Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/33

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեղծը իր հոյլ մը ընկերներով կը փորձէր անկարէլին՝ Հայ
գրականութեան նոր յառաջընթաց մը ստեղծելու համար:
Երեւանէն մինչեւ Փարիզ այս վազքին մէջն էր ան:

Իր ճիգը մէկ ձգտում ունէր՝ ծառայել Հայրենիքին։

Կորովի այս մարդը, իր երկրին անմնացորդ նուիրւած
այս մարդը, պիտի ճաշակէր դառնութիւնը հեռաւոր
Սիպերիոյ սառնամանիքներուն, ու վերադառնալով Երեւան,
տակաւին իր մէջ պիտի գտնէր մաս մը անթեղուած
հին կորովէն, գրելու համար «Հիւսիսային Աստղ» վէպը
եւ բազմաթիւ բանաստեզծութիւններ:

Մարոյ Մարգարեանը ինծի կըսէր թէ Վահրամ
Ալազանը ծանր հիւանգ է եւ մեր այցելութիւնը կրնայ
կազդուրիչ ազգեցութիւն մը թողուլ իր վրայ:

Գացինք Քիեւեան պողոտային վրայ գտնուող իր
բնակարանը։ Ճամբան, ծաղիկ գներ էինք։

Երբ ներս մտանք, պառկած գտանք Ալազանը մահճակալին։
Ըսին իրեն թէ եկողը Մարոն է։ Ուղղուեցաւ քիչ
մը, եթէ այդ շարժումը կարելի է կոչել ուղղուիլ: Անցուց
հաստ ակնոցները քթի սապատին եւ հազիւ լսելի ձայնով
մը, որ կարծէք կու գար հեռուներէ, ըսաւ.

— Հ՜ը, Մարոյ ջան, այդ դո՞ւ ես, բարով ես եկել։
Դու, մեզ, ծերերիս չես մոռանում։

Մարոն, ինչպէս ինք ունի գաղտնիքը միշտ, դեռատի
աղջնակի ժպիտով մօտեցաւ Ալազանի մահճակալին
ու փսփսաց բանաստեղծի ականջին.

— Վարպե՛տ, մի տեսէք, ո՛ւմ եմ բերել ձեզ, Թորոս
Թորանեանը, սփիւռքից։

Յաջորգ վայրկեաններու զրոյցը ինծի համար զարմանալի
էր։ Ալազանը, արդէն կարելի է ըսել ուղղուեցաւ
կիսանստողի դիրք մը ընդունելով, ակնոցը ուղղեց,
երկար նայեցաւ ինծի ու ըսաւ.

— Երիաասարդ, ձեր անունը ծանօթ է ինձ։ Դուք
Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ից էք: Հանդիպել եմ ձեր
մի քանի բանաստեղծութիւններին ու յօդուածներին: Գիտեմ,
դժուար ճանապարհ էք ընտրել։ Լինել հասարակական
եւ գրական աշխատող այն էլ Սփիւռքի պայմաններում,
տանջալի գործ է։ Ես տեղեակ եմ Փարիզի հայ կեան–