Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/287

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է


Ընթերցո՛ղ, ծանօթ կամ անծանօթ, Մայր Երկրին մէջ թէ արտասահմանի,
ուր այ ըլլաս, եղբայրս ես դուն։ Ուր ալ ըլլաս, գիտեմ, կը
պաշտես Մասիսը, Երեւանը, ինծի պէս։ Ուր ալ ըլլաս, աստուածավախ
կամ անհաւատ, հաւատք մը ունիս գիտեմ, այդ մեր Հայրենիքն է, մեր
«Նայիրեան դալար բարդի»ն։ Ուր ալ ըլլաս, գիտեմ, ինծի հետ բաժակ
պիտի բարձրացնես, այս տարի, մեր Նոյեմբերեան Հայաստանի Վաթսունամեակին
կենացը, որովհետեւ գիտեմ, հասած ես այն հասունութեան
եւ կը հաւատաս թէ առանց հողի չկանք մենք, պարզապէս չկանք։
Եւ սակայն ունինք այդ հողը։ Այսօր՝ այդ հողը փոքր է, բայց
կայ, կը մնայ, կը շէննայ, կը բարձրանա՛յ երեք միլիոն հայ բազուկներու
անսպառ ուժին շնորհիւ։
Ընթերցո՛ղ, իմ եղբայր, իմ քոյր,
«Ես գրեցի այս գիրքը հայրենի այն մտաւորականներուն մասին,
որոնց հետ, հեռուէն կամ մօտէն կապ հաստատած էի Երեւանի իմ
ուսանողութեանս եօթ տարիներուն։
Անոնք, այդ գրողները, բժիշկները, դասախօսները, նկարիչները,
բոլորն ալ չկան այսօր։ Բայց բոլորս ալ գիտենք, թէ ոչինչ կը կորսուի
այս մոլորակին վրայ։
Անոնք, իմ ընկերներս, քո՛ւ հարազատներդ, գացին, բայց մեկնելէ
առաջ եւ ետք աշխատեցան ու կաշխատին իրենց գործով եւ անունով
այն երկրին համար, որուն Յարութեան Վաթսունամեակը կը նշենք
այսօր։
Այդ երկիրը, Խորհրդային Հայաստանը, այս բոլոր տղոց բան մը
կը պարտի։ Վաթսունամեայ Հայաստանը իր առաւել ճառագումին համար,
իր առաւել հզօրացումին եւ առաւել շքեղացումին մէջ՝ անպայման
բա՛ն մը կը պարտի անոնց։
Կը պարտի գիծ մը, կը պարտի գոյն մը, կը պարտի խազ մը։
Շահնուրն է ըսողը. Եթէ հայը տուած ըլլար մէկ մեծութիւն,