Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներուղ անգիտակ, ելլէ ընդունի, ի^նչ պիտի ընես։ Զէ, չէ, կամ ստախօս ես, կամյիմար։

Ես ջղայնացայ։ Զաւէնը ելաւ ոտքի ու գնաց։ Ո^ւր գնաց Զաւէնը, հարցուցին ընկերներս։ Զեմ գիտեր ըսի։ Անունին պէս սուր խօսքեր ունի։

Պահ մը ետք վերադարձաւ Զաւէն, ձեռքին նամակի թուղթ ու պա­հարան։ Վերցուր, սիրած աղջկանդ նամակ գրէ հիմա, քանի ձեռքէդ չեն փախցուցած, թէ ոչ, սիրած աղջիկդ Հալէպ, դուն այստեդ, Պէյրութ, ո^վ դիտէ ինչով կր վերջանայ քու երազային սէրդ։

Ես գրեցի կեանքիս առաջին սիրոյ նամակը։ Այդ 1950 թուականին էր։ Պահած եմ այդ նամակը։ Այդ նամակը գրելուս պատճառր Զաւէն Պիպեռեանն էր։

Շաբաթ մը չանցած ստացայ նամակիս դրական պատասխանը։ Ցոյց տուի Զաւէնին, ըսելով՛Ցեղի չէի^ ըսեր, իմս է այդ աղջիկը։

Նամակ չգրէիր ու հազար անգամ ըսէիր, թէ իմս է, եղաւ իր պատասխանը։

Անցան տարիներ։ Զաւէնին ձայնը Պոլիսէն կր լսէի։ 1963 թուա­կանին անցայ Իսթանպուլէն։ Գտայ իր հեռախօսի թիւր, խօսեցայ։ Չհաւատաց։ Իր առաջին հարցումըԻնչպէ^ս է Արմինէն։ Արմինէն զիս դարձուց հայր երկու զաւակներու պատասխանեցի ես, Անի ու Արա անոլ ններով։

Ուրտեղէ^ն կր խօսիս։

Շոգեկառքի կաոա մատոյց էն։ Երկու ժամէն կր մեկնիմ Եւրոպա։ Եկաւ։ Եկաւ ծանր կապոցով մը։ Իր հրատարակած գիրքերն էին, սթանպուլահայ գրողներու գիրքեր էին եւ շիշ մը օղի, տուփ մը շոքոլայ, Մալաթիայի ծիր ան...

Եկաւ, ըսաւծօ անիրաւ, իրաւ անաԱտուած, սանկ մէկ քանի օր Պօլիս չմնալս, այսպէս արադ «Աոն Ուիթ Տր Ուինտ»՝ հովին հետ ո^ւր կ *երթաս:

Բաժնուեցանք լալ յիշատակով։ Վերստին տեսնուեցանք 1970ի ամառը, երր դարձեալ Պոլիս ԷԻ

Գտայ տոլ նը։ Զինք տեսայ իր ընտանիքին ու առնակին հետ։ Ան­ հանգիստ էր, նեղուած շրջապատի մարդոցմէն։ Ուրախ օր մը անցուցինք։ Յուսահատութիւն ու Պիպեռեան հականիշ են, ըսի։ Պէտք չէ մոռնաս։ Բայց պահեր կան կերեւի, երբ ապառաժէ մարդն անգամ կր մատնուի յուսահատութեան։

Ես հաւատացած եմ որ մարդկային արարածը անվերջանալի ուժի պաշարներ ունի, միայն թէ գիտակցի՝, գտնէ, յայտնագործէ եւ օգտագործէ իր ուժերը։

Մարդուն անսպառ ներաշխարհը բնութեան մանրակերտն է, եթէ