նիլ միշտ միեւնոյն սկզբունքներով(*):
Քննադատի գլխաւոր առաքինութիւնը արդարութիւնը պէտք է ըլլայ, ան կրնայ իր սեփական համոզումներն ունենալ, իր «հաւատամք»ը ինչպէս ինք կ՝ըսէ, բայց պէտք է գիտնայ նաեւ հասկնալ հեղինակի՛ համոզումներն եւ երկի ներքին բոլոր յատկանիշները. «Արուեստի գործը պիտի դատուի ե՚ւ ինքն իր մէջ, ե'կ մեր հաւատամքին համեմատ. մէկը միւսին չէ խանգարում, եթէ մարդ կարողանայ երկու կողմից էլ արդարամիտ դատաստան անել» (**):
Քննադատի աւագ պարտականութիւնն է մեկնել հեղինակի գործը, զայն վերապրելով. այս ձեւով ան կը նպաստէ ո՛չ միայն երկի շիտակ ու խոր ըմբըռնումին, այլ անոր արժեւորումին, որովհետեւ «արուեստի ամէն մի գործ մեկնութեամբ ու վերապրումով է մեծանում» (***):
Արուեստի պատգամախօս, հանրային ճաշակի կրթիչ եւ գրական երկերու մեկնաբան ու վերլուծող՝ քննադատ Աղբալեանը միեւնոյն քարացած մեթոտը չի կիրարկեր միշտ։ Միեւնոյն սկզբունքներով, բայց պարագային ու հետապնդուած նպատակին համաձայն՝ կը փոխուի մօտեցումին ձեւը, խորացումի աստիճանը, դատումի չափանիշը. յայտնաբերողը չի գրեր գրախօսին պէս ոչ ալ կենսագիրը դասախօսին նման։
Աղբալեանի խառնուածքին ամենէն աւելի յարմարող եւ իր անունը պատմութեան յանձնողը յայանաբերողի դերն է: Մեր նորագոյն գրականութեան ամենէն վաւերական դէմքերը Աղբալեանին կը պարտին իրենց արդար արժէքի գնահատումը։ Աւ. Իսահակեանի, Վ. Տէրեանի, Ե. Չարենցի, Դ. Դէմիրճեանի, Ս. Զօրեանի եւ Ժագ Յակոբեանի անունները անքակտելիօրէն կապուած են իր անունին եւ գրականութեան պատմութեան ընդմէջէն իրեց փառքին հետ դարերուն պիտի յանձնեն նաեւ նիկոլ Աղբալեանի յայտնատեսի հռչակը։ Իսկ Շանթի եւ Յովհ. Թումանեանի նման գրողներու երկերը տեւական լոյսով մը պայծառացած պիտի երեւին՝ Աղբալեանի մեկնութիւններուն պաաճառով:
Յայտնաբերող Աղբալեանի առաջին հակազդեցութիւնը խանդավառ հիացումն է, «Այսպէս ոչ ոք չի գրում եւ չի գրել, այսպէս ոչ ոք չի զգացել ու արտայայտել» կը բացականչէ Իսահակեանի «Երգեր ու Վէրքեր»ը ներկայացնելու ատեն։ Բայց հիացումը չի մթագնել իր դատողութիւնը. սիսթեմաթիք վերլուծումով, փաստերու լոյսին տակ, կը քննէ հեղինակի արժանիքներն ու թերութիւնները, օրինակնեով կը հաստատէ իր գնահատումը։ Կը ցուցնէ թէ երկը ինչ ժառանգութիւն կը բերէ իր հետ ի՛նչ նորութեամբ կը յատկանշուի։ Մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ անոր ուշագրաւ կազմերը։ Գեղագէտի իր զգայարանքին ու դատողութեան գոհացում տուող հեղինակը ապահովուած է այլեւս ապագայի
(*) Տեսնել «Մի նկատողութիւն» — «Մուրն», 1898, թիւ 12։
(**) Գրական ասուլիսներ Ա. — «Հորիզոն», 1913, թիւ 105:
(***) «Քաջ Նազար»ի արդէն յիշուած ուսումնասիրութիւն։