Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/193

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծելով թռչնաչափ տնակ մը: Այդ տնակին ծածկը հողի
բունծն էր, կռթնած ճկուն ձողիկի մը: Տնակէն ներս՝ քիչ
մը ցորեն: Ատիկա հրաւէր—խայծ էր թռչունին համար:

Թեւաւորը կու գար կտցահարէլու ցորենը, ցօղունը
կը թեքուէր, թռչնիկը կը մնար իր վրայ փակուող հողի
կոշտուկին տակ: Մեծ—հայրիկս նման թակարդներ կը
պատրաստէր տասնեակներով, իսկ մենք, երախաներս,
օրը քանի մը անգամ կը հաւաքէինք թակարդն է ինկած
թռչնիկները:

Օր մր, մեծ—հայրս թունդ հայհոյեց: Պատճա՞ռը:
Ձեռքը զգուշութեամբ երկարեց բունծին տակէն թռչունը
ողջ—առողջ բռնելու համար, եւ յանկարծ, ձեռքին դպաւ
պաղ բան մը, որ ցատկեց մեծ—հօրս ափին մէջէն։ Մեծ–
հայրս սարսռաց: Ի՞նչ տեսնեմ, գորտ մըն էր...

Անանեանին մեծ գոհունակութիւն պատճառեց այս
պատմութիւնը:

— Ինձ հետաքրքրում է կաքաւի որսորդութիւնը, —
պահանջեց:

— Ձւնոտ օր մը, մեծ—հայրս ձիու պոչի մազերով
շրջանակաձեւ օղակներ կամրացնէր փայտէկներու վրայ:
Կաքաւ որսալու յատուկ թակարդ մըն էր պատրաստածը:
Մեծ—հայրս այդպիսի հարիւրաւոր օղակներ ամրացուց
փայտէ սուրսայր ձողիկներու վրայ: Ու միասին գացինք
որսի: Փայտիկերը խրեցինք թաց գետնին մէջդ ընդարձակ
տարածութեան մը վրայ: Ցորեն շաղ տուինք օղակներուն
մէջն ու շուրջը: Սպասեցինք կաքաւներու երամներուն
յայտնուելուն: Եկան վերջապէս: Իրենց տոտիւկներով մտան
օղակներու մէջ, բայց երբ թռչիլ փորձեցին, օղակները
ամրացան անոնց կարմիր տոտիկներուն շուրջ եւ համատարած
ձիւնէ մէջ կարծէք այդ տոտիկները առաւել
կարմրեցան: Մեծ—հայրս ելաւ զանոնք հաւաքելու։ Մեծ
էր թիւը ոտնակապերու մէջ ինկած կաքաւներուն: Եւ յանկարծ,
ո՜վ զարմանքդ կաքաւները անցան խմբական թռիչքի ու
քանի մը տասնեակ քառակուսի մեթր տարածութիւն
գրաւող թակարդները, որոնք պատրաստուած էին
ձիու պոչի անքակտելի մազերով, տարին իրենց հետ երկինքն
է վեր: