Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րուն մէջ, Հայ կղերը, որ գիտէ քարոզել քրիստոս, դարձաւ
նոր Ղեւոնդ Երէց ու կոչուեցաւ Գարեգին Յովսէփեանց։

Ու քարը դրուեցաւ քարէ վրայ, ու բարձրացաւ մեր
նոր շէնքը (նոր Հայաստանը, մեր հէնաւուրց երկրի մէկ
պատառէն վրայ, Մայէսեան առաւօտ մը, Նոյեմբերեան
արեւածագով, վեց դարերու ստրկութենէն ետք:

Ինչպէ՞ս գրել, ինչպէ՞ս չգրել, երկի՛ր, այդ բոլորէն
մասին...

Բայց ահա վերցուցած գրիչ, չողերուդ լոյսին տակ,
օտար աստղերու տակ, օրուան մէջ քսանչորս ժամ քու
մասիդ մտածելով, երկէ՛ր, վաթսունամևակի այս տօնական
օրերուդ ես պիտի գրեմ, կը գրեմ այն զաւակներուդ
մասին, որոնց ծանօթացայ հողիդ վրայ... Անոնք, գրող
եւ արուեստագէտ, թէեւ արդէն միացան մեր մեծ մեռելներու
կարաւանին, բայց կը շարունակեն ապրիլ մեզի հետ,
իրենց շունչով ու գործով:

Պիտի խօսիմ բոլորին մասին առանց հերթականութեան:

Ահա՛ կը սկսիմ: