Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԺԶ

բաալեան չդարձաւ այն հմուտը, որ կուզէր ըլլալ եւ լիովին չիրագործեց իր մէջ պոէտի խառնուածքը, որ առհաւական բերքն էր իր էութեան: Մնաց միշտ «տիլիթանթ», բայց հմտութեան տեսիլքը տեւական փորձութիւն մը եղաւ իրեն համար: Նախընտրեց ամբարելու վայելքը դասաւորելու եւ արտադրելու աշխատանքէն։ Մասնաւորաբար վերջին տարիներու գրութիւնները լեցուն են հմուտներու եւ հմտութեան տեսակ մը թախծոտ եւ միաժամանակ համակերպած կարօտով։ Հմուտներու համար չեմ գրած, կրսէ ես չեմ կրնար անոնց օգտակար ըլլալ, բայց անտեղեակ մարդիկ կրնան օգտուիլ ինձմէ: Միայն համեստութիւնը չէ այս խօսքերը ըսել տուողը, Աղբալեան շատ մեծ կարծիք ունէր հմտութեան մասին: Սակայն չէր ուզեր ըսել թէ շատ մը «տեզեակներ» ու ալ կրնար օգտակար ըլլալ իր քննադատական վաստակով:

Բ.

Աղբալեան իր ուրոյն տեսակէտը ունի կեանքի եւ աշխարհի մասին, իր սեփական «աշխարհիմացութիւնը», ինչպէս ինք կըսէ: Անհրաժեշտ է տեղեակ ըլլալ այս տեսակէտին՝ աւելի խոր ըմբռնելու համար իր գաղափարները՝ Արուեստի մասին առհասարակ եւ գրականութեան մասին յատկապէս: Որ եւ Է գրուածքի մէջ Աղբալեան չէ պարզած ձայն ամբողջական ձեւով, բայց մէկտեղելով իր հոս ու հոն գրուած պարագայական դատումները՝ կրնանք վերստեպծել տեսական համագրութիւն մը եւ հետեւիլ անոր հոլովոյթին՝ իր կեանքի եւ գործունէութեան երկայնքին:

Հիմնական գաղափարն ա՛յն է, թէ կեանքը ամբողջութիւն մըն է իրերամերժ երկու տարրերու՝ հաճոյք եւ տառապանք: «հաճոյքն ու տառապանքը կազմում են բեւեռներ եւ մէկին ձգտելն ու միւսից խուսափիլը՝ կեանքի առանցքը։ Վիշտն ու ծիծաղը, սեւն ու պիտակը ընկերանում են մարդուն օրօրոցից գերեզման. փոխւում են առիթներն ու դրդիչները։ (*)

1913ին արտայայտուած այս կարծիքը հոգեբանական գիտութիւններու որոշ ազդեցութիւնը կը մատնէ եւ հիմնովին տեսական հանգամանք ունի: Ընդհանրական Է իր պարզութեան մէջ եւ կը կազմէ անփոփոխ խորքը Աղբալեանի տարիներու ընթացքին հոլովոյթի ենթարկուող եւ կեանքի փորձով ծանրացող աշխարհայեացքին:

Կեանքի առանցքը ձգտում է դէպի հաճոյք եւ խուսափում՝ տառապանքէն: Բայց ի՞նչ է իմաստը կեանքին, ի՞նչ իմաստ պէտք է տալ անոր։ Հաճոյքը վաղանցուկ է եւ յագեցումը՝ անոր բնական վախճանը. տառապանքը աւելի խոր է ու տեւական եւ այս երկուքի անհաւասար համադրութիւնը՝ կեանքը անհեթեթ է իր իսկաթեւանը մէջ: Պէտք է իմաստաւորել անհեթեթ այս կեանքը, լիցք մը գտնել «ունայնութեան փոս»ին։ Աղբալեանի բոլոր ուսումնասիրութիւններուն, մասնաւորաբար ծերութեան տարիներու վերլուծումներուն կեդրոնական հարցը, հիմնական մտահոգութիւնը այս է. կեանքի իմաստաւորումը եւ զանազան հեղինակներու

(*) «Պատանի գրական ժողովածու»ի մասին գրուած գրախօսական «Հորիզոն», 1913 թիւ 14-15-17։