Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հասկցայ։ Ներս անցանք։ Համաձայնեցանք։ Սիրով ընդունեց Միութեան առաջարկը։

Խիզախ էր Սեղան։ Քիչ ան գամ հայ կինը եղած է այդքան խիղախ։

1956։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը եկաւ Անթիլիաս, լուծելու տա­րակարծութիւն մը, որ յետոյ ծաւալ առաւ ու ծաւալեցաւ մինչեւ մեր օրերը եւ ո**վ գիտէ երբ կը լուծուի, քանի անհամաձայնութեան կրակին փայտ նետողներ կան ամէն օր։

Վեհափառը չկրցաւ լուծել հարցը ու պիտի մեկնէր։ Վիթխարիբազ­ մութիւն մը եկածէր բաբի ճանապարհ մաղթելու վշտակիր կաթողիկոսին, երբ շաչեց Սիրտն Սեզային ձայնը.– Մի թողոՂք, մի թողուք, որ մեկնի Վեհը, երբ հարցերը չեն լուծուած, մի թողուք, որ Վեհափառը տխուր մեկնի, փաթթուեցէք ինքնաշարժի անիւներուն եւ մի թողուք որ մեկնի...

Ժողովուրդը ալեկոծութիւն ապրեցաւ։

Երիտասարդ մնալ որոշած էր Սեզա։ Ոայց տարիները բարդուեցան։ Հայաստա նի մէջ պիտի հրապարակէին Սեզային պատմուածքներու ժողովածուն։ Յառաջաբան մը գրել պէտք էր։ Յառաջաբանին մէջ պիտի տրուէր գրագիտուհիին կենսագրականը։

Նամակագրութիւն Սեզային հետ։ Քո լոր հարցերուն պատասխանած է։ Մէկ հարց մնացած է անպատասխան - ծննդեան թուականը։

Հայպետհրատէն կանչեցին զիս՜ Թորոս ջան, իմանո^ւմ ես ե^րբ է ծնուել Տիկին Սեղան։ Ոչ ոք չգիտի գրագիտուհիի ծննդեան թուականը։ Ծնուել է, լաւ է, որ ծնուել է, բայց ո^ր թուին...

Կրկնեցի իրենց վերջին խօսքը - լաւ է, որ ծնուել է, ու լաւով էլ բաւարարուէփ։

Պէյրութ էի այդ օրերուն։ Հալէպ, լսած էի, թէ գրագիտուհին հիւանդ է։ Հանդիպեցայ Արմէն Ղ՝արեանին ու կնոջը։ Քարեւկամներ, ըսի, ճի^շդ է, որ Սեղան հիւանդ է։ Այո, ճիշդ էր։ Այցելա^ծ էք զինք։ Ղժբախտաբար ոչ։ Քալեցէք, երթանք։ Խայտ առակն եր, կիսեմ, ես Հալէպէն ի վեր եկած եմ, ու դուք այստեղ, չէ՜ք այցելեր Սեզային պէս մէկը։ Քարերուն ան գամ կեանք տուող Սեղան, ծանր հիւանդ։

Բացինք։ Սեղան մահճակալին վրայ երկարած, հարսը կողքին։ Սո­վորական դարձած «անցածԸԱայ»ով ներս մտանք։ Ուրախացաւ հիւանդը։ Բժիշկ ես, ըսաւ, բուժէ զիս: հիւանդ չես, ըսի։ Աւելի ճիշդը հիւանդ ըըալու իրաւունք չունիս, սիրելի Սեզա։

Զայնը նուաղած էր։

Ղարեանին դառնալով ըսի, Արմէն, կ^ուղէի^ր որ իսկապէս բուժէի գրագիտուհին: Արսինէն ըսաւ, ինչպէ^ս։ Հյատ պարզ, պատասխանեցի, խօսելով սիրոյ մասին։ Վայ, ամօթ է, ըսաւ Արսինէն, հիւանդի տունին մէջ խօսիլ սիրոյ մասին...