Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջարկն լուծումներուն քննութիւնը։ Երբեմն լուծում չէ առաջարկուած. Ազբալեան կը քննէ այն ատեն հեղինակի գիրքը կեանքի հանդէպ, անոք հոգեկան ապրումներուն ընթաքքը, կրած անկումներն ու արձանագրած վերելքները։ Բացայաճտորէն ի՛նքն ալ մտահոգ է միեւնոյն «կեանքի ցաւով», գոյութեան իմաստով։ Իաահակեանի, Շանթի, Մենուհիի, Մանուէլեանի եւ բոլոր միւս մեծ ու պզտիկ հեղինակներու վերլուծումը միամամանակ քննութիւնն է անոնց աշխարհիմացութեան եւ տուած պաագամին: Կ՚ըմբռնէ արուած բոլոր պատասխանները, բայց միշտ վերապահ է կարծես անոնց հանդէպ. ամբողջական եւ աեւական տարում չենք նկատեր այս կամ այն տեսակէտին։ Վայե՞լքը, սէ՞րն է հիմնական այն լիցքը, որ պետք է լեցնէ քէանքը, պայքա՞րը, «Հանրօգուտ տեւական աշխատա՞նքը»:

Երիտասարդութեան շրջանին, գոնէ տեսականօրէն լուծուած է հարցը Աղբալեանի համար, իր գործունէութեան ուղղութիւն տուող գաղափարական պայքարն ու իտէալր կու տան նաեւ կեանքի մասնաւոր ըմբռնում մը։ Ընկերվարական շարմումը, հանրութեան ծառայելու, մարդկութեան վերելքին նպաոաելու հրամայականը րնկերային իրենց արժէքին հետ՝կը ստանան նաեւ փիլիսոփայական իմաստ: Եսական նեղ շահն ու վայելքները չեն կրնար լեցնել կեանքը. պէտք է դուրս գալ անձնական ապրումներու սահմանափակ շրջանակէն եւ խանդավառօրէն գրկել համատարած կեանքը պայքարող հասարակութեան։

Այս դիրքորոշումը տեսականօրէն կը մնայ նոյնը մինչեւ Աղբալեանի կեանքին վերջը, քանի նոյնը կը մնան ընկերային իր համոզումները, բայց գործնականի մէջ զգալի է նուրբ շրջում մը, թեթեւ հատում մը։ Վերջին տարիներուն Աղրալեան կը գանուի «յանկոյս «էրէն ու պայքարէն». կեանքի բեռով հարուստ իր հոգին համակերպումի երանգներ ունի եւ տերվիշի հայեացք՝ կեանքի վրայ: Ինչ հոգին. Աղբալեան անձնատուր կ՚ըլլայ բարձր վայելքի մը ջերմութեան՝ ուրիշներու արտադրած արուեստի եւ գիտութեան գործերը վերլուծելու, անոնց հարստութիւնները ամբարելու եւ գեղեցկութիւնները ըմբոշխնելու վայելքին, միստիք մթնոլորտի մը մէջ։

Աշխարհիմացութեան մարդկային ճիգին մէջ մեծ դեր ունի արուեստը։ Աղբալեան չի փորձեր համապարփակ սահմանումը տալ արուեստին. գիտէ, որ ձեռընտու չէ բառերով սահմանել անոր էութիւնը եւ կը նախընտրէ արուեստի արտայայտութիւններն ու յատկանիշները վերլուծել, քան տեսական եւ պարտադրօրէն սահմանափակ բացատրութիւնը տալ փորձել։ Երկու անգամ, երեսուն աարի տարբերութեամբ, Աղբալեան կը յիշէ Տուրզենեւի նկատողութիւնը: Արուէստի մէջ «ինչ»ը չէ կարեւորը, այլ «ինչպես»ը։ (*) Ահա այս ինչպէսին է հետամուտ ինքը։

Աղբալեանի համար արուեստագէտը տեսանող մըն է, որմէ մենք «իրաւունք ունինք պահանջելու մեր ներքին մութի լուսաւորումը» ուրեմն արուեստի յասքանիշներէն

(*) «Աշնուտ»ի գրախօսական «Հորիզոն», 1912. թիւ 288 եւ «Հին Աատուածներ»ու ներկայացումի տեղեկատուութիւն «Ակօս», 1944 Բ. գիրք