Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երբ իրենց տան դուռը զարնէի, կը բանար, աղբարիկ, եկա^ր կիսէր, Հրամէ, Հրամէ դիտէ այս գործը, նոր նկարած եմ; Կը նկարէր եդնիկ, թրքուՀի, արաբական ցոյց, Հայ բանուոր, բնանկար: ԱշխարՀը իրեն Հա­մար սէր էր, միայն սէր: Չարութիւն բառը գոյութիւն չունէր, ալ ուր մնաց չարութիւնը գոյութիւն ունենար իրեն Համար:

Յանկարծ լսեցինք, որ մեկնած է Բոլոնիա; Շրջան մը ետք ձայնը առինք Զինաստանէն։ Կը Հետեւէր գաղափարի ձայնին։ Հոն էր, ուր պարտականութիւնը զինք կը կանչէր;

Հայրն ու մայրը իր Հետ կ իըային։ Հայրը ինքնուս նկարիչ էր; Ուրեմն իր մղումը դէպի նկարչական արուեստ, կու գար Հօրմէն; Հայրը միշտ ունէր կարօտը Հայաստանին ու Հոն ալ թաղուեցաւ;

Մա՞յրը; Հրեշտակ մըն էր մայրը։ տիկին ԱրմենուՀին։ Կերթայի իրենց տունը, կը նստէի այդ բացառիկ բաբի կնոջ մօտ ու կ իսէի,– Ո՜րքան լաւ էք մայրիկ, որքան ալ լաւ անուն ունիք; ԱրմենուՀի մայրիկը շատ ուշ Հասկցաւ, որ ես ԱրմենուՀի անունով աղջիկի մը կապուած եմ, որ յետոյ պիտի ըլլար իմ զաւակներուս մայրը եւ թոռներուս մեծ մայրը, իմ կեանքի, ոէ դիւրին կեանքիս նուիրեալ ընկերուՀին:

Երկար թափառումներէ ետք ՒՀմալեանները Հաստատուեցան Մոսկ ուա;

Այս քաղաքին մէջ, ի վերջոյ, ժագ ՒՀմալեան աղբարիկս, ունեցաւ Հնարաւոր բոլոր պայմանները նուիրուելու Համար իր սիրածարուեստին - գեղանկարչութեան;

Մօտ ու Հեռու բսլսր Թովմասները տեսան, որ ՒՀմալեանը մեծ նկա­րիչ է, փայլուն տաղանդի նկարիչ;

Մոսկուայի ու Երեւանի մէջ կազմակերպեցին ՒՀմալեանի անՀատական ցուցաՀանդէսները; ճանաչումը Հասաւ Հոն, որ թրքական մամուլը զինք կոչեց մեր նկարիչր Ժագ ՒՀմալեան:

Այո, Թուրքիա ծնած էր։ Թրքական քաղաքացի էր; Փախուստ տուած էր իր ծննդավայրէն, կապուած մնաց այդ երկրին աշխատաւոր դասա­ կարգին, անոր անունով աշխատեցաւ, ապրեցաւ Մոսկուայի մէջ, մեռաւ որպէս Հայ նկարիչ:

Հայ էր բառին ազնուագոյն իմաստովը; Նկարիչ էր ամբողջ Հոգիով; Կ՝ աղա փարի, տեսլականի մարդ էր գումարովը իր բջիջներուն:

Ամէն ան գամ Մոսկուա երթալուս, առաջին Հեռախօսի գանգը իրեն կքոլր1ՂէՒ։ Անպայման կը տեսնուէինք։ Չես գիտեր, աղրարիկ, կիսէր, որքան կքուրախանամ երբ քեզ կը տեսնեմ, երբ ձայնդ լսեմ:

Կերթայի իր մօտ, կը դիտէի իր նոր գործերը; Ունէր արուեստանոց; Երջանիկ էր; Գեղարուեստով երջանիկ:

Աւա՜ղ, Հաշմուեցաւ այդ երջանկութիւնը; ՄաՀը գէշ կատակ մը ըրաւ