Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պարզապէս բազրիքներէ կախուած են մինչեւ դուրս, փողոցի
դրան առջեւ:

Տառացիօրէն այս է պատկերը:

Նիւթը՝ Սայեաթ Նովան: Ընդդիմախօսը Մօրուս
Հասրաթեան։ Կարծէք եկեղեցիի մէջ ենք։ Համատարած
լռութիւն մը փռած է իր թեւերը մինչեւ շէնքին յետին
անկիւնները: Ու յանկարծ, կարծէր խորանէն փոխանցուած
«Ողջոյն տուր միմեանց», բերնէ—բերան կը հասնին Պարոյրին
խօսրերը — այսպէս ըսաւ, այնպէս ըսաւ... Ալիքը
Կը հասնի փողոցի դրան առջեւ խեղճօրէն կանգնածներուս:
Անիծեալ թրամվայներն ալ այնքան կաղմկեն կարմիր
Բանակի փողոցին վրայ, որ մերթ ընդ մերթ վերէն մեզի
փոխանցուած խօսքը կը կորսուի ձայներու մէջ եւ քիչ կը
մնայ որ հայհոյեմ հանրակառքը ստեղծողին...

Արդեօր, աշխարհի վրայ որեւէ տեղ, ոեւէ գիտական
աստիճան պաշտպանող, արռանացա՞ծ է այսպիսի
ջերմ, միահամուռ համակրանքի։ Կը կասկածիմ: Սայեաթ
Նովային համար եկած էին մարդիկ Պարոյր Սեւակին,
թէ՝ Մօրուս Հասրաթեանին:

Ես դուրսն եմ, չեմ տեսներ բեմին վրայ կատարւածը,
բայց ահա կաշխատին «անթել—բերան—հեռախօսները»
ու լուրը բեմէն կը փոխանցուի փողոց.— Մօրուս
Հասրաթեանը, որ Պարոյրի դասախօսն է եղած, եւ
այս պաշտպանութեան ընդդիմախօսն է, արցունքները
դռուար զսպելով կը յայտարարէ.

— Կուզենայիր, շա՛տ կուզենայի, որ ամէն ուսանող
յաղթէր իր դասախօսին: Ես ընդդիմախօսն եմ իմ ուսանողի
ու ահա այս բազմութեան առաջ, ես ինձ յայտարարում
եմ պարտուած: Օրուան յաղթականը Պարոյրն է:
— Եւ Պրոֆ. Հասրաթեանը կը համբուրէ Պարոյրի ճակատը
ու անոր պաշտպանած թէզին համար ոչ թէ թեկնածուի,
այլ դոկտորական աստիճան կը պահանջէ:

Բոլոր ներկաները կը պահանջեն — տալ դոկտորական
արժի մի քանի դոկտորական...