Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/148

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ո՞վ պիտի կարդայ Սովս էս Պչաքճեւանի Փարիզի մէջ գրած պւստմուածքներր։ Նորէն ու դարձեալ հալէպահայերը, պէքրութահայերը։

Հոն պիտի գրէ։ Հոս պիտի կարդան։ Վայ այն գրողին, որ ընթերցող չունի։ Հայ գրողը, սակայն, ուր ալ ապրի ինք, կը գրէ նաեւ Հայաստանի հայերուն համար։ Հայը երկիր ունի։ Հայրենիք ու պետութիւն ունի։ Ահա թէ ուր պէտք է հասնի հայ գիրքը։

Պչաքճեանին հետ կարճ զրոյց մը ունեցայ Փարիզի Բուրսէլ փողոցին վրայ։ Ածուխի պէս սեւ աչքերը մեր գրականութեան կրակներովը կայ­ րէին: Զէր յուսահատած։

Գրողը դժուար թէ յուսահատի։

Տեսնենք ինչ նոր գործեր պիտի տայ Պչւսքճեանր։

կԱՈՒկ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆը մեր բանաստեղծութեան լուսատիտիկն է։ Գիշերը կը փայլի։ Հետաքրքրական փայլք մըն է իրը: Ցերեկները արւեստի գործեր կը վաճառէ։

Փարիզ, իր անունը կրող արուեստի տունին մէջ զրոյցի նստած ենք։ @իչ ետք իր մօտ պիտի գայ հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանը:

կարիկր կիսէ,– Արուեստի այս գործերը, որոնց հանդէպ հիացում ունիմէ զիս հեռացուցին բանաստեղծութենէ։

եր զարմանամ րսի, այս կտաւներուն վրայ նկարուած է բանաստեղ­ ծութիւն։ ենչպէս բանաստեղծութիւնը կը վանէ քեզմէ բանաստեղծելը։

կը ժպտի ակնոցին տակէն ու կիսէ,–Այդ իսկ է հարցը։ Նախանձի հարց մը կայ կերեւի այս ու այդ բանաստեղծութիւններուն միջեւ։ Երկկողմանի է այդ նախանձը։ Եմս, երբ տեսաւ թէ նուիրուած եմ ուրիշ գործի, քէն ըրաւ։ Միւսը, նկարչական արուեստը լեցուր օրս ու գիշերս ու տեղ չթողուր բանաստեղծելու...

Զո^վ պարսաւենք։ Այդ գործը թողունք բանաստեղծին։

Դարձեալ Փարիզ էի։ Ըսին թէ կարիկ Պասմաճեանր պիտի դասախօսէ Պարոյր Աեւակի մասին։ Դար ինք։ Հոն էր նաեւ մեծ նկարիչը։ Դառղուն։ կարիկր ելաւ բեմ։ Խօսեցաւ ուղիդ հինգ վայրկեան։ Ծա՜ղր էր թէ դասախօսութիւն, օրուան նախագահը Աւետիս Ալիքսանեանն էր։ կարիկր խօսելէ ետք մեկնեցաւ, չսպասեց, որ իր աւարտին հասնէր ձեռնարկը։

Ինք, իր ըսելիքները աւարտած էր։

Յետոյ, երբ պախարակելու ճիգով մը հարցապնդեցի զինք իր այդ օրուան դասախօսութեան շուրջ, ինչպէս միշտ, ժպտելով պատասխաներ,-