Սա գերագոյն այլասիրութիւն է։ Դուն կր պաշտ է իր Կոմիտասր։ Ու լաւ գիտէիր, թէ ինչու խելագարեցաւ Սողոմոն Սողոմոնեւանր։
Բայց դուն գիտէիր նաեւ, որ շարքերուն մէջն ես կուսակցութեան մը, որ քու ժոգովուրդիդ հայրենիք տուաւ, թէկուզ տարածութեամբ փոքր հայրենիք մը։
Որքան ուր ախ եմ, որ եկար տեսար այդ հայրենիքը։ Որքան ուրախ եմ, որ մենք այդ հոգին վրայ ողջագուրուեցանք։
Հիմա, աղջկանդ մասին կը մտածեմ, Արամ։ Հայ կը զգա^յ ինքզինք։ Գերմանուհի՞ է, Թուրքիո՞յ պիտի ծառայէ։ Ի՞նշ ուղղութիւն պիտի որդեգրէ։
կր համբուրեմ հաւատքդ, կր համբուրեմ նուիրումդ, սիրելի, թանկագին Արամ Շաւարշ, հայ բանաստեղծ։ Օր մը, երբ Թուրքիոյ հետ նստինք կլոր սեղանի շուրջ, քու գործերդ ալ սեղանի վրայ պիտի ըԱան... հոն, ճարտարախօս Զահրատը գուցէ լռէ. հոն, խօսելու կարգը քուկդ պիտի ըլւայ։
Ափսո՜ս, որ կանուխ մեկնեցար։
Հալէպ, Ազիզիէ, այն թաղը ուր կր բնակէիր, Արամ, 1985
Ծնւսծ էր Իսթանպուլի մէջ նկւսրիչ ըԱԼսլու համար։ Դարձաւ յեղափոխական եւ քանի որ սահմանուած էր ծառայել արուեստին, դարձաւ յեղափոխական նկարիչ։
Մաս կազմեց Թուրքիոյ համայնավար շարժումին։ (Բանտարկուեցաւ։ Տանջուեցաւ։ Զարկէք րսած են դահիճները, թ՜ուրք կոմունիստէն շատ աւելի տանջեցէք այս հայը, ոչ թէ իր հայ ըըալուն համար, այլ պարդ այն պատճառոփ որ հայը աւելի կապուած է, յամառօրէն կապուած է այս գաղափարին, ու կը յուսայ իր րոլոր հարցերը այս գաղափարի ճամբով լուծել։
Այս լաւ վկայութեան գինը հինգ տարուան բանտարկութիւն էր։
Ժագ Ւհմալեանը եկաւ Լիբանան: Շրջան մը ետք ամուսնացաւ իսթանպուլահայ աղջիկի մը Մարիին հետ, թղթակցութեան մը որպէս արդիւնք։ Մանչ մը ունեցաւ։
Մէկ քանի տարի, Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ գծագրութեան ուսուցիչ էր։ Սիրուած էր տառացիօրէն րոլոր զինք ճանչցողներէն։ Աստուա՜ծ իմ, ուրեմն մեր երկրագունդին վրայ տակաւին կան, կքապրին, կը շնչեն Ժագ Ւհմալեանի հենքէն մարդիկ, բարի, տարօրէն բաբի մարդիկ։