Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/159

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սակայն թաքսի մը փնտռեցինք: Գտանք քիչ մը ուշացումով
եւ տուինք Փափազեանի հասցէն:

Երբ կամարէն ներս մտանք, Վարպետի շէնքին
մուտքին առջեւ հանդիպեցանք շտապ օգնութեան մեքենայի
մը: Վատ նախազգացում մը պաշարեց մեզ: Շտապ
օգնութեան մեքենան վարպետի՞ն համար եկած էր արդեօք:
Անմիջապէս հարգուցինք վարորդին, մեծ բան կորսնցնելու
վախը ապրող մէկու, մը նման: Ափսոս, մեր ենթադրութիւնը
ճիշդ էր: Տակաւին քանի մը վայրկեան
առաջ խօսած էինք իրեն հետ: Ձայնը հիւանդի ձայն չէր...
այսքան արագ ի՞նչ պատահած կրնար ըլլալ: Երբ կանչւած
էր շտապ օգնութիւնը: Ե՞րբ բժիշկները հասած էին
շէնքին վերի յարկը: Բայց տնտնալու ատենը չէր: Կիտանեանն
ու ես աստիճաններէն թռիչքաձեւ բարձրանալով հեւասպառ
կանգ առինք Վարպետին դրան առջեւ: Մեր սիրտերուն
զարկը կը յիշեցնէր ազատութենէ նոր զրկուած ու
վանդակ դրուած թռչունի մը սիրտին տրոփումները:
Դրան առջեւ մեզ կեցուցին: Թոյլ չտուին որ ներս մտնենք:
Ա՜ռ քեզ նոր փորձանք: Վարպետին վիճակը ծանր Է: Սիրտի
տագնապ:

— Մրգելւում է իր մօտ լինել:

— Բայց մենք բժիշկներ ենք, - կը բացատրէ Կիտանեան,—
քիչ առաջ հեռախօսով կապուեցանք Վարպետին
հետ ու իր համաձայնութեամբ է որ հիմա հոս ենք:

Բժիշկ բառը գործեց իր ազդեցութիւնը: Քիչ մըն ալ
մեր ձայնը: Սկսած էինք գրեթէ պոռալ ներս մտնելու համար,
Փափազեանը լսած էր աղմուկը, հասկցած էր եկողներուն
սփիւռքահայ ուսանոցներ ըլլալը եւ ինքն ալ իր
կարգին ձայն կու տար.

— Ծօ ձեզի կըսեմ, թողուցէք այդ տղաները, այդ
տղաները շոճուխներս են, Հալէպէն կուգան, թողուցէք
կըսեմ, ախմախներ, չէ՞ք հասկնար, անոնք Հալէպէն կու
գան: Հալէ՜պ, Հալէպ, դուք չէք գիտեր ի՛նչ ըսել է Հալէպ...

Մինչ այդ պատասխանատու բժիշկը մօտեցաւ մեզի.