Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/168

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սուսիկ-փուսիկ տղայ մըն էր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԹԵԱՆը։ Կր յաճա­խէր Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի ուրբաթօրեայ երեկոներու հան­դիպումներուն։ Յիչ կ Արտայայտուէր ասուլիսներու ժամերուն, բայց ասուլիսներէն ետք, երբ կը դանդաղէինք Բագրամեան Միութեան փոքր սրա­հին մէջ կամ տոտիկ-տոտիկ դուրս կ՚եըէինք կիսելու համար գիշերը, կրըար մեզի հետ ու կը մասնակցէր վիճաբանութիւնն եր ու։

Իրեն համար մեր ամէնէն մեծ բանաստեղծը Թէքէեանն էր։ Անկէ ետք համակրանք ունէր Վահէ-Վահեանի անձին ու գործին հանդէպ։

Բանաստեղծութիւնը ամէն ինչ էր իրեն համար։ երբեմն մէկ քանի ընկերներով կերթայինք իրենց տունը, Անդր-նահր։ է, այդ օրերուն կեանքը իսկապէս բանաստեղծութիւն էր բոլորիս համար ալ, բոլորս ալ ամուրի էինք եւ կր պատրաստուէինք, ինչ կըսեմ, պատրաստ էինք յաղթանակներ իրագործել։

«Գրական Շրջանակ»ը, շեշտուած յառաջդիմական բնոյթ ունէր։ Յիսունական թուականներուն, մեր հանդիպումները իսկական շարժումի մը բնոյթը կը կրէին։ Սկիզբը, մեր ուրբաթօրեայ երեկոները տեղի կու­նենային Պէյրութի մայր եկեղեցիին* ԱՓ Նշանին հանդիպակաց կողմը գտնուող Հ.Բ.Ը,Միութեան մէկ կոկիկ սրահին մէջ։

եր պատահէր, որ մեր թիւր հասնէր եօթանասունի եւ աւելիի։ Գաղութին բոլոր երեւելի յաոաջդիմական մտաւորականները, գրողները հոն է քԸԱայեն։

«Գրական Շրջանակ»էն ներս կու գային զեկոյցներ կարդալ Վահէ– Վահեանր, Սիմոն Սիմոնեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Պետրոս Մինասեանը, Գառնիկ Ադդարեանը, Արմէն Գարեանը, Յարութիւն եուժունին եւ բազ­ մաթիւ ուրիշներ։

Այս մթնոլորտին մէջ քանինե՜ր եկան գրականութեան։ Այս մթնո­լորտին մէջ հասակ առաւ ահա Յարութիւն Մաթեանը ու հետագային հրատարակեց իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն ու կամացուկ մր մտաւ սփիւռքահայ գրականութեան բաց մնացած դռնէն ներս։