Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/231

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Ես այլեւս ձեզի հետ չեմ...

Չափեցէ՜ք եթէ կրնաք, ճամբաները որ եղան այս
հայ ուսուցիչինը, Ցղնայէն մինչեւ Պեռլին, եւ ապա Նիկոսիա,
Պէյրութ, Երեւան... Բայց հայու ճակատագիրը
կը հալածէր զինք. կարճ տեւեր իր երջանկութիւնը՝ հայրենի
հողին վրայ. օթոպիւսի արկած մը զինք տնկողին
նետեր, ու շատ չանցած՝ յաւիտենապէս փակեր աչքերը
հայրենի երկինքին տակ:

Տասնեակներով Մելգոնեանցիներ հաւաքուած էինք
իր դագաղին շուրջ: Բոլորս՝ իր աշակերտները։ Մեր մէջ
կային տղաք հասած վաթսունի: Եւ հոն, բոլորս միասին
փորձեցինք երգել այն սքանչելի շարականները, չորս մեզի
սորվեցուցած էր ինք օր մը Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան
մէջ.

Հասանք Թոխմախ Կէօլի գերեզմանատունը, հայրենական
հողին յանձնելու համար յոգնաբեկ աճիւնները մեր
թանկագին դաստիարակին։ նախապէս, որոշեցինք, որ
բոլորիս անունով քանի մը խօսք ըսի աւագ Մելգոնեանցի,
ծանօթ թարգմանիչ Հրաչ Պուճիքանեանը։ Բայց ահա
Հրաչը՝ յուզումնաբեկ՝ մօտեցաւ ինծի դողդոջուն ձայնով
մը ըսելու համար.

— Թորոս, սիրելիս, այնքա՜ն յուզուած եմ որ ես
պիտի չկարենամ խօսիլ, դուն խօսէ, կաղաչե՜մ...

Ինծի վիճակուեցաւ երկու խօսք ընելու դառն պարտականութիւնը:

Ապրուած ութսունհինգ տարիներու համար երկո՞ւ
խօսք:

Դոկտոր Մելքոն Քրիշչեան ապրեցաւ միայն ու
միայն իր հայրենիքին համար. հայրենասիրութեան սերմեր
ցանելով իր հազարաւոր աշակերտներուն սիրտերուն
մէջ.

Բայց դուն պեմուրազ չգացիր, սիրելի՛, անմոռաց
ուսուցիչ։