Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

3
ՎԱՀՐԱՄ ԱԼԱԶԱՆ


1963 թուականի Մայիսին Իսթանպուլ–Սոֆիա—Մոսկուա—
Երեւան հազարաւոր քիլոմեթրի հասնող ճամբան ես
կարեցի շոգեկառքով եւ առաջին անգամ ոտքս դրի պապերուս
հողին վրայ։

Կուրծքիս տակ անպատմելի ուրախութիւն մը կար:
Ամէն ինչ նոր էր ինծի համար: Ամէն ինչի կը նայէի մանուկի
աչքերով: Ուրեմն Հայաստանի մէջ էի: Արշակ
Երկրորդի պէս զօրացած՛ կը զգայի ես զէս՝ կոխելով մեր
զարաւոր հողին վրայ: Հպարտութիւն մը, երկիր ունենալու
հպարտութիւնը կարծէք հասակս բարձրացուցած էր: