Jump to content

Տասը պատգամ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ՏԱՍԸ ՊԱՏԳԱՄ


I


Շինէնկէրի քու ասվածը
Թօ՛լա օսկին ու արծաթը։

II



Կուռք մի՛ խօրթիլ քարէ, փատէ,
Շինտըխ կուռքը զէնկին մարթ է։

III



Շահիտ համար, թէ վօր ռաստ գա՝
Աստուծուն պե՛ր սուտիտ վըկա։

IV



Կիրակին վօր քունէտ զարթիս,
Քուֆուրներով օր պաշլայիս։

V



Ի՞նչ ասել է մամա, պապա,
Կըռնակներուն հաքո՛ւր սօփա,
Մազէն պըռնէ, կետնին կլօրէ,
Կուրունկիտ տակ աղէկ տրօրէ։

VI



Շէնքով մարթուն, կուտնուս թէհնա,
Փօրը խօթէ թուր ու խամա։


VII



Տունըտ պայէ տեսօք պանվօր.
 <. . . . . .>

VIII



Պարեկամէտ փօ՛խ առ փարա,
Իյնի մեռնի՝ ինքեար արա՛։

IX



Մէկին վըրան սուտ հընարէ,
Քալէ՛ պազար, իրատ փըռէ՛,
Ետքը ասա՛ իրեն տիմաց՝
«Ձայն Աստուծոյ է՝ ձայն բազմաց»։

X



Ցանկացի՛ր քու պարեկամին
Ստըկին, տունին, միլքին, մալին։
Հօռնիշնային օտատ մըտցո՛ւր,
<. . . . . . . >

Սո՞ւտ է, ասօնք չի՞ն մեր օրվան
Աղաներուն տասը պատգամ։