Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/195

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րորջ Հայաստանի համար, բովանդակ Հայ ժողովուրդին
համար:

Հայաստանը երկիրով մէկ պիտի նշէր դարադարձները
իր մեծ զաւակներուն, անկրկնելի կոմիտասին, Ամենայն
Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին, մեծ
երգիծաբան՝ Երուանդ Օտեանին:

Առաջին երկուքին Համար, պետութիւն եւ մտաւորականութիւն,
լարելով իրենց բոլոր ոյժերը, Համաժողովրդային
տօնահանդէսներու վերածեցին յոբելեանները:
Արտասահմանէն, հեռաւոր Ամերիկաներէն բազմաթիւ
գրողներ, մտաւորականներ, Հայ, թէ օտար, եկան մասնակցելու
մեր յորդագեղ ուրախութիւններուն։

Արժան եւ իրաւ:

Ամէն Հայ հպարտ էր եղածով, երբ մանաւանդ Հանդիսութիւնները
կը կատարուէին ծովածաւալ բազմութիւններու
ներկայութեան։

Կը յիշեմ՝ Սայեաթ Նովայի 250–ամեակն ալ անցեր
էր այդպէս փառաւոր: 1963–ին էր։ Մինչեւ հեռաւոր Չիլիէն,
Փապլօ Ներուտայի բարեկամ՝ Նիկանոր Փարրան եկեր
էր Երեւան ու ընդհանուր խանդավառութեան մէջ յայտարարեր
էր բարձրագոչ.

— Եթէ ինծի Հարցնեն, թէ Չիլիէն ետք, ո՞ր երկիրը
կուզես ընտրել քեզի որպէս Հայրենիք, ես անվարան կը
պատասխանեմ՝ Սայեաթ Նովայի ժողովուրդին Հայրենիքը՝
Հայաստանը...

Սայեաթ Նովայի յոբելեանը նախափորձ կարելի էր
նկատել այն տօնակատարութեան մօտ, որ նուիրուեցաւ
մեծ Լոռեցիին։

Հայ Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ նշեցին նաեւ
յոբելեանը Երուանդ Օտեանին։

Յոբելեանին յաջորդող օրերէն մէկը, գացի Վախթանգ
Անանեանի մօտ, Հայ մարդու բողոքս ներկայացնելու
եղածին համար:

Տրամադրութիւնս տեղը չէր։ Անանեանը որսաց
ատիկա անմիջապէս:

— Ի՞նչ է պատահել, Մարութայ ամպեր կան գլխավերեւդ...