Քնարական իր տաք շունչը հասած էր մեզի, ու մենք,
Մելգոնեանցի տղաք, Կիպրոսի Մակարայ վանքի բարձունքին,
անտառներու մէջ, լուսնկայ գիշերներով կարտասանէինք
«Գիւլնարա»ն, «Հազար Շեփոր»ը, «Ծխախոտ»ը:
Գաղտնի ծխող տղաք կային, որոնք կը սիրէին արտասանել
Սարեանէն.
— Ծխախոտ, այրւում ես ինքդ քեզ
Ինչպէս ես, ինչպէս ես,
Տես լուցքին վառեց շրթներդ,
Շիկնեցիր, ինչպէս ես։
Կը վառէին այդ տղաքը իրենց գլանիկները ու կարտասանէին.