Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տղամարդու ձայն մը զգաստութեան հրաւիրեց ներկաները.

— ԵրեխԷք, թէ որ էսպէս գնայ, Կիրակին այս տան
մէջ կարող ենք անց կագնել։ Դե՜հ, ոտքի՛, գնացի՜նք,
մարշ...

Առաջարկեցին ինծի, որ միանամ իրենց։

Ես ալեկոծութիւն մը կ՚ապրէի։ Տարիներ խտացած
էին տասնեակ մը վայրկեաններու մէջ, կեռային: Խտացած
շոգին ելք մը կը փնտռէր։ Կոկորդս սեղմուած էր։
Աչքերս լեցուած էին: Կրցայ միայն ցտեսութիւն մը ըսել
եւ Չարենցի ել ու մուտէն մաշած աստիճաներէն վազելով
իջայ վար, որպԷսզի տխրութիւնս Երեւանին պատմեմ,
ու պարպուիմ։ Միայն Երեւանը, որպէս քաղաքամայր ու
մայր կրնար սփոփել զիս: Տխրութիւնս Անդրանիկին համար
էր։ Անդրանիկին համար էր նաեւ ուրախութիւնս:
Տխրութիւնս կուգար իր բացակայութենէն: Ուրախութիւնս՝
իր գտած ընդունելութենէն: Ուրեմն մեր հալէպցի
Անդրանիկը, Արաբին եալէյլին երգող Անդրանիկը, այստեղ
Երեւանի մէջ, ոչ միայն գերեզման մը ունէր որպէս
անցեալի յուշ, այլեւ սերունդի մը սիրտը: Սերունդ մը, որ
արդէն առաջնորդողի դեր ունէր մեր երկրին ներս։

Այդ Կիրակի, Անդրանիկին հետ թեւանցուկ պտտեցայ
Երեւանի փողոցներուն մէջ։ Ջերմացայ իր յիշատակով:
Անցորդները ինչպէ՞ս իմանային թէ ես իրենց ինչու
կը ժպտէի անօրինակ ժպիտով մը, ինչպէ՞ս իմանային
անոնք թէ ժպիտիս մէջ կային շողեր թերզեանէն, միտքեր
թերզեանէն, երգեր Թերզեանէն: