Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/99

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ո՛վ կըսէ թէ այս փողոցէն անցած է ձիաքարշ հանրակառք:
Միայն նկարներու մէջ է որ տեսած՛ եմ ատիկա:
Հիմա, նոյնիսկ ինքնաշարժներու երթեւեկը արգիլուած Է
այս փողոցէն: Ամբողջ փողոցը, մանաւանդ երեկոները կը
լեցուէ երեւանցիներով: Յատկապէս՝ երիտասարդներով:

Ահա կիջնէի նոյն փողոցն ի վար, մտածելով հին
օրերու մասին, երբ մէկը յանկարծ՛ թեւս մտաւ: Դարձայ:
Մօրուս Հասրաթեանն էր:

— Անիրա՜ւ, քանի օր է եկել ես ու մինչեւ այս ժամը
չես հանդիպել ինձ: Հա՜, երեւի մարդկանց համարակալում
ես ըստ արժէքի: Ծերունի Հասրաթեանին կարելի է
հանդիպել եւ վարքին օրը:

— Երդում չեմ ըներ, ընկե՛ր Հասրաթեան, բայց
հաւատացէք որ ձեր մօտ կուգայի մտածելով Աճառեանի,
Չարենցի ու Ղարաբալայի մասին:

— Երեւի, ըստ քեզի, ընտրել ես երեք մեծերին:
Այո՛, այո՛, Երեւանը, ու յատկապէս այս փողոցը շատ
յուշեր ունեն պահած այդ երեք, ու կարելի է ասել տասնեակ
երեք տարբեր դէմքերի մասին, որոնք գնացի՜ն...

Թեւանցուկ հասանք Պրոֆ. Հասրաթեանի պաշտօնատեղին:

Մեզ դիմաւորեց Տիկին Գոհար Ազնաւուրեանը,
թանգարանի ժրաջան աշխատակցուհին: Ճիշդ մարդը,
ճիշդ պաշտօնի վրայ: Մեր գրականութեան եւ մշակոյթին
իրաւ սիրահար մը, որ տիւ ու գիշեր նամակներու անձրեւ
կը տեղացնէ դէպի Սփիւռք, կարենալ ունենալու համար
երախտաշատ արեւմտահայ գրողներու եւ մտաւորականներու
նամակները, յուշելը, գիրքերը, նկարները: Իրմով,
իր ջանքերով ազատութեան ափ հասած են գործեր, որոնք
դատապարտուած էին այլապէս կորուստի եւ իրենց հետ
անհետ կրնային տարած ըլլալ թանկագին ժամանակաշրջան
մը եւ թանկագին մարդեր լուսարձակի տակ դնող բացում
թաստաթուղթեր:

Մեղուն ալ իր մեղրը այսպէս կը պատրաստէ:

Կը գտնուինք Մօրուս Հասրաթեանին յատկացուած
սենեակին մէջ: Կը նստի: Սիրտը հանգիստ չէ: Ի՜նչպէս
հանգիստ ըլլայ վեց տասնամեակի վրայ տարածուող