Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/142

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժամանակը պիտի հաստատէ իր գործին գեղեցիկ ըԱալը: կարեւորը ձեր աշխատիլն է:

Գնահատանքր եկած է ու պիտի շարունակէ գալ...

Ես Օվէն մի այն մէկ ան գամ տեսայ։ Օվէն Սասունի Կերմաւ գիւղէն էր ու հայրն էր Սիմոն Սիմոնեանին: Նիհար, նիհար մարգ մրն էր, յայտնօրէն քչախօս։

Սիմոն Սիմոնեանր ուսուցիչս էր Հալէպի Կիւլպէնկեան նախակրթարանի երրորդ եւ չորրորդ դասարաններուն մէջ: Մեղի կր դասաւանդէր մայրենի լեզու եւ հայրենի պատմութիւն:

Խիստ ուսուցիչ էր. բայց մենք կր սիրէինք իր խստութիւնը ու իր կարճ հասակը կր բարձրանար մեր հայեացքին դէմ, երբ կր խօսէր Դանիէլ Վարուժանէն:

Իմ սերունդս շատ բան կր պարտի Սիմոն Սիմոնեանին։ Այս անունը մեզ կապեց հայ լեցուին ու հայ գրականութեան։ Մատ մը մանուկներ, մենք իրմէ սորվեցանք հայոց սքանչելի բանաստեղծութիւնը տող առ տող վերլուծելը։

Սիմոնեանր, բեմէն, կր կարդար մեղի Վարուժանի «Աղօրիք »ը եւ տող առ տող կր բացատրէր.

էյ աղօրիքք դարձիր, դարձիր,
Նստած կանաչ խորը ձորին,
Աղաղակէ երդդ խորին,
Դէպիլուսնակնարծաթածիր:

Ու կր հարցնէրԻ^նչ է աղօրիքը։ Տարիներ ետք ես տեսայ իմ ու­ սուցիչիս Սիմոնեանին հօրը ջաղացքը Հալէպէն քիչ հեռու, ի^նչ է ձորը, աղաղակը, ի^նչ կր նշանակէ ա ր ծաթա ծիր:

էյ աղօրիք, բանտուած մրրիկ, փրփուր խմէ, ալիւր տեղայ, քարէ կուրծքէդ տեղայ բարիք։ Ոացատրեցէք այս տողերը, կիսէր մեր ուսուցիչը։

Ու մենք, թոթովախօս մանուկներ, սիրեցինք Վարուժանը, պաշտեցինք Վարուժանը ու Վարուժանի միջոցով հայ բանաստեղծութիւնը։

Այսպէս Սիմոնեանր, տող առ տող վերլուծեց մեղի համար Վա­րուժանի «Նարօտի Նամակ»ը։ է^անի՜ տարի բացակայած է տունէն Վարուժան, կր հարցնէր մեր ուսուցիչը։ Այս բանաստեղծութեան մէջ գրուած է։ Նարդացէք ու գտէք։ Սիմոնեանր մտածել, պեղել կր սորվեցնէր մեղի... կի սէր» ոչխար մր քանի՜ տարի կ՚ապրի, կիսէր Վարուժանը գրած է* >քոլ ոտքերուդ առջեւ պիտի մորթեմ տյդ ոչխարը.

- Որուն մայրը օր մր դեռ գառնուկ կերաւ ափիդ մէջ գարի...