Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գայ որ քեզ համարձակ վայելեմ. ըսաւ, ձեռքս ձեռքին մէջ առնելով:

Սրտիս յուզումէն՝ ձեռքերս կը դողային, վրաս նեղացուցիչ տագնապ մը գալով իսկոյն նուաղեցայ:

Քրոջս վիճակը յուսահատական է։

25 Մարտ

Այսօր կեանքիս ամենէն աւելի տխուր օրէրէն մին է, սուգ ու լացի սեւ օր մը։ Ո՜հ, քանի որ մահ կայ, կեանքը ինձ խաղալիք մը կերեւայ, աննպատակ չարչարանք մը։

Պաշտելի հոգեհատորս, սիրելի քոյրս երէկ գիշեր մեռաւ, այսօր յուղարկաւորութեան տխուր հանդէսը կատարեցինք։

Մահուան եւ սիրոյ երկու ծայրայեղ ու հակառակ յուզումներու մէջ կը տառապիմ, վիճակս արգահատելի է:

Ջղային տագնապներս վերսկսան, չափազանց նիհարցայ. կ՚երեւայ թէ այսչափ ծանր վիշտերու չպիտի կրնամ տոկալ...։

Եւ կը խորհիմ թէ ի՞նչ է կեանքն ու իր նպատակը, ո՜հ, եթէ ոչ՝ հեծկլտանքի շարունակութիւն մը...: Վայրկենական հաճոյքի մը համար կարժէ՞ միթէ տարիներով անոր տաժանելի բեռը կրել...։

Այս սեւ օրերը կեանքիս գարունը խամրեցին. մօրս մահը, քրոջս մահը իրարու յաջորդելով ժամանակէն աոաջ զիս ծերացուցին։

Ո՜հ, միեւնոյն տարուան մէջ երկու սրտահատորներս ալ յաւիտենականութեան անյատակ անդունդը գլորեցան, անծանօթ երկիր, ուրկէ ճամբորդի մը վերադարձը երբեք տեսնուած չէ, ինչպէս ըսուած է «Համլէթ»ի մէջ:

26 Մարտ

Հօրս զգացած վիշտը շատ խորին է. մէկ տարուան մէջ բոլորովին ծերացաւ, դրամական անձուկ վիճակն ալ աւելորդ հոգ մը: