Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/147

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գրեց ու քէչ չգրեց Գէորգ Աճէմեանր, ւսնւսպահովութիւն փողոց­ ներէն մինչեւ հայրենական կեանք։ Ամէն Հալէպ գալուն կր տեսնուինք, կը տեսնեմ ղինք, քանի որ ես կր խօսիմ ու ինք մտիկ կինէ։ Գրեթէ չի խօսիր։ եղբայր, քիչ մը խօսէ, կըսեմ։ Ես գրելով կը խօսիմ, կը պա­տասխանէ ան։

Սասունցին միայն կաշխատի։ Զի խօսիր։ Սասնոյ ջաղացքները միայն աշխատած են, ալիւր արտադրած։ Սասունցի փռապանը կրակէն հաց հանած է, չէ խօսած։

Գէորգ Աճէմեանր կրակէն հաց հանող է։

Ան կը շարունակէ իր սասունցիութիւնր։

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒՈԷԼԵԱՆբ պէյրութցի էր, ապրեցաւ Ափրիկէ։

Գրեց ափրիկեան կեանքէ պատմուածքներ։ Գեղարուեստական գրականութիւնը նկատի առնելով սեւերու սպիտակ աշխարհր մեր դպրութեամբ մատաղող առաջին գրողը եղաւ։ Ունեցաւ հետեւորդներ ալ Հայկ Նագգաշեանը, Արամ Աեփեթ ճեանր։

ծկա ծէր Հալէպ։ Գտնուեցանք բարեկամի մր յարկին տա կ։ Բիչ մը սյփրիկեցի էր։ Մորթին գոյնր կը յիչեցնէր Ափրիկէն, աչքեըը կը յիշեցնէին գիշեըին մէջ փայլող լոյսր։

Ուրախ հանդիպում էր։ Խօսեցանք եր կար։ կիսէր թէ զիս գտած էր այնպէս ինչպէս կ ^երեւակայէր:

Գնաց։ Սիմոն Աիմ ոնեանի գրականութեան բերած այս աղան եւս, ինչպէս Վեհանոյշ Թէքեւանր եւ ուրիշներ, գնաց Ամերիկա:

կրնա^նք րսել, թէ Ամերիկայի մէջ կարելի չէ մշակել գրականութիւն։

Զենք կրնար։ Այս տղաքր կր շարունակէն։

Գրականութիւնն ալ հող կ*ուզէ։ Ու ձառը, գիտէք, չի կրնար աճիլ թաղարի մէջ։

ՄՈՎՍԷՍ ՊԶԱՈՃԵԱՆր Հալէպէն ցատկեց Փարիզ։ Ու կր տեսնէք պատմութիւնը։ Մեր գրագէտները, որոնք առ հասարակ համեստ մարդիկ են, համեստ բնաւ որոլթեամբ, համեստ գրպանով, ու ան կասկած հա­ րուստ հոգիով, սորված են ցատկելու արուեստը։

Փարիզր, ոքվ չի գիտեր, լսյսի քաղաք է։ Ոայց որո^նց համար կր վառին այդ լոյսերը, որո^նց համար։