Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հիմա՝ գիրքը - Երգեր Հողի եւ Հատուցման։

Գրած էր ինծի բանաստեղծը, որ տպագրուած գիրքէն մասին եղած ամէն բողոք ու դիտողութիւն, պիտի յղէր մեր հասցէին։ Բողոքի փոխարէն, ինչպէս ըսուեցաւ, այս հատորը, որ կը բաղկանայ 237 էջերէ, արժանացաւ մրցանակի։

Դուք կարդացէք յառաջաբանը,որէմ ետ հատորը կը բացուի հեղինակին «Հողի եւ Հատուցման ճամբան» հաւատարմագիրովը, ուր կ՚ըսուի․

- Ա՛ն որ կը սողայ, կ՚աոնէ գետնաքարշ
Ջեռունի ճամբան,
Կրունկի տակ կոխ՝ ի՛րն է համագոյժ
ճզմումի ճամբան։
Ա՛ն որ կը լքէ ինքնութեան ամրոց
Իր հօր տունն ու արտ,
Կ՚իյնայ հնասպառ՝ անծանօթ բախտի
Մարդակուլ ճամբան։
- Խաւարտչին մէջ խուլ՝ արմատ–էութիւն
Ջնջումի ճամբան։-
Բայց երբ կ՚ամրանաս՝ արմատդ հողին,
Գիտցիր որ ա՛յս է
Բնութեան դաժան անյեղյլի վճիռ՝
Տեւելո՛ւ ճամբան․
Որպէս էութիւն քու եւ արմատիդ
Միաձոյլ ճամբան։

Յօշոտուած միսին, արեան, արցունքին,
Ու դեռ անվճար
Դարերով վայրագ քանդումին դէմ սո՛ւր՝
Հատուցման ճամբան։


41