Հերոսական Հաճընի հերոսական մէկ դեր դաստ անի զաւակն էր այս հայ բանաստեղծը, այս հայ ուսուցիչը։ Ուրկէ՜* ուր հասած էր Պոյիս, տուն տեղ եղած հոն, ամուսնացած ու դարձած հայր։ Հայր ոչ միայն իր զաւակներուն, այլ հարիւրաւոր իր աշակերտներուն, որոնց հոգին լուացած էր Մեսրոպեան յոյսով։
Զիս իր մօտ տարաւ պէյրութահայ բարեկամս Աւագ Տագէսեանր; Վախնամ, յետ այսօրիկ, զրկուած ենք սփիւռքահայ մը իր ապրած քաղաքին անունովը կոչելէ։ Հին օրերուն, երբ մէկուն օձնեցի կիսէինք, գիտէինք թէ Օձուն գիւղէն է։ Աշտարակեցի երբ ըսէինք, գիտէինք թէ Աշտարակէն է, Փարպեցին * Փարպիէն է, եւ այսպէս շարունակ։ Այդ օրերուն մեր ոտքը հայրենի հողին վրայ էր։ Իսկ այսօ^ր։ Այսօր Հալէպ ենք, վաղը Պէյրութ՜, միւսը օրը Փարիզ կամ Մոնթրէալ, յետոյ Լոս Անճելըս։
Թէօլէօլեանը իր «Դար Մը Դրականութիւն» Ո. հատորին մէջշարք մը պէյրութահայ գրողներ կոչած էր ամերիկահայ։
Ժագ Յակոբեան բանաստեղծը եգիպտահայ էր, յետոյ դարձաւ աւստրալիահայ, ապա ամերիկահայ, վախ կայ, որ դառնայ գանատահայ, բայց ինչո^ւ վախնալ։ Այս է իրողութիւնը։
«Ո՜վ է Նա» անունով գիրք մը տպուեցաւ Պէյրութի մէջ, հասցէարան մըն էր։ եարդացի։ երնար օգտակար կողմեր ունենալ։ Բայց ահա տեսայ, որ տասնեակներով անուններ որպէս հասցէ ունին քաղաք մը, մինչդեռ փոխադրուած են ուրիշ երկիր։ Հասցէն հոս է, ինքը անդենական։ Այս երկու տեսակներուն ալ թիւր շատ է։
Հրատարակիչներէն մէկուն ըսի սա մեծթերութիւն է։ Վա՜յ, դուն ես այդ ըսողը, դո^ւն, դուն կեանքիս մեւծագոյն թշնամին ես, ըսաւ ութսունի դոներուն մօտեցող այդ մարդը։ Ճշմարտութիւնը զինք վիրաւորած էր։ Մինչդեռ, ես վստահ էի, որ ճշմարտութիւնը կրնար վիրաւորել միայն տգէտ մը։
Այսպէս> հտճրնցի Թուրսարգիսեանը դարձած էր Պոլսեցի Թրենց։ Հայու պատմութիւն։
Սիրով ընդունեց մեզ իր տունը։ Հիւրասիրեց։ Ինքն էր ու իր կինը։ Անուշիկ հայ մայր մը։ Զաւակները թռած էին բոյնէն մեծնալէ ետք, թեւաւորուելէ ետք, թռչող թռչուններու նման։
Գիտէի թէ իրենց աղջիկը կ*ապրէր Մոսկուայի մէջ, ամուսնացած ԸԱաԼՈէ գեղանկարիչ ժագ Իհմալեանի եղբօրը Վարդանին հետ։ Երբ ըսիք թէ տեսածեմիրենց աղջիկը, հայր ու մայր յուզումի, խորունկ յուզումի