Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/207

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Դաշնակցութիւնը քեզ «Յուսաբեր»ի մէջ կը գովէ... ինչ
կայ ասոր տակը...»:

— Եթէ գիտնայի այդ օրերուն, թէ շուտով դուք
հայրենիք պիտի գայիք, կը պատասխանէի. «Ասոր տակը
այն կայ, որ շուտով Բեգլարը պիտի գայ Հայաստան»:

— Նոյնիսկ ես չէի գիտեր, այդ օրերուն, թէ շուտով
Հայաստան պիտի գամ:

Երեքով խնդացինք, մեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը
գրաւելու աստիճան:

Անկէ ետք, ատենը անգամ մը, Բեգլարին քով կերթայի,
ու կը խօսէինք հինէն ու նորէն: Խանդավառուած
էր։ Զինք հրաւիրած էին մաս կազմելու հայկական Հանրագիտարանի
խմբագրութեան: Տիկինը կաշխատէր արդէն
Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ, որպէս անգլերէն
լեզուի դասատու:

Գրող բարեկամներէս մէկը, բնիկ Ղարաբաղցի,
ըսած էր Բեգլարին, թէ կանգուն է այն տունը, ուր ծնած
է Բեգլար, Ղարաբաղի մէջ: Եւ թէ այդ տունը, հիմա,
հանրակացարան է։

Յազուած էր Բեգլար, եւ կը պատրաստուէր մօտ
ատենէն երթալ տեսնել այն տունը, ուր ինք ծնած էր։

Օր մը, չես գիտեր ինչպէս, չգային նոպայի մը թելադրանքով
Բեգլար կուղղուի Արմենիա հիւրանոցի իր
ապրած յարկաբաժինին պատշգամը, ուրկէ կը փորձէ
ինքզինք վար նետել գահավէժ:

Նոյն յարկին վրայ աշխատող, Պէյրութէն հայբենադարձ
տղայ մը կը փութայ օգնութեան, եւ գերմարդկային
ճիգեր թափելէ ետք, կը յաջողի Բեգլարը զսպել եւ
պատշգամին միւս կողմը անցած ոտքը ներս բերել։ Տեղի
կունենայ կատաղի «մենամարտ»: Հայրենադարձ տղան կը
յաղթէ մահուան, բայց կը մնայ արիւն—քրտինքի մէջ:

Ամիսներ ետք, բարեկամի մը տունին մէջ, հանդիպեցայ
այդ տղուն. երբ կը պատմէր այդ դէպքի մասին,
կը դողար եւ դէմքը մեղրամոմի գոյն կը ստանար: