օ Դարձեալ չկայ թմբուկի աղմուկ։ Կայ ամբողջական,անաղմուկ զօրակցութիւն:
Ուրեմն Արմանտը կ'երգէ բնութիւնը, անձնական վիշտեր, հայրենիք և միաժամանակ պարզ աշխատաւորը։ Բոլոր նիւթերու համար, իր գործիքը սրինգն է։
6.-ՏԱՐԵՐԱՅԻՆ
Այս բաժինին մէջ, Արմանտ բանաստեղծը երբ կը խօսի «Ազատութեան» մասին, կ'ըսէ.— Արձագանքն ես դու իմ արեան»:
Որպիսի՜ ջերմ զգացողութիւն, որուն կը հաւատանք անպայման :
Իսկ խօսելով թուրքին մասին, բանաստեղծը մութին կը նմանցնէ զայն։
Արմանտէն աւելի քան դար մը առաջ Վիքթոր Հիւկոն գրած է.
- Թուրքն է անցեր այստեղէն։ Ամէն կողմ սուգ ու աւեր։
Բանաստեղծը կ'ուզէ փշրել անարդարութիւնը, ու կ'ըսէ թէ՝ մեր համբերութիւնը նման է Արարատ սարի համբերութեան, և լռութիւնը՝ այն լռութեան, որուն կը յաջորդէ փոթորիկը :
Արմանտի թիւով երեք՝ «Տարերային» քերթուածները ի յայտ կը բերեն մղկտացող հոգի մը, որուն սիրտին զարկերը կը տրոփեն բոլոր մարդոց համար, անանձնական սիրով մը, քանի, բանաստեղծը այս քերթուածներուն ըեդմէջէն տարօրէն կը բաղձայ մարդ արարածին երջանկութիւնը, բարօրութիւնը մեր երկիր մոլորակին վրայ: Բանաստեղծները բարիին ներկայացուցիչներն են այս չարացած աշխարհին մէջ, արևէն եկող ճառագայթներ՝ մթութիւնը հալածող։ Տեսէք թէ ինչ կ'ուզէ բանաստեղծ Արմանտ.