Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/219

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1944 Նոյեմբերի առաջին կէս, Պէյրութ։ Գրպանս դրամչունիմ րայց Հալէպէն եկա ծեմ Պէյրութ, մեկնելու համար Աիպր ոս, Մելգոնեան երթական Հաստատութիւն։

Քաղաքին ծանօթ շեմ։ եր պտտիմշուարուն ու շլմորած։ Յանկարծ, Ս Նշան եկեղեցին ի վար բազմութեան մը դանդաղ յառաջանալը կը տեսնեմ։ եր կանգնիմ մայթեզրին ու հարց կու տամ - Ե^նչ պատահած է... ՄԱՆՈՒե ԱՍԼԱՆեԱՆի թաղումն է, կքըսէ տարեց հայ մը։

Մանուկ Ասլանեանր մեր գիտութեան դասագիրքին հեղինակն էր։ Ման ուկ Ասլանեանր «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագիրն էր։ Պոլիսէն եկած, հաստատուած էր Պէյրութ ել թերթ կը հրատարակէր։

Ուրեմն հայ մամուլին վարկը բարձրացնող մարդր չկար այլեւս։ Մարդ մր, որ յարգանք պարտադրեց մամուլին՝ խօսքով, ինչպէս իրեն ժամանակակից Հրանղ Տէվէճեանը, աւելի ուշ Անդրանիկ Ծառուկեանր, Սիմոն Սիմոնեանր, Գերսամ Ահարոնեանը։

Ուրեմն, Աանուկ Ասլանեանր մեռած է։ Յիչեցի, որ Հալէպի մէք, տարի մը առ աջ, երբ նոր աւ արտածէի նախա կրթարանը, մեծ մօրս տուած դահեկաններով գացի Պապ էլ Ֆարաճ, հայ լումայափոխ լրագրավաճառի մը խանութը, «Ազդարար» մը առի, թերթր ծալեցի այնպէս մը, որ երեւնայ անունը եւ հրապարակին վրայ կարդալով քալեցի։ եարծէք ցոյցի ելած էի, յայտարարելու համար,– Տեսէք, եւ դուք ալ ինծի պէս հայերէն թերթ կարդացէք։

Տասնըչորս տարեկան հազիւ կայի, կը հպարտանայի հայ թերթով...

Հիմա, թաղումն էր Մանուկ Ասլանեանին։

Հետեւեցայ դագաղին, շատ ուշ վերադարձայ պանդոկ, Թոլրիկին պանդոկը, Օթէլ Լիւքս։

Առաջին հայ գրողն էր, որուն մեռնիլը կը լոէի ու կը հետեւէի գրողի մը դագաղին... փլած էի...