Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/172

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժիրայր Նայիրին, Հրանդ Գանգրունին, Յակոբ Նորունին կու գային «Գրական Շրջանակ»ի մեր հանդիպումներուն։ Խօսք կառնէին։ եր սիրէին վիճիր

Զեմ մոռնար ՅԱԱՈՈ ԱԼԵՅՍԱ ՆԵԱ Նի զեկոյցը «Միկրացիոն Տե­սութեան» մասին։ Զէ*3 որ մենք գաղթող ժողովուրդ եղած ենք։

Մէկ խօսքով «Գրական Շր2անակ»ը ակումբ փոխեր, մարդ կորսընցուց, բայց իր ուղղութիւնը երբեք չփոխեց ու մարդ պատրաստեր։ Գրասէր ու գրող մարդ։ Ու այսօր ալ Պէյրութի լինել-չլինելու, ահ ու սարսափի կացութեան մէջ նոր ակումբ մը հաստատածէ քաղաքին Արեւմտեան կողմր ու կը շարունակէ իր գրական գործր այս ան գամ գրամոլի մը նախագահութեան տակ։ Գրամոլ մը Թէոդիկի տեսակէն, բայց որ մեր օրերուն կը կոչուի ՄԱՈՏԻՈՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ։

1949-1950 թուականներուն կը հիմնուէր «Գրական Շրջանակ»ը ճիգերովը Գառնիկ Ադդարեանին, Արմէն Գարեանին, Պետրոս Մինասեանին, մեղմ ասած նաեւ իմ եւ խումը մը ընկերներու։ Արդիւնաւոր գրական շարժում մը, որ յետոյ ունեցաւ նաեւ իր գրական օրկանները, որոնց թերթատումը ընթերցողին շատ բան կը յուշէ մեր գրական մօտիկ անց­ եալէն։

Ահա այս շարժումին մէջ է, որ զարգացաւ ԳԵՂԱՄ ՍԵՒԱՆր։ Գրող մր, որ իր լաւագոյն գործերը գրեց Պէյրութի մէջ գրական մեր մթնոլորտին մէջ:

Նոր գրածները, հին ծառին վրայ աւելցած նոր ճիւղեր են։ Այդքան։