիւն եւ զրկումն հասարակաց. ո'վ ամօթ գրկողաց. այսպիսի անձն այլ ունեցաւ թշնամի եւ հակառակորդ: Անաչառապէս յանդիմանուած դշխոյն Եւդոքսիա, իր ձեռնադրելոյն մեծութեան չքաշող հայրապետն Աղեքսանդրիոյ (Թէոփիլոս), քանի մը կաշառակուրծ կամ նախանձաբեկ եկեղեցականք, քանի մը կշտամբեալ իշխանք, եւ տկարամիտ կամ անմիտ բարիատեացք` միաբանելով, չուքի պէս ընկան Յովհաննու փայլուն կերպարանաց ներքեւ, այնչափ աւելի անոր պայծառութիւնը` որչափ իրենց սեւութիւնը նշաւակելով. եւ որ աւելի ցաւալին է, ոչ միայն մարդու հետ կռուելով` այլ եւ աստուածամարտ ըլլալով: Շատերու ծանր եկած էր լսելն` ոչ միայն զՈսկիբերան անունն եւ զհամբաւ իմաստութեան նորա, այլ եւ անոր անխարդախ, մաքուր եւ սքանչելի վարքը, սըրբութիւնը, հրաշագործութիւնը. եւ թերեւս այս ետքինիս նկատմամբ իր կուսակիցքն եւ սիրելիք չափազանց գտուեցան. այլ գոնէ այնպիսի անձի մը վրայ կըրնար չափազանցութիւնն արդարանալ: Գուցէ գուցէ կապուտակ նախանձն այլ, եթէ կարելի էր յայտնի երեւելու, չէր կրնար աւելի նախանձելի մէկ մը գտնել քան զՈսկիբերան. զոր բարեսէրքն` ի կենդանութեանն գերագոյն հռչակեցին իր ժամանակակցաց, յետ մահուն` բարձրացեալ ի դասս սրբոց եւ անմիջապէս Աստուածպետականին աթոռոյ քոյ, ըստ յայտնութեան կամ տեսլեան մը, զոր տեսան, կ՚ըսեն, արժանաւոր անձինք, եւ այս աւանդութիւնս է` զոր մեր եկեղեցւոյ քաջ եր գիչն այլ ի պատիւ նորա սրբացընէ, ըսելով. «Որ յանճառելին մերձեալ ի լոյս` հուպ Երրորդութեանն, ո՜վ երանելի տէր վարդապետ»:

Սէր եւ մեծարանք իրենց աննման հովուին եւ վարդապետին վրայ` եթէ քիչ շատ մեծաբանել տուաւ յունական դիւրաշարժ սրտերու, աւելի շատ ապաշնորտ եւ ան գութ գտուեցաւ հելլենական յաչաղանքն եւ ատելութիւնն, ի նախատինս այնպիսի պանծացեալ ազգի եւ ժողովրդեան, որ զՈսկիբերան եւ զԱստուածաբան իր մայրաքաղաքի բարձր աթոռէն հեռացուց յօտարութիւն, յաքսոր եւ մինչեւ ի մահ: … Զասոնք յիշելու ատեն` կրնամք մոռնալ, Հայկակ, մեր նախատինքն այլ, մեր հարց ըրածներն առ Սահակ եւ Ներսէս եւ նմանիսն: … Սակայն, քաւ լիցի, ես ոչ զՀայս մեղադրեմ եւ ոչ զՅոյնս, ոչ զընդհանուր ազգն եւ ոչ զժողովուրդն, այլ թէ շատ` իրենց պնդագլուխ գլխաւորները, արքունեաց եւ աթոռոց հնարքները եւ կուսակցութիւնները, եւ մեծամեծաց քով աւելի մեծցած նախանձը եւ գիրցած կրքերը, որոց ըրած չարիքն շատ հեղ ռամկին վրայ կ՚ընկնի, եւ բոլոր ազգին անուամբ յիշուի. «Հարք կերան զազոխն եւ որդւոց ատամունքն առան»: Բայց արդարութիւնն գիտէ եւ կրնայ ընտրել զաջ ու ձախ, պատմութիւնն ան գամ շատ հեղ վկայ է ստու գութեան: …

Առջի ան գամ Ոսկիբերանի դէմ միաբանելոց հնարքն, վճիռն, հրամանն, պատուհասն եւ աքսորն, հայրասէր եւ հաւատարիմ ժողովրդեան սիրոյն դէմ, եւ կարկտախառն երկնից արհաւրաց դէմ` խիստ քիչ դիմացաւ. արե գական պէս հազիւ թէ ծածկուելով յաթոռէն, եւ ահա առաջինէն պայծառ ծագեցաւ բարձրացաւ իր տեղը, մեծ ու պզտի թշնամիք` շուքի եւ մի գի նման հալածեցան կորան. դժնդակ դշխոյն ան գամ սարսափելով` ներումն եւ անմեղադրութիւն խնդրեց, թէ եւ այլ աւելի նախանձելով, երբ իր պալատան ծովահայեաց պատշ գամէն կու գիտէր եւ չէր տեսներ ծովուն երեսը. ոչ այնքան մեծազօր երեւցեր էր Քսերքէս` նաւերով կամրջելով եւ յատակելով այն խորանդունդ նեղուցը, եւ ոչ մերս Արտաշէս որ «յԵլեսպոնտոս եւ ի Թրակէ` զտարերացն փոխեաց զբնութիւնն… ընդ ծով հետեւակելով», որչափ մեծագործ եւ մեծասիրտ կ՚երեւէր այն յունական ռամիկ ժողովուրդն, տկար իաւակներով ծածկելով բովանդակ նաւահան գըստին ծփած աւազանը` յընդառաջելն եւ ի դարձընել յաթոռն` իր Ոսկիբերանը: Երջանի՜կ ժողովուրդ, այլ երանի թէ միշտ կամ աւելի երկար ատեն: -

Եւ ոչ կէս տարի քշեց մեր Խօսնակին հաստատուիլն ի բեմն իւր. ամօթապարտ թշնամիք կամ յաչաղկոտք` աւելի թանձրացած կրքերով` մխոտ ծխոտ ամպերու պէս խտացան մօտեցան իրարու կպան. դարձեալ ժողովեցան ի Թրակիա` այլ աւելի ընդդիմակաց բազմութեամբ եւ զօրութեամբ, մինչեւ Եպիփանու պէս պարզամիտ սուրբերն ան գամ խաբխըբելով եւ իրենց կողմը ձ գելով, որոնց մէջ` սիրտ առած, յօնքերը կամարած, ոտքով ու գլխովթեթեւն Եւդոքսիա` իբր նոր «Հերովդիադա` դարձեալ կաքաւէր, դարձեալ խնդրէր զգլուխն Յովհաննու Մկրտչի», արդարեւ իսկ մկըրտչի եւ կնքահօր իր թագաժառան գորդւոյն Թէոդոսի Փոքու: … Կրնար Յովհաննէս իր անիրաւ բռնաւորաց դէմ իրաւացի բռնութիւն բանեցընել, գոնէ իր սիրելի որդւոց` ժողովրդեան գութն եւ աղաչանքը զէն ու վահան առնուլ. սակայն իր մեծ սրտին, եւ մանաւանդ աստուածաշարժ հոգւոյն եւ հեզութեանն Յիսուսի` անարժան սեպեց զայն: …

Իր վարուց (եւ ընդհանրական պատմութեան մէջ) մեծապէս սրտաշարժ դիպուածներէն մէկն է Ոսկիբերանի յետին հրաժարական ողջոյնն առ ուխտ եկեղեցւոյ իւրոյ, որ եւ ակամայ իմն հոս կու յիշեցընէ ինծի մեր դարուն մեծագոյն Քաջին մեծահռչակ հրաժեշտը. այլ քանի այլակերպ, նուաստ եւ խիթալի: - Նա բոլոր եւրոպական ազանց ճապաղեօք ճենճերեալ եւ դեռ արիւնակաթ դրօշը եւ դրօշակիրը կու համբուրէր` ցաւելով, որ այլ չպիտի կարենայ թռցընել զայն կայսերական արծւոյն թեւօք` նորանոր մարդածախ դաշտերու մէջ, եւ իրեն անձնանուէր գնդերով` աւելի բազմաթիւ մարդկութեան գնդերը` որբ այրի, նաեւ դիակն դարձընելու. - իսկ մեր Խօսնակն Եկեղեցւոյ` որ աւետարանին փողով կու դղրդէր զտիեզերս եւ ի հոգեւոր զինուորութիւն Քրիստոսի գումարէր գծեր եւ զտղայ, զերիտասարդ եւ զկուսան, հիմայ իր չորս դին տեսնելով մեծամեծ գաւառաց եւ քաղաքաց այցելու գնդապետներ, 40 իւ չափ եպիսկոպոսներ, որք տղու պէս կու լային իր քով, եւ կ՚աղաչէին չհեռանալ իրենցմէ, ինքն վսեմագոյն եւ աստուածային կամաւ տարագիր` մէկ մէկ գըրկելով այն սրբազան ժողովրդապետները, (որոց ձեռօք Աստուծոյ թագաւորութեան սահմանները կ՚ընդարձակէր յերկրի), հայրապետական սուրբ համբուրով` եւ ոչ առանց արտասուաց` կ՚օծէր ճակատնին, կնքէր եւ զօրացընէր ի վշտակցութիւն եւ ի նահատակութիւն` վասն երկնաւոր յաղթանակին: Ամեն եպիսկոպոս` որ գրկէն կ՚ելնէր, բան մը կուփրցընէր ի սըրտէն: … Չկրցաւ այն ադամանդ սիրտն այլ մինչեւ ցվերջ դիմանալ, եւ ոչ զամենքն ողջագուրել. հայր էր սիրուն, զօրացաւ զայրացաւ գթալիր սիրտն… թողուց սուրբ գունդը, հեռացաւ պահ մը ի սարկաւագանոցը ծածկուելու…

Եւ ահա հոս` այլ աւելի սրտաճմլիկ տեսարան մը եւ կակուղ խումբ ոը պաշարեց նա, երանելի սարկաւագուհին Ոլիմպիադա` ընկերակցօք նմանեօք` հեծեծանօք վազեցին յոտքը պլլուեցան: Մարթայի պէս կ՚աղերսէին, Մարիամու պէս կու լային, կուսանաց պէս մարմըրէին. ողկուզազարդ ուռոց պէս փակած իրենց երկնագիտակ որթոյն վրայ` չէին ուզեր բաժնուիլ… Կուսից եւ եպիսկոպոսաց արտասուքն յիրար խառնուեցան. եկեղեցւոյն մէջ բոլոր ժողովուրդն կու հառաչէր, սուրբ սեղաններն ան գամ կու սարսէին. աստուածային առագաստն ինքնին կ՚ողբայր իր այրիանալն ի զգաստ փեսայէն, ըսե՜մ թէ «եւ արտասուեաց Յիսուս: …»

Յովհաննէս ` լսելով տեսնելով զասոնք, եթէ կրնար գերազանցել քան զմարդ, այլ ոչ եւ զաստուածամարդն. հատուց ինքն ալ բնութեան անմեղ գթոյ պարտքը, բայց եւ շուտով տիրանալով ինքն իր վրան ` քաշեց ադամանդիկ սիրտն յոսկի բերանը, լռեցուց ( թէ եւ լացուց ) զինքն յորդորող, պաշտող ու պաշտպանող եպիսկոպոսները, կղերը, սարկաւագուհիները ու բանին տեղեակ եղողքը: Իր լեզուին ճարտարութիւնն եւ ոյժը ` շատ ան գամ փորձեր էին, բայց սրտին այսքան պնդութեան եւ մեծութեան դեռ անփորձ էին. ափշեցան, ափիրերան եղան, յաղթուեցան, ան գամ մ՚այլ դաս առին իրենց աննման վարպետէն, որ մատովն կու ցուցընէր զերկրիս բոլորը, թէ « Տեառն է երկիր լրիւ իւրով ». արդարեւ ուր ալ որ ըլլայ, միշտ նոյն է, կամ միշտ պանդուխտ կամ ոչ երբէք եւ բերնովն կրկնէր իր պանծալի պարոյրը, « Փառք քեզ Աստուած, յաղագս ամենայնի »: Եւ ըստ սրտին ` անայլայլակ եւ զուարթ դիմօք իջնելով յաթոռոյն, յայն աթոռոյն ` որ ոչ յառաջ եւ ոչ ետքը իրեն հաւասար բազմական ունեցաւ, զատուեցաւ ի սիրելեացն: - Իսկ ի թշնամեա՞ցն. - իր աստուածային օրինակին նման ` նկատելով զանոնք ` որք գահավէժ ընել կ՚ուզէին զինքը, « եւ նա անցեալ ընդ մէջ նոցա ` գնայր »:

Ամառնամըտին նախընթաց օրն էր, յամին 404 իբրեւ յանկարծական վտան գէ մը դրդած Կ. Պօլսի ժողովուրդք շտապելով` քաղքին հարաւային ծովեզերքը կու դիզուէին իրարու վրայ, եւ գրեթէ ի ծով կ՚ընկնէին. մանաւանդ թէ ոտքով ալիքները կտրել թռչիլ կ՚ուզէին, նաւակ չ գտնելով: Ոմանք լռութեամբ կենային, ոմանք ձեռուընին դէպ ի ծով` դէպ յերկինս` դէպ ի կուրծքերնին կու տարբերէին. ոմանք գթութեան ձայներ` եւ բանայիաներ կանչելով, ոմանք անէծքներ թափէին, ամենքն աշուընին տընկած դէպ ի հարաւ` Պրոպոնտոսի (Մարմառայի) ալեաց եւ Գեմոնիսեան կամ Պռինկիպեան կղզեաց մէջ, գրեթէ մինչեւ ցկուրութիւն` բիբերնին տանջէին: Ամենքն այլ ուզելով բռնել, ար գելուլ, յետ դարձընել նաւ մը. նաւ մը` որ դիմացնէն երագերագկու սահէր կ՚անցնէր, կու հեռանար եւ եթէ բռնել չէ` գոնէ պահ մ՚այլ կ՚ուզէին տեսնել: Իսկ նաւն փախստական` երկայնաձեւ բազմաթիակ` ցռուկը ցըցած` ծովային նոր ցուցանքի մը պէս` ճոճալով ճապկըտելով ծփած ծեծուած ալեաց վրայ` շուտ շուտ կու սողար, փախչէր թաքչէր, իբրեւ թէ այն դիզուած ժողովուրդքն` իրեն համար մթագին ու սպառնացայտ մրրիկ մ՚ըլլար. մինչեւ կղզիներուն միջէն անցնելով հեռացաւ, փոքրացաւ, կէտ մը դարձաւ հազիւ տեսանելի սրագոյն աչաց. որք քանի մը վայրկենէ ետեւ` ծովուն հաւասարած երեսէն զատ` այլ բան չտեսնելով, յուսահատեալ դարձան, ողբերնին եւ անէծքնին երկարելով, եւ բարկութեամբ արքունական ապարանից վրայ նայելով:

Այն խուճապեալ նաւուն բարձրաւանդակին վրայ հանդարտօրէն նըստած անձ մը` կու նայէր անխռով, գոնէ ըստ արտաքին տեսլեանն, ընդ ծով եւ ընդ ցամաք, կու նայէր այն ծովեզերքը պարսպաձեւ պատած ժողովրդեան վրայ, եւ ճանչնալով անոնց հայրասէր գութն ու գորովը` չէր կրնար անոնց ետեւէն բարձրացած Պոլսոյ խրոխտ աշտարակներն ու ապարանքը` սուրբ բարկութեամբ ան գամ չ գողացընել: Չէր թշնամիներ, չէր անիծաներ ապերախտ մայրաքաղաքը, եւ ոչ աւերք ու երեր կարդար անոր. այլ զարդարութիւն եւ զդատաստան թողլով միայն ամենագէտ դատաւորին, ինքն ողջունելով, օրհնելով եւ աղօթելով` կու հեռանար կու ծածկուէր` անհետ կ՚ըլլար իր հին գտարի դայեկաբար դաստիարակած ժողովըրդէն, զոր մէկ մ՚այլ պիտի չտեսնէր կենդանի աչօք. այլ սրտով դեռ կու տեսնէր, կու լսէր, կ՚իմանար որբոց եւ այրեաց շնորհակալութեան մրմունջը, զղջացեալ մեղաւորաց ողբաձայն ապաշաւանքը` որոց համար ինքն Պատմող կամ Քարոզ ապաշխարութեան եւ ողորմութեան անուանեցաւ. կու զգար մեծի եւ փոքու խանդաղատանքը: Ինչուան որ անդադար ու անդարձ նաւն ան գութ` խոտորելով ի խորշն Կիանեան (Մուտանիա կամ Կէմլէյիկ) Պրոպոնտոսի ձեւն ան գամ կորուս. եւ քիչ ատենէն ասիական եզերքը հասնելով` Բիւթանիոյ ցամաքին վրայ ձ գեց զՈսկիբերան:

Եւ ոչ կէս ազատ պանդըխտի ցուպն տրուեցաւ անոր, որ ըստ կամացն իրեն օտարութեան բնակարանն ընտրէ. այլ պահապանաց մատնուեցաւ ըստ արքունի հրամանաց, որ տանին յաքսոր` յաշխարհ հեռի, յերկիր ցուրտ եւ քարուտ, ի քաղաք ամայի եւ անապատ, ի ծայր սահմանաց Յունաց եւ Հայոց: Հոն մնայ որչափ որ մնայ, մինչեւ ցմահ…

Իսկ ի՞նչ էր այտոր յանցանքն, որ այդպէս դատապարտեալ ի ժողովոց Կաղնոյն եւ ի կայսերական դատակնքոն` արտասահման կ՚ըլլայ ի հեռաւոր եւ ի դժուարաբնակ տեղ մը: - Իսկական յանցանքն` իր Ոսկիբերան եւ ադամանդիկ անձն ըլլալն էր, ըստ որում առաջ տեսանք. իսկ ըստ չարախօսաց` ծաղրելի կամ ողբալի բաներ. - ծաղրն այլ ողբն այլ իրենց գըլխուն. - որք առաջին յանցանք սեպած էին զայն` որ Ոսկիբերան ոչ ուրիշի քով կերակուր կ՚ուտէր, եւ ոչ զուրիշը կու հրաւիրէր: Գեղեցիկ խրատ ոմանց պետաց, որ թերեւս միայն ասոր հակառակ կերպով` կրնան ցուցընել իրենց առաջնորդութիւնը եւ ընդունակութիւնը: - Ոսկիբերանն որ ի մանկութենէ յանապատ Ասորւոց վարժեր էր Անտոնի եւ Պիմէնի կերակրոց (ճ գնաւորական չորակերութեան), այն աստիճան փափուկ եւ տկար ստամոքս ունէր` որ այլ որ եւ իցէ կերակուր չէր կրնար ընդունիլ, այլ հազիւ թեթեւ բաներ. եւ յիրաւի Թէոկրիտեան կամ Եղիշեան անարիւն ճպռանց նմանեալ` աստուածային բանին քարոզութիւնն ըրեր էր իրեն սնունդ, եւ կ՚ուզէր ընել իր հոտին այլ: Թշնամիք` փառասիրութիւն կու սեպէին զայս: - Նոյնպէս բամբասէին, թէ խիստ յանդիմանութեամբ կ՚անար գէ զիշխանս եւ զթագազունս, կ՚արհամարհէ զմեծատունս, եւ աղքատաց ու ռամկաց տէր կու կենայ: Թէոփիլոս կ՚ըսէր, թէ իմ վռընտածներս ընդուներ է, բանագրեալներս` արձակեր է, իմ իրաւանցս խառնուեր է. - տաք գլուխ ղՓտիք կ՚ըսէին թէ Որի գենէսի պաշտպան եւ հետեւող է. - Սեւերիանոսք եւ Սիսինիոսք կ՚ըսէին` թէ նոր ճամբայ կու բանայ, մեզի չինմանիր. - Իովատիանոսք, թէ մեղաւորներն անխտիր սիրով կ՚ընդունի, եւ այլն, եւ այլն: Որոց թէ ստութիւնն, թէ ծռութիւնն եւ թէ պատասխաններն դիւրին եւ յայտնի են:

Բայց եւս ոչ Յովհաննու վարքը կ՚ուզեմ պատմել քեզ, Հայկակ, ոչ զարդարն արդարացընել, եւ ոչ այն Ոսկիբերան Խօսնակը` գովել ջանալ, որոյ եւ գովութեան համար արդարեւ միայն իրեն նման լեզու կամ գրիչ արժանի է: Սակայն մեզի` ազգային սրբազան իաւունք է այս գիշեր մեր հայրենեաց հանդիսից մէջ խառնել Կ. Պօլսի հայրապետին յիշատակը, զր այսօր (27 յունուարի) տօնեն ամենայն` ազգք (ըստ Յայսմաւուրաց կար գի). որ է օր փոխադրութեան մարմնոյ նորա յաթոռն: - Ազգային իաւունք մը, վասն զի եթէ Ոսկիբերանի հայրենեօքն պարծին` Ասորիք, լեզուաւն եւ աթոռովն` Յոյնք, արդեամբք եւ օգտիւն` ամենայն ազգք, Հայք` անոր աքսորանաց վանատուրք եւ հիւրընկալք, անոր վերջին տարիներուն կենակիցք, անոր յետին հանգստեան մարմնոյն սպասաւորք եւ պահապանք, աւելի զգայուն եւ սխրալի պարծանք ունին Հայք: Ասոնցմով եւ դեռ ուրիշ մասամբք այլ` մեր է Յովհան Ոսկիբերան առաւել քան թէ ուրիշ ազգաց. եւ յետ Յունաց` հայագիր օրացուցակին մէջ աւելի արժանաւոր եւ իրաւացի տեղի ունի: Անոր համար թողլով իր առաջին կենաց կերպ կերպ յիշատակները, կ՚ուզեմ մէկ երկու գիշեր քեզի հետ, Հայկակ, նուիրել` Եկեղեցւոյ Խօսնակիս վերջին եւ թաքուն կենացը` յանապատս Հայոց, ինչպէս ինքն շատ հեղ կ՚անուանէր իր թղթոց մէջ, (ուսկից պիտի քազեմ այս առանձին կենաց դիպուածները) զայն տեղն` ուր երեք վերջին եւ ան գին տարիները շնչեց անմահահոտ Ոսկիբերանն:

Դեռ Ոսկիբերանի հակառակորդքն իրենց անիրաւ ժողովոյ աթոռներէն չէին իջած, դեռ անոր գահուն վրայ նստելու` պնդերես անձ մը կու փնտըռէին, դեռ իր արդար պաշտպանքն եւ չարաչար զրկեալ հօտն եւ հովիւք, որբք եւ այրիք, աղքատք եւ ապաշխարողք` իրենց հովուապետն եւ հայրապետը կու լային. կէսք` իրեն հաւատարիմ մնացեալ եպիսկոպոսաց դիմելով, կէսք` մեծասիրտ եւ մեծահաւատ Ս. Ոլոմպիա տիկնոջ քով ողբալով, մինչդեռ Արկադէոս երկու մտքի եւ խղճի մէջ կու տատանէր. իսկ դժնիկ դշխոյն Եւդոքիա` դեռ ապարանից պատշ գամէն կու գիտէր զոլորտս Պրոպոնտոսի, որ չըլլայ թէ առջի ան գամուն պէս յետ դառնայ աքսորատարնաւն, չըլլայ թէ նորէն ժողովուրդն ովսաննայով ընդ առաջ դիմէ` գծով ի ցամաք փոխելով, չըլլայ թէ ան գամ մ՚այլ իր գոռոզգլխուն վրա կայծակնաթափ փացուի Բերանն – Ոսկի. - եւ ահա ասոր սուրբ աթոռէն, արքունի պալատան քովի եկեղեցւոյն միջէն, եւ ատենակալաց ապարանքէն դուրս պոռթկացին թանձր ծուխ ու կարմիր բոց մը, եւ իբր իրարու հետ կռուելով ուժ գին եւ ահաւոր յերկինք ի վեր դիզուէին: Ոչ ոք երկբայեցաւ թէ այդ կրակդ` արդարոյն անիրաւ դատապարտութեան վրէժն էր. սակայն ո՞վ էր զայն բռնկցընողն. - խնդիրն եւ վէճն այս եղաւ: Վրիժապարտք` շարունակելով իրենց լրբութիւնը` ըսին, թէ այդ այլ թէ ոչ ձեռօք Յովհաննու, գոնէ իր թելադրութեամբն է, իր սարկաւագուհի Ոլոմպիադայ եւ ուրիշ կուսակցաց գործովն է. անոր շունչն է այս դժուարաշէջ հրդեհը բռընկցընոցն. հալածուի խռովարարն, հեռացուի հրձի գն. հեռու, հեռու այս կողմէն: Այս զրպարտութեան վրայ այլ վրդովեցաւ վշտացաւ բողոքեց արդեն զարնուած սիրտն, ինչպէս նաեւ յետոյ իր նամակաց մէջ այլ կու յայտնէ:

Հազիւ թէ հասած ի Նիկիա, իր բռնաբար տարագրութենէն, ծովուն վրայ ասպատակորէն սահելէն, եւ կրքերէն քիչ մը դադրած, հանգիստ կու փնտռէր` մարմնէն աւելի իր սրտին: Միայնացեալ կ՚երթար քննելու իր սուր մտօք եւ վառ հոգւովն` այն յաւերժայիշատակ մեծ հանդիսարանը, ուր ութսուն տարի առաջ` առաջին ան գամ միաբան ժողովեր էին յամենայն կողմանց քրիստոնէութեան` անոր գլխաւոր առաջնորդք, 318 հայրապետք, որոց շատն պէսպէս հալածանքներ, աքսոր, տանջանք եւ կըտանք քաշեր էին, եւ դեռ քաշեցին անկէ ետեւ այլ, յանուն եւ ի պաշտպանութիւն աստուածութեան Քրիստոսի եւ ճշմարտութեան աւետարանի նորա, Ոսկիբերան զինքն եւ աթոռն մոռցած` հիացմամբ կու պտըտէր այն վեհ, (թէ կըրնայի ըսել`) հսկահասակ հայրապետաց հանդիսին մէջ, փոխ առ փոխ խօսելով կնդ Ոսիոսի, Աղեքսանդրոսի, Մակարայ, Ղեւոնդիոսի, Արիստակիսի, Յակոբայ, Մծբնացւոյ, Աթանասի եւ այլոց հետ, ամենէն շնորհաւորութիւն եւ քաջալերութիւն լսելով, եւ թէ` իր մեծամեծ վաստակաց եւ սիրոյն պսակն` այս խուլ եւ խաւար աշխարհիս մէջ` պիտի ըլլար իրենցմէ շատին հանդիպածը. - զրպարտութիւն, հալածանք, աքսորանք, եւ … խոստովանողական մահ: …

Ո՞րչափ քաղցր էր Ոսկիբերանի` այսպիսի տեսլեանց մէջ յերկարել. եւ յետ այն նախադաս հայրապետաց` տեսնել նաեւ երկրորդ գումարն այլ 150-ից , որք դեռ քիչ տարի առաջ (յամին 381)իր գահանիստ մայրաքաղաքին մէջ (ի Կ. Պօլիս) ժողովեցան, եւ որոց շատն աչօք իսկ տեսեր, եւ դեռ ոմանք ողջ այլ էին: Անշուշտ անոնց մէջ կու փնտռէր եւ կու փարէր իր սիրելի եւ դրուատեալ Անտիոքայ հայրերը. զԲաբելաս եւ զՄելիտոս, եւ իր գահուն նախորդները Մետրոփանէս, Աղեքսանդրոս, Գրի գոր Աստուածարան. անշուշտ կ՚ըսէր զմայլեալ միտքն, Բարւոք է ինձ աստ լինել ընդ սոսա… Երբ յանկարծ մեծ շշնկոց, դղրդիւն մը փրթաւ. տեսլարանին դռներն գրեթէ խորտակեցան, պահապանք, գերեպանք, ջորեպանք ներս թափեցան… «Շու'տ շու'տ, փութա', ելի'ր, հեծի'ր, արքունի հրաման է. պէտք է հեռացընենք քըշենք տանինք զքեզ յաքսոր, յօտար, մինչեւ ի Կոկիսոս, մինչ ի Տաւրոս, մինչ յԱմանոս, մինչեւ ի ծայրս սահմանաց ինքնակալին»: - «Փառք քեզ Աստուած, յաղագս ամենայնի», ըսաւ. եւ զնոյն ձայն կրկնէր, յեղյեղէր քաղցրաձայն Խօսնակն Եկեղեցւոյ, եւ տալով զինքն ի ձեռս եւ ի կամս վարողացն եւ խնամոցն Աստուծոյ, կու քշուէր կ՚երթար յաշխարհ հեռի, յանծանօթ ճանապարհ: Եօթանասուն որ չեն եւ անշէն տեղիք, լերինք եւ անտառք, գետք եւ քարաժայռք` զնոյն ձայն, զնոյն եր գ` բիւր ան գամ լսեցին, բիւր ան գամ կրկնեցին. «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, յաղագս ամենայնի փառք քեզ»:

Երկու շաբաթ կեցեր էր Ոսկիբերան ի Նիկիա, ուսկից ելաւ յուլիսի չորսին: Բիւթանիոյ մայրաքաղաքէն մինչեւ ի Կեսարիա` ի մայրաքաղաքն Ա Հայոց եւ Կապպադովկիոյ, յարեւմտից յարեւելս հարաւոյ` գրեթէ 300 մղոն կ՚ըլլայ, իբրեւ 25 օր մը քշեց այս ճամբան, որ ի սկզբան արահետ ըլլալով` քիչ մը ամառային տաքուն դէմ այլ կրնար հանգիստ տալ. մանաւանդ որ պահապանքն այլ հոս մարդասէր գըտուեցան եւ շատ չէին չարչըրկեր. գուցէ չէին այլ կըրնար, ծանոթ քաղաքաց եւ գեղից միջէն եւ սահմաններէն անցնելով, ուր անդադար երթեւեկ կար` արեւելքէն դէպ ի Կ. Պօլիս կամ ասկէ հոն, եւ ուր որ հասնէին` համբաւն աւելի առաջ հասած գտնէին: Շատ լաւ կու ճանաչէին այն կողմերն այլ զՈսկիբերան, որոյ եւ գերագոյն հովուապետութեան վիճակ էին, եւ իրեն արժանաւորապէս կարեկցէին. ոչ տեղացիք միայ այլ եւ հեռաւոր եկք. ինչպէս ինքնին Ս. հայրապետն վկայէ մէկ թղթին մէջ, թղթին մէջ, առ Ոլոմպիադա, եւ յանուանէ միայն զՀայս յիշէ, թէ «յարեւելքէ եւ ի Հայոց եւ ուրիշ կողմերէ` ճամբու վրայ հանդիպողքն` զմեզ տեսնելով` աղբերաբար արցունք կու թափեն, լալով ու հեծկլտանօք ետեւնուս կու գան, մեզմէ չեն բաժնուիր: Այս բանս անոր համար կ՚ըսեմ որ գիտնաս թէ հոս այլ շատեր կան, որ նոյն ցաւով վշտակից կ՚ըլլան ինծի` ինչպէս դուք հոն»: Ուրիշ թղթով մ՚այլ. «Երբոր կու տեսնեմ որ զանազան քաղաքներէ եւ բնակութիւններէ դուրս թափելով բազմութիւն արանց եւ կանանց` կու լան կ՚ողբան մեր վրայ, ձեր ցաւկ կու յիշեմ, թէ ո՜րքան սաստիկ պիտի ըլլայ, երբ հոս զմեզ առաջին ան գամ տեսողքն իսկ այսչափ կու տըրամին, եւ որչափ աղաչենք ու պաղատինք որ չհոգան զմեզ` անոք այլ աւելի խեղճ կ՚ընեն կու լան». եւ այլն: Ոսկիբերան այս խօսքերով կ՚ուզէր իր ազնիւ սարկաւագուհին եւ հաւատարիմ աշկերտները մխիթարել. բայց թերեւս առանց ուզելուն` կ՚իմացընէ մեզի, թէ ի՞նչ աստիճանի մեծ էր իր համբաւն, արժանիքն, եւ հրաշալի ու գթաշարժ կերպն, որ այսպէս անցած տեղերը յոտք եւ ի գութ կու հանէր:

Հոս պէտք է յիշել, որ իր երկայն եւ կրկին ճանապարհորդութեանց մէջ` թէ եւ շատ հեղ այսպէս ի տեսողաց կարեկցութիւն գտաւ, բայց ոչ միշտ եւ ի պահապանացն. ոչ այլ դիւրութիւն ճանապարհի, այլ ամեն կերպ նեղութիւն եւ զրկմունք եւ վախ, ցաւ եւ հիւանդութիւն, ատքէն եւ ցրտէն տագնապ: Մանաւանդ որ բնութեամբ այլ փափուկ եւ տկար կազմուածով էր: Իր մեծ եւ վառ հոգւոյն արտաքին պատեանն` շատ անհաւասար եւ փոքր էր. տարիքն այլ արդէն (ըստ ոմանց) վաթսունը լըցած, մազերն թափթըփած, ստամօքսն աւեր. շատ դարմանայ եւ խնամոց կարօտ: Որոց փոխան` այնպիսի չարակրութիւնմը պատրաստեցաւ իրեն, որոյ հազիւ թէ զօրաւոր մարդիկ կարենային համբերել: Եւ սակայն ինքն ուրախ զուրաթ` իր եր գն ի բերան կ՚երթար, եւ բաւական այլ դեռ ուժով եւ առողջ էր ի սկըզբան: Իսկ իրեն մխիթար եւ օգնական ընկեր ունէր քանի մը եկեղեցական պաշտօնեայ, որք Կ. Պօլսէն հետն եկեր էին, չկարենալով զատուիլ իրմէ. եւ աւելի կու մխիթարուէին անոր ընկեր վշտակից ըլլալուն, քան թերեւս կու մխիթարէին զնա: Իր մէկ մեծ մխիթարութիւնն այլ էր (որպէս եւ ամենայն աքսորելոց եւ վտարելոց, եթէ այս բաղդս ունենան) բարեկամաց հետ թղթակցիլն, պանդխտութեան երեք տարուան մէջ գրածներէն` մօտիկ 250-ի չափ նամակ եւ ճառ ձեռուընիս հասած են, առ զանազան անձինս, հեռաւորս եւ մերձաւորս, սկսեալ յՈլումպիադայ մինչեւ առ Ս. Քահանայապետն Իննովկենտիոս, այս նամակներէն շատն, մանաւանդ առաջինքն, Ոսկիբերանի ընտիր գործոց կար գը կու գրուին: Ոչ միայն աքսորանաց տեղէն, այլ եւ ճամբուն իջեւաններէն կու գրէր, եւ երբեմն կ՚ընդունէր այլ: Իբրեւ հասարակ մահկանացու եւ ընկերակեաց անձ մը այն մեծ սիրտն այլ կու կարօտէր մտերմաց զրուցին, բարեկամական խօսքի եւ մխիթարութեան. անոր համար ստէպ կ՚աղաչէ թղթոցը մէջ` որ անպակաս գրեն իրեն, եւ մեծ պար գեւ կու սեպէ անոնց նամակը. կու մխիթարէ եւ քաջալերէ բարեկամները, եւ գեղեցիկ ու հաստատուն եւ երբեմն երկայն խրատներով` զմեզ ան գամ կու լուսաւորէ:

Ո՜հ, չիդիմանար սիրտ, երբ այն ցաւագարն մարմնով` անանկ դժնդակ տեղուանք եւ ատեններ կրածները նկարագրէ. թէ եւ ջանացած է յայսմ մասին շատ չըսել, որ իր սիրելիները չտխրեցընէ. սակայն բաւականէն այլ աւելի են մեզի թէ ցաւերը ճանչնալու, եւ թէ անոնցմէ աւելի` սէրն, որով իր ցաւերը մոռցած` կու ջանայյ սիրտ տալ անոնց` առ օրս կու գրէ: - Ասոնցմէ մէկն է Արաբիոս մը, որ յանձնարարութեան թղթեր տուեր եւ գրեր էր` որ եթէ ի Սեբաստիա երթայ` իր տունը հանդիպի եւ հանգչի տիրոջ պէս: Սուրբն շնորհակալ կ՚ըլլայ, եւ կ՚իմացընէ` որ թշնամիքն չթողին որ երթայ հոն` ի մայրաքաղաքն Բ Հայոց. վասն զի Եւդոքսիա ուզեց որ աւելի հեռու քշուի, ի Կոկիւսոն. եւ կ՚աղաչէ սուրբն որ եթէ հոս այլ ծանօթ ունի` գրէ անոնց այլ յանձնարարութեան թղթեր:

Թղթակցաց մէջ առաջին եւ սիրելագոյն անձն, եւ արժանաւոր Ոսկիբերանի սուրբ սիրելութեան է` շատ հեզ յիշածս Ոլումպիադա, զոր եւ հարկ է քիչ մ՚աւելի ծանօթացընել քեզ, Հայկակ: Մեր պատմութեան մէջ միտքդ կու գայ Բ Արշակ թագաւորին ունեցած ասոր համանուն դըշխոյն, (եւ երանի՜ թէ բոլոր պատմութիւնն չ գար ի միտս, այլ եւ ելնէր ամեն յիշատակէ). կայսերական ցեղէ կին, եւ երբեմն ամուսնացած ընդ Կոստանդեայ կայսերազին, յետոյ մեր չուառ թագաւորին. ասոր ազգական, եւ ոմանք ինչուան դուստր այլ կարծեցին այս կրսեր Ոլոմպիադայն, (ծնած իբր յամի 368), ի հօրէ Անիսիոսէ, եւ 16 տարուան հարսնացած Նեբրիտիոսի իշխանի, ուսկից յետ 20 ամսու այրի մնալով, չուզեց անկէ ետեւ աշխարհի երես տեսնել. թէպէտ եւ կայսրն, մեծամեծ իշխանք, մանաւանդ Ելպիդիոս Սպանիացի իշխանն եւ խնամին կայսեր` շատ ջանային որ ասոր կին ըլլայ. եւ այս բանիս համար առաքինակրօն եւ մանկամարդ այրւոյն ինչքը գրաւեցին (որ անբաւ շատ էին): Սակայն նա հաստատ մնաց իր առաքինի կամաց մէջ, բարեպաշտութեան գործերով մխիթարուելով ամենայն զրկմանց վրայ. մինչեւ յուսահատեցան բռնադատողքն` իր գեղեցկութիւնը եւ սիրտը յափշտակելու, զոր բոլորովին նուիրեր էր Աստուծոյ: Պատրիարքն Նեքտառիոս օրհնեց զնա Սարկաւագուհի. որով` երբ իր ստացուածոցն այլ ազատ մատակարարութիւնը դարձուցին իրեն, եղաւ կրկնակի մայր աղքատաց եւ տառապելոց. ստակով այլ սրտով այլ խնամելով զանոնք, եւ զամեն կարօտ անձեր, եւ մանաւանդ եկեղեցական եւ եկեղեցի, (ինչուան հեռաւոր կողմեր: Իրաւ քիչ տիկին այնչափ հարստութիւն ունեցած է, բայց աւելի քիչք զանոնք այնպէս օգտակար ըրած են. վասն զի քիչեր այլ` իր բնականէն աւելի մտաւոր ձիրքն ունեցեր են, մեծ եւ տաք հաւատք, զգաստութիւն եւ խոհեմութիւն. որով չէ թէ լոկ հասարակ ժողովըրդեան, կամ իշխանաց եւ արքունեաց միայն, այլ եւ իմաստուն եւ սուրբ եպիսկոպոսաց քով` մեծ յար գմեծ պատիւ ունեցաւ:

Ս. Գրի գոր Նազիանացի, Ս. Գրի գոր Նիւսացի, Ամփիլոքոս, եւ այլք իրեն ընծայած են իրենց գեղեցիկ գրուածներէն ոմանք, Ս. Եպիփան, Մարութա, Թէոփիլոս, Ակակ, Սեբերիանոս, եւ այլն, իրմէ ողորմութիւն կամ օգնութիւն գտած են: Բայց իր ամենէն մեծ պարծանքը կրնանք սեպել մեր Ս. Ոսկիբերանին մտերմութիւնն, յար գն, խնամքն եւ թղթակցութիւնն, եւ թերեւս ասոնցմէ աւելի այլ` իր վշտակցութիւնն անոր համար եւ անոր հետ: Վասն զի յետ աքսորանաց Խօսնակին` հալածեցին այս իրեն զմայլած ունկընդիրն այլ, եւ շատ նեղութիւն հասուցին, որոց կու ջանար հեռուէն իր անապատէն այլ քաջալեր տալ Ոսկիբերան, իսկ յետ իր մահուն` շատ երկար չդիմանալով այս ողջախոհ տատրակս այլ, կնքեց իր մաքուր կեանքը (յամի 410) եւ դասեցաւ ընդ սուրբս, յիշեալ ի Յունաց եւ ի Լատինաց:

Ահա այս սրբուհւոյս` եւ իր եկեղեցւոյ սարկաւագուհւոյն է` որ Ոսկիբերան այս առաջին ճանապարհորդութեան մէջ այլ զանազան թղթեր գրած է. եւ որոց մէկուն մէջ, (կ՚երեւի թէ արքունի զիւր ճամբէն դառնալով դէպ ի հարաւ, ի Կեսարիա երթալու ատեն) կրած դժարութիւնները կու յիշէ. «Տեսած լսած բանս չէր, ժայռեր եւ ջրի տակ ծածկուած քարեր, մրրիկք եւ փոթորիկք թնդալով կ՚որոտան, գիշեր անլուսնկայ, թանձր մէզ, գահավէժք եւ քարաժեռք, եւ սակայն ասանկ ծովու մէջ նաւելով` նաւահան գիստը կեցողներէն պակաս հանգիստ չեմք»: Կ՚աւելցընէ այլ թէ մարմնով առողջ եմ, սրտիւ զուարթ, պահապան զինուորք այլ ձեռքերնէն եկած խնամքը կ՚ընեն. «ուստի զասոնք գիտնալով, դու այլ տիկին իմ բարեպաշտուհի, յաղթէ` այս մրրկաց եւ ալեաց. եւ քու առողջութեանդ վրայ ապահովէ զիս, կ՚աղաչեմ»: Ուրիշ թղթոց մէջ առ սա ինքն եւ առ ուրիշ բարեպաշտ տիկին մը (Թէոդորա)` մնացեալ ճամբուն մէջ քաշած հիւանդութիւնը եւ չարչարանքը կու յիշէ. «Հալեցանք, մաշեցանք, հազար կերպ մահուամբ մեռնելու մօտեցանք… մէկ կողմէն անդադար տենդով կու տանջուէի, մէկ այլ կողմէ գիշեր ցորեկ հարկ էր ճամբայ ընել, ցորեկը` արեւուն տօթէն, գիշերը` տքնութենէն տանջանք, հարկաւոր եղած բաներ չկան, զիս հոգացողներն` աղքատ, բանտար գելոցմէ պակաս չէր քաշածներս… ոչ հաց գտուէր եւ ոչ աղէկ ջուր ճամբուն վրայ… վերջապէս հիւանդագին հասայ ի Կեսարիա` իբրեւ ալէկոծեալ նաւ մը, եւ հոն այլ մէկէն չհան գստացայ, ինչուան որ ճարտար բժշկաց խնամօք, բայց աւելի անոնց կարեկցութեամբը` քան թէ դեղերով` ըռընացայ…: Փառք Աստուծոյ յաղագս ամենայնի: Այս խօսքս ինծի ամեն հանդիպած դիպուածոց մէջ չեմ կրնար զանց ընել, եւ ոչ ոք զայս յինէն կրնայ յափշտակել: … Շատ բան կար ըսելու (առ Թէոդորագրելով), բայց չեմ ուզեր սիրտդ խռովել, թող լռենք, բայց միայն այս մէկս այլ ըսեմ… որ այնքան ճոխ եւ հզոր բարեկամներ ունենալով այլ` չկըրցանք արժանի ըլլալ այն շնորհաց` որ չարագործաց ան գամ կու շնորհուի. այսինքն, քիչ մը մօտիկ եւ բարեխառն օդով տեղ մը բնակելու. այլ եւ այսչափ չարչըրկած ու ցաւագար մարմին ունենալով, եւ Իսաւրացւոց (աւազակաց) վախով չորս գին պատած ըլլալով, այս պզտիկ ու չնչին շնորհքէն այլ զրկուեցանք: Ասոր համար այլ փառք Աստուծոյ, եւ ոչ երբեք դադրինք յամենայնի փառս տալ Աստուծոյ. Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան». - Անցողաբար յիշեմ, որ այս թղթիս մէջ կ՚ըսէ Ոսկիբերան առ Թէոդորա, թէ այս չորրորդ կամ հին գերորդ թուղթն է որ կու գրէ առ նա. անկէց աւելին այլ գրած է առ Ոլոմպիադա, եւ առ այլս. որովք յայտնի կ՚երեւի իր վառվռուն միտքն, տաք սիրտն եւ անդադար մատներն, որք այնքան հազարաւոր ճառեր արտադրեցին: Ոչ քարաժայռք ճանապարհին եւ ոչ անհարթութիւնք օդոց, ոչ իսկ հիւանդութիւնք կրնային յոգնեցընել, լռեցընել, դադրեցընել այն անխոնջ Խօսնակը:

Ճամբէն աւելի եռօրեայ ջերմին տաքէն տկարացած` հազիւ կրցաւ Ոսկիբերան զինքը ձ գել ի Կեսարիա մայրաքաղաք. եւ անոր մէկ անծանօթ թաղին մէջ յանկողին ընկած` բժիշկ եւ դարման փնտռել, զոր դիւրաւ չ գտաւ ի սկզբան. բայց յետոյ ոչ միայն բժիշկք, այլ բոլոր քաղքին կղերն, միանձունք եւ միանձնուհիք, ամենայն բարեպաշտ անձինք` իբրեւ ուխտի դիմեցին իրեն, եւ մէկմէկէ յափշտակել կ՚ուզէին իրեն ծառայելու պատիւը: Միայն, կ՚ամաչեմ ըսել, միայն անոնց առաջնորդն եւ հովիւն` Փարետրիոս արքեպիսկոպոսն` ոչ երեւեցաւ Յովհաննուեւ ոչ այլ կ՚ուզէր տեսնել. կամ թէ չէր այլ կրնար, նախանձով եւ հակառակութեամբ կուրացեալ, ինչպէս իրմէ առաջ կարծուի որ Անկիւրիոյ արքեպիսկոպոսն այն նոյն կրքով բռնուած, ինչուան մահուան սպառնալեօք կու վռնտէր զՍուրբն` իր թեմէն, բայց ինքն շուտով մեռաւ: Ոսկիբերան առաջուց կու գուշակէր հոս այլ ըլլալիքը, թէ եւ ճամբան միամիտ անձինք իրեն աւետիս կու տային թէ Կեսարու արքեպիսկոպոսն կու սպասէ քեզի. իսկ ինքն` մինչ քիչ մը հիւանդութենէն ըռընանալով` կու մտածէր շուտով հեռանալու անկէ, յանկարծ քաղքին դռներն ու ճամբաներն գոցուեցան: Իսաւրացիք անակնկալ յարձակմունք մ՚ըրին Մաժակայ (Կեսարիոյ) սահմանները. քաղքին զօրապետն զօրքերովը դուրս ելաւ անոնց դէմ, բնակչաց թողլով քաղաքը պաշտպանել: Երկրորդ առաւօտ Ոսկիբերան իր բնակած տունը պաշարուած տեսաւ. բայց զարմա՜նք, ոչ յԻսաւրացոց` այլ արքեպիսկոպոսէն գր գռեալ միանձանց գնդով, որք կու սպառնային տունը այրել` թէ ոչ շուտով ելնէ երթայ, եւ այնպէս գլուխնին տաքցեր էր` որ քաղաքապետին զինուորաց ան գամ վախ կու ձ գէին եւ կու ծեծէին, եւ ոչ իսկ քաղաքապետէն պատկառէին: Սա չկարենալով անոնց խօսք հասկըցընել, մարդ զրկեց առ Փարետրիոս որ թող տայ խեղճ հիւանդին հանգչիլ` ինչուան որ քիչ մը վրայ դնէ եւ ճամբաները բացուին: Ճար չեղաւ համոզել, երրորդ օրը այլ աւելի սաստկութեամբ կու ստիպէին, կու վռնտէին սուրբ պատրիարքը, որ ջերմին եւ կէսօրուան տաքութեան ատեն` հազիւ կրնալով զինքը պատ գարակի մէջ ձ գել, հանել տուաւ քաղքէն, մինչդեռ բազմութիւն քաղաքացեաց շուարած կու լային, եւ քանի մը քահանայք ամըչնալով եւհառաչելով ետեւէն կ՚երթային, եւ այրած սրտով` «Աւելի լաւ է, կ՚ըսէին, որ Իսաւրացոց ձեռք ընկնիս, քան մերոնց պէս մարդատեցից մէջ մնաս»: Ռուփինոս պաշտօնէին բարեպաշտ այրին Սելեւկիա` աղաչեց, եւ տանել տուաւ զՍուրբն իր գեղի տունը, որ չորս հին գմղոն հեռի էր քաղքէն: Անարժան հօտապետին նախանձն` ասով այլ գոհ չեղաւ, այլ այնքան սպառնացաւ վախցուց բարի տիկինը, որ ակամայ եւ լալով ստիպեցաւ իր հիւրը հեռացընել. սակայն գեղեցիկ եւ ազնիւ խորագիտութեամբ ձեւացընել տուաւ` թէ բարբարոսներուն վախէն է:

Կէս գիշեր էր, հանդարտ եւ կարոտած քուն մը կու քաշէր Ոսկիբերան, երբ յանկարծ իր ընկեր քահանայն (Եւեթիոս) խթելով արթընցուց. Բարբարոսք կու գան, փախչինք, ըսելով: «Անլուսնկայ, մառախլապատ, տխուր կէս գիշեր էր, կ՚ըսէ ինքն Ոսկիբերան, որ զմեզ մեծ տարակուսի մէջ կու ձ գէր, ոչ խորհուրդ տուող կար եւ ոչ ձեռք տուող, ամենքն զմեզ թողեր էին, զարհուրած, եւ գրեթէ մահուան սպասելով` հիւանդագին անձամբ ելայ եւ ջահերը վառել տուի. բայց երէցս մարել տուաւ, որ չըլլայ թէ լոյսը տեսնելով` բարբարոսք վրանիս յարձակին: Ուրեմն ջահերը մարած ընկանք ճամբայ, որ սաստիկ քարոտ եւ խորտուբորտ էր. անանկ որ պատ գարակս կրող ջորին զարնուելով` ընկաւ, դեսպակն այլ զիս այլ անանկ գլորեց, որ կարծէի թէ այլ պիտի չելնեմ, հազիւ ոտք ելայ, եւ սկսայ կամաց քայլել` օգնութեամբ Եւեթիոսի, որ ինքն այլ ձիէն ընկած` թեւս կու բռնէր, եւ այսպէս ուրիշի ձեռքով առաջնորդած կամ քաշքըշած` այն դժուարին տեղւոյ եւ վտան գաւոր լերանց մէջ կէս գիշերուան ատեն կու խարխափէին: Մտածէ' թէ ի՞նչ կու կրէի ցաւերէս, ջերմին տագնապէն, եւ եղածը չ գիտնալով` կարծելով թէ հիմայ հիմայ այնահաւոր բարբարոսաց ձեռքը պիտի ընկնինք: Կարծեմ թէ միայն այս ատեն քաշած տառապանքս` բաւական էին շատ մը մեղքերս քաւելու եւ ինծի վարձք պատրաստելու»: Յետոյ իմացաւ եւ կ՚իմացընէ Ոսկիբերան, որ այս ամեն բանի պատճառ նախանձն է եղեր, այն` որ զինքն հալածեց ի Կ. Պօլսոյ եւ հիմայ այլ ի Կոսարիոյ, անոր համար ցաւագին եւ այրած սրտիւ կ՚աւելցընէ խօսք մը, զօր ես այլ դողալով կ՚արտաբերեմ, թէ «ո'չ Իսաւրացւոց եւ ոչ յայլմէ ումեքէ այնպէս երկնչիմ ես` որպէս յեպիսկոպոսաց, բաց ի սակաւուց ոմանց»: Այսքան ծանրակշիռ են գործք անոնց` զորս երկինք եւ երկիր կու ճանչնան այցելու, հովիւ եւ հայր ժողովըրդեան: …

Այս տառապագին եւ դժնդակ ուղեւորութիւնս` պատճառաւ իր հիւանդութեանն, անդադար ջերմին, արշաւանաց բարբարոսաց (որ սովորական ճամբաները բռնած էին), շատ ծանր եւ երկար եղաւ. գրեթէ ամիս մը եւ աւելի, իսկ Պօլսէ ելնելէն ի վեր 70 օր, մինչեւ հասաւ Ոսկիբերան իր աքսորանաց սահմանեալ տեղը, ի Կոկիւսոն, որոյ անուանէն ան գամ կու սոսկար եւ կու փափագէր ուրիշ տեղ մը քշուիլ, բայց ասոր համար այլ գոհացաւ ըսաւ` Փառք քեզ Աստուած յաղագս ամենայնի:

Կոկիւսոն` ուր իրեք տարւոյ մօտ պանդըխտեցաւ Ոսկիբերան, եւ ուսկից գրեց հարիւրաւոր նամակներ, իրեն համար էր ամայագոյն, անապատագոյն վայր համօրէն աշխարհի: Վասն որոյ պատշաճ է մեզի այլ ծանօթանալ այս տեղւոյս, թէ եւ ի սկզբանէ անտի մինչեւ հիմայ այլ խիստ քիչ ծանօթ մնալով աշխարհագրաց եւ ուղեւորաց, ան գամ մ՚այլ կ՚արդարացընէ իր ամենէն մեծ տարաբնակ պանդըխտին վկայութիւնը:

Հին Գամբաց կամ Կապպադովկիոյ, Կիւլիկիոյ, Կոմագենիոյ (կամ Եփրատացւոց) եւ Գ եւ Բ Հայոց միջասահման` փոքր աշխարհ մը կար հին ատեն, Կատայունիք ըսուած, զոր ոմանք Կապպադովկիոյ մասն անուանէին, այլք (ինչպէս Պտղոմէոս) Փոքր Հայոց. միջին դարու մէջ` մերքս Ջահան աշխարհ կամ երկիր կ՚անուանեն այս տեղս, յանուն Ջահան կամ Ճիհան (որ եւ Պիւռամիս) գետոյ, որ կու բղխէ ի զանազան կողմանց լերանցն: Լերինքն են` յարեւմտից եւ հիւսիսոյ` Անտիտաւրոս, ի հարաւոյ` Ամանոս, իսկ յարեւելից` այն լեռներն` որ Եփրատայ ջրերը կու զատեն ի Ջահանայ, զսա ի Միջերկրական ծով իջեցընելով, զնա` յարեւելս զրկելով մինչեւ ի Ծոցն Պարսից: Այս զանազան լեռներէն շրջապատեալ երկիրն` ի հարկէ կու ձեւացընէ լեռնադաշտ կամ մեծ լեռնահովիտ մը, ինչպէս կ՚անուանէ այլ զսա հին աշխարհագիրն Ստրաբոն. եւ է շատ ընդարձակ. հիմայ Ալպստանի կամ Էլպօսթանի (որ եւ Ապլաստան) գաւառն, եւ Փալանկա-օվա դաշտն, որոց հարաւակողմը Ալպօստան` կամ մեր Ջահան քաղքէն վար` կու միանան եեք գլխաւոր գետակք, ժողովելով լեռնահովտին ջրերը, եւ միանալով կու ձեւացընեն զգետն մեծ Ջահան, որ անկից կ՚իջնէ ի Մարաշ, եւ կու մտնէ ի Կիւլիկիա, երթալով յԱնարզաբա եւ Մսիս, թափիլ ի Ծոցն Հայոց (հիմայ` Իսքէնտէրունի ծոց): Այս երեք գետակաց արեւմըտագոյն եւ հարաւագոյնն է Կովիսոնի գետն (Կէօքսուն-սու). որոյ եզերքն է շինած մեր հետաքննելի տեղին, ընդ մէջ Հաճնայ եւ Խօղանօղլուի լերանց` յարեւմտից, Ջահանայ` յարեւելից, եւ Ուլնեայ կամ Զէյթունի` որ հանայ` յարեւելից, եւ Ուլնեայ կամ Զէյթունի` որ կայ ի հարաւոյ: Յանուանէ գետակին եւ ուրիշ նշանակաց կու հաւաստի` որ ասոր բնիկ հովիտն կամ վիճակն է Կոկաց գաւառն յիշեալ ի մերոց պատմչաց միջին դարու, որոյ գլխաւոր շէնքն կամ քաղաքն` անշուշտ համանունապէս Կոկաց քաղաք կամ Կոկս կոչէր ըստ սովորութեան Հայոց (որպէս Կարս` Կարուց քաղաք), զոր Յոյնք եւ Լատինք փոխեցին ի Գու գուսսաս յետոյ եւ Հայք ի Կոկիւսոն, յորմէ ցարդ եւ այլազգիք Կէօքսուն կոչեն: - Կոկիւսոն` զոր Յոյնք միշտ քաղաք Հայոց կոչեն, եւ ի գիրս մեր կոչուած է նաեւ քաղաք Հայոց մեծաց, հիմայ երեսէ ընկած աւան մը կ՚երեւի 2-300 տաճկաբնակ անով, որոց հետ չեն յիշուիր մերազգիք, այլ անոր մօտերը երեք գիւղից մէջ: Տեղւոյն դիրքն ինքնին կու կրկնէ Ոսկիբերանի ըսածները. ամառը բաւական տաք պիտի ըլլայ, լայնութեան 38 աստիճանին տակ ըլլալով, իսկ ձմեռը` անհնարին ցուրտ, թէ բնական յատակին բարձրութեամբ եւ թէ բարձր ու ձիւնապատ լերանց մերձաւորութեամբ, որք չէ թէ միայն երկայն շարք մը կու ձեւացընեն արեւմտից կողմէն, այլ եւ ոմանք ցրուած կան գնին դաշտին մէջ. եւ անով այլ աւելի վայրենի եւ դժնդակ կերպարանք մը կու տան, եւ ճամբայ ընելու դժուարութիւն: Ուստի ոչ այնքան բնակութեան եւ առեւտրի յարմար` որքան ամրութեան եւ պահպանութեան տեղ մը կըրնար ըլլայ: Այնպէս այլ ըրեր էին սրատես շահագէտ Հռովմայեցիք, բերդով ամրացընելով եւ պահապան գունդ մը դնելով հոն: Այսպիսի ամրութեամբ, եւ հեռաւորութեամբ, (ի սահմանածայր Յունաց, Հայոց եւ Ասորւոց) աքսորանաց այլ յարմար տեղ սեպուեցաւ, ինչպէս եւ 70 տարի յետ Ոսկիբերանի` Զենոն Իսաւրացի կայսրն իր հակառակորդ Բասիլիկոսը տընով տեղով հոս աշտարակի մը մէջ փակեց, սովամահ ըրաւ:

Քիչ շատ լսեր եւ գիտէր Ոսկիբերան իր ար գելանաց ամնխիթար դիրքը, սակայն երբ յետ ամսօրեայ տապանացն որ ի Կեսարիոյ սկսեալ` հասաւ հօս, եւ գոնէ հալածողներէն ազատած` ընկաւ իր առանձնութեան տնակը եւ յանկողին, եւ սկսաւ շունչ առնուլ, ողջանալ, ու Իսաւրացւոց այլ ետ քաշուելովն` վախն այլ փարատեցաւ, առջի կարծածին չափ տխուր եւ ահարկու չերեւցաւ Կոկիւսոն. «Ինչու համար կու տրտմիս, կ՚ըսէ առ Ոլոմպիադա, այս տեղւոյս ամայութեան վրայ… թէպէտ եւ ոչ հրապարակ ունի այս քաղաքս, ոչ վաճառանոց, բայց ինծի ի՞նչ փոյթ են ասոնք, ինծի հարկաւոր եղածն առատապէս կու գտնեմ. (հիւրընկալաց ճարտարելովը): Նոյնպէս ուրիշ գրի մէջ այլ կ՚ըսէ, թէ երբ ի Կոկիւսոն հասայ` սկսայ անամպ երկինք տեսնել, մաքուր օդ ծծել, հիւանդութիւնս փարատեցաւ եւ ամէն կողմէ սկսան հարկաւոր եղածքն տեղալ` բարերաց յօժար կամքով:

Այս բարերաց մէկ գլխաւորն էր Հայաստանի այս մասին նախարարն կամ կողմնակալն` Սոպատրոս անուամբ, որ հայրաբար կու խնամէր իր իշխանութեան տակ եղածները. Ոսկիբերան գովութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կու յիշէ զնա. եւ անոր մէկ որդին` որ հոն էր` ուսմանց ետեւէ եղած. կու յանձնէ իր բարեկամ Կիւրակոս եպիսկոպոսին խնամոց: - Մէկ բարերար եւ խնամածուն այլ էր տեղւոյն եպիսկոպոսն, որ յայլոց կոչուի Ա գելփոս (Եղբայր) որ նախ Արաբացւոց եպիսկոպոս էր, կ՚ըսեն. եւ պատկառելով յարժանապատիւ պատրիարքէն` ուզեց անոր թողուլ իր աթոռը, զոր ի հարկէ յանձն չառաւ Սուրբն. Որոշեալ սահմանէն անդին չանցնինք, ըսելով, այլ ըստ պատշաճին` վարդապետութեան պաշտօնը կամ արուեստը կատարէր:

Ասոնցմէ եւ ամենէն աւելի մտերիմ եւ ձեռնտու եղաւ Դիոսկորոս, զօր Տէրն իմ կոչէ Ոսկիբերան որ շատ հեղ եպիսկոպոսաց կու տայ այս տիրական անունը. եւ մենք ուրիշ վաւերական աւանդութենէ այլ գիտենք որ նա մեր ազգէն էր` եպիսկոպոս եւ վարդապետ Հայոց այն կողմերուն, եւ ինչպէս Ոսկիբերանի եւ Շնորհալւոյ յիշատակքն տան գուշակել` ազնուազգի, այլ եւ Պահլաւունեաց տոհմէն: Ցեղէն աւելի մեծահոգի եւ տաքսիրտ ըլլալով` երբ լսեց թէ Խօսնակն եկեղեցւոյ իր սահմանաց մէջ պիտի պանդխտի, ուրախութեամբ եւ մեծարանօք մարդ խաւրեց մինչեւ ի Կեսարիա, (մինչդեռ հոն էր Սուրբըն) եւ հրաւիրեց իր տունը: Սուրբն այլ մեծարեց զնա եւ յանձն առաւ խնդիրքը, թողլով ուրիշներուն հրաւէրքը, եւ երբ եկաւ ի Կոկիւսոն` պատրաստ գտաւ Դիոսկորեայ տունը` ամենայն կարեւորք ըստ կարելւոյն, զոր բաւական չսեպելով տանուտէրն` բոլոր իսկ տունը թողուց Ոսկիբերանի պիտոյից եւ հանգստեան, ինքն իր գեղի տունը քաշուելով, եւ տանը վերակացուին պատուիրելով` որ ամեն կարելի դիւրութեան հնարք ընէ, հանգչեցընէ իր արժանապատիւ հիւրը: Ասոր նախանձելով ուրիշ շատեր այլ` մէկմէկէ աւելի կու ջանային ծառայութիւն մ՚ընել Ոսկիբերանի:

Անոնց մէջ գովութեամբ կու յիշէ սարկաւագուհի մ՚այլ Սաբինիանա (Զաւենտ) անուամբ, որ տարիքն առած եւ շատ այլ տկար ու հիւանդոտ էր: Սակայն նոյն իսկ Ոսկիբերանի հոն հասած օրը` եկաւ իրեն այցելութեան, թէ եւ հազիւ կըրնար քալել, բայց երիտասարդի պէս աշխոյժ եւ զուարթ կու խօսեր, եւ կ՚ըսէր Ս. հայրապետին: Եթէ զքեզ Սկիւթացւոց աշխարհն այլ քշելու ըլլային, ինչպէս որ կ՚ըսէին, ինչուան հոն այլ կու գայի քեզի: - Ազնի՜ւ պառաւ, ո՞րքան տարբեր յԵւդոքսիայ սրտէն: - Գուցէ մերազգի էր եւ այն բարեպաշպ եւ ազնիւ Հրահատն, ինչպէս կ՚ըսէ Ոսկիբերան (Ափրաադ կոչելով) որ Դիոգենէս անուամբ մեծի մը կողմանէ ընծանէր բերեր էր առ Սուրբն, եւ երբ սա չէր ուզեր զամենն այլ ընդունիլ: Հրահատ յանձն չէր առնուր հեռանալ անկէ, եւ ոչ իսկ սրբոյն նամակը տանիլ, ինչւան որ բոլոր բերածները չընդունիր. «այնպէս ինծի հետ կապուեցաւ», կ՚ըսէ Ոսկիբերան, եւ կ՚աղաչէ զԴիոգենէս որ այն պար գեւները զրկուին ի Փիւնիկէ ի պէտս նոր հաւատացելոց: Անկէ ետեւ նամակացը մէջ եւ բերնով այլ կու պատուիրէր Սուրբն, որ այլ իրեն ընծայ չխաւրեն, վասն զի ինչուան կանայք իրենց զարդերն ան գամ կու խաւրէին: Ասածներն այլ աղքատաց կու տար, կամ գերիները ազատելու յԻսաւրացւոց: Իսկ ինքն իր գերութեան ատեն աւելի շատ բարեկամ ունեցաւ քան յազատութեանն:

Արդ ասոնց եւ նմանեաց խնամոք եւ սիրով` եւ օդոց լաւութեամբ շուտով վրայ դնելով պանդուխտ Խօսնակն մեր. կըրցաւ դուրս այլ ելնել, եւ բնութեան աստուածատուր եւ աննախանձ գեղեցկութիւնը եւ կենսատու շունչը վայելել: Դեռ սեպտեմբեր ամիս էր, տաքերն մեղմացած զուարճալի աշնան եղանակն կու տիրէր բարձրադաշտակաց վրայ, հովտաց եւ լերանց ծմակաց եւ ծործորաց մէջ, ուսկից դեռ քաղցրաշարժ կրկըջանօք կ՚իջնէին արծաթափայյլ առուակք, կու հնչէին առապարասէր թռչունք, եւ ծաղկէին զանազան գունով վայրենի ծաղիկքն, իբրեւ անխռով եւ անմեղ խաղաղութեան մը մէջ. «Միայնութի՜ւն խաղաղութիւն, անդորրութիւն բազում եւ մարմնոյ կազդուրումն». զգաց, կանչեց, գրեց Ոսկիբերան: Տեսաւ եւ յիշեց անշուշտ իր երկնաւոր վարդապետին ցուցած եւ ըսածը, զոր եւ ինքն իսկ երբեմն մեկնաբանած էր, «զառաւելութիւնն… գեղեցկութեանն, զոր տուեալ է շուշանացն վայրենեաց… Եթէ Սողոմոն պարտեցաւ ի գեղեցկութենէ նոցա, յամենայն… ի փառս իւր, յայտ առնէ թէ յամենայնիսկ ի թագաւորութեան իւրում այնպիսի ինչ ոչ զգեցաւ. եւ ոչ եթէ ի միոյ ծաղկէն պարտեցաւ եւ միւսումն նմանել կարաց, այլ յամենեցունց միան գամայն յաղթեցաւ. վասն որոյ եւ ասէ իսկ, եթէ Ոչ իբրեւ զմի ի նոցանէն… Զի՞նչ նուազագոյն քան զայն կայցէ, զի որ այսօրն իցէ եւ վազիւ չիցէ, եւ յայնմ եւս զայնպիսի պայծառութիւն ցուցանիցէ: Զի որ խոտոյն` որ չէ ինչ ի պէտս եւ ճարակ հրոյ, զայնպիսի գեղեցկութիւն շնորհեցաւ զիարդ ոչ քեզ` որ ի պէտս հաստատեցար, տայցէ զամենայն պէտս… ո՞րչափ եւս առաւել զքեզ` որ քան զամենայն ինչ պատուականագոյն ես, ամենայն պիտոյիւք պատուիցէ»: Այն որ այսպիսի խորհրդածութեամբ կու խրատէր երբեմն իր ժողովուրդը, ո՞րչափ աւելի խորհրդածէր հիմայ տեսնելով այս վայրենի ծաղկըները` իրենց պարզ եւ գերսողոմոնեան գեղեցկութեամբն` այն բացավայր առանձնութեաց մէջ, որոց ինքն իսկ էր ամենէն աւելի միայնացեալ անձն, միան գամայն եւ ամենէն աւելի զանոնք լեցընողն` իր աստուածափառ ներկայութեամբ:

Այսպէս զգործս եւ զխորհուրդս Աստուծոյ տեսնելով եւ նկատելով հիացմամբ յանպատրուակ դէմս բնութեան: Ոսկիբերան գրեթէ չէր իմանար եղանակին յառաջ շարժիլն եւ աշնայնոյն լռիկ հեռանալն. - մինչեւ գրել առ ոմն, թէ ոչ միայն ազատեցաւ Հայաստան յԻսաւրացւոց. (այլ եւ) տեղւոյս ձմեռն մինչեւ հիմայ ամենազուարճ գարնան նմանի»: Եւ ուրիշի մ՚այլ գրելով կու նմանեցնէր Անտիոքայ` իր բնիկ հայրենեաց կլիմային, որոյ արդարեւ թէպէտ նոյն միջօրէին տակն է Կոկիսւոն, այլ գրեթէ 120 մղոն անկէ աւելի հիւսիսագոյն, աւելի բարձրադիր եւ շատ աւելի հեռու ի ծովէ, որով Անտիոքայ ցանկալի ձմեռուան շատ կարօտ կրնար քաշել, ինչպէս որ քիչ ատենէն ինքն այլ զգաց: Մէկ երկու պախրցի հովեր Անտիաւրոսէն փչելով` այլափոխեցին բնութեան կերպարանքը. հասաւ նստաւ թագաւորեց դժնդակ ձմեռն` լերանց եւ դաշտաց վրայ, չորս դին ընդարձակ լայնայատակ բռնած գուր մը նմանեցաւ. միայն երկինք իր գոյնովը կ՚երեւէր վերէն, այն այլ երբ ձեան տարափէ եւ բըքէ ազատ ըլլար: Ոչ այնքան տեսքն եւ ցուրտն, որքան անոնց երկարութիւնն եւ սաստկութիւնն, ստէպ ստէպ կրկնուիլ եւ բարդուիլ տեղատարափոյն, սառանց թանձրանալն, ամեն երթեւեկի դադրիլն, դիւրութեան եւ առողջութեան կարեւորաց պակասիլն, շատ եւ խիստ շատ իմացուց Ոսկիբերանի` իր աքսորանաց եւ աքսորողաց դառնութիւնը: Ամենայն խամք եւ զգուշութիւն բաւական չեղան զինքը ծանր հիւանդութենէ եւ նեղութենէ ազատելու, գրեթէ երկու ամիս միօրինակ յանկողին ընկած մնաց. «Ձմեռն, կ՚ըսէ մէկ թղթին մէջ, սովորականէն ծանր ծագեցաւ, եւ ինծի աւելի ծանրագոյն ստամոքացաւի ձմեռ մը բերաւ. գրեթէ ոչ դիւրագոյն եւ լաւագոյն քան զմեռեալս, այլ թերեւս աւելի գէշ անցուցի այս երկու ամիսները: Լոյսն ան գամ կարօտութեամբ կու գտնէի… ցորեկ, արշալոյս, միջօրէ, ամենն այլ ինծի գիշերուան հաւասար էր, բոլոր օրն այլ անկողնի մէջ գամուած կու կենայի: Թէպէտ եւ շատ տեսակ հնարք գըտնէի` բայց այն դժնդակ ցըրտէն եղած վնասին ճար չէր ըլլար. թէպէտ եւ կրակ կու վառէի եւ մեծ ծուխ կ՚ըլլար, եւ խցկանս մէջ փակուած կենայի, հարիւր զգեստ այլ հագնէի, եւ դռնէս դուրս չելնէի, դարձեալ չարաչար կու տանջուէի: Անկէց սրտիս վերաբերութիւն կ՚ըլլար, գլխիս ցաւ, կերակրոյ անախորժութիւն եւ քնոյ կտրուք, բոլոր գիշերուան երկար անդունդը` տքնութեամբ կ՚անցընէի». եւ այլն:

Այս ձմեռուան փորձն առած` իմացաւ Ոսկիբերան որ իր ճանչցածը չէ եղեր, եւ մէկ խօսքով անոր սաստկութիւնը իմացընելու համար` գրեթէ բաւական կու սեպէ Հայկական ձմեռն ըսելը, այն ձմեռը` զոր ի Մեծ Հայս` Քրիստոսէ 400 տարի առաջ փորձեց Մեղուն ատտիկեան, Քրիստոսէ 400 տարի վերջն այլ հոս փորձեց Խօսնակն եկեղեցւոյ, եւ թերեւս իր խրճթին մէջ աւելի դառն գտաւ հայրապետն, քան զորապետն իր լեռնային ճամբուն մէջ: Անոր համար կու խոստովանի նա մէկու մը գրելով, թէ «Մարմինս եւ ոչ մէկ բանէ այնպէս կու չարչարուիինչպէս ի ցրտոյ, եւ չկայ բան մը որ այնպէս օգտակար ըլլայ ինծի` ինչպէս ամառն եւ տաքութեան զուարճութիւնն»: Ուստի եւ երբ առաջին ան գամ քիչ մը տաք հով փըչեց եւ գարնան նշան մը տեսաւ` ամեն բան փոխուած եւ նորէն կենդանացեալ կարծեց. թէ եւ յայսմ մասին` մեր հայրենեաց եւ Տաւրոյ-Կիւլիկիոյ կլիմայն` շատ մարդասէր եւ քաղաքավար չէ, մանաւանդ ամփորձից, ինչպէս էր եւ Ոսկիբերան. որ եւ դարձեալ անուշիկ գան գատի, թէ «Նորէն օդոց փոփոխութիւնն խռովեց զմեզ. եւ դեռ հոս ձմեռն կու տիրէ. (ըսել է որ ուրիշ տեղ գարունն բաւական առաջ գացած էր) սակայն յուսանք թէ երբ ամառն լաւ մը հաստատուի` հիւանդութեանս մնացորդն այլ անցնի»: Եւ այս բանիս համար, ինչպէս կ՚ըսէ, շատ զգուշութիւն կ՚ընէր:

Այսպէս ցրտով ցաւով անցուց երանելի հայրապետն, եւ Կ. Պօլսոզ պատսպարեալ պալատանց մէջ վարժող փափուկ եւ տկար անձնն ` այս առաջինն ձմեռը, որուն ` ժամանակաւ կամ հարկաւ ` վարժեցաւ. անանկոր երկրորդ տարին կու գրէր. Գրեթէ սովորութեամբ վարժեցայ Հայկական ձմրան այլ. թէպէտեւ ցրտէն շատ կու նեղիմ, ինչպէս որ բնական է ասանկ տկար մարմին ունողին, սակայն կրնամ դէմ դնել, սաստիկ ցրտութեան ատեն տնէն դուրս չելնելով, եւ հազիւ թէ դռնէս դարուս ոտք կու դնեմ »:

Խե՜ղճ Խօսնակ, այսպէս խնամեցին զքեզ կայսերք եւ իշխանք, որք իբր գողնալով եւ բռնի բերեր էին զքեզ ի ջերաշունչ Անտիոքայ` բարձրացնելու ի բեմ տիեզերակալ մայրաքաղաքին եւ ու՞ր քշեցին ու մոռցան զքեզ: - Բայց արդ ուրախ լեր, հանդարտէ, բաց դուռդ եւ ե'լ ի դուրս, ե'լ յաստուածանորոգզբօսարան բնութեան. «Ձմեռն էանց ' ծաղիկք երեւեցան». եթէ խիստ է ձմեռն Կոկիւսոնի, եւ քիչ մ՚երկար բայց մէկ եղանակ մ՚է, եւ յետագայքն աւելի քաղցր կ՚ըլլան: - Ինքինի փորձեց եւ վկայեց զայս, «Մնացեալ տարւոյ մասերն այնպէս զուարճալի եւ անոյշ կու գան ինծի, կ՚ըսէ, որ դիւրաւ կրնամ բոլորովին առողջանալ այն ձմեռուան բերած հիւանդութենէն»: - Ուրեմն ահա քեզի ջերմահօտ եւ անուշահոտ օրեր, ըռընացի'ր, ուժովցի'ր, անբան բնութիւնն` ծլեցաւ ծաղկեցաւ զարդարեցաւ չորս կողմէ: Հապա, ո'վ անխոնջ մշակ Քրիստոսի այ գւոյն, զոր հերկէիր եւ ցանէիր եւ քրտամքդ ոռոգէիր, ո'վ աղբիւրդ եկեղեցւոյ, ե'լ, ե'կ, մշակէ, ոռոգէ, ծաղկեցու փայլեցու այս ամայի անապատ անծանօթ կողմանցս բանաւոր բնութիւնն այլ, որ արդէն աւետաբեր ոտք կոխելուդ` դրդեցաւ, առաւ շրթանցդ ցօղը եւ սրտիդ բոցը: Քու եւ քու նախորդացդ, մեր Սահակայ Պարթեւի եւ իր նախորդացը, երկուքիդ այլ իշխանութեանց այս միջասահման կողմը, այս կորուսեալ Կոկաց գաւառս` նորէն կան գնէ' ի կենաս: Ոչ հեռու յայս կողմերէս` անցաւ երբեմն առաջին պերճախօսն հին աշխարհի, Կիկերոն, եւ հազիւ հպարտութեան համբաւն հնչեցաւ. իսկ քու հեզիկ շնչովդ` Քրիստոս պիտի թագաւորէ հոս: - Խօսէ' մնչէ' մեզի, ով Ոսկիբերան, այս լռանիստ հայկական անապատացս մէջ: … Ահա «Ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում»:

Ոսկիբերան երբեք չմոռցաւ իր բարբառը, նաեւ ինչուան ի յետին շունչ կենացն, միշտ եւ ամեն տեղ անխտիր` ամենուն` իբրեւ անլռելի եւ անդադար պատմախօս Աստուծոյ` քարոզեց սովրեցուց զբանն կենաց: Հիւանդութեան եւ ցրտի ատեններ այլ` կամ ուրիշներու մխիթարական թղթեր կու գրէր, որով ինքն այլ մխիթարուէր, կամ ուրիշ հոգեւոր խրատական եւ մեկնողական գրուածներ, ոչ միայն առանձնականաց համար կամ ապագայից յիշատակ, այլ եւ այն կողմերուն ժողովրդոց եւ քահանայից համար, եւ նաեւ հեռաւորաց: Ասորւոց եւ մանաւանդ Փիւնիկեցւոց կողմանց, ուր քիչ ատենուան մէջ շատ ծաղկեցնել տուաւ զքիստոնէութիւն, եւ շատ եկեղեցիներ կան գնել: Իր ցած ու անծանոթ խրճիթէն եւ աթոռակէն այլ` առանց պատրիարքական հեղինակութիւն բանեցընելու, աւելի կու գործէր եւ կու շահէր, քանզայլ իշխանաւոր հայրապետս ժամանակին: Արդէն երբ ի Կեսարիոյ սահմաններէն անցեր մտեր էր այս լեռնային կողմերու, տեղացի հարք, կրօնաւորք եւ կուսաք ընդ առաջ ելան խնդութեամբ, միան գամայն եւ լալով ու տրտմութեամբ` իրենցմէ հեռանալուն եւ յաքսոր դատապարտուելուն համար. եւ «Աւելի կնտրեոք, կ՚ըսէին, արեւուն ճառագայթներէն զրկուիլ` քան թէ Յովհաննու բերնէն»:

Ինքնին Ոսկիբերան բռնադատուած է զայս խոստովանելու իր մէկ մտերմին: - Արդ այնքան հեռաւորներն ան գամ հոգացողն` կրնար իր մօտիկները զանց ըել:

Այս մօտաւորքս աշուշտ նախ Կոկք էին եւ Կատայունիք, այս ետքիններուս համար մեծ աշխարհագիրն Ստրաբոն կ՚ըսէ թէ Հին կ՚անուանէին ի մէջ Կապպադովկացւոց, թէ եւ լեզունին տարբեր չէր. ես այլ չեմ գիտեր թէ արդեօք հի՞ն Ասորւոց` թէ Գոմերեան Գամրաց սերունդք էին. եւ ոչ իսկ զԿոկս` թէ արդեօք ասո՞նց ազգակից էին` թէ մանաւանդ մեր Արամ նահապետին ատենէն այս կողմերուս հայացեալ ցեղերուն: Ըստ ոմանց Հայ էին, ըստ այլոց` առանց անուան ազգի` կէս բարբարոս եւ հեթանոս ժողովուրդ մը, բաց ի հաւատացեալ Հայոց եւ Յունաց: Այս ետքիններս կերպով մը վաղուց ծանոթ պիտի ըլլային Ոսկիբերանի, վասն զի գրեթէ իր մկրտութեան տարին էր` երբ նահատակեցաւ հոս Ս. Ստեփանոս Ուլնեցի եւ իր մայրն, Կանչի բերդին քով, մօտ ի Կոկիսոն, ուսկից էր հայրենեօք այս վկայուհին` Մարիամ Հայկազն, Յայսմաւուրք մը Ուլնեցւոյն երկու ծնողացն համար այլ կ՚ըսէ թէ «էին ազգաւ Հայն: Արդ ասոր այրն Ղազար` էր հայրենակից Ոսկիբերանի` յԱնտիոքայ, ուսկից արիանոսաց հալածանաց ատեն փախաւ հոս, ուր ապահով էին քրիստոնեայք, եւ ամուսնացաւ ընդ Մարեմայ, Ստեփանոսի նահատակեալ ընկերքն` թէ ոչ ամենն այլ Հայ, գոնէ շատն մերազգի էին, որոց մէջ յիշուի Բագրատունի մ՚այլ, եւ ուրիշ մը Սմբատ անուամբ: Անկարելի կ՚երեւի որ այս իր օրերուն (40 տարի առաջ) եւ գրեթէ հայրենակցացը վկայարանաց` յայց ելած չըլլայ Ոսկիբերան: Մեզի հիմայ քիչ զարմանք չէ մտածելն` թէ ասկէ 1460 տարի առաջ Ոսկիբերան յուխտ գացած ըլլայ ի Զէյթուն:

Թողլով այս հաւատացեալները` դառնանք առ անհաւատսն. Ոսկիբերանի վարուց ընդարձակորէն գրողն այսպէս կ՚ըսէ. «Քանզի հեթանոսք էին բնակիչք տեղւոյն այնորիկ. ուստի ոմանք պաշտէին զկուռս անմռունչս, եւ այլք զփայտս վարսաւորս անտառախիտ ծառոցն, եւ կէսք արե գակնն երկիր պագանէին: Իսկ երանելին Յովհաննէս իբրեւ եհաս անդ` առնէր նշանս եւ սքանչելիս շնորհօք Աստուծոյ. եւ ամենեքեան իբրեւ լսէին թէ ծառայ Աստուծոյ բարձրելոյ է` գային առ նա»: Եւ յետ պատմելոյ զբժշկութիւն մէկ արեւապաշտ ութամեայ անդամալուծի մը «Իբրեւ տեսին ազգն այն զյանկարծահաս եղեալ սքանչելիսն` հաւատային ամենեքեան միաբան յԱստուած յարարիչն երկնի եւ երկրի, եւ մկրտեցան ի նմանէ անթիւ բազմութիւնք ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Հոգին սուրբ, եւ ձեռնադրեաց նոցա եօթն եպիսկոպոս, եւ բազում երիցունս եւ սարկաւագունս, առ ի բաւական լինել հովուել զանթիւ բազմութիւն ժողովրդեանն, եւ սպասաւորել եկեղեցեացն` որ շինեցանն… Եւ ապա մտեալ անդ այր մի ի նոցանէ ըստ շնորհացն Աստուծոյ` որ գիտէր` զհելլենացի ճարտասանութիւն իմաստութեան դպրութեան, եւ պատրաստեաց զնա թար գմանել ի լեզուս նոցա զՆոր կտակարանս, զի ի միտ առցեն զպատուիրանս հրամանացն աստուածաշունչ տառիցն. եւ զՍաղմոսարանն եւս ետ թար գմանել, զի առցեն ի բերան զհոգելից եր գսն Դաւթի` եր գել միշտ յեկեղեցիսն, եւ ապա փոքր ի շատէ եւ զայլ եւս Հին կտակարանսն: Որ եւ ի սակաւ աւուրս առաւել եւս ծաղկեաց եւ պտղաբերեցաւ հաւատք փրկչին մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի պատուիրանաց անտի. եւ միշտ զնային եւ յառաջադէմք լինէին եւ բարիսն, եւ փառաւորէր Աստուած ի բարի գործս նոցա: … Թէպէտ եւ վշտացաւ թագաւորական քաղաքն ընդ արտասահմանութիւն ճշմարիտ հովուին իւրեանց, սակայն ուրախացաւ ժողովուրդ մի մեծ ընդ գիւտ ճշմարիտ լուսոյն»:

Այս պատմիչս խօսքերէն եւ Թէոդորետեայ մէկ խօսքէն, կու հաւանին եւ կու հետեւցընէն շատ եւրոպացի Սուրբ գրոց հմուտ բանասէրք ԺԶ եւ ԺԷ դարուց, որ Յովհաննէս Ոսկիբերան առաջին հեղինակ ըլլայ հայերէն թար գմանութեան աստուածաշունչ գրոց, մանաւանդ նոր կտակարանաց եւ սաղմոսաց, եւ գրեթէ հասարակաց էր այս կարծիքս` քանի որ մեր ազգային Ս. Թար գմանչաց պատմութիւնն անծանօթ էր Եւրոպացւոց, անանկ որ ոչ միայն Ս. գրոց թար գմանութեան, այլ եւ հայերէն այբուբենի գտիչ` Ոսկիբերան կու սեպուէր յոմանց: Մինչեւ այսօր այլ Հռովմայ Վատիկանու գերահռչակ գրատուն դահլըճին մէջ, ուր ամենայն ազգաց գիր հնարողաց պատկերքն կան, իբրեւ հայերէնի գրագիւտ կան գնած է Ոսկիբերան, հայ այբուբենն գոթացի ձեւով մը վրան գրած: Ուրիշ կողմանէ մեր պատմչաց մէջ այլ կայ յիշատակ հին թար գմանութեան մը Սաղմոսաց. «զոր հանապազ ի բերան ունին», կ՚ըսէ Թովմա Արծրունի, ուրիշ Կոգացի կամ Խութեցի լեռնաբնակաց համար: - Եթէ Կոկացիք Հայք էին` ըստ շատ հաւանութեան, գրեթէ տարակոյս չիմնար Ոսկիբերանի ջանքով հայերէն թար գմանութեան մը Ս. գրոց` ըստ մասին. վասն զի եւ նոյն քրիստոսասէր Սուրբն էր` որ Գթաց եւ Սկիւթաց մէջ այլ կու ջանար տարածել զաւետարանն, եւ ինքնին թար գմանաւ կու քարոզէր անոնց ի Կ. Պօլիս:

Գրասիրաց թողլով հետաքննել այս բանասիրական խնդիրը, չեմ կրնար հոս չյիշեցընել քեզի, Հայկակ, այս Ս. Ոսկիբերանի եւ մեր Ս. Մեսրովպայ ըրած կամ ընծայուած գործոց զարմանալի կամ նախախնամական զու գակցորդութիւնը: Ծանօթ է քեզի թէ ի՞նչ ջանք ըրած է մեր դպրութեան վարդապետն` հայերէն գիր հնարելու եւ սուրբ գրքերը թար գմանելու, գիտես այլ որ այդ հայերէն գրերը` աստուածային իմն շնորհոք գտաւ կամ հնարեց յամին 406, մինչեւ նոյն եւ նախընթաց տաին` Ոսկիբերան զԿոկիւսոն լուսաւորէր: Երկու մեծարոց լուսաւորք, թերեւս անծանօթք իրարու, որոց մէկն Հայաստանեաց աշխարհին ամենէն արեւմտեան հարաւային ծայրերը (Տաւրոկիւլիկա) լուսաւորէր, մնացեալ հեթանոսութեան հետքը ջնջելով, միւսն (Մեսրովպ) այն աշխարհին ամենէն արեւելեան հիւսիսային ծայրերը` նոյն բանը կ՚ընէր (ի Սիւնիս, յԱղուանս եւ ի կովկասեան Մազգութս), եւ երկուցն այլ գրեթէ մէկ ժամանակի մէջ, մինչդեռ սուրբն Սահակ կայր եւ ծագէր ի միջնաշխարհին: - Այն ի՞նչ զարմանալի գերելեկտրեան լուսացայաք էին երկու բացարձակ սահմանաց Հայոց, ի դրանց Կիւլիկիոյմինչեւ ի դուռն Հոնաց, (իբրեւ 600 մղոն իրարմէհեռու) որ մեր հայրենեաց վրայ ցոլացընէին երկնից մեծագոյն շնորհքը: Ո՜րքան առատաձեռն եւ մեծագործ եղած է Նախախնամութիւնն ի վրայ մեր Հայ ազգիս եւ աշխարհիս: Ո՜րքան օգտակար եղած է ընդհանուր Եկեղեցւոյ` իր քաջաձայն Խոսնակն` իր արտասահմանութեան ատեն այլ, քան մասնաւոր յունական եկեղեցւոյ մեծ վիճակի մը: Եւ ո՜րքան երախտապարտք եմք մեք Հայք` Աստուծոյ եւ իր հռչակաւոր քարոզին` այս այցելութեանս համար: Ո՜րքան այլ երախտագէտ պէտք է ըլլան Յոյնք եւ համօրէն հաւատացեալք` մեզի, եւ մեր հարց հիւրընկալութեանն, սիրոյն, պատւոյ եւ մեծարանաց առ Ոսկիբերանն:

Եւ նոյն ինքն մեծահոգին այն` արդեօք չէ՞ր եւ չէ՞ իսկ ճանաչող եւ յար գող այսպիսի ազնիւ զգացմանց` զոր գտաւ ի Հայս: Վկայեն իր ժամանակակից պատմիչքն (Պալլատիոս եւ Սողոմեն), հոս այլ զմերայինս միայն յանուանէ յիշելով, թէ «Յոյժ սիրելի էր Նա Հայոց` յորոց միջի բնակէրն, եւ այլոց եւս մերձաւորաց»: Այլ արդեօք սիրուէ՞ր առաւել թէ սիրէր: … Իր նամակաց մէջ շատ հեզգովութեամբ եւ գորովանօք կու յիշէ ի տեղացեաց գտած մարդասիրութիւնը, որոց ինքն այլ փոխարինեց հոգւով եւ սրտով եւ ոսկի բերնովն. այլ եւ մարմնաւոր հօր պէս պաշտպանելով. - գերեթափ ընելով ի գերչաց. առատ ողորմութեամբ առ տնանկս, եւ սովու ատեն (որ նոյն տարիները պատահեցաւ այն կողմերը) շատերը կերակրելովիր ընդունած պար գեւներով եւ ստակներովը: Ճշմարիտ հայր եւ լուսատու եղաւ այս տեղացի մերազգեաց, որպէս եւ օտարաց, լրացուցանելով զարդիւնս եւ զփառս իրմէ դար մ՚առաջ մեր Հայոց Մեծաց անմահ Լուսաւորչին Գրի գորի:

Գիտէր Ոսկիբերան որ Հայոց ազգն արեւելքի մէջ առանձին եկեղեցի եւ գլուխ մ՚ունէր, առանձին լեզուաւ եւ սովորութեամբ եւ քաղաքական վարչութեամբ. այլ մերձաւոր եւ յարակից Յունաց` դրակցութեամբն ու դաշնակցութեամբք, անոնց նախագահական աթոռին երբեմն հպատակութեամբ ի ձեռնադրութեանն, եւ նոյն իսկ դեռ անոնց (յոյ) լեզուով եկեղեցական սուրբ պաշտամունքը կատարելով, - գիտէր որ այն ատեն արեւելեան ազգաց ամենէն մեծ եւ կար գաւորեալ եկեղեցեաց մէկն էր Հայոցն, գիտէր որ հարիւրաւոր եպիսկոպոսներ ունէին եւ եպիսկոպոսապետ` զմեծն Սահակ Պարթեւ` զթոռնորդի թոռան Ս. Լուսաւորչին, զոր թերեւս անձամբ այլ ճանչցեր էր. - գիտէր որ լեզուի եւ ծիսի իրաւամբք` ամենայն Հայք անոր վիճակ եւ հօտ էին. բայց այն ատեն քաղաքական օրէնք զՓոքր Հայս զատեր եւ Կ. Պօլսի կայսերաց իշխանութեան տակձ գեր էին, թողլով զՄեծ Հայս իրենց բնիկ թագաւորին, որ էր բարեացապարտն Վռամշապուհ: - Գիտէր որ Պարսից արքայից արքային նախանձու եւ վախին համար` մեծ զգուշութիւն պէտք էր Հայոց, (նաեւ թագաւորին եւ հայրապետին) ի հաղորդելոյ կամ մտերմութիւն ցուցընելու Յունաց հետ, անով առ ժամանակ մը Փոքր Հայք` նաեւ ըստ եկեղեցական վարչութեան (յիրաւի կամ անիրաւի) Յունաց պատրիարքութեան տակ ընկած էին, (Կեսարիոյ նախագահին վիճակեալ). - գիտէր եւ Ս. Սահակ քաջ քաղաքավարութիւն, միան գամայն եւ ճանչէր զանձինս եւ զժամանակն, եւ իրեն մեծ ուրախութիւնեւ պատիւ սեպէր Ոսկիբերանի պէս հովուապետի մը հեռաւոր կամ մերձաւոր խնամոց տակ մնալն իր սեպհական հօտին մէկ մասին. զօր յետ մահուան նորա` (անոր յաջորդաց ոգին ճանչնալով) պահանջեց ի Թէոդոս կայսերէ եւ յԱտտիկոսէ պատրիարքէ, եւ ստացաւ, սկսաւ հովուել անձամբ այցելութեամբ եւ քարոզութեամբ իր հոգեկիր աջակցին` Ս. Մեսրովպայ: Իսկ այս ատեն վասն վերոյիշեալ քաղաքական զգուշութեանց, եւ կամ իրարու վրայ ունեցած վստահութեան, Ոսկիբերանի եւ Սահակայ մէջ մասնաւոր թղթակցութիւն մը չի գտուիր, եւ ոչ այլ ուրիշ Հայ եպիսկոպոսաց` յայտնապէս, թէ եւ շատ հաւանական է որ Ոսկիբերանի քանի մը թղթերն գրուած ըլլան առ մերազգի եպիսկոպոսունս եւ երիցունս Փոքր Հայոց, որոց անուանքն կամ յունական են, կամ յունարէն թար գմանեալ (ինչպէս Ելպիդիոս` Յուսիկ, Ա գելփոս` Եղբայր, Իսրդիուս` Տօնիկ եւ այլն) եւ կամ աւելի Հայոց քան Յունաց մէջ գործածականք են, ինչպէս Մալքոս, Մովսէս, եւ այլն. յորոց ոմանք այլ անշուշտ Ասորիք են: Ապա թէ ոչ` անհաւատալի կ՚ըլլայ թէ աքսորանաց տեղէն ինչուան Փիւնիկիոյ եւ Արաբիոյ, Պարսից եւ Գթաց եկեղեցեացհամար հոգացողն` իր ամենէն մերձաւոր եւ ընդարձակ եկեղեցւոյն տեսչաց հետ վերաբերութիւն չունենայ. մինչդեռ անոնց բնական վիճակին մէկ մասին մէջ` գրեթէ անձամբ հովութիւն, հայրութիւն եւ վարդապետութիւն ընելով, կու բովանդակէր Լուսաւորչի գաւազանին շրջաբոլորը:

Աւելի անակնկալ կերպով մ՚այլ մեծարեց եւ հռչակեց Ոսկիբերան զԼուսաւորիչն Հայոց, այն լեզուով` որով երբեմն իր առաջին եկեղեցւոյն Ս. հովիւները ներբողեր էր, զԻ գնատիոս, զԲաբելաս եւ զՄելիտոս. միան գամայն մեծարու եւ երախտագէտ ըլլալով` թէ մեծին Գրի գորի եւ թէ անոր պայազատ եւ իր ասպնջական Դէոսկորին. վասն զի ասոր խընդրանօք գրեց եւ խօսեցաւ «Ներբողեան, ասացեալ յաղագս վարուց եւ նահատակութեան Գրի գորի Հայոց Մեծաց հայրապետի ի Կոկիսոն Հայոց, մինչ յաքսորանս էր (Ոսկիբերան), ի խնդրոյ Հայազին որումն եպիսկոպոսի եւ վարդապետի համազգւոյ նորին` Դիոսկորոս անուն կոչեցելոյ, եւ այլ եւս յոգնախումբ բազմութեան, որք ժողովեալ էին յաւուր յիշատակի մեծահռչակ տօնի նորին սուրբ Լուսաւորչին արեւելեան աշխարհին»: Այսպիսի է վերնագիր ճառին, որոյ յիշատակարանն այլ արժան է գիտնալ. «Ի թուականիս ՇՂ (1141) թար գմանեցաւ ճառս ի յունականէն ի մերս, ի ձեռն Աբրահամու Ղրամատիկոսի, ի հին եւ յեղծ օրինակաց. իսկ յարմարեցաւ ըստ բանից դպրութեան եւ բառից` յիմոյ նուաստութենէ Ներսիսի (Կլայեցւոյ), հրամանաւ տեառըն իմոյ եւ հարազատի` Գրի գորիսի Հայոց կաթուղիկոսի»: Արդ այս ճառս որոյ սկիզբն է, «Հրաշալի է մեզ տօնս այսօր, եւ պայծառագոյն քան զսովորականն` չարագրութիւնս», զոր Շնորհալին եւ այն յոյն վարպետ գրագէտն գտան Ոսկիբերանէն 740 տարի ետեւ` հին եւ եղծ օրինակաց մէջ, եւ անտարակոյս ճանչցան, հիմայ չի գտուիր հեղինակին մնացեալ յունարէն գործոց մէջ: Ասոնց հրատարակող մեծարդիւն եւ քննադատ աբբայն Մոնֆոքսն` անցեալ դարու մէջ` տարակուսած կարծուի ասոր վաւերականութեանը վրայ, թերեւս եւ այլք անոր պէս: Բայց անշուշտ այնպէս չէին ըներ` եթէ նախ ճառին վերնագիրն եւ յիշատակագիրը քննէին, եւ յիշէին Ոսկիբերանի ըրածները ի Կոկիւսոն, եւ իր հոն հիւրընկալուն` Դիոսկորոսը , որոց համար Մոնֆոքսն այլ անհաւան չիսեպեր Ոսկիբերանին ճառախօսութիւնը, այլ զճառը` երկրայելի եւ անարժան անոր գրչին. եւ իրաւունք ունի: Վասն զի իր կարդացած եւ հրատարակած ճառը (զոր ի լատին թար գմաներ է հայագէտ երէցն Վիլըֆռուա), ոչ է այս մեր ըսած Հրաշալի ճառս, այլ ուրիշ մը` Աստուածազարդից արանց սկզբնաւորութեամբ, որ թէ եւ ձեռագրաց ոմանց մէջ Նորին Յովհաննու Ոսկիբերանի անուամբ գրուած է, բայց ոչ ոճն եւ ոչ ուրիշ վկայութիւն մը կու ճշմարտէ զայն: Ըստ դիպաց` գաղղիացի բանասէր աբբայք անհարազատ ճառին գլուխը դրած գտեր են հարազատին վերնագիր, եւ շփոթեր են. որոյ տեղ եթէ այս ճառս գըտած ըլլային` անշուշտ բնաւ չէին տարակուսիր Ոսկիբերանի ըլլալուն. որոյ լեզուին եւ սրտին եւ դիպուածոց յարմար` շատ խօսք կան մէջը: Յառաջաբանութեանը մէջ կու յուսայ Լուսաւորչին մեծախոհութենէն` որ ընդունի «ըզդուզնաքեայ ընծայաբերութիւնս է տկար մարմնոյ եւ բազմադիմի վշտօք պաշարեալ անձնէ». յետոյ թուելով անոր անթիւ արդինքն եւ արժանաւորութիւնը` կերպ կերպ գովէ, Աբրահամ նահապետին եւ նոր օրինաց սրբոց հետ համեմատելով, կ՚անցնի ի վիրացին համբերութիւնը. եւ անկից կու սկսի պատմել Հռիփսիմեանց եւ Տրդատայ դէպքը, Գրի գորի հանուիլն ի վիրապէն եւ բժշկելն զպատուհասեալսն յԱստուծոյ, եւ քարոզել զճշմարտութիւն Քրիստոսի. ըստ ախորժելոյ հայկական լսելեաց յերկարելով այս բաներս:

Բայց երբ կու հասնի Հայոց խնդիրքին առ Գրի գոր` իրենց քահանայապետ ըլլալու համար, եւ ասոր նախ խոնարհութեամբ հրաժարելուն, ապա հարկաւ յանձնառութեանը, Ոսկիբերան իր անձին եւ ժամանակին դէպքերէն դրդած չիկրնար չկանչել. «Զայնպիսին գովեմ ես հովիւ, զայնպիսին վերակացու, զնորայն ողջունեմ զտկարութիւն, զնորայն ընդունիմ զհեղ գութիւն, զի ոչ նա զհետ պատուոյն, այլ զհետ նորա պատիւն ընթանայր, ոչ խնդրէր զփառսն, այլ խնդրեալ լինէր ի փառացն, այնպիսին վայելէ քահանայապետ` ըստ Պօղոսի, սուրբ, անմեղ, անարատ, զատեալ եւ մեղաւորաց եւ բարձրացեալ քան զերկինս: Զի որ այնպիսի ոչ լինիցի` ոչ հովիւ ուրեմն կոչի, այլ գող եւ աւազակ եւ գայլ ապականիչ օձտելով զհօտն Քրիստոսի, ըստ որում եւ առ միզ իսկ երեւէցան հակառակողք ճշմարտութեան. Վասն որոյ` եթէ հաճոյ թուեսցի, պարտ եւ ժան է նախ եւ առաջին անցանել առ այնպիսին բանիւ, եւ ապա զերանելի հօրս մերոյ աւարտել զներբողական ճառս: Հովուապետի է ատեանս, քահանայապետի` տօնախմբութիւնս, պարտ է զատանել զգայլսն ի հովուաց եւ առ նորա փառացն պատիւ` սակաւ ինչ եւ զմերս յիշատակել զվիշտըս… Քանզի տեղի տալն երանելի հօրս մերոյ` ի խորս բանից արկանէ զմեզ». եւ այլն: Այս ըսելով կու սկսի ի բանից Քրիստոսի, եւ առաքելոցն Պօղոսի, Պետրոսի եւ Յովհաննու` ցուցընել, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ ճշմարիտ հովիւ, եպիսկոպոս. եւ ի՞նչ կ՚ընեն անարժան հովիւք, աշխարհասէրք եւ արծաթասէրք, եւ դարձեալ թէ ի՞նչպէս պէտք է որ առաքինիք համբերեն իրենց դէմ հալածանաց եւ վշտաց, օրինակաւ իրենցմէ առաջ հալածելոց, եւ այլն: Այսպիսի սրտառուչ եւ խրատական խօսքեր գրեթէ ճառին քառորդէն աւելին կու բռնեն, եւ աւելի հովուաց քան հօտին վերաբերելով` կրնանք կարծել` թէ այս մասս խօսած չէ հանդիսին մէջ, այլ գրած կամ յետոյ յաւելած: Անկէ ետեւ դարձեալ կու յիշէ Լուսաւորչին աշխատանքը եւ ի լերինս առանձնանալը. «Թագուցանել զանձնն ի մարդկայինս տեսութենէ. զի մաքրապէս անդանօր եւ աննիւթաբար` աննիւթականին հանդիպեսցի տեսութեանն Աստուծոյ»: Եւ հոս կ՚աւարտէ Լուսաւորչի պատմութիւնը, ամենեւին չյիշելով անոր երջանիկ փոխման աւանդութիւնը եւ մարմնոյն գիւտը. - վասն զի դեռ երկուքն այլ չէին յայտնուած, որպէս յետոյ. եւ այս այլ կրնայ վկայ ըլլալ ճառիս հնութեանը: Յետոյ դարձեալ ներբողելով զՍուրբն, չի մոռնար անոր բնիկ հօտն այլ գովելու. «Մինչեւ ցայժմ իսկ` որ ըստ օրէ ի լաւագոյնսն յառաջանան ընտրեալ նորայն ժողովուրդ եւ վիճակ»: Պանծալի՜ գովութիւն արդիւնք գործակցութեան ջանից որդւոց Ս. Լուսաւորչի, եւ դեռ գործող Ս. Սահակայ:

Յետ ամենայնի Ոսկիբերան իր վիճակին յարմար եւ սրտառուչ կերպով կնքէ խօսքը, դարձնելով առ Ս. Լուսաւորիչն մեր. «Աղաչեմ, կ՚ըսէ, ո'չ եւս մեկուսանալ հոգեւորական այցելութեամբ առ ի մէնջ, այլ յիշել զմեզ անմոռաց… զի եւ մեք զպատահումն սակաւագոյն վշտացս` համբերութեամբ կատարեսցուք… եւ քոյին, վշտաբեր նեղութեանցս յիշատակաւ` ի մերումս մխիթարեալ սփոփեսցուք: … Զի եւ ես նուազեալ ի զօրութենէ անդամոց, տկար գոլով մարմնով եւ վշտագին անձկութեամբ, մանաւանդ բռնադատեալ սիրով ի քո համազգեաց, ի քում վիճակիս, նշանակ սիրոյ հատուցի քեզ ընծայ ջերմագոյն սրտիւ: Զի ահաւադիկ նուիրեալ եմ եւ ես յայսմհետէ լքանել զկեանս զայս տաղտկալի, եւ լինել ընդ Քրիստոսի, թերեւս անդանոր հանդիպեսցուք միմեանց զուարճալի եւ գեղեցկագոյնհանդիպմամբ բնակցելով ի միասին մշտնջենաւորապէս. եւ արժանաւոր լինել երանաւէտ խոստամանցն. որոց լիցի ամենեցուն մեզ հասանել ի Քրիստոս Յիսուս ի տէր մեր», եւ այլն: - Ոսկիբերանի ամենէն սրտաշարժ խօսքերէն մէկն է այս վերջաբանս, եւ թերեւս ամենէն աւելին, խոստովանութիւն մը` զոր կու ջանար լռելու իր թղթոց մէջ, եւ զոր հոս համարձակի` առաջի Աստուծոյ եւ իր բազմաչարչար նահատակին, ու անոր արեան քրտանց գին աննախանձ եւ անկասկած ժողովրդեան մը: Կ՚երեւի այլ որ իր կէս հիւանդութեան ատեն խօսած է, եւ թերեւս վերջին տարին: Անշուշտ իր յետին ոսկեղինիկ եւ զգայուն գրուածոց մէկն է սա. մի ի վերջին ձայնից կամ եր գոց Խօսնակին եկեղեցւոյ` հնչեցեալ յանապատս Հայոց, ի սէր նոցին իսկ Հայոց եւ ի պատիւ Լուսաւորչի նոցին: Քարանձա'ւք Կոկաց, արդեօք կու կրկնէ՞ք դեռ այդ հրաշալի ձայնը, որ զերկուքն այլ յանմահութիւն կու խառնէ, զձայնեալն` Գրի գոր, եւ զձայնողն` Յովհաննէս, զԼուսաւորիչ եւ զՈսկիբերան: …

Եթէ աւելորդ պարծանք չէ, կու համարձակիմ ըսել, թէ Ոսկիբերան կանուխ եւ շատ հին պարտք մ՚ունէր Լուսաւորչայ ժողովրդեան եւ վիճակին. իր բնատուր հանճարով եւ Անտրակաթ ու Լիբանիոս սոփեստիսից ջանքով ոսկէզօծեալ շրթունքը` եկեղեցւոյ Խօսնակ ըլլալու վարժեցընողն` Պօլիքտոսի հայրենակից եւ բնիկ ազգաւ Հայ մ՚էր, նուիրեալ եւ մեծահաւատ անձ մը, - Ս. Մելիտոս հայրապետն. որ տեսնելով զՅովհաննէս (18 ամեայ պատանի) լցեալ հռետորական շնորհօք եւ գիտութեամբք զարդարեալ, բայց տարակուսեալ երկնից եւ երկրի որոշիչ ճամբուն վրայ, ճարտար սիրով իրեն քաշեց, երեք տարի քովհ պահելով` բացաւ, ցըցուց, սովրեցուց իրեն Քրիստոսի բարձր եւ վսեմ իմստասիրութիւնը, անոր Հօր յաւիտենական գաղտնիքը, եւ Հոգւոյն` հրեղէն լեզուն. եւ երբ անոնց լիուլի ընդունակ տեսաւ` մկրտեց զՅովհաննէս (21 տարուան), եւ իր Անտիոքայ մեծ եւ նախաքրիիստոնեայ եկեղեցւոյն` Գրակարդաց ձեռնադրեց: Այսպէս, մինչ Ասորին հայր` Յոյնն մայր` եւ արտաքին դաստիարակ եղան, Հայ մը եղաւ վերածնող եւ դայեակ հոգւոյն եւ սրտին Ոսկիբերանի, զորս ինքնին յետոյ կրթեց եւ զարդարեց աստուածային շնորհօք, Անտիոքայ լերանց ճ գնաւորաց խորշերուն եւ իր քարայրին առանձնութեան մէջ:

Հոս անցողաբար յիշենք, որ այն ատեն երբ յետ վեց կամ եօթն ամաց դարձաւ Յովհաննէս ի լերանց` այլափոխեալ կերպով մը, մարմնովն` նուազեալ, ցամաքեալ, ճ գնեալ, եւ ճնշեալ, իսկ հոգւովն եւ մտօք լուսափայլեալ եւ հմտացեալ գիտութեամբ աստուածայնոց, զորս եւ արդէն գրուածովք այլ յայտնել սկսեր էր, Ս. Մելիտոս գրկաբաց ընդունեցաւ իր հոգեսուն սանը, եւ նորէն եկեղեցւոյն պաշտօնեայ ընելով` լսեցուց անոր ընթերցուածները. իսկ երբ ինքն հանգեաւ ի տէր յամի 381, իր յաջորդն Փլաբիանոս` սարկաւագեւ քահանայ ձեռնադրեց, եւ իրեն օգնական ըրաւ, նաեւ տեղակալ եւ քարոզիչ, թէ իր բացակայութեան ատենն եւ թէ մօտ ըլլալուն. ինչուան որ յետ 12 (կամ աւելի տարւոյ) տրտմութեամբ եւ խնդութեամբ ստիպուեցաւ բաժնուելու անկէ, թողլով որ երթայ իրեն պատուակից եւ աթոռակից եւ աւելի այլ բարձրագահ ըլլայ (ի Կ. Պօլիս): Եւ երբ ասկից քշեցին զՍուրբն` դեռ ողջ էր Փլաբիանոս եւ ցաւօք լսեց զայն. եւ ինչպէս կու վայլէր իր առաքինութեանն եւ մեծութեանն` մերժեց Թէոփիլեանց հրապոյրքը, եւ գրեց այլ Կ. Պօլսի ժողովրդեան` որ հաւատարիմ մնան իրենց արժանաւոր հովուին. անոր համար Ոսկիբերան այլ կ՚աղաչէր եւ կու պնդէր` որ առանց Հռովմայ քահանայապետին եւ Անտիոքայ ու Երուսաղեմի պատիարքաց` իրեն վրայ դատաստան չընեն: Ձայնը չլսեցին, կամ ջանային չլսել. աքսորեալ հայրապետն մօտեցաւ տեղեաւ իր հայրենեաց եւ զինքը քահանայ ձեռնադրող ծերունի հօրը աթոռոյն, ի՜նչ ցաւ եւ ի՜նչ մխիթարութիւն երկուքին այլ: Բայց աւելի եղաւ ցաւն Յովհաննու. վասն զի հազիւ տեղաւորուած իր պանդխտութեան մէջ. եւ դեռ չսկսած թղթակցիլ իր նահապետանման հորը հետ, լսեց անոր վախճանը: Այլ աւելի դառնակսկիծ եղաւ ցաւն` երբ այն առթիւ Անտիոքայ եկեղեցւոյն մէջ այլ շփոթ ընկաւ. եւ անարժան քահանայ մը (Պորփիւր) հայրապետական աթոռը գրաւեց. ողջամիտք տխրած` յետ քաշուեցան. շատերն բոլորովին հեռացան զԱնտիոքայ, շատեր` քահանայք եւ ժողովուրդք` իբրեւ ուխտի եւ մխիթարութեան` սկսան դիմել առ Յովհաննէս ի Կոկիւսոն, ցանկալով անոր քարոզութեան հին օրերը յետ դարձընելու, եւ եթէ կարելի ըլլա` նորէն զինքն իր հայրենիքը բերելու` իրենց զիրենք նոր յաշխարհ եկած պիտի սեպէին: Զարհուրեցան թշնամիքն, կ՚ըսէ Ոսկիբերանի հաւատարիմ եւ կենակից կենսագիրն: Տեսանելով զի Անտիոքայ եկեղեցին ի Հայս փոխաբերեալ լինի, եւ անտուստ դարձեալ որպէս թէ յԱնտիոք ընթանայ` հռչակ զուարթաբար իմաստասիրութեանն Յովհաննու»: Կամ ինչպէս ուրիշ մը կ՚ըսէ. «Գրեթէ ամենայն կողմանքն այնոքիկ Հայաստանեայց, եւ անտի մինչեւ ցԱնտիոք եւ ի Կ. Պօլիս հռչակ հարկանէին զիմաստութիւն նորա, եւ ի բերան առեալ զնորա վարդապետութիւնն` գովելի եւ փառաւոր յամենեցունց բերանոյ լինէր նա»: Շատ թղթեր ունի գրած յաքսորէն առ Անտիոքացիս, մանաւանդ առ քահանայս, յորդորելով միշտ ի համբերութիւն եւ ի խաղաղութիւն, զգուշաւոր խրատներով. զնոյն կ՚ընէ եւ ուրիշ թղթոց մէջ առ զանազանս. միշտ ջանալով հակառակողաց առիթ չտալ, նախանձնին չ գր գռել ստէպ. այլ կու պատուիրէ մտերմացն` որ չհռչակեն իր քաշած նեղութիւնները, թէ եւ օտարք խօսելու այլ ըլլան:

Սակայն այս բանս անկարելի եղաւ, եւ էր, ոչ իր վիշտերն եւ փառքն պակսեցան եւ ոչ այլ թշնամեաց նախանձն, իր եռամեայ պանդխտութեան մէջ, զոր մեծաւ մասամբ անցուց հեռաւոր աշխարհաց մէջ այլ քրիստոնէութեան ծաւալմունքը հնարելով, թղթեր գրելով, ինչպէս շատ հեզ ըսի, եւ առանձին հոգեւոր եւ խրատական գրքեր եւ ճառեր, որոց համար բաւական թուղթ կամ տախտակ չէր գտնէր, եւ այս էր իրեն ամենէն մեծ կարօտութիւնը: Սրտի եւ բերնին համեմատ ձեռքն այլ ժիր եւ անխոնջ էր, եւ չէր կրնար անոնց բաւական ճարակ եւ դաշտ գտնել:

Իր հոն եւ վերջի գրուածոց մէջ` յայտնի եւ նշանաւորներէ, իր աննման ձայնին եւ գրչին վերջին ճռինչներէն, ու քրիստոնէական իմաստասիրութեան գերագոյն արտադրութիւններէն մէկն է ճառ մը, թէ Ոչ ոք վնասի` եթէ ոչ յանձնէն, այսինքն թէ ոչ ոք կրնայ ուրիշ ստոյ գվնաս մը հասցընել, թէ որ անիկայ առաքինօրէն համբերէ. ստոյ գվնասն` միայն մեղք եւ անհամբերութիւնն է: Երկրորդ մ՚այլ է գիրք մը առ ժողովուրդն Կ. Պօլսի, անոնց` որ գայթակղեր էին արդարաց հալածանաց եւ անիրաւաց յաջողութեան վրայ. - երկայն եւ ընդարձակ խօսքերով եւ օրինակներով կու բացատրէ առջի ճառին մէջ ըսածներէն զատ` Աստուծոյ նախախնամութեան զարմանալի եւ անքննելի ճամբաները, վշտաց եւ հալածանաց օգուտները, եւ նոյն իսկ գայթակղութեանց` որոց թոյլ տայ Աստուած, եւ թէ ո՞րչափ մեծ պիտի ըլլան վարձք հալածելոց եւ վշտացելոց, եւ ի՞նչ վերջ կ՚ունենան հալածիչք եւ անիրաւք: Այս երկու, ինչպէս ուրիշ գրուածոց մէջ այլ, կու փայլէ հաւասար ճարտարութիւն խօսից եւ մեծութիւն հոգւոյ Ոսկիբերանի, եւ իր անհամեմատ տիրութիւնն սրտին վրայ:

Գրեթէ կենաց յետին տարին, լի տառապանօք եւ զրկմամբք, տեսնելով իր աթոռը ապօրէն բռնաբարողաց որս եղած, գրեթէ իր վախճանը քիչ հեռի տեսնելով, եւ դեռ անխռով` կու գրէ, կու ջանայ ուրիշներուն սիրտը հանդարտել, մխիթարել, շինել, առանց ամենեւին իր քաշածները յիշելու տրտմութեամբ կամ դառնութեամբ, առանց վրէժխնդրութեան, առանց գան գատի եւ անհամբերութեան կամ շփոթութեան մը. վասն զի յամենայնի կու ճանչնայ զկամս Աստուծոյ եւ կ՚ըսէ «Փառք քեզ Աստուած, յաղագս ամենայնի»: Թերեւս այս կոկաց անապատաց մէջ բուսած Ոսկիբերանեան ծաղկունքն` իր հոգեւոր եւ բանաւոր երկանց եւ կենաց գերագոյն պսակներն են, եւ իր անժան գոսկւոյն մէջ` ամենափայլ ադամանդներն:

Այսպիսի գրուածք` մխիթարանք թէ գրողին, թէ առ որս գրէր, թէ մեզի իսկ, անշուշտ աւելի շատ այլ կ՚ըլլային, եթէ Ոսկիբերաի երկու արտաքին սպառնացող վտան գն քիչ մը պակաս ըլլային. - ձմեռնն եւ Իսաւրացիք: Առջի տարին մէկն միայն կար, իսկ երկրորդ տարին ձմրան հետ հասան իջան իրենց լեռներէն մեկնակազէն աւազակք այլ. որոց բնիկ տեղի էր Կիւլիկիոյ եւ Լիկայոնիոյ (Ղոնիոյ կամ Գարամանի) միջոց լեռնոտ երկիրն, ուր կովկասեան Լէկզեաց (կամ Չէրքէզաց) պէս ամրացած Իսաւրացիք` իրենց երկրին եզերքը եղած դաշտագաւառներուն վրայ կու վազէին եւ կ՚աւարէին: Հնուց ի վեր անուանի ըլլալով այս գործով` Հռովմայեցւոց ան գամ ահարկու եւ զգուշալի եղան. եւ թէպէտ անոնք ան գամ մը (Քրիստոսէ 78 տարի առաջ) նուաճեցին զանոնք (ի ձեռն Սերվիլիոսի), բայց նորէն սկսան ասպատակել` Հռովմայ եւ Կ. Պօլսի կայսերաց ատեն, մինչեւ գրեթէ ցկէս Զ դարու, իսկ Գ եւ Դ դարուց եւ այս Եիս սկիզբը` շատ աւելի զօրացեր կամ կատղեր էին, լեռնային Կիւլիկեցւոց հետ այլ միաբանած եւ իբր մէկ ժողովուրդ ըլլալով: Այս լեռնոտ եւ վայրենի երկիրներն էր որ ԺԲ դարուն մէջ նուաճեցին Թորոսք եւ Լեւոնք մեր Ռուբինեանք, եւ քրիստոնեայք թագաւորութեան մը կալուած ըրին. իսկ իրենցմէ 800 տարի առաջ` մեր պատմութեան ատենները` կայսերք ան գամ դողային Իսաւրացւոց անունէն, եւ շատ զօրաց բանակներ կորուսին անոնց դէմ:

Մեր աքսորելոյն պանդխտութեան ատեն` յետ արշաւանացն ի սահմանս Կեսարիոյ, տարիէն աւելի հանդարտած կ՚երեւին, երբ յանկարծ ի սկիզբն 406 տարւոյ` ձմեռուան ցրտէն գր գռած գայլերու պէս յարձակեցան նաեւ Կոկիսոնի սահմաններն այլ: Այս տեղս այն բերդաշէններէն մէկն է` զոր Հռովմայեցիք կան գնած էին ի պաշտպանութիւն, բայց շատ ամուրներէն մէկն չէր. անոր համար պէտք եղաւ որ մեր հայրապետն այլ թողու իր տաքուկ սենեակը, թափառական պարտի սառամանեաց ատեն, երբեմն շէնքերու եւ երբեմն անշէ տեղեաց, անտառաց եւ քարայրից մէջ, թէ' բնութեան դժուարութեամբք եւ թէ հիւանդութեամբ այլ նեղուելով, ինչուան որ կրցաւ իր ընկերաց եւ պահապանաց հետ զինքը ձ գել յԱրաբիոսն կամ Արափսուս: Ասիկայ Կոկիւսոնէն 40 մղոնի չափ դէպ յարեւելք` հիմակուան Եարփուզ քաղաքին մօտ` աւելի ամուր բերդաւան մ՚էր, որուն դրսի շէնքն այլ բաւական ապահով չսեպելով` բուն միջնաբերդին մէջ քաշուեցան փախստականք, խառն ի խուռն բազմութեամբ, որ շատ անտանելի ըրաւ բնակութիւնը, եւ բանտէն այլ գէշ, կ՚ըսէ մեր տառապեալ, Խօսնակն մէկ կողմէն Իսաւրացւոց վախն, որ կրակով եւ որով ինչուան դռներուն կու հասնէին, մէկ այլ կողմէն տեղւոյն նեղուածքն եւ սովու վախն. ասոնց վրայ այլ` ձմեռային ցուրտն եւ հիւանդութիւնն: Ի վերայ այսր ամենայնի դեռ անհատնում Ոսկիբերանն` ժամանակ եւ հնարք կու գտնէր թղթակցելու մտերմաց հետ եւ հոգալու Փիւնիկիոյ մէջ ծագած խռովութեանց եւ հալածանաց վրայ: Ասկէ գրած մէկ թղթին մէջ, «Ամէն բան կ՚ըսէ, հիմայ գէշ է ի Հայաստան, եւ ամենէն աւելի օդոց խառնակութիւնն եւ փոթորիկը, ուր որ դառնայ մարդ` կու տեսնէ հեղեղներ, մեռելոց գիակոյտ, գետնայատակ եղած տներ, կործանած քաղաքներ, իսկ մենք թէպէտ եւ վտան գէն ազատած կ՚երեւինք, բայց գրեթէ ի բանտի եմք այս բերդիս մէջ, եւ պատճառաւ ամենորեայ վախու, սպանմանց լուրերով, Իսաւրացւոց յանկարծ մեր վրայ հասնելուն կասկածանօք, եւ մարմնոյ տկարութեամբ` որոյ հետ դեռ կու կռուիմ, ամենեւին չեմք կրնար ապահով եւ հանգիստ ըլլայ: Բայց այս ամենայն աղիտից մէջ ինծի մեծ մխիթարութիւն է քու առողջութեանդ լուրն ընդունելս»: - Ոսկիբերանի վախն ստոյ գէ. եւ յիրաւի կ՚ըսէր, թէ այս բերդիս մէջ իբրեւ ծուղակի մէջ բռնուած եմք, եւ ահա մէկ գիշեր մը բոլորովին անակնկալ եւ անկարծ ատեն` 300 մեկնակազէն Իսաւրացիք մտան յԱրաբիսոն, բերդը պաշարեցին, մեծ սարսափ ձ գեցին, բայց դեռ երկրորդ օրն չլուսցած` նոյնպէս անկարծելի կերպով` ցրուեցան անհետացան աւազակք. եւ անկէ ետեւ քաղաքացեաց եւ Յովհաննու վախն այլ փարատեցաւ: Մնաց հիւանդութիւնն եւ ցուրտն, զոր միայն նոր գարունն կամաց կամաց փարատեց:

Կ՚երեւի թէ բաւական ժամանակ մնաց Ոսկիբերան յԱրաբիսոն, որ Կոկիսոնէն աւելի ամայի եւ անշէն էր: Իր ձախ բարեկամներն կամաւ հոս ուշացուցին զինքը` որ աւելի նեղուի, մինչդեռ ստոյ գբարեկամներն կու մորմոքէին վրան: Իսկ ինքն իրեն սովորութեամբը գրելէ չէր դադր գր եւ յոմանց կարծուի որ հոս գրած ըլլայ այն երկու նախայիշեալ գրքերն ի մխիթարութիւն վշտացելոց եւ գայթակղելոց: Նոյն իսկ տեղն այլ իրեն ուրիշ սփոփանաց առիթ կ՚ընծայէր. - բարեսէր հիւրընկալներ, որոց առաջին սեպելու է այն ամայութեանց մէջ կորած քաղքին եպիսկոպոսն` Ոտրիոս, (եթէ ուրիշ կերպ կարդալու չէ այս անունս), անշուշտ առաջուց իսկ ծանօթացած էր ասոր հետ եւ թղթի մէջ` առ Ռուփինոս երէց Փիւնիկիոյ` որ իրմէ սրբոց նշխարք կու խնդրէր, խոստանայ զրկել, բերել տալով այս Արաբիսոնի Ոտրիոս եպիսկոպոսէն, որ ունէր շատ մասունք սրբոց: Հաւանօրէն այս բանս հանդիպեցաւ յԱրաբիսոնէ նորէն ի Կոկիւսոն դարձած ատենը. ուր մէկ սաստիկ եւ վերջին ձմեռ մ՚այլ անցուց, որ երթալով կու նուազեցնէր իր ուժը եւ կեանքը:

Հասաւ վերջին գարունն այլ. նորէն կենդանանալ կարծեց եւ զուրթացաւ Ոսկիբերան. բայց, «եթէ ամեն մարդ, կ՚ըսէ, կու զուարճանայ գալստեամբ գարնան, որ զերկիր ծաղկօք եւ մար գօք կու զարդարէ, ես անոր համար կ՚ուրախանամ` որ ինծի ոյժ կու տայ` նորէն իմ մտերմացս հետ խօսակցելու թղթով… Ո'չ այնչափ նաւավարք եւ թիավարք, խնդալով այս եղանակիս գալուն` կ՚ելնեն ծովեր պատռելու, որչափ ես խնտումով կ՚առնում ի ձեռքս` եղէ գս, թուղթս եւ թանաքը, ձեզի գրելու համար»: Երանի՜ երբ այս գրութեան նիւթերն ունենար. վասն զի «ձմեռուան ատեն երբ չորս գին սառած էր, կ՚ըսէ, եւ չտեսնուած թանձրութիւն ձեան ամեն ճամբայ խցեր գոցեր էր, եւ ոչ երթալ ոչ գալ կ՚ըլլար, իբրեւ բանտի մէջ յայս տնակս փակուած, թուղթ չունենալով` իբրեւ շղթայակապ լեզուաւ մշտնջենաւոր դատապարտուած էի»: Իսկ այն վերջին ձմեռուան համար` զոր ի Կոկիւսոն կրեց, ի սկիզբն 407 տարւոյն, այսպէս կու գրէ առ հաւատարիմն Ոլոմպիադա: «Ձմեռնս արդարեւ Հայաստանի ձմեռն էր, այսչափ ըսելս բաւական է բայց ինծի շատ չդպաւ. վասն զի գիտնալով ըլլալիքն` առաջը կ՚առնում, միշտ կրակ վառելով, շատ զգեստ հագնելով, աղէկ գոցուելով, եւ խցիկէս դուրս չելնելով, որ թէպէտ շատ ձանձրալի բան է ինծի, բայց ապագայ օգտին համար կու համբերեմ: Քանի որ տան մէջ եմ` շատ չեմ նեղիր ցրտէն, բայց եթէ քիչ մը դուրս ելնենք կամ բաց օդի կենանք` շատ կու նեղինք: Ուստի քենէ այլ կ՚աղաչեմ եւ կու խնդրեմ իբրեւ մեծ շնորհք մը` որ քու առողջութեանդ այլ հոգտանիս… եւ ճարտար բժշկաց խորհրդով վարուիս… Ինչպէս ես այլ անցեալները քիչ մը օդին ցրտութենէն ստամոքի նեղութիւն քաշելով, բաց ուրիշ գեղերէ` մեր ազնիւ եւ պատուական Սիւնկլիտիա տիկնոջ խաւրած գեղն այլ առնըլով` գրեթէ իրեք օրուան մէջ նորէն առողջացայ… ուստի եւ կու խնդրեմ որ այն գեղէն նորէն ինծի ճարել տաս, որ թէ ստամոքաց գր գռութեան դէմ կ՚օգտէ, թէ' կրծոց բորբոքումը հանդարտեցնելու, եւ թէ հարբուխը կ՚իջեցընէ. եւ չափաւորապէս տաքցնելով` թէ ոչ կու տայ թէ ախորժակը կու բանայ, ինչպէս քանի մ՚օր առաջ ես փորձեցի այս ամենն այլ: Ճար ըրէ որ Թէոփիլոս կոմսն նորէն խաւրէ ինծի այս գեղէն: - Բայց չըլլայ թէ խռովիս հոս տեղ քաշած ձմեռուանս համար. վասն զի անցեալ տարուընէ շատ աւելի աղէկ եմ»:

Այս իրաւ կամ յուսագիր աւետիսը տալէն ետեւ, երկայն խրատներով կու յորդորէ զՈլիմպիա` որ ինքզինքը չթողու տրտմութեան հոգոց մէջ, հապագեղով, համբերութեամբ եւ սուրբ մտածութեամբք քաջալերուի. եւ ասոնց դիւրութեան համար կու խաւրէ իրեն` նախ յիշած մխիթարական գրուածքը: Ոչ ոք վնասի յայլմէ` եթէ ոչ յանձնեն. զոր եւ պատուիրէ շատ ան գամ կարդալ եւ ինչուան ի բերան այլ սովրիլ: Եւ դարձեալ իր վրայ գալով` աւելի մխիթարելու համար այն սրտահոգաղաւնին` ցանկալի յոյսեր կու տայ (որով թերեւս նախախնամութիւնն զինքն իսկ խաբէր եւ կ՚անուշցընէր պանդըխտութիւնը). «Իսկ եթէ ինձմէ զատուած ըլլալուդ համար է տխրութիւնդ, ասոր այլ ուրախալի վերջը կրնաս յուսալ, եւ զայս ոչ եթէ զքեզ սփոփելու համար կ՚ըսեմ, այլ ինծի յայտնի կ՚երեւի այս բանս. վասն զի եթէ այսպէս ըլլալու չըլլար, եթէ չեմ սխալիր, ինչուան հիմայ քաշած նեղութիւններէս` շատոնց մեռած կ՚ըալլայի. թողլով ի Կ. Պօլիս կրածներս, ինչեր որ քաղքէն ելնելէս ետեւ այն երկայն եւ ձանձրալի ճամբորդութեան մէջ կրեցի, որոց շատն բաւական էին զիս մեռցընելու, ինչ որ հոս գալէս վերջը քաշեցի, ինչ որ Կոկիսոնէն ելնելէս ետեւ եւ Արաբիսոն եղած ատենս, յայտնի են քեզի: Արդ այս ամեն վտան գէն ազատեցայ. եւ հիմայ թէ առողջ եմ եւ թէ շատ հանգիստ, անանկ որ Հայերն ան գամ կ՚ափշին թէ ի՞նչպէս ասանկ տկար եւ զաղփաղփուն մարմնով կրնամ այսպիսի ցրտու դիմանալ եւ օդի առնուլ, երբ իրենք իսկ` որ ձմեռուան վարժած են, այս տարուանս ձմեռը կար գէ դուրս է կ՚ըսեն. իսկ ես ինչուան այսօր անվնաս եւ անարատ մնացի. աւազակաց ձեռքէն ազատեցայ, որ շատ ան գամ վրանիս յարձակեցան. շատ կարեւոր բաներէ զուրկ ըլլալով, ինչուան բաղնիքէ այլ. որոնց առջի բերան շատ պէտք կու զգայի. իսկ հիմայ անանկ եղայ` որ ոչ պէտք կ՚իմանամ, եւ ոչ այլ պակաս առողջ եմ` քան եթէ անոնք ունեցած ըլլայի: Ոչ օդոց սաստկութիւնն, ոչ տեղեաց ամայութիւնն, ոչ գնելի բաներու քիչութիւնն, ոչ կարեւոր դարմանոց պակասութիւնն, ոչ բժշկաց տ գիտութիւնն, ոչ բաղանեաց չ գտնուիլն, ոչ իսկ տնակիս մէջ իբրեւ ի բանտի ար գելեալ մնալս, չկարենալով քիչ մը քալել` որ ինծի միշտ հարկաւոր էր, ոչ անդադար կրակի եւ ծխոյ մէջ նստիլս, ոչ աւազակաց վախն, ոչ պահապանաց զգուշանալն վրաս, եւ ոչ մէկ այսպիսի նեղութիւն` չկրցան զիս ճնշել եւ ընկճել, այլ եւ աւելի առողջ եւ հանգիստ եմ քան թէ առաջ, թէպէտեւ խնամք եւ հոգտանելով: Արդ այս բաներս գիտնալով` դու այլ մէկդի թող հոգերդ եւ տրտմութիւնդ»:

Աստուծոյ ողորմութեան, արդարութեան իրաւանց, հաւատարմաց սիրոյն եւ ջանից, եւ Հռովմայ քահանայապետին եւ կայսեր (Ոնորիոսի) յուսադրութեան վրայ վստահացեալ` կրնար Ոսկիբերան այսպէս գրել, մանաւանդ առ Ոլիմպիադա: Նոյն իսկ երկինք եւ վերինք Ոսկիբերանի վշտակից եւ կողմնակից յայտնուեցան շատ եւ շատ կերպով, ուղղոց պաշտպանութիւն եւ երկայնմտութիւն եւ վկայական պսակներ տալով, իսկ թիւրելոց շատին` շուտ եւ չարաչար վախճան, որոց ժամանակակից եւ անկողմնասէր պատմիչք այլ վկայեն: Արդարոյն դէմ միաբանեալ եպիսկոպոսաց շատերն այսպիսի վերջ ունեցան, եւ նախ քան զայլս` Կիւրինոս, Քաղկեդոնի եպիսկոպոսն, որ իր թեմին մէջ ժողվեր էր իր օրինաւոր առաջնորդին հակառակորդները, նոյն ժողովին մէջ միամտութեամբ գտուելով եւ Ս. Մարութա մատիրոսասէր հայրապետն` դիպուածով այս Կիւրինոսի ոտքը կոխեց, անկէ ցաւ եւ վէրք պատճառեցաւ, որ մարմնոյն վրայ այլ ճարակելով` քիչ ատենէ մեռուց զնա:

Բայց ամենէն գլխաւոր չարեաց գր գռիչն` Եւդոքսիա, գրեթէ ամենէն այլ առաջ, իր հասակին եւ փառաց ամենէն փայլման ատեն` մեռաւ (տղաբերքի ցաւով), հազիւ երեք եւ կէս ամիս Ոսկիբերանի արտասահմանութենէն ետեւ, (6 հոկտ. 404) մինչ դեռ սա նոր հասած էր ի Կոկիւսոն: Թշուա՜ռ դշխոյ, տ գեղեցեալ մայր որբասէր Գեղանւոյն (Բուլքերիայ). թէ կամաւ չնուաստացընէիր քու սիրտդ` միթէ չէ՞ր կրնար բարձրանալ քու օրիորդիդ նման: Եթէ Ոսկիբերան զքեզ` լրբութեանդ եւ ագահութեանդ համար` Յեզաբելի եւ Հերովդիադայ նմանցուց, միթէ երբեմն այլ մեծապէս չ գովե՞ց, երբոր գրեթէ իրեն հետ թափորակից` փոխադրէիր զնշխարս սրբոցն: Դու թշնամի եղար այն մեծ անձին, նա ոչ երբէք քեզի, որ եւ հիմայ լսելով տարաժամ մահդ` ոչ միայն ոչ խնդաց, այլ եւ ողբաց անշուշտ, որպէս Դաւիթ զԱբեսաղոմ: Աւա՜ղ, ափսո՜ս քեզ, շատ` եւ քան զչափդ ի վեր բարձրացուցիր թագափայլ գլուխդ: Հասաւ, ո'հ, եւ ի՜նչ շուտով, հասաւ քու սեւ օրդ այլ, ծածկելու ամեն փառքդ, ամեն վայելքդ, ամեն յոյսդ, զքեզ ինքն բոլորովին ծածկելու յաշխարհէս:.. Թո'ղ, դի'ր հիմայ այդ մարմարեայ գլուխդ ցուրտ բարձին վրայ, եւ իջի'ր, մտի'ր թագի'ր թաղուէ', դադրէ, մութ գերեզմանին մէջ: … Խնայէ', ո՜վ ահեղ արդարութիւն. - բայց սա թող չիտար անոր հանգչելու գերեզմանին մէջ այլ: - Ո'չ Ոսկիբերանն է հոս, այլ Բարձրեալն Աստուած` բարկութեամբ կու նայի իր սրբութեանց դիմաց դրուած դշխոյին մեռեալ մարմնոյ վրայ: …. Երեսուն եւ չորս տարի Եւդոքսիայ գերեզմանն շարժելով կու դողայ կու դղրդի, ինչուան որ յետ այնքան երկար տարիներու` իր հալածեալ Սրբոյն փառաւորեալ մարմինն գայ` իր դիմաց կան գնի ու դադարեցնէ զանհանդարտն զայն` ի կեանս եւ ի մահուն: Այն ատեն պիտի դադրի եկեղեցւոյն հերձուածն այլ, որում մէկ մասն Յովհաննիսեան կոչուէր` Ոսկիբերանի հաւատարիմ մնալուն համար: Շատ կու ցաւէր Սուրբն այլ այս երկպառակութեան եւ անպարտ մարդկան հալածանաց եւ չարչարանաց վրայ. զոր կու վախէր թէ աւելի զայրացընէ` եթէ կամօք հրաժարի իր աթոռէն, իբր հաստատելով Թէոփիլեանց անկանոն ժողովը: Ասոր համար դեռ Կ. Պօլսէն չելած` բողոքոյ գիր գրեր էր առ Պապն Իննովկենտիոս, որպէս եւ վերջն այլ, բայց օգուտ մը չեղաւ:

Իսկ հիմայ յետ եռամեայ աքսորանաց եւ տառապանացն սրտառուչ գիր մ՚այլ գրելով կ՚ըսէ առ նոյն գլուխն եկեղեցւոյ. «Թէպէտ եւ մարմնով որոշեալ տեղ մը միայն կու բնակինք, բայց սիրոյ թեւն բոլոր աշխարհս կու պատէ. թէ եւ անբաւ ճամբով հեռու եմք իրարմէ, բայց ես քու Սրբութենէդ զատուած չեմ, այլ միշտ ներկայ կու գտուիմ. սիրոյ աչօք տեսնելով քու արիութիւնդ, անկեղծ գութդ, անփոփոխ հաստատութիւնդ, եւ այն մեծ, անպակաս եւ շարունակ մխիթարութիւնդ` որով կու սփոփես զիս: … Ասոր համար մեծապէս շնորհակալ եմ, եւ փափագէի ստէպ գրել ձեզի, որ ինծի այլ մեծ մխիթարութիւն էր. սակայն տեղւոյս ամայութիւնն չիթողուր ինծի զայս. ոչ միայն հեռաւոր` այլ եւ մօտաւոր կողմերէ ան գամ հոս գայր դժար է թէ' տեղւոյս սահմաններէ դուրս առանձնութեանը համար, եւ թէ' ճամբաներն աւազակներէ բռնուած ըլլալուն. անոր համար կարեկցութեան արժանի սեպէ զիս եւ մի' կարծեր անհոգութիւն»: Ապա կու խոստովանի որ Ս. Պապին հայրենի խնամքն բաւական էր ամեն բան կար գի դնելու, եթէ հակառակողք նորանոր չարիք չհնարէին, որոց ըրածները պատմելու չէ' թէ նամակ` այլ եւ ոչ գիրք մը կու բաւէր:

Եւ դարձեալ կրկին եւ կրկին կ՚աղաչէ` որ զանց չընէ հսկողութիւնը. վասն զի եղած չարիքն բոլոր եկեղեցւոյ վնաս կու սպառնան: «Իսկ ես` ահա երեք տարի կ՚ըլլայ աքսորանացս, որ սովու, սրածութեան, պատերազմի, անդադար պաշարմանց, խելքէ դուրս միայնութեան, ամենօրեայ մահուան եւ Իսաւրացի օրերու մէջ ըլլալով, շատ ու շատ կու մխիթարուիմ ձեր հաստատուն եւ յարատեւ գթովը, եւ անկեղծ սիրովդ կու զուարճանամ: Ատոնք են իմ պարիսպքս, իմ պաշտպանութիւնս. այդ է իմ անալէկոծ նաւահան գիստս, եւ անբաւ բարեաց գանձս, եւ մեծ ուրախութեանց եւ զուարճութեանց առիթս: Այսպէս այս անապատագոյն տեղւոյս մէջ այլ` իմ վշտացս մեծ մխիթարութիւն կու գտնեմ»: -

Այսպիսի թղթոյ եւ գրողի` Իննովկենտիոս չէր կրնար ճարտասանական պատասխան մը տալ, այլ կրնար եւ կրցաւ իրեն վայելուչ հայրաբար լեզուաւ խօսիլ. «Թէպէտ եւ պէտք է որ անմեղն` ամենայն բարիք եւ ողորմութիւն յԱստուծոյ յուսալ, սակայն մենք այլ այս թուղթս կու գրեմք (Կիւրակոս սարկաւագի ձեռօք), յորդորելով ի համբերել. որ չըլլայ թէ անիրաւութիւնն աւելի զօրանայ` ընկճելով, քան թէ բարի խիղճն` յուսալով: Գիտեմ որ ինձմէ սովրելու կարօտ չես դու` այդքան ժողովրդոց վարդապետ եւ հայր, թէ առաքինիք ան գամ միշտ կու փորձուին, որ յայտնի ըլլայ իրենց հաստատութիւնն եւ չտկարանալն վտան գոց մէջ, եւ երեւնայ խղճի մտաց զօրութիւնն ընդդէմ ամենայն անիրաւ չարեաց. որոց կատարելապէս չյաղթողն` կրնայ երկբայելի ըլլալ: Ամեն բանի պէտք է համբերէ` ով որ նախ Աստուծոյ եւ ապա իր խիղճմտանաց վրայ վստահ է: Արդարն կրնայ ամենայն վշտաց տակ ընկնիլ. բայց յաղթուիլ` ո'չ. վասն զի միտքն ամրացած է վարդապետութեամբ Ս. գրոց, զոր ժողովրդեան կու քարոզեմք. որք եւ վկայեն` թէ գրեթէ ամենայն սուրբք զանազան կերպով եւ միշտ չարչարուեցան, եւ իբրեւ կրակով փորձուելով` այնպէս իրենց համբերութեան պսակն ընդունեցան: Արդ հոգւոյդ գիտակցութիւնն մխիթարէ քու սիրտդ, եղբայր իմ ամենասիրելի, որ միայն մխիթարութիւն է առաքինութեան` տառապանաց մէջ: Քրիստոսի Տեառն մերոյ աչաց առջեւ` զտեալ խիղճմտանքն` պիտի ձ գէ խարիսխը ի նաւահան գիստն խաղաղութեան»:

Ի՜նչ պարզ ուվսեմ, ի՜նչ սրտառուչ եւ երկնախառն խօսուածք երկուց քահանայապետաց. ո՞վ չիտեսներ աստուածային ձեռքն` իր եկեղեցւոյն գլխոյն ձեռաց մէջ, եւ իր երկնային վճիռն` գուշակեալ անոր գրչովը, քան զոր բարձրագոյն անձ մը չէր կրնար ըլլալ երկրիս վրայ`` Յովհաննու առջեւ: Միշտ մաքուր գիտակցութիւնն Յովհաննու` ա'յլ աւելի զտեալ այսքան տառապանօք, ուրեմն ուրիշ բանի չէր մնար` բայց եթէ ձ գելու իր մեծ խարիսխը ի խորս յաւիտենական խաղաղութեան: …

Արդ ինչո՞ւ փութար յետին փոթորիկ կրից նախանձու եւ ատելութեան, քչերու այս ալէկոծ եւ միշտ ծովայաղթ նաւը` իր յետին ծոցը. մինչեւ ցե՞րբ կու տարուբերես զնա ի Կոկիւսոնէ յԱրաբիսոն, յամայութենէ յամայութիւն… փչէ', մէկ մ՚այլ փչէ քու յետին դառնութեան շունչդ, եւ անիրաւութիւնն իր գործը կատարէ երկրիս վրայ, արդարութիւնն այլ յերկնից հանդիսանայ:

Եկաւ հասաւ, լեռներ եւ անապատներ անցնելով` այն դժոխաշունչ փոթորիկն, ներքինեաց եւ խաբեբայից խաղալիկ եղած` թոյլ եւ դառնացեալ Արկադեայ հրամանն, խլանալով իր եղբոր (Ոնորիոսի) եւ Պապին խրատուց: Որովհետեւ այնչափ եպիսկոպոսք եւ իշխանք յետ ամենայն ջանից չէին կրնար մեր Խօսնակին ոսկի բերանը լռեցնել, չէին կրնար ար գելուլ մեծաւ մասամբ զՅունաստան, զՀայաստան, զԱսորիս, զՓիւնիկէ, զՊարոս եւ զԳոթս, եւ զԻտալիա` իրեն դառնալէն գթով եւ խնամով, եւ զբոլոր աշխարհ` զնա պատուելէն, վճռեցին ան գութքն որ անոր անապատագոյն կարծած տեղէն` այլ եւ շատ աւելի հեռու եւ խոր ամայի անապատ տեղ մը տարուի. որովհետեւ Կոկացիք շատ կակուղ գտուեցան եւ Հայք մարդասիրագոյն քան զՅոյնս, թող քշուի Յովհաննէս մինչեւ յանկիւնս Պոնտոսի, Լազիստանու բարբարոս բնակչաց մէջ, յանծանօթ տեղին Պիտիւոնտ, (կամ Պիդիհոն ըստ նախնեաց) որ է հիմկու Բիցունտա` ի ստորոտս Կովկաս լերանց Ափխազաց ծովեզերքը, ուր հազիւ նաւ կու մօտենար, եւ ցամաքէն այլ հազիւ թէ մարդ կ՚երթար, այնքան անսովոր եւ վախնալու տեղ էր: … Ո'հ, ինչուան ու՞ր այլ կու հասնի եղեր նախանձն կոյր եւ կամակոր, եւ ի՞նչպէս դժոխանման խիստ է եղեր այդ կիրքդ` նաեւ այսպիսի անչար եւ արժանաւոր անձի դէմ…: Ի՜նչ ողորմելի արարած եւ ի՜նչ սաստիկ գազան է մարդս մարդու հետ: -

Աստուած իմ, ազատէ զմեզ այսպիսի կրքերէ: …

Ար գելական հիւանդին վերջին ձմեռն այլ անցեր էր. ցանկալի եւ ուշացած գարունն այլ եկեր էր, ծաղկունք հետ իրարու բացուէին գոցուէին, եւ այլ պիտի չբացուէին Ոսկիբերանի աչաց առջեւ: Ո'հ, այլ պիտի չկոխեր նա հեզաքայլ գարշապարօքը Ջահանայ հովտաց նկարազարդ մարդագետինները, այլ պիտի չդարձնէր դէմքը առաւօտանց Եփրատայ վազած կողմը, կենսաբեր զուարթաբար արե գակ մ՚ողջունելու, եւ ոչ անմրուր տրտմութեամբ մը` անոր յետին ճառագայթից մնաք բարով ըսելու դառնար` դէպ ի զարհուրելի Իսաւրացւոց քարամուր լեռները: - Այլ պիտի չտարածուէր 40 տարի շարժվարժենի ձեռքն մագաղաթաց վրայ, երկնից ազդողագոյն պատւէրքները` երկրիս ազնուագոյն լեզուաւ գծագրելու. - այլ պիտի չերթային թռչելով իր իմաստուն եւ մխիթարալից նամակներն ընդ ծով եւ ընդ ցամաք, այնքան կարոտ եւ տրտմեալ սրտեր սփոփելու, եւ եկեղեցիներ հաստատելու: - Ոսկիբերանն այլ պիտի դադրէր, աշխարհ խլանար, եկեղեցի ամայի մնար, չլսելով զքաղցր ձայն` իւր աննման Խօսնակին: …

Իր աթոռը թողլէն եւ աքսորանաց սկզբէն ի վեր` իրեք տարին լրացեր էր, յունիս ամսոյ կէսն էր, արե գական ճառագայթը շիտակ տեղային Փ. Ասիոյ լեռնադաշտաց եւ տափարակաց վրայ, որ ամառային եղանակին այնքան տաք կ՚ըլլան իրենց աշխարհագրական լայնութեան դրից համեմատ, որքան ձմեռը ցուրտ են` երկրակազմական դրից բարձրութեանն համար: Յովհաննու նոր աքսորանաց տեղն Կոկիւսոնէն վեր աստիճան դէպ ի վեր հիւսիս էր, եւ չորս աստիճան մ՚այլ դէպ յարեւելք, որով կ՚իմացուի թէ հոն այլ սաստիկ ձմեռն պիտի ըլլայ, եւ անտանելի մեր փափուկ եւ տկար պանդխտին համար: Հիմայ այլ ի՞նչ դժնդակ պիտի ըլլայ այս 600 մղոնի չափ երկայն ճամբան ասանկ տաք եղանակին, եւ անանկ անկոխ անվար քարուտ լեռնուտ տեղուանք, եւ միշտ դէպ յայն կողմն երթալով` ուսկից կ՚իջնեն այն երկիրներու գետերն, Ջահան, Ալիւս (Գզըլ-ըրամք) եւ Իռիս (Եշիլ-ըրմագ) ըսել է որ միշտ դէպ ի դար վեր պիտի ելնէր աքսորեալն: Եթէ այսքան դժարութիւնք կասկածել կու տան անոր ողջ հասնելուն այն դժար եւ հեռաւոր ար գելանին, ի՞նչ ըսելու է, Հայկակ, եթէ քշուելուն կերպն այլ յիշենք: -

Հալածողքն գաղտուկ պատուիրած էին սուրբը տանողներուն, որ ամենէն անշէն եւ անկոխ տեղերէն անցնեն, ամենեւին չխնայեն, հանգիստ չտան իրենց ձեռքը մատնուածին. եւ մէկ խօսքով` (զոր լաւ իմացուցին անոնց) նային որ ի Պիտիւոնտ չհասած` ճամբուն վրայ անոր բանը լմընցընեն. եւ եթէ այսպէս ընելու ըլլան` մեծ վարձք կ՚ընդունին եւ զինուորութեան մէջ առաջ կ՚երթան: Վասն զի այս դահիճ` քան վարիչ ըսուածքն` արեւէ արիւնէ անցած երկու ահարկու վայրագզինուոր էին. ո՞վ գիտէ թէ ի՞նչ բարբարոս ազգէ կամ կրօնքէ, (եթէ կրօնք այլ ունէին այնքան ան գութ անկրօն հալածչաց պաշտօնեայ եղողքն): Բաւական ըլլայ ըսելն` որ իրենց պաշտօնը յանձնուածին համեմատ կատարեցին, մանաւանդ մէկն. անանկ որ այն երկայն ճամբուն հազիւ քառորդ կամ երրորդ մասն ըրած` քշողք եւ քշել տուողք իրենց վախճանին հասան: … Կոկիւսոնէ ի Կոմանա, ուր որ միայն կրցաւ հասնիլ Սուրբն, շիտակ գծով այլ 150 մղոն մը կ՚ըլլայ, իսկ իրեն քշուած ծուռ մուռ ճամբաներով` որ մեզ անծանոթ է, թերեւս կրկին երկնցած ըլլայ, այս յայտնի է որ երեք ամսոյ չափ քշեց: …

Երե՜ք ամիս անդադար մարտիրոսութիւն մը, երկու աւազակ դահճաց ձեռք` այն ճամբուն վրայ… Ո՞վ կրնար դիմանալ. - միայն Ոսկիբերան: - Իր վերջին ըսած խօսքէն յայտնի է` որ առաջին ըսածն այլ էր, այն` զոր ստէպ կ՚ըսէր եւ ըսելէն դադրիլչեմ կրնար կ՚ըսէր. Փառք քեզ Աստուած, յաղագս ամենայնի: - Քանի՞ սրտապատառ էր լսելն զայն վերջին ան գամ` Կոկաց քարերուն եւ ջրերուն մէջ, որք երբեմն աշխարհիս ամայագոյն տեղն` հիմայ դրախտ մը դարձեր էին մեր Խօսնակին. - ո՞վ լսեց այն Ոսկիբերնին վերջին մնաս բարովը` առ երեք ամեայ նժդեհութեան տեղը. առ այն ծխոտ մխոտ խցիկը տանն Դէոսկորի, որ Անտիոքայ եւ Բիւզանդիոնի պատրիարքական բեմից փոխանակ եղեր էր: - Թերեւս երանելի Պապին ըսածին պէս` բաց յԱստուծոյ եւ ըսողին գիտակցութենէն` ոչ ոք լսեց: - Վասն զի կ՚երեւի թէ անկարծ եւ անակնկալ ( գուցէ եւ գիշեր) ատեն` խաւարասէր բուիճակաց նման` վրայ հասան չարամագիլ վայրենի որսորդք, եւ խլեցին մեր անդէն անմեղ եկեղեցւոյ Խօսնակ վարուժանը, չթողլով բան մը հետն առնուլ, բաց անկէ զոր չէին կրնար ար գելուլ. - իր ադամանդ սիրտը:

Ո՜վ Տէր, ինչե՞ր կրեց քու հրաշակերտդ, այն մեծ սիրտն` իր երկրաւոր կենաց այս յետին երեք ամսուն մէջ. ինչե՞ր ազդեցին անոր իր մարմնոյն կրած չարչարանքն, անճոռնի չարչարողաց կերպարանքն, խօսքերն, գործերն. - անծանօթ եւ անմարդի տեղեաց դժուարութիւնն, լռութիւնն, սոսկումն, եւ ծայր ճոթ չերեւիլն. - զուրկ, հեռի եւ մենիկ մնալն ամեն սրտակցէ, ամեն բարեկամէ, ամեն մխիթարչէ. - ոչ խօսիլ եւ ոչ գրել կրնալն առ Ոլոմպիադա եւ առ այլ թղթակիցսն. - այնքան հաւատարմաց ջանքէն` եւ խոստմունքէն միայն ամենէն մեծին` սրբազան Պապին վերջին խօսքին ստու գուիլն, թէ «Փորձուած զտուած խղճմտանքն` պիտի ձ գէ իր խարիսխը ի նաւահան գիստն խաղաղութեան». խօսք մը` որ միայն լռին արձագան գմը կ՚ըլլար իրեն անդադար եւ յաղագս ամենայնի` Աստուծոյ փառք տալուն: - Ո՜վ երջանիկ հայկական ճանապարհ, - թէպէտ եւ դժնդակ, այո', եւ մահառիթ մեր Սրբոյն. - այլ դու քեզի երջանի՜կ` որ անոր յետին քայլից կնիքն առիր. ո՜ւր էր թէ յայտնուէիր. գտանէի տեսնէի այն ուխտագնալի հետքը, եւ թէ սողալով այլ հարկ ըլլար` անցնէի Ոսկիբերան Խօսնակիս յետին անցքէն: - Հարաւէն ի հիւսիս բոլոր Փոքր Հայոց երկայնքն էր այս եռամսեայ ճամբան, գրեթէ ճիշդ երկու Հայոց բացաձի գսահմանաց միջոցն, ի Կոկիւսոնէ ցԿոմանա: -

Մարդկութեան մեծագոյն ամօթոյ գործոց մէկը ծածկելու համար, կամ Աստուծոյ ընտրելոյն` միայն իրեն համար քաշածը մենէ գաղտուկ պահելու համար, այս յետին ժամանակին լուրերն չհասան յերկիր, միայն երկինք գիտեն. իսկ մեզի այսչափ յայտնեցաւ, որ շատ անխնայաբար եւ նեղութեամբ քշեցին զսուրբն այն ճամբէն, ամենեւին չնայելով օդոց եւ գետնին անհարթութեան, եւ աքսորելոյն տկարութեանը: Օր հասարակի տապախառն տաքի ատեն քաշկըռտելով կու տանէին Սուրբը` հետեւակ եւ ցաւագին ոտքով. գլխէն այլ ծածկոցը խրած` անմազգագաթը, որ Եղիսէին նման կունտ էր, կ՚ըսէ հաւատարիմ պատմիչն` կու թողուին չարաչարտոչորելու, արդէն ինքն ենթակայ էր գլխի տախութեան եւ ցաւոց. իսկ հոս հիմայ ի՞նչ կ՚ըլլար: Երբեմն այլ սահանաբաց երկնքէն անձրեւի ատեն` ճամբայ ընել կու տային. ջուրն կռնըկէն եւ գոգէն վար կ՚իջնէր կ՚ողողէր բոլոր մարմինը… Եւ ասոնք կրողն ո՞վ էր. - Ոսկիբերա՞ն, այն մէկիկ Խօսնակն եկեղեցւոյ, եւ ի՞նչ ատեն կրէր այն քրիստոնէութեան պայծառ եւ խաղաց ատենը, կայսերութեան փառաց եւ ճոխութեան մէջ… Այսքան կիրք եւ այսքան քաղցր համբերութիւն` գուցէ քարերն ան գամ ճաթեցընէին. քարասիրտ դահճաց մէկն այլ նման Քրիստոսի քովի աւազակաց մէկուն` յիշեց որ ինքն այլ իր քշածն այլ մարդ են, շարժեցաւ վերջապէս ի գութ մինչդեռ ընկերն ձախակողմեան այլ աւելի խստանալով խոժոռէր ապառաժնար, սպառնար, հայհոյէր, թէ որ մէկն իրեն աղաչէր որ քիչ մը գթով վարուի, հարկ կ՚ըլլար որ միւսն շատ հեզ չհետեւի սրտին ազդմանցը, վախնալով հալածողաց չարութենէն եւ ընկերին մատնութենէն, բայց երբ նա քիչ մը հեռացած ըլլար, ձեռքէն եկած օգնութիւնը կ՚ընէր Սրբոյն:

Այսպէս չափեցին այն ծանր եւ երկայն երեք ամիսները. կտրեցին անցան բոլոր Ջահանայ եւ Սիհունի եւ Ալիւսայ բարձրատափերը, հասան Իռիսայ հարաւային օժանդակին (Թօզանլը-սու կամ Թօգադ-սու). անցան զայն այլ, եւ եկան ի Կոմանա կամ Կոմանիս, քաղաքաւանը, որ գրեթէ միջասահման է Փոքր Հայոց եւ Պոլեմոնական Պոնտոսի, Դասեմոնեան դաշտին մէջ (Գազ-օվասը), Եւդոկիա (Թօգադ) քաղաքէն 7-8 մղոն հեռու դէպ յարեւելեան հիւսիս, եւ դեռ ծանօթ Կիւմէնէք անուամբն. որ հին ատեն անուանի ուխտատեղի էր Անահտայ կամ Լուսնի դից` (Մա կամ Մահիկ անուանեալ), եւ մեծ տօնավաճառ Հայոց, ուր քրմապետն գրեթէ թագաւորական իշխանութիւն ունէր, եւ հազարաւոր քուրմեր ու քրմուհիներ: Քրիստոնէութիւնն ջնջեց զանոնք եւ զտեղին նուիրեց Աստուծոյ ճշմարտի: Մեր Լուսաւորչի ատեն Կոմանա առանձին եպիսկոպոս մ՚ունէր Բասիլիսկոս անուամբ` որ բնիկ Ատիոքացի էր. այն ատեն Հռովմայեցւոց իշխանութեան տակ էր Կոմանա. եւ մինչեւ Հայաստան Տրդատայ ձեռքին տակ կու վայլէր ի նորընկալ քրիստոնէութեան, հոս Մաքսիմիանոսի հալածանօք կու նեղուէր, որ եւ պատճառ եղաւ եպիսկոպոսին նահատակութեանն ի Նիկոմիդիա (312), ուսկից բերին մարմինն եւ առ քաղաքաւանէն քանի մը մղոն հեռու թաղեցին, վրան այլ եկեղեցի մը կան գնեցին, ու եղաւ անուանի վկայարան մը:

Արդ հօս իր հայրենակցին հանգստեան քով` հանգչեցաւ Ոսկիբերան սեպտեմբերի 13-ին գիշերը. եւ երբ Յակոբ նահապետի պէս` իր յօգնած եւ ցաւած գլուխը դրաւ այն սուրբ քարին, տեսաւ փափագելի տեսիլքն այլ. հանդերձեալ երանութեան լուսեղէն սանդուղն, ուսկից աւետաւոր գալով Ս. Բասիլիսկոս` ըսաւ. «Զօրացի'ր եղբայր իմ Յովհաննէս, վաղիւ ի միասին լինիցիմք առաջի Քրիստոսի»: Նոյն Սուրբ վկայն, կ՚աւանդեն, թէ երեւցաւ իր նշխարաց պահապան քահանային այլ, եւ պատուիրեց իր հանգստարանին քով տեղ պատրաստել Յովհաննու:

Ծագեցաւ վաղուեան օրն, որն մեծ եւ յաւուրս Ոսկիբերանի, Մարմնոյն տկարութենէն եւ յայտնուած տեսիլքէն գիտնալով` որ այլ ամեն բան իրեն համար լմննալու վրայ է, փափագեցաւ գոնէ կենաց վերջին օրը հանգստեամբ պատրաստուիլ` նոր կենաց առաջին եւ անվերջանալի օրուան. խնդրեց պահապաններէն` որ ուշանան հոն ինչուան ժամը հին գ: - Ո՜վ խեղճ խնդիրք, եւ անխիղճ փոխարէն: - Չէ' չըրին իրեն այս շնորհքս այլ, զոր գթութիւնն չիզլանար յանցաւոր մահապարտաց ան գամ. եւ բռնաւորք շատ հեղ ասանկ բանի դէմ չեն կենար: Բայց Ոսկիբերան մը` ասոր այլ արժանի չեղաւ: Յիշեց իր գերագոյն տէրն ու վարդապետը` երկու աւազակաց մէջ չոր փայտի վրայ գամուած, ծարուած, մեռած: Դարձեալ փառք տուաւ Աստուծոյ, եւ ելաւ. թող տուաւ որ քաշքըշեն վատուժ եւ երերտըկող մարմինը, զոր իրենցմէ աւելի իրեն կու քաշէր հողն յետին հանգստեան: Կիսափետ կիսախեղդ հաւկի մը պէս առին հրեցին քշեցին, ինչուան 30 ասպարէզ (3-4 մղոն) առապար երկրի վրայ. վերջապէս հասկըցան որ եթէ քիչ մ՚այլ առաջ քշեն` ձեռուընին մաշած կմախք մը պիտի մնայ, որոյ մէջ արդէն միայն սիրտն ու միտքն եւ քիչ մ՚այլ շրթունքն` ողջ կ՚երեւէին: Իրենց անարժան վարձուց վախճանն հասած էր. ուրեմն գոհութեամբ փութացան նորէն յետ դառնալու. նորէն այն երկայն ասպարէզներէն քաշելով քշելով բերին հոգեվար Խօսնակը. անկէ ետեւ անօգուտ բեռան մը պէս` ձ գեցին իր փափագած հանգստարանին քով:

Հասաւ առաւօտանց ժամադրեալ ատենն. այն վերջին ժամուն մէջ այլ այնպէս մեծ եւ վսեմ երեւցաւ Ոսկիբերան, ինչպէս չէր երբէք երեւած իր Կ. Պօլսի բարձր բեմէն կայծակնաբար բարբառելուն ատեն: Ոչ մահացու եւ ոչ անմահ, այլ թէ կրնամ ըսել` աստուածակերպ իմն երեւցաւ. երկրաւոր աստուած մը` որ երկնաւոր Աստուծոյ կ՚աւանդէ իր հոգին: Մտնելով ի վկայարան սրբոյն Բասիլիսկոսի` պահ մը բոլոր ցրուեալ ոյժը ժողովեց, իբրեւ արե գակն իր երեկոյեան ճառագայթները. որոց վրայ բարձրագոյն ճառագայթ մ՚այլ աւելի կու փայլէր. - մերձեցեալ անմահութիւնն: - Ո'չ որպէս մտաւ յաշխարհ, այնպէս ելաւ յաշխարհէ. այլ գիտութեամբ, յօժարութեամբ եւ վեհ հանդարտութեամբ, միան գամայն եւ մեծ պատրաստութեամբ: Մահուան օրն է բանականը անբաններէ զատողն եւ ոչ ծննդեան օրն: - Մէկ կողմէն կորուսած` մէկ այլ կողմանէ առած ուժովը` կան գնեցաւ, եւ հոն վերջին սպասաւորութիւն մ՚ընելու եկողներէն` ուզեց նոր եւ մաքուր լաթե. իր եռամսեայ եւ եռամեայ պանդխտութեան քճքճեալ եւ աղտեղեալ զգեստիկը հանեց, տուաւ փափագողաց. եւ ինքն գլխէն ինչուան ոտից աման` մաքուր ճերմակ հագաւ. իբրեւ հարսնութեան գացող կոյս մը` իր պարկեշտ եւ խաչազգեաց մարմինը զարդարել ուզելով. անոնց վրայ առաւ քահանայութեան սուրբ զգեստներն եւ նշաններն այլ. եւ ջահավառեալ աշտանակի մը պէս կան գնեցաւ առաջի Աստուծոյ. մատոյց սուրբ խորհուրդը, հաղորդեցաւ ընդ Կենարարին, ընդ որում բոլորովին խառնուելու վրայ էր: Վերուց մէկ մ՚այլ իր աներկրաքարշ բազուկները, դարձուց ի վեր սրբահայեաց աչքերը, կեցաւ յաղօթս, ի զմայլումն, ի փոփոխումն….:

Արդեօք Ահարոն ի գլուխ Հովր լերին, կամ Մովսէս ի գլուխ Աբարիմայ` ասկէ վսե՞մ էին իրենց վերջին վայրկենին: - Ոսկիբերան ըսաւ իր երկրաւոր կենաց վերջին խօսքն առ Աստուած. ապա կռթընեցաւ, հանգչեցաւ, ողջունեց չորս կողմն եղողները. եւ ամենուն լսելի ու զուրթ ձայնով` յետին ան գամ եւ յետին բան ըսաւ, Փառք քեզ Աստուած, յաղագս ամենայնի, վրան աւելցընելով` Ամէն. որոյ յետին վան գը հազիւ լմնցուց, կամ դեռ եւս կու հնչէ յաւիտենական երանութեանց մէջ: …

Աստուածային հիանալի տեսչութեան եւ երկայնամտութեան քաջանշան մէկ հանդէսն այլ այսպէս հոս կատարեցաւ, այսպիսի մեծ եւ արդարեւ Մեծ անձի մը կենօք եւ վախճանաւ. զոր Տէրն իր ամենէն սիրելեաց պէս` թողեր էր յառերեւոյթ կամս վարչաց կամ բռնաւորաց երկրի: Եւ երբ ասոնց կարծած փափագն ի գլուխ ելաւ, եւ նախանձն հասաւ մինչեւ ի վրէժ մահուն, երկինք` որ եւ յերկրի պատուեն զսուրբս իւրեանց, անծանօթ կերպով մը դրդում ձ գեցին նոյն օր նոյն ժամուն` հեռաւոր եւ զանազան ժողովըրդոց բարեսէր անձանց, որք գրեթէ առանց իմանալու իրարու շարժելուն պատճառը` եկան գտուեցան ի Կոմանա. բազմութիւն բարեպաշտից, մանաւանդ միանձանց եւ կուսանաց` ի Հայոց, ի Պոնտոսէ, յԱսորւոց եւ ի Կիւլիկիոյ. եւ միաբան պաշտամամբք, աղօթիւք, եր գօք եւ արտասուօք, եւ ամենայն կար գօք եկեղեցւոյ, մեծաւ ս գով եւ սիրով իջուցին հանգուցին չարչարակիր եւ սրբազնեալ մարմինն ի տապան, Ս. Բասիլիսկոսի նշխարաց քով. քաշելով վրան ծանր եւ մեզի սրտակտուր կափարիչը, որ ծածկեց յաչաց երկրի` իր 33 (կամ 30) տարի տարփալի տեսարանաց մէկը: …

Ո'հ, ի՞նչպէս կրնամ ես հեռանալ այս կափարչէս, Հայկակ, առանց հրաւէրք մը տալու` նախ այն նախանձոտաց` որ յայսքան վիշտ, մահ եւ յօտար գերեզման դատապարտեցին այս վեհագոյն մարդը: - Եկէ'ք ուրեմն, ո'վ ժողովք ժանտից… (բայց չէ'. իմ հեզ եւ անյիշաչար վարդապետիս գերեզմանին քով` ի՞նչպէս զձեզ անուանեմ). - եկէք ըսեմ, ո'վ մոլորեալք, Թէոփիլեանք եւ Եւդոքսեանք, տեսէ'ք ըրածնիդ: Ատելութիւն եւ նախանձ ինչուան այս ատեն այսքան մեծ որս մ՚ըրա՞ծ էին արդեօք. - արդեօք տեղ մը այսքան մեծ արժանիք եւ արդիւնք` այնքան չնչին պատճառօք` այսպիսի ցաւալի եւ անարժան փոխարէն մ՚ընդունե՞ր էր: Ո՞վ այսպիսի Ոսկիբերան մը չարութեամբ լռեցուց. ո՞վ ասանկ ադամանդ սիրտ մը, ասանկ ան գիւտ գանձ մը ջանաց կորսնցնել: … Յիրաւի այնքան մեծ է ձեր յանցանքն, ամօթն եւ խայտառակութիւնն` առաջի ամենայն ազգաց եւ դարուց, որչափ փուճ եղաւ ջանքերնիդ: Ոսկին այն` մշտափայլ կայ մնայ մթնցընելով ձեր ժան գը. ադամանդն այն` որուն հետ զարնուեցաք` մանրելով ցրուելով զձեզ` կու մնայ անմաշ: …

Բայց դուք, կի՜րք չարածնունդք, որ բոյն դնելով ի սիրտ մարդկան` կու ծնանիք ամեն ժամանակ, դու դեղնած նախանձ, եւ դու ժանեւո՜ր զրպարտութիւն դուք մինչեւ ցե՞րբ կու հալածէք զանոնք, որոց սրտին մէջ չկայ ձեր տեղն: - Եթէ քիչ ան գամ այդպիսի մեծ անձ կու գայ յաշխարհ, կամ մէկ միայն Ոսկիբերան, սակայն քանի՞ քանի՞ բարեսիրաք եւ բարեմիտք` ձեր զինուց եւ ժանեաց զոհ կ՚ըլլան. - քանի՞ բերանք` գոնէ արծաթիք եւ անուշիկք` ձեր շըչելովն` համրացան. - քանի՞ մար գարտանման մաքուր սիրտք` ձեր ցաւէն փշրեցան. - քանի՞ գրիչք` որք երկրիս վրայ կրնային անջինջ գիծ մը թողուլ, ձեր բռնութենէն դադրեցան կամ կոտրեցան. - որքան ճշմարտութիւնք ձեր ստութենէն փախստական եղան եւ լռեցին իսպառ. - ո՞րքան պայծառ նշոյլք` ձեր խաւարին մէջ թաղուած մնացին. - եւ ո՞րքան անմահ մնալու մարդկանց` դուք շուտով գերեզման փորեցիք, կամ թէ եւ ողջ ողջ կորստեան կափարիչը վրանին կռթնցուցիք: …

Իսկ դուք, ո՜վ ազնիւք, որոց երկինք շնորհեցին չափով մը` Յովհաննու նմանութիւնը, - ճշմարտութիւն, հանճար, գորով եւ հալածանք. - դուք` կշռեցէ'ք ձեր չափը ձեր կիրքը, եւ ձեզմէ առաջիններուն կրածը. եւ եթէ իմ ազգակիցս եւ արենակիցս այլ էք, յիշեցէք ձեր նախնի Ներսէսները, Մովսէսները, Սահակները, Եղիշէն, Խոսրովիկն ու Ղազարը. եւ եթէ բաւական չեն ձեր այրած սրտին` ասոնց կիսաքանդ անայցելու գերեզմաններն, եկէ'ք հոս ի տաագիր տապան մեծի Խօսնակին Եկեղեցւոյ: Հո'ս, կամ չդիմանալով` այս կափարչին վրայ դուք այ փշրեցէ'ք, եւ կամ համբերութեամբ դիմանալով, «Փա՜ռք քեզ Աստուած յաղագս ամենայնի» կանչեցէք, ու լռեցէ՜ք: …

«Իսկ քեզի, ո՜վ երանելիդ Յովհաննէս, ի՞նչ խօսքերով կրնամ անթառամ պսակ մը հիւսել, կամ հիւսածս դնել, յանդը գնելով գովել զքեզ` յետ ելնելուդ յասպարիզէ այս կենացս. վասն զի անցար ազատեցար դու մրրկաց վտան գներէն: Արդեօք այն մովսիսական ծաղկանց պսա՞կն հիւսեմ` որով պսակեց նա օրհնելուն ատեն զժրագործն Յովսէփ եւ զաստուածարեալ քահանայն Ղեւի. վասն զի երկուքն այլ կու տեսնեմ ի քեզ: Յօրհնութեան Տեառն երկիր քո. ի ժամանակաց երկնից եւ ի ցօղոյ, եւ յանդընդոց աղբերաց ի ներքուստ. ի ժամանակի արդեանց արե գական փոփոխմանց, եւ ի գումարելոյ առ միմեանս ամպոց. ի գագաթանց լերանց ի սկզբան եւ ի գլխոց բլրոց մշտնջենաւորաց … եկեսցեն ի վերայ գլխոյ (Յովհաննու) եւ ի վերայ գագաթան փառաւորելոյն ի մէջ եղբարց: Անդրանիկ ցլու գեղ նորա, եւ եղջիւրք միեղջերոյ եղջիւրք նորա. խեթկեսցէ նոքօք զազգս միան գամայն` մինչեւ ի ծագս երկրի: - Տուք (Յովհաննու) զյայտնութիւն նորա, եւ զճշմարտութիւն նորա առնն անարատի, զոր փորձեցին փորձանօք եւ բամբասեցին զնա ի վերայ ջրոցն հակառակութեան. որ ասէր ցհայր իւր եւ ցմայր իւր` թէ ոչ տեսի զքեզ. եւ զեղբարս իւր ոչ ծանեաւ, եւ զորդիս իւր ոչ գիտաց: Զ գուշացաւ բանից քոց եւ զուխտ քո պահեաց: Պատմեսցեն զիրաւունս քո Յակովբայ, եւ զօրէնս քո Իսրայելի. գիցեն խունկս ի բարկութեան քում հանապազ ի վերայ սեղանոյ քո: Օրհնեա', Տէր, զզօրութիւն նորա, եւ ընկա'լ զգործ ձեռաց նորա. խորտակեա' զմէջս ի վերայ յարուցելոց թշնամեաց նորա. եւ ատելիքն նորա մի' կան գնեսցին»: Իսկ ես աւելցնեմ զայս այլ, թէ' «Որք սիրենն զնա, Տէր Յիսուս, մի' ամաչեսցեն, զի քո է կարողութիւն յաւիտեանս. ամէն»:

Հապա մենք, Հայկակ, լռե՞նք հոս, թէ դառնա՞նք արտասուագին աչք մը տանք քեզի այլ, ո՜վ ապիրատ քան ապերախտ քաղաք Կոստանդիանու. որ քարկոծէիր եւ հալածէիր զառաքեալսն առ քեզ ի Տեառնէ, զԱստուածաբանս եւ զՈսկիբերանս, որ ոչ կամեցար կամ թէ ոչ կամեցան ժողովել զմանկունս քո` որպէս ձագս հաւուց ընդ թեւովք այսպիսի հարց. ահա թողեալ լիցի եկեղեցի քո աւերակ տխրորակ, մինչեւ ասիցես վասն հովուին քո Յովհաննու` օրհնեալ եկեալն յանուն Տեառն: …

Անհնար է նկարագրել Ոսկիբերանի մահուան ազդեցութիւնն այն մեծ քաղքին եւ բոլոր թեմին, բոլոր եկեղեցւոյ մէջ. - հաւատարմաց սըրտաբեկութիւնը, Ոլիմպիադեանց սու գը, երկու բաժանեալ կողմանց այլ ափշութիւնը, բարեսիրաց արտասուախառն յերկինս նայիլը, ձախակողմեանց սեւերես ակնկորութիւնը, ոմանց հանդարտ եւ այլոց ալէկոծեալ խիղճը, եւ մանաւանդ ասոնց մէջ ամենէն աւելի պատասխանատու կամ պարտական եղող` Արկադիոս կայսեր տագնապը, որ եւ սրտահար ըրածին եւ տեսածին վրայ, թէպէտ ջանաց քիչ մը դարման ընել, բայց յետ քանի մ՚ամսոց դեռ միջակ հասակին մէջ իջաւ ի գերեզման, կենդանութեան ատեն տեսնելով` հալածեալ սրբոյն հակառակորդաց շատին տարաժամ եւ դժնդակ մահերը, ինչպէս ոմանցն առաջ յիշեցինք. եւ ոմանք այլ անոնցմէ աւելի չարաչար ցաւերով, խելաթափութեամբ, բերաննին խեղաթիւրելով, շըրթունքնին որդնոտելով, ջր գողութեամբ, համրութեամբ, եւ այլ պէսպէս ցաւալի կերպով մեռան: Մնացեալներէն շատն սմքեցան, ձայներնին քաշեցին, ոմանք ի կեանս եւ ոմանք մեռնելու ատեն զղջացին. ինչպէս ամենուն պարագլուխն Թէոփիլոս պատրիարքն, որ չկրցաւ, կ՚ըսեն, վերջին շունչը տալ` ինչուան որ յերկնից քաւիչ եւ օգնական չկանչեց իր վրէժխնդրութեան սուրբ զոհը: Զասոնք տեսնելով խորագէտն Ատտիկոս` Արշակայ պէս ապօրէն յաջորդ աթոռոյն Կ. Պօլսի, (որ եւ ամաչելով խոստովանիմ` որ ազգաւ Հայ կ՚ըսուի ի Սեբաստիոյ քաղաքէ). աւելի ճարպիկ քան գիտուն, վերջապէս լեզուն նաեւ սիրտն այլ փոխեց. հրամմեց որ իր վարդապետին անունն այլ խառնեն յեկեղեցիս` Ս. հայրապետաց հետ, եւ ինքն այլ իբրեւ սուրբ եւ Ոսկիբերան հռչակէր զնա, եւ գրէր իսկ առ մերս Ս. Սահակ, որպէս տեսանք ի սկզբան: Ասով սկսան Յովհաննիսեանք եւ հակառակողք` իրարու մօտենալ, բայց դեռ կատարեալ միութիւն չեղաւ, որովհետեւ յետ Ատտիկոսի ուրիշ բռնաբարողք եւ ոչ արժանավայելք` յաջորդեցին. մինչեւ յետ երեսուն ամաց նստաւ երանելին Պրոկլ (434), աշակերտ եւ ունկնդիր մեծի հայրապետին, բայց դեռ չվերցաւ Կ. Պօլսի եկեղեցւոյ սեւ քողն, եւ ոչ արհաւիրք քաղաքին յերեսաց Աստուծոյ, եւ դեռ կու դողար կու դղրդէր գերեզմանն Եւդոքսեայ…

«Երեսուն եւ մէկ տարի յետ վախճանի Սրբոյն` յանար գաքսորանս Պոնտոսի, կ՚ըսէ իտալացի վարդապետ մը, եպիսկոպոսն Պրոկլոս Կ. Պօլսի մէջ ներբող մը խօսելով ի պատիւ սրբոյն, անանկ կենդանի կերպով նկարագրեց անոր արդիւնքը, անանկ արժանաւորապէս բարձրացուց անոր առաքինութիւնները, որ բոլոր ժողովուրդն չդիմանալով` սկսաւ կանչել որ բերեն իրենց հայրապետը: Այն ատեն Պրոկլ` գր գռեալ ժողովրդեան երեսփոխան ըլլալով, դարձաւ առ կայսրն Թէոդոս (Փոքր) որ հոն ներկայ էր, եւ յորդորեց որ կատարէ այս օրինաւոր փափաքը, եւ ձեռք ձ գէ այն ան գին գանձը: Կայսրն որ արդէն մեծապէս փափագէր այս բանիս, այս ձայներէս աւելի բորբոքեալ, մէկէն հրաման տուաւ որ նուիրակք պատրաստուին` եւ երթան բերեն ի Կոմանայէ ի Կ. Պօլիս` փափագելի մարմինը: Ծերակուտէն պատուաւոր անձինք ընտրուեցան ի նուիրակութիւն, զինուորք ի պահպանութիւն, պալատականք յընկերակցութիւն, ճարտարագէտք ի գործավարութիւն, եւ կառք ի յուղարկաւորութիւն:

«Բայց երբ հասան ի Կոմանիս, եւ ուզեցին այն պատուական աւանդը վերցընել իր տեղէն, անշարժ եւ անկամ գտան զանիկայ: Ի զուր հազար ձեռք զարկին, հազար նի գդրին քարը շարժելու, անկարելի եղաւ. ամըչնալով սրտակտուր գրեցին առ ինքնակալն` թէ Յովհաննէս չուզէր դառնալ գալ, Թէոդոս այլ լսելով սոսկաց, ափշեցաւ, խռովեցաւ. վերջը ուշաբերելով եւ գերագոյն մտածութեամբ մը թուղթ գրիչ ուզեց, եւ ի ծունկ ընկած` իր ձեռօք երկայն աղերսագիր մը գրեց առ սուրբն` որպէս թէ կենդանի ըլլար, յորդորելով եւ աղաչելով որ հաւանի դառնալու իր աթոռը: Ստորագրեց անունը, ծալլեց, կնքեց թուղթը եւ յանձնեց քաջընթաց սուրհանդակի մը:

«Կրնայ գուշակուիլ թէ ի՞նչ զարմանք եկաւ ծերակուտին` երբ արքունի հրովարտակն առնըլով` տեսան վրան այս անկարծելի հասցեն, Առ հոգեւոր հայրն հոգւոց եւ տիեզերաց վարդապետն Յովհաննէս Ոսկիբերան: Շուտ մը գացին ի գերեզմանն, եւ մինչդեռ ոմանք ջերմեռանդութեամբ չորս դին կենային, ոմանք անուշահոտ բուրվառներով, ուրիշներն այլ պայծառափայլ ջահերով, ծերունեաց գլխաւորն առաջ անցաւ, եւ պատկառանօք պագնելով նամակը, Այս գիրս, ըսաւ, կու խաւրէ հայրութեանդ` քու ծառայդ եւ իմ տէրս Թէոդոս: Եւ իբրեւ թէ հրաման առնըլով` կարդաց անոր, յետոյ այնպէս բաց թուղթը` կուրծքին վրայ դնելով` ընկաւ ի ծունկ, եւ սկսաւ ուրիշներու հետ աղաչել, որ իր մեծահոգի բարեսիրութեամբն յանձն առնու աղաչողաց խոնարհութիւնը: Կարծես թէ սրբոյն դէմքն այլ պարզելով` սիրտ տուին անոնց, որք երբ նորէն ձեռք զարկին հանելու` անանկ դիւրաշարժ գտան, որ մէկէն ուրախութեամբ պատրաստուեցան ճամբայ ելնելու:

«Երկայն կ՚ըլլար պատմելն թէ ի՞նչ շքեղ զարդուք, ինչ ջերմեռանդութեամբ եւ ինչ խուռն բազմութեամբ ժողովրդեան` մեծայար գի քահանայից ուսոց վրայ դրած` բերին մինչեւ ի Քաղկեդոն: Հոնհասեր կու սպասէր ինքնակալն ամբողջ տորմղաւ մեծ ու պզտիկ եւ պայծառ զարդարած նաւերու. եւ իր պարագլուխ փառազարդ նաւովն առաջ անցնելով, ի ծունր իջած ընդունեցաւ հոն սրբազան աւանդը, եւ ի հնչել ուրախաձայն փողոց եւ քնարաց, թըմբկաց եւ տաւղաց` նշան տուաւ որ մէկէն դէպ ի Կ. Պօլիս դարձընեն նաւերը: Թողունք հիմայ որ ինքնին ծովն պատմէ, թէ տեսե՞ր էր երբէք ասոր նման գեղեցիկ յաղթանակ: Ամեն կողմի ծովեզերքն մինչեւ հեռաւոր սահմաններ` փայլ փայլ ցոլային ջահերով եւ լապտերներով. երկինք հանդարտ ծիծաղէր, ալիք խաղաղ ծածանէին, եւ հազիւ հեզիկ զեփիւռներ անուշիկ մը ջրերուն զարնելով թեւերնին` կարծես թէ կ՚ուզէին նուագաց հնչման հետ ներդաշնակել ալեաց մրմունջը: Ամեն նաւ ոսկիով կու շողշողէր, ամեն առագաստ ծաղկով պսակած էր, եւ ամեն ցռուկք նաւուց` բոցով նշանաւորեալ: Առջեւէն հասարակ նաւերն կ՚երթային, յետոյ ազնուականացն, եւ ամենուն ետեւէն` ծովապետականն, որ եւ ամենէն աւելի աչքի կու զարնէր թէ' ահեղ մեծութեամբն, թէ պայծառութեամբ լուսաւորութեանն, եւ թէ պճնապաճոյճ զարդարանօքն:

«Գրեթէ նաւահան գստին մօտեցեր էին, երբ յանկարծ մէկ վայրկենի մէջ երկինք մրրկելով եւ ծով խռովելով` անանկ ահաւոր փոթորիկ մը փըրթաւ, որ առագաստները պատըռտելով, կայմերը կոտրտելով` ցիրուցան ըրաւ նաւատորմիղը: Ո'հ, ի՞նչպէս յանկարծակի գոհաբանական սաղմոսներն` փոխուեցան ի հառաչանս զարհուրանաց: Մէկն կու վախէր թէ հիմայ պիտի խղդուի, մէկայլն ընկերին կենաց վրայ կու դողար, եւ աւելի շատերն կու վախէին կորսնցընելու այն սրբազան աւանդը. որպէս թէ ծովն` որ եւ զայրացած զզուած դուրս կու ժայթքէ ուրիշ դիակերը, այս մարմնոյս սովեալ եւ կարօտ ըլլայ: Բայց ամեն վախ եւ կասկած փարատեցաւ` երբոր տեսան որ ինքնին սուրբն այս մրրիկը հաներ էր, որպէս զի այս փոխադրութեան ատենը գայ բարեւելու այն նշանաւոր Այրւոյ այ գին. որոյ համար այնչափ տառապանք քաշեց: Հազիւ թէ ծովապետական նաւն հասաւ այն կողմի ծովեզերքին, մէկէն օդն հանդարտեցաւ, հովերն լռեցին, ալիքն խաղաղացան, եւ բոլոր նաւախումբն մէկտեղելով` ուրախութեամբ հասան ի կայսերական քաղաքն:

«Հոս այլ նոր հանդէսք, նոր զարմանք սկսան, ձիաւորք, զինուորք, քահանայք, ամենքն թափեցան ափանց վրայ, եւ մեծ թափոր մը կազմեցին մինչեւ յեկեղեցին Առաքելոց, որոց ետեւէն իբրեւ յաղթանակաւ` կայսերական կառաց վրայ կու գար սուրբ մարմինն: Իսկ ինչպիսի՞ հետեւողք կարծէք այսպիսի շքեղ յուղարկաւորութեան. - Համերք, որոց լեզուն կու բացուի, խուլքը` որ ձայն կու լսեն. կաղք` որ ի վազ կ՚ելնեն. կոյրք` որ լոյս տեսնեն հիւանդք` որ կ՚առողջանան, եւ ասոնց հետ մէկտեղ անանկ հեղեղ մը ժողովրդեան` որ հազիւ կու սղմի Կ. Պօլսի մէջ: Ոչ ոք այն օր հետաքրքրութիւն ունեցաւ նայելու` ոչ յաղթանակի կամարաց վրայ, որ ամեն փողոցի մէջ կան գնած էին, ոչ ծանծալի արձանագրութեանց վրայ` որ ամեն պատի վրայ կախուած էին, եւ ոչ ամեն պատուհանէ անձրեւի նման թափուած ծաղկանց վրայ: Ամենքն իրար հրելով` կու ջանային մտնել ի սուրբ տաճարը, ուր հանգչեցընելով պատուելի աւանդը, պատրիարքն բացաւ սնտուկը` որ ցուցընէ ժողովրդեան զՍուրբն:

«Անկարելի եղաւ հոս գորովալից ժողովրդեան բերանը բռնել` զայն տեսնելնուն, ամենքը միասիրտ միաբերան աղաղակեցին. «Յաթոռդ հրամմէ', սուրբ Հայրապետ, նստէ' քու աթոռդ»: Պաշտօնեայքն պատկառանօք առին տարին հոն տեղաւորելու, եւ ահա սուրբն ի տես ամենեցուն մեռած շրթունքը բանալով, եւ յստակ, պայծառ ու վսեմական ձայնով մը` արտասանեց, Խաղաղութիւն ամենեցուն: Որոտմունքը աղաղակի հնչեցին այս ձայնին, կրկնապատկեցան լացք եւ արտսունք, կայսրն Թէոդոս ի ծունկ ընկած` յոտս իր սրբազան (կնքա)հօրը` չէր դադրէր արցունքով թրջելէն, եւ ստէպ ստէպ պագնելէն, մինչեւ գրեթէ հարկ եղաւ բռնի վերցընել զայն առջեւէն, եւ դնել հոյակապ շիրմի մը մէջ ի ներքոյ խորանին»:

Այս երկայն ծնրադրութեան ատեն աղաչեց եւ խնդրեց Թէոդոս իր մօր` Եւդոքսիայ` ան գիտութեան եւ անիրաւութեան թողութիւն. եւ «յորժամ խոնարհեցոյց որդին նորա զգլխուն ի վերայ լանջաց սրբոյն ի պաղատանս, ընդ կատարումն աղօթիցն եւ դադարեաց շարժումն ( գերեզմանին Եւդոքսիայ), եւ ամենքեան փառաւորեցին զԱստուած»: Անկէց աւելի մեծ դադարումն եւ խաղաղութիւն եղաւ ընդդիմակիր սրտից. վասն զի «միաբանեցան ամենայն եպիսկոպոսունք եւ ժողովուրդք` որք հերձան ի միմեանց վասն անիրաւ անկման եւ աքսորանաց Ոսկիբերանին»:

Այս մեծահանդէս եւ մեծայիշատակ գործն եղաւ յամին 438 ի 27 աւուր յանուարի. անոր համար փոխանակ մահուն օրուան (14 սեպտ) այս օրս հաստատեցաւ տօն յիշատակի Խօսնակին եկեղեցւոյ, յորում իր սուրբ մարմինն դարձաւ եւ հանգեաւ իր հայրապետական եկեղեցւոյն մէջ, եւ ամենայն ազգք քրիստոնէից այս օրս նշանեցին իրենց Յայսմաւուրաց մէջ` հաստատուն եւ մեծագոյն օր յիշատակի եւ փառաց Ոսկիբերանի:

Այն երջանիկ եւ բուն օրն դարձման մարմնոյն յաթոռն, Կ. Պօլսի համաշխարհական հանդիսին եւ մեծ եկեղեցւոյն մէջ` ընդ բազմաթիւ մերազգեաց, որք անտարակոյս կային հոն, հաւանօրէն գտուած են եւ ոմանք ի թար գմանչաց մերոց, որք ուսմունքնին կամ գործերնին աւարտած` դառնալու վրայ էին առ Ս. Սահակ եւ Մեսրովպ. թերեւս իրենցմէ ոմանք ասով աւելի փառեցան այն տիեզերական եւ իրենց դրացի եւ հիւր վարդապետին գրուածները` որչափ որ գտնէին կամ կարենային` թար գմանելու հայերէն, ինչպէս ուրիշ Ս. Հարց այլ: Այնչափ հաւանելի կ՚երեւի ինծի այս բանս, որչափ որ Ոսկիբերանի գործոց հայերէն թար գմանութիւնքն գերագոյն են քան զայլ շատ թար գմանութիւնս, եւ գրեթէ անկարելի էր ասանկ ըլլալն` առանց մասնաւոր կամ կար գէ դուրս ներշնչութիւն մ՚ունենալու. եւ այս եղած է` կամ վերոյ գրեալ հանդէսը տեսնելով, կամ լսելով յականատեսից սրբոյն ըրածները եւ կրածները ի նոյն իսկ իրենց աշխարհին մէջ (ի Փոքր Հայս) եւ կամ անոնցմէ ոմանց ( գոնէ երիցագունից եւ իրենց վարդապետաց` Սահակայ եւ Մեսրովպայ), անձամբ այլ տեսած ըլլալովն զնա կամ խօսած կամ թղթակից եղած:

Կ՚արժէր շատ բան զրուցել, այս ոսկիբերանեան գրոց ոսկիական հայ թար գմանութեան վրայ, բայց այս չափս բաւական ըլլայ ըսելն` թէ գրոցն արժանի է թար գմանութիւնն, եկեղեցւոյ Խօսնակին արժանաւոր լեզու մը տուեր է հայկազնն` իր սեփականին մէջ. թերեւս եթէ Հայ ըլլար` քան զայս լաւ չկարենար հայկաբանել Յովհաննէս, թերեւս եւ ոչ իսկ իր բնիկ յունաբանութեամբն` առաւելու քան զհայ թար գմանութիւնն, եւ թերեւս թերեւս տեղ տեղ հայ թար գմանն գերազանցէ քան զյոյն բնագիրն. եւ յանդը գնիմ ըսելու` թէ Խօսնակն եկեղեցւոյ երբեմն աւելի վեհագոյն եւ պերճախօս Ոսկիբերան է այս հայկաբանութեամբ` քան ուրիշ որ եւ է լեզուով, նաեւ իւր բնիկ հելլենականաւն: - Անշուշտ մեծ պարծանք է այս այն ազգին` որ օտար ըլլաով կրցեր է Ոսկիբերանին շնորհքն աւելի մեծցընել, եւ փայլուն ոսկին կրցեր է բարակ բանուածքներով աւելի ազնուացընել:

Ասով` այս այլ յայտ է` թէ ո՜րչափ մեր հայերէն գրականութիւնն փառք եւ վայելք ստացեր է. զոր եւ առատապէս կրնան վայելել բանասէրք եւ հոգեսէրք` Ոսկիբերանի հայերէն տպագրութեամբ հրատարակեալ գրովք. որոցմէ դուրս գտուին ուրիշ գրուածքն այլ. եւ որոց մէջ մեզի համար ամենէն նշանաւոր եւ յիշատակաց արժանին է Մեկնութիւն Եսայեայ մար գարէի, ընտիր թար գմանութեամբ: Այնչափ պատուական է այս գործս, որչափ որ հիմայ յոյն բնագիրն ամբողջ չի գտուիր, այլ մինչեւ յութերորդ գլուխն, եւ կ՚երեւի թէ մինչեւ հոս նախ գրեր էր Սուրբն եւ դադրեցուցեր, յետոյ ( գուցէ յաքսորանսն) մնացեալն այլ աւարտեր է: Մեր թար գմանիչն` առաջին մասը գտեր է նոյն ինքն Ս. հեղինակին համբուրելի մատամբքն գրեալ, ինչպէս եւ ծանուցուած է մէկ հնագիր օրինակի մէջ` որ իմ ձեռքս այլ հասեր է. «Մինչեւ ցայս վայր գտաւ իւրով ձեռովք գրեալ երանելւոյն Յովհաննու յունարէն»: Անշուշտ ան գամ մ՚այլ պարտական պիտի ըլլան հայկական դպրութեանց` որոնք որ բաղդ ունենան կամ այս հայերէն թար գմանութիւնը կամ ասկից այլ ուրիշ լեզու թար գմանածը կարդալ:

Ասոր հետ կրնամք յիշել նորէն զներբող Լուսաւորչին, որ եւ նոյնպէս միայն հայերէն կայ եւ դեռ թար գմանած չէ յայլ լեզու: Եւ թէպէտ շատ ուրիշ գործեր այլ ունի Ոսկիբերան, որ կամ թար գմանած չեն ի մեր լեզու, կամ մեր ձեռքը չեն հասած, այլ եղածին եւ հասածին վրայ այլ մեծապէս երախտապարտ եմք` թէ թար գմանչացն, (յորոց` անուամբ միայն Թէոդորոս ոմն յիշի), եւ թէ հրաշալի հեղինակին` որ այնքան պէսպէս կերպով պատուեր է զՀայութիւն, սիրեր է մեր ազգը, զարդարեր մեր դպրութիւնը, եւ լուսաւորեր Հայաստանեայց եկեղեցին` յետ իւր յունականին, եւ երկուքին այլ հաւասար պար գեւեր է անմահ եւ անմոռաց յիշատակ` զառաջին գիրք քրիստոնէութեան` յետ առաջին (Սուրբ) գրոց, զՊատարագամատոյցն, որով աստուածային գերահրաշ խորհուրդն կատարի ի մեզ: Այո', մեր Ս. Հարց նախնեաց վաստակն այլ կայ այն սրբազան մատենին մէջ, բայց աղօթից մեծագոյն մասն Ոսկիբերանի աստուածեռանդն սրտէն բղխած է: Կրնամք ըսել թէ հզօրագոյն շաղկապ Հայ եւ Յոյն եկեղեցւոյ եւ դպրութեանց` եղած է Ոսկիբերան:

Ոսկիբերանի սիրոյն, պատւոյն եւ բարեաց երախտապարտ Հայկազին` գուցէ կրնայ եւ ինքն մեծանձնն այն երախտապարտ ըսուիլ` այս (մեր) ազգէն գտած ընդունելութեամբը, սիրովն, պատուով եւ իր երկասիրութեանց հաւատարիմ եւ արթուն պահպանութեամբ: Եւ ոչ միայն իր գրոց, այլ եւ իրեն վրայ խօսուած գրքերով, զորս թար գմաներ են Հայք, եւ որոց վրայ իրենք այլ աւելցուցեր են քանի մը գովասանական եր գեր եւ յիշատակներ: - Իսկ իր սրբութեան եւ երկնաւոր անմահութեան յիշատակին այլ ջերմեռանդն մեծարողք ըլլալնին` յայտներ են եւ յայտնեն, ոչ միայն անոր աթոռական քաղքին (Կ. Պօլսի) մէջ իրեն նուիրած եկեղեցեօք, այլ եւ օտար կողմերը, եւ մանաւանդ այն տեղուանք` ուր իր վերջին կեանքն անցուց, ի սահմանս աշխարհին մերոյ. թէպէտ, ափսո՜ս, որ ինչպէս առաջ յիշեցի, այս կողմերս հիմայ քիչ ծանօթ ըլլալով` իրենց յիշատակարաններն այլ կու ծածկուին:

Բայց չի կրնար եւ պէտք չէ բոլորովին անծանօթ եւ ծածուկ մնալ մեզմէ` գոնէ Ոսկիբերանի կենաց յետին յիշատակարանն, միան գամայն եւ յետին աւանդն, զոր թողուց ի ձեռս Հայոց. - իր մահուան եւ անմահութեան միջնորդ գերեզմանն: - Երբոր Թէոդոս կայսեր խնդրանօք մարմինն փոխադրեցաւ ի մայրաքաղաք, բնակիչք Կոմանայ դժուարէին եւ հակառակէին թողուլ իրենց հիւրը եւ երագահաս օգնականը. եւ միայն թագաւորական զօրաց վախէն` ետ կեցան, շատանալով սրբոյն պատանքը իրենց մէջ բաժնելու, եւ անոր գերեզմանը իբրեւ աւանդապահք` պատուելու: Հաւանական է որ այն ատենն այլ այս քաղքին բնակչաց մէկ մասն Հայ էր, եւ ԺԱ դարու մէջ աւելի այլ հայացաւ` երբ Գագիկ Կարուց թագաւորն` փոխանակ իր երկրին` այս կողմերս առաւ իրեն ժառան գութիւն: Հին եւ նոր գաղթականք մեր ազգայինք` պատուեցին այս տեղւոյս ամենէն սրբազան յիշատակարանը` հազար տարի. եւ երբ ստիպուեցան հեռանալ ի Կոմանայէ` քաղքին կործանման պատճառաւ, (զորոյ որպէսը չեմ յիշեր), Ոսկիբերանի մարմնոյն տաճարացեալ տապանակն այլ` առաքինի հաւատարմութեամբ` հետերնին տարին: Ոսկիբերանի առաջին հանգստարանն, որ եւ Ս. Բասիլիկոսի, կէս ժամու չափ հեռու է, յաւերակաց Կոմանայ քաղաքի, եւ մինչեւ հիմայ ցուցուի տեղն քարակոյտ: Իսկ նոր հանգստարանն` ի գեօղն Պիծեռի, երկու ժամու հեռու ի Կոմանայէ. հոս է վանքն Ս. Նշան, որ հիմայ կոչուի Ս. Ոսկիբերան. եւ գրեթէ նորէն շինեցաւ մեր ատեն (1842), ու աւանդատանը մէջ ամփոփեցաւ սրբոյն անուամբ մատուռն, յորում կայ եւ իր գորշագոյն կճեայ գեեզմանն քանդակազարդ կափարչաւն: ընդ հովանեաւ Ս. Նշան խորանին, ուր գան եւ Յոյնք յուխտ` բարի նախանձով, տեսնել իրենց հայրապետն իբրեւ իր վերջին օթեւանին մէջ հիւրընկալեալ ի Հայոց:

Երանի՜ մերոնց` թէ կարենան միշտ այն սաւառնաձայն հովտին մէջ` (զոր երկուստեք պատելով Իռիս եւ Գայլ գետք` մեծ կարկաջանօք վազեն գնան յարեւմուտս`ք ընդ լերինս եւ առապարս` միանալ մէկ-մէկու, դառալ ի հիւսիս եւ թափիլ ի Պոնտոս), պահել եւ պատուել այն նախանձելի հանգստարանը, ուր միայն հանգչեցաւ լեզուաւ եւ մարմնով` աստուածաշարժ Խօսնակն Եկեղեցւոյ: Երանի՜ մերոնց, թէ մեր նախնեաց պէս կարենան սիրողք եւ սիրելիք ըլլալ Ոսկիբերանի: Եւ դարձեալ երանի՜, եթէ կարենան միշտ զգալ եւ ըսել իրենց մէկ հին տաղասացին հետ:

«Մե՜ծդ Ոսկիբերան, քո տիրովդ` ոչ յագենան տիեզերաց ազինք»:

ԺԹ. Ազգային վիպասանութիւն

[խմբագրել]

ԵՐԲՈՐ մարդիկ սփռեցան երկրիս վրայ` ամեն դի անտառներ, մացառներ, լճեր, առուներ, գետեր, բլուրներ եւ անոնցմէ ալ դժուարին` գազաններ եւ սողուններ, գրեթէ իրենցմէ առաջ երկրիս տիրած` ար գելք կ՚ըլլային իրենց քաղաքավարութեանը. պէտք էր որ մարդ յաղթէ անոնց, խլէ, հալածէ, ջնջէ անհարկաւոր եւ վտան գաւոր երեւցածները: Բայց այս բանս ընելու համար ո՜րչափ աշխատութիւն, որչափ ջանք, որչափ կարճութիւն պէտք էր: Ոմանք աս դժուարութիւնները տեսնելով` թուլութեամբ եւ վատութեամբ ետ քաշուեցան, անասնոց պէս բնութեան բացած խորշերու մէջ բնակելով, խիստ քիչ բան քովերնէն յարմարցընելով, եւ անանկ անքաղաքավար ապրեցան շատ դարեր: Ոմանք ալ ասոնց ներհակ` ամենայն դժուարութիւն յանձն առած` բնութիւնը քաղաքական կենաց հնազանդեցուցին, երկիրս` մարդկան դիւրին եւ վայելուչ բնակարան ընել ջանացին: Բայց այս աշխատանքէն վեր` դժուարին եւ ցաւալի աշխատանք մ՚ալ բացուեցաւ իրենց. չէ թէ միայն անշունչ բնութեան կամ անասնոց հետ կռուելու ստիպուեցան, հապա նաեւ իրենց նմանեացը հետ, որ անասնի նման կամ անհոգութեամբ կամ կատաղութեամբ` ընտանի մարդկան կը վնասէին. երբեմն իրենք զիրենք պաշտպանելու հոգն, երբեմն փառասիրութիւն կամ տիրասիրութիւնն հնարեց զէնքեր եւ պատերազմներ. անոնք որ քաջութեամբ յաղթեցին բնութեան, գազանաց, եւ իրենց թշնամի ըսած նմանեացը, ըսուեցան քաջ, արի, այր, հսկայ, դեւ, դիւցազն եւ աստուածք, որոնցմէ սովորական եղածն է մեր մէջ` Դիւցազն ըսելը: Այս դիւցազունքս նախ իրենք սկսան` ինչպէս որ հպարտութիւն կամ անձնասիրութիւնն կ՚ազդէր` իրենք զիրենք գովել, եւ ըրած մեծագործութիւննին մեծաբանութեամբ զրուցել. վերջը իրենց զարմացողները սկսան զիրենք գովել. այս գովեստներէն աղէկ զրուցածները եղան ազգային եր գեր, որ վերջը մէկմէկու կպցընելով` թէ որ նոյն քաջին եւ նմանեացը վրայ եր գած էին, կամ բնաստեղծութեան արուեստը զար գանալով` երկայն եր գեր շինելով` ձեւացան Վիպասանութիւնք, ինչպէս է Հոմերոսինը, Վիր գիլիոսին, եւ այլն: Այս եր գերուն արեւմտեայք յունական բառով կ՚ըսեն Էբոբի'ա, եւ մեր մէջ Դիւցազներ գութիւն ըսուեր է, դիւցազանց վրայ եր գելուն համար, անոր համար Դիւցազնական եր գկամ Տաղ ալ կ՚ըսուի, կ՚ըսուի նաեւ Վիպասանութիւն` աւելի հարազատ թար գմանութիւն յունական ձայնին, եւ գրեթէ հոմանուն, որով մեր հին հարքն ար իրենց եր գչաց` Վիպասան կ՚ըսեն եղեր:

Ամեն ազգալ որ հին քաջ մը կամ Դիւցազն ունեցեր է, իր Վիպասանն ալ պիտի ունեցած ըլլայ. ետեւի եկող քաջերուն ալ եւ անոնց ազգակցացն ալ սիրտ տուողը Վիպասանից եր գերն էին, եւ են միշտ: Պատմութիւնն ամեն ազգաց վրայ տեղեկութիւն չի տար մեզի. բայց կը յիշէ որ Յոյնք վիպասաններ ունէին Րափսոտ ըսուած, որոնք իրենց անմահ Հոմերոսին ալ հայրն են. - արեւելքի հին թագաւորներն իրենց արքունեաց մէջ ունէին իրենց Գուսանները, կամ հանդիսի ատեն բերել կու տային, որ նախ քաջութեան եր գիչք էին, վերջը մեղկացան, եւ արանց տեղ կանայք ալ մտան: - Եւրոպայի հիւսիսական ազգերն ունէին իրենց Սքալտ ըսուած վիպասանները, որ իրենց քաջերուն եր գովը ցուրտ եւ մառախլապատ Սկանտինաւեան աշխարհքները կը մխիթարէին: - արեւմտակողմանք ալ, հին Բրիտանիացիք եւ Գաղղիացիք, ունէին իրենց մեծահամբաւ Բարդ կամ Պարտ վիպասանները, որ պատերազմի բանակներու մէջ ալ կը մտնէին, եւ քաջերուն եր գերովը նոր քաջեր կը պատրաստէին, ասոնք այնչափ անուանի եղան, որ շատ հեղ Եւրոպացիք բանաստեղծ ըսելու տեղ Բարդ կ՚ըսեն, ինչպէս որ մենք ալ իրենց պէս յունական բառէն առած Պուետ կ՚ըսեմք: - Ինչուան Ամերիկայի Բերու ծաղկած աշխարհքն ալ ունէր իր Ամուտաս եր գիչները:

Հապա հինն Հայաստան չունէ՞ր իր Վիպասանները, իր Բարդերը: - Թէ որ առ աշխարհքն է ամենայն աշխարհի մայր եւ դայեակ, թէպէտ չեմք կրնար ըսել, թէ ամեն բանի ալ ինքն է օրինակ տուողը, բայց չեմք սխալիր ըսելու` որ առաջին եր գերը Հայոց լեռներուն արձագանքներովը ձեւացան: Թէպէտ եւ վիպասանութիւն մը մեզի հասած չէ ի նախնեաց, ոչ ամբողջ եւ ոչ մասամբ, սակայն Խորենացւոյն պատմութենէն եւ քանի մը ուրիշներէ կ՚իմացուի որ Հայոց մէջ ալ շատ հնուց մտած էին եւ շատ վիպասանութիւններ կային, եւ եթէ Հայք շատ սիրող էին այս վիպասանութիւնները լսելու եւ եր գելու. թէպէտ եւ նոյն Խորենացին տեղ մը կը մեղադրէ մեր հին թագաւորները` թէ բանաւոր եր գարանաց անհոգէին, թերեւս գրով չթողլուն համար կ՚ըսէ. վասն զի նաեւ իր պատմութիւններէն կ՚երեւի որ վիպասանական բանից սկիզբն Հայաստանի մէջ Հայկայ օրերուն պէս եւ աւելի հին է. վասն զի ինչպէս կը յիշէ, Աթէնքի իմաստնոց ժողովքին մէջ Ոլոմպիոդոր փիլիսոփայն կը պատմէր ընկերացը, թէ հին գիրք մը կայ եղեր առջի ատենները Նոյի եւ իր որդւոցը պատմութեան, եւ այս պատմութիւններունդիպուածները, կ՚ըսէ. հին Արամազնեայք ալ, այսինքն Հայերն, իրենց բամբիռն ըսուած նուագարանով եւ պարով կ՚եր գէին: Յայտնի է որ այն բաներն եր գի վրայ առնուած էին հնուց, որ ռամիկ ժողովուրդն ալ աւանդութեամբ սովրած կ՚եր գէր առանց գիր ճանչնալու. եւ յիշատակեալ եր գոց մէջ ամենէն հին աս է ջրհեղեղէն ետեւ:

Թէ որ այնպէս կանուխ լսեր էին Հայաստանի բլուրներն վիպասանութեանց ձայն, անկարելի էր որ Հայկակ արիական գործքերը տեսնելով լուռ կենային. առաջին ազգային վիպասանութիւն մը իրեն վրայ եր գուած է այն ատենուան անպաճոյճ պարզութեամբ. եւ այս բանիս ալ կը վկայէ Խորենացին, թէ Մարիբասայ պատմութեան նման` Հայաստանի ան գիր զրոյցներուն մէջ ալ կ՚ըսուէր Հայկայ Բաբելոնէն դառնալը, առաջին շինութիւնները, եւ այլն:

Այս օրինակէս չեմք խաբուիր թէ որ ըսենք թէ ամեն քաջ կամ դիւցազն` նոր վիպասանութեան մը պատճառ կ՚ըլլար, կարճ կամ երկայն: Այսպէս Հայկէն ետեւ Արամն է Հայոց մեծ դիւցազն. ասոր մեծամեծ գործքերը կարժէր որ հին գրքերու մէջ գտնուէր, կ՚ըսէ Խորենացին. բայց թէպէտ եւ այն հին ատենները գրող չեղաւ, սակայն վիպասաններ գտնուեցան, որոնց եր գածէն` կ՚ըսէ Մարիբաս` վերջը ամենայն ազգաց պատմութիւն գրողներն ժողովեցին. անկէց առին Քաղդէացիք կամ Բաբելոնացիք ալ, եւ գրեցին թագաւորական դիւաններուն մէջ, Աղեքսանդր յունարէն թար գմանել տուաւ, Մարիբաս ալ ասորերէն. անկէ ալ Խորենացին իր պատմութիւնը հիւսեց: Այսպէս Հայ վիպասանից եր գածը հին գվեց տեսակ գաղափարէ եւ լեզուէ անցնելով, դարձաւ իր բնիկ լեզուին եւ աշխարհին մէջ, եւ միայն հոն մնաց: Ո՞րչափ երախտագէտ պէտք է ըլլանք այն վիպասանից, որ աւանդեցին աշխարհիս` անանկ երեւելի մարդու մը յիշատակ:

Արամէն ետեւ իր գեղեցիկ որդին կու գայ Արայ, որուն դիպուածը թէ որ իր հօրը պէս փառաւոր ալ չէ, սակայն աւելի սրտաշարժ է եւ եզական. Հայոց վիպասաններն անանկ սիրելի, առաքինի եւ ողբալի նահապետի մը յիշատակը չէին կրնար թողուլ. եւ յիրաւի կը յիշէ Խորենացին որ Արամայ դիպուածներուն պէս` նման Մարիբասայ պատմութեան` ասոր հանդիպած բաներն ալ Հայոց զրոյցներուն մէջ կար. թէպէտ Շամիրամայ գործոցը համար է զրուցածն, բայց յայտնի է որ եւս առաւել Արային համար եր գեր ալ կային. այն գեղեցիկ Արային` որուն սիրոյն համար` մեռնելէն վերջը բոլոր աշխարհքն ոտք ելաւ, եւ Շամիրամ հազիւ կրցաւ հանդարտեցնել հաւատացընելով թէ աստուածները ողջացուցին եւ իրենց քովը առին զԱրա: Թովմա Արծրունին ալ Խորենացիէն դուրս ուրիշ առասպելներ ալ կը յիշէ Շամիրամայ եւ Արայի վրայ. թերեւս հին եր գոց աւանդութիւնն ըլլայ:

Հայկայ եւ Արամայ ընկեր է հայկազնեանն Տի գրան. ասոր ըրած մեծ դիւցազնական գործքն էր Մարաց տէրութիւնը վերցընելն, որ այն ատեն Ասիոյ ամենէն մեծ եւ ամենիշխան տէրութիւնն էր. ասոր վրայ շատ բաներ գրուեցան եւ եր գուեցան. ինչպէս իրեն բնաւորութեանն համար ալ այն հին բամբռահար վիպասաններէն վկայութիւնն կը բերէ Խորենացին, որոնց եր գածը ամբողջ հազար տարիէն վերջը, այնչափ դժուարին դարերէ ալ անցնելով` դեռ Խորենացւոյն ատենն ալ Գողթնեաց աշխարհին կողմերը կը լսուէր: Այն հին վիպասանութեանց մնացորդներէն առած կ՚երեւայ Խորենացին Տի գրանայ ընծայած գողտրիկ անունները: Նոյն մնացորդները վիպասանութեան մը պատճառ եղան շատ դարեր ետեւ, որ վերջը պիտի յիշեմք:

Տի գրանայ յաջորդաց մէջ շատ անուանի եղաւ Վահագն, որ Յունաց Հերակլէսին նման գործքեր ըրած է կ՚ըսէին, անոր համար ալ աստուածներու կար գանցուցին մերոնք, եւ Հերակլի տեղ Վահագն կ՚ըսէին, ինչպէս մեր սուրբ Թար գմանիչք ալ այս սովորութիւնս պահեցին: Ասոր վրայ եր գածներէն ոմանք ինչուան Խորենացւոյն ականջին ալ հասան Գողթնեաց երկիրը, ինչպէս կը պատմէ ինքն, որ հին եր գոց հետ հին բամբռանց ձայներ ալ լսեց, եւ պատառիկ մ՚ալ մեզի հասուց այն եր գերէն. որ որչափ ալ փոխուած կարծուի երկայն ժամանակին միջոցով` այնչափ չէ, վասն զի եր գով ինջած է, որ շարունակութեամբ կը պահուի եւ շատ չի փոխուիր. աւելի փոփոխութիւն ձեռագրաց պատճառաւը պիտի ըլլայ. բայց անոնց մէջ ալ քիչ տարբերութիւն գտնելով, կրնանք հաւատալ թէ ասկէ իբրեւ 2300 տարի առաջ Հայոց վիպասան մը եր գեր է այս կամ ասոր շատ նման.

«Երկնէր երկին եւ երկիր. երկնէր եւ ծիրանի ծով.
«Երկն ի ծովուն ունէր զկարմրիկ եղե գնիկն.
«Ընդ եղե գան փող ծուխ ելանէր,
«Ընդ եղե գան փող բոց ելանէր.
«Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.
«Նա հուր հեր ունէր,
«Նա բոց ունէր մուրուս,
«Եւ աշկունքն էին արե գակունք»:

Ասիկայ մեր գրականութեան ամենէն հին յիշատակարանն կրնայ սեպուիլ:

Վահագնէն ետեւ մինչեւ Արշակունեաց ատեն չեմք կարծեր որ վիպասանութիւն մը շինուած ըլլայ. վասն զի Հայաստան Պարսից իշխանութեան տակ ընկաւ, վերջն ալ Մակեդոնացւոց եւ Սելեւկիացւոց, թէպէտ երբեմն ազատութիւն ալ գտաւ եւ առանձին թագաւորներ ալ ունէր. բայց առջի փառքն ու շնորհքն չ գտաւ ինչուան Վաղարշակայ օրը: Ասոր հետ նորէն զօրացան Հայոց բամբիռներն, ինչուան Բ Արտաշիսի օրը, Խորենացին զանազն պատմական դիպուածներու վկայութիւն կը բերէ Հայոց եր գերէ եւ զրոյցներէ. բայց կ՚երեւի թէ շատն առանձին կարճ եր գեր եւ առասպել զրոյցներ էին. ասանկ է Հադամակերտ քաղքին մէջ պատմուած առասպել բան մը Արծրունեաց վրայ. Տորքայ սոսկալի ուժին վրայ. Սանատրկոյ սննդեանը վրայ. Երուանդայ ծննդեանը եւ աչքին ահեղ նայուածքին վրայ, եւ այլն:

Իսկ Արտաշիսի օրերը, որ երկայն խաղաղութեամբ ամենայն բարեկար գութիւն ծաղկեցուց, գիտութիւններն ու բանասիրական դպրութիւնն ալ ծաղկեցան, եւս առաւել բանաստեղծութիւն, իրեն ատեն շինուեցաւ մեծ եւ արուեստաւոր երկայն վիպասանութիւն մը, զօր Խորենացին ալ յատուկ վիպասանութիւն կ՚անուանէ, եւ շինողներն ալ Վիպասան, որոնց մէկն էր անշուշտ նոյն իսկ թագաւորին որդին Վրոյր, «իմաստուն եւ բանաստեղծ», որ հօրը արքունեացը վերակացու էր, թերեւս Համամ Արծրունեաց իշխանն ալ ձեռք ունէր, վասն զի բանասէր մարդ էր եւ արքունեաց դիւանապետն էր: Այս վիպասանութեանս մէջ կ՚եր գէին բոլոր Արտաշիսի գործքերը, Երուանդայ հետ ըրած պատերազմը, հօրը աթոռը նստիլը, Ալանաց հետ ըրած խնամութիւնը եւ Սաթեն օրիորդը կին առնուլը, ասոր հարսնախօսութեանը համար կ՚ըսէ Խորենացին.

«Զայս տեղի առասպելաբանելով վիպասանքն` յեր գելն իւրեանց ասեն.
Հեծաւ արի արքայն Ատաշէս ի Սեաւըն գեղեցիկ.
Եւ հանեալ զոսկիօղ չիկափոկ պարանն.
Եւ անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ ընդ գետն,
Եւ ձ գեալ զոսկիօղ չիկափոկ պարանն`
Ընկէց ի մէջք օրիորդին Ալանաց,
Եւ շատ ցաւեցոյց զմէջք փափուկ օրիորդին,
Արագհասուցանելով ի բանակն իւր»:
Այսպէս ասոնց հարսանեկան եր գերէն ալ այս տողս կը բերէ.
«Տեղ ոսկի տեղայր ի փեսայութեանն Արտաշիսի,
Տեղայր մար գարիտ ի հարսնութեանն Սաթինկան»:

Նոյն վիպասանութիւնն կը պատմէր Արտաշիսի որդւոյն գործքերն ալ. Արտաւազդայ նախանձը` Ար գամայ Մարաց նախարարին վրայ, ուր Մարաց ցեղին սկիզբն ալ կը պատմուէր. եւ Առաջին Տի գրանայ յաղթութիւնն Աժդահակայ վրայ, եւ ուրիշ դիպուածներ` այլաբանութեամբ. Ար գամայ ըրած կոչունքը Արտաշիսի եւ բոլոր թագաւորական տանը. ուր կ՚ըսէր վիպասանութիւնն.

«Տենչայ Սաթինիկ տիկին տենչանս` զարտախոյր` խաւարտ եւ զտից հաւարծի ի բարձիցն Ար գաւանայ».

Հոն Ար գամայ սպանութիւնն, եւ տանը այրիլն, եւ այլն, եւ այլն: Բայց աւելի կու պատմէր Սմբատայ Բիւրատեան քաջութիւնները: Այրաքաջ անուանելով զնա. Դոմեստիանոս կայսեր հետ Հայոց պատերազմը եւ Սմբատայ ձեռքով յաղթելն: Արտաշիսի հիւանդութեան եւ մահուան դիպուածներն ալ կ՚եր գէր վիպասանութիւնն, եւ կ՚երեւի թէ այն վիպասանութենէն առնուած է Մագիստրոսի յիշածն, թէ Արտաշէս Պարթեւ մեռած ատեն` յիշելով կենաց եւ տարւոյն գարունը, երբ առաւօտուն լոյսը ցօղին հետ խառնած բարակ մի գի պէս գեղերու եւ քաղքըներու վրայ կը տարածէր, ըսած ըլլայ.

«Ո՞ տայր ինձ զծուխ ծխանի եւ զառաւօտն նաւասարդի,
Զվազելն եզանց եւ զվազելն եղջերուաց.
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք»:

Մահուանն ատեն ալ զԱրտաւազդ անիծանելն ալ նոյն վիպասանութենէն կ՚երեւի. իբր թէ երբ Արտաւազդ տեսնելով որ շատերն Արտաշիսի սիրոյն իրենք զիրենք կը սպաննեն գերեզմանին վրայ, բողոքած ըլլայ.

«Մինչ դու գնացեր եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար.

Ես աւերակացս ո՞րպէս թագաւորեմ»:

Արտաշէս ալ պատասխանած ըլլայ.

«Դու յորս հեծցիս յազատ ի վեր ի Մասիս,
Զքեզ կալցին քաջք, տարցին յազատ ի վեր ի Մասիս.
Անդ կացցես եւ զլոյս մի' տեսցես»:

Արտաշիսէն վերջը` Արտաւազդայ վրայ պատմած առասպելներն ալ այս վիպասանութեանս մասն եղան. որուն համար կ՚ըսուէր հոն, թէ ծննդեանը ատեն

«Վիշապազունք գողացան զմանուկն Արտաւազդ, եւ դեւ փոխանակ եդին»:

Այս վիպասանութենէս կարծուի Վարդ գէսի վրայ եր գուածն ալ, որ Ա Տի գրանայ քեռայրն էր, Արտիմէդ քաղաքին շինուածքին համար.

«Հատուած գնացեալ Վարդ գէս մանուկ ի Տուհաց գաւառէն

«ԸզՔասաղ գետով,

«Եկեալ նստեալ զՇրէշ բլրով, զԱրտիմէդ քաղաքաւ,

«ԸզՔասաղ գետով,

«Կռել կոփել զդուռն Երուանդայ արքայի»:

Արդ ինչպէս կ՚երեւնայ այս հատուածներէն: Արտաշիսի ատեն շինուած վիպասանութիւնն` իրեն որդւոց ատեն ալ շարունակելով` Ֆիրտուսի Պարսից բանաստեղծին շինածին պէս թագաւորական գործոց վիպասանութիւն մ՚եղաւ. բայց յունական արուեստով` մէջը հիւսուած էին հին դիպուածներ ալ: Այս բանիս ապացոյց մ՚ալ կու տան մեզի հին եւ կորուսեալ ընդարձակ Հայոց պատմութեան մը մնացորդ կցկտուրքն, զոր Ստեփանոս Ռոշքեան իր բառագրոց մէջ ցրուած է. ուր ամենէն աւելի Սմբատայ վրայ վկայութիւններ կան, պատմութեան դիպուածոց մանր պարագայիւք, եւ յայտնի կ՚ընեն, ինչպէս Խորենացւոյն պատմածներէն ալ կ՚երեւի, որ Սմբատն էր դիւցազնագոյն Հայոց վիպասանութեանը մէջ. եւ այն վիպասանութենէն հաներ էր պատմութեան հաւաքողն, եւ մեր պատմութեան ամեն մասերէն երկայն Բ Արտաշիսի եւ իրեն որդւոյն Տիրանայ ժամանակները ստորագրեր էր. վասն զի այս Տիրանայ վրայ ալ շատ յիշատակութիւն կայ, եւ վայելուչ ալ էր. վասն զի Արտաշիսէ վերջը` Արտաւազդ եւ ոչ երկու տարի թագաւորեց, վերջը Տիրան նստաւ. որուն ատեն քաջն Սմբատ Բիւրատեան` թէպէտ եւ ծեր, բայց Հայ սպարապետի մը պէս ծեր` դեռ կարող էր պատերազմ մտնել եւ ելնել: Ուրիշ կորուսեալ պատմիչ մ՚ալ կը յիշէ Սմբատայ պատերազմները Հռոմայեցւոց եւ ուրիշ ազգաց հետ. կը յիշուին իր մեծահանդէս հարսանիքն, մեծավայել ճոխութիւնն, երեքակնեայ մատանին, մականակիր երթալն, սաստիկ կառք քշելն, դեսպանութիւնն, նախարարաց պար գեւներ տալն, եւ այլն: Վրաց պատմութեան մէջ ալ կը յիշուին Սմբատայ գործքերն` այն աշխարհին մէջ: Ասով շատ անհաւանելի չէ` թէ Բուզանդայ յիշած Հայոց «Եր գն առասպելեաց վիպասանութեանն» ալ` այս վիպասանութիւնս ըլլայ:

Թողլով յիշելու մանր մունր եւ ռամկական չէր եւ առինչ ըսուած եր գերը, միայն քանի մ՚ուրիշ վիպասանական քիչ ճանչցուած եր գերն յիշենք, որոնցմէ մէկը Արտաշիսի, մէկն ալ Դարեհի մահուան վրայ եղերեր գական եր գեր են եղեր, ինչպէս կը յիշեն հին քերականի մեկնիչք, առանց իմացընելու թէ ո՞ր Արտաշիսի եւ ո՞ր Դարեհին վրայ գրուած էին, միայն այս յայտնի կ՚երեւի որ Ժ եւ ԺԱ դարերու մէջ ալ դեռ Հայաստան կը գտնուէին այս եր գերս, եւ թերեւս դեռ գտուին, գուցէ վերոյիշեալ Մագիստրոսէն բերածնիս ալ Արտաշիսի դամբանականէն ըլլայ:

Ասոնցմէ դուրս կը յիշեն նոյն քերականք մէկ վիպասանութիւն մ՚ալ. «Պատերազմն Հայոց եւ Մարաց» ըսուած, զոր Դաւիթ անունով մէկը շինած է, ոմանք Դաւիթ Անյաղթը կ՚ըսեն, Ա Տի գրանայ վրայ. կ՚երեւի թէ անոր վրայ շինած հին Հայկազանց վիպասանութեան կտորները գտեր, եւ անկէ շարժեալ` նոր տաղաչափութեամբ գրեր է իր վիպասանութիւը. ինքը գտեր է, ինչպէս յայտնի կ՚իմացնեն, Տի գրանուհւոյ մահուանը վրայ հին ատեն եր գուած դամբանական եր գը, եւ այն եր գն ալ իրեն ոճովը խառներ է վիպասանութեանը մէջ. ուր կը յիշէ թէ Փողարն, այս ինքն հին դամբանական եր գիչն անանկ վարպետութեամբ կ՚եր գէր ողբը, որ Տի գրանայ սրտէն անցածը` դուրս կը բացատրէր. յիշուած հատուածն այս է.

«Եւ արդ ներ գործող ի միտս երեւիւր առ խորհուրդս Փողարին,

«Մեծոգւոյ Տի գրանայ գեղանին Տի գրանուհի,

«Իւր ներ գործեալ զԿողաբաղն, նա եւ ողջամիտ աշխարհածուհի»:

Դաւթի վիպասանութենէն կարծուի հետեւեալ տողս ալ.

«Փոխատեղեցին ի Պարս` զՄարային թագաւորութիւնն»:

Թէ որ ոչ յատուկ վիպասանութիւն, գոնէ բարոյական վիպասանական քերթուած պիտի ըլլան Համամ վարդապետին յիշածներն ալ. «Որպէս Կայէնին եւ Սեթայն կամ Ղամեքայն, եւ Երիտասարդին հարելոյ ընդ արդարն եւ ընդ սուտն»:

Հին Յունական Վիպասանութեան յիշատակութիւն մ՚ալ կը գտնեմք յետին դարու գրուածոց մէջ, «Առասպելք Արամազդայ եւ Հերմեայ» ըսուած. որ կ՚երեւի թէ յունարէն թար գմանաց հին քերդուած է, գուցէ թէ եւ Հոմերոսին մէկ մասն ըլլայ. բայց յայտնի է որ երկայն գրուած էր. զի յիշողն` Պղնձէ քաղաքին հաւասար կը յիշէ: - Իսկ այս Պղնձէ քաղաքս բարոյական վիպասանութիւն մ՚է պարսկերենէ թար գմանած: - Նոյնն Պղնձէ քաղքին հետ կը յիշէ եւ Շիրինշահ վիպասանութիւնը. որ նոյնպէս կ՚երեւի պարսկերենէ թար գմանած. զաս չեմ տեսած, բայց Պղնձէ քաղաքին օրինակը շատ տեղ կը գտուի. սակայն երկուքն ալ դիւցազնական վիպասանութիւններէ դուրս եւ վերջին ատենի բաներ են:

Ասոնցմէ աւելի ռամկական վիպասանութեան մը պէս բան մը պիտի ըլլայ Մխիթար Ապարանցւոյն ըսածն ալ Հայոց համար, թէ «Հետեւին զանազան շարականաց եւ բարբանջաց, այսինքն որ կոչի Կուզ եւ Կատու»:

Վերը յիշած Հայկական վիպասանութեանց պէս պէտք է որ ուրիշ շատ վիպասանութիւններ ալ եր գուած ըլլան հին Հայաստանի մէջ. բայց ո'ւր են հիմայ այնչափ եր գերն. ի՞նչ պատճառով բոլորն ալ կորան: - Մէկ պատճառն է որ գրով չէին գրուած շատն, կամ քիչ օրինակ կար. հապա եր գով ազգէ ազգկ՚անցընէին. անոր համար եր գն խափանուած ատեն` բոլորն ալ խափանեցաւ: Իսկ երկրորդ պատճառ թուի աս եր գերուն ալ, մնացած հեթանոսական գրուածներուն ալ խափանիլն` Լուսաւորչի եւ Տրդատայ հրամանաւ, ազգին ի քրիստոնէութիւն դարձած ատեն. որ չըլլայ թէ նորէն հին կրօնքի եւ հին թոյլ սովորութեանց դառնան. գիտնալով որ կրօնքի եւ սովորութեանց մէջ Հայք շատ կամապաշտ են, եր գալ շատ կու սիրեն: Իրաւ այս ար գելքս մեր գրականութեան մեծ վնաս բերաւ, բայց առանց անոր` յամառ եւ անկիրթ ժողովրդեան կանոն դնել չէր ըլլար. ինչպէս յայտնի կ՚երեւի անկէ ալ, որ երբ թուլնային հաւատքէ` մէկէն իրենց հին աւանդութիւնները կու փնտռէին. ինչպէս որ ըրին մեծին Ներսեսէ առաջ Տիրանայ ատեն. «Դե գերեալ մաշէին … ի հնութիւն հեթանոսութեան սովորութեանց … եւ զիւրեանց եր գս առասպելաց զվիպասանութեանն սիրեցեալք` ի փոյթ կրթութեանցն, եւ նմին հաւատացեալք եւ ի նոյն հանապազորդեալք»:

Ասանկ ալ յաջորդ դարուն մէջ երբոր Վասակ կը ջանար քրիստոնէութիւնը վերցընել Հայաստանէն` դարձեալ մնացած հին եր գերը դուրս հանել սկսաւ. «Քաղցրացուցանէր ոմանց զկար գս երաժշտութեան եւ զԵր գս հեթանոսականս»: Թերեւս այսպիսի հակառակասէր հոգւոյ ջանքն աւելի պատճառ եղաւ որ այն մնացորդներէն ալ գտածնին ջնջեն Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք: Իսկ Հայաստան` Պարսից վտան գէն անցնելէն ետեւ, ալ կրօնքին մէջ հաստատուեցաւ, վախ չկար վիպասանութիւններէն. բայց կու կարծեմ որ ամբողջ գրած վիպասանութիւն մ՚ալ չկար. վասն զի Պարսիկներն ալ ջանացին Հայաստանի մէջ գտած գրքերնին ջնջել. սակայն որովհետեւ դեռ տեղ տեղ կը լսուէին անոնցմէ եր գեր, մանաւանդ Գողթնեաց կողմը, ինչպէս Խորենացիէն բերած վկայութիւննիս կու վկայեն, կրնար Թար գմանչաց մէկն ժողովել հնուցմէ մնացածը եւ իրմէ վերջիններուն ալ աւանդել: Այս բանս ըրա՞ծ են թէ չէ` չեմք գիտեր. բայց այս յայտնի է որ կամ առանձին հաւաքմունքով, կամ պատմութեանց մէջ բերելով` վերը յիշած վիպասանութեններէն ոմանք, կամ մէկ մասն` ինչուան Մագիստրոսին ատեն կամ գոնէ Համամայ ատեն կային:

Անոնցմէ վերջը ի՞նչ եղան. - քանի գնաց անանկ գրուածներն աւելի ծածկուեցան. վասն զի առաջ ալ առասպել բաներու կար գգ րուած թողուած էին. Շիրակացւոյն պէս, Համամայ պէս, Թոմայ Արծրունւոյ պէս, Մագիստրոսի պէս մարդիկ պէտք էին` որ ամեն խորշ եւ անկիւն փնտռեն, եւ հին յիշատակներ դուրս հանեն. դժբաղդաբար քանի գնաց` կարդալ գրելն միայն եկեղեցականաց համար կարծուեցաւ. աւելի դժբաղդութեամբ` ասոնցմէ շատն ալ սաղմոս եւ աւետարան, մաշտոց ու շարական միայն կը ճանչնային. իսկ աւելի ուսումնասէրք սուրբ Հարց գործքերը կ՚օրինակէին, քիչ ան գամ պատմական բաներ. մէկալ կողմէն ալ Հոռոմոց հետ վիճաբանելէն եւ գրելէն ատեն չէր աւելնար ազգային աւանդութիւններ եւ վիպասանութիւններ փնտռելու: Թերեւս բաղդով մը ինչուան այսօրուան օրս ալ անանկ գրուածքներէ կտոր մը` հին վանքի մը անկիւն, կամ գերեզմանի մը մէջ կեցեր է. բայց ո՞վ պիտի գտնէ զանոնք: …

Ազգերնուս յառաջադիմութիւնը ծաղկեցընելու մեծ հնարքներէն մէկն ալ է ազգային վիպասանութիւն մը հանել եւ ազգին սիրտը կան գնել, քաջալերել ազնուական մտածմանց եւ գործոց. ամեն ազգի սկիզբն ալ, ինչպէս նախ յիշեցինք, ասանկ եր գելով քաղաքականութեան եկեր է. ո'վ որ ազգային վիպասանութիւն մ՚ունի` անիկայ ազգային պարծանք մ՚ալ, ազգային մխիթարանք մ՚ալ ունի. ով որ չունի, կրնամք ըսել` թէ սրտի կողմանէ պակասութիւն մ՚ունի:

Այս հնարքս իրեք կերպ վիպասանութեամբք կ՚ըլլայ. մէկ մը Հոմերոսի եւ Վիր գիլի պէս մէկ ազգային երեւելի դիւցազն անձ մը եւ մէկ դիպուած մը վիպասանելով. զոր օրինակ Հայկ, եւ Հայոց սկզբնաւորութիւնը Բելայ յաղթելով. կամ Արամ եւ Հայոց տէրութիւնը նորէն զօրացընելը. կամ Տի գրան եւ Մարաց ու Բբելացւոց վրայ յաղթութիւնը. կամ Վաղարշակի եւ Արշակունեաց թագաւորութեան կան գնումը. կամ Ա Արտաշիսի եւ Բ Տի գրանայ աշխարհակալութիւնները, Տրդատայ Սասանեանց ձեռքէն զՀայաստան ազատելը. այսպէս ալ Ադուարդ, Վարդան, Վահան, Աշոտ, Լեւոն, եւ այլն: Բայց այս կերպս շատ վսեմական պիտի ըլլայ եւ արժանի դիւցազնական անուան, որ ամեն բանաստեղծութենէ ալ վեր է, մեր ժողովրդեան համար հիմայ շատ բարձր է. ինչպէս արդեամբք ալ կու տեսնենք մեր նոր քերդողահօր Բագրատունւոյն Հայկն մեծ վիպասանութեամբ, որ ազգերնուս մէկ մեծ կարօտութիւնը լըցուց պանծալի կերպով:

Երկրորդ կերպն աւելի պարզ կ՚ըլլայ. որ է պատմական կար գով վիպասանութիւն, իբրեւ վարդապետական քերդուած. որուն մէջ կար գաւ կը պատմուի Հայոց պատմութեան գլխաւոր մաս մը, կամ երեւելի թագաւորաց վարքն. ինչպէս ըրած է Ֆիրտուսի Պարսից համար Թագաւորաց գրքովը. վիպասանն ճարտարութեամբ ասոր մէջ ալ զարդեր եւ զանազան ատենի դիպուածներ կրնայ հիւսել: Այս կերպս աւելի օգտակար կ՚երեւի ինծի: Մեր նախնեացմէ ալ ոմանք թէ սրբազան եւ թէ ազգային պատմութիւն աս կերպով գրեցին, թէպէտեւ քիչ բանաստեղծական ազատութիւներով. այսպէս է նախ Մագիստրոսի Մեծ են գործք Աստուծոյ սկսած հազար տուն ոտանաւոր վիպասանութիւնն սուրբ Գրոց պատմութեան. Շնորհալւոյն վիպասանութիւնն Հայոց պատմութեան եւ Յիսուս Որդի անուանեալ հոգեւոր եղերեր գութիւնն, Ողբքն Եդեսիոյ առման վրայ, ինչպէս եւ Գրի գորի Տղայոյ Ողբք Երուսաղէմի առման վրայ: Վահրամ վարդապետին Կիւլիկեցւոց պատմութիւնն, Առաքել վարդապետին Ադամ գիրքն, եւ մեր հայրապետաց պատմութիւններն, Յովասափայ վարքն, Սիմէոն Ապարանեցւոյն վիպասանութիւնն Մամիկոնէից եւ Պահլաւունեաց ցեղերուն վրայ` Շնորհալւոյն ոճովը: Այս ետքի հեղինակս կ՚իմացընէ որ իր վիպասանութիւնն առած է Ղազարայ Փարպեցւոյն շինածէն նոյն բանին վրայ, եւ անոր շինածն ալ վիպասանութիւն կ՚անուանէ. բայց գուցէ արձակ գրուածք ըլլայ իր մէկալ ծանօթ պատմութեանը պէս:

Երրորդ կերպն է կարճ ազգային եր գեր երեւելի մարդկանց եւ դիպուածոց վրայ, շատ տեսակ եւ եղանակի վրայ առած: Հին Հայք այս կերպս ալ շատ կու սիրէին, եւ թերեւս Խորենացւոյն յիշածներէն ոմանք այս ցեղէս են: Այսպէս ալ Տրդատայ վրայ կարճ ըսուածն.

«Իբրեւ զսէ գն Տրդատ, որ սի գալովն աւերեաց զթումբս գետոց,

«Եւ ցամաքեցոյց իսկ ի սի գալ իւրում զյորձանս ծովուց»:

Այսպիսի եր գեր զոր հին Հայք եղանակով եւ նուագարաններով կ՚եր գէին, մեր հիմակուան ռամկաց Խաղ ըսուածներուն կը նմանէին, զոր իրենք Ցուցք կամ Շէր կ՚անուանէին, եւ թէ' քաջութեան, թէ ողբական, թէ արհամարհելու դիպուած հանդիպէր, վրան եր գմը յարմարցուցած կ՚եր գէին. ինչպէս ամեն ազգաց մէջ ալ կը գտուի ինչուան հիմայ: Մագիստրոս իր ատենին համար ալ կ՚ըսէ թէ հիմայ Հայոց մէջ աւելի կայ քան ուրիշ մօտիկ ազգերու, որ ոտանաւորի վրայ ալ առած կ՚եր գեն «արուեստաւորեալ ի գովս եւ ի պարսաւս». թէպէտեւ այս եր գերէն շատը ռամկական կերպով զրուցուած էր, եւ երթալով ալ աւելի ռամկացաւ: Յետին դարերու քերականի մեկնիչ մը այս բանս յիշելով` եւ բացատրելով թէ ի՞նչ է հին հագներ գութիւնը` զոր Մագիստրոս յիշեց, բացատրելու ատեն ինքն ալ ռամկական բանաստեղծութեամբ վառուած` կարծես ըսածին օրինակն ալ մէկտեղ կու տայ. զոր զուարճութեան համար յիշեցինք. «Զոր եւ այժմ ղահուախանի մանչերն առնուն ի ձեռս իւրեանց երկու փայտ, զոր չարփալայ ասեն, եւ բախելով ընդ միմեանս իբր

«Ծափս հարկանելով

Եւ կաքաւեն յոլով,

Եւ մանս առնեն պար գալով,

Եւ ճօճեն ճեմելով,

Եւ տաֆս հարկանեն ծընծայքով,

Եւ խաղս խաղան թատերով,

Զանդամսն շարժեն խնճելով,

Աւաչս յօրինեն ճոխ եր գով»:

Այս երրորդ կերպով բայց ծանր ոճով նոր ատենս ալ գրուածքներ շատ կան, նաեւ երկրորդ կերպին մօտ կարճ վիպասանութիւններ. բայց անոր երկայն եւ ծանր կերպովն ալ մեր օրերը առաջին ան գամ վիպասանութիւններ ընծայեց Վանեցի կամ Վանանդեցի Տէր Յովհաննէսն Միրզայեան, Ոսկի դար եւ Արփիական կոչած վիպասանութեամբք. որոց ետքինը կրնար առաջին կար գն ալ անցնիլ, թէ որ հեղինակն ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի` Ա գաթան գեղոսին պատմական ոճը բռնած եւ գրեթէ զնոյնը ոտանաւորի դարձուցած չըլլար, տեղ տեղ համառօտելով եւ տեղ տեղ բանաստեղծութեամբք զարդարելով: Առաջինն` որ հին քերդողաց մէջ առակ եղած` ոսկեղէն դարուն Հայաստանին մէջ ըլլալը կը ցուցընէ Հայկէն ինչուան Արամ, նոյնպէս երկրորդ կերպի վիպասանութիւն է:

Այս ցեղ գրուածոց եւ քերդուածոց մէջ կրնամք սեպել կերպով մը մեր մատենագրաց քնարեր գականքն ազգային յիշատակաց կամ անձանց վրայ, որոց մեծ մասն եկեղեցւոյ նահատակաց վրայ են, եւ կ՚ըսուին Շարականք, եւ Գանձք եւ Տաղք. ամենն այլ գրոց ծանր լեզուով եւ ոճով. իսկ բուն քաղաքական տեսութեամբ եւ ոգւով գրուած եր գք ազգայինք խիստ ցանցառ են մեր մատենագրութեան մէջ. այլ անոր տեղ ռամկական լեզուով գրուածք աւելի եւ բաւական շատ կու գտուին, սկսեալ գրեթէ յ՚ԺԲ դարէ մինչեւ հիմայ: Ասոնց լեզուին շարադրութիւնն ըստ դարուց եւ տեղեաց մեծապէս կու զանազանի իրարմէ, որով եւ այլեւայլ գաւառական լեզուօք գրուած կըրնան ըսուիլ. բայց այս զանազանութիւնս աւելի ԺԶ դարէն վերջը կ՚երեւի. ինչուան այն ատեն գրուածքն դեռ Հայ լեզուին միութեան կերպ մ՚ունին, միայն պարսիկ կամ թուրք բառերով խառնուած են. իսկ անկէ ետեւ ` ոչ միայն այլ աւելի խառնուրդ կ՚առնուն բառից, այլ եւ դարձուածոց կամ ոճոյ բանից, եւ քերականական կազմուածքնին շատ կու տարբերի: Կըրնամք ընդհանուր երկուքի վերածել այս ռամկական կամ գաւառական բարբառները, արեւելեան եւ արեւմտեան Հայերէնի. առաջինը կու բանեցընեն Վրահայք եւ Պարսկահայք, այսինքն Վրաց սահմանները, յԵրեւան, ի Ջուղայ ` եւ անկէց ի Պարսս եւ ի Հնդիկս անցնող Հայք. իսկ երկրորդը ` բուն Մեծ Հայաստանէն դուրս եղող Հայք, որ ի Փոքր Հայս, ի Կիւլիկիայ եւ ի գաղթականս Փոքր Ասիոյ եւ Ռումէլիի. կըրնամք այլ միջին ըսել Վանայ եւ Մշոյ կողմերուն լեզուին, որ ըստ քերականին աւելի արեւմտեայց մօտ են, բայց աւելի այլ մաքուր եւ յստակ. ասոնց եւ արեւմտեայց այլ միջադաս կրնան ըսուիլ բուն Մեծ Հայոց արեւմտեան աշխարհաց բնիկքն, ինչպէս են Կարնեցիք, Երզնկացիք եւ Խարբերդցիք:

Արեւելեան ըսած Հայ ռամկական եր գիչք կամ վիպասանք ` նոր ատեններս աւելի յայտնուեցան կամ հռչակուեցան, եւ ոմանց եր գերն այլ հաւաքուելով տպագրեցան ի բանասիրաց Ռուսահայոց. այս վիպասանք անցեալ կամ ներկայ դարուս մէջ ծաղկած են, եւ աւելի համբաւաւորքն են Սայադ ( կամ Սայաթնով ) եւ Աղբար Ադամ (1844). գովութեամբ կու յիշուին եւ Ալլահվէրտի, Քէշիշ օղլի ` որք կոյր էին աչօք. բուն Ջուղայեցոց մէջ կու յիշուին Է գազ, Արղունի, Բաղէր – օղլի, Ղուլ Սար գիս Շրիշկանցի, Ամիր – օղլի, Վանվան, Խուլ Յովհաննէս, Պետրոս Ջուղէցի, եւ այլն:

Իսկ Արեւմտեան կոչածներս աւելի բազմաթիւ են, եւ ասոնց գրուածքն ձեռագիր եր գարանաց մէջ կու գտուին. որոց մէջ կան շատ եր գեր այլ առանց անուան հեղինակի: Հոս ` առանց տեղւոյ շատ խտրութեան ` յիշեմ ժամանակի կար գաւ այս ռամկական լեզուով եր գգ րողներէն ինծի ծանօթները, ոչ միայն եր գը եւ եր գոյն նիւթը դիտելով ` այլ եւ ռամիկ կամ գաւառական լեզուն. եւ այս տեսութեամբ ամենէն հին եւ առաջին կրնամք սեպել ԺԲ դարուն մէջ մեր անմահ Շնորհալի կաթուղիկոսը, որ զանազան ոճով գրուածոց մէջ թողուց նաեւ ռամկական կամ այն ատենի աշխարհաբար ոճով Հանելուկներ. ասոնցմէ հին այնպիսի բարբառով գրուած ոտանաւոր չեմ ճանչնար: Այս լեզուին եւ գրուածքին հետեւած Հանելուկներ գրած է եւ Տիրատուր վարդապետ մը ԺԴ դարու մէջ. որուն դարակից ռամկօրէն եր գագիրք են անուանի Կեչառեցին Խաչատուր, Կոստանդին Երզնկացին, եւ անոնց մօտ Մինաս Դերջանցի. իսկ քիչ մ՚այլ հին ԺԳ դարուն վերջերը եւ ԺԴին սկիզբը մեր վերջին ընտիր մատենագիրն, Յովհաննէս Երզնկացի, որ ունի գրեթէ աշխարհիկ բարբառով գրած խրատական եր գեր ալ: Բայց մեր ռամկախօս կամ ռամկախառն վիպասանից եւ գուսանաց ամենէն ծաղկած ատենն ԺԵ եւ ԺԶ դարուց միջոց կ՚երեւի. առաջինին մէջ եւ սկիզբները ծաղկեցան երկու Առաքէլք, Սիւնեաց արքեպիսկոպոսն ` քուերորդին Գրի գորի Տաթեւացոյ, եւ Բաղիշեցին կամ Պոռեցին, որոց գրուածքն երբեմն իրարու հետ կու շփոթին, ասոնց գրուածքն աւելի հոգեւոր եւ խրատական են. Մկրտիչ Նաղաշ ` Ամդայ արքեպիսկոպոսն ` որ աւելի հանճարեղ եւ զգայուն է. այլ ամենէն աւելի բանաստեղծ եւ տաքսիրտ Յովհաննէս Թլկուրանցի, որ ատեն մը սիրոյ եւ գովասանաց եր գեր եր գած է, ատեն մ՚այլ Սսոյ Կաթուղիկոս է եղած. - բարակ զգացման եւ ուղիղ մտաց տէր, նաեւ ճարտար տաղաչափ պէսպէս վանկերով ` նորանուն քերդող մը կայ ` Ֆրիկ, որդի Թագվոշի եղբօրորդի Դոդոնոյի, որուն ժամանակն որոշակի յայտ չէ, բայց այս ( ԺԵ ) դարէս ետք այլ չէ. գրուածքն բարոյական խրատք են, սակայն սրտով սփռած: Ասոնց ժամանակակից կ՚երեւին Ամիր մուսէ Նաղաշ, Արթուն ( Գրի գոր ) եւ Յովասափ Սեբաստացի: Քիչ մ՚ետեւ ԺԶ դարուն սկիզբները Գրի գոր Աղթամարցի, որ Թլկուրանեցւոյն զոյ գը կըրնայ ըսուիլ. թէ անոր պէս կաթուղիկոս ըլլալովն, եւ թէ նման վառվռուն երեւակայութեամբն: Այս ԺԶ դարուս մէջ ծաղկած են եւ եր գիչք կամ տաղասացք ` Մկրտիչ Տարօնեցի, Թադէոս Սեբաստացի, Մինաս Եւդոկիացի, Մարտիրոս Ղարաճասարցի ( Գարահիսարցի ), Եօնուզ, Յակոբ Վարդապետ, Ներսէս Բեղլու, Քուչաք Հառկուանցի, հաւանօրէն եւ Սպանդիար, Ասապով, Ազարիա, ՍարկաւագԲերդակցի, Զաքարիա Ա գուլեցի, Խաչիկ Կաֆացի, Ղազար կոյր, Մել գոն, Մուրատ Խիկար ` որուն կ՚ընծայուի « Մարտըն կու գայր ծաղկըներով » եր գն, Յովնաթան Նաղաշ, Ներսէս, Շամո, Քերովբէ, Քօթան կամ Քօթնայ Խլաթեցի: Յետագայ ( ԺԷ ) դարուն մէջ ` Ասար Սեբաստացի, Արիստակես ( Խարբերդցի ?), Խաչատուր Բաղիշեցի կամ Ջուղայեցի, Սուքիաս, Ստեփանոս Թօխաթցի, Երեմիա Չելէպի Քէօմիւրճեան, Ստեփանոս Շատախցի, Սար գիս երէց, եւ այլն: Այս դարուս մէջ ծաղկած կ՚երեւին երկու Էրզիռումցիք այլ, Տատուր գիներ գուն, եւ Դաւիթ Սալաձորեցի ծաղկեր գու: ԺԸ դարուն մէջ գրոց լեզուն աւելի մշակուելով ` ռամկաբան եր գիչք այլ նուազեցան. կըրնան դեռ յիշուիլ Գալուստ Կայծակն կաթուղիկոս, որ թէ զուտ թէ խառն գրած է, նաեւ թուրքերէնով, Օհան օղլու, Աւետիք ` անուանի պատրիարքն Կ. Պօլսի, եւ այլն. որոց հետ թերեւս քանի մ՚այլ կըրնայի շարել, բայց անշուշտ աւելի շատ են անոնք ` զոր չեմ յիշած եւ չեմ ճանչցած. եւ անշուշտ առանց անուննին գիտնալու անոնց եր գերը կարդացեր եմ տաղարանաց մէջ. գուցէ շատոնք այլ կամաւ ծածկած են անուննին սիրոյ եւ գովասանութեան եր գերու մէջ, որ շատ հեղ ըստ տաքութեան եւ սաստկութեան նիւթոյն ` տուած է անոնց ճարտարագոյն բացատրութիւն եւ բանահիւսութիւն այլ: - Սէ՜ր եւ սու գ. սրտից ամենէն զօրաւոր ազդեցութիւնք, ամենէն շարժող մագնիսն եւ ելեկտրութիւնն են, միան գամայն եւ ամենէն ճարտար ձեւ եւ ձայն տուողք անոր. ահաւասիկ սրտաթափ ձայնիկ մը մեր գուսանաց մէկուն, որով լռենք այս երեկոյեան զրոյցս ազգային վիպասանից վրայօք.

Ժամ ժամ զիմ ղարիպութիւնս
Ես յիշեմ ու նստիմ ու լամ.
Ճապղել եմ ջըրիտ նըման,
Ես օտար երկիր կու գընամ.
Աստուած գիտէ ան ճամբան
Ուր երթամ կամ ուր տի մընամ:
Ո՜վ կապէ խաչն իմ սրտիս,
Կամ հողվարք ` որ ես դուրանամ:
Ցորեկն եմ նետիտ նըման,
Ուր նետեն ` ես ի հոն կենամ.
Գիշերն ` աղեղան նըման,
Ես լարթափ ի վար կու գընամ: …

Ի. Վահան Գողթնացի

[խմբագրել]

18 Մարտ, 738

ՎԱՀԱՆ, գեղեցիկ եւ բնիկ հայկական անունս` որ ազգային պատմագիտաց կու յիշեցընէ իրենց ոչ սակաւ ընտիր դիւցանման եւ սբազանեալ նախնիները, հոս իրեն կցորդ հայրենական կոչմամբն Գողթնացի` կու յափշտակէ զսիրտ առ այն Վահան, որ եթէ ոչ քաղաքական եւ պատերազմական հանդիսիւք` հռչակուեցաւ իբրեւ զմեծ Մամիկոնեան (ի Ե դարու), սակայն քան զնա եւ քան զայլ համանունս վերադասի յազգային հոգիս, այնպիսի զգացմամբք` որք աւելի զօրաւոր եւ սրբազան են քան զարիութիւն եւ զխորագիտութիւն: - Սո՜ւ գ, սէ՜ր եւ սրբութիւն: - Իսկ եթէ ասոնց հետ հայրենասիրութիւն ալ պահանջուի, ոչ պակաս քան ի Մամիկոնեանն երեւի եւ ի Գողթնացիս. թէպէտ եւ ի սա նոր օրինակ կերպով մը. գուցէ աւելի սաստիկ, ստու գիւ աւելի սրտառուչ:

Հայկաին հրեղէն հանճարն` (որ թողած է բաւական պայծառ նշաններ` իր հնութեան հաւասարապատիւ կան գնելու եւ ցուցընելու իր սիրտն այլ ), մոռացութեանց մոխրոց տակ երկու վառվռուն կայծակներ պահեր է ի յիշատակ Գողթնացւոյս Վահանայ. որովք թէ' սա` թէ մեր ազգին գրականութիւնն եւ թէ ազնուական զգացմունք` ան գամ մ՚այլ անմահութեան հաւաստիք կ՚առնուն. քանի որ ի մատեանս պատմըչաց մերոց մնայ Վահանայ Վկայաբանութիւնն, եւ ի դասս եկեղեցւոյ մերոյ` Գողթնացւոյն Շարականն: Ըստ ինքեան գեղեցիկ` մանաւանդ թէ սխրալի եւ սրտառուչ պատմութիւնն կամ դիպուածն, այն երկու կայծակնաճաճանչ գրուածովք նոր շնորհք եւ նոր վայելչութիւն մ՚այլ առեր եւ զարդարուեր են: Անոնցմով` եկեղեցի, հայրենիք եւ սրտային գորովանք` սքանչելապէս խառնուած, իբրեւ ոսկւոյ, արծաթի եւ ծիրանւոյ սեփական հիւսուածք մ՚այլ կու ցոլացընեն մեր հայրենի յիշատակաց մէջ: Այն գեղեցկութեանն անկարելի էր բան մը պակաս գտնել, եթէ, - փա՜ռք ազնիւ հայրենեաց կամ Հայրենակցաց մերոց, - ո'վ Հայկակ, հայկական սիրտն` հանճարէն այլ վեր թռչելով ճարտարած չըլլար այնպիսի գեղեցիկ հիւսուածի մէջ այլ` նրբագոյն մանուշակ մը մանել, եւ անով Գողթնացւոյն յիշատակը փափկագոյն իմն բարձրացընել քան զՄամիկոնեանն, քան զԿամսաական, քան զԳնունին, քան զամեն այլ Վահան:

Այս մանրակտիտ մանուշագոյն մանուածս` է հին աւանդութիւն մը. աւանդութիւն մը` որ իրեն երաշխաւոր ունի վերոյիշեալ շարականը, այն հայկական հանճարոյ մէկիկ չքնաղ կայծակը. հազար հարիւր տարի քշած ան գիր յիշատակ մը, բերնէ բերան, սրտէ ի սիրտ անցած, սիրատարփ, նրբազգաց եւ նրբասեռ անձի մը, Հայուհւոյ մը յիշատակ. զոր պատմութիւնն սքողէ, աւանդութիւնն կոչէ քոյր Վահանայ, եւ շարականն այն վկայէ` թէ իր հեղինակն արդարեւ կամ քոյր կամ քոյրանման սիրային զարմանուհի մ՚էր Վահանայ. - միով բանիւ, աներկբայ հայկածղի մուզայ մ՚էր. որուն սրտին, մտաց եւ մատանց թափուած եր գը` յափշտակեր է մեր սուրբ եկեղեցին, եւ իր պատուականագոյն բանաւոր գանձուց մէջ շարելով` անմահափայլ պահէ թէ' զփառս իր եւ մեր Վահանայ, եւ թէ անոր հայրենեաց Գողթան:

Գո՜ղթն … թէ եւ քիչ մը խորթացեալ անուն, եւ ոչ պայծառասփիւռ իբրեւ ուրիշ հին հայկազնեան անուններ, եւ հաւանօրէն (մեր հին ազգին մօտաւոր) Մարաց գաղթականէն մտած կամ այլայլած, սակայն յիշատակօքն եւ բնութեամբն իսկ հաճոյ` ամեն սիրուն եւ ուրախ սրտի, նաեւ տխուրի: Գոնէ 2500 տարիէ վեր լսուած եւ յիշուած անուն ի պատմութեան, եւ մինչեւ հիմայ նոյնպէս կոչուած ի մերազգի բնկաց, եւ յօտարաց` Քիլիթ. - հիմայ` ծանօթ իբրեւ գեղաւան մը. մեր մատենագրաց մէջ` իբրեւ գաւառ մը, եւ մերիններէն հնագոյն օտար աշխարհագրաց` իբրեւ առանձին նահան գկամ աշխարհ մը. այսինքն` անկախ նախարար կամ նահապետ ունող, ինչպէս Սիւնիք, եւ ուրիշ տասնեւհին գաշխարհքն Հայոց Մեծաց: - Գո՜ղթն. զոր բնահայ գետոյն Երասխայ արմուկն` իր ընթացից հարաւագոյն մասամբը պատելով` կու գգ ուէ, գիրացընէ եւ գինովցընէ. - Գողթն. կերպով մը հակառակորդ Շիրակայ. որ ունի լիութեամբ զհաց հաստատիչ սրտի. եւ առաւել զգինի` որ «ուրախ առնէ զսիրտ մարդոյ»: Ասոր այ գեաց անոյշ ազդեցութեամբն` բնակիչքն այլ եղան եր գահանք, բանաստեղծք, աւանդապահք քաջութեան դիւցազանց, հայկական ցանկալի հին յիշատակաց, եւ ճարտար գործածողք ազգային գլխաւոր երաժշտական գործւոյն, որ է բամբիռն փառապանծ: Մինչեւ հիմայ, թէ եւ Գողթնացւոց կամ Ա գուլեցոց (Գողթն գաւառին մէկ աւանն է Ա գուլիս, որ թուի ըսել Այ գուլիք, այ գիներով լիք) լեզունին թէ եւ թանձր ու խորթ, անշուշտ հին Մարաց լեզուէն խառնուած, սակայն բառերն եւ բացատրութիւնք նշանաւոր են բանաստեղծութեամբ: - Գողթն, իրեն գինաւէտ ափունքը կ՚ոլորէ յեզր Երասխայ, մօտ անոր կարկաջահոս քարավազից. բնութեան զարմանակերպ, ահեղագեղ, միան գամայն եւ գալարազուարճ ու բարեբեր ձորահովտաց մէջ: Ասկէ լաւ տեղ կրնա՞ր ընծայուիլ մեր ազգային Անակրէոնից, եւ անոր հետեւողաց աշխոյժը եւ ախորժակը վառելու: - Երասխայ հանապազահոս վիժանաց ձիւնափայլ փրփուրքն` այ գեաց ընծայած ծիրանեփայլ պղպջակին հետ խառնած, եւ կ՚արծարծէր մեր հայրենի բամբիռը, եւ հազարամեայ յիշատակներ երեկուան դիպուածի մը պէս կու հնչէին ի Գողթն, եւ Քրիստոսէ հին գդար վերջը` իր Տարօնոյ Մեղրայ- գետը թողած` կու լսէր մեր Խորենացի պատմահայրն` հեռաւոր Գողթան եւ անոր սահմանակից Մեղրայ աւանին գետակաց եզերք` Քրիստոսէ հին գվեց դար առաջ փայլած եւ փառաւորած ազգային մեծագոյն դիւցազին ծագումը: Վահագնի այլաբանեալ ծնունդը, զոր

«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,

«Երկնէր եւ ծիրանի ծովն»…

Երնե՜կ մեր պատմահօրն, որ այնքան ողբալի լռութեանց մէջ` գոնէ այսպիսի եր գոյ մը համար կրցաւ ըսել, թէ «զայս եր գելով ոմանց բամբռամբ` լուաք մերովք իսկ ականջօք». եւ դարձեալ ասոր նմաններն այլ կու յիշէ, թէ անկէ հին եւ թէ այլ շատ մօտ (Քրիստոսի Բ դարուն հանդիպած) դիպուածոց վրայօք, որոց վրայ աւելցան ժամանակաւ նորանոր քաջաց գովասանք, իբրեւ ազգային պանծալի վիպասանութիւն մը հիւսելով: Ասոր պատմութիւնն երբեմն միաչար եւ երբեմն ընդհատ, հաւանօրէն երկարեցաւ ինչուան մեր մեծ պատմըչին օրերը եւ այլ վար, (թէ եւ անկէ ետեւ շատ ցաւեր եւ ձիւներ անցան մեր ծեր հայրենեաց գլխէն), դեռ երբեմն բարբառէր բամբիռն Գողթան, կու հնչեցընէր հատակտուր հագագներ, եւ կնդ գովասանութեան քաջազանց` գուցէ խառնէր քանի մ՚այլ խոր հառաչանք: Դեռ Հայկազուն եւ Աժդահակեան խնամեցեալ պայազատաց սերունդքն իշխանաբար ճոխային ճեմէին Երասխայ դարափանց եւ ձորոց մէջ, եւ դեռ ունէր Գողթն` մինչեւ ի սկիզբն Ը դարու` իր առաքինի հնազարմն իշխեցողը` Խոսրով, զոր սուրբ կ՚անուանէ ժամանակին պատմիչն եւ որոյ սրբագոյն եւ ծանօթագոյն շառաւիղ մը ծագեցաւ ի սկիզբն Ը դարու (յամի 702) մեր դրուատելին Վահան: …

Ո՜վ պանծաձայն բամբիռն Գողթան, արդեօք նաւասարդի սաղարթներով պսակուած, եւ զինաւէտ այ գեացդ լայնատերեւ բարունակներով պլլուած` երեւցա՞ր այս ան գամ այլ, եր գեցի՞ր մեր հին Վահագնին նմանցընելով` այս քու նոր (եւ թերեւս յետին) Վահանիդ ծնունդը, - ո՞ր գոյն երկիր, կամ ո՞ր ծով ծիրանի երկնեց զսա. ի՞նչ կարմրիկ եղե գն էր որ բարձրացուց զսա ի ծովէն, կամ ի՞նչ ծուխ, ի՞նչ բոց էր` որ կ՚ելնէր անկէց: … Ո՜հ, մանաւանդ թէ այն ի՞նչ ծծըմբախառն մուխ էր` ուսկից վազէր խարտեաշ պատանէկիկն» մեր: …

Հայկակ, ես այս ծխէն մղձկած` կու կորսընցընեմ Գողթան բամբիռը, կու լսեմ ուրիշ բոմբիւն, ուրիշ վիպասանութիւն մը` որ յանկարծ մահուան թմբկի պէս կ՚որոտայ, նոր եւ այլակերպ ծիրանի ծովու մը ծխոյ ու բոցոյ մէջ. «Ահա մերկացա՜ւ սուրն վազակաւոր ի պատենիցն. զոր տեսանող ակամբն յառաջագոյն սպառնացեալ ողբայր մար գարէն: Սուր ծարաւի արեամբ` զարթեալ ի մեզ ազգն Իսմայելի, ընդ չորեսեան կողմանս երկրի գոչեալ առիւծաբար, կամ իբրեւ չորեքին, հողմովք բախելով զծով, զաշխարհիս մեծութիւնս: Որ արդեւք թէ եւ առ Իսրայէլ լինէր մար գարէութիւնն, զայն եւ առ մերս առնու ձայնն, մանաւանդ` Երուսաղէմ մինչեւ ի հիմն քակեալ լինէր, եւ մեր` բոլո՜ր աշխարհս քակեալ աւերցաւ: Զվայելչութիւն երկրիս օտարազգիք կալան. ազատութիւն եւ տէրութիւն եւ իշխանութիւն նախարարացն` անար գութեամբ յերկիր կործանեցաւ: Անդ մանկունք տղայք զքարի հարեալք. եւ մերքս առ հասարակ ծնողք եւ մանկունք` ի գերութիւն, որ եւ զմարցն առեալ ողբայր Երեմիա, այն եւ մեզ իսկ դիպեցան ի դէպ ելանել… Վասն զի մրրիկ տապախառնի տխրաբեր շնչեալ օդովն հարաւոյ, բարձ զառագաստն փափկութեան, բարձեալ զպատուականութիւն եւ զսըրբութիւն լուսազարդափայլ ծածկութեանն, որ փոխանակ դրախտին շնորհեցաւ մեզ` ի կենաց փայտէ խաչին Քրիստոսի, եւ յայտնեցաւ թխութիւն թանձրութեան կտաւոյն, խաւարամած թանձրութիւն անհնարին սեւութեանս, գո՜յն, որ ունելոց էր զամենայն աշխարհս Հայաստան երկրիս»:

Այսպէս կու սկսի Արծկէացին, Երաշխաւորի վանահայրն Արտաւազդ, իր «Ողբքն վասն չարեացն որ անցին ի վերայ աշխարհիս Հայոց… եւ Վկայաբանութիւն Ս. Վահանայ»: Նախեր գանք կսկծալի` ըստ դիպուածոց պատմութեան, պանծալի, ըստ մատենագրութեան, որ մէկէն ի մէկ ընթերցողին առջեւ կու ծաւալէ` Դամասկացի թրերուն թօթափած կայծերովը ձեւացած ծիրանի ծովը: Ծո՜վ արեան, ծո՜վ մեր հարազատ արեան, ուսկից կ՚արձակի կորացեալ կարմրիկ եղէ գն այլ, եւ անոր մարմրած բոցոյն միջէն վազէ մեր խարտեաշ պատանեկիկն Վահան: - Նաւթով ու ձիւթով օծեալ են այն եղե գներն, բռնկած ու բորբոքած, որ Գողթան մօտ Նախճաւան եւ խրամ (կամ Հրամ) աւանաց մեծ եկեղեցեաց քակուած տանիքներուն մէջ կ՚եռան ծծմբաձոյլ օձերու պէս, եւ վար կու թափին հրածորան անձրեւի նման: Եկեղեցեաց դռներն դրսէն չէ թէ միայն գոցուած, այլ եւ աղիւսով հիւսուած, պատերուն հաւասար պնդած փակուած են, որ չկարենայ մարդ դուրս ելնել, եւ եթէ անակնկալ կերպով ծակէ մը կարենայ սողալ սահիլ, պատերուն տակը սպառազէն արաբացի գունդեր սուսերամերկ կու պտըտին կու վազվըզեն քաղցած զայլոց նման հրոյն մէկ ժամուան մէջ ընելիքը` սրոյն վայրկենովը, մէկ հարուածով մը սպաննելու: Անկարելի է թէ դուրս ելնելն, թէ դուրսը վայրկեան մը ապրիլն: - Իսկ նե՞րսը… Սակայն մեզի այլ հարկ է, ծանր հարկ մը, գոնէ մօտենալ այդ հնոցիդ, եւ յիշեալ անոր պատճառը եւ նիւթը:

Վաթսուն տարի էր որ Հագարացիք մտեր եւ տիրեր էին ի Հայաստան. իրաւ, երբեմն բարեբարոյ եւ արդարախոհ ամիրապետաց եւ ոստիկանաց եւ մերազգի իշխանաց խոհեմութեամբ` հանգիստ եւ խաղաղութիւն կու գտնէր աշխարհն, բայց շատ ան գամ այլ` կամ մերայոց անզգուշութեամբ եւ կամ հարկահանաց բռնաբարութեամբ` նեղութիւն եւ գտան գպակաս չէր, մանաւանդ ետքը` երբ Ատրպատական աշխարհին կուսակալն ապստամբելով ամիրապետէն` Հայք այլ սկսան գլուխ քաշել, եւ օգնութեամբ Յունաց` Դըւնայ մէջ պաշարելով զԱրաբացիս` բիւրաւոր մարդ ջարդեցին, մինչդեռ ընդդէմ Հոնաց կամ Խազրաց գացեր էր իրենց ոստիկանն` Մահմէտ Բ, հզօր եւ ահաւոր, որ եւ շուտով Աբդլլա, Ալի, Ահմէտ, Օքրա, Գասըմ, եւ ուրիշ զօրավարօք եւ կողմնակալօք թափեցաւ ի Հայս (յամի 698-702) եւ շատ վրէժ ու չարիք հասուց Հայոց, որոց մէջ ցաւով նշանաւորք են Սեւանայ բերդին երեքամեայ պաշարումն ի ծովուն Գեղամայ, եւ բոլոր մէջը գտուողաց կոտորումն. մէկ մ՚այլ Բագրեւանդայ Ս. Գրի գորի մեծ եւ հարուստ վանաց անիրաւ կողոպտումն եւ միաբանից կոտորածն. ըստ ոմանց եւ ծերունի շնորհազարդ Սահակ կաթուղիկոսին եւ շատ իշխանաց կապանօք քշուիլն մինչեւ ի Դամասկոս, եւ մնացելոցն ի հայրենիս` անտանելի տառապանքն եւ տարակոյսն: Մանաւանդ երբ ոստիկանն Մահմէտ` իր հարուածքն ընելէն ետեւ դարձաւ յԱսորիս, եւ իր տեղը թողուց մէկայլ կողմնակալները, որ աւելի ցած եւ անօրէն մարդիկ էին. եւ հնարք կու մտածէին բոլոր Հայոց մեծամեծները ջնջելու աշխարհքէն, որպէս զի համարձակ ծծեն անոր պարարտութիւնը եւ աղքատաց արտասունքը:

Սմբատ Բագրատունի` նախարարաց զօրագլուխն, իր ցեղակից իշխանները եւ ուրիշ ցեղերէ այլ գլխաւորներ գաղտուկ ժողվեց ի խորհուրդ, թէ ի՞նչ ընեն այսպիսի վտան գաւոր ատեն: - Ուրիշ ճար չ գտան, բայց եթէ իրենք զիրենք ապրեցընել, փախչելով յարեւմուտս, Յունաց կայսեր երկիրը: Գնացին խորհուրդ հարցուցին նաեւ անուանի սրբակրօն ճ գնաւորի մը, որ Վանայ ծովուն արեւելեան կողմերը կը բնակէր. նա այլ լալով ողբալով ուրիշ խրատ չկրցաւ տալ, բայն միայն որ զգոյշ կենան, յանդը գնութեամբ բանի ձեռք չզարնեն. եւ վրանին աղօթելով արձակեց: Դարձան ասոնք իրենց հաւատարիմները ժողովելու` որ հեռանան հայրենի սահմաններէն. եւ զգուշութեամբ երթալով` ելան դէպ ի Մասիս լեռը եւ բանակեցան յանուանի աւանն Ակոռի. եւ ահա լսեցին որ այլազգիք իմացեր են իրենց միտքը, ու Նախճաւանի կողմնակալն 8000 եւ աւելի հոգւով ետեւնուն ընկած` «ոչ մեկնեցան ի հետոց նոցա. քանզի … կամէին կենդանւոյն կլանել զնոսա»: Մերոնք փութացան փրթան լեռնէն վար, անցան Երասխ գետը, եւ Վարդանակէրտ ըսուած աւանի մը մէջ բանակեցան, որ կարծեմ Խորվիրապի մօտերն էր. այլազգիք այլ նորէն ետեւնուն ընկան: Հայք մէկ կողմանէ բանակնին ամրացընելով եւ գիշերապահներ դնելով, միւս կողմանէ պատ գամ ղրկեցին առ Արաբացիս եւ իմացուցին որ իրենց մտածութիւնն ուրիշ բան չէր, բայց միայն գլուխնին ապրեցընել փախըստեամբ եւ օտարութեամբ, իրենց տեղն ու ստացուածքը` թողլով անոնց ձեռքը. ուրեմն թող տան` որ մնաս բարո՜վ ըսեն, հեռանան իրենց հայրենիքէն: - Եւ ոչ այս ցաւալի հրաժարական ողջոյնը տալու ներեցին բռնաւորքն, այլ յարձակեցան Հայոց վրայ, որք եւ ոչ 2000 հոգի էին. սակայն աղօթքով եւ վերջին ջանքով ու քաջութեամբ միաբանեալ` դէմ ելան իրենցմէ չորս է հին գհեղ բազմաթիւ բանակին այլազգեաց: Ասոնք կէս մը գիշերուան ցրտէն փատցած, (վասն զի ձմեռն էր եւ ձեան վրայ անցուցեր էին գիշերը), կէս մը ցուրտ հովէն ծեծուած, եւ այլ աւելի` յուսահատեալ քաջաց հարուածներէն, բոլորովին շփոթեցան, քշուեցան, ջարդուեցան. փախչողներն այլ թափեցան Երասխայ վրայ` անդին անցնելու. գետն որ սառեր էր` անոնց փախստական ոտից դոփմանէն պատռտելով` ներքեւն առաւ, կլլեց, ծածկեց: Եւ այն ահարկու սպառազէն բիւրաչափ բանակէն` հազիւ 300 հոգիք կրցան փախչիլ. զորոնք դարձեալ պիտի ջարդէին Հայք, եթէ չապրեցընէր մեր նախարարաց մէկուն տիկինն` Շուշան. որ եւ քրիստոնէաբար գըթով անոնց վէրքերն այլ պատելով, զգեստ եւ գրաստ տալով` դարձուց խաւրեց առ ամիրապետն Արաբացւոց` Աբդլմէլիք. եւ ընդունեցաւ անկէց շատ ընծայ եւ պատիւ ի փոխարէն մարդասիրութեանն: Յաղթական գունդն Հայոց` թշնամեաց աւարներն առին, համարձակ իրենց ճամբան գնացին, մտան յամուր տեղիս մեր Տայոց աշխարհին, որ այն ատեն Յունաց իշխանութեան տակ էր, եւ կայսրէն այլ պատիւ գտան: - Այս է Վարդանակէրտի կռիւն, անուանի մեր պատմութեան մէջ այս ժամանակիս, եւ ամօթալի յԱրաբացւոց պատմութեան, որոյ անունն եւ տարին ան գամ չէին ուզեր յիշել. անանկ որ 200 տարի վերջ այլ մեր հաւատարիմ պատմըչաց մէկն վկայէ, թէ` «Ցարդ եւս բան առ Հագարացիսն, ըստ իւրեանց աղխտաբոյզ բառին պատմի, թէ Վարդանակէրտ կռիւ մի յիշեսցի մեզ»:

Այս կռուէն սիրտ առած ուրիշ Հայ իշխանք այլ եւ Վանանդ եւ ի Վասպուրական` զիրենք նեղացընող այլազգեաց գունդերը ջարդեցին: Բայց եթէ ասով` իրենց վտան գը քիչ մը հեռացուցին, աւելի այլ ծանրացուցին: Վասն զի ամիրապետն Աբդլմէլիք իր կուսակալաց փախստական զօրքերը տեսնելով եւ լսելով եղածը, պատուէր ըրաւ Մահմէտ ոստիկանին, որ երթայ խստիւ պատժէ զՀայս: Մահմէտ առաջինէն աւելի պատրաստութեամբ եւ սրտմտութեամբ ելաւ գալու, զՀայաստան սրով եւ հրով մաշելու: Հիմայ մերոնց` ոչ միայն անոր դէմ կենալու ճար չկար, այլ գրեթէ եւ ոչ փախչելու: Մէկ հատիկ եւ յետին հնարք գտաւ Հայաստան` իր սրբակաց եւ ալէզարդ հայրապետը (Սահակ) փութացընել ընդ առաջ ահաւորալուր զօրավարին. որ եթէ հնար է, իր վարուց, հասակին եւ աշտիճանին շնորհօք` անոր զէնքերը եւ ձեռքը կապէ: Սրբակենցաղ հայրապետն` որ արդէն վշտահար տառապեալ կեանքը կնքելու մօտ էր, յանձն առաւ այս դժար պատ գամաւորութիւնը, իբրեւ յետին եւ ծանր հայրական պարտք: Ելաւ (ըստ ոմանց ի Դամասկոսէ` ուր գերեալ էր, եւ ըստ այլոց որ հաւանագոյն է) իր բնիկ երկրէն եւ աթոռէն, վերջին ողջոյնները եւ օրհնութիւնները տալով, թէ հասարակաց որդւոցը, եւ թէ ամենուն մօր Ս. Եկեղեցւոյ, որոյ փեսայացեր, եւ զոր վսեմ, փափուկ եւ հոգեռանդն եր գելով գովեր գգ ուեր էր. զոր է մինչեւ հիմայ հնչելով Հայաստանեայց եկեղեցին, կրնայ նախանձելի ըլլալ ուրիշ ազգաց: Կու հաւանիմ, թէ բաց յայլոց նոյն իր մէկ շինած եւ եր գածն` իրեն համար եր գեցին իր կղերիկոսքն` զինքը յուղարկելու ատեն. «Այսօր քահանայապետ ճշմարիտ` աստուածային օրինօքն պատուեալ, կան գնէ զքառանկիւն սեղան խաչին, արժանապէս պատարագեալ բաշխէ զմարմին եւ զարիւնն Տեառն. մաքրապէս մերձեցարուք փրկեալք նոր ժողովուրդք. եւ հայցեցէք ի Քրիստոսէ, զի շնորհեսցէ զսա մեզ ընդ երկայն աւուրս»: - Այս յետին հայցուծքս ոչ շնորհեց Քրիստոս. մանաւանդ թէ արդէն շնորհեր էր` քսանեւեօթն տարի երկարելով անոր կաթողիկոսութիւնը: Իսկ հիմայ երբ սիրոյն թեւերով ծերութիւնը աւելի թեթեւցնելով` քան զարաբացի հեծելազօրուն ընթացքը, դեռ Մահմէտ մեր սահմանաց չհասած` ինքն մտաւ յԱսորիս, եւ հասաւ մինչեւ ի Խառան քաղաք. ա'յլ չկրցաւ յառաջ շարժիլ. յօգնութիւն, ծերութիւն եւ սրտացաւութիւն` վերջին հիւանդութիւնը բերին. թեւերը թուլացուց, ոտքերը կապեց մահն. մահ` որ միայն չկրցաւ սիրտը պաղեցընել ինչուան անոր յետին շարժը: Մեր քահանայապետն այլ նման իր եր գած քահանայապետին յաւիտենից, իր կեանքը տալով պիտի ապրեցընէր իր ժողովուրդը: Մահն հոս շուտ երեւցաւ, բայց ուշ հասաւ. վասն զի մեռնողն ցրուեց անոր անյաղթելի կարծեցեալ հնարքը. ճարտասան լեզուին եւ եռանդուն սրտին թար գման թողուց ձեռացը մէջ կնքած թուղթ մը` առ ոստիկանն Մահմէտ, պատուիրելով որ իմացընեն անոր իր փափագը:

Գնացին աղաչաւորքն առ ոստիկանն, որ եւ շուտով հասաւ ի Խառան. բերին տուին իրեն թուղթը` յորում գրեր էր հայրապետն սքանչելի իմաստութեամբ եւ ծանրութեամբ մը, խնդրելով որ խնայէ Հայոց, ներէ անոնց ըրածին, չդպչի անոնց հաւատքին. այլ ինչպէս առաջին ամիրապետք թողեր էին` ինքն այլ թողու. միայն հարկը առնու եւ պահէ զաշխարհքը: Եւ եթէ այսպէս ընես, գրէր, Աստուած քու կամքդ կատարէ եւ կու յաջողիս. ապա թէ չես լսեր ինծի` ո'չ իմ օրհնութիւնս եւ ոչ Աստուծոյ կու գայ վրադ. այլ միտքդ դրածիդ հակառակն կու պատահի, եւ ամեն կողմէն վրադ չարիք կու թափին: - Զարմացաւ, զարհուրեցաւ ահեղ զօրավարն. եւ լսելով որ դեռ թաղած չեն սրբոյն մարմինը, եկաւ անձամբ. եւ տեսնելով այն հանդարտեալ հանգուցեալ կերպարանաց վրայ աստուածախօս պատ գամ մը, խոնարհեցաւ պատկառանօք, երկու իրեք ան գամ սէլամ-ալէք ըսաւ. որուն` կ՚ըսեն ոմանք, թէ մեռեալ մարմինն այլ (ինչ Խօսնակն եկեղեցւոյ իր գահուն վրայ հանգչած ատենը), պատասխան տուաւ խաղաղութեան ողջունի: Մահմէտ հայրապետին աջը բռնելով եւ վկայ կոչելով զԱստուած, իբրեւ կենդանի մար գարէի հետ խօսեցաւ եւ ըսաւ. Քու թղթէդ ճանչցայ քու իմաստութիւնդ, ո'վ մարդ Աստուծոյ. դու իմ սուրս կապեցիր, եւ քու ժողովուրդդ ապրեցուցիր. եթէ ուզածէդ բան մը չկատարեմ` ըսած անէծքներդ գան վրաս. ապա թէ կատարեմ` ինչպէս որ խօսք կու տամ, օրհնութիւնդ վրաս ըլլայ:

Պատմութեանց մէջ քանի մը ան գամ ասոր նման դիպուածք կու յիշուին. հոգեւոր հօր մը իր հօտը կամ քաղաքը բռնաւորի մը հարուածներէ ազատել, միայն խրատով եւ Աստուծոյ հատուցմանց յիշատակաւ. մէկ այլ այս է. եւ աւելի այլ զարմանալին, որ այս նոր «Սահակ սուրբ հօտապետս» մեր` մահուընէն ետեւ այլ իր հովուութիւնը եւ փրկութիւնը ըրաւ: Գազանացեալ գետոյ պէս վազող զօրավարն` դադարեցուց զօրքերը. Հայոց դալկահար պատ գամաւորները` անկարծելի կենաց յուսով նորոգեց. ոչ միայն բանիւ այլ եւ գրով ազատութեան հրովարտակ կնքելով եւ տալով, որ առաջին Ալի ամիրապետին տուածէն ետեւ գլխաւոր ազատագիրն եղաւ Հայոց, եւ կոչեցաւ Երկրորդ կամ փոքր մանշուր: Այս հրովարտակը` սուրբ խաչվառից եւ դրօշուց հետ պարզած` տարին հայրապետին մարմնոյն հետ` իրեն հաւատարիմքն. եւ Հայաստան նոր հոգի առած` իր մահու չափ սիրող եւ սիրելի հայրապետը հանգոյց յանմահութիւն: …

Մտաւ ինքնին Մահմէտ ոստիկանն այլ ի Հայաստան` բազմութեամբ արաբիկ զօրաց հեծելոց եւ հետեւակաց. սակայն հանգուցեալ հայրապետին հեզութենէն` իբրեւ սանձուած ծով մը` լռեց հանդարտեցաւ, ամենեւին վնաս մը չհասուց Հայոց. եւ իբրեւ թէ իր առաջին զրկմանց եւ սպանութեանցը փոխարէն հատուցմունք մ՚այլ ըրաւ. ամիրապետին խօսք հասկըցուց, ինչուան որ մեռաւ նա (Աբդլմէլիք` յամի 705) եւ յաջորդեց որդին Վլիթ կամ Վալիտ Ա: Սա նոր Փարաւոնի պէս չուզելով ճանչնալ իր հօրը եւ ոստիկանին Հայոց հետ ըրած դաշինքը, մանաւանդ թէ դեռ Վարդանակերտի եւ Վանանդայ կոտորուածքն աչքին առջեւ ունենալով, ուզեց անոնց վրէժը պահանջել ի Բագրատունւոյն Սմբատայ եւ իրեն հետ միաբանած ու չմիաբանած նախարարներէն այլ: Հազիւ թէ սպառնալեաց համբաւն հասաւ ի Հայաստան, - որուն ուրիշ բան չէր մնար` բայց հաւատարմութեամբ պահել Մահմէտի մէնշուրը, եւ անոր մեծասրտութեանը ապաւինիլ, - երբ Սմբատ, սէ գն այն Սմբատ, իր հաւատարմաց եւ Յունաց վրայ վստահացած, եւ քինախնդրութեամբ վառուած, մեծ եւ բազմավտան գանխոհեմութեամբ` ուզեց իբրեւ յանպատրաստից Մահմէտի վրայ հասնիլ. եւ աղաչանօք կայսերէն ընդունելով մեծ գունդ մը յունական զօրաց, շուտով մտաւ ի բաժինն Հայոց Արաբացւոց, եկաւ ի Վանանդ գաւառ, բանակեցաւ ի Դրաշպետ գիւղ: Չուշացաւ Մահմէտ այլ անոր դէմ ելնել, եւ անոր ըրածովն` ինքզինքն ազատած սեպել իր երդմունքէն: Անոր կարծածէն աւելի այլ շուտ պատրաստութեամբ եւ շատ զօրքով` գր գռեալ պատերազմը յանձն առաւ, մղեց լմնցուց, մեծ եւ ողբալի կորըստեամբ Յունաց եւ Հայոց, որոցմէ ինչուան 50, 000 մարդ, կ՚ըսուի, թէ ընկան պատերազմին մէջ, մնացեալ քիչերն այլ կորակոր դարձան, որոց հետ նաեւ Սմբատ, որ եւ ինչուան Ե գերաց (Աճարայ) Փոթի քաղաքը գնաց ամրացաւ: - Վալիտ լսելով որ Հայք եղեր են առաջնորդ Յունաց` ի պատերազմին, նորէն խստիւ պատուէր զրկեց Մահմէտի` չխնայելու անոնց: Մահմէտ` թէ իր ամիրապետին հրամանը եւ թէ մեր հայրապետին խնդիրը կերպով մը միաբանել մտածեց. ինքն կենալով տեղը, (ի Դուին), եւ հրամայելով Նախճուանի կողմնակալին` որ ամիրապետին պատուէրը կատարէ:

Նախճաւանի հրամանատարն` Գասիմ, զոր մեր պատմիչք Կասմ կամ Կազմ կոչեն, կ՚երեւի թէ այն զօրավարաց մէկն էր` որ երեք տարի առաջ զարնուեցան ի Հայոց, որոց վրայ մեծ ատելութիւն ունեէր. եւ հիմայ յարմար առիթ գտաւ ոստիկանին հրամանը: Ասոնք են ըստ վիպասանին մերոյ` աշխարհաւեր կրակը ձ գողքն ի Հայս. «Հուր ի մեզ վառեցին, սատանայի ի նոսա փչելով ըզբարկութիւնն, եւ աստ բան տալով, անօրէն խորհուրդ առեալ ի մեզ… զի զզօրս եւ զզօրագլուխս, զպետս եւ զիշխանս, զազատատոհմս եւ զնախարարազունս, _ բնաջինջ կորեստեամբ բառնալով… սպառսպուռ մահուամբ վճարեսցէ, եւ յաղթեսցէ քաջաց եւ յաղթող նահատակացն Հայոց, եւ ջնջել ի միջոյ ի բաց բառնալ, եւ ունել զաշխարհս առանց կասկածանաց»: Միով բանիւ Տեառն մերոյ, «Հարից զհովիւն եւ ցրուեսցին ոչխարքն հոտին». զարնենք, ջնջենք, ըսին Հագարացիք, Հայոց ամեն իշխանների եւ ազնուականները, եւ անկասկած տիրենք աշխարհին:

Սուտ եւ խարդախ խօսքերով հրաւէր խաւրեցին ամենայն մեծամեծաց եւ զօրագլխաց Հայոց, ինչպէս թէ Սմբատայ ըրածը` Յունաց գործն սեպէին, եւ կ՚ուզէին նորէն Հայոց հաւատարմութեան երդմունք առնուլ, դաշինք դնել եւ վարձք տալ. նոյնպէս անոնց հեծելոց թռչնակն այլ` որ տարուէ տարի ամիրապետին կողմանէ կու տրուէր անոնց (100, 000 դահեկան կամ դրամ): Հայոց մեծամեծաց շատերն հաւատալով կամ հնազանդելով հրաւիրին` իրենց գլխաւոր զօրականօք, թիկնապահօք եւ ընկերօք եկան ժողովեցան Կամայ իշխանութեան կողմերը, ուր եւ ամենուն` իրենց աստիճանին համեմատ ոչ միայն ընծայ եւ թոշակ տրուեցաւ, հապա նաեւ անոնց տարեկան հարկի պարտքն այլ շնորհեցաւ: Միայն թէ ինչպէս սովորութիւն էր մեծի քով գացողին` զէնքերը թողուլ տուին, ինչուան որ գործը լմըննայ, միան գամայն եւ վախնալ մը կու կեղծէին Արաբացիք ի Հայոց. եւ իբրեւ աւելի զգուշութեան համար` ուզեցին որ Հայք հաւատարմութեան երդումն այլ ընեն, եւ հանդիսապէս այլ ընեն, որ երկու կողմին այլ ապահովութիւն եւ երաշխաւորութիւն ըլլայ: Ասոր համար էր որ մտուցին զանոնք, 800 հոգի Նախճուանի եւ 400 հոգի Հրամի մեծ եկեղեցիները, եւ դռները գոցեցին, ըսելով թէ «Մի' ոք ելցէ յայս մեծ խորհրդոյ` արտաքս»:

Եւ մինչ Հայք ներսը արթըննալով` դռները կու փնտռէին, ասոնք դուրսը զէնքերնին հագնելով` խուրհուրդ ըրին, որ անոնց իշխանաց եւ զօրավարաց գլխաւորները դուրս հանեն. եւ ուզածնին տեղեկանալէն ետեւ` որով եւ կախաղանով սպաննեն, իսկ ներսը թողածները` կրակով այրեն, եւ այնպէս ըրին: Մինչդեռ ոմանց պատուական գլխոց համար` դուրսը մահուան փայտեր կան գնէին, եւ ծարաւի սուրն արեամբ կու լափէր հազարամեայ պայազատութեամբ ազնուացեալ արիւններ, մէկայլոց համար վերէն կրակ թափելով` «զտուն աղօթիցն գերեզման յօրինէին, եւ գեհեան հրոյն` ունէր զբաբելոնական բոցոյն նմանութիւն, վերամբարձեալ հրոյն եւ ծխոյն, եւ զնոյն եր գեցին զօրհնութիւն (երից մանկանցն, եւ ապա զհրեշտակացն եր գս ընդ հովիւսն) մինչեւ ի նուազել որդւոցն յանլուծանելի բանդին: … Աւա՜ղ զնոցա այրումն ի միասին հրով, ո՞ր լսելիք բերէին զլուր հառաչանացն. հայր առ որդի եւ որդի առ հայր. եղբայր առ եղբայր, եւ մերձաւոր առ մերձաւոր. բայց ոչ կակղացուցանէր զսիրտ անօրէն բռնաւորացն: - Անդ ապա հօր` որդեծնաց գութ աղիսն այրէր. եւ ի վերուստ ի ձեղուանէն անկանէր կրակն, եւ մանկանցն ի հանդերձսն վառէր հուրն. հարքն ի բաց կտրէին, զի առ նոցա ողորմամահութիւնն` զիւրեանցն ոչ յիշէին, եւ ի զոյ գայրէին առ հասարակ ամենեքեան». վասն զի բազմավտան գաւոր հրոյն այնորիկ ի նիւթական մարդկան ձեռաց բարձրացեալ, հրդեհակէզ եղեալ առաստաղակեալ փայտակերտն` այրեցեալ լինէր. հրկիզի մուրն` ի վերուստ հոսեալ հանդերձ մխախառն հրովն` հեղձամղձուկ դառն պատուհասիւ զվախճան մահու ածելով ի վերայ նոցա ամենեցուն, ծածկեաց զբազմութիւնն զայն անօգնական ի վերուստ: Եւ նոցա անդադար գոհաբանութիւնն` ընդ սպառեալ որդւոցն դադարեաց: - Այսպէս առ հասարակ սպառեցան բազմութիւն նախարարցն Հայոց ի դաւաճանողացն անողորմից: Բայց ոչ է Երեմիա մերձ, որ զաղէտս անցիցն` ողբոք պատմեսցէ լսողացն: - Արտասուօք բազմաց` մի' հոգար, Երեմիա, որ զաչս աղբիւրս խնդրէիր, ի մեր աշխարհիս իսկ ծովացա՜ւ արտասուաց աղբիւրք»: …

Այսպիսի դառնադառն արտասուաց ծով մը հազիւ կարող էր մարելու այն զարհուրելի հրկիզութիւնը, յորում շատ հին Հայկազանց պայազատութիւնք մոխիր դարձան, շատ նախարարութիւնք եւ սեպհականութիւնք ճղակտոր եղան, եւ շատ ծուխք մարեցան: - Սպանելոց եւ այրելոց մնացեալ ընտանիքն գերեցան, ժամանակ մը Նախճաւանի մէջ պահեցին, յետոյ տարին ի Դուին առ Մահմէտ. եւ ամառը բանտի մէջ պահելով` աշնան ատեն եւ յաջորդ տարին` քշեցին ի Դամասկոս առ ամիրապետն, հանդերձ Աղուանից իշխանօք, եւ շատ աւարով եւ կողոպտով, որոց մէկ մեծ մասն այլ իրենք յափշտակեր պահեր էին. ինչպէս նաեւ գերիներէն մէկ քանին այլ. իսկ քշուածներէն «զմեռելոցն ի ճանապարհի` ոչ գիտեմ եթէ ընկալա՞վ զնոսագերեզման, եւ եթէ որպէս ընկեցեալ եղեն ի տեղիս». «Այսպէս անժառան գառնէին զաշխարհս ի նախարարաց. յայնմ ժամանակի թափուր եղեալ աշխարհս Հայոց, մատնէին իբրեւ զոչխարս ի մէջ զայլոց, եւ թշնամեացն ամեն օրինակ չարեաց յարձակեալ ի վերայ` յանհուն աղէտս վտան գի պահէին զբնակիչս աշխարհիս. որոց տաղտկացեալ յանհան գիստ նեղութեանցն` զհառաչանս եւ զաղաղակ հեծութեանն բարձրացուցանէին յերկինս»: - Այս դառնայիշատակ դիպուածն եղաւ յամին 705 եւ 706 զատկի օրերէն սկսեալ, եւ այնքան սաստիկ էր որոյ եւ հրոյ վրէժն` որ Հագարացին ան գամ կշտացաւ, եւ Վարդանակերտի ու Վանանդայ հարուածները աւելի մոռնալու համար` այս տարիս անուանեց Ամ հրդեհի կամ Կրակի տարի:

Ահաւասիկ, Հայկակ, այսպիսի հրածաւալ ծիրանի ծովու մը խռուացեալ եղե գէն դուրս վազեց` յետին պայազատն Գողթան, պատանեկիկն Վահան, որոյ հայրն Խոսրով` իր պատուակցաց հետ որոյ եւ հրոյ մէջ վայելով, վերջին եւ վեհագոյն ժառան գութիւն թողուց այս երեխայ որդեկին` իր նահատակութեան եւ սրբութեան անունը. զոր եւ սա սքանչելապէս ժառան գեց, աճեցուց եւ փայլեցուց: Վահան հազիւ չորս տարուան էր Կրակին տարին. երբ գուցէ ուրիշ աւելի տարեւոր տղոց հետ` իր քիչ մը մեծ եղբարքն այլ` միամտաբար խայտացող գառանց նման խորովեցան Խրամի տաճարին մէջ, երկու իրեք հեղ օղիկ օղիկ գալով իրենց անճրկած դաստիարակաց եւ ազգականաց առջեւ, եւ միայն ափ մը ճերմակ աճիւն թողուցին այնքան խարտեաշ եւ մատղաշ կերպարաններէն. - եւ այն զուարթածաղիկ հասկներն` փոխանակ ծերունափայլ ծնողաց ծոցը պսակելու` ուրախութեան ժամերու եւ սենեակներու մէջ, որպէս զշուշանն եւ զխոտն վայրի` վայրենագոյն ձեռքով խլուած` յետ առօրէական փայլման մը` արկան ի հնոց, եւ ոչ են, եւ ոչ եւս երեւին. - եւ բիւրախօս բամբիռն Գողթան համրացեալ լռէ, եւ չիզրուցեր չողբար այն թառամեալ դալարութեանց եւ կայտառութեանց վրայ. վասն զի նոյն հարուածն` որ զանոնք խամրեց ու խարկեց, զինքն այլ ջարդեց ու ջախջախեց. - եւ Գողթն գինաւէտ քացխած թթուեցաւ իր մանրիկ պայազատաց դեռաբողբոջ քաղցրաբարբառ շրթանց համար, որոց կաթկըթած կաթին, գինւոյն եւ արեան միջէն, անցան գնացին նորեկ հոգիներն. «Եւ հոգիք սուրբ մանկանցն, որպէս զերամս աղաւնեաց թռուցեալ ի յերկինս եւ դնսեալ ընդ զուարթունս երկնից»: …

Վահանայ ուրիշ բաղդ, ուրիշ հանդէս պահուած էր. հասակին մատղաշութիւնն, ծննդեան ազնուութիւնն եւ իր ոսկէհատիկ կերպարանաց շնորհքն` ապրեցուցին զինքը ի հրոյ եւ ի սրոյ. եւ ուրիշ գերեաց հետ հասուցին մինչեւ ի դուռն Վլթայ ամիրապետի. որ իբրեւ պատուական որսիկ մ՚ըրած` պատուիրեց որ իր արքունեաց մէջ մեծցընեն զնա մահմետական օրինոք. եւ անուանը վերջի գիրը միայն փոխեց տաճկացուց, կոչեց ՎահաՊ: Թերեւս հազիւ Պ մը վաստըկելու արժանի էր Վլիթ: …

Դամասկոսի տիեզերասաստ արքունեաց մէջ եւ իսլամի կենդրոնը մեծցաւ զար գացաւ Վահան. հոն առաւ իր վայելուչ հասակին չափը, հոն ծաղկեցաւ պատանեկութեամբ իբրեւ 14 տարի. եւ թէ կերպարանաց վայելչութեամբն, թէ մտաց յաջողակութեամբն ամենուն զարմանալի եւ սիրելի եղաւ: Թէ եւ օտար եւ թանձր դեն մը իր ծննդեան եւ մանկութեան սուրբ կրօնքը պատեր ծածկեր էր ամպի պէս, սակայն քրիստոսածին աւազանին շնորհքն, իր հօր ծննդեան արիւնէն աւելի` նահատակութեան սուրբ արիւնն, եւ ընտրեալ հոգւոյ մը յաղթական եռանդն, այն թանձր ամպերը պատռելով դուրս ցոլացընէին ազնուափայլ նշոյլ մը, որ ոչ միայն օտարաց` այլ եւ նոյն իսկ ինքեան Վահանայ անբացատրելի զմայլմունք եւ զարմանք մ՚էր: Դեռ ծնօտքն չծաղկած` մօրուեղ կուռայից եւ կարդացողաց կրօնքը եւ գիտութիւնը կրնար վարդապետել. իսկ իրեն գրեթէ վարդապետ չէր գտուեր, եւ ոչ հանճարեղ խելքին հաւասարող. անանկ որ իր հասակէն վեր պաշտօններու բարձրացաւ. եղաւ արքունի դիւանադպիր. որ մեծ հմտութիւն պահանջէ արաբերէն լեզուի եւ գրելու. եւ այլ աւելի պատւոյ եւ իշխանութեանց պիտի հասնէր յերկրի, եթէ գերագոյն եւս փառք չպատրաստէին նմա երկինք, որուն ան գէտ եւ անկարծիք` հաւատարմութեամբ կու ծառայէր նա, եւ օրէ օր սիրելի կ՚ըլլար ամիրապետացն` Վալիտայ (705-715) եւ անոր եղբօր Սուլիմանայ (715-717), եւ հօրեղբօրորդւոյն` Օմարայ (717-720):

Այս ետինքս` որ զՎահան գտաւ ծաղկած պատանութեան մէջ, մեծ յոյս եւ խնամք ցուցընէր վրան. մանաւանդ որ ինքն այլ բնութեամբ բարեբարոյ եւ բանասէր էր, եւ կու ջանար ի խաղաղութեան եւ ի հանգստեան պահել իր հպատակները. մինչեւ իր քով գտուած օտարազգի գերեաց եւ պատանդից այլ արձակում տուաւ` դառնալու իրենց հայրենի երկիրը: Ասոնց մէջ գլխաւորք էին Կրակին տարին գերուած Հայոց ազատորդիքն. որք եւ խնդութեամբ դարձան իրենց տանց եւ ընտանեաց մնացորդաց մէջ: - Արդէն նոյն ինքն չարեացապարտն Վալիտ իր վրէժը ի Հայոց առնելէն եւ պատանդները քովը պահելէն ետեւ, լսելով մեր աշխարհին մէջ մնացեալ տառապելոց լացն ու բողոքն ի բռնութեանց ոստիկանին Մահմէտի, յետ կանչեր էր զսա յԱսորիս, ուր չարաչար մահուամբ կորաւ. «Դժնդակ ախտ մահու զնա ըմբռնեալ` զեօթն ամիս հոգեհանս կացեալ` հազիւ ուրեմն սատակէր. եւ երիցս թափեալ վերընկէց լինէր, զի երկիր ոչ ընդունէր զնորագարշելի մարմինն. ապա կալեալ շուն մի շամփրեցին … եւ այնպէս ծածկեաց երկիր զչարն զայն»: Անոր տեղ ղրկեց զԱբդլազիզ, որ թէ եւ խուլ էր ականջօք, բայց բարեսէր, զուարթաբարոյ եւ առասպելախօս ծերուկ մը: Սա մէկէն հրաման հանեց որ ամեն փախուցեալ եւ հեռացեալ Հայք անվախ դառնան, իրենց տունը տեղը ժառան գեն. եւ ձեռք այլ զարկաւ անոնց մայրաքաղաք Դուինը նորոգել: Վասն զի, կ՚ըսէր, երբ այս քաղաքս մենք Արաբացիք առինք (յամին 640 կամ 647), ես այլ բանակին մէջ էի` 12 տարուան տղայ մը, մէջքս կարմիր շորերով պատած. երբոր մեր զինուորքն քաղքին պարսպին տակ կ՚աշխատէին եւ չէին կրնար ճամբայ գտնել, ես խողովակ մը տեսայ, մէջը մտայ եւ սողալով գացի, ինքզինքս պարսպին վրայ գտայ. սկսայ պոռալ կանչել մեր զինուորներուն. ասկէ շփոթութիւն եւ վախ մ՚ընկաւ պահապանաց վրայ: Արաբացիք շուտ մը վրայ հասան, տիրեցին քաղքին ու աւրըշտըկեցին. եւ որովհետեւ ես եղայ անոր աւերման պատճառ, պէտք է որ հիմայ այլ ես ըլլամ նորոգողն: - Այս խելոք խիկարին ոստիկանութեան ատեն, դարձան ի Հայս` անկէ կամաւ գաղթող փախչողքն. ինչուան այն Սմբատ Բագրատունին այլ, որ անխոհեմութեամբ իր հայրենեաց եւ Յունաց հարուածոց պատճառ էր եղեր, եւ հիմայ այլ նոր անխոհեմութեամբ եւ ապերախտութեամբ` կողոպտելով Փոթի քաղաքը (ուր ամրացեր էր շնորհօք կայսեր), դարձաւ ի Հայս, հետը ձ գելով Յունաց պապասներուն եւ եպիսկոպոսաց նզովքը, անոնց եկեղեցիներն այլ կողոպտելուն համար: …

Սկսաւ նորէն աշխարհն շինութիւն առնուլ, եւ այն մեծ հրդեհին մոխիրները քիջ մը մաքրիլ, թէպէտ եւ կային շատ խանձած գետինք, ուսկից նոր տունկ մը չէր բուսներ, նոր շէնք մը չէր կան գներ. խանկրած աւերակներ` դեռ կ՚ողբային եւ ողբալ տային իրենց հին տէրերը, եւ տարակուսանօք փնտռել նոր պայզատներ: … Այսպիսի էր եւ գաւառն Գողթան, ուր քակտած քարուկիրն եւ արմատախիլ այ գիք իրարու խառնուած դիուած մնացեր էին. տասն տասնեւհին գտարի էր, ոչ թէ հայրապանծ բամբիռն, այլ եւ ոչ բարբառ մ՚ուրախութեան հնչէր այն կողմերը` որք գրեթէ խնդութեան եւ եր գոց բնավայրք էին. այլ միայն ողբասէր եւ ահարկու բուիճակաց վայերն ու կանչեր` կիսաւեր բուր գէ` բուր գպատէ պատ զայնուելով երթային եւ դառնային… լռութենէն աւելի տխուր էր այն ձայնն, գիշերուան մթութենէն ցաւագին էր հանդարտաքայլ լուսնին ծաթելը գերեզմանացեալ փլատակաց վրայ: …

Սակայն հոն ամենէն տխրաշարժ միան գամայն եւ սիրաշարժ երեւոյթն էր` աւանդութեան ցուցածն: Իբրեւ դիցակերպ ոգի մը, ուրհի մը այն մեռելատիպ միայնութեանց, կէս սեւ կէս ճերմակ, թէ ոչ յաւերժահարսն` գոնէ գիշերահարսն հեզաճեմ, որ լուսնին ծառէ ծառ անցուցած չուքերուն հետ սահելով` կու գայ լռիկ մնջիկ իր ցորեկուան հովանոց` գիշերուան մենանոցը, սաղարթապատ սարբինայից տակ, անշուշտ յԵրասխ վազող առուակի մը քով. որուն հոմաձայն հոմավանկ կարկաջանքն` իր համանման մտածմանց եւ անդաճմանց սիրելի արձագան գք են. - ինքն տրտմութեան եւ լուսնին գոյներն առած` փափուկ ծնօտը կու հանգչեցընէ արծաթափայլ ծղեացը վրայ. եւ գրեթէ անշարժ անշունչ կու նայի կիսաբաց աչօք, որոց ոչ սեւութիւնը, ոչ արտասունքը, եւ ոչ գիտած կէտը կրնայ նշմարուիլ. - աւելի մելամաղձիկ Մելպոմենի մարմարեայ անդրի մը կարծուէր` յանկարծ հանդիպողի մը, քան կենդանի կոյս մը, եռանդուն օրիորդ մը, ազնուազուն պայազատ մը: … դստրիկ մը Խոսրովու, քոյրն Վահանայ Գողթնացւոյ: …

Այն ազնիւ, գերազնիւ աննման քերց մէկն է սա, որոյ վրայ դեռ պատմութիւնն գրով չէ խօսած, այլ բերանացի աւանդութեամբ հասուցած, այն մեծասիրտ հայկազն, օրիորդաց մէկն, որոց համար եթէ հայրենիքս կան գուն ըլլար` կրնար առանձին տաճար մ՚այլ կան գնել, այն որբացեալ քոյրերէն մէկն, որ ամեն օր տարաժամ վախճանեալ ծնողաց գերեզմանները արցունքով լուալէն ետեւ, աչուընին սրբելու կու կանչեն հեռացեալ վարեցեալ եղբայր մը. եղբայր մը, որ քան իրենց ակնկալու տասն փեսայ` աւելի քաղցր եւ ցանկալի կ՚երեւի: Բաղդ եւ դիպուած, գրեթէ անունով այլ նման ըրեր էին զսա` մեր Հայոց օրիորդաց նախ սեւաճեմ եւ ապա սրբաճեմ պարագլխին, Ս. Խոսրովիդըխտայ, որ մեծին Խոսրովու դուստր էր, ինչպէս սա Գողթան իշխանին Խոսրովու: Ուրեմն իրաւապէս, (մանաւանդ քանի որ պատմութիւնն լռէ) սա այլ Խոսրովիդուխտ կըրնայ կոչուիլ (որ է ըսել դուստր Խոսրովի): - Երբ Անակ Պարթեւ եւ Արտաշիր Սասանեան սպաննեցին անոր հայրը եւ ընտանիքը թըրէ անցուցին, զինքն ազատեց իր դայեակն Օտա նախարար, անոր մէկ փոքրիկ եղբայրն այլ (որ յետոյ եղաւ Մեծն Տրդատ) ուրիշ իշխան մ՚առաւ փախուց մինչեւ յարքունիս Հռովմայ ինքնակալաց. - իսկ ասոր եղբայրիկը` նոյն իսկ գերողք աշխարհին եւ հօրը սպանողքն տարին` այս ատենուան ինքնակալաց արքունիքը, ի Դամասկոս. - քոյրն Տրդատայ` Խոսրովիդուխտ` մենացեալ նստէր ի բարձր աշտարակի ամրոցին Կամախայ, կու նայէր եփրատագնաց Գայլ գետոյն ալեաց վրայ, եւ 15-20 տարի կու հառաչէր, թէ ե՞րբ պիտի գայ իմ Տրդատ եղբայրս, կան գնելու իմ սիրտս, մեր հօրը թագը եւ Հայոց աշխարհը. - քոյրն Վահանայ նորս Խոսրովիդուխտ, իր կիսաւեր հայրենեաց մենանոցի մէջ նստած, իբրեւ 15 տարի հալէր եւ հառաչէր, թէ ե՞րբ պիտի գայ իմ վահան եղբայրս` կան գնելու իմ սիրտս, մեր հօր յիշատակը եւ Գողթան աւերակները: - Իր սիրալիր, եւ ցաւալից ցնորմանց մէջ անշուշտ շատ հեզ ուզեր էր ինչուան Երասխայ արեւելասէր ընթացքն այլ փոխել` Եփրատայ եւ Տի գրիսի նման դէպ ի հարաւ, եւ իր հօր պալատին խանձած տախտակաց մէկը լաստելով` նստիլ վրան, սահիլ իջնել մինչեւ ի դուռն Դամասկոսի, եւ դարձընել բերել զՎահան մինչեւ յայ գիս Գողթան: - Չկարցաւ Խոսրովիդուխտ գետոյն ընթացքը փոխել, այլ իր արտասուաց անփոփոխ գետը հասուց մինչեւ առ եղբայրը: …

Վահան հասակով եւ սրտով զար գացեալ` արդէն լսէր իմացեր էր իր ծագումը, եւ շատոնց սկսեր էր սրտին մէջ երկու կրօնից, երկու հայրենեաց, երկու սիրոյ կռիւներն. եւ արդէն յաղթող կ՚երեւէր կողմն բնիկ հայրենեաց, Հայաստանի, Խոսրովիդխտոյ եւ քրիստոնէութեան, ի վերայ մահմէտական կրօնից եւ ամիրապետից տուած եւ տալու բարեաց, իշխանութեանց եւ արեւելեայ փափուկ հարսանց եւ հարճից: Իմացեր էր իր ինչ կորիւն ըլլալն, եւ անկէ ետեւ խալիֆայից ոսկեպատ պալատն` իրեն գառագիղ մը կ՚երեւէր. ընդարձակ կրօնքի մը հայթայթած ամեն փափկութիւնքն` կ՚ոչնչանային իր հայրենի գաւառին, սուրբ եկեղեցւոյ եւ քրոջ մը ցանկալի յիշատակաց եւ վայելից առջեւ: Փափագ, կարօտ եւ անկէ վեր` կրօնական մտածութիւն մը, խիղճ մը` սկսան տանջել այն սիրտը, որ եռանդնագոյն աստիճանին մէջ միայն հեշտութիւն փնտռել խրատուեր էր: Այսպէս սկսաւ օտարն Վահապ` ինքնիրեն փոխուիլ ի բնիկն Վահան: …

Տեսնելով որ մէկիկ մէկիկ իր գերութեան ընկերակիցքն կու դառնան ի հայրենիս եւ ինքն գրեթէ մինակ կու մնայ, այլ չդիմանալով գնաց առ Օմար, եւ շատ ճարտարաբանութեամբ յայտնեց փափագը, որ զինքն այլ դարձընէ իր ծննդեան երկիրը. վասն զի կ՚ըսէ վիպասանն, էր նա Ղխօսիւք քաջ կորովի, եւ ծանուցանէր զիւր դժուարամտութիւնն», այսինքն սրտին նեղութիւնը: Բայց ամիրապետին աւելի ծանր երեւցաւ թողուլ արձակել զնա, քան թէ բոլոր մէկայլ գերիները, վասն զի իր ազգակցաց մէջն ան գամ Վահանայ պէս ճարտար, խելացի եւ վայելուչ պաշտօնեայ մը չունէր, սկսաւ տարակոյս հանել եւ չհաւատալ ձեւացընել, վկայ փնտռել Վահանայ ըսածներուն. - որուն փութացան հոն գտուող Հայք երաշխաւոր ըլլալ. Օմար` Հայոց վկայութիւնը չուզեց ընդունիլ: Վահան գտաւ մահմետական բարեկամ իշխաններ ու պաշտօնեաներ այլ` որ զնոյն վկայութիւնը տուին. Օմար անոնց այլ չուզեց հաւատալ: Պէտք եղաւ մարդ գրկել մինչեւ ի Միջագետք. «առ քննող գրոցն», Վահանայ որպիսութիւնը ստու գելու համար. հոն 15 աճիկ գտուեցան որ լաւ գիտէին Կրակին դիպուածը եւ Վահանայ ով եւ ինչ ըլլալը, միան գամայն եւ ասոր բարեկամ էին, ուստի իր ուզածին նման վկայութիւն տուին:

Օմար այլ չկարենալով ոչ յայտնի ստու գութիւնը մերժել, եւ ոչ իր գերեդարձի հրամանը, սկսաւ անուշութեամբ ողոքել իր Վահապը եւ յիշեցընել անոր տրուած պատիւը եւ պաշտօնը, որոց վրայ այլ աւելին այլ պիտի տար: Վահան շնորհակալ ըլլալով յիշեցուց ամիրապետին թէ ինքն այլ իր հայրենեաց մէջ ունեցեր է մեծ ժառան գութիւն, հին եւ մեծազգի ցեղ մը, որ թէ հայրենական շատ ստացուածք ունէին եւ թէ Պարսից տէրութեան ծառայելով` աւելի շատցուցեր էին. եւ «յոլով գանձիւք մեծացան քան զբազում ազատս` որ յերկրին իմում էին». եւ զգալով իր առաքինի նախնեաց քաջութիւնը` պարծենալով քաջապէս եւ գեղեցկապէս կ՚ըսէր, թէ քիչ չեն իր նախնեաց եւ հարց նիզակի եւ աղէղան վաստակք: Եւ երբ Օմար կէս հաւան կէս հակառակ` կու խոստովանէր թէ անոր այդ ամեն հայրենի տեղուանքն հիմայ անապատ աւերակ դարձեր են: Վահան կանչեց սքանչելի եւ խոր զգացմամբ, ոսկի գրով դրոշմելու բան մը. Ուրեմն «արձակեցէք, որ տեսանիմ զորչափութիւն աւերածոյ երկրին իմոյ հայրենեաց»: Այս այրած սրտի գոչման ի՞նչպէս կրնար հակառակիլ Օմար, բայց միայն պահանջեց որ եթէ երթայ եւ տեսնէ այն աւերակները` չմնայ անոնց մէջ, այլ դառնայ իրեն, Վահան խօսք տուաւ որ կ՚երթամ, եւ «ձեր հրամանաւ գործակալ արարեալ (իմ երկիրներուս` դարձեալ) առ քեզ հասանեմ»: Ստիպուեցաւ Օմար հրովարտակ տալ Վահանայ ձեռքը, որ երթայ իր հրամանաւը հայրենի ստացուածքը ժառան գէ, եւ Գողթան տէր ճանաչուի:

Ոչ տաճիկ ուղտ եւ ոչ արաբիկ նժոյ գսրընթաց, այլ կարծեմ թէ փայլակն էր որ զՎահան տանէր թռցընէր Ասորւոց եւ Միջագետաց անապատներուն եւ դաշտերուն ընդարձակութենէն, եւ մեր Վասպուրական աշխարհէն կու հասցընէր Երասխ գետոյն եզերքը, որոյ պայծառ եւ կարկաջուն ջրերուն մէջ ճխալով անցաւ Հին Ջուղայի կամ Որդուպատայ մօտի հուներէն, եւ փայլակնընթաց անդրուվարը ուղղեց անխոտոր յարեւելք` ի գաւառն Գողթան. փոխանակ անոր գինաւէտ այ գեաց` տեսնելու նախ զընդարձակութիւն աւերածոյ երկրին հայրենեաց: Սակայն ուրիշ կրակով վառուած միտքն` կու բռնէր զաչքը, աւերակներն չէն կ՚երեւէին իրեն, չէն բնութիւնն` աւերակ կ՚երեւէր իրեն. լաւ եւս ըսել, ապատ եւ անապատ իրարմէ չէին որոշուեր: Երբ իմացաւ որ իր հայրենի սահմաններուն մէջ մտեր` անոր ամայացեալ ապարանից կու մօտենայ, հեռուէն` ամեն շարժուն եւ կենդանի արարած, ամեն մարդկային կերպարանքը` կամ իր ծնած տնէն ընդ առաջ եկող մը կարծէր, կամ զնոյն ինքն իր քոյրը: -

Ո՞վ գիտէ ուր հանդիպեցաւ ասոր, ուր գտան եւ տեսան զիրար 15 տարիէ վեր զատուած քոյրն եւ եղբայրն, որք եւ հազիւ տեսեր էին զիրար ի տղայութեան հասակին, եւ հիմայ յանկարծ մէկմէկու գիրկ գտուեցան դիւցազնացեալ կերպարանօք եւ հասակաւ: - Արդեօք իր մթապատ մենանոցին մէ՞ջն էր Խոսրովիդուխտ` տատրականման մնչելուն ատեն, թէ սուրհանդակ փայեկաց ձեռքով իմանալով եղբորը գալը` փութացաւ ինչուան յեզրն Երասխայ, եւ տեսնելով գեղահրաշ հեծեալ մը` որ ջրերը ճեղքելով կու դիմէ յարեւելեան ափունքը, ինքն այլ անհամբեր` ձիւնափայլ կարապի մը պէս նետուեցաւ փրփրոց մէջ, ուր գետոյն գովութենէն աւելի հաճութեամբ ճաշակեցին աննման քեռ եւ եղբօր սիրոյ քաղցրութիւնը: … Ի՜նչ զմայլմունք էր Խոսրովիդխտոյ` տեսնել իր 18 ամեայ կտրիճ եղբայրը, իր մէկհատիկ ցանկալին, հոս` արդարեւ վահագնակերպ ծիրանի ծովէն խարտեաշ մազերով պատանեկի մը պէս ելնել եւ հսկայակերպ ցատքել հայրենի հողուն վրայ: - Ի՜նչ զմայլմունք էր Վահանայ այլ` տեսնել իր մէկհատիկը, մեծասիրտ քոյրը, հայկագեղ օրիորդը, յորում կու նշմարէր իր մայրն այլ, իր ամեն հարազատներն այլ …: Ի՞նչ տաք տաք սրտով աչքով ու բերնով առին եւ տուին իրարու. եւ ի՜նչ փարելի թեւակցութեամբ երբեմն նստեալ ի պաստեռունս, երբեմն ձիով եւ ոտքով` քայլէին քննէին իրենց հայրենի երկրին ոլորտքը, մէկ մէկ տեսնելով եւ որոշելով զշէնն ու զանշէն. եւ իրենց տիրական նշանները ու սահմանախաչերը կան գնելով եւ նորոգելով:

Գաւառէ գաւառ հռչակեցաւ լուրն, թէ դարձեր եկեր է Խոսրովու պայազատն, Գողթնեաց իշխան կար գուեր է ցանկալին Վահան: - Ամեն կողմէ եկան շնորհաւորք, խնդակիցք, մեծարողք, ժողովեցան բոլոր Սիւնեաց իշխանք եւ մեծամեծք, իրենց մէկ գլխաւոր իշխանակցին պայազատը պատուելու եւ բազմեցընելու զնա ի գահն հայրենի. ուրախութեան եւ կենդանութեան ձայներ հնչեցին ամեն գեղ ամեն տեղ. ս գոյ նշաներն վերցուեցան. եկեղեցի եւ տաճար եր գով եւ օրհնութեամբ լցուան. մինչեւ ի դարպասս կուսանաց եւ օրիորդաց հնչեց համբաւն. եւ ոչ սակաւք սրտերնին յոյս մը դրին Խոսրովու պայազատին վրայ. բոլոր երկիր կու թնդար կու պարէր վասն Վահանայ: … Իսկ ինքն Վահա՞ն: …

Ո'րչափ զարմանալի եւ աննման է մարդս` երբոր երկրիս ամենայն հանդիսից եւ հրաւիրանաց մէջ այլ` երկնից հանդէսն եւ հրաւէրը դիտէ: Ամենքն երկրաւոր բարեկենդանութիւն կու մտածէին կ՚առաջարկէին, կու խնդային. միայն Վահան` որոյ համար էր այդ ամեն եղած եւ ըլլալիք, Վահան միայն լուրջ եւ հանդարտ կու մտածէր. երկու ծանր բան միտքն ու սիրտը կու ճնշէր. մէկ մ՚օր ամիրապետին խօսք տուեր էր իր գործերը հոս կար գաւորելու եւ դառնալու առ նա. մէկ մ՚այլ որ ինքն` թէ եւ ակամայ եւ առանց գիտութեան` ուրացող սեպուեր էր սուրբ հաւատոց, եւ թոյլ ու թանձր կրօնից մէջ մեցծեր էր: կ՚ուզէր երկուքին այլ հաւատարիմ ըլլալ, թէ երկրաւոր իշխանին, եւ թէ եւս առաւել երկնաւորին. անոր` քովն երթալով, իսկ Ասոր` քովէն երբէք չզատուելով, քրիստոնէութեան կրօնից պարտուք եւ սիրով: Իսկ իր քոյրն եւ մերձաւորք եւ բարեկամք, բոլոր Գողթն, եւ գաւառք եւ իշխանք Սիւնեաց` կու յորդորէին զնա թողուլ կամ այլափոխել իր ծանր մտածութիւնները, եւ հասարակաց խնդութեան մասնակից ըլլալ, մանաւանդ թէ պարագլուխ եւ առաջնորդ: Ջանացին ցուցին որ կենաց օրինաւոր պարտուց յանձնառութիւնն` ար գելք մը չէր իր քրիստոնէաբար ապրելուն, եւ ամիրապետն այլ հաճելու հնարք կրնային ճարել. մեծամեծքն միաբան յորդորէին որ իր հին եւ պանծալի տանը ճրագը չմարէ, որուն յետին կայծ ինքն էր մնացեր, եւ սուրբ ամուսնութեամբ իր հօր նման` Աստուծով պար գեւէ իր երկրին պայծառ պայազատներ: - Գրեթէ պարտաւորեցին, ամաչեցուցին պարկեշտ պատանին. ձայն տուաւ Սիւնեաց նահապետն (Բաբ գեն ?), որ այն աշխարհին երկոտասան գաւառապետաց (որոց մէկն էր Վահան) նախագլուխ էր եւ թագաւորակերպ պատիւ ունէր: Գնացին իր մեծափառ ապարանքէն ընտրեցին վերուցին զազնիւն յազնուաց. եւ ինչպէս արծըթէ սկաւառակի վրայ դրուած շառափայլ նուռ մը. բերին մատուցին Վահանայ` զնազելի Սիսակուհին, որուն միայն` հաճութեամբ տեղ կու տար եւ Խոսրովդուխտ` իր եղբօր սրտին մէջ. եւ սա պատկառանօք հաւանեցաւ: Զու գեցին ոսկին արծաթոյն հետ. զպերճափայլ պայազատն Գողթան ընդ բիւրեղափայլ օրիորդին Սիւնեաց. հնչեցին եր գք հարսանեաց, դոփեցին թմբուկք տօնականք, բոլորեցան պարք ուրախութեան. պարպեցան շատ կարասք գինաւէտ Գողթան այ գեաց, եւ տխրութեամբ ջախջախեալ բամբիռն` ան գամ մ՚այլ արծարծեցաւ ի նորոգութեան հայրենեաց:

Ո՜վ, ո՜րքան վսեմ եւ գեղեցիկ էր Վահան «յաւուր փեսայութեան իւրում», յաջմէ իւր քրոջ եւ ի ձախմէ հարսին իւրոյ, որոց մէկն ծիրանեաւ միւսն բեհեզով էին զարդարուած. երկուքն այլ աննմանք, երկուքն այլ սրտին զանազան կերպով մէկմէկէ սիրելիք: Ո՜րքան տարբեր` հեզանազ, սրբիկ, կենդանի եւ երկնախառն էր այս հայկուհեաց շնորհքն եւ սէրն` քան զտաճկուհի դստերացն Դամասկոսի յապարանս ամիրապետաց: - Քրիստոսի սուրբ եւ անապակ կրօնից ազատ պաշտաման հետ, հիմայ տրուեցաւ Վահանայ վայելել սրտից հզօրագոյն կիրքը` ի սրբութիւն փոխարկեալ եկեղեցւոյ խորհրդովն: - Կտրիճ եւ առաքինի պայազատ իշխանորդւոյ մը` չկար թերեւս քան զայս վայելուչ փափագելի եւ յաջող վայելք մը. զոր եւ անփորձ եւ երկար եւ բազմապտուղ մաղթելով` իր ամեն բարեկամքն, բոլոր Գողթն եւ Սիւնիք, իրենց տեղը քաշուեցան, թողլով զնորապսակ իշխանն Գողթան իր վայելից. փառաց եւ նոր կենաց ընդարձակ ասպարիզի մը մէջ:

Ո՜րչափ փայլուն եւ վառվռուն կրնար ըլլալ այս ասպարէզս` երբ մանկութիւն, կտրճութիւն, հարստութիւն, պատիւ, սէր` մէկմէկ կենաց վտակներու պէս յորդորէին առոյ գսրտի մը մէջ. - փոխանակ իր ծննդեան ցաւալի դէպքերուն, այն աշխարհաւեր կրակին եւ ծնողասպան սրոյն, ի՞նչ մխիթարութիւններ եւ զբօսանքներ չէր կրնար ճարել Վահան. աշխարհակալ ամիրապետի մը սէր եւ օգնութիւն` զինքն իր հայրենեաց եւ իշխանաց մէջ` ո՞րչափ գերազանց եւ նախանձելի կրնար ընել: Այսպիսի բարեբաղդ պատանի պայազատի մ՚առջեւ` աշխարհք, այն խատուտիկ խաբուսիկ աշխարհս` ի՞նչ նոր եւ պայծառ գոյներ չէր առնուր. եւ իբրեւ հանդարտ լճի մը վրայ նետուած քարէ մը (այնպիսի սրտի մը մղմամբ ի ծով փափկութեան), ի՞նչ հետզհետէ մէկմէկէ ընդարձակ բոլորակ ծիրեր կու ծաւալէին ցանծանօթ ոլորտս կենաց հորիզոնին: - Այո', այո' կարելի էին այս եւ այսպիսիք, եւ ոչ անկարելի վիպասանի մը կամ մտածողի մը` այն իրարմէ մղուած ջրոց հեշտալի ծիրերուն ետեւէն երթալով` ցանկալի կենաց պարագաներ ստեղծել, եւ Գողթան իշխանին կենաց բոլոր ընթացքը գարնանային ծաղկանց պսակով հիւսել: …

Սակայն Վահան, նրբամիտ եւ վեհասիրտն Վահան` ընտրեց գրագոյն եւս ծաղկըներ, հիւսեց անթառամ պսակ, փորձեց ընդարձակագոյն ասպարէզ մը, բացաւ ճանապարհ մը` անծանօթ իր հասակակցաց եւ մտերիմ սրտակցացն: Ոչ թռչունք եւ ան գեղք Յովբայ տեսան այս շաւիղը, եւ ոչ ճամբան ճանչցաւ սրահեշտ աչքն Սողոմոնի, որ երբեմն կու խոստովանէր թէ իրեն մեծ մտացն այլ անիմանալի կու մնար երիտասարդին սիրտը, երբեմն վստահանալով` խրատ կու տար անոր, թէ «Ուրախ լեր, երիտասարդ, ի մանկութեան քում, եւ զուարճացուսցէ զքեզ սիրտ քո` յաւուրս մանկութեան քո»: Միայն աստուածային արծուին կու հասնի այն շաւղին, եւ Մեծն քան զՍողոմոն (Քրիստոս) կրնար բանայ այն ճամբան, յոր նետուեցաւ մտաւ եւ Վահան, եւ ահա բարձր էր քան զերկիրս իր ասպարէզն եւ ընթացքն: Աշխարհիս յոյսն եւ հիւսածն` հոս կու կարճատի կու կտրատի, պատմութիւնն եւ կեանքն` հասարակաց կարծած կերպարանքը կու փոխէ, երկնային արիութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ հանդէսք կու բացուին: Նոր եւ հզորագոյն կրակով մը` դարձեալ կու խամբի կու լռէ բամբիռն Գողթան, որ դեռ Վահանայ ըրածին նման գործ մը չէր եր գած: … Թո'ղ երթայ նա Որդուատայ եւ Ա գուլեաց հինաւուրց լայնասաղարթ սօսեաց մէջ ծածկուած կախուի կենայ, լուռ մուռ դիտէ ու սովրի, ապա թէ փորձէ եր գմը, եր գնոր ի տէր Վահան` Գողթնեացն իշխեցող. զոր եւ մենք յետոյ լսենք:

Հազիւ թէ Գողթան իշխանութիւնն առեր եւ դեռ չէր տեղաւորուած Վահան, երբ հասաւ լուր տարաժամ մահուան ամիրապետին Օմարայ (720) որ մեր պատանի պայազատին մտերմաց անակնկալ առիթ մը սեպուեցաւ ազատելու զնա իր խոստմունքէն, այսինքն յետս դառնալուն ի Դամասկոս: Սակայն նա աւելի բանիբուն ըլլալով` այլ մեծագոյն դժարութիւն կու տեսնէր, գիտէր որ իր խոստումնքն անծանոթ չէր խալիֆային պաշտօնէից, եւ օր մը խնդիր պիտի ըլլար, զինքը փնտռէին. միշտ կասկածանաց մէջ` կու լրտեսէր հաւատարմաց ձեռօք` թէ իր վրայ ի՞նչ զրոյց կ՚ըլլայ ի դուռն Դամասկոսի, եւ Եղիտայ քով` որ յաջորդեց Օմարայ` հին գտարի: - Կասկածանք իր վրայ, հօդ` սրտին հետ կապուած անձին եւ ընտանեաց վրայ, աւելի մեծ հոգ` իր հաւատոց հաստատութեան վրայ. - կամ հալածական եւ փախստական կեանք մը, կամ տագնապ եւ տանջանք, եւ կամ ինքնակամ անձնատուր ըլլայ անոնց` որոց քովէն ելաւ եկաւ, բայց ոչ ինչպէս եկաւ` անանկ դառնալով, այլ իբրեւ նահատակ Քրիստոսի: Պատրաստութիւն այսպիսի նուիրման եւ վկայութեան վասն Քրիստոսի` արեամբ եւ կենօք. - զիղջ եւ ողբք իր առաջին աղայական կենաց վարուց վրայ. եւ վերջապէս բոլորանուէր զոհուիլ մարտիրոսութեամբ: Այս եղաւ Վահանայ երկրորդ մասն կենաց, որ առանոյն չափ 18 տարի տեւեց:

Իր օրինաւոր կասկածն շուտով ստու գեցաւ, լսեց որ իմացուցեր է ի դուռն ամիրապետաց իր դարձն ի քրիստոնէութիւն, եւ լուսաւոր հաւատով վարուիլն ու խնամենալն Սիւնեաց նախարարին: Եթէ անկէ ետեւ մնար իր տեղը, կամ չլսելով կանչուելուն, կամ իբրեւ ապստամբ` աշխարհին ամուր տեղուանքը ապաստանելով, ոչ միայն իրեն` այլ եւ իր ընտանեաց եւ Գողծան եւ Սիւնեաց, թերեւս եւ բոլոր Հայոց նոր վտան գներ եւ նոր կրակներ կրնար պատճառել. - իսկ եթէ ինքն իր կամօք երթար ամիրապետին, կ՚երեւար թէ ոչ իր ամուսինը, իր ճշմարիտ սիրելիքը, իր վերածնող սուրբ եկեղեցին եւ գուցէ նոյն իսկ իր դալար արեւը: Թերեւս այս ետքինս` կ՚ընտրէր Վահան, եթէ կենաց լծակութեան, ընտանեկան եւ խնամեկան պարտքեր չունենար, եթէ իր հարսին եւ հարսնանման քրոջ սէրն` իր սրտին կարմիր օղեր անցուցած չըլլային: Ապա մէկ հատիկ խոհեմութեան ճամբայ, ընդ մէջ երկնից եւ երկրի, եւ երկուքին իրաւանց այլ հաւանելի, կու մնայր անանկ տեղ մը քաշուիլ, ուր թէ զինքն եւ իր կենաց կցորդքն ապրեցընէ, եւ թէ իր աշխարհին վտան գեւ բռնութիւն չհասցընէ զինքը փնտռողներուն ձեռոք: - Այս ապահով տեղն էր Յունաց կայսերութիւնը, մէկ հատիկ հզօր տէրութիւն` որ կրնար դիմամարտիլ ընդ Հագարացւոց, եւ ուր միշտ կ՚ապաւինէին նեղեալ իշխանքն Հայոց, իբրեւ ինքնակամ եւ գաղտուկ երթալով, որպէս զի մնացեալ ազգականաց եւ իշխանակցաց վնաս չհասնի` անոնց վրայ տիրապետողներէն: - Ահա զայս մտածեց Վահան, եւ ձեռք զարկաւ:

Դեռ նոր ժառան գած տէրութեանը եւ աշխարհին` ծածուկ բարով մնաս ըսելով, եւ յաւիտենական բարով մնաս մը, առաւ կինն ու ընտանիքը, եւ բաւական ստակ. իր դրան մարդիկներէն այլ միայն քսան հեծեալ, առանց անոնց իմացընելու ընելիքը. ու գնաց նախ ի գաւառն Վայոց ձոր իր աներոջ քով, իբրեւ տեսութեան համար, եւ մինչ իր հայրագիրն իբրեւ երկրորդ ան գամ հարսանեկան հանդէսներ կ՚ընէր ի պատիւ փեսային եւ տիկին դստերը, նա միշտ իր յետին մնաք բարովը կ՚ըսէր ի սրտէն, իրմէն աւելի ցաւելով իրեններուն վրայ` երբոր լսէին իր տարագնացութիւնը, եւ չէր գիտեր թէ ինչպէս յայտնէ կամ ինչպէս ծածկէ: - Վերջապէս բաւական ժամանակ կենալէն ետեւ աներոջը քով, որուն միայն գաղտուկ իմացուցեր էր միտքը, պատրաստեցաւ նորէն ճամբաւ, եւ լրջութեամբ կու գիտէր իր միամիտ լծակցին սիրալիր աղապատանքն առ ծնողս իւր, գուցէ վստահութեամբ մայրական յուսոյ մը, եւ քիչ ատենէն նորէն տեսնուելու: Բայց ի՞նչ զարմանք եւ ապշութիւն եկաւ ասոր` երբ փոխանակ դէպ ի հարաւ ի Գողթն դառնալու, Վահան նշան տուաւ ուղղելու դէպ յարեւմուտս եւ ի հիւսիս, յանծանօթ կողմն եւ ճանապարհ: - Նախ շուարելով, վերջը շողոմելով շողոքելով Դալիլեայ պէս` աղաչեց թախանձեց կինն, ստիպեց ցՎահան` որ յայտնէ ուր երթալը, եւ իմանալուն պէս այլ` անհամբերութեամբ իմացուց իր իշխանազուն եղբարցը, որոնք մէկմէկ վիճակի տէր էին, եւ դդարելով իրենց քրոջ անդարձ պանդխտութեան վրայ, ձայն վերուցին, ողոքեցին բողոքեցին, լացին լացուցին, հազարումէկ ար գելք հանեցին Վահանայ, անկարելի է կ՚ըսէին երթալդ, եւ թէ քեզի վտան գ, եթէ մնաս հոս` մենք քեզի, դու մեզի պաշտպան կ՚ըլլաս, իսկ այսպէս երթալովդ` «Դու մեզ` ոչ կենդանի լինիս եւ ոչ մեռեալ», եւ շատ, բայց փուճ կերպեր կու ցուցընէին չերթալու, եւ մնալու: Եւ երբ Վահան անոնց ամեն տկար պատճառները մէկ խօսքով կտրեց, անոնք աւելի պարտաւորելու կամ պատկառեցընելու համար կ՚ըսէին, եթէ ասանկ է` մենք այլ հետդ կ՚երթանք մեր անով տեղով. «Ընդ քեզգամք ի կեալ եւ ի մեռանել յօտար երկիրն. քեզ ողբակցեալ` անկցուք անցամաքելի արտասուօք»: Աղուո՜ր զրուցուածք այլ ատենէ դուրս:

Տեսաւ Վահան որ մենէն մեծ վտան գը` անոնք կու պատրաստեն իրեն. աղէկ իմացաւ որ սիրելիքն են իրեն գլխաւոր ար գելքն. յայտնի երեւցաւ որ աստուածային շնորհքն եւ իմաստութիւնն էր զինքը շարժողն, իսկ զանոնք` անխոհեմ եւ կանացի մտածութիւն եւ սէր: - Քանի՜ կտրիճ, իմաստուն եւ առաքինի մարդիկ այսպիսի առթից մէջ զոհ եղած են` իրենց եւ իրենց սիրելւոյն օգուտը չճանչցող թոյլ սրտով, քան թէ ամուր գլխով մտածող մերձաւոր եւ մտերիմ մարդկանց. - մէկն այլ Վահան եղաւ, գրեթէ աչօք բացօք տեսնելով հեռաւոր ըլլալիքը, եւ ակամայ լռելով ու թողլով զինքն անոնց կարճ տեսութեանը: Ասիկայ մեծ եւ շատ մեծ ողբեր գական կնճիռ եւ պատահար մ՚էր իր կենացը, թատերաբանից ճարտարութեան շատ յարմար առիթ եւ տեսարան, զոր եւ իր հին վիպասանն կ՚ակնարկէ խոր տեսութեամբ համառօտիւ. «Փորձութիւն հպէր յայրն իր փորձողէն եւ քննութիւն կամացն` երեւելապէս յայտնելով զառն փառաւորութիւնն, որպէս զի որոշեցի սէրն զոր ունէր յինքեան, առ Աստուած եթէ աշխարհի սէր, եւ որ ի նմա յարմարին ցանկութիւնք»:

Շուտով հասաւ այս տեսարանը այլակերպողտեսարանն այլ, մինչդեռ իր աներձագքն իրենց քոյրը եւ փեսանին ապրեցընել կամ վայելել կարծելով` ատեն կորսընցընէին, ամիրապետին կողմէն Վահանը փնտռողք կու գային, հիմայ ոչ կրնային զնա պահել, եւ ոչ այլ անոր առաջուան ուզածին պէս փախցընել. հարկ եղաւ որ թողուն զնա իր գլխուն: Իսկ նա միշտ զոհ Աստուծոյ կամաց, շնորհակալ այլ եղաւ որ անոնց կարճ մտածութիւնն կերպով մ՚իրեն աւելի ազատութիւն տուաւ` ինքզինքը միայն հոգալու: Հանդերձեալ եւ յաւիտենական յուսոյ մը համբոյրը կնքեց ի ծոց կարճատեւ կենակցին յանձնեց զնա իր եղբարցը, թողլով անոր` հետն առած ստակին եւ գանձուց մեծ մասն եւ ծառայները, եւ ինքն քիչ մը թոշակով եւ քանի մը հեծելոք ցատքելով Սիւնեաց ձորերէն եւ լեռներէն, շուտ շուտ հեռացաւ անցաւ գնաց ի Վրաստան, որ ամրութեամբ եւ հեռաւորութեամբն` աւելի անփորձ եւ անվտան գմնացեր էր յԱրաբացւոց: Վահանայ ծանօթ իշխաններ այլ կային հոն, որոց օգնութեամբ կրնար դարձեալ իր առջի դիտաւորութիւնը կատարել, այսինքն երթալ յաշխարհ Յունաց. թէ եւ հիմայ ոչ այնպէս օգտակար էր իրեն եւ ոչ իրեններուն, եւ անշուշտ ասոր համար այլ` Վրաց իշխանքն չօգնեցին իրեն, որ տարւոյ մը չափ կեցաւ անոնց քով, մանաւանդ թէ ինքն իր քով եւ Աստուծոյ քով: Վասն զի երբ մինակ գտաւ զինքն` իր նախ առաջին մտածութեանը եւ յօժարութեանը թողուց բոլորովին. այսինքն զաշխարհ ոտից տակ դնել եւ միայն հանդերձեալ կեանքը մտածել, ապաշխարողի եւ ճ գնաւորի պէս անցընելով իր օրերը: Այս բանիս մասանւոր կերպով մ՚այլ պարտական սեպեր զինքը Վահան, նախնի քրիստոնէից երկիւղած բարեպաշտութեամբ, որք գրեթէ հարկ համարէին ուրացութենէ դարձողաց` կամ մարտիրոսութեամբ կամ մշտնջենաւոր ապաշխարութեամբ կնքել կեանքերնին, թէ եւ Վահան կամաւ եւ գիտութեամբ ուրացեալ չէր, սակայն գործով այս երկու պայմանն այլ կատարեց, ի վերայ հին մկըրտութեան աւազանին` աւելցընելով զերկրորդ եւ զերրորդ մկրտութիւնս` արտասուաց եւ արեան:

Դառնալով ի Վրաց եւ մեր Գու գարաց աշխարհէն` ճամբան կու բերէր յԱրագածոտն գաւառ Արարատայ, ուր շատոնց ի վեր կու պայծառանային մեծամեծն վանորայք` լեռնաձորոց եւ անապատաձեւ տեղեաց մէջ, ինչպէս Յովհաննավանք կամ Սիւղի վանք, Սաղմօսավանք, Լազրեվանք, Ուշոյ վանք, եւ այլն: Ծաղկածուծ մեղուի կամ կըտաքաղ թռչնոյ պէս Վահան այս իւրաքանչիւր սրբազան օթեւանաց մէջ կու թառէր դադրէր երկայն օրեր եւ ամիսներ, հոգեւոր մխիթարութիւն քաղելով. կու փափագէր եղած տեղը մնալ, եթէ մէկ կողմէն տեղացեաց վտան գի պատճառ ըլլալու վախ չըլլար, մէկայլ կողմէն այլ իր ուղեկից հեծեալքն եւ սպասաւորքն չձանձրանային. որք չկարենալով անանկ զարմանալի երիտասարդ տիրոջ մը երկար թափառանաց համբերել, քիչ քիչ թօթափեցան հեռացան, իրենց տեղը գնացին, մնաց Վահան միայն մէկ ընկերով:

Այն կողմերուն իշխանքն եւ ազնուականք խորհուրդ ըրին` որ ծածուկ եւ ապահով ճամբաներովփախցընեն զնա Յունաց երկիրը. բայց Վրաց իշխանաց պէս վախցան` որ անոր պատճառաւ իրենց գլխուն փորձանք չ գայ: Վերջապէս ինչ ընելիքը հարցուցին այն ատենի Հայոց գլխաւոր իշխանին եւ կաթուղիկոսին. սա կ՚երեւի թէ Դաւիթ էր, Յովհաննու Իմաստասիրին յաջորդ նստած (յամի 729), որ ոչ անոր եւ ոչ Սահակայ համարձակութիւնն ունէր առ ամիրայս եւ ամիրապետս, եւ վախնալով խորհուրդ տուաւ անոնց` որ մէկը պաշտպանելով` շատերը չվնասեն. այլ թողուն զՎահան նախախնամութեան կամ իր բաղդին: - Մեր վիպասանն համարձակապէս սատանայի հնարքով եւ վախով դրդած խրատ մը կու սեպէ զայս, որ կու ջանար ամեն օգնական եւ ձեռնտու հեռացընել անկէ. որպէս թէ անոնց հեռանալովն` ինքն պիտի տիրանար Վահանայ: Ինչուան անոր վերջին եւ մէկ հատիկ հաւատարիմ մնացողը կամ թիկնապահն այլ որսաց զատեց անկէ, եւ անոր ձեռքով` նաեւ Վահանայ կենաց եւ պատւոյն կարեւոր գործիքն այլ, ձին եւ սուրը, զոր ոք կտրիճ իրմէ կու հեռացընէ. իսկ այդ ապերախտ մարդը` ուզեց զանոնք ի Վահանայ` իբրեւ գրաւական եւ վարձք` որ չմտանէ զնա իր փնտռողներուն ձեռքը: Ո՜հ, ագահ, անար գ, այլ եւ անմիտ անսիրտ մարդ, մի՞թէ այդ ըրածդ եւ ըսածդ այլ յայտնի եւ ակներեւ մատնութիւն չէ՞ անոր` զօր չմատնել խոստանաս, կամ թէ արժան չէ՞ր որ այն սուրն` քու կէս դատարկ գլուխդ թռցընելով` ազատէր զքեզ թէ մատնութեան եւ թէ վատութեան վտան գէն: - Մեծասիրտն Վահան չպատժեց չմերժեց զնա, բայց խորամանկութեանը վրայ ծիծաղելով` ինքն իր կամօք թողուց անոր երիվարն այլ սուրն այլ, իսկ ստակ եւ թոշակ, արդէն սպառած էր, ուրիշ բան չէր մնար վրան, բայց միայն իր ազնուութեան նշան հնացեալ զգեստքն, եւ իր իսկութեանը վկայն` տոհմին եւ անձին սեփական կնիքը, վատերական մատանին, զայս միայն պահեց վրան, որ ճանչցուի թէ ինքն է Վահան. իսկ զգեստները փոխելով հագաւ աղքատակերպ. թեթեւցաւ, միայնացաւ ամեն աշխարհային փառքէ եւ մեծութենէ, զարդէ եւ մար գէ:

«Գնացեալ երթայր, զրահս արկեալ զիրեւ` զհաւատս», կ՚ըսէ վիպասանն վայլչապէս. - հաւատոց հաստատութիւնը հագնելով սպառազինութեան պէս` իբրեւ երկնաւոր նահատակ ւ՚երթար անվախ բոլոր դժոխքէ, ծանօթ եւ անծանօթ ճամբով, վանքէ վանք, անապատէ անապատ. եւ անոնց նախաշինող հօր նման (Ս. Անտոնի), «մենամարտեալ ընդդէմ չարին բազմահնար վիշապին, ժուժկալեալ համբերեաց ազգի ազգի վշտաց քարավէժ կոչկոճման: … Յանապատի բնակելով` աղօթանուէր թեւօքն հալածեաց զբազմութիւն լե գէովն զօրացն, եւ զինուորեցաւ քեզ, Քրիստոս»:

Այս անյաղթելի զինուորութեան եւ դիւահալած թեւոց վրայ` զարմացաւ Հայոց կաթուղիկոսն այլ, երբ Վահան վանքերը պտտելու ատեն` եկաւ նաեւ ի Վաղարշապատ` ի մայր եկեղեցեացն` յԷջմիածին, անկէց օրհնութիւն առնլու եւ նորէն խորհուրդ հարցընելու: Նոր խորհուրդ չունէր հայրապետն, բայց յորդորել որ երթայ յանապատս, անծանոթ վանաց մէջ քաշուելով, ուզածին չափ ճ գնի եւ աղօթէ:

ՅԷջմիածնայ դէպ յարեւմուտք, ի Շիրակ գաւառ, Արագած լերին ստորոտից եւ Ախուրեան գետոյն միջոց, այն ատեն այլ ինչպէս եւ ետքը` կային անապատ միայնութեան տեղիք, որոց ճամբաներն այլ վարուն չէր, այս անծանօթ տեղուանքը մտաւ Վահան անոք անօգնական, առանց պաշարի եւ պաշտպանութեան. ոտքին կոխած երկրէն աւելի` գլխուն վրայ ոլորտացեալ երկնից ճամբան մտածելով, թափառական գնաց դարձաւ, մոլորեցաւ երկայն ժամեր, թերեւս օրեր այլ, մինչեւ ափափայ եւ դժուարակոխ տեղիքն եւ չարաչար յօգնութիւնն` զինքը վերէն վար իջուցին, ջանաց շիտակ կամ դիւրին ճամբայ մը գտնել, բայց աչուըներն հազիւ կրնային տեսնել, եւ ոտքերն շարժիլ: Նայեցաւ չորս դին, եւ յիրաւի անապատի մը կենդրոն, կամ ընդարձակ ծովու մը մէջ միայնացեալ երեւցաւ ինքն իրեն. կան գառաւ. չորս դին կու շարժէր շուրջ կու գար. վայրկենէ վայրկեան ոյժն եւ շունչը կտրելով` կու մտածէր իրա՞ւ թէ երա՞զ է եղածն. ի՞նքն է արդարեւ Վահան` տէրն Գողթնեաց, թէ Վահապ` դպրապետ խալիֆայից… կամ թէ արդեօք այն անծանօթ անմարդաձայն տեղը պիտի լմննա՞յ իր պանդխտութիւնը, իր բոլոր ընթացքը… չըլլա՞յ թէ մահուան մշուշն ըլլայ որ աչքերը կու պատէ, անդամները կու կապէ, միտքը կու շփոթէ: … Ու՞ր եմ, ի՞նչ կ՚ըլլամ… Աստուած իմ… :

Մէկ մ՚այլ բացաւ աչքը, յիշեց տեղը, բայց բնութիւնն կերպարանափոխ երեւեցաւ, անշուշտ արե գակն իր կամարէն բաւական չափով խնոնարհեր էր. ետին դարձաւ, եւ ահա շարժուն շըքի պէս բան մը կ՚երեւար. դոփիւն մը կու լսուէր, հեծեալ մը տեսաւ… հասաւ հեծեալն, հասարակ գրաստու վրայ նստած. իրարու նայեցան. Վահան իմացաւ որ հանդիպողն անվնաս մարդուկ մ՚է. իսկ սա տեսաւ յօգնած քաղցած մարմրկած ճամբորդ մը, եւ գթալով անոր կերպարանքին եւ աղաչանացը` վերուց դրաւանասնոյն վրայ, եւ անոր խնդրածին համեմատ դարձուց գրաստը դէպ ի հոգեւոր պանդոկ մը, վանք մը, ուր եւ հասուց: Բայց սա ոչ Սամարացւոյն պէս ինքն իր կամօք տանելով եւ երկու դրամիկ այլ վրայ տալով, այլ վարձք ուզելով յանկարծէն Վահանայ` անոր մէկ հատիկ եւ յետին մնացեալ ստացուածը. զոր նա իւր ձեռօք հանեց տուաւ անոր, իր վաւերական մատանին, որ քան զձին եւ զսուրն եւ քան զամեն ինչ` սեփական է իր տիրոջը: Ասով Վահան իր տէրութեան յետին կապն այլ կտրեց. Գողթնեաց հին եւ մեծ պայազատութիւնն այլ` երկրիս ամենէն փոքր չիւղի մը պէս թողուց, գոհացաւ:

Շիրակայ անուանի վանորէից մէկուն մէջ խաղաղեցաւ Վահան, ինչպէս ալէկոծեալ նաւն ի հանգըստարանի, ատենն այլ զատկական օրեր ըլլալով` իր սիրած պարապմունքը լիովին գտաւ. եւ այնքան քաղցրացաւ, որ հոս այլ ինչպէս ուրիշ վանաց մէջ` գոհութեամբ կ՚ըսէր. «Այս է հանգիստ իմ. յաւիտեան բնակեցայց ի սմա»: Զարմանային կրօնաւորք եւ ճ գնաւորք` տեսնելով ազնուական երիտասարդ մը, որ իրեն բազմամեայ կրթութիւնը քիչ տարիներու մէջ առեր եւ գերազանցեր է. ոչ ոք կու հաւասարէր անոր ճ գնութեանցը եւ տքնութեանցը, եւ մանաւանդ առատահոս զղջական արտասուացը, որուն շատոնք ոչ աղբիւրը գիտէին եւ ոչ հնարքը. հին սրբոց ճ գնաւորաց մէջ այլ շատ մեծ եւ երկնապար գեւ ճանաչուէր շնորհքն արտասուաց, զոր եւ իրաւամբք մտաբացութիւն կ՚անուանէին, որ այած սրտի մը ծովէն ելնելով` կու զովացընէ զմիտս եւ զհոգի, փոխուելով ի սաստկագոյն զմայլմունք սիրոյ. սէր` որ առանց ցաւի չիկըրնար երկրիս վրայ իր մեծագոյն զուարճութիւնը կամ հանգիստը գտնել: - Վահան վեց ամիս կեցաւ այն վանքը, միշտ այս վիճակիս մէջ. «աւազան զարտասուս արարեալ, եւ միտքն աստուածախօս լինէին անշարժելի շրթամբք, վերին իմաստութեամբն արբեալ լինելով». «եւ զարմացուցանէր զամենեսեան»: Այս պարզ երկնքէ մը թափուած մշտահոս աղի անձրեւաց հետ հազիւ երբեմն կու լռուէին կարճ որոտման պէս խորին ողբոց ձայնք. կամ փալականման կտրուկ հառաչանք մը. թերեւս անփորձ տեսողք եւ լսողք կարծէին զնա մեծ անզգամութեան մը վրայ զղջացող. բայց աւելի հոգետեսք եւ հմուտք` կ՚իմանային որ աւելի անչար սրտի եւ աստուածային սիրով վառեալ հոգւոյ մը հանդէս է այս. անմեղի եւ անպարտի ապաշխարանք մը: Ասոր վրայ էր որ խոր եւ բարակ զգացմամբ զարմացեալ եւ սքանչելեաց իր սիրահար սուրբ մուզայն` յետոյ պիտի եր գէր. «Զարմանալի է ինձ քան զեր գս երաժշտականաց ձայնս` ողբոց քոց հնչմունք` ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յԱստուծոյ»:

Բայց նոյն սրտառուչ ձայնն որ այսպէս մեր մէկ զարմանուհւոյ մը սիրտը պնդեց կան գնեց, հոս անոր համասեռի մը սիրտը` սոսկմամբ եւ վախով լըցուց. այն Շիրակայ կողմերուն իշխանատիկինն, վախնալով ուրիշ իշխանաց նման, պատուէր խաւրեց ի վանքը` Վահանայ համար, թէ «Երթիցէ' ի բաց, գուցէ մեզ եւ ձեզ պատուհաս հասցէ յարքունուստ` վասն նորա»: - Առանց խռովելու ելաւ Վահան այս անապատէս այլ, ըսելով առ Աստուած. «Ես ի քեզ եմ յուսացեալ. եւ յ՚ստուերավայր տեղիս մահու` աներկիւղ արարել զիս. եւ զցուպ եւ զգաւազան խաչի քո սուրբ` մի' հեռի առներ յինէն»: Եւ այս խաչանիշ ցուպն առնըլով իր սրտին եւ ոտից նեցուկ` կ՚երթար իբրեւ զնահապետ Իսահակ նոր ջրհոր մ՚այլ փորելու անապատին մէջ. որ ջրհոր երդման կամ զրկման, այլ աստուածաշնորհ արտասուաց:

Այսպիսի աղբեր մը համար ուզեց Վահան աւելի խոր եւ անծանօթ անապատ մը, որպէս զի ամենքն այլ անկասկած մնան, մէկու մը վախ չհասնի իր պատճառաւ. եւ ընտրեց «անապատ անյայտաւոր եւ սակաւամարդ տեղիս». ուր հազիւ բուն անապատակեաց ֆ գնաւորք գտուէին առանձին խորշեր քաշուած, որոց երբեմն այցելութեան կ՚երթար, մխիթարուելու հոգեւոր խօսքերով եւ գրքերով: Աստուածաշունչն, եւ գտած սուրբ հարց գրուածներն` իրեն զբօսանքն էին աղօթքէ դուրս մնացեալ ժամերուն, որ շատ քիչ եւ կարճ էին, վասն զի հազիւ թէ աչք գոցէր ի քուն, շատ այլ չկաօտելով ասոր` անսուաղութեամբք կամ գրեթէ բան չուտելովն: Այսպիսի սակաւապիտութեան համեմատ էր հագուստն այլ. մէկ զգեստ մը կամ պարե գօտ մը միայն. ոչ շապիկ, ոչ կօշիկ, մէկ այլ վերարկու` ձմեռուան ծածկոց. վասն զի տարի մը կեցաւ այս անապատիս մէջ աշունէ աշուն, «անթուլանալի սրտիւ աշխատութեամբ, իբրեւ յոյժ ծարաւկոտ եղջերուաց աղբերաց` փափագեալ նա Աստութոյ սիրոյն… Եւ այնուհետեւ զյոյսն իւր ի մարդկանէ ի բաց մերժեալ, արտաքոյ մարմնոյ իբրեւ ընդ իմանալիսն լինելով` զհակառակորդաւն ի բաց թռուցեալ` սատանայիւ»: Ամբողջ շրջան մ՚արեւու այս յետին միայնութեան մէջ թաղուելով, ընկղմելով յաստուածային մտածութիւնս` բոլորովին` թեթեւցաւ սիրտն. գրեթէ նուաղեալ մարմինն` հազիւ կրնար վարագուրել եռանդուն հոգի մը, որ անկէ դուրս վազել, թռչիլ վերանալ կ՚ուզէր, եւ շուտ կ՚ուզէր: Չորս տարի էր որ այսպէս մարմնով անհան գիստ եւ վշտակիր` հոգւոյն հանգիստը կու փնտըռէր, պէտք էր որ փութայ հոն` ուր կու յուսար կատարեալ հանգչիլ:

Լսեր էր որ ծանօթ Օմար ամիրապետին` յաջորդելով Եղիտ Բ չորս հին գտարի միայն, թէպէտ եւ ատեցող քրիստոնէից, բայց նախ խոզից դէմ կռուելով շատ ատեն չէր ունեցած զմարդիկ ջարդելու. իսկ անոր յաջորդն Հէշամ, զոր Հէշմ եւ Շամ կոչեն մեր պատմիչք (725-743), արդէն հրաման տուեր էր խստանալ քրիստոնէից վրայ, եւ փնտըռել զՎահան. եւ եթէ ինչուան այն ատեն (15 տարի մը` Դամասկոսէն գալէն ի վեր) չ գտան զինքը, սակայն օր մը կրնային գտնել, եւ թերեւս իրեն մօտ եղած անպարտ անձանց այլ վնաս հասցընել, եւ եթէ դեռ անոնց աչքն կապուելու այլ ըլլար, սակայն իր աչքն շատոնց բացուեր սրացեր էին երկնից տեսութեամբ. անկէ ետեւ ապրիլն` ձանձրալի էր իրեն. փափագելի` մարտիրոսական մահն: Հաստատեց իր միտքն` որ ինքնին երթայ յայտնէ զինքը Հագարացւոց. եւ թէպէտ ոմանք իմանալով` կու ջանային յետ կեցընել, բայց ոմանք այլ դէմ չէին կենար, այլ եւ քաջալերէին հաստատ կենալու իր մտացը վրայ:

Կ՚երեւի թէ ամիրապետին տեղ նախ ուզեց անոր Հայաստանի մէջ տեղականլը փորձել, որ հոն կու նստէր ի Դուին մայրաքաղաքի, Գնաց անոր, անվախ համարձակութեամբ ըսաւ. Ես եմ Վահան: Այն ատենի Հայոց ոստիկանն էր Մրուան, (որ յետոյ եղեւ վերջին ամիրապետ Իւմմիատեան տոհմին), Աբդլազիզի պէս խոհական եւ բարեխառն մարդ մը, որ նորէն Հայոց խաղաղութիւն տուեր եւ իրենց միջէն վերակացու գրեր էր զԱշոտ պատրիկ Բագրատունի, չուզեց արդար մարդու մը անպարտ արեան մտնել, այլ անշուշտ լռելեայն հեռացուց իրմէ զՎահան: Իսկ սա այն ատեն սահմանեց որ երթայ ինչուան ի Դամասկոս, եւ ուր որ տարագիր կենաց դժբաղդ դիպուածն սկսեր էր` հոն լմընցընէ փառօք: Անկէ ետեւ միայն ճամբու յարմար առթի կու սպասէր, եւ անոր վախճանին յաջողութեան օգնական կ՚ուզէր արժանաւոր անձանց աղօթքը եւ օրհնութիւնը. եւ այս պատճառաւ ելաւ վերջին ան գամ մ՚այցելութեան իր սիրելի վանքերուն եւ ուխտերուն:

Իր գտուած Այրարատ գաւառին սահմանակից է Գեղաքունի գաւառն Սիւնեաց: Սեւանայ ծովուն հարաւակողմը, ուր այն ատեն ուրիշներէն աւելի կու հռչակուէր Մաքէնէաց վանքն` իր ասրազգեստ ճ գնաւորներովն, եւ եւս առաւել երկու Սողոմոններով, որոց մէկն առաջնորդն էր, երկրորդն սրբակաց վարդապետ մը, զոր Հարաց հայր կոչէին` աւելի պատուոյ համար. եւ որ մեր դպրութեան եւ եկեղեցւոյ յիշատակ թողուց շատ պատուական գիրք մը, Տօնականը, շարադրելով զվարս սրբոց վկայից, որոց քիչ ատենէն դասակից պիտի ըլլար եւ Վահան: Հայրական գթով եւ գորովով ընդունեց սա զպանդուխտն, եւ ի մեծ տօնի Խաչին` ամենայն հոգեւոր մխիթարութեամբ լցուց եւ լիացուց. եւ երբ անկէ երթալու եղաւ` իրեն ճամբու զգեստէ եւ թոշակէ զատ` մխիթարական բան մ՚այլ գրեց տուաւ, որ երբեմն երբեմն կարդալով աւելի քաջալերուի:

Այս Մաքենեացվանքին քովէն գետակ մը կ՚անցնի եւ կու թափի ի ծովն Սեւանայ. աղբիւրն այլ քանի մը ժամ հեռու է ի հարաւակողմն` այն լերանց մէջը, որ անջրպետ են Գեղամայ երկրին եւ Վայոց ձորոյ. - ուրեմն կէս օր մը դար վեր ելնելով եւ կէս օր մ՚այլ դար վար իջնելով` Վահան կրնար հասնիլ այն Սիւնեաց գլխաւոր գաւառին կեդրոնը, ուր քանի մը տարի առաջ թողեր էր իր սրտին վրայ տիրացող անձ մը, իր կինը: - Յադ գնեցա՞ւ ար գեօք փորձիչն` այն մաշած եւ մաշկակապած` բայց դեռ 30 ամեայ սիրտը դրդել, որ վազելով Վայոց լեռներէն, մէկ ան գամ մ՚այլ յաւիտենականութեան համար` կրկնէ յետին մնաս բարովը` անոր, որու հետ եկեղեցին ան գամ լծեր էր իր երկրաւոր կեանքը:

-Գուցէ նայեցաւ Վահան մէկ մը այն լերանց վրայ, գուցէ եւ լուռ հառաչանք մը իր մէջ հնչեց, սակայն աչքը եւ ճամբան դարձուց յարեւմուտք. եւ աւելի փախչելով` քան քալելով դարձեալ վանքէ վանք անցաւ: բաց յայլոց` կենալով քիչ մ՚այլ ի վանքն Թէզէնիս, որ Երեւանու մօտերն է, եւ Մաքենեաց պէս նշանաւոր էր իր վանականաց վարքով եւ կար գով: Անկէ այլ անցաւ գնաց իր առաջին եւ սիրելի օթեւանը, ի Յովհաննավանս Արագածոտան, որոյ հայրն Յովհան` մեծ սիրով եւ կարօտով նորէն ընդունեցաւ իր աշակերտացեալ եւ զարմանալի մտերիմը. եւ լսելով անոր առաջադիմութիւնը` յորդորեց հաստատութեամբ կատարելու, ինչուան կու փափագէր ինքնին անձամբ անոր ընկարկցելու այլ, եթէ իր առաջնորդութեան պաշտօնն ար գելք չըլլար, բայց իր տեղ անոր ընկեր դրաւ երիտասարդ եւ զգաստ եղբայրներէն մէկը, որ չորս տարի Վահանայ ուղեկից ըլլալով` անոր ամեն պատահարաց տեղեակ եւ տեսողաց եղաւ, եւ կու պատմէր բաց յայլոց, որ իրեք ան գամ երկնաւոր այցելութիւն կամ տեսիլք եղաւ սրբոյն. ինքն եւ ուրիշներն` միայն լոյսը տեսան. բայց Պօղոս առաքելոյ ուղեկցաց պէս` ձայները չլսեցին կամ չհասկացան, սակայն կարծէին որ Քրիստոս կ՚երեւէր եւ կ՚ըսէր իր ընտրելոյն. «Մի' դանդաղիր, զի ես ընդ քեզ եմ, եւ անյաղթելի առնեմ զքո բանդ»: Նոյն իսկ Յովհաննավանուց մէջ այսպիսի այցելութիւն մ՚ունեցաւ Վահան, եւ ելնելուն ատեն` հայրին Յոհան այլ Սողոմոնի պէս տուաւ իրեն պէտք եղած զգեստ, թոշակ եւ ձի: Նոյն ընդունելութիւնը գտաւ վահան նաեւ ուրիշ վանորէից մէջ, մանաւանդ յիշատակելոց ամենէն ետքինին մէջ, որ է Երաշխաւոր (հիմա Սքանչելագործ) ըսուած վանքն յԱրծկէ, Վանայ ծովուն արեւմտեան հիւսիսային ծայրը: Սիփան (Մասեաց) լեռան ստորոտը, որոյ հայրն կամ առաջնորդն էր Արտաւազդ, բարեսէր հիւրասէր անձ մը, որոյ համար եւ Աբրահամ կոչուէր: Սա իմանալով թէ Վահան է եկողն, բոլոր եղբայրներով դիմացն ելաւ ընդունեցաւ, եւ իրեք որ պահեց պատուեց սփոփեց զնա. լսեց մանրամասնաբար անոր դիպուածները եւ դիտաւորութիւնը. ինքն այլ քաջալերեց, եւ թոշակը նորոգելով, առաջնորդ եղբայր մ՚այլ տուաւ, որ ինչուան ուր որ ուզէ` հետը տանի. արձըկեց զնա մեծ սիրով, եւ մեծ այլ յուսով` քիչ ատենէն Քրիստոսի եկեղեցւոյն փառաւոր յաղթող վկայ մը ճանչնալու եւ ճանչցընելու զնա. ինչպէս որ ըրաւ այլ:

Անկէ ետեւ Վահան դարձուց ձին դէպ ի հարաւ, տղայութեան ատեն գերութեան գացած ճամբէն` երթալու իր վախճանին: Նոյն օրերը` Մրուան ոստիկանն` Աշոտոյ պատրկի օգնութեամբ Խազրաց յաղթելով` ի Դարբանտ` շատ աւարով դարձեր էր յԱղուանս, եւ անկէ աւարին եւ հեծելազօրաց մէկ մասը կու դարձընէր առ ամիրապետն: Ասոնց հետ խառնուեցաւ Վահան. ճամբան քիչ քիչ իմացուց անոնց իր ինչ մտքի վրայ ըլլալը. համարձակ կու խօսէր իր կրօնից վրայ եւ կու վիճէր անոնց հետ. որք ոչ այնչափ իր քրիստոնէական գիտութեանը վրայ կու զարմանային, որչափ իրենց մահմէտական դենն եւ զրոյցները տեղի ի տեղը գիտնալուն վրայ, եւ չէին կրնար դէմ դնել: Այսպէս կտրեցին այն երկայն եւ անապատ ճամբան: - Ի՞նչ տարբեր մտածութեամբք ելեր էր Վահան այն ճամբէն` տեսնելու իր երկրին ընդարձակ աւերակները, եւ անոնց մէջ մէկ հատիկ բուսած կենդանի ծաղիկը. - իր քոյրը, զոր հիմայ ուրիշ ծաղկան մը հետ թողլով իսպառ` կու դառնար ամենազարմանալի եւ գերահրաշ սիրելւոյ մը հետ արեամբ միաւորելու: …

Հասան յՈւռհայ, Հայոց եւ բովանդակ քրիստոնեայ Միջագետաց նշանաւոր քաղաքը, նախահաւատ թագաւորին Աբ գարու մայրաքաղաքը, որ յայտնի է քեզ, Հայկակ, թէ ինչպէս անոր օրերէն մինչեւ այս պատմութեանս ժամանակ եւ դեռ անկէ ետեւ այլ` քրիստոնէից անուանի ուխտատեղեաց մէկն էր, ի պատճառս հռչակեալ Դասառակին, փրկչական պատկերին: Ահա դարձեալ Վահանայ սիրելի իջեվան եւ հոգեւոր զբօսարան մը, ուր ոչ միայն կեցաւ յերկըրպագութիւնն այն հրաշանկար պատկերին, այլ կ՚երեւի թէ եւ երկայն ատեն կեցաւ. եւ ոչ պարզապէսաղօթիւք, այլ եւ նոր տեսլեամբ կամ յայտնութեամբ մը քաջալերեցաւ իր առաջադրութեանը վրայ, միան գամայն անոր յաջորդելուն: Նոր եռանդեամբ ճամբու ընկաւ, ուղղակի ի հարաւ իջնելով:

Ուռհայէն քանի մ՚օթեւան վար ճամբան կու բերէ ի Խառան քաղաք անուանի, ուր, ինչպէս ի սկզբանն յիշեցի` վախճանեցաւ երանլի կաթուղիկոսն Սահակ, որոյ յիշատակն անշուշտ դեռ կենդանի գտաւ Վահան: Բայց անկէ աւելի փնտըռեց ուրիշ իրեն մերձագոյն խոստովանողի եւ վկայի մը հանգստարանը. իրմէ փափուկ մէկի մը, որոյ յիշատակն այլ արժան էր գտնել եւ հռչակել տեղեկօրէն. եւ էր նա Շուշան, դուստր մեծ եւ խոհեմ իշխանին Վահանայ Կամսարականի, քոյր Ներսիսի պատրկի, որ Սմբատայ հետ միաբանելուն համար` Կրակին տարին ուրիշ քանի մը իշխանաց հետ գերի բերուեցաւ, քոյրն այլ հետը, որ եւ հոս բանտին եւ բանտողաց բռնութենէն նեղուելով եւ հաւատքին վրայ հաստատուն կենալով` վկայօրէն վախճանեցաւ (706-7). եւ իր միւս եղբայրն Գագիկ` որ նորաշէն եկեղեցւոյ մը նաւակատիք կ՚ընէր (ի Վարդանակերտ), երանելի քրոջ յիշատակն այլ մէկտեղ կատարեց: Հոս Վահան իր գերեկից Շուշանկան շիրմին վրայ այլ լալով` ելաւ հասաւ ի Ռակկա կամ ի Կալինիկոն քաղաք, ուսկից կ՚անցնի Եփրատ գետը. եւ անով դուրս ելաւ ի Միջագետաց եւ մտաւ ի բուն սահմանս Արաբացւոց եւ հին Ասորւոց. եւ լսելով որ ամիրապետն Հէշամ չէ ի Դամասկոս, այլ հոն մօտ Եփրատայ` ի Ռուծափ քաղաք, իր ճամբորդութեան վախճանին հասաւ, թէ եւ ոչ շուտով նաեւ իր փափագանացը:

Աներկիւղ եւ եռանդուն քրիստոնեայ, միան գամայն եւ փափագող մարտիրոսութեան, զոր եւ յայտնութեամբ այլ ստու գեր էր, ի վերայ այսր ամենայնի մեծահաւատ եւ խոհեմ, չուզեց կերպով մը զԱստուած փորձել, կերպով մ՚այլ անհաւատարիմ երեւիլ անոնց` որ յետ Աստուծոյ իրաւունք ունէին իր սրտին վրայ. այնպիսի առաքինութիւն եւ սրտապընդութիւն մը ցըցուց` որոյ նման թերեւս շատ դժար է գտնելն: Տասը տարի պատրաստուած եւ աչք առած էր վկայական մահը, անոր համար զաշխարհ ոտքի տակ դրած, եւ այնքան հարիւրաւոր մղոններով երկայն ճամբաներ կտրելով` հասեր էր հանդիսին տեղը. ոչ կու վախէր, ոչ այլ կու յանդը գնէր, ոչ ետք կենար յասպարիզէն` որ ի պսակէն այլ ետք չմնայ, եւ ոչ այլ ինքնայարձակ կու նետուէր: Թէ եւ գլխաւոր փափագն էր մարտիրոսութեամբ ելնել այս յաշխարհէս, զոր արդէն ուրացեր էր ճ գնողական կենօք. բայց եթէ ամիրապետն հաւանելու ըլլար (որ չէր յուսալի) թողուլ զինքն ազատ իր քրիստոնէութան մէջ, ինչպէս Օմար թողուց ուրիշ գերեալները, պիտի առնուր յանձն ապրելու ազատօրէն սուրբ հաւատովն` ինչպէս ուրիշ իշխանազունք հայրենեացը, եւ ոչ որ եւ է կերպով գր գռել զայլադենս, եւ բռնի յափշտակել զպսակը: Այս է զարմանալի առաքինութիւն եւ հաւատարմութիւն Գողթնեաց իշխանին եւ Սիւնեաց փեսային, այս է Վահանայ կատարեալ իմաստութիւնն` երկնաւոր եւ երկրաւոր. զոր եւ ոչ ամեն լաւ անձինք կրցան եւ կրնան միացընել, այլ որոց պար գեւն աստուածային գերագոյն շնորհքն: Արժան եւ հարկաւոր եւ ճանաչելն զայս ի Վահան, ի մեծ արժէքն լաւ այլ ճանաչելու համար:

Աւելի քիչ ժամանակի մէջ Այրարատայ լեռներէն մինչեւ Ասորեստանի անապատը եւ ի Ռուծափ հասաւ Վահան, քան այս քաղքիս դռնէն մինչեւ անոր արքունեաց դուռը: Քաղքէն դուրս տեղ մը իջեւանեցաւ իբրեւ թէ իր վերջին հանդիսին պատրաստուելու` զգաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ. չուզեց անկէ ետեւ քովը պահել իր ճամբու հաւատարիմ ընկերները, այն երիտասարդ եղբայրները` զոր հարքն Յովհաննավանից եւ Երաշխաւորին` իրեն ուղեկից եւ օգնական տուեր էին. «Ահաւադիկ հոս իմ ճամբաս վերջացաւ, ըսաւ, ասկէ ետեւ ուրիշ անկոխ եւ անթոշակ ճամբայ մ՚ունիմ ընելու, զոր եւ մինակ պիտի կատարեմ, դուք դարձիք ձեր առաջնորդաց քով, եւ յանձնեցէք սուրբ միաբանից` որ աղօթեն երբեմն իրենց եղբայրացեալ Վահանայ համար. շուտով գնացէք. որ աղօթքնին հասնի ինծի յօգնութիւն»: Զանոնք արտասունքով եւ համբուրով ճամբայ դրաւ, վերջին ան գամ ետեւնուն նայելով դէպ ի հիւսիս, դէպ ի հայրենիս, դէպ ի Հայս, ուսկից շարժուն ճամբու եւ ճամբորդի պէս կու տեսնէր միայն Եփրատայ իջուածքը. եւ երբ ասոր ափանց մօտ անհետացան տրտմեալ վանականքն. Վահան այլ դարձաւ իր առանձնարանը, եւ սկսաւ իր մեծ գործը:

Քննեց իմացաւ թէ ով կայ յարքունիս ի Ռուծափ իր հին ճանչուոր մեծերէն, եւ ծածուկ իմաց տալով կանչեց: Երբ անկարծ լուրը լսելով եկան, աւելի անկարծելի բան մը տեսան. իրենց Վահապը վեհակերպ վահանացեալ, թէ եւ իրենց աւելի օտար երեւցաւ նա, քան բարեկամացն` Յոբ: Կարծեցին թէ կամ խելագարեր է, կամ բռնութեամբ այս խեղճ կերպարանքն առեր է. եւ եթէ իր խօսքը իր կերպերը չյիշէին` չէին կրնար հաւտալ թէ այն արքայակերպ պճնապայծառ պատանին` այս գծծակերպ նիհարացեալ մարդն է. եւ դեռ զարմանալով կու հարցընէին. «Զի՞ այդպէս ես»: - Վահան շտկէ շիտակ իմացուց անոնց թէ Քրիստոսի հաւատոց եւ սիրոյն համար յանձն առեր է այս աղքատութիւնը եւ չարակրութիւնը: - Անոնք կամ չկրնալով կամ չուզելով հասկընալ, առաւել փաստ ու պատճառ մը կու սեպէին զայն նորէն մահմէտական կրօնքին գառնալու, որ թէ այս աշխարհիս թէ այն աշխարհին մէջ կու խոստանար ընդունողացը` հեշտութիւն եւ փափկութիւն: Այն ատեն սուրբն քիչ մ՚աւելի սաստիկ լսեցուց ճշմարտութեան քարոզութիւնը, եւ անոնց զաղփաղփուն փաստերը փլուց: Անոնք կէս ապշած կէս ամըչցած, եւ ոմանք իրենց կրօնքին վրայ գայթակղած, ինչպէս կ՚ըսէ պատմիչն, մէկդի գացին, ոչ պաշտպանելով եւ ոչ այլ դատապարտելով զնա:

Վահան սպասեց, եւ երբ տեսաւ որ անոնք կէս բարեկամութեամբ կէս անհոգութեամբ թողուցին զինքը եւ չիմացուցին ամիրապետին, գնաց իր ծերունի տաճկութեան վարպետին, որ եւ մեծ դպրապետ էր տէրութեան, եւ իմացուց թէ ինչպէս անոր սովրեցուցած կրօնքը թողլով` իր ծննդեան կրօնքը նորէն ընդուներ է, եւ կ՚ուզէ որ ամիրապետն այլ գիտնայ զայս: Դպրապետն որչափ այլ զարմացաւ եւ ցաւեցաւ, դեռ սիրելով իր աննման աշկերտը` սկսաւ յանդիմանել եւ վախցընել ամիրապետին կողմանէ, որ փոխանակ առաջին շնորհացը` կրնար չարաչար մահուամբ սպաննել զնա: Բայց տեսնելով որ Վահանայ հաճելի եւ փափագելի են այս սպառնալիքս, սկսաւ անուշութեամբ աղաչել որ իր տղայութեան ատենին պէս նորէն իրեն ընկեր եւ օգնական ըլլայ, եւ իր վայելուչ հագուստներովը զարդարուի: Եւ այնքան ծանրութեամբ ու նուազելով աղաչեց եւ եր գուընցուց զՎահան իր մտերմութեանը վրայ, որ բռնադատեց զսուրբ առնըլու իրմէ 30 դահեկան: Առաւ նա ստակը` խոստմանը համար, բայց նոյն տուողին առջեւ բաժնեց աղքատաց, եւ ինքն իր առանձնութեան տեղը քաշուելով` բոլոր ձմեռը մէկ ճ գնաւորական թեթեւ զգեստով եւ գրեթէ անկերակուր անցուց:

Նոր դարուն մ՚այլ հասաւ. Վահան աւելի քան զբնութեան կեանքը` գերագոյն կենաց բաղձալով` երրորդ փորձ մ՚այլ փորձեց` իմաց տալու ամիրապետին. եւ այս ան գամ գնաց առ մեծ պաշտօնեայն ելիեւմտի գանձուց եւ հարկաց տէրութեան, եւ նոյն աղաչանքն ըրաւ: Արաբացւոց արքունիքն այն ատեն բաւական կրթութեան հասմեր եւ արժանաւոր անձինք ունէր, որք առանց կրօնամոլութեան կրնային լսել եւ տեսնել ուրիշ կրօնի հետեւողներ, եւ գթոյ ու բարեկամութեան օրէնքները հաւատարմութեամբ պահէին: Այսպիսի էր այս պաշտօնեայս այլ, խոժոռեցաւ Վահանայ ըսածին վրայ, եւ աւելի կ՚ուզէր չլսած ըլլալ, մատնել զնա` վատութիւն կու սեպէր, լռել` իրեն խիղճ մը կարծէր, եւ իբր թէ Վահանէն աւելի ինքն իր գլխուն վրայ վախնալով` ստիպեց որ երթայ հեռանայ իրմէ, լռէ այդպիսի խօսքը, զոր գրեթէ ոչ ոք կու համարձակի ամիրապետին ըսելու. «զի մահաբեր է բանդ այդ, ինձ խռովութիւն, եւ քեզ` մահ. սուր` ի քո մարմինդ, սի' գուցէ եւ յայլոց զարթուցանիցես». այսինքն, այդ խօսքդ մահաբեր սուր մ՚է, որ ոչ միայն քու գլուխդ կու տանի, այլ կարելի է քու պատճառաւդ` ուրիշներուն այլ:

Վիպասանն` այս զարմանալի ընդդիմութիւնը կամ չմտնելն զՎահան` ուրիշ կերպով չիկրնար բացատրել, բայց սատանի խորամանկութեան տալով, որ ի խորհուրդ կու կանչէ իր դեւերը, եւ իրենց շահաւոր կու գտնեն հեռացընելու զմահ ի Վահանայ, եւ ջանալու մոլորութեամբք եւ հեշտութեամբ տկարացընել զնա: Բայց ինչպէս որ ճշմարտութեան ատեցողն եւ հայրն ստութեանց միշտ կոյր եւ կաղ է, այս փորձերով այլ աւելի խայտառակեցաւ. վասն զի Վահան թէ եւ փափագող` այլ ոչ այնքան մահուան փափագող էր, որքան ատեցող հեշտութեան եւ անքրիստոնեայ կրօնից, ուրեմն հակառակորդն հոգւոց ինքն իրեն դէմ կու ջանար եւ կու զրկուէր: Իսկ Վահան` օրինակաւ իմն իր Տիրոջ պէս իրեք ան գամ յաղթելով փորձութեան չարին, որ ի ձեռն դպրապետին եւ արքունի խորհրդականաց` կ՚առաջարկէր անոր զփափկութիւն կենաց, զհարստութիւն եւ զաշխարհական փառք ու պատիւ, չորրորդ փորձով մ՚այլ խայտառակեց զնա` վերջապէս իր փափագած մահը յափշտակելով, թէ եւ զայս այլ ոչ անաշխատ:

աշտօնէից սիրտը շատ կիրթ եւ կակուղ գտնելով Վահան, պէտք ունեցաւ խիստ եւ ան գութ սրտի մը, բոլորովին հակառակն ընելով բնական բերմանց. եւ իրեն մէկ հատիկ յարմար պաշտօնեայ սեպեց զայն` յորմէ ամենայն զգայուն սիրտ սոսկայ եւ զզուի, երկաթէ եւ քարէ զան գեալ սրտի տէր կարծելով զնա. - պաշտօնեայ մը` որ լոյս ատեն չերեւիր, այլ գիշերահաւու պէս կու պահուըտի, եւ այն վայրկենին կ՚երեւի` երբ ուրիշի մը վերջին վայրկեան պիտի բերէ. կարծես թէ ամեն իր դուրս գալուն` ցրտագին սարսուռ մը կու զարնէ զինքը ճանչցողներուն, եւ գոնէ մէկ մը սառուցեալ գունատեալ անշնչացեալ կու մնայ, կամ կապուտակ մահուն մանեակը վիզը պլլըւած, կամ մարմնոյն եւ գլխոյն կարեւոր կամուրջը կոտրած… Դա է դժնիկ Դահիճն:

Իսկ Վահանայ փնտռած եւ ընտրածն ոչ թէ պարզ դահիճ, այլ եւ Դահճապետ էր, իրեն յարմար Քաբշ անուամբ, որ ի վարձ պնդասրտութեան եւ շատ ան գամ պժ գալի պաշտօնը վարելուն` հիմայ Հիմացւոց (Հէմսի) իշխան գրուէր էր: Յետ երկար աղօթքով ինքզինքը Աստուծոյ յանձնելու: Վահան իր հաւատքը, կամքը եւ փափագը, միով բանիւ իր խընդիրը` աղերսագրի պէս գրելով վայելչապէս արաբացի ճարտար գրութեամբ, զոր ի տղայուց լաւ վարժեր գիտէր, գնաց այս փշոտ պաշտօնէին, եւ առջիններուն պէս իմացուց միտքը, ու տուաւ խնդրագիրն այլ` որ ցուցընէ ամիրապետին: - Քարշ` դժնդակ շարժուածքով մը աչքերը խոլոռեց, պերեւեշտքն ոլորեց. կարծես թէ քաղցած գայլու կամ բզըքտող յովազի պէս` արեան հօտ մ՚առաւ, լեզուն հին սպանութեան համերը զգաց, եւ լափլփելով շրթանց մէջ, լաւ լաւ` ըսաւ. խնդրագիրը ծոցը դրաւ, փաթթոցը պնդեց, ակնարկեց Վահանայ որ հետը ճամբայ ընկնի: Եւ ահա հեզ ու անմռունչ գառին պէս քշելով կու տանէր առ մեծ խալիֆայն, իր ձախ ու ժանտ դէմքը տեսողք եւ ճանչցողք` սոսկալով ետ քաշուէին, բայց Վահանայ ազնիւ եւ ողորմ կերպարանքն` ոտուընին կու կապէր: …

Տեսնուեցան Քարշ եւ Հէշամ, դահճապետն եւ ամիրապետն, սա առաւ` կարդաց Վահանայ խընդիրը, եւ նախ գրոյն վայելչութեանը եւ գրուածքին ու խօսից ճարտարութեանը վրայ զմայլեցաւ, եւ աւելի գառին քան գայլուն կողմը դարձաւ սիրտն. հրամեց որ առջեւը բերեն զՎահան, որ այնքան երկայն ատեն եւ տարիով կու սպասէր այս կոչման: Ահաւոր բռնաւորին սիրտն չդիմացաւ այն անշուք զգեստուց եւ մաշեալ կերպարանաց մէջ տեսնել իր արքունեաց հին դիւանադպիրը: Ինչու՞, ըսաւ, այդպէս խեղճացեր ես, Վահապ. «ուեմն երկիրն Հայոց իջո՞յց զքեզ յայդ»: - Ոչ իմ հայրենիքս, պատասխանեց Վահան, այլ իմ հարցս հաւատքն ճանչցուց ինծի իմ գերագոյն Տէրս, որ իր անբաւ մեծութենէն իջաւ այս խեղճութեան, որուն ես այլ իմ չափովս նմանել ուզեցի: - Տեսա՞ր կանչեց ամիրապետն, Հայաստանի սառնապատ սարերուն սատանաներն զքեզ խենդեցուցեր են: - Մանաւանդ թէ, ըսաւ Վահան` անվախ զուարթութեամբ մը, տղայութեանս ատեն վրաս եկածներն այլ` հոն թօթուեցի, մաքրուեցայ պայծառացայ: …

Անշուշտ Քարշի փուշերն տնկուեցան այս խօսքերուս, եւ կ՚ուզէր մէկէն լափել Վահանայ արիւնը, եթէ քան զինքն երկայնամիտ եւ կակղասիրտ չըլլար հէշամ, որ եւ նեղանալով եւ հայհոյելով, բայց դեռ ողորմելով, Լռէ ըսաւ, ով մոլորեալ եւ բարիատեաց, այդ խենդ խօսքերէդ, որ ձեր սատանաներն միտքդ մտուցեր են, եւ դարձիր քու առջի փառացդ եւ կրօնից: Հրաման տուաւ, եւ մէկէն բերին Վահանայ` գունագոյն մետաքսեայ բանուած հագուստներ, եւ դիմացը թափեցին ոսկւոյ եւ արծաթի զարդուց գանձեր. «Ատոնց վրայ, աւելցուց ամիրապետն, պատրաստ են քեզի համար ընտիր ձիան եւ ուղտեր, ամէն տեսակ ըռզակ, ծառայք ու աղախնայք, եւ քեզի արժանաւոր իշխանութիւն մ՚այլ, եթէ կ՚ուզես հօս իմ քովս, եւ թէ ուզես հոն` քու հայրենի գաւառիդ մէջ. «Եւ իշխանութիւն քեզ` թէպէտ աստ, թէպէտ ի Գողթան, զքո անկաւոր իշխանութիւնն». միայն թէ մեր պատ գամաւորին պատուէրքը կատարէ, եւ վայելէ իր խոստացեալ բարիքը, թէ հոս թէ իր դրախտին: - Այսպիսի խօսքով եւ գործով մը ամիրապետն գրեթէ մէկէն լըմընցուց իր ըսելիք եւ ընելիքը: Հարկ էր որ Վահան այլ իր վերջին խօսքն ըսէ. եւ ըսաւ համարձակ` իբրեւ հասարակ մարդու մը. ըսաւ, թէ «Այդ գանձերդ եւ խոստմունքդ լաւ իսկ վկայ կ՚ըլլան քու խորագիտութեանդ, որով շատերը խաբեր ես, բայց Աստուծով` ես ոչ պար գեւներէդ եւ ոչ պատիժներէդ պիտի խաբուիմ, եթէ իրաւ ինծի բարիք ընել կ՚ուզես, թող լիս ազատ` գիտցածս ընելու, եւ ընծայներդ ուրիշի պահէ, կ՚ուզես առ եւ իմ հայրենի Գողթան իշխանութիւնս այլ, զոր թէ ոչ դու` ստու գիւ մահն քիչ ատենէն ինծմէ պիտի առնու, ինչպէս քեզմէ այլ քու իշխանութիւնդ… ապա թէ ասոր չես հաւանիր, կատարէ վրաս սպառնալիքդ, ես պատրաստ եմ»: Այլ խօսել չէր ըլլար, հրամեց ամիրապետն որ տանին զՎահան ի բանտ եւ ոտքը շղթայի անցնեն: Երբոր տարին` նա ուրախութեամբ փոխանակ մէկին` աղաչեց որ երկու ոտքն այլ դնեն ի կոճեղս, ասանկ այլ ուրիշ առիթներու մէջ` որչափ որ դիւրութիւն կրնար ըլլար ի բանտին. կամ բանտապետն կ՚ուզէր շնորհել, նա կու մերժէր, եւ աւելի չարչարուիլը կ՚ընտրէր, որոյ վրայ զարմանալով կ՚ափշէին պահապանքն: Եւ երբ վերջին օրը Վահան շնորհակալ ըլլալով` կ՚ըսէր բանտապետին, թէ ասկէ ետեւ պիտի ազատիս իմ վրաս աշխատութենէդ, նագրեթէ ամըչնալով եւ տրտմելով պատասխանեց, թէ ի՞նչ բանի վրայ կրնաս շնորհակալ ըլլալ` որ եւ ոչ մէկ շնորհք կամ դիւրութիւն մը յանձն առիր ինծմէ: Իսկ առաքինի վկայ` անոր գթասիրութիւնն այլ մեծ բարերարութիւն սեպելով` դարձեալ կ՚ըսէր թէ ատոր համար վարձքդ կ՚առնուս յԱստուծոյ, որովհետեւ անկարելի է որ ես հատուցանեմ:

Ութ օր մնաց ի բանտը. այն միջոցին Հէշամ արագընթաց ձիերով մարդ զրկեց ի Միջագետս` առ Մրուան ոստիկանն Հայոց, Վահանայ վրայ տեղեկութիւն առնլու թէ ի՞նչ ըրած է ի Հայաստան, մէկայլ կողմանէ այլ ամեն օր գիտուն կուռաներ եւ դենպետներ կու խաւրէր ի բանտն, որ վիճենեւ համոզեն եւ նորէն զՎահան ընեն Վահապ, իսկ անոնք շրթունքնին խածնելով յետ կու դառնային եւ կու խոստովանէին` որ նա մեր գիտցածը մեզմէ աւելի գիտէ. իսկ իր քովէն ըսածը` խօսք չէ, սուր է, դէմ կենալ չըլլար. «Չէ ումեք լսել բան, բայց սուր` որ զբանից մերկանայ զխօսս»: Ամիրապետն չէր գիտեր նեղանա՞յ թէ զարմանայ. եւ կ՚ապըսպըրէ որ չըլլայ թէ ուրիշի այլ իմացընեն իրենց խաղքութիւնը: - Դարձան շուտով դեսպաններն եւ Մրուանայ պատասխանը բերին, որ ստու գեր էր հաւատարիմ անձերէ, թէ Վահան իրաւ մեծատոհմ իշխան մ՚էր ի Հայս, միան գամայն խելացի եւ զգաստ մարդ մը, ոչ հիւանդ ոչ խելագար, այլ իր հայրենիքէն ելեր եկեր էր, որ ամիրապետէն հաւանութիւն առնու կամ համարձակ իր հաւատքը պաշտելու եւ կամ անոր վրայ մեռնելու:

Այս բանս այլ աւելի հաստատեց Հէշմայ փորձը, եւ աւելի փափագեցաւ ապրեցընելու այնպիսի անձ մը, զոր Օմար հազիւ կրցեր էր քովէն հեռացընել, եւ նորէն կանչելով զՎահան եւ աւելի կակըղցած սեպելով, հարցուց թէ միտքը փոխե՞ց: Իսկ նա պատասխանեց, թէ ճշմարտութիւնն մէկ է, իր խօսքն այլ մէկ է: Եւ երկար եւ կրկին կրկին փորձելու եւ ջանալու համոզել զնա ամեն կերպ զիջողութեամբ, տեսնելով որ Վահանայ ամեն մէկ պատասխանն իրեն յանդիմանութիւն եւ իրեններուն ամօթ կու բերէ, (որք եւ կու դժուարէին լսելու, եւ նշաններով կ՚իմացընէին որ այլ պէտք չէ ներել իրենց կրօնից նախատանաց) Հէշամ այլ երեսին գոյնը եւ խօսքերը փոխեց, մատնեց զՎահան արիւն-կզակ դահճապեին ձեռքը: - Բայց ինչուան ետքն այլ չկարցաւ բոլորովին մարել գութը այնպիսի ընտիր եւ անպարտ դատապարտելոյ մը վրայէն…ծածուկ բան մ՚այլ ըսաւ սպանչին ականջէն: …

Ոչ այնչափ մեծ ուրախութեամբ ելեր էր Վահան Օմարայ առջեւէն դիմելու ի Գողթն եւ ի հայրենիսն, որչափ Հէշմայ ատենէն ելաւ դիմելու ի բուն հայրենիս հոգւոյն եւ յանկորուստ իշխանութիւն: Որչափ այլ ամիրապետին բռնած կերպն կրնար դեռ մահուընէ ազատելու յոյս մը տալ, ինքն իբր ապահով մարտիրոսութեանը վրայ` ութօրեայ բանտար գելութեանը մէջ վերջին պատրաստութիւններն այլ տեսեր էր, որուն ջերմեռանդութիւնը լսելով Ռուծափայ Յակոբիկ երէցն` եկեր էր ի բանտը բարեսիրութեամբ մխիթարելու զնա, եւ յորդորելու եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներն ընդունելու, որոց շատ փափագէր սուրբն այլ. սակայն տարակուսելով երիցուն հաւատաց դաւանութեանը վրայ ամենազգաստ վըկայն` ըսեր էր. «Իմ արեամբս մկրտեցայց, վերջին բաժակաւս ելից յաշխարհէս»: Բանտին վերջին օրն այլ մեծախորհուրդ օրհնեալ օրն էր, այսինքն Ծաղկազարդի օրն. յորում ինքն այլ սիրով եւ փառաբանութեամբ յուղարկէր զտէրն յԵրուսաղէմ, ընդ տղայսն օրհնաբանելով. եւ ընդ ծերսն «բարեբանելով զանմահ թագաւորն», լուսածաղիկ ձիթենեօք սիրոյ եւ պսակափայլ արմաւենեօք հաւատոց. եւ փափագէր որ Տէրն այլ զինքը մտցընէ իր երկնաւոր արքունիքը: Եւ ահա իբրեւ շուտ մը խընդրանացը հասնելով` կ՚երթար զուարթութեամբ իր ցաւոց ճամբան, կ՚ելնէր իր Փրկչին նման` (Ռուծափ) քաղքէն դուրս, փոխանակ իր գինաւէտ Գողթան` գտնելու զարիւնակաթ Գող գոթայն, եւ երթալուն ատեն` Առ քեզ, Տէր համբարձի զաչս իմ, սաղմոսը եւ անոր նմանները` բարձրաձայն կ՚ըսէր, մինչդեռ դահիճքն քովէն կ՚երթային խաչահանուաց եւ աւազակաց պէս, եւ Ռուծափայ մէջ գտնուած քրիստոննէից բազմութիւնն` ետեւէն եւ հեռուէն, միայն լալերնուն եւ վայերնուն ձայնն կու հասնէր խառնուէր սրբոյն աղօթից հետ: Նա աւելի ուրախութեամբ եւ համարձակ սկսաւ գոհանալ եւ օրհնել զԱստուած` երբոր հասաւ վկայութեան տեղը, երբոր վերջին երկրաւոր քայլն այլ առաւ. եւ արդէն մարմինն իբր իր յետին հանգիստը գտնելով` դադրեցաւ առաջ երթալէն:

Իսկ դահճապետն որ անդադար մրմռալով մէկ մը կու սպառնար, մէկ մը կու յորդորէր զնա յուրացութիւն, ըստ պատուիրանին Հէշմայ, հոս այլ աւելի ահարկու կերպով, միան գամայն եւ յուսակտուր սուրը երեւցընելով` ըսաւ. Որովհետեւ մտիկ չըրիր յորդորանացս, ես այլ ամիրապետին հրամանը պիտի կատարեմ: - Ուրեմն ինչուան հիմայ անոր հրամանին դէմ կ՚ընէիր, պատասխանեց սուրբն. իսկ ես իմ երկնաւոր թագաւորիս պատուիրանաց վրայանփոփոխ եւ հաստատ եմ: - Սակայն հոս դահճապետն այլ իր խալիֆային հրամանը կու կատարէր, գուցէ չուզելով այլ, բայց վախնալով անկէ, որուն ծածուկ պատուիրածն այլ հոս կատարեց… ծայրէ ի ծայր սուրը փայլեցընելով եւ դարձընելով` իջուց քսեց սահեցուց ծոծրակին վրայ, եւ նորէն փայլատակի պէս Վահանայ աչաց առջեւ բերաւ… եւ ահա ծարուած երկաթոյն շրթունքն կարմրցեր էին իր քանի մը կաթիլ արեամբն, եւ ուրիշ կաթիլներ այլ վզին վրայ մանեակ մը կու ձեւացընէին… Գողթան գինին այնքան չէր անուշ եկած իր շրթանցն` ինչպէս այս ինքնաբուխ օշարակն, զմր իբրեւ նախընծայ նուէր մարտիրոսութեան կրցաւ ինքնին մատուցանել Աստուծոյ, եւ իր օրով առաջ ըսածը կատարել. վերջին բաժակաւս ելից յաշխարհէս»… Ո՜վ սխրալի, այլ եւ սոսկալի բաժակ: -

Դահճապետն դարձեալ մէկ մը ամիրապետին պատուէրէն վախնալով, մէկ մ՚այլ արեան ցայտմունքէն գր գռուելով, Տեսա՞ր, կանչեց, ուրեմն ի՞նչ կ՚ուզես: - Վահան այլ կտրուկ կերպով ըսաւ. Կատարէ կամքդ, եւ լռեց: Եւ թէպէտ քանի մը բան այլ զրուցեց դահիճն, ինքը պատասխան չտուաւ. ինչուան որ նա մէկ ան գամ մ՚այլ կրկնեց, թէ ահա վերջին վայրկեան մ՚այլ քեզի, ո'վ տառապեալ, ընրէ' զկեանք կամ զմահ: -«Ընտրեցի, կանչեց Վահան, զմահ` վասն Քրիստոսի, քան զկեանս անցաւոր»: - Ուրեմն երկնցուր վիզդ, պոռաց յուսահատեալ դահճապետն. եւ դարձեալ փայլատական երագութեամբ իր եւ սրոյն պաշտօնը կատարելով, մէկէն դիւահարի պէս ցատքեց ելաւ գնաց: …

Աւագերկուշաբթի օրը` միջօրէէն քանի մը ժամ ետեւ (ժամն իննին, յորում եւ Յիսուս զհոգին աոանդեց) մարտի 18-ին յամին 738, եւ իր ծաղկեալ առոյ գկենաց 35 տարւոյն մէջ` կատարուէր էր մեր Հայաստանեայց եւ ընդհանուր սուրբ եկեղեցւոյ մեծայաղթ եւ մեծափառ վկայից մէկուն հանդէսն. սքանչելի եւ պանծալի մարտիրոսութիւն Վահանայ Գողթնեաց իշխանի…

Սոսկում եւ սարսուռ դեռ պատէր զմօտաւորս, որք էին ամիրապետին արքունիքէն եկած պատուաւոր մարդիկ, տեսան եւ վկայեցին որ Վահանայ արիւնն չէր տարածուեր չորս զի, այլ ամփոփուելով մէկտեղ կու ժողովեր, եւ բոլոր մարմինն լուսոյ մէջ ընկղմած կ՚երեւէր. Աստուած, Աստուա՜ծ կանչելով իրենց լեզուով, եւ զարմացքով յետ դարձան պատմելու ամիրապետին, որ չկրցաւ չտխրել, եւ ոչ ոք ուրիշ կիրք մ՚ունեցաւ, բայց ի մեծահաւատ քրիստոնէից` ի պարծանս եկեղեցւոյ: Բոլոր գիշերը մարմինն հոն մնաց. չունք եւ գազանք հեռուէն պահապանի պէս կենային եւ զիրար վռնտէին. քրիստոնեայք փափագանօք եւ վախով արթուն սպասէին. երկրորդ օրն բոլոր քաղաքն եւ արքունիք իբրեւ իրենց սիրելի անդրանիկը կորուսած տագնապէին. կամ կլիմայն փոխուած անսովոր ցրտութիւն մը հասած կարծուէր, կամ ամենքն այլ իրարու յանցաւոր եւ խղճահար կ՚երեւէին: Ինչուան որ ելաւ արքունի ներքինապետն եւ մունետիկ կանչել տուաւ քաղքին մէջ` որ քրիստոնեայք առնուն թաղեն նահատակը. եւ երբ անոնք տարակուսէին թէ խաբէութիւն չըլլայ` նորէն վստահացուց, թէ վերուցէք անվախ եւ ինչ կ՚ուզէք` ըրէք… Մէկէն հոն թափեցան բոլոր քրիստոնեայք, եւ իրարմէ խլելով յափշտակեցին առին բաժնեցին սրբոյն բոլոր արիւնը եւ տակի հողը, զգեստները, եւ ինչ որ անոր դպեր էր: Իսկ մարմնոյն ոչ ոք կու համարձակէր դպչելու. գիտէին որ անոր տէր ելլող պիտի ըլլայ. իսկ հիմայ հոն Հայ չկար, այլ միայն Ասորի նեստորական կամ յակոբիկ, եւ Յոյն, ապա խորհուրդ ըրին, հաւանեցան, վերուցին տարին թաղեցին Օտարաց գերեզմանատեղը, եւ շուտ մը քարեր տաշելով կան գնեցին վրան քառակուսի կափարիչ մը. եւ իրարմէ զատուելով, բայց միշտ կասկածելով, գնացին տեղերնին:

Այլ չերկընցընեմ խօսքս: Թէոփիլէ անուամբ Յոյն մը կար ամիրապետաց ծառայութեան մէջ, եւ անոնցմէ Էպու Ստեֆան կոչուէր չորս մարդով եկաւ հանեց մարմինը` տապանի մէջ դրաւ, տարաւ իր տունը. բայց նոյն գիշերը եպիսկոպոսի մը յայտնուեցան եղածն, եւ թէպէտ առջի բերան ձայն հանեցին թէ վաճառականք գողցեր եւ Պատլպէքի ճամբով ի սուրբ երկիրը տարբեր են, բայց սրբոյն մարմնոյն եղած տեղը, ինչպէս նաեւ նահատակութեան տեղն այլ` օրէ օր հրաշքներ եւ բժշկութիւններ ըլլալով` իմացուեցաւ եղածն, եւ ստիպուեցան յայտնապէս մատուռ մը շինել վկայութեան տեղը. եւ դեռ չլմընցած` ձեռք զարկին մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մ՚այլ շինելու. բայց մարմինը մատրան մէջ հանգուցին, եւ կու պատուէին համարձակ եւ հաւասար Ս. Սար գսի (ընկերին Բաքոսի) որոյ արդէն հին վկայարան եւ ուխտատեղի մը կար հոն, եւ անոր պատճառաւ Սեր գիուպօլիս այլ կ՚ըսուէր Ռուծափ:

Ս. Վահանայ նահատակութենէն եօթն տարի ետեւ` եկաւ իր վերջին հիւրընկալ մտերիմ եւ վանահայրն, Արտաւազդ, քանի մը միաբանելով, ընկաւ լացաւ, համբուրեց իր յուսադրեալ սրբոյն գերեզմանը. բոլոր լսող եւ տեսող վկայները փնտռեց, հարցուց անոր նահատակութեանը վրայ. եւս առաւել տեղեկացաւ Թէոփիլէէն, որ եւ յունարէն գրեց տուաւ իր գիտցածը. զոր ի դարձին` հայրն Արտաւազդ Ուռհայի եպիսկոպոսին ձեռքով հայերէն թար գմանել տուաւ: Յետոյ դառնալով իր տեղը` յաջորդ տարին (746) ձեռք զարկաւ եւ գեղեցիկ եւ երկար ոճով գրեց Վահանայ վկայաբանութիւնը, այրած սրտով մը ողբալի պէս սկսանելով, եւ կրակի տարւոյն դէպքը կրակէ տառերով շարելով. դեռ անկէ առաջի դիպուածներն այլ կար գաւ ի մէջ բերելով, որ ետեւի եղածին պատճառն եւ սկիզբն աղէկ իմացուի. եւ թողուց մեր պատմութեան եւ դպրութեան սրտառուչ եւ վայելուչ աւանդ մը, որ ի յիշատակ Վահանայ թողուած կայծակներէն մէկն անուանեցի քեզ, Հայկակ, ի սկզբան խօսիցս. եւ որ` ինչպէս հաւանական է, դեռ շատ համառօտած հասած է մեր ձեռքը, եւ թէպէտ հին ճառընտրաց մէջ այլ երկու տեսակ գտած եմք, մէկն քան զմէկայլն կիսով չափ մ՚երկայն, մանրամասն եւ ստու գագոյն, բայց ինձ թուի թէ սկզբնագիրն աւելի երկարապատում էր: Ճառընտիրք միայն Վահանայ վկայաբանութիւնը կ՚ուզեն աւանդել մեզի, իրենց համար աւելորդ են առաջի պատմածներն, այն` որոյ համար կ՚ըսէ վիպասանն իր վերջաբանին մէջ. «Սկսեալ պատմագրել` սկիզբն առնելով ուստի արժանն էր. ի նոյն յարելով զվկայութիւն սրբոյն Վահանայ վկային». եւ թէ մեզի հասած վկայաբանութեան սկիզբն այլ կան կրակին պատմութիւնն եւ ողբքն, բայց համառօտեալ. եւ երկու օրինակաց խօսքերն երբեմն իրարմէ տարբեր եւ մէկմէկու լրացուցիչ կ՚երեւին, միան գամայն աւելի մեծ լրութիւն մը գուշակել տան: Ի վերայ այսր ամենայնի` ան գամ մ՚այլ կրկնեմ քեզ, Հայկակ, որ այս Ողբքս եւ Վկայաբանութիւնս` որոյ ընտիր ընտիր զրուցուածքը ջանացի խառնել իմ խօսիցս մէջ, մեր մատենագրութեան եւ հայրենի յիշատակաց ցանկալի եւ պանծալի հատ մ՚է. եւ թերեւս Խորենացւոյ եւ Եղիշէի պատմութեանց վերջաբաններէն ետեւ ինչուան ցԱրտաւազդ` ոչ ոք այնպիսի սրտառուչ գրուած մը թողեր եւ հսուցեր էր մեզի. գուցէ եւ ոչ ոք անկէ ետեւ այլ: - Աւելորդ է ինծի հոս քննել կամ յերկարել այս գրուածոյս յար գը, որ թերեւս ոչ մէկ ուրիշէ մը կրնայ նուազիլ կամ հակառակիլ կամ բաղդատիլ, բայց ի մէկ կարճիկ փոքրիկ գրուածէ մը ի նոյն ինքն ի Ս. Վահան, որ եւ խօսքիս սկզբան անկնարկած անոր երկու կայծակնափայլ յիշատակաց մէկայլն է. հին գտուն շարականն Վահանայ Գողթնացւոյն. ցանկալի մնացուած նախնեաց, ծնունդ չքնաղ մտաց եւ սրտի. չքնաղագոյն եւս եղած աւանդութեամբն, որով պէպք է ես այլ երկարեալ հայրենաբանութիւնս աւարտեմ:

Անկարելի է ինչպէս քեզի եւ ինծի` այսպէս ամեն ազգայնոյ եւ զգայնոյ, Վահանայ վերջին տասն տարուան պանդըխտութիւնը եւ սրտակտուր մահը դիտելէն ետեւ, չդառնալ մէկ մ՚այլ ի Գողթն եւ ի Սիւնիս, տեսնելու թէ ի՞նչ կ՚ընեն ի՞նչ կ՚ըլլան Խոսրովդուխտ եւ Սիսակուհի բամբիշն Գողթան, քոյրն եւ ամուսինն Վահանայ: - Պատմութիւնն` կա'մ անկարող անոնց խոր եւ խառն սու գը բացատրելու, կամ անփոյթ` գլխաւոր հանդիսէն վերջը մասնաւոր տեսարան մը բանալու` կու լսէ բոլորովին, կարդացողին թողլով գուշակել` իր սրտին թելադրութեամբ: Եւ ահա մեր նախածանօթ աւանդութիւնն չի թողուր այսքան ողբեր գելի եւ աննման վկայի մը (Վահանայ Գողթնացւոյն) յիշատակը` սովորական լռութեան մէջ թաղել. եւ դիմացնիս կու ցոլացընէ այդ վերջին յիշած կայծակս (շարականը). որ ոչ Աբրահամեանն Արտաւազդայ, ոչ Յովհանու եւ ոչ հարանց հօր Սողոմոնի գրչէն ճայթած է, այլ ինքնայայտ է որ տարբեր սրտի եւ տարբեր սեռի արդարութիւն մ՚է, որուն ոչ նմանն ունիմք եւ ոչ նմանացընողը. Հայ Պինդար մը չէ ասոր եր գիչն, այլ հայկուհի Սապփոյ մը, որ եւ կրնայ այս հելլենուհւոյս հետ մրցիլ, եւ սրբազան զգացմամբքն յաղթել անոր հասարակ զգացմանցը. արդէն իսկ յաղթանակած է անոր եւ նմանեացը` երբ ըսեր է «Արտաքնոցն զգաստքն` ստեղծիչ բանք սնոտեացն ի պատրութիւն, իսկ քոյդ սիրայնոյ` աստուածարեալ եւ ոգեշահ. ո՜վ երանելի Տէր Վահան»: Այս ոճով հին գկարճ տուն բանի մէջ` սրբասէր սրտի եւ հոգւոյ սաստկագոյն կիրքը հաւասար կու բացատրէ, առանց մէկը մէկայլին ար գելք ընելու:

Հոս արդարեւ Գողթան գաղտնի եւ նուազեալ բամբիռն` իբրեւ իր զմայլեցուցիչ գինւոյն երկար թմբրութիւնը թօթափելով` կու մրցի եւ կու խառնուի Սիովնի աստուածեր գակ քնարին հետ, եւ ասով` իր հնացեալ եւ մահալըլուկ ձայնը անմահ կու թողու յառագաստի հայ եկեղեցւոյ: Եւ ինչպէս ի հնումն Կարմիր ծովուն հրաշալի անցքը հրաշափառապէս նկարագրող եր գը, թէ եւ ի Մովսիսէ արտադրեալ, բայց իր քոյրն` թմբկուհին Մարիամ էր` ուր կուսանաց եւ կանանց պարագլուխ եղած` կրկնելով եւ կրկներ գելով անլռելի ըրաւ, եւ հասուց ինչուան մեր սուրբ տաճարաց, «Օրհնես'ցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ. զերիվարս եւ զհեծեալս ընկէց ի ծով». այսպէս եւ հոս Հայկուհի մը եւ քոյր մը, աւելի սրտահար քան թմբկահար եւ բամբռահար, Գողթնացւոյն մեծ եւ արժանալուր դիպուածը յաւերժայիշատակ ըրաւ. առաւելեալ քան զՄարիամն այն, այն վասն զի մերս ինքնին էր եր գոյն հեղինակ: - Այս պարառաջս մերազնեայ կուսանաց եւ կանանց, անհամեմատ եր գիչս Հայկուհի, որոյ 1100 եւ աւելի ամաց հնութիւնն` կ՚աւելցնէ իր վրայ յաւերժահարսնեայ շնորհք մ՚այլ, եթէ չտեսաւ Կարմիր եւ կծու ծովու մը պատառուածք, եւ անոր մշտաթաց ճամբէն` ցամաք եւ հետեւակ անցք 600, 000 մարդկան եւ այլ աւելի բազմութեան կանանց եւ մանկանց, եւ ոչ անոնց ետեւէն սպառազէն գնդից եւ գերանդազէն կառաց խառն ի խուռն հրոսակ մը, որ յանկարծ` նորէն իր բիւրեղէն պարիսպները փլցընելով փրփրացեալ ծովուն ալեաց մէջ ծփեցան եւ ծածկեցան, եւ պատառ պատառ նորէն կարկըտած հաւասարած ջրոց երեսը ցրուեցան. - եթէ այսպիսի ծովու անցք մը չտեսաւ կ՚ըսեմ` մեր Հայկուհի գերագոյն գուսանն, սակայն տեսաւ ի տղայութեանն` Նախճաւանի եւ Հրամի հրեղէն եւ օդային ալիքն եւ համաշխարհական ս գոյ արտասուաց ծովը, եւ անոնց մէջէն մէկ մը ճողոպրած, իրեն Սիրայինը Վահան Գողթնեաց իշխեցողը. մէկ մը զնոյն իր հայրենի տիրական գահուն վրայ բարձրացեալ փառօք, մէկ մ՚այլ ի խորս անապատից եւ մենաստանաց ճ գնաւորեալ ապաշխարութեան ողբովք, եւ յետոյ ինքնակամ նահատակութեամբ թաթաւեալ արեանը մէջ. - արիւն մը, որոյ համատարր վտակն էր զինքն իսկ (զեր գիչն այլ) կենդանացնողն. - հարազատ արիւն մը` մէկ աղբերէ յերկուս բաժանեալ, յԵղբայրն` ի վկայն Վահան, եւ ի քոյրն` ի վկայեր գակն Խոսրովդուխտ: Սա ինքն է աւանդութեամբ վկայեալ եւ սրբազանեալ եր գուհիս մեր. զոր թէ եւ նա (աւանդութիւն) լռէր` հարկ էր մեզի կարծել` կամ Վահանայ անտարակոյս սիրողը, այսինքն, իրեն հարսնացեալ Սիւնեաց օրիորդը, եւ կամ անոնց երկուքին ժամանակակից եւ վկայուած մեծանուն Հայ եր գուհի մ՚այլ, որ քեզ այլ, Հայկակ, անծանօթ չէ, Սահակադուխտն այն` քոյրն Ստեփանոսի Սիւնեցւոյ, (որոյ եզերական վախճանն, ինչպէս որ քեզ պատմեր եմ, եղաւ Վահանայ ճ գնութեանց տարիներուն մէջ:

Արդ այս Վահանայ սիրային նրբազգաց մելամաղձիկ մեղրամաղձիկ եր գուհիս էր` որ անոր ամեն դիպուածներէն եւ գործերէն աւելի` կու զմայլէր կու զգար անոր բռնած զարմանալի ճ գնող եւ ապաշխարող վարուցը վրայ: Ինքն որ թուի թէ ի բնուստ եւ յարուեստէ վարժած` սիրէր զեր գս եւ զերաժիշտս, անոնց ամեն նուագներէն աւելի զարմանալի եւ խորազդու կու գտնէր Վահանայ ողբերն ու հառաչանքը. «Զարմանալի է ինձ քան զեր գս երաժշտականաց ձայնս` ողբոց քոց հնչմունք»: Եւ անոր համար աւելի զարմանալի էր` որ երբ ուրիշ ողբական եր գկամ նուագլսէր` իրեն այլ ողբեր գութեան յորդոր կու գար. իսկ երբ Վահանայ ողբերը լսէր` սրտէն անդին մինչեւ ի հոգին` կ՚անցնէին. անակնկալ կիրք մը կ՚ազդէին, նորօրինակ ուրախութիւն մը, որ զինքը կու շարժէր եր գախառն հրճուանօք եր գելու. «Առաւել յորդորէ այս զհոգւոյս մասունս, յօրինել քեզ եր գս ոչ զղջականս, այլ հոգեւորս եւ ուրախարարս, յորդորականս եւ ներբողեանս»: - Շատ գովելի եւ գեղեցիկ յատկութիւններ տեսեր էր Վահանայ վրայ, շատ ձիրք, շատ վայելչութիւն, մեծոգիութիւն եւ արիութիւն, բայց անոր ըրած ճ գնութիւնքն իր ծաղկեալ հասակին մէջ, եւ ամենեւին ազատ, կրնամ ըսել թէ եւ անպարտ ճ գնութիւնք` որ զճ գնաւորս կ՚ապշեցընէին, բոլոր մարդուս բնութեան ան գամ զարմանք եւ զարհուրանք բերէին. իսկ անանկ պայազատ եւ բաղդայաջող մարդու մը` նա եւ բնութենէ վեր կ՚երեւէին. «Զարհուրեցուցանղ քո ճ գնութիւնդ զմարմնոյս բնութիւնն. իսկ դու` առաւել գտար»: - Զասոնք (Վահանայ ձիրքերը եւ գործերը) տեսնելով, եթէ առաջի բերան կու զարհուրէր եր գուհին, ապա հիանայր, մայլէր, եւ սիրէր. բայց սիրէր սովորական սիրոյ վեր սիրով մը. կրնար ինքն այլ իր հին հայրենի գուսանաց նման փորձ մը փորձել, քիչ մը ճնշելով իր գինաւէտ Գողթան ըմբերանեալ բամբիռը` վառվռուն երեւակայութեամբ եւ այլաբանութեամբ վիպասանել իր վեհազն սիրելին: Սակայն հոս բոլոր արտաքին բանաստեղծից արուեստք եւ հնարք` սնոտի եւ սուտ, անօգուտ եւ անպիտան կ՚երեւէին նկատմամբ Վահանայ առաքինի գործոց եւ իր (եր գչին) զգացմանցը. «Արտաքնոցն զգաստքն` ստեղծիչ բանք սնոտեացն` ի պատրութիւն», եւ այլն: - Անոնց գովասանած մեծագոյն գործերն շատ հեղ ի՞նչ են, բայց եթէ դիւցազն ըսուած յանդու գն եւ ուժով (եւ երբեմն մոլի) մարդու մը ըմբշամարտութիւն. կամ յափշտակութիւն կնոջ մը կամ քաղաքի մը. կամ մեծաբնակ պատերազմի մը յաղթութիւն, որ դաշտին մէջ անբաւ արիւն թափել կու տայ, ընտանեաց մէջ` աւելի շատ արտասունք այրիացելոց եւ որբացելոց. իսկ դու մեր սրբազա՜ն դիւցազն, դու ոչ այնպէս. այլ «Որպէս զքաջ նահատակ պատրաստեալ ի պատերազմ, կատարեցեր զընթացս քո արիաբար, յազգացն Հարաւայնոյ. դասաւորեալ ընդ անմարմնականսն, ո'վ երանելի տէր Վահան, Գողթնեացն իշխեցող»:

Եր գոյն այս ետքի տունն, որ զհոգի վեհազինն դասաւորէ ընդ անմարմնականս, լռելու ատենը` կու յայտնէ անոր դասն այլ ի մէջ մարմնազինացս: Առաջին տանց վերջը` միշտ կրկնելով ո'վ երանելի տէր Վահանը, մէկ մէկ մակդիր կ՚ընծայէ, կար գաւ բարձրացնելով կամ զատելով անոր աստիճանը. նախ` Ընտրեալ յԱստուծոյ, իբրեւ կոչուած ի նշանաւոր կեանս եւ ի գործ. ապա Ծառայ Քրիստոսի, եռանդուն հաւատարմութեանն համար ի հաւատսն Քրիստոսի. յետոյ` Սիրող Քրիստոսի, մասնաւոր ջանքով եւ բոլորովիմբ նուիրմանն համար ի խաչակցութիւն Փրկչին. ետքը Ընտրեալ յազատաց, իմացընելով անոր բարձր ցեղը` նաեւ ի մէջ ազնուաց երկրի, որոյ փառքն եւ փափկութիւնն արհամարհեց վասն սիրոյն Քրիստոսի. իսկ հուսկ յետոյ անոր սեփական պայազատութիւնն այլ նշանակելով, Գողթնեացն իշխեցող: Իսկ այդ հայրենի գաւառին եւ տոհմին անուան ծայրը անսովոր ոճով եւ գրեթէ ներշնչմամբ մ՚աւելցընելով Ն տառ մը, կարծես թէ մէկ կողմէն իր գեղեցիկ հայկական (Վահան) անունէն կողոպտածին եւ տաճկացեալ Վահապին վրէժը կու խնդրէ, մէկայլ կողմէն այլ գրեթէ անբացատրելի վսեմութիւն մը` ոյժ մը աւելցընելով` արթնցնել կու տայ ի հայրենասէր սիրտս` զբոլոր հինաւուրց յիշատակս գինաւէտ, եր գաւէտ եւ քաջաւէտն Գողթան: -

Եւ այսպէս, եթէ Հօր Արտաւազդայ մը գրած Վկայաբանութիւնն բաւական էր մեզի սիրելի եւ պաշտելի ընելու զՎահան Գողթնացի, իր Շարականն անհամեմատ առաւելութեամբ մ՚այլ սխրալի եւ պարծելի կ՚ընէ թէ զեր գեալն եւ թէ զեր գիչն: …

Այսպիսի մէկ մը եւ ասոր նման մ՚ունենալով` կրնաս եւ դու, ո՜վ մթացեալ Հայաստան, հայրենիք իմ, կրնաս եւ դու չամաչել եւ չնախանձիլ ո' եւ է ազգի դիմաց. կրնաս յայսմ մասին եւ գերափառ Յունաստանի մը հետ մրցիլ. եւ կրնաս թողուլ` որ անոր համբաւեալ տասներորդ մուզայն իր ճղեբոյն ծղիքը խածնելով` երթայ գահավիժի Լեւկադեան դարերէն վար, երբ յերեւան ելնեն ի սարակս Սիւնեաց` մեր յիսուսոգի մուզայքն` Սահակադուխտ եւ Խոսրովիդուխտ: - Ասոր հրաշահիւս շարականովը` կրնաս դու այլ փառաւորապէս քու հնապանծ եր գերուդ վրայ դադրիլ եւ լռել, ո՜վ պանծալի բամբիռն Գողթան: Ասիկայ բաւական է` քեզի անլռելի արձագան գմ՚ըլլալու, մեզի` մշտնջենաւոր մխիթարանք մը, եւ երկրաւոր անմահութիւն մը` անմահից դասակցեալ ՎԱՀԱՆԱՅ ԳՈՂԹՆԱՑՒՈՅՆ: