Նոր Տարին

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Փունջերը Նոր Տարին

Միսաք Մեծարենց

Աստղերը


Նոր Տարին


Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին
Առտուան լոյսին կըսպասէ տենդոտ.
Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարի՜ն
Մեր գրկէն հինին ձայները ծանօթ:

Նոր տարւոյ ընծայ պայծառ լուսինկան
Սազեր է գիւղին լեռները բոլոր.
Երգերը ծերին, ճիչերը մանկան
Կ՚արձագանգեն թունդ խազերով մոլոր:

Իղձերու շարք մը պլլուած սրտին՝
Վառ յոյզերու մէջ կ'օրրէ զայն ուժգին.
Բորբոքած հուրքովն յոյզերու անշէջ
Կը ծփան սիրտերն ըղձանքներու մէջ:

Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին
Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին.
Եւ բեհեզներովն կապոյտ կամարին
Պճնըւած աշխարհ կու գայ նոր տարին:


1902, Դեկտեմբեր