Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/250

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄԻՆԱՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ


Ճաճուռին շատ մօտիկ տեղ մը, Լենինականի մէջ
ծանօթացայ այս տաղանդաշատ գեղանկարիչին։

Յակոբ Յակոբեանի բնակարանին մէջ էր։ Նստած՝
կը կատակէին Յակոբին մօրը հետ: Յակոբեաններու
տանէրը նոր էր եկեր Եգիպտոսէն։ Ու ահա դրացի մը կը
մօտենայ Յակոբին մօրը եւ հարց կու տայ.

— Ո՞նց ես, մայրիկ, սիրո՞ւմ ես Հայրենիքը, ո՞նց
ես ապրում։

Յակոբին մայրը, որ ծնած է Կիլիկիոյ Այնթապ
քաղաքին մէջ ու տեսած ջարդ ու տարագրութիւն, ի վեջոյ
հասած Եգիպտոս, անկէ ալ Հայաստան, կը փորձէ արեւե—