Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/117

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՎաՀրամին հեռախօսին թողած աղդեցութիւնր վրաս:

Մտիկ մի ըներ, ըսաւ Ծաոուկեան, անմիջապէս գրէ, Մավեանին ըրածը ի՜°նչ էր որ։ Նոյնը չէ^ր։ Մի լսեր զինք, գրէ։

Օր մը պիտի գրեմ։

Օր մը էրեւան էի։ Ոսկեծայր գրիչ մը բերած էր ինծի նուէր։ Վահրամ, ըսի, ոլրիշի մը տուր, աւելի յարգի կիըայ։ Ես ունիմ։ Չունեցողի մը տուր։ Ծօ*, խայտ առակ, ըսաւ, գիտեմ ոսկի գրիչ ունիս, մի մեծամտանար, թող ԸԱԼսյ երկու։ Ուրիշներն ալ թող իրենց մասին մտածէն։ Ասիկա ուղղակի քեղի համար րնտրած եմ։

Վերցուցի։ Այդ գբիչով ճամբորդական նօթեր գրեցի։

Շաս7 ազդուած էր Գրիգոր Յէշիշեանի անակնկալ մահէն։ Նամակ գրած էր, Հայաստան, Պէյրութ, Հալէպ կարդ մը բարեկամներու։

Ինծի կը գրէր,– Մահր մեր սերունդին ալ հասաւ, զգոյշ րլչանք։

Ահա կը ստանամ ուրիշ նամակ մը էիղպոնէն - Սիրելիս, ոի թերթր որ բանամ ստորագրութեանդ կը հանդիպիմ։ Ի^նչ ունիս։ Չրըայ թէ ան­բուժելի հիւանդութիւն մը ունիս ու կաճապարես, գրել ու գրել, որ մահր չհասած հասնիս ամէն կողմ։ Եթէ նման բան մը կայ, գրէ ինծի։ Այլապէս ուժերդ կեդրոնացուր գեղեցիկ գրականութեան վրայ, մեղք ես։

Այսպէս պատասխանեցի Վահրամին,– Տուն ունեցող տղայ, ես անունս Ոեհեստանի քարաժայռին վրայ արձանագրել տալու մտածումը չունիմ։ Ես պարտադրաբար տարագիր ծնած հայ մըն եմ, ել ուր որ գործ մը կայ յանուն տարագիր հայուն, հոն կր վազեմ:

Անմահանալու առիթը քեզիպէսներուն թողած եմ։ Ողջըըաս։ Գրէ ու հաւատա* որ լալ ընթերցող մը ունիս։

Նեղուած էր։ Պատասխան նամակին շեշտը Զէյթունի կայծքարերէն առած էր։

1983ի Յունուար ամիս։ Ես ու աղջիկս կր վերադառնայինք Նիւ Եոր՜ քէն։ Փարիգը տուն դարձի ճանապարհին կայք մրն էր։ Իջանք։ Նոյն օրը Ջրբաշեաններու հիւրընկալ տունին մէջ ենք։ Ուրախ էր Վարպիսը։ Այսօր դուն եկար, լաւ լուր մրն ալ կարծես հետդ բերիր, վաղը Վահրամր կու գայ։ Լաւ, ատենին եկար։

Յաջորդ օրը դիմաւորեցինք Վահրամր։ Միշտ շէնշող, զուարթախոհ, ուրախութիւն բուրող Վահրամր։

Դարձեալ Ջրբաշեաններու տան մէջ ենք։ Սեղանը կը ժպտի բոլորիս։ Ոոլորս կը ժպտինք իրարու։

եարպիսն է խօսողըԹորոս, երէկ սեղանին գլուխը դուն նստած էիր, այսօր Վահրամր պիտի նստի։ Իր աջ կողմր ես, իսկ ձախ կողմը Տիկին Միսաքեանր, անշուշտ որպէս ձախակողմեան։

Իսկապէս ուրախ սեղան մըն էր։ Արախօսութիւններ, զուարճալի պատմութիւններ, ազգային տխուր ել ուրախ հարցեր զիրար կր հրմշտր–